Մխիթարութեան շա՛տ կարիք կայ
Մխիթարութեան շա՛տ կարիք կայ
«Զրկուածներուն աչքը արցունք կար, բայց անոնք մխիթարող չունէին. անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար, բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4։1
ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ կը փնտռէ՞ք։ Յուսահատութեան սեւ ամպերը ճեղքող մխիթարութեան ճառագայթի մը ձեզի հասնիլը կը տենչա՞ք։ Դառն տառապանքով եւ անհաճոյ փորձառութիւններով քայքայուած կեանք մը, սփոփանքի նշոյլով մը քաղցրացուելուն կարօտը կը քաշէ՞ք։
Ժամանակ առ ժամանակ, բոլորս ալ մխիթարութեան եւ քաջալերութեան մեծ կարիք կ’ունենանք, քանի որ կեանքը լեցուն է տխրութիւն պատճառող բաներով։ Բոլորս ալ պատսպարուելու, տաքնալու եւ ողջագուրուելու կարիքը ունինք։ Մեզմէ ոմանք ծերացած են եւ ասոր համար կը դժգոհին։ Ուրիշներ խորապէս յուսախաբ եղած են, քանի որ կեանքը իրենց ակնկալածէն տարբեր եղած է։ Տակաւին ուրիշներ ցնցուած են, ախտաճանաչման տարրալուծարանէ մը եկած տեղեկագրութեան մը պատճառաւ։
Ասկէ զատ, մերօրեայ դէպքերուն մխիթարութեան եւ յոյսի մեծ կարիք մը ստեղծած ըլլալուն քիչեր պիտի առարկեն։ Միայն անցեալ դարուն, աւելի քան հարիւր միլիոն անհատներ սպաննուած են պատերազմներու մէջ։ * Գրեթէ բոլորն ալ իրենց ետին ձգած են սգաւոր ընտանիք մը՝ մայրեր ու հայրեր, քոյրեր ու եղբայրներ, որբեւարիներ ու որբեր՝ որոնք սփոփանքի մեծ կարիք ունին։ Ներկայիս, աւելի քան մէկ միլիառ անհատներ ծայր աստիճան աղքատութեան մէջ կ’ապրին։ Երկրի բնակչութեան կէսը, բժշկական խնամքի եւ անհրաժեշտ դեղորայքի պակասէն կը տառապի։ Ապականած մեծ քաղաքներու փողոցներուն մէջ, միլիոնաւոր լքուած երախաներ կը թափառին, որոնցմէ շատեր թմրեցուցիչ կը գործածեն եւ պոռնկութիւն կ’ընեն։ Միլիոնաւոր գաղթականներ ահռելի ճամբարներու մէջ կը հիւծին։
Սակայն, այս թուանշանները որքան ալ ուշագրաւ ըլլան, անոնք չեն կրնար բացատրել ոմանց անհատական կեանքին մէջ կրած վիշտն ու տառապանքը։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, * Ան կ’ըսէ. «Դրամ շահելու համար, ծնողքս զիս մուրալու կամ գողնալու կը ղրկէր։ Մեր ընտանեկան կեանքը այն աստիճան քայքայուեցաւ, որ ազգապղծութեան զոհ դարձայ։ Սպասեակի գործ մը գտայ. իսկ մայրս, որ շահած դրամս ձեռքէս կ’առնէր, ըսաւ որ եթէ գործս կորսնցնէի՝ անձնասպան պիտի ըլլար։ Այս բոլորը զիս առաջնորդեցին որ պոռնիկի կեանք մը վարեմ։ Այն ատեն միայն 13 տարեկան էի։ Անկէ ետք, յղի մնալով վիժում ըրի։ 15 տարեկանիս, 30 տարեկանի երեւոյթ ունէի»։
Պալքանեան երկրէ մը եկած երիտասարդուհի Սվեթլանան, որ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ ծնած էր։Լայմանիս՝ Լաթվիացի երիտասարդ մը, կը պատմէ մխիթարութեան կարիքին եւ զինք մելամաղձոտ դարձնող գէշ յիշատակներուն մասին։ 29 տարեկանին, ան ինքնաշարժի արկած մը ունեցաւ, որ զինք մէջքէն վար անդամալուծեց։ Բոլորովին յուսահատ՝ ինքզինք խմիչքի տուաւ։ Հինգ տարի ետք, ան խորտակուած վիճակ մը ունէր՝ ապագայ չունեցող գինեմոլ անդամալոյծ մը։ Ան ուրկէ՞ կրնար մխիթարութիւն ստանալ։
