Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նոր աշխարհ. դուք հոն պիտի ըլլա՞ք

Նոր աշխարհ. դուք հոն պիտի ըլլա՞ք

Նոր աշխարհ. դուք հոն պիտի ըլլա՞ք

«Ուրախ ըլլալէ ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ, ուրիշ աղէկ բան չկայ անոնց մէջ։ Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 3։12, 13

1. Ապագայի նկատմամբ ինչո՞ւ կրնանք լաւատես ըլլալ։

ՇԱՏԵՐ կը խորհին որ Ամենակալ Աստուած խստապահանջ է։ Սակայն վերոյիշեալ խօսքերը ճշմարտութիւն մըն են որ կրնաք իր ներշնչեալ Խօսքին մէջ գտնել։ Անիկա իր ‘երանելի Աստուած’ մը ըլլալուն եւ մեր առաջին ծնողքը երկրային դրախտի մը մէջ դնելուն հետ համապատասխան է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11. Ծննդոց 2։7-9) Երբ իր ծառաներուն համար Աստուծոյ խոստացած ապագան հասկնալ կը փորձենք, պէտք չէ զարմանանք տեղեկանալով այն վիճակներուն մասին, որոնք մեզի մնայուն ուրախութիւն պիտի պատճառեն։

2. Ի՞նչ են ձեր ակնկալած բաներէն ոմանք։

2 Նախորդ յօդուածին մէջ, Աստուածաշունչին մէջ չորս անգամ նախագուշակուած «նոր երկինք ու նոր երկիր» արտայայտութեան երեք պարագաները քննեցինք։ (Եսայեայ 65։17) Այդ վստահելի նախագուշակութիւններէն մէկը արձանագրուած է Յայտնութիւն 21։1–ի մէջ։ Հետագայ համարները կը խօսին այն ժամանակուան մասին, երբ Ամենակալ Աստուած հիմնովին պիտի բարեփոխէ երկրի վիճակները։ Ան մեր վշտի արցունքները պիտի սրբէ։ Այլեւս մարդիկ ծերութեան, հիւանդութեան կամ արկածներու հետեւանքով պիտի չմեռնին։ Ողբը, աղաղակը եւ ցաւը վերջացած պիտի ըլլան։ Ի՜նչ հաճելի հեռանկար մը։ Բայց կրնա՞նք վստահ ըլլալ որ այդ ժամանակը պիտի գայ. իսկ այդ հեռանկարը հիմա ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր վրայ։

Վստահ Ըլլալու Պատճառներ

3. Ինչո՞ւ կրնանք ապագայի մասին Աստուածաշունչի խոստումներուն վստահիլ։

3 Նկատի առէք թէ Յայտնութիւն 21։5–ը ի՛նչպէս կը շարունակէ։ Այս համարը կը խօսի Աստուծոյ մասին, որ իր երկնային գահին վրայ նստած է ու կ’ըսէ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։ Այդ աստուածային խոստումը ազգային անկախութեան որեւէ ծանուցումէ, ներկայ մարդկային իրաւունքներու որեւէ օրինագիծէ, կամ ապագայի նկատմամբ մարդկային որեւէ ձգտումէ նախընտրելի է։ Անիկա բացարձակապէս վստահելի յայտարարութիւն մըն է, կատարուած Անոր կողմէ, զոր Աստուածաշունչը կը կոչէ՝ «անսուտն»։ (Տիտոս 1։2) Հասկնալի է որ պիտի ուզէինք հոս կանգ առնել, այս սքանչելի հեռանկարը ըմբոշխնելու եւ Աստուծոյ վստահելու համար։ Բայց հոս պէտք չէ կանգ առնենք։ Մեր ապագային մասին սորվելիք շատ բան ունինք տակաւին։

4, 5. Մեր նկատի առած սուրբ գրային ի՞նչ մարգարէութիւններ գալիքին հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելցնեն։

