Աստուածային ուսուցումին կառչեցէք
Աստուածային ուսուցումին կառչեցէք
«Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։—ԱՌԱԿԱՑ 3։5, 6
1. Ի՞նչպէս որեւէ ժամանակէ աւելի մարդկային գիտութեան ազդեցութեան ենթարկուած ենք։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ՝ համայն աշխարհի մէջ շուրջ 9,000 լրագիրներ շրջաբերութեան մէջ են։ Միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, ամէն տարի 200,000 նոր գրքեր լոյս կը տեսնեն։ Տուեալի մը համաձայն, 1998–ի Մարտին, մօտաւորապէս 275 միլիոն Ուէպի էջեր կային Ինթըրնէթի վրայ։ Կ’ըսուի որ այս թիւը ամիսը 20 միլիոն էջի համեմատութեամբ կ’աւելնայ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, մարդիկ որեւէ նիւթի շուրջ տեղեկութիւն ունենալու հնարաւորութիւնը ունին։ Մինչ այս կացութիւնը իր դրական երեսակները ունի, բայց տեղեկութեանց այս տարափը խնդիրներ ալ յարուցանած է։
2. Տեղեկութեանց տարափին հնարաւորութենէն ի՞նչ խնդիրներ կրնան յարուցուիլ։
2 Կարգ մը անհատներ տեղեկութեանց մոլին դարձած են, միշտ վերջնագոյն լուրերէն տեղեակ ըլլալու իրենց անյագ ցանկութիւնը յագեցնելով, մինչ անտեսելով աւելի կարեւոր բաները։ Ուրիշներ, գիտութեան խրթին դաշտին մէջ որոշ տեղեկութիւն ձեռք կը ձգեն, ապա իրենք զիրենք մասնագէտներու տեղ կը դնեն։ Իրենց ունեցած միայն սահմանափակ հասկացողութեան վրայ հիմնուելով, անոնք կրնան վճռական որոշումներ տալ, վնաս հասցնելով իրենք իրենց եւ ուրիշներուն։ Իսկ սուտ կամ անճշգրիտ տեղեկութեանց ենթարկուելու վտանգն ալ միշտ առկայ է։ Յաճախ վստահելի կերպ մը չկայ ստուգելու թէ տեղեկութեանց տարափը շիտակ կամ հաւասարակշռուած է։
3. Մարդկային իմաստութեան հետամուտ ըլլալու դէմ Աստուածաշունչին մէջ ի՞նչ ազդարարութիւններ կան։
3 Հետաքրքրութիւնը միշտ մարդկային բնոյթին մաս կազմած է։ Անօգուտ, կամ նոյնիսկ վնասակար տեղեկութեանց համար շատ ժամանակ վատնելուն վտանգներուն մասին տեղեակ էին Սողոմոն Թագաւորին օրերուն։ Ան ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, անոնցմէ խրատ ա՛ռ։ Շատ գիրք շինելը ծայր չունի ու շատ կարդալը մարմինը կը յոգնեցնէ»։ (Ժողովողի 12։12) Դարեր ետք, Պօղոս առաքեալ ըսաւ Տիմոթէոսի. «Քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ։ Մէկ քանիները զանոնք դաւանելով՝ հաւատքէն մոլորեցան»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։20, 21) Այո, Քրիստոնեաները պէտք է խուսափին անհարկի գաղափարներու ենթարկուելէ։
4. Եհովայի եւ իր ուսուցումներուն հանդէպ վստահութիւն ցոյց տալու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։
4 Աստուծոյ ծառաները Առակաց 3։5, 6–ի խօսքերուն ալ պէտք է ուշադրութիւն ընծայեն. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Եհովայի ապաւինիլը կը ներփակէ Աստուծոյ Խօսքին հակասող որեւէ գաղափար մերժել, անիկա մեր տրամաբանութեան պտուղը ըլլայ, թէ՝ ուրիշին։ Մեր հոգեւորականութիւնը պաշտպանելու համար, կենսական է որ մեր ըմբռնելու կարողութիւնը մարզենք, որպէսզի կարենանք վնասակար տեղեկութիւնները բնորոշել եւ անոնցմէ հեռու կենալ։ (Եբրայեցիս 5։14) Հիմա այսպիսի տեղեկութեան կարգ մը աղբիւրներու մասին խօսինք։
