Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեցի՝ լիաժամ ծառայութեամբ

Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեցի՝ լիաժամ ծառայութեամբ

Կենսագրութիւն

Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեցի՝ լիաժամ ծառայութեամբ

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՍԹԷՆԼԻ Ի. ՌԷՅՆՈԼՏԶ–Ի ԿՈՂՄԷ

Ծնած եմ Լոնտոն, Անգլիա, 1910–ին։ Առաջին Աշխարհամարտէն ետք, ծնողքս փոխադրուեցան Ուիլթշայրի գիւղերէն մէկը, որ կը կոչուէր Ուէսթպըրի Լէյ։ Երբ տղեկ մըն էի, յաճախ ես ինծի հարց կու տայի՝ ‘Ո՞վ է Աստուած’։ Ոեւէ մէկը չէր կրցած պատասխանել ասոր։ Իսկ բնաւ չէի հասկնար թէ մեր համայնքը այդքան պզտիկ ըլլալով, ինչո՛ւ երկու մատուռի, ինչպէս նաեւ եկեղեցիի մը կարիքը ունէր Աստուած պաշտելու համար։

ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԸ սկսելէն չորս տարի առաջ՝ 1935–ին, կրտսեր եղբայրս՝ Տիգը եւ ես հեծանիւով Ուէյմութ գացինք, արձակուրդի համար Անգլիոյ հարաւային ծովափը բանակելու։ Մինչ մեր վրանին մէջ նստած տեղատարափ անձրեւին ձայնը մտիկ կ’ընէինք, եւ կը մտածէինք թէ ի՛նչ կրնայինք ընել, տարեց մարդ մը եկաւ եւ ինծի ներկայացուց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող երեք գրքեր. Աստուծոյ Քնարը, Լոյս Ա. եւ՝ Լոյս Բ.։ Զանոնք առի, ուրախանալով որ միօրինակութենէն դուրս պիտի գայի։ Շուտով ընթերցանութիւնովս յափշտակուեցայ, բայց այն ատեն չէի գիտեր թէ անիկա ամբողջովին պիտի փոխէր իմ կեանքս, ինչպէս նաեւ՝ եղբօրս կեանքը։

Երբ տուն վերադարձայ, մայրս ըսաւ որ մեր գիւղը ապրող Գէյթ Փարսընզն ալ նոյն տեսակի սուրբ գրային գրականութիւններ կը ցրուէր։ Ան հանրածանօթ էր, քանի որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին, պզտիկ մօթօրսիքլ–ով մը կ’այցելէր մեր տարտղնուած համայնքի մարդոց։ Գացի զինք տեսնելու. ան ուրախութեամբ ինծի տուաւ Ստեղծագործութիւն եւ Հարստութիւն գիրքերը, ինչպէս նաեւ Դիտարանի Ընկերութեան ուրիշ գրականութիւններ։ Ինծի ըսաւ նաեւ որ ինք Եհովայի Վկայ մըն էր։

Աստուածաշունչիս օգնութեամբ գրքերը կարդալէ ետք, գիտցայ որ Եհովան ճշմարիտ Աստուածն է եւ ուզեցի պաշտել զինք։ Ուստի մեր եկեղեցիին հրաժարագիր մը ղրկեցի եւ սկսայ Ճոն եւ Էլիս Մուտիի տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն մասնակցիլ։ Անոնք Ուէսթպըրի կ’ապրէին, մեզի մօտ եղող քաղաք մը։ Այդ ժողովներուն միայն եօթը հոգի էինք։ Ժողովներէն առաջ եւ վերջ, Գէյթ Փարսընզը բերնի երգեհոն կը նուագէր եւ մենք մեր ձայները ձգած Թագաւորութեան երգեր կ’երգէինք։

Սկիզբի Օրերը

Կը զգայի որ ծանրակշիռ ժամանակներու մէջ կ’ապրէինք, եւ Մատթէոս 24։14–ի մէջ մարգարէացուած քարոզչութեան մէջ մասնակցութիւն բերելու մեծ փափաք մը ունէի։ Ուստի ծխելը դադրեցուցի եւ պայուսակ մը գնեցի, եւ Հոյակապ Աստուծոյն՝ Եհովայի նուիրումս ըրի։