4 Պահ մը խորհեցէք նոր երկնքի ու նոր երկրի սուրբ գրային խոստումներուն մասին նախորդ յօդուածին ըրած սահմանումին մասին։ Եսային այսպիսի նոր համակարգ մը նախագուշակեց եւ իր մարգարէութիւնը կատարում մը ունեցաւ, երբ Հրեաները իրենց հայրենիքը վերադարձան ու ճշմարիտ պաշտամունքը վերականգնեցին։ (Եզրասայ 1։1-3. 2։1, 2. 3։12, 13) Սակայն, Եսայիի մարգարէութիւնը միայն ասո՞ր կը նշէր։ Անշուշտ ո՛չ։ Անոր նախագուշակած բաները աւելի հոյակապ կերպով պիտի կատարուէին հեռաւոր ապագային։ Ինչո՞ւ այս եզրակացութեան կը յանգինք։ Բ. Պետրոս 3։13 եւ Յայտնութիւն 21։1-5–ի մէջ մեր կարդացածներուն պատճառաւ։ Այս համարները նոր երկինք ու նոր երկիր մը կը նշեն, որոնցմէ պիտի օգտուին Քրիստոնեաները համերկրային տարողութեամբ։

5 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Աստուածաշունչը չորս անգամ կը գործածէ «նոր երկինք ու նոր երկիր» արտայայտութիւնը։ Մենք այս արտայայտութեան երեք գործածութիւնները նկատի առինք եւ քաջալերական եզրակացութիւններու յանգեցանք։ Աստուածաշունչը շեշտակիօրէն ցոյց կու տայ որ Աստուած մէջտեղէն պիտի վերցնէ ամբարշտութիւնը ու տառապանքի ուրիշ պատճառները, ապա իր խոստացած նոր համակարգին մէջ, մարդկութեան վրայ յաւելեալ օրհնութիւններ պիտի տեղացնէ։

6. «Նոր երկինք ու նոր երկիր»ի մասին խօսող չորրորդ մարգարէութիւնը ի՞նչ կը նախագուշակէ։

6 Հիմա «նոր երկինք ու նոր երկիր» արտայայտութեան վերջինը նկատի առնենք, որ կը գտնուի Եսայեայ 66։22-24–ի մէջ. «‘Քանզի նոր երկինքն ու նոր երկիրը, որ պիտի ստեղծեմ, իմ առջեւս հաստատ պիտի մնան’, կ’ըսէ Տէրը։ Այնպէս ալ ձեր սերունդը եւ ձեր անունը պիտի մնան։ ‘Եւ ամէն նոր լուսնի տօնին եւ ամէն շաբաթ բոլոր մարդիկը իմ առջեւս երկրպագելու պիտի գան’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Անոնք պիտի ելլեն ու իմ դէմս ապստամբողներուն դիակները պիտի տեսնեն, քանզի անոնց որդը պիտի չմեռնի, անոնց կրակը պիտի չմարի, անոնք ամէն մարմնի զզուելի պիտի ըլլան’»։

7. Ինչո՞ւ պէտք է եզրակացնենք որ Եսայեայ 66։22-24–ը գալիք օրերուն կատարում մը պիտի ունենան։

7 Այս մարգարէութիւնը իրենց երկիրը վերադարձած Հրեաներուն վրայ կատարում մը ունեցաւ, բայց անիկա ուրիշ կատարում մըն ալ պիտի ունենար։ Անիկա Պետրոսի երկրորդ նամակը եւ Յայտնութիւն գիրքը գրուելէն տարիներ վերջ տեղի պիտի ունենար, քանի որ անոնք ապագայ «նոր երկինք ու նոր երկիր» մը կը նշէին։ Անոր փառաւոր եւ ամբողջական կատարումը կրնանք ակնկալել նոր դրութեան մէջ։ Մեր ակնկալած բաներէն քանի մը հատը նկատի առէք։

8, 9. (ա) Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ առումով պիտի շարունակեն ‘կենալ’։ (բ) Ի՞նչ է մարգարէութեան իմաստը թէ Եհովայի ծառաները ‘ամէն նոր լուսնին ու ամէն շաբաթ’ զինք պիտի պաշտեն։

