Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Աւետարաններէն երեքը կը յիշեն այն գանգատը որ յարուցուեցաւ Յիսուսի սուղ իւղով օծուելուն շուրջ։ Արդեօք առաքեալներէն շատե՞ր գանգատեցան, թէ ոչ՝ գլխաւորաբար Յուդան էր։

Այս դէպքը արձանագրուած է Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Յովհաննէսի Աւետարաններուն մէջ։ Այնպէս կ’երեւի թէ գանգատելու մէջ Յուդան առաջնորդութիւնը առաւ, եւ առնուազն քանի մը առաքեալներ իրեն հետ համաձայն գտնուեցան։ Այս միջադէպը կը լուսաբանէ թէ ինչո՛ւ երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ չորս Աւետարաններ ունինք։ Իւրաքանչիւր աւետարանիչի գրածը ճշգրիտ էր, բայց բոլորն ալ նոյն մանրամասնութիւնները չտուին։ Զուգահեռ դրուագներ իրարու հետ բաղդատելով, շատ մը դէպքերու մասին աւելի լման եւ մանրամասն պատկեր մը կ’ունենանք։

Մատթէոս 26։6-13–ի մէջի դրուագը կու տայ վայրը՝ Բեթանիա, բորոտ Սիմոնի տունը, սակայն չի յիշեր Յիսուսի գլխուն վրայ ծանրագին իւղ թափող կնոջ անունը։ Մատթէոս կը նշէ. «Անոր աշակերտները տեսնելով՝ բարկացան» եւ գանգատեցան թէ իւղը կրնար սուղ գնով ծախուիլ եւ դրամը աղքատներուն տրուիլ։

Մարկոսի արձանագրութիւնը կը բովանդակէ այս մանրամասնութիւններուն մեծ մասը։ Սակայն ան կ’աւելցնէ թէ կինը շիշը բանալու համար զայն կոտրեց։ Անոր մէջ կար ‘պատուական նարդոսի’ անուշահոտ իւղ, որ հաւանաբար Հնդկաստանէն բերուած էր։ Իսկ գանգատին մասին, Մարկոս կը տեղեկագրէ թէ «կային ոմանք, որ կը նեղուէին» եւ «[անոնք] սաստիկ կը յանդիմանէին զանիկա»։ (Մարկոս 14։3-9) Ուստի երկու արձանագրութիւններն ալ ցոյց կու տան թէ գանգատողներուն մէջ մէկէ աւելի առաքեալներ պարփակուած էին։ Սակայն, այս բոլորը ի՞նչպէս սկսաւ։

Յովհաննէս, որ ականատես մըն էր, յստակ մանրամասնութիւններ աւելցուց։ Ան կնոջ անունը կը յիշէ. Մարիամ՝ Մարթայի ու Ղազարոսի քոյրը։ Յովհաննէս նաեւ հայթայթեց հետեւեալ մանրամասնութիւնը, զոր կրնանք նկատել որպէս լրացուցիչ տեղեկութիւն քան՝ հակասական. «Յիսուսին ոտքերը օծեց ու իր մազերովը անոր ոտքերը սրբեց»։ Արձանագրութիւնները իրարու կցելով, կրնանք տեսնել թէ Մարիամ իւղը դրաւ Յիսուսի գլխուն եւ ոտքերուն վրայ, եւ Յովհաննէս կը հաստատէ անոր «նարդոսի» իւղ ըլլալը։ Յովհաննէս շատ սերտ էր Յիսուսի հետ եւ հակումը ունէր Անոր դէմ եղած պզտիկ բաներու պատճառաւ բարկանալու։ Կը կարդանք. «Աշակերտներէն մէկը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդան, որ զանիկա պիտի մատնէր [«մատնելու էր», ՆԱ], ըսաւ. ‘Ինչո՞ւ համար այդ իւղը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի, որ աղքատներուն տրուէր’»։—Յովհաննու 12։2-8

Անշուշտ Յուդա՝ Յիսուսի «աշակերտներէն մէկ»ն էր, սակայն հոս կրնաք զգալ Յովհաննէսի բարկութիւնը, երբ ա՛յս դիրքին մէջ անհատ մը կը ծրագրէր Յիսուսը մատնել։ Թարգմանիչ Տոքթ. Ք. Հաուարտ Մէթընի, Յովհաննու 12։4–ին մասին դիտել տուաւ. «Բաղադրեալ անցեալ ապառնի ժամանակը՝ ‘մատնելու էր’՝ յաջորդական կամ շարունակական գործողութիւն մը կ’արտայայտէ։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ Յուդայի կողմէ Յիսուսի դաւաճանութիւնը վայրկենական՝ պարագայի բերմամբ կատարուած արարք մը չէր, քանի որ անիկա օրեր առաջ մտածուած եւ ծրագրուած էր»։ Յովհաննէս աւելցուց այն խորազննիչ տեղեկութիւնը, թէ Յուդա գանգատեցաւ «ո՛չ թէ աղքատները հոգալուն համար, հապա որ գող էր ու գանձանակը ինք կը պահէր եւ ինչ որ ձգուէր՝ ինք կը կրէր»։

Ուստի տրամաբանական կը թուի թէ գանգատին ծայր տուողը գող Յուդան էր, քանի որ գողնալիք շատ աւելի գումար պիտի ունենար, եթէ սուղ իւղը ծախուէր եւ անոր դրամը իր կրած սնտուկին մէջ դրուէր։ Անգամ որ Յուդան այս գանգատը յարուց, կրնայ ըլլալ որ առաքեալներէն ոմանք վաւերական թուող այս տրտունջին միացան։ Սակայն այս գանգատը բո՛ւն հրահրողը Յուդան էր։