1936–ի Օգոստոսին, Ճոզէֆ Ռատըրֆորտ՝ Դիտարանի Ընկերութեան նախագահը Կլէսկօ, Սկովտիա կ’այցելէր, «Արմագեդոն» նիւթին մասին բանախօսելու համար։ Հակառակ անոր որ Կլէսկոն մօտաւորապէս 600 քմ. հեռու կը գտնուէր, որոշեցի երթալ եւ այդ համաժողովին մկրտուիլ։ Բաւարար դրամ չունէի, ուստի հեծանիւս շոգեկառքին վրայ դրած մինչեւ Գարլայլ գացի, սկովտիական սահմանին վրայ գտնուող քաղաք մը, եւ անկէ հեծանիւով 160 քմ. դէպի հիւսիս քշեցի։ Վերադարձն ալ գրեթէ հեծանիւով ըրի, ֆիզիքապէս սպառած, բայց հոգեւորապէս զօրացած։

Անկէ ետք, հաւատքս մօտակայ գիւղերու մէջ գտնուողներուն հետ բաժնելու համար, ամէն անգամ հեծանիւով կ’երթայի։ Այդ օրերուն, իւրաքանչիւր Վկայ՝ վկայութեան քարտ մը ունէր, սուրբ գրային պատգամով մը, որպէսզի տանտէրները կարդային։ Նաեւ, դիւրատար ֆոնոկրաֆներ կը գործածէինք, Ընկերութեան նախագահին սուրբ գրային դասախօսութիւնները լսել տալու համար։ Անշուշտ, միշտ պարբերաթերթերու պայուսակ * մըն ալ կը կրէինք, որ մեզ կը բնորոշէր որպէս Եհովայի Վկաներ։

Ռահվիրայութիւն՝ Պատերազմի Ժամանակ

Եղբայրս մկրտուեցաւ 1940–ին։ Երկրորդ Աշխարհամարտը սկսած էր 1939–ին եւ երկուքս ալ լիաժամ քարոզիչներ ըլլալու իղձը ունէինք։ Ուստի, ռահվիրայութեան դիմումնագիրը ներկայացուցինք։ Հրճուեցանք, երբ երկուքս ալ Պրիսթոլի ռահվիրայական տունը նշանակուեցանք, միանալով Էտիթ Փուլի,Պէրթ Ֆարմըրի, Թոմ եւ Տորոթի Պրիճի, Պէրնար Հոթընի եւ ուրիշ ռահվիրաներու, որոնց հաւատքին վրայ շատոնց կը հիանայինք։

Պզտիկ վէն մը, որու երկու կողմերը սեւ գիրերով «ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐ» գրուած էր, շուտով եկաւ ու մեզ առաւ։ Վարորդը Սթէնլի Ճոնզն էր, որ հետագային Չինաստանի մէջ միսիոնար եղաւ եւ որ իր քարոզչութեան համար հոն եօթը տարի բանտարկուեցաւ մեկուսացուած վիճակի մէջ։

Մինչ պատերազմը կը յառաջանար, հազուադէպօրէն գիշերային հանգիստ քուն մը կը քաշէինք։ Ռումբերը կ’իյնային մեր ռահվիրայական տան շուրջը եւ յարատեւաբար կը հսկէինք որ ռումբերուն պատճառաւ հրդեհ չյառաջանար։ Երեկոյ մը Պրիսթոլի կեդրոնէն մեկնեցանք, ուր 200 Վկաներով գեղեցիկ համաժողով մը ունեցած էինք, եւ մեր տան յարաբերական ապահովութիւնը գտանք հակաօդային ռումբի պատեաններու բեկորներու տարափին տակ։

Յաջորդ առաւօտ, ես եւ Տիգը քաղաք վերադարձանք հոն ձգուած բան մը առնելու համար։ Շշմեցա՛նք։ Պրիսթոլը սպանդանոց մը դարձած էր։ Քաղաքին ամբողջ կեդրոնը քանդուած ու այրուած էր։ Փարգ Սթրիթը, ուր մեր Թագաւորութեան Սրահը կը գտնուէր, աւերակներու մխացող կոյտի մը վերածուած էր։ Բայց ոեւէ Վկայ սպաննուած կամ վիրաւորուած չէր։ Բարեբախտաբար արդէն սուրբ գրային գրականութիւնները անկէ վերցուցած եւ ժողովքի անդամներուն տուներուն մէջ ցրուած էինք։ Այս երկու բաներուն համար Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեցինք։