Սատանայի Կողմէ Գերիշխուած Աշխարհ մը
5. Վնասակար գաղափարներու աղբիւրներէն մէկը ի՞նչ է, եւ անոր ետին ո՞վ կը գտնուի։
5 Ներկայ աշխարհը վնասակար գաղափարներու զեղուն աղբիւր մըն է։ (Ա. Կորնթացիս ) Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն մասին Աստուծոյ աղօթեց. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես»։ ( 3։19Յովհաննու 17։15) Իր աշակերտները «չարէն» պաշտպանուելու մասին Յիսուսի խնդրանքը ինքնին կը հաստատէր այս աշխարհի վրայ Սատանայի ունեցած ազդեցութիւնը։ Մեր Քրիստոնեայ ըլլալը ինքնաբերաբար չի պաշտպաներ մեզ այս աշխարհի գէշ ազդեցութիւններէն։ Յովհաննէս գրեց. «Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Մասնաւորաբար վերջին օրերու այս վերջին մասին մէջ, պէտք է ակնկալենք որ Սատանան աշխարհը վնասակար տեղեկութիւններով ողողէ։
6. Ժամանցի աշխարհը ի՞նչպէս բարոյական անզգայութիւն կրնայ պատճառել։
6 Պէտք է ակնկալենք նաեւ, որ այս վնասակար տեղեկութիւններէն ոմանք անվնաս թուին։ (Բ. Կորնթացիս 11։14) Նկատի առէք, զոր օրինակ, ժամանցի աշխարհը իր հեռատեսիլի ներկայացումներով, շարժապատկերներով, երաժշտութեամբ եւ տպուած էջերով։ Շատեր կը համաձայնին որ հետզհետէ աւելի առիթներով, կարգ մը տեսակի ժամանցներ նուաստացուցիչ սովորութիւններ կը քաջալերեն, ինչպէս՝ անբարոյութիւն, բռնութիւն եւ թմրամոլութիւն։ Կրնայ ըլլալ որ երբ առաջին անգամ դէմ յանդիման գան այսպիսի ստորնացուցիչ ժամանցի մը հետ, հանդիսատեսներ վրդովին իրենց տեսածով։ Սակայն անոր յաճախականութիւնը կրնայ զիրենք անզգայ դարձնել։ Վնասակար գաղափարներ քաջալերող ժամանցները բնա՛ւ պէտք չէ ընդունելի կամ անվնաս նկատել։—Սաղմոս 119։37
7. Մարդկային ի՞նչպիսի իմաստութիւն Աստուածաշունչի հանդէպ մեր վստահութիւնը կրնայ քայքայել։
7 Նկատի առէք վնաս հասցնելու հնարաւորութիւն ունեցող տեղեկութեան ուրիշ աղբիւր մը. Աստուածաշունչի վաւերականութիւնը հարցի տակ դնող կարգ մը գիտնականներու եւ ուսումնականներու կողմէ հրատարակուած գաղափարներու տարափը։ (Համեմատել՝ Յակոբու 3։15) Այսպիսի նիւթեր յաճախ լոյս կը տեսնեն հանրածանօթ պարբերաթերթերու եւ ժողովրդական գրքերու մէջ եւ անոնք Աստուածաշունչի վրայ անհատին ունեցած վստահութիւնը կը քայքայեն։ Ոմանք իրենց անվերջ ենթադրութիւններով Աստուծոյ Խօսքին հեղինակութիւնը տկարացնելով՝ հպարտութիւն կը զգան։ Առաքեալներուն օրերուն ալ նման վտանգ մը գոյութիւն ունէր, ինչպէս կը տեսնուի Պօղոս առաքեալի խօսքերէն. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս»։—Կողոսացիս 2։8
Ճշմարտութեան Թշնամիներ
8, 9. Ներկայիս հաւատուրացութիւնը ի՞նչպէս ի յայտ եկած է։
