Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դուք ձեզ ուրիշներուն կը յանձնարարէ՞ք

Դուք ձեզ ուրիշներուն կը յանձնարարէ՞ք

Դուք ձեզ ուրիշներուն կը յանձնարարէ՞ք

‘Հոգս չէ թէ ուրիշներ ինչ կը խորհին’։ Բարկութեան կամ ընդվզումի մէկ պահուն, թերեւս դուք ալ այս խիզախ արտայայտութիւնը ըրած էք։ Բայց յոխորտական այս պոռթկումին տեղի տալէ ետք, թերեւս յանցապարտութեան զգացում մը պատած է ձեզ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատերս իրապէս հետաքրքրուած ենք թէ ուրիշներ ի՛նչ կը խորհին մեր մասին։

ԱՐԴԱՐԵՒ, պէտք չէ անտեսենք ուրիշներուն զգացումները։ Մասնաւորաբար մենք՝ որպէս Քրիստոնեաներ եւ Եհովա Աստուծոյ յանձնարարուած քարոզիչներ, տեղին ըլլալով հետաքրքրուած ենք մեր մասին ուրիշներու ունեցած կարծիքով։ Վերջապէս, մենք ‘տեսարան ենք աշխարհին’։ (Ա. Կորնթացիս 4։9) Բ. Կորնթացիս 6։3, 4–ի մէջ Պօղոս առաքեալի ողջախոհ խրատը կը գտնենք. «Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի։ Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք [«կը յանձնարարենք», ՆԱ]՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս»։

Սակայն, մեր անձը ընծայել կամ յանձնարարել ուրիշներուն արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Մեր անձը առաջ քշել, կամ անտեղի ուշադրութի՞ւն հրաւիրել մեր անձին կամ մեր կարողութիւններուն վրայ։ Անշուշտ ո՛չ։ Այլ, անիկա Ա. Պետրոս 2։12–ի խօսքերը կիրարկելու կոչ կ’ընէ. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի . . . ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած»։ Քրիստոնեաները իրենք զիրենք կը յանձնարարեն, թոյլ տալով որ իրենց վա՛րքը խօսի իրենց մասին։ Ասիկա ո՛չ թէ մեր անձին՝ հապա Աստուծոյ փառաբանութիւն կը բերէ։ Բայց մեր անձերը ուրիշներուն յանձնարարելով անձնապէս ալ կ’օգտուինք։ Հիմա երեք մարզերու մէջ ասոր ճշմարիտ ըլլալը քննենք։

Որպէս Հաւանական Կողակից

Առէք, զոր օրինակ, ամուսնութեան հարցը։ Անիկա պարգեւ մըն է Եհովա Աստուծմէ, որմէ «ամէն ազգատոհմ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ անուն կ’առնէ»։ (Եփեսացիս 3։15) Թերեւս կը փափաքիք օր մը ամուսնանալ։ Եթէ այս է պարագան, ո՞ր աստիճան դուք ձեզ կ’ընծայէք, որպէս հաւանական կողակից մը։ Այո, որպէս ամուրի Քրիստոնեայ մը՝ տղամարդ թէ աղջիկ՝ ի՞նչ համբաւ շինած էք։

Կարգ մը երկիրներու մէջ ասիկա մեծ կարեւորութիւն ունի ընտանիքներու համար։ Կանայի մէջ, զոր օրինակ, երբ երկու անհատներ կը փափաքին իրարու հետ ամուսնանալ, աւանդութիւնը կը պահանջէ որ ապագացու զոյգը իրենց ծնողները տեղեակ պահեն։ Անոնք իրենց կարգին ընտանիքի ուրիշ անդամներու կ’ըսեն։ Տղուն ընտանիքը կը սկսի աղջկան մասին տեղեկութիւն հաւաքել դրացիներէն։ Երբ ընտանիքը համոզուի որ աղջիկը յարմար է իրենց, աղջկան ընտանիքին կը տեղեկացնեն որ իրենց տղան կը մտածէ իրենց աղջկան հետ ամուսնանալ։ Այժմ, աղջկան ընտանիքը տղուն վարկին մասին տեղեկութիւն կը սկսի հաւաքել, ամուսնութեան համար իրենց հաւանութիւնը տալէ առաջ։ Կանացիներուն մէջ առած մը կ’ըսէ. «Ամուսնութեան ձեռնարկելէ առաջ, զինք ճանչցողներէն տեղեկացիր»։

