Եհովայի զօրութեամբ մխիթարուեցէք
Եհովայի զօրութեամբ մխիթարուեցէք
«Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին»։—ՍԱՂՄՈՍ 94։19
ՍՓՈՓԱՆՔԻ տենչացող բոլորին համար, Աստուածաշունչը մխիթարական խօսքեր ունի։ Զարմանալի չէ որ Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն կ’ըսէ թէ «անհամար մարդիկ տագնապալից եւ տարակուսանքի ժամանակներուն Աստուածաշունչին դիմած են մխիթարութիւն, յոյս եւ առաջնորդութիւն ստանալու համար»։ Ինչո՞ւ։
Քանի որ Աստուածաշունչը ներշնչուած է մեր սիրալիր Ստեղծիչին՝ ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն’ կողմէ. Ա՛ն «որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»։ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Ան ‘մխիթարութիւն տուող Աստուածն’ է։ (Հռովմայեցիս 15։5) Եհովա մեր բոլորին համար հանգստութեան միջոց մը հայթայթելով օրինակ հանդիսացած է։ Ան իր միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ երկիր ղրկեց, մեզի յոյս եւ մխիթարութիւն տալու համար։ Յիսուս սորվեցուց. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Աստուածաշունչը Եհովան կը բնութագրէ որպէս «օրէ օր մեր բեռը շալկողը, մեր փրկութեան ճշմարիտ Աստուածը»։ (Սաղմոս 68։19, ՆԱ) Աստուածավախ մարդիկ կրնան վստահութեամբ ըսել. «Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի. որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ»։—Սաղմոս 16։8
Այսպիսի սուրբ գրային համարներ, մեզի հանդէպ Եհովա Աստուծոյ ունեցած խոր սէրը ցոյց կու տան։ Բացայայտ կը դառնայ թէ ան սրտանց կը փափաքի, ինչպէս նաեւ կարողութիւն ունի լայնօրէն մխիթարութիւն հայթայթելու եւ նեղութեան ժամանակ մեր վշտերը ամոքելու։ «Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը»։ (Եսայեայ 40։29) Ուստի, ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի զօրութեամբ մխիթարուիլ։
Եհովայի Հոգածութեան Ամոքիչ Ազդեցութիւնը
Սաղմոսերգուն գրեց. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։ (Սաղմոս 55։22) Այո, Եհովա Աստուած մարդկային ընտանիքով հետաքրքրուած է։ Պետրոս առաքեալ առաջին դարու Քրիստոնեաները վստահեցուց ըսելով. «Անիկա [Աստուած] ձեզի համար կը հոգայ»։ (Ա. Պետրոս 5։7) Յիսուս Քրիստոս շեշտելով Աստուծոյ աչքին մարդոց ունեցած արժէքը, ըսաւ. «Չէ՞ որ հինգ ճնճղուկ երկու դանկի կը ծախուի եւ անոնցմէ մէ՛կը մոռցուած չէ Աստուծոյ առջեւ։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի աղէկ էք»։ (Ղուկաս 12։6, 7) Մենք Աստուծոյ աչքին ա՛յնքան արժէքաւոր ենք, որ ան մեր մասին ամենաչնչին մանրամասնութիւնն իսկ կը նշմարէ։ Ան գիտէ այնպիսի բաներ որ մենք իսկ չենք գիտեր, քանի որ խորապէս հետաքրքրուած է իւրաքանչիւր անհատով։
Եհովայի այս անձնական հետաքրքրութիւնը զգալը, մեծապէս մխիթարեց Սվեթլանան՝ նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած երիտասարդուհի պոռնիկը։ Ան անձնասպան ըլլալու վրայ էր, երբ Եհովայի Վկաներու հետ շփման մէջ եկաւ։ Ապա Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց, որ իրեն օգնեց ճանչնալու Եհովան՝ իր բարօրութեամբ իսկապէս հետաքրքրուած մէկը։ Ասիկա իր սրտին դպաւ, զինք մղելով որ իր կենցաղը փոխէ, եւ իր անձը Աստուծոյ նուիրէ։ Ասիկա Սվեթլանային որոշ չափով արժանապատուութեան զգացում ալ տուաւ, որու պէտք ունէր որպէսզի կարենար յարատեւել հակառակ իր խնդիրներուն, եւ կեանքի հանդէպ դրական հայեցակէտ մը ունենար։ Ներկայիս ան կ’ըսէ. «Համոզուած եմ թէ Եհովա երբե՛ք զիս պիտի չլքէ։ Տեսայ որ Ա. Պետրոս 5։7–ի մէջ գրուածը ճշմարիտ էր, որ կ’ըսէ. ‘Ձեր ամէն հոգը անոր [Եհովայի] վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ’»։