8 Հաւատուրացները մեր հոգեւորականութեան սպառնացող ուրիշ վտանգ մըն են։ Պօղոս առաքեալ նախագուշակեց որ անուանական Քրիստոնեաներուն մէջ հաւատուրացութիւն պիտի յայտնուէր։ (Գործք 20։29, 30. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3) Առ ի կատարում իր խօսքերուն, առաքեալներուն մահուընէ ետք մեծ հաւատուրացութիւն մը Քրիստոնեայ Աշխարհի զարգացման առաջնորդեց։ Ներկայիս մեծ հաւատուրացութիւն գոյութիւն չունի Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։ Այսուհանդերձ, կարգ մը անհատներ մեր շարքերը ձգած են եւ անոնցմէ ոմանք վճռած են Եհովայի Վկաները վատաբանել՝ սուտեր եւ սխալ տեղեկութիւն տարածելով։ Ոմանք մաքուր պաշտամունքին ընդդիմացող ուրիշ խումբերու հետ կ’աշխատին։ Այսպէս ընելով, անոնք առաջին հաւատուրացին՝ Սատանային, կողմը դիրք կը բռնեն։
9 Կարգ մը հաւատուրացներ Եհովայի Վկաներու մասին սուտ տեղեկութիւններ տարածելու համար զանգուածային հաղորդակցութեան տարբեր կերպեր կը գործածեն։ Որպէս հետեւանք, երբ անկեղծ անհատներ մեր մասին հետազօտութիւններ ընեն, անոնք կրնան հաւատուրաց պրոպականդի վրայ իյնալ։ Նոյնիսկ կարգ մը Վկաներ անգիտակցաբար իրենք զիրենք այս վնասակար նիւթերուն ենթարկած են։ Յաւելեալ ըլլալով, հաւատուրացներ պարբերաբար ելոյթներ կ’ունենան հեռատեսիլի կամ ձայնասփիւռի յայտագիրներէն։ Այս բոլորին ի տես, ո՞րն է իմաստուն ընթացքը։
10. Հաւատուրաց պրոպականդին ի՞նչպէս կրնանք իմաստուն կերպով հակազդել։
10 Յովհաննէս առաքեալ Քրիստոնեաներուն խրատ տուաւ որ հաւատուրացները իրենց տունը չընդունին։ Ան գրեց. «Եթէ մէկը ձեզի գայ ու այս վարդապետութիւնը չբերէ, զանիկա տուներնիդ մի՛ ընդունիք եւ անոր բարեւ մի՛ տաք։ Քանզի ով որ բարեւ տայ, անոր չար գործերուն հաղորդակից կ’ըլլայ»։ (Բ. Յովհաննու 10, 11) Այս հակառակորդներուն հետ որեւէ շփումէ խուսափիլը մեզ պիտի պաշտպանէ իրենց ապականած մտածելակերպէն։ Հաղորդակցութեան արդի որեւէ միջոցով մենք մեզ հաւատուրաց ուսուցումներու ենթարկելը նոյնքան վնասաբեր է, որքան հաւատուրացը ուղղակի մեր տուներուն մէջ ընդունիլը։ Բնա՛ւ թոյլ պէտք չէ տանք որ հետաքրքրութիւնը այսպիսի աղիտալի ընթացքի մը մէջ քաշէ մեզ։—Առակաց 22։3
Ժողովքին Մէջ
11, 12. (ա) Առաջին դարու ժողովքին մէջ, վնասակար գաղափարներու աղբիւրներէն մէկը ի՞նչ էր։ (բ) Կարգ մը Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս աստուածային ուսուցումներուն կառչելու մէջ թերացան։
11 Տակաւին վնասակար գաղափարներու ուրիշ հաւանական աղբիւր մըն ալ նկատի առէք։ Առանց ստութիւն սորվեցնելու մտադրութիւն ունենալու, նուիրուած Քրիստոնեայ մը անխոհեմաբար խօսելու սովորութիւն մը կրնայ զարգացնել։ (Առակաց 12։18) Մեր անկատար բնոյթին պատճառաւ, բոլորս ալ երբեմն մեր լեզուով կը մեղանչենք։ (Առակաց 10։19. Յակոբու 3։8) Ակներեւաբար, Պօղոս առաքեալի օրերուն, ժողովքին մէջ կային ոմանք որոնք իրենց լեզուն չէին սանձեր եւ խօսքերու վրայ անիմաստ վիճաբանութիւններ կ’ընէին։ (Ա. Տիմոթէոս 2։8) Իսկ կային ուրիշներ, որոնք շատ մեծ համարում ունէին իրենց անձնական կարծիքին վրայ. անոնք մինչեւ իսկ Պօղոսի հեղինակութիւնը առարկելու աստիճան յառաջ գացած էին։ (Բ. Կորնթացիս 10։10-12) Այսպիսի հոգի մը անպէտ բախումներ կը յառաջացնէր։