8 Յայտնութիւն 21։4–ը կը նշէր որ մահ պիտի չըլլայ։ Եսայեայ 66–րդ գլուխի հատուածը ասոր հետ ներդաշնակ է։ 22–րդ համարէն կրնանք տեսնել թէ Եհովա գիտէ որ «նոր երկինքն ու նոր երկիր»ը ժամանակաւոր կամ կարճատեւ պիտի չըլլան։ Ասկէ զատ, իր ծառաները պիտի գոյատեւեն, անոնք իր առջեւ պիտի շարունակեն ‘կենալ’։ Իր ընտրեալ ժողովուրդին համար Աստուծոյ արդէն իսկ ըրած բաները վստահելու պատճառ կու տան մեզի։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները բրտօրէն հալածուած են, նոյնիսկ զանոնք բնաջնջելու խիստ ջանքեր թափուած են։ (Յովհաննու 16։2. Գործք 8։1) Սակայն, Հռովմէացի Կայսր Ներոնի եւ Ատոլֆ Հիթլէրի նման շատ զօրաւոր թշնամիներ, չեն կրցած արմատախիլ ընել Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները, որոնք իր անունը կը կրեն։ Աստուած իր ծառաներուն ժողովքը պահպանած է, եւ վստահ ենք որ ան պիտի շարունակէ զայն կանգուն պահել։

9 Նմանապէս, անոնք որոնք Աստուծոյ հաւատարիմ են, որպէս նոր երկրին՝ նոր աշխարհին մէջ ճշմարիտ երկրպագուներու ընկերութեան մէկ մասը, պիտի շարունակեն անհատապէս կանգուն մնալ, քանի որ ամէն բաներուն Արարիչին պաշտամունք կը մատուցանեն։ Այդ պաշտամունքը պարբերաբար կամ պատահականօրէն պիտի չմատուցանուի։ Մովսէսի միջոցաւ Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ օրէնքը ամէն ամիս՝ նոր լուսնին հետ նշուած, իսկ ամէն շաբաթ՝ Շաբաթ օրուան հետ նշուած պաշտամունքի որոշ արարքներ կը պահանջէր։ (Ղեւտացւոց 24։5-9. Թուոց 10։10. 28։9, 10. Բ. Մնացորդաց 2։4) Ուստի, Եսայեայ 66։23–րդ համարը կը նշէ թէ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքը շարունակական կամ յարատեւ պիտի ըլլայ, շաբաթէ շաբաթ եւ ամիսէ ամիս։ Անաստուածութիւնն ու կրօնական կեղծաւորութիւնը գոյութիւն պիտի չունենան այն ատեն։ ‘Բոլոր մարդիկը Եհովայի առջեւ երկրպագելու պիտի գան’։

10. Ինչո՞ւ կրնաք վստահ ըլլալ որ ամբարիշտները մնայուն վնաս պիտի չհասցնեն նոր աշխարհին։

10 Եսայեայ 66։24–ը երաշխիք կու տայ որ նոր երկրի խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը բնաւ պիտի չվտանգուին։ Ամբարիշտներ պիտի չքանդեն զայն։ Մի՛ մոռնաք որ Բ. Պետրոս 3։7–ն կ’ըսէ որ «դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» տակաւին մեր դիմաց է։ Ամբարիշտներն են որ վերջ պիտի գտնեն։ Անմեղներուն վնաս պիտի չհասնի, ինչպէս յաճախ կը պատահի մարդկային պատերազմներու ընթացքին, ուր քաղաքացիներ զինուորականներէն աւելի կորուստներ կ’ունենան։ Մեծ Դատաւորը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ ամբարիշտ մարդիկն են որ պիտի կործանին իր օրուան մէջ։

11. Ըստ Եսայիի, ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագան անոնց՝ որոնք Աստուծոյ ու անոր պաշտամունքին կ’ընդդիմանան։