Իսկ ի՞նչ է պարագան Արեւմտեան երկիրներուն, ուր անհատներ սովորաբար իրենց կողակիցը անձամբ կ’ընտրեն։ Նոյնիսկ այդ երկիրներուն մէջ, հասուն Քրիստոնեայ տղամարդ մը կամ աղջիկ մը պէտք է անկեղծ յանձնարարութիւն խնդրէ հաւանական կողակիցը լաւ ճանչցողներէն, թերեւս ծնողներէ կամ հասուն բարեկամներէ։ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը գրքին համաձայն, երիտասարդուհի մը կրնայ հարցնել. «‘Այս տղամարդը ի՞նչպիսի համբաւ մը ունի։ Որո՞նք են իր ընկերները։ Ժուժկալութիւն ունի՞։ Տարեցներուն հետ ի՞նչպէս կը վարուի։ Ի՞նչպիսի ընտանիքէ մը կու գայ։ Իր ընտանիքին հետ ի՞նչպիսի յարաբերութիւն ունի։ Դրամի հանդէպ ի՞նչ կեցուածք ունի։ Խմիչքի մէջ չափը կ’անցընէ՞։ Ջղային, կամ նոյնիսկ վայրա՞գ է։ Ժողովքին մէջ ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունի եւ զանոնք ի՞նչպէս կը կատարէ։ Կրնա՞մ խոր յարգանք ունենալ իրեն հանդէպ’։—Ղեւտացւոց 19։32. Առակաց 22։29. 31։23. Եփեսացիս 5։3-5, 33. Ա. Տիմոթէոս 5։8. 6։10. Տիտոս 2։6, 7»։ *

Տղամարդն ալ պէտք է հարցեր տայ այն Քրիստոնեայ աղջկան մասին, որու հետ կը մտածէ ամուսնանալ։ Ըստ Աստուածաշունչին, Բոոս հետաքրքրուեցաւ Հռութով, որու հետ հետագային ամուսնացաւ։ Երբ Հռութ հարցուց. «Ինչպէ՞ս ես քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ ու դուն ինծի հետ ծանօթացար, որովհետեւ ես օտար կին մըն եմ». Բոոս պատասխանեց. «[Դուն] ինչ որ ըրիր՝ բոլորն ալ պատմեցին ինծի»։ (Հռութայ 2։10-12) Այո, ոչ միայն Բոոս անձնապէս նկատեց որ Հռութ հաւատարիմ, նուիրուած եւ աշխատասէր կին մըն էր, այլ ուրիշներէն ալ գովասանքներ ստացաւ։

Նմանապէս, ձեր վարմունքը կարեւորութիւն պիտի ունենայ ձեզ նկատելու որպէս յարմար, կամ ոչ–յարմար կողակից մը։ Արդ, այս ուղղութեամբ դուք ձեզ ի՞նչպէս կը յանձնարարէք ուրիշներուն։

Որպէս Գործաւոր

Գործատեղին ուրիշ մարզ մըն է, ուր լաւ վարմունք ունենալը ձեր օգտին կրնայ ծառայել։ Գործի մրցակցութիւնը կրնայ բուռն ըլլալ։ Այն գործաւորները որոնք ճանչցուած են որպէս չենթարկուող, սովորաբար ուշացող եւ անպարկեշտ, յաճախ իրենց գործը կը կորսնցնեն։ Ընկերութիւնները կրնան փորձառու գործաւորները հանել, իրենց ծախսերը նուազեցնելու համար։ Երբ անգործ անհատներ նոր գործ փնտռեն, կրնան անդրադառնալ որ ընկերութիւններ իրենց մասին տեղեկութիւն կը քաղեն նախկին գործատէրերէն, իրենց գործի սովորութիւններուն, վարքին եւ փորձառութեան մասին։ Շատ Քրիստոնեաներ իրենց յարգալից վարմունքով, համեստ հագուածքով, հաճելի բնաւորութեամբ եւ քրիստոնէական ուշագրաւ յատկութիւններով իրենք զիրենք լաւ կերպով յանձնարարած են իրենց գործատէրերուն։

Պարկեշտութիւնը այսպիսի յատկութիւն մըն է՝ որու նախապատուութիւն կու տան շատ գործատէրեր։ Պօղոս առաքեալին նման, «ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ»։ (Եբրայեցիս 13։18) Կանայի հանքային ընկերութեան մը մէջ մանր գողութիւններ տեղեկագրուեցան։ Մշակման գործարանի վերակացուն՝ Վկայ մը, իր գործը պահեց, մինչ մնացեալները գործէ դուրս դրուեցան։ Ինչո՞ւ։ Տնօրինութիւնը տարիներու ընթացքին նկատած էր անոր պարկեշտութիւնը։ Ան ծանօթ էր որպէս ծանր աշխատող եւ հեղինակութիւնը յարգող։ Այո, իր ուղիղ վարքին պատճառաւ ան իր գործը պահեց։