12 Երբեմն, այսպիսի տարակարծութիւններ բուռն «զրաբանութիւններ»ու կը վերածուին, ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարելով։ (Ա. Տիմոթէոս 6։4, 5. Գաղատացիս 5։15) Այսպիսի բանավէճերու դուռ բացողներուն մասին, Պօղոս գրեց. «Եթէ մէկը ուրիշ կերպ բան սորվեցնէ ու մտիկ չընէ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ողջամիտ խօսքերուն եւ այն վարդապետութեանը, որ աստուածպաշտութեան համաձայն է, այնպիսին հպարտացած է ու բան մը չի գիտեր, հապա վէճերով ու հակառակութիւններով ախտացած է. որոնցմէ կը յառաջանան նախանձ, կռիւ, հայհոյութիւններ, գէշ կասկածներ»։—Ա. Տիմոթէոս 6։3, 4
13. Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը ի՞նչպիսի վարք մը ունէր։
Յակոբու 1։27) Անոնք նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կը խուսափէին «չար ընկերակցութիւններ»է, իրենց հոգեւորականութիւնը պահպանելու համար։—Ա. Կորնթացիս 15։33. Բ. Տիմոթէոս 2։20, 21
13 Բարեբախտաբար, առաքելական ժամանակներուն Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը հաւատարիմ էին եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելու գործին վրայ կեդրոնացած մնացին։ Անոնք զբաղած էին ‘որբերուն ու որբեւարիներուն այցելելով, իրենց նեղութեան ատենը’ եւ իրենք զիրենք ‘անարատ պահելով աշխարհէն’։ (14. Եթէ ուշադիր չըլլանք, գաղափարներու բնական փոխանակումը ի՞նչպէս կրնայ վնասակար վիճաբանութիւններու վերածուիլ։
14 Ներկայիս ալ, Եհովայի Վկաներու ժողովքները չեն բնորոշուիր 11–րդ պարբերութեան մէջ նկարագրուած վիճակներով։ Այսուհանդերձ, լաւ է գիտակցիլ որ այսպիսի սին վիճաբանութիւններու հաւանականութիւնը առկայ է։ Անշուշտ, բնական է Աստուածաշունչի պատմութիւններուն մասին խօսիլ, կամ խոստացուած նոր աշխարհի երեւոյթներուն մասին հարց տալ, որոնք տակաւին անյայտ են։ Նաեւ սխալ չէ անձնական հարցերու շուրջ գաղափարներ փոխանակել, ինչպէս՝ հագուելու, զարդարուելու եւ ժամանցներու մասին։ Սակայն, եթէ մեր գաղափարներուն շուրջ կտրական ըլլանք եւ նեղուինք, երբ ուրիշներ մեզի հետ համաձայն չգտնուին, այդ պարագային չնչին հարցերու շուրջ ժողովքին մէջ կրնայ բաժանում յառաջանալ։ Անվնաս երեւցող աննշան խօսակցութիւն մը կրնայ իրապէս վնասաբեր դառնալ։
Մեր Աւանդը Պահենք
15. «Դեւերու ուսմունքներ»ը ո՞ր աստիճան կրնան հոգեւորապէս վնասել մեզ, եւ Սուրբ Գիրքը ի՞նչ խրատ կու տայ։
15 Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ. «Հոգին յայտնի կ’ըսէ թէ՝ վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1) Այո, վնասակար գաղափարներ իրական սպառնալիք մը կը հանդիսանան։ Հետեւաբար հասկնալի է որ Պօղոս իր սիրելի բարեկամին աղերսեց. «Ո՜վ Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ։ Մէկ քանիները զանոնք դաւանելով՝ հաւատքէն մոլորեցան»։—Ա. Տիմոթէոս 6։20, 21
16, 17. Աստուած ի՞նչ վստահած է մեզի, եւ ի՞նչպէս պէտք է պահպանենք զայն։