Աստուածաշունչի Վրայ Հիմնուած Յոյսը կը Մխիթարէ
Մխիթարութիւն հայթայթելու Աստուծոյ մասնայատուկ միջոցներէն մին՝ իր գրաւոր Խօսքն է, որ ապագայի համար հոյակապ յոյս մը կը բովանդակէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ (Հռովմայեցիս 15։4) Պօղոս իսկական յոյսին եւ մխիթարութեան միջեւ եղած կապը յստակացուց, երբ գրեց. «Աստուած՝ մեր Հայրը, որ մեզ սիրեց եւ իբրեւ շնորհք՝ մնայուն մխիթարութիւն մը եւ հաստատուն յոյս մը տուաւ մեզի, թող սրտապնդ[է] ու զօրացն[է] ձեզ, որպէսզի միշտ խօսիք ու գործէք ինչ որ բարի է»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։15, 16, Անթիլիաս) Այս «հաստատուն յոյս»ը կը պարփակէ՝ դրախտ երկրի մէջ կատարեալ, ուրախ եւ անվերջ կեանքի մը հեռանկարը։—Բ. Պետրոս 3։13
Այսպիսի վստահ եւ պայծառ յոյս մը քաջալերեց Լայմանիսը՝ նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած ալքոլամոլ անդամալոյծը։ Աստուածաշունչին վրայ Եսայեայ 35։5, 6) Այդ Դրախտին մէջ ապրելու որակելի ըլլալու համար, Լայմանիս հսկայ փոփոխութիւններ ըրաւ։ Ան խմիչքը դադրեցուց եւ իր դրացիներն ու ծանօթները նկատեցին այն փոփոխութիւնը որ ան կատարեց իր կեանքին մէջ։ Ան ներկայիս Աստուածաշունչի քանի մը ուսումնասիրութիւններ կը վարէ, ուրիշներուն հետ բաժնելով Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած յոյսին տուած մխիթարութիւնը։
հիմնուած Եհովայի Վկաներու գրականութիւնները կարդալով ան ուրախացաւ, սորվելով Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ ըլլալիք նոր աշխարհի մը մասին, ուր իր առողջութիւնը ամբողջովին կրնար վերագտնել։ Աստուածաշունչին մէջ, ան հրաշալի բուժումի մասին հետեւեալ պայծառ խոստումը կարդաց. «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։ (Աղօթքին Դերը
Երբ մեր սիրտը որոշ պատճառաւ վշտացած է, կրնանք մխիթարութիւն գտնել Եհովայի աղօթելով։ Ասիկա կրնայ մեր վրայէն բեռը վերցնել։ Մեր աղօթած պահուն, կրնանք մխիթարուիլ Աստուծոյ Խօսքին մէջ ըսուած բաները վերյիշելով։ Աստուածաշունչին մէջ ամենէն երկար սաղմոսը, գեղեցիկ աղօթքի մը կը նմանի։ Զայն յօրինողը երգեց. «Ո՛վ Տէր, քու առաջուան դատաստաններդ յիշեցի ու մխիթարուեցայ»։ (Սաղմոս 119։52) Չափազանց դժուար վիճակներու մէջ, յատկապէս առողջապահական տագնապի մը ժամանակ, յաճախ մէկ եւ ամենապարփակ պատասխան մը գոյութիւն չունի։ Մեր անձնական ուժով թերեւս չգիտնանք թէ ճիշդ ո՛ւր դիմենք։ Շատեր գտած են, թէ մարդկայնօրէն կարելի եղած ամէն բան ընելէ ետք, աղօթքով Աստուծոյ դիմելը մեծապէս կը մխիթարէ, եւ երբեմն ալ աննախատեսելի լուծումներ կը բերէ։—Ա. Կորնթացիս 10։13
Բէթ, որ հիւանդանոցի մը շտապ օգնութեան սենեակը տարուեցաւ, աղօթքին ունեցած այս մխիթարական ազդեցութիւնը անձնապէս զգաց։ Իր ապաքինումէն ետք, ան ըսաւ. «Եհովայի աղօթեցի եւ իրապէս սորվեցայ որ կեանքս իր ձեռքերուն մէջ պէտք է ձգեմ, իրեն վստահելով որ իր կամքը ըլլայ։ Այդ ամբողջ ժամանակաշրջանին հանդարտութիւն զգացի. Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի մէջ յիշուած Աստուծոյ խաղաղութիւնը կը վայելէի»։ Այս համարները բոլորիս համար ալ որքա՜ն մխիթարական կրնան ըլլալ։ Հոն Պօղոս կը խրատէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։
Սուրբ Հոգին Որպէս Մխիթարիչ
Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս իր առաքեալներուն բացայայտօրէն ըսաւ թէ շատ չանցած իրենցմէ պիտի բաժնուէր։ Ասիկա զիրենք խռովեցուց եւ վշտացուց։ (Յովհաննու 13։33, 36. 14։27-31) Գիտակցելով թէ անոնք մխիթարութեան յարատեւ կարիքը պիտի ունենային, Յիսուս խոստացաւ. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի»։ (Յովհաննու 14։16) Յիսուս հոս Աստուծոյ սուրբ հոգիին կ’ակնարկէր։ Ուրիշ բաներու կողքին, Աստուծոյ հոգին առաքեալները մխիթարեց իրենց փորձութիւններուն մէջ, եւ զիրենք զօրացուց որ շարունակեն Աստուծոյ կամքը կատարել։—Գործք 4։31
Էնճի, որու ամուսինը լուրջ արկածի մը պատճառաւ մահուան սեմին հասաւ, կարողացաւ իր կացութեան ընկերակցող բոլոր նեղութեան եւ վշտին հետ յաջողութեամբ գլուխ ելլել։ Ի՞նչ բան օգնեց իրեն։ Ան կ’ըսէ. «Առանց Եհովայի սուրբ հոգիին օգնութեան, պիտի չկարենայինք այս բոլոր բաներուն տոկալ եւ զօրաւոր մնալ։ Եհովայի զօրութիւնը իրապէս բացայայտ եղաւ մեր տկարութեան մէջ, եւ ամրոց մը եղաւ՝ մեր նեղութեան ժամանակ»։
Մխիթարող Եղբայրակցութիւն մը
Կեանքի մէջ անհատի մը պարագաները ի՛նչ ալ ըլլան, ի՛նչ ցաւալի վիճակներ ալ զարգանան, ան պէտք է կարող ըլլայ մխիթարութիւն գտնել Եհովայի ժողովքին մէջ գոյութիւն ունեցող եղբայրակցութեան մէջ։ Այս եղբայրակցութիւնը, իր հետ ընկերակցող անհատներուն հոգեւոր օգնութիւն եւ աջակցութիւն կը հայթայթէ։ Հոն, անհատը կրնայ սիրալիր, հոգացող եւ մխիթարող բարեկամներու խումբ մը գտնել, որոնք պատրաստ ու յօժարակամ են ուրիշներու Բ. Կորնթացիս 7։5-7
օգնելու եւ մխիթարելու, նեղութեան ժամանակներուն։—Քրիստոնեայ ժողովքին անդամները կը սորվին ‘բարիք ընել ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն’։ (Գաղատացիս 6։10) Անոնց ստացած Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած կրթութիւնը, զիրենք կը մղէ որ իրարու հանդէպ եղբայրական սէր եւ խանդաղատանք ցուցաբերեն։ (Հռովմայեցիս 12։10. Ա. Պետրոս 3։8) Ժողովքին մէջի հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը ազնիւ, մխիթարող եւ կարեկից են։—Եփեսացիս 4։32
Ճօն եւ Ռեբեկան, որոնք ողբերգական կերպով իրենց երիտասարդ տղան կորսնցուցին, քրիստոնէական ժողովքի անդամներուն կողմէ այսպիսի մխիթարական օգնութիւն ստացան։ Անոնք կ’ըսեն. «Եհովան եւ իր սիրալիր ժողովքը մեզի օգնեցին մեր դժուար ժամանակին մէջ։ Հարիւրաւոր բացիկներ, նամակներ եւ հեռաձայններ ստացանք։ Ասիկա կը մղէ մեզ գնահատելու թէ որքա՜ն թանկագին է մեր եղբայրակցութիւնը։ Մինչ ողբերգութեան ազդեցութեան ներքեւ շշմած էինք, շատ մը դրացի ժողովքներ օգնութեան փութացին, ճաշեր բերելով եւ մեր տունը մաքրելով»։
Մխիթարուեցէ՛ք
Երբ ձախորդութեան հովերը սկսին փչել, եւ նեղութեան անողորմ անձրեւն ու կարկուտը շարունակեն տեղալ, Աստուած պատրաստ է մեզ առնել իր մխիթարիչ հովանաւորութեան ներքեւ։ Սաղմոսներէն մէկը, իր մխիթարական ապաստանարան հայթայթող մը ըլլալը հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ. «Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ ու իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս»։ (Սաղմոս 91։4) Հաւանաբար, հոս արծիւի մը օրինակը կը տրուի։ Անիկա թռչունի մը պատկերն է, որ վտանգը կը նախատեսէ, ապա իր թեւերը կը տարածէ իր ձագերուն վրայ, զանոնք պաշտպանելու համար։ Աւելի ընդարձակ առումով, Եհովա իսկական Պաշտպանիչ մը կը դառնայ, բոլոր անոնց՝ որոնք իր քով կ’ապաստանին։—Սաղմոս 7։1
Եթէ կը փափաքիք աւելին գիտնալ Աստուծոյ, իր անձնաւորութեան, իր նպատակներուն եւ մխիթարութիւն հայթայթելու իր կարողութեան մասին, կը հրաւիրենք ձեզ որ իր Խօսքը ուսումնասիրէք։ Եհովայի Վկաները այս ուղղութեամբ սիրով պիտի օգնեն ձեզի։ Այո, դո՛ւք ալ կրնաք Եհովայի զօրութեամբ մխիթարուիլ։
[Նկարներ՝ էջ 7]
Ապագայի նկատմամբ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յոյսը կրնայ մխիթարութիւն հայթայթել