11 Վերապրող արդար անհատները պիտի տեսնեն որ Աստուծոյ մարգարէական խօսքը շիտակ է։ 24–րդ համարը կը նախագուշակէ որ Եհովայի դէմ «ապստամբողներուն դիակները» իր դատաստանին որպէս ապացոյց պիտի ծառայեն։ Եսայիի գործածած պատկերալից լեզուն կրնայ ցնցիչ թուիլ, սակայն անիկա պատմական իրողութեան մը հետ կը համեմատի։ Հին Երուսաղէմի պարիսպներէն դուրս աղբանոց մը կար եւ պարբերաբար հոն կը նետուէին թաղուելու արժանի չեղող սպաննուած ոճրագործներուն դիակները։ * Հոն գտնուող որդերն ու կիզիչ կրակը շուտով կ’ոչնչացնէին թէ՛ աղբը եւ թէ այդ դիակները։ Եսայիի գործածած այս պատկերը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ Եհովայի դատաստանին վերջնական գործադրութիւնը յանցագործներուն վրայ։

Ի՛նչ Խոստացած Է

12. Եսայի ի՞նչ յաւելեալ տեղեկութիւններ կու տայ նոր աշխարհին մէջ ըլլալիք կեանքին մասին։

12 Յայտնութիւն 21։4–ը մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ բաներ գոյութիւն պիտի չունենան մօտալուտ նոր դրութեան մէջ։ Բայց ի՞նչ գոյութիւն պիտի ունենայ այն ատեն։ Հոն կեանքը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։ Կրնա՞նք այս մասին որեւէ վստահելի կարծիք կազմել։ Այո, արդարեւ։ Եսայեայ 65–րդ գլուխը մարգարէականօրէն կը նկարագրէ այն վիճակները, զորս պիտի վայելենք, եթէ ապրելու համար Եհովայի հաւանութիւնը ունենանք, երբ ան վերջնական առումով կը ստեղծէ այս նոր երկինքն ու նոր երկիրը։ Անոնք որոնք նոր երկրին մէջ մնայուն տեղ մը ունենալու օրհնութիւնը պիտի վայելեն, պիտի չծերանան ու անխուսափելիօրէն մեռնին։ Եսայեայ 65։20–ը հետեւեալ երաշխիքը կու տայ մեզի. «Հոն անգամ մըն ալ՝ քիչ օր ապրող տղայ, կամ օրերը չլեցուած ծեր պիտի չըլլայ, քանզի երիտասարդը հարիւր տարեկան պիտի մեռնի եւ հարիւր տարեկան մեղաւորը անէծքի պիտի հանդիպի»։

13. Եսայեայ 65։20–ը ի՞նչպէս մեզ կը վստահեցնէ որ Աստուծոյ ժողովուրդը ապահովութիւն պիտի ունենայ։

13 Երբ ասիկա առաջին անգամ կատարուեցաւ Եսայիի ժողովուրդին վրայ, կը նշանակէր որ այդ երկրին մանուկները ապահով էին։ Ոեւէ թշնամի պիտի չներխուժէր՝ կաթնկերները տարագրելու, եւ տղամարդիկը իրենց մատղաշ հասակին մէջ մեռցնելու համար, ինչպէս ատենօք ըրած էին Բաբելոնացիները։ (Բ. Մնացորդաց 36։17, 20) Մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ, մարդիկ անվտանգ ու ապահով պիտի ըլլան, եւ կեանքը պիտի կարենան վայելել։ Եթէ անհատ մը ընտրէ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալ, թոյլ պիտի չտրուի որ ան իր կեանքը շարունակէ։ Աստուած զինք պիտի ոչնչացնէ։ Ի՞սկ եթէ մեղանչողը հարիւր տարեկան ըլլայ. . . ։ Ան փոխանակ անվերջ կեանք մը ապրելու, «երիտասարդ» վիճակի մէջ պիտի մեռնի։—Ա. Տիմոթէոս 1։19, 20. Բ. Տիմոթէոս 2։16-19

14, 15. Եսայեայ 65։21, 22–ի վրայ հիմնուելով, ի՞նչ վարձահատոյց գործունէութիւններ կրնաք ակնկալել։