Անսպասելի Ազատութիւն

Պրիսթոլի Ժողովքը, ուր որպէս վերակացու տեսուչ կը ծառայէի, 64 քարոզիչներու հասած էր, երբ ազգային ծառայութեան թուղթերս ստացայ։ Բազմաթիւ Վկաներ բանտ նետուած էին իրենց չէզոք կեցուածքին համար եւ ես կ’ակնկալէի որ իմ քարոզելու ազատութիւնս ալ կաշկանդուէր։ Իմ դատս տեսնուեցաւ Պրիսթոլի Ատեանին մէջ, ուր Եղբայր Էնթընի Պագ, նախկին բանտային պաշտօնեայ մը, զիս ներկայացուց։ Ան խիզախ, անվախ մարդ մըն էր, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը քաջարի պաշտպանող մը եւ իր լաւ ներկայացման որպէս արդիւնք, զինուորական ծառայութենէն ամբողջովին ազատ համարեցին զիս, պայմանա՛ւ որ լիաժամ քարոզչութիւնս շարունակէի։

Այս ազատութիւնը մեծապէս ուրախացուց զիս եւ որոշեցի զայն գործածել կարելի եղածին չափ շատ քարոզելով։ Երբ հեռաձայն մը ստացայ, որպէսզի Լոնտոնի մասնաճիւղը երթամ մասնաճիւղի տեսուչ Ալպըրթ Շրոտըրին հետ խօսակցելու համար, բնականաբար խորհեցայ թէ ի՛նչ վերապահուած էր ինծի։ Երեւակայեցէք զարմանքս, երբ ինծի հրաւէր տրուեցաւ որպէս ճամբորդող տեսուչ Եորքշայր երթալու, ամէն շաբաթ տարբեր ժողովք մը այցելելու, եղբայրներուն օգնելու ու քաջալերելու համար։ Ինքզինքս շա՛տ անատակ զգացի այսպիսի նշանակումի մը համար, բայց զինուորական ծառայութենէն զերծ ըլլալով երթալու արգելք չունէի։ Ուստի, Եհովայի տուած ուղղութիւնը ընդունեցի եւ սիրով գացի։

Ալպըրթ Շրոտըր Հատըրզֆիլտի մէջ համաժողովի ընթացքին զիս ներկայացուց եղբայրներուն, եւ 1941–ի Ապրիլին, նոր նշանակումիս ձեռնարկեցի։ Ի՜նչ ուրախութիւն էր այդ սիրելի եղբայրներուն հետ ծանօթանալ։ Անոնց սէրն ու ազնուութիւնը օգնեցին որ շատ աւելի գնահատեմ Եհովայի ժողովուրդը, որ ամբողջովին իրեն նուիրուած է եւ իրարու հանդէպ սէր ունին։—Յովհաննու 13։35

Ծառայութեան Յաւելեալ Առանձնաշնորհումներ

1941–ին անմոռանալի չորս օրուան համաժողով մը տեղի ունեցաւ Լէսթըրի Տը Մոնֆորդ Հոլին մէջ։ Հակառակ ուտելիքի օրաբաժնի բաշխումին եւ հանրային փոխադրամիջոցի սահմանափակ ըլլալուն, ներկաներուն թիւը Կիրակի օրը 12,000–ի բարձրացաւ. այդ ժամանակ երկրին մէջ Վկաներուն թիւը 11,000–ը հազիւ անց էր։ Ընկերութեան նախագահին ձայնագրուած դասախօսութիւնները սփռուեցան եւ Երախաներ գիրքը լոյս տեսաւ։ Այդ համաժողովը՝ որ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին տեղի ունեցաւ, վստահաբար Բրիտանիոյ Եհովայի ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ յատկանշելի եղաւ։

Այս համաժողովէն ճիշդ ետք, Լոնտոնի Պէթէլի ընտանիքին հետ ծառայելու հրաւէր ստացայ։ Հոն առաքումի եւ ծրարումի բաժնին մէջ, ապա՝ գրասենեակը աշխատեցայ, ժողովքներուն պատկան հարցերով զբաղելով։

Պէթէլի ընտանիքը մէկ կողմէն Լոնտոնի վրայ կատարուած գիշեր ցերեկ օդային յարձակումներու, իսկ միւս կողմէն հոն աշխատող պատասխանատու եղբայրներուն վրայ հեղինակութիւններու յարատեւ ստուգումին հետ, տագնապի մէջ էր։ Փրայս Հիյուզ, Եուըրթ Չիթի եւ Ֆրէնգ Բլաթ բոլորն ալ բանտ նետուեցան իրենց չէզոք կեցուածքին համար եւ վերջապէս Ալպըրթ Շրոտըրը Միացեալ Նահանգներ ղրկուեցաւ։ Հակառակ այս ճնշումներուն, ժողովքներուն եւ Թագաւորութեան շահերուն լաւ կերպով հոգ տարուեցաւ։