16 Այս սիրալիր ազդարարութենէն ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ ներկայիս։ Տիմոթէոսի աւանդ մը տրուած էր, արժէքաւոր բան մը, որու հոգ պէտք էր տանէր եւ զայն պաշտպանէր։ Ի՞նչ էր անիկա։ Պօղոս կը բացատրէ. «Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։ Այն բարի աւանդը պահէ Սուրբ Հոգիին ձեռքով, որ մեր մէջ բնակած է»։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13, 14) Այո, Տիմոթէոսի յանձնուած աւանդը կը պարփակէր «ողջամիտ խօսքեր», «այն վարդապետութիւնը, որ աստուածպաշտութեան համաձայն» է։ (Ա. Տիմոթէոս 6։3) Այս խօսքերուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, ներկայիս Քրիստոնեաները վճռած են իրենց հաւատքը եւ իրենց վստահուած ճշմարտութեան ամբողջութիւնը պաշտպանել։
17 Այդ աւանդը պահելը կը պարփակէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան լաւ յայտագիր մը մշակել եւ աղօթքի մէջ յարատեւել, մինչ «բարիք կ’ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղատացիս 6։10. Հռովմայեցիս 12։11-17) Պօղոս կը շարունակէ խրատել. «Գնա՛ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն։ Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ [«ամուր կառչէ», Անթիլիաս] յաւիտենական կեանքը՝ որուն կանչուեցար եւ շատ վկաներու առջեւ դաւանեցար բարի դաւանութիւնը»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11, 12) Պօղոսի գործածած՝ «պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը» եւ՝ «ամուր կառչէ» նախադասութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան որ պէտք է եռանդուն ու վճռական կերպով ընդդիմանանք հոգեւորապէս վնասակար եղող ազդեցութիւններու։
Ներատեսութեան Կարիքը
18. Աշխարհիկ տեղեկութիւններու մեր մօտեցումին մէջ ի՞նչպէս քրիստոնէական հաւասարակշռութիւն կրնանք ցուցաբերել։
18 Անշուշտ, հաւատքի բարի պատերազմը պատերազմելու Առակաց 2։11. Փիլիպպեցիս 1։9) Օրինակ, աշխարհիկ աղբիւրներէ եկած բոլոր տեղեկութիւնները անվստահելի նկատելը անտրամաբանական պիտի ըլլար։ (Փիլիպպեցիս 4։5. Յակոբու 3։17) Մարդկային բոլոր գաղափարներն ալ Աստուծոյ Խօսքին հետ հակասութեան մէջ չեն։ Յիսուս ակնարկում ըրաւ որ հիւանդները երթան որակելի բժիշկի մը, որ աշխարհիկ արհեստ մըն է։ (Ղուկաս 5։31) Հակառակ անոր որ Յիսուսի օրերուն բժշկութիւնը տակաւին իր նախնական փուլին մէջ էր, ան ընդունեց որ բժիշկի մը մատուցանած օգնութիւնը կրնար որոշ չափով օգտակար ըլլալ։ Ներկայիս Քրիստոնեաները աշխարհիկ տեղեկութիւններու հարցին մէջ հաւասարակշռութիւն կը պահեն, բայց կ’ընդդիմանան որեւէ տեղեկութեան որ զիրենք հոգեւորապէս վտանգի կրնայ ենթարկել։
համար ներատեսութեան կարիքը ունինք։ (19, 20. (ա) Երէցները ի՞նչպէս ներատեսութեամբ կը վարուին, երբ կ’օգնեն անմտօրէն խօսողներուն։ (բ) Ժողովքը ի՞նչ քայլ կ’առնէ անոնց հանդէպ որոնք սուտ ուսուցումներ կը տարածեն։