14 Փոխանակ յօժարակամ մեղաւորին ինչպէս ոչնչացուելուն հարցին վրայ ծանրանալու, Եսային կը նկարագրէ նոր աշխարհին մէջ գոյութիւն ունենալիք կեանքի պայմանները։ Փորձեցէք դուք ձեզ այս տեսարանին մէջ դնել։ Ձեր մտքի աչքերով նախ կը տեսնէք անմիջականօրէն ձեզ հետաքրքրող բաները։ Եսային հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ 21 եւ 22–րդ համարներուն մէջ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն»։

15 Եթէ շինարարութեան մէջ փորձառութիւն չունիք, կամ բնաւ պարտիզպանութիւն ըրած չէք, Եսայիի մարգարէութիւնը կրնայ նշանակել որ ուսուցում մը կը սպասէ ձեզի։ Պիտի ուզէի՞ք որ կարող ու փորձառու ուսուցիչներ սորվեցնէին ձեզի, կամ թերեւս ազնիւ դրացիներ՝ ուրախութեամբ օգնական ձեռք մը երկարէին ձեզի։ Եսայի չ’ըսեր թէ ձեր տունը արեւակալ ունեցող առանց ապակիի պատուհաննե՞ր պիտի ունենայ՝ որպէսզի զով զեփիւռը վայելէք, թէ՝ ապակիով գոցուած պատուհաններ, որոնց ետեւէն եղանակներուն փոխուիլը կարենաք դիտել։ Ձեր տան երդիքը թեքուա՞ծ պիտի ընէք, որպէսզի անձրեւն ու ձիւնը թափի. թէ տեղւոյն կլիման պիտի թելադրէ տափակ երդիք մը, ինչպէս կը տեսնենք Միջին Արեւելքի մէջ, ուր կրնաք ձեր ընտանիքին հետ հաճելի ճաշեր եւ խօսակցութիւններ վայելել։—Բ. Օրինաց 22։8. Նէեմեայ 8։16

16. Ինչո՞ւ կրնաք ակնկալել որ նոր աշխարհը տեւական գոհացուցիչ ըլլայ։

16 Այսպիսի մանրամասնութիւններէն շատ աւելի կարեւոր է գիտնալ թէ ձեր անձնական բնակարանը պիտի ունենաք։ Անիկա ձերը պիտի ըլլայ. հիմակուան պէս պիտի չըլլայ՝ դուք չարչարուիք զայն շինելու համար, բայց ուրիշ մը անկէ օգտուի։ Եսայեայ 65։21–ը կ’ըսէ նաեւ թէ պիտի տնկէք ու անոնց պտուղը պիտի ուտէք։ Բացայայտօրէն, անիկա ընդհանուր կացութիւնը կ’ամփոփէ. ձեր թափած ջանքերէն, ձեր գործի պտուղէն մեծ գոհունակութիւն պիտի ստանաք։ Իսկ ասիկա «ծառի օրերու չափ» երկա՜ր կեանքի տեւողութեան պիտի կարենաք ընել։ Ասիկա իրապէս կը յարմարի՝ «ամէն բան նոր» ըլլալու նկարագրութեան։—Սաղմոս 92։12-14

17. Ծնողներ ո՞ր խոստումները մասնաւորաբար սրտապնդիչ պիտի գտնեն։

17 Եթէ ծնող մըն էք, հետեւեալ խօսքերը ձեր սրտին պիտի դպչին։ «Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին. քանզի անոնք Տէրոջը օրհնածներուն սերունդն են ու իրենց հետ իրենց զաւակներն ալ։ Անոնք դեռ չկանչած՝ պատասխան պիտի տամ, մինչ կը խօսին՝ պիտի լսեմ»։ (Եսայեայ 65։23, 24) ‘Դժբաղդութեան համար տղաքներ ծնած’ ըլլալու ցաւը փորձառաբար զգացա՞ծ էք։ Հարկ չկայ թուել զաւակներուն ունեցած այլազան դժուարութիւնները, որոնք կ’անհանգստացնեն ծնողներն եւ ուրիշները։ Իսկ բոլորս ալ տեսած ենք ծնողներ, որոնք ա՛յնքան զբաղած են իրենց գործի ասպարէզով, գործունէութիւններով կամ հաճոյքներով, որ իրենց զաւակներուն համար շատ քիչ ժամանակ, կամ անոնց հանդէպ շատ քիչ հետաքրքրութիւն ունին։ Ասոր հակառակը, Եհովա մեզի երաշխիք կու տայ որ մեր կարիքներուն ականջ պիտի տայ եւ անոնց պիտի ընդառաջէ, առաջ որ իրմէ խնդրենք։