Դէ՛պի Գաղաադ

Երբ պատերազմը վերջ գտաւ 1945–ին, Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին մէջ միսիոնարական մարզում ստանալու համար դիմումնագիր ներկայացուցի եւ 1946–ին՝ ութերորդ դասարանը ընդունուեցայ։ Ընկերութիւնը կարգադրութիւն ըրած էր որ մեզմէ քանի մը հոգի, մէջը ըլլալով Թոնի Էթուուտը, Սթէնլի Ճոնզը, Հէրոլտ Գինկը, Տոն Ռէնտըլը եւ Սթէնլի Ուուտպըրնը Ֆաուի ձկնորսութեան նաւահանգիստի Գորնիշէն նաւով ճամբայ ելլէինք։ Այդ տեղի Վկաներէն մէկը չինական կաւ փոխադրող բեռնատար պզտիկ նաւու մը վրայ մեզի համար տեղ ապահոված էր։ Մեր սենեակը շատ խճողուած էր եւ տախտակամածը յաճախ՝ ողողուած։ Որքա՜ն հանգստացանք, երբ վերջապէս մուտքի նաւահանգիստը՝ Ֆիլատելֆիա հասանք։

Գաղաադի վայրը շատ գեղեցիկ էր Նիւ Եորքի հիւսիսը գտնուող Հարաւային Լէնսինկի մէջ, եւ այն մարզումը որ ստացայ հոն, շատ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ ինծի համար։ Մեր դասարանի աշակերտները 18 երկիրներէ եկած էին. առաջին անգամ ըլլալով Ընկերութիւնը կրցած էր այսքան շատ երկիրներէ օտար քարոզիչներ ցուցակագրել եւ բոլորս ալ մտերիմ բարեկամներ եղանք։ Մեծապէս վայելեցի սենեկակիցիս՝ Ֆինլանտացի Գալլէ Սալավարայի ընկերակցութիւնը։

Ժամանակը շատ արագ անցաւ եւ հինգ ամիսներու վերջաւորութեան, Ընկերութեան նախագահը՝ Նաթան Հ. Նոր, Պրուքլինի կեդրոնատեղիէն եկաւ մեր վկայականները բաշխելու եւ յայտնելու մեր նշանակումները։ Այդ օրերուն, աշակերտները իրենց նշանակումը կը գիտնային միայն աւարտահանդէսի ընթացքին։ Իմ նշանակումս եղաւ Լոնտոնի Պէթէլը վերադառնալ, գործս շարունակելու համար։

Լոնտոն Վերադարձ

Յետպատերազմեան տարիները դաժան էին Բրիտանիոյ մէջ։ Ուտելիքը եւ այլ անհրաժեշտութիւններ, թուղթն ալ ներառեալ, չափով կը բաժնուէին։ Բայց մենք կրցանք գոյատեւել եւ Եհովայի Թագաւորութեան շահերը բարգաւաճեցան։ Պէթէլի մէջ աշխատելէ զատ, նահանգային եւ շրջանային համաժողովներուն կը ծառայէի եւ ժողովքները կ’այցելէի, մէջը ըլլալով կարգ մը ժողովքներ Իրլանտայի մէջ։ Նաեւ առանձնաշնորհում մըն էր Էրիք Ֆրոսթի եւ Եւրոպայէն ուրիշ եղբայրներու ու քոյրերու հետ ծանօթանալ եւ անոնցմէ տեղեկանալ Նացի սարսռազդեցիկ կեդրոնացման ճամբարներու մէջ Վկայ հաւատակիցներուն ուղղամտութեան մասին։ Պէթէլի ծառայութիւնը արդարեւ մեծ առանձնաշնորհում մըն է։

Տասը տարիէ ի վեր կը ճանչնայի Ճոան Ուէպը, որ Լոնտոնի հիւսիսը, Ուաթֆորտի մէջ կը ծառայէր որպէս մասնաւոր ռահվիրայ։ 1952–ին ամուսնացանք։ Երկուքս ալ ուզեցինք լիաժամ ծառայութեան մէջ շարունակել, ուստի մեծապէս ուրախացանք, երբ Պէթէլը ձգելէս ետք շրջանային տեսուչ նշանակուեցայ։ Մեր առաջին շրջանը Անգլիոյ հարաւային ծովափն էր, Սասէգս եւ Հէմշայր։ Այդ օրերուն, շրջանային ծառայութիւնը հեշտ չէր։ Գլխաւորաբար օթօպիւսով, հեծանիւով կամ հետիոտն կը ճամբորդէինք։ Շատ ժողովքներ ընդարձակ գիւղական թաղամասեր ունէին, որոնց հասնիլը իրապէս դժուար էր, բայց Վկաներուն թիւը շարունակեց նոյն թափով աճիլ։