19 Երէցներն ալ ներատես պէտք է ըլլան, անմտօրէն խօսողներուն օգնելու ժամանակ։ (Բ. Տիմոթէոս 2։7) Երբեմն, ժողովքի անդամներ աննշան բաներու եւ ենթադրութիւններու շուրջ վէճերու կը բռնուին։ Ժողովքին միութիւնը պահպանելու համար, երէցները արագօրէն պէտք է խնդիրները շտկեն։ Միեւնոյն ատեն, անոնք իրենց եղբայրներուն սխալ շարժառիթներ վերագրելէն կը խուսափին եւ հապճեպով զանոնք հաւատուրացներ չեն նկատեր առանց կշռադատելու։
20 Պօղոս բացատրեց որ օգնութիւնը ի՛նչ հոգիով պէտք է տրուի։ Ան ըսաւ. «Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք»։ (Գաղատացիս 6։1) Մասնաւորաբար կասկածներու դէմ պայքարող Քրիստոնեաներուն մասին խօսելով, Յուդա գրեց. «Երկմիտներուն ողորմեցէ՛ք։ Եւ ոմանք վախով ազատեցէք՝ կրակէն յափշտակելով զանոնք»։ (Յուդա 22, 23) Անշուշտ, եթէ կրկին խրատելէ ետք անհատ մը շարունակէ սուտ ուսուցումներ տարածել, երէցները պէտք է վճռական քայլեր առնեն, ժողովքը պաշտպանելու համար։—Ա. Տիմոթէոս 1։20. Տիտոս 3։10, 11
Մեր Միտքը Լեցնենք Գովարժան Բաներով
21, 22. Ի՞նչ բանի նկատմամբ ընտրողական պէտք է ըլլանք եւ մեր սիրտը ի՞նչ բանով պէտք է լեցնենք։
21 Քրիստոնէական ժողովքը ‘քաղցկեղի պէս ճարակող’ վնասակար խօսքերէն կը զգուշանայ։ (Բ. Տիմոթէոս 2։16, 17. Տիտոս 3։9) Անոնք ըլլան աշխարհիկ մոլորեցուցիչ «իմաստութիւն» արտացոլացնող խօսքեր, հաւատուրացներու պրոպականդ, կամ ժողովքին մէջ անխոհեմ խօսակցութիւն։ Մինչ նոր բաներ սորվելու առողջ ցանկութիւն մը կրնայ օգտաւէտ ըլլալ, սակայն անսանձ հետաքրքրութիւնը մեզ վնասակար գաղափարներու կրնայ ենթարկել։ Մենք Սատանայի հնարքները գիտենք։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Գիտենք որ ան շատ մեծ ջանք կը թափէ մեր ուշադրութիւնը վրիպեցնելու համար, որպէսզի Աստուծոյ ծառայութեան մէջ դանդաղինք։
22 Որպէս լաւ քարոզիչներ, աստուածային ուսուցումին կառչած մնանք։ (Ա. Տիմոթէոս 4։6) Թող որ մեր ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք, մեր ընկալած տեղեկութիւններուն մէջ ընտրողական ըլլալով։ Այն ատեն դիւրութեամբ պիտի չսասանինք Սատանային կողմէ ներշնչուած պրոպականդէն։ Այո, շարունակենք նկատի առնել «ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ»։ Եթէ մեր միտքն ու սիրտը այսպիսի բաներով լեցնենք, խաղաղութեան Աստուածը մեզի հետ պիտի ըլլայ։—Փիլիպպեցիս 4։8, 9
Ի՞նչ սորվեցանք
• Աշխարհիկ իմաստութիւնը ի՞նչպէս կրնայ վտանգ մը սպառնալ մեր հոգեւորականութեան։
• Ի՞նչ կրնանք ընել մենք մեզ պաշտպանելու համար հաւատուրաց վնասակար ազդեցութիւններէն։
• Ժողովքին մէջ ի՞նչպիսի խօսակցութենէ պէտք է զգուշանանք։
• Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս հաւասարակշռութիւն ցոյց կու տայ, երբ ներկայ տեղեկութեանց տարափին հետ շփման մէջ գայ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 9]
Հանրածանօթ շատ մը պարբերաթերթեր եւ գիրքեր հակառակ են մեր քրիստոնէական արժէքներուն
[Նկար՝ էջ 10]
Քրիստոնեաները կրնան գաղափարի փոխանակումներ ունենալ՝ առանց կտրական ըլլալու