18. Ինչո՞ւ կրնաք նոր աշխարհին մէջ անասուններուն հետ հաճելի ժամանակ անցընելու ակնկալութիւնը ունենալ։

18 Մինչ կը մտածէք նոր աշխարհին մէջ ձեր վայելելիք բաներուն մասին, Աստուծոյ մարգարէական խօսքին մէջ ներկայացուած տեսարանը մտապատկերացուցէք. «‘Գայլն ու գառը մէկտեղ պիտի արածին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ։ Օձին կերակուրը հող պիտի ըլլայ։ Անոնք իմ սուրբ լերանս մէջ պիտի չվնասեն ու պիտի չապականեն’, կ’ըսէ Տէրը»։ (Եսայեայ 65։25) Մարդկային արուեստագէտներ փորձած են այս տեսարանը նկարել, բայց հոս նկարագրուածը արուեստագէտի մը երեւակայութեան արդիւնքը չէ։ Ասիկա իրական պիտի ըլլայ։ Մարդոց մէջ խաղաղութիւն պիտի տիրէ եւ ասիկա անասուններու հետ խաղաղութիւն ունենալու պիտի նպաստէ։ Բազմաթիւ կենսաբաններ եւ անասունի սիրահարներ իրենց կեանքին լաւագոյն տարիները կը վատնեն քանի մը տեսակ անասուն, երբեմն ալ միայն մէկ ենթաբաժանում կամ տեսակ, ուսումնասիրելով։ Ասոր հակառակը, խորհեցէք թէ ո՛րքան բան կրնաք սորվիլ, երբ անասունները մարդոց վախով կաշկանդուած չըլլան։ Այն ատեն, նոյնիսկ անտառներու կամ պուրակներու մէջ բոյն դրած թռչուններուն եւ շատ փոքր արարածներուն պիտի կարենաք մօտենալ, զանոնք դիտել, անոնցմէ սորվիլ եւ անոնց հետ խաղալ։ (Յոբայ 12։7-9) Այս բոլորը ամենայն ապահովութեամբ պիտի կարենաք ընել, մարդոց կամ անասուններու կողմէ առանց որեւէ վտանգի։ Եհովա կ’ըսէ. «Անոնք իմ սուրբ լերանս մէջ պիտի չվնասեն ու պիտի չապականեն»։ Անիկա ներկայիս մեր տեսած ու ապրած բաներէն որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլայ։

19, 20. Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ մարդոց մեծամասնութենէն բոլորովին տարբեր են այսօր։

19 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, մարդիկ չեն կրնար ճշգրտօրէն գուշակել ապագան, հակառակ նոր հազարամեակին արթնցուցած համատարած մտավախութեան։ Ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ շատեր ընդվզին, շփոթին եւ նոյնիսկ յուսահատին։ Գանատական համալսարանի մը տնօրէնը՝ Փիթըր Էմպըրլի գրեց. «Բազմաթիւ [չափահասներ] ի վերջոյ առկայութեան հետ կապ ունեցող հիմնական հարցումներուն հետ դէմ յանդիման կու գան։ Ո՞վ եմ ես։ Իրապէս, ի՞նչ բանի համար կը պայքարիմ։ Յաջորդ սերունդին ի՞նչ կտակ կը ձգեմ։ Անոնք իրենց միջին տարիքին մէջ կը պայքարին, իրենց կեանքին մէջ կարգ ու կանոն եւ իմաստ մը ձեռք ձգելու համար»։