Քրիստոնեայ մը ուրիշ ի՞նչ բաներ կրնայ ընել գործի ասպարէզի մէջ ինքզինք յանձնարարելու համար։ Ի՛նչ գործ որ ձեզի յանձնուի, սորվեցէք անոր մէջ հմտանալ։ (Առակաց 22։29) Ջանադրութեամբ ու խղճմտօրէն աշխատեցէք։ (Առակաց 10։4. 13։4) Ձեր գործատիրոջ եւ վերակացուին հետ յարգանքով վարուեցէք։ (Եփեսացիս 6։5) Ճշդապահութիւնը, պարկեշտութիւնը, եւ ծանր աշխատանքը յատկութիւններ են, զորս գործատէրեր նկատի կ’առնեն, եւ այս յատկութիւնները կրնան ձեզի օգնել որ գործ գտնէք, նոյնիսկ երբ գործերը քիչ են։

Ժողովքի Առանձնաշնորհումներ

Հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի կարիքը կայ հասուն տղամարդոց, որ քրիստոնէական ժողովքը ղեկավարեն։ Ի՞նչ պատճառով։ Եսային մարգարէացաւ. «Վրանիդ տեղը լայնցուր, քու բնակարանիդ վարագոյրները թող տարածուին»։ (Եսայեայ 54։2) Առ ի կատարում այս մարգարէութեան, Եհովայի համաշխարհային ժողովքը կը շարունակէ ուռճանալ։

Ուստի, եթէ Քրիստոնեայ տղամարդ մըն էք, ի՞նչպէս կրնաք դուք ձեզ յանձնարարել, որպէս նշանակում ստանալու որակելի մէկը։ Երիտասարդ Տիմոթէոսի օրինակը նկատի առէք։ Ղուկաս կը տեղեկագրէ թէ Տիմոթէոս «Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր»։ Այո իր գեղեցիկ յատկութիւններուն պատճառաւ, այս երիտասարդը երկու տարբեր քաղաքներու մէջ ինքզինք յանձնարարած էր։ Անոր համար Պօղոս հրաւիրեց Տիմոթէոսը որ իր ծառայութեան ուղեկիցը ըլլար։—Գործք 16։1-4

Ներկայիս տղամարդ մը ի՞նչպէս կրնայ պատշաճ ու բարեպաշտ կերպով ‘տեսչութեան ցանկալ’։ Վստահաբար ո՛չ թէ նշանակուելու համար արշաւ մը մղելով, հապա, այսպիսի պատասխանատուութիւններու համար հարկ եղած հոգեւոր որակումներ մշակելով։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1-10, 12, 13. Տիտոս 1։5-9) Ան քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մէջ ալ լիարժէք մասնակցութիւն բերելով կրնայ ցոյց տալ թէ «աղէկ գործի կը ցանկայ»։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Անոնք որոնք իրենք զիրենք կը յանձնարարեն որպէս պատասխանատու Քրիստոնեայ տղամարդիկ, իրենց հոգեւոր եղբայրներով անկեղծօրէն կը հետաքրքրուին։ Անոնք Պօղոս առաքեալի խրատին կը հետեւին, որ ըսաւ. «Սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք. հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։13) Այսպիսի բաներ ընելով, Քրիստոնեայ տղամարդ մը կրնայ իրապէս ‘ինքզինք յանձնարարել որպէս Աստուծոյ սպասաւորը’։

Ամէն Ժամանակ

Մեր անձը ուրիշներուն յանձնարարել չի նշանակեր բան մը ըլլալ ձեւացնել, կամ «մարդահաճոյ» ըլլալ։ (Եփեսացիս 6։6) Վերջին հաշուով, անիկա կը նշանակէ մենք մեզ յանձնարարել մեր Ստեղծիչին, Եհովա Աստուծոյ, բծախնդրաբար հետեւելով իր օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն։ Եթէ ձեր հոգեւորականութիւնը մշակէք եւ Եհովա Աստուծոյ հետ ձեր յարաբերութիւնը զօրացնէք, ուրիշներ պիտի նշմարեն ընտանիքի անդամներուն, գործակիցներուն եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետ ձեր բարելաւուած վարմունքը։ Անոնք պիտի նկատեն նաեւ ձեր կայուն եւ հաւասարակշռուած ըլլալը, ձեր լաւ դատողութիւն ունենալը, պատասխանատուութիւններ շալկելու ձեր կարողութիւնը եւ ձեր խոնարհութիւնը։ Այսպիսով անոնց սէրը եւ յարգանքը պիտի շահիք, իսկ աւելի կարեւորը, Եհովա Աստուծոյ հաճութեան պիտի արժանանաք, քանի որ դուք ձեր անձը կը յանձնարարէք ուրիշներուն։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Հրատարակուած՝ Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Նկար՝ էջ 19]

Իմաստուն կերպով շատ ծնողներ իրենց աղջկան կամ տղուն հետ ամուսնանալ փափաքող անհատին վարկին մասին կ’ուզեն տեղեկանալ

[Նկար՝ էջ 20]

Եղբայր մը ծառայութեան առանձնաշնորհումներ ստանալու համար ինքզինք կը յանձնարարէ՝ ուրիշներուն հանդէպ նկատառու ըլլալով