Կամ խորհեցէք Էնճիին մասին։ Անոր ամուսինը երեք անգամ ուղեղի գործողութեան ենթարկուեցաւ, որոնք սկիզբը զինք մասամբ անդամալուծեցին։ Ապա, վերջին գործողութենէն հինգ տարի ետք, շատ լուրջ արկած մը ունեցաւ, որ քիչ մնաց որ սպաննէր զինք։ Երբ կինը շտապ խնամքի սենեակը մտնելով տեսաւ գլխէն շատ լուրջ հարուած մը ստանալէ ետք մահաքունի մէջ մտած ամուսինը, ան գիտցաւ թէ ողբերգութեան մը սեմին կը գտնուէր։ Իրեն ու իր ընտանիքին համար դժուար ժամանակներ կը սպասէին։ Ան ի՞նչպէս կրնար օգնութիւն եւ քաջալերութիւն գտնել։
Բէթի համար, քանի մը տարի առաջ ձմեռնային օր մը սովորական օր մը կը թուէր ըլլալ։ Սակայն, յաջորդ երեք օրերը իր յիշողութենէն սրբուեցան։ Հետագային ամուսինը իրեն ըսաւ թէ կուրծքի խիստ ցաւեր ունենալէ ետք, իր սրտի զարկերը բոլորովին դադրած էին։ Սկիզբը, սիրտը շատ արագ եւ անկանոն կերպով բաբախած էր, ապա բոլորովին կեցած էր։ Անոր շնչառութիւնն ալ կեցած էր։ «Իրապէս բժշկականօրէն մեռած էի», կ’ըսէ Բէթ։ Սակայն, ձեւով մը ան վերապրեցաւ։ Հիւանդանոցին մէջ իր երկարատեւ կեցութեան մասին, ան կ’ըսէ. «Քննութիւններէն շատերը զիս կը սարսափեցնէին, մանաւանդ երբ անոնք կը փորձէին սիրտս նեարդահարել եւ կեցնել, ինչպէս որ սկիզբը ինծի պատահած էր»։ Ի՞նչ բան կրնար զինք սփոփել եւ հանգստացնել այս տագնապալից ժամանակուան մէջ։
Ճօ եւ Ռեբեկա ինքնաշարժի արկածով մը իրենց 19 տարեկան մանչ զաւակը կորսնցուցին։ Անոնք կ’ըսեն. «Երբեք ա՛յսքան ջախջախիչ բանի մը չէինք հանդիպած։ Թէեւ անցեալին, ուրիշներու հետ իրենց կորուստին վրայ ողբացած ենք, սակայն, այժմ մեր ունեցած սրտի մեծ վիշտը իրապէս չէինք զգացած»։ Ի՞նչ բան կրնար սփոփել այսպիսի «սրտի մեծ վիշտ» մը՝ ձեզի շատ սիրելի եղող անհատի մը կորուստին ջախջախիչ վիշտը։
Այս բոլոր անհատները, նաեւ միլիոնաւոր ուրիշներ, արդարեւ մխիթարութեան եւ սփոփանքի գերակայ աղբիւր մը գտած են։ Որպէսզի գիտնաք թէ ի՛նչպէս դուք ալ կրնաք օգտուիլ այս աղբիւրէն, հաճեցէք յաջորդ յօդուածը կարդալ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 5 Մահացած զինուորական անձնակազմերու եւ քաղաքացիներուն ճշգրիտ թիւը յայտնի չէ։ Օրինակ, 1998–ի Ամերիկեան Պատերազմներու Մասին Իրողութիւններ խորագրով գիրքը (Անգլերէն), միայն Բ. Աշխարհամարտի մասին հետեւեալը կը նշէ. «Շատ աղբիւրներ կ’ըսեն թէ Բ. Աշխարհամարտի պատճառած մահերուն ընդհանուր թիւը (զինուորական եւ քաղաքացի) 50 միլիոն է, բայց այս նիւթը մօտէն ուսումնասիրողներէն շատեր, կը խորհին թէ իսկական թիւը շատ աւելի բարձր է. գրեթէ այս թիւին կրկնապատիկը»։
^ պարբ. 6 Անունը փոխուած է։
[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 3]
UNITED NATIONS/PHOTO BY J. K. ISAAC
UN PHOTO 146150 BY O. MONSEN