20 Կրնաք հասկնալ թէ ինչո՛ւ շատեր այս կացութեան մատնուած են։ Անոնք թերեւս իրենց նախասիրած զբաղումներով կամ հաճելի զբօսանքներով կը փորձեն կեանքը վայելել։ Սակայն չեն գիտեր թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ, ուստի անոնց համար կեանքը զուրկ է նշանակութենէ, կարգ ու կանոնէ, եւ իրական իմաստէ։ Այժմ մեր նկատի առած բաներուն լոյսին տակ, ասիկա բաղդատեցէք կեանքի հանդէպ ձեր ունեցած հայեացքին հետ։ Դուք գիտէք թէ Եհովայի խոստացած նոր երկնքին ու նոր երկրին մէջ, մեր շուրջը պիտի նայինք եւ երախտագէտ սրտով մը պիտի կարենանք ըսել՝ ‘Իրապէ՛ս Աստուած ամէն բան նոր ըրած է’։ Ի՜նչ հաճելի պիտի ըլլայ. . . ։

21. Եսայեայ 65։25–ի եւ Եսայեայ 11։9–ի մէջ հասարակաց ի՞նչ բան կը տեսնենք։

21 Յաւակնոտութիւն չէ մենք մեզ երեւակայել Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։ Ան մեզ կը հրաւիրէ, նոյնիսկ կը յորդորէ որ հիմա զինք ճշմարտութեամբ պաշտենք եւ որակելի ըլլանք այն կեանքին համար, երբ ‘իր սուրբ լերանը մէջ անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն’։ (Եսայեայ 65։25) Սակայն, գիտէի՞ք որ նախապէս Եսայի նոյնանման նկարագրութիւն մը ըրած է եւ թէ անոր մէջ յիշած է ազդակ մը որ շա՛տ կարեւոր է նոր աշխարհին մէջ ըլլալու համար։ Եսայեայ 11։9–ն կ’ըսէ. «Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։

22. Աստուածաշունչի չորս մարգարէութիւնները նկատի առնելը ի՞նչ ընելու մեր վճռակամութիւնը պիտի զօրացնէ։

22 «Տէրոջը գիտութիւն»ը։ Այո, երբ Աստուած ամէն բան նոր կ’ընէ, երկրի բնակիչները իրեն եւ իր կամքին մասին ճշգրիտ գիտութիւն պիտի ունենան։ Անիկա անասնական աշխարհին մասին գիտութիւն ստանալէն շատ աւելին՝ իր ներշնչեալ Խօսքը, պիտի պարփակէ։ Օրինակ, խորհեցէք որ «նոր երկինք ու նոր երկիր»ի մասին չորս մարգարէութիւները քննելով որքա՜ն բաներ տեսանք։ (Եսայեայ 65։17. 66։22. Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։1) Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու լաւ պատճառներ ունինք։ Անիկա ձեր առօրեային մաս կը կազմէ՞։ Եթէ ոչ, ի՞նչ բարեփոխութիւններ կրնաք ընել, որպէսզի ամէն օր Աստուծոյ ըսած բաներուն մասին որոշ տեղեկութիւն ստանաք։ Պիտի նկատէք որ նոր աշխարհ մը վայելելու ձեր ակնկալութենէն զատ, հիմա իսկ ձեր ուրախութիւնը պիտի աւելցնէք, սաղմոսերգուին նման։—Սաղմոս 1։1, 2

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Տեսնել՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր 1, էջ 906, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ինչո՞ւ կրնանք եզրակացնել որ Եսայեայ 66։22-24–ը տակաւին պատահելիք բաներ կը նախագուշակէ։

Եսայեայ 66։22-24 եւ Եսայեայ 65։20-25–ի մարգարէութիւններուն մէջ յիշուածներէն ո՞ր բաները յատկապէս անձկագին կը սպասէք։

• Ձեր ապագային նկատմամբ վստահ ըլլալու ի՞նչ պատճառներ ունիք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 15]

Եսային, Պետրոսը եւ Յովհաննէսը «նոր երկինք ու նոր երկիր»ի տարբեր երեսակներուն մասին նախագուշակեցին