Նիւ Եորք Քաղաք՝ 1958–ին

1957–ին, Պէթէլէն ուրիշ հրաւէր մը ստացայ. «Կ’ուզե՞ս գրասենեակ գալ եւ 1958–ին Եանգի Սթէտիումի ու Նիւ Եորք Քաղաքի Փոլօ Կրաունտզի մօտալուտ միջազգային համաժողովին համար ճամբորդական կարգադրութիւնները ընել»։ Շատ չանցած, Ճոանը եւ ես Ընկերութեան վարձած օդանաւերուն եւ նաւերուն համար եղբայրներէն եկած դիմումնագիրներով կը զբաղէինք։ Ասիկա՝ Աստուածային Կամք Միջազգային հռչակաւոր Համաժողովը եղաւ, որու ներկայ եղաւ 253,922 հոգիներէ բաղկացած հոծ բազմութիւն մը։ Այդ համաժողովին 7,136 անհատներ իրենց նուիրումը խորհրդանշեցին մկրտութեամբ. Աստուածաշունչին մէջ տեղեկագրուած Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի պատմական առիթին մկրտուածներուն աւելի քան կրկինը։—Գործք 2։41

Ճոանը եւ ես բնա՛ւ պիտի չմոռնանք Եղբայր Նորին ազնուութիւնը, երբ անձնապէս մեզ հրաւիրեց որ համաժողովին ներկայ ըլլանք, 123 երկիրներէ Նիւ Եորք Քաղաք ժամանող պատուիրակներուն հոգ տանելու համար։ Երկուքիս համար, ասիկա ուրախ եւ գոհունակութիւն տուող փորձառութիւն մըն էր։

Լիաժամ Ծառայութեան Օրհնութիւններ

Վերադառնալէ ետք, ճամբորդական ծառայութիւնը շարունակեցինք մինչեւ որ առողջապահական խնդիրներ յարուցուեցան։ Ճոանը հիւանդանոց մտաւ եւ ես թեթեւ կաթուած մը ունեցայ։ Մասնաւոր ռահվիրաներու շարքերը անցանք, բայց հետագային առանձնաշնորհումը ունեցանք պարբերաբար դարձեալ շրջանի գործին մասնակցելու։ Ի վերջոյ Պրիսթոլ վերադարձանք, ուր լիաժամ ծառայութեան մէջ մնացինք։ Եղբայրս՝ Տիգը, իր ընտանիքով մեր մօտ կը բնակի եւ յաճախ անցեալը կը վերյիշենք։

1971–ին տեսողութիւնս անվերականգնելի կերպով վնասուեցաւ ցանցամաշկի պատռուածքով։ Անկէ ի վեր շատ դժուարութեամբ կը կարդամ, ուստի սուրբ գրային գրականութիւններու ձայնագրութիւնները Եհովայի հոյակապ կարգադրութիւնը կը նկատեմ։ Ճոանը եւ ես տակաւին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք եւ տարիներու ընթացքին առանձնաշնորհումը ունեցած ենք աւելի քան 40 անհատներու օգնելու որ ճշմարտութիւնը ճանչնան, մէջը ըլլալով եօթը անդամներէ բաղկացած ընտանիք մը։

Երբ՝ աւելի քան 60 տարիներ առաջ մեր կեանքը նուիրեցինք Եհովայի, մեր փափաքն էր լիաժամ ծառայութեան մէջ մտնել ու անոր մէջ մնալ։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ տակաւին Հոյակապ Եհովային ծառայելու ոյժ ունինք. ասիկա մեզի հանդէպ իր ցուցաբերած բարութեան եւ միասնաբար մեր անցուցած ուրախ տարիներուն համար իրեն շնորհակալութիւն յայտնելու միակ կերպն է։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Կտաւէ պայուսակ մը որ ուսէն կը կախուէր, Դիտարան եւ Մխիթարութիւն (հետագային՝ Զարթի՛ր) դնելու համար։

[Նկար՝ էջ 25]

Եղբօրս՝ Տիգի եւ ուրիշ ռահվիրաներու հետ (ծայրագոյն ձախին՝ Տիգը կայնած) Պրիսթոլի ռահվիրայական տան դիմաց

[Նկար՝ էջ 25]

Պրիսթոլի ռահվիրայական տունը՝ 1940–ին

[Նկարներ՝ էջ 26]

Սթէնլի եւ Ճոան Ռէյնոլտզ իրենց ամուսնութեան օրը, 12 Յունուար 1952–ին եւ՝ հիմա