Եհովան պատուող ուրախ հարսանիքներ
Եհովան պատուող ուրախ հարսանիքներ
Ուէլշ Եւ Էլթիա 1985–Ին Ամուսնացան, Սովեթոյի Մէջ, Հարաւային Ափրիկէ։ Ատեն–ատեն Իրենց Հարսանիքի Ալպոմը Կը Դիտեն Իրենց Աղջկան՝ Զինզիի Հետ Եւ Այդ Ուրախ Օրը Կը Վերապրին։ Զինզին Կը Սիրէ Հարսնիքի Հիւրերը Բնորոշել, Եւ Մասնաւորաբար Կը Սիրէ Շատ Գեղեցիկ Հագուած Իր Մօրը
Պատկերները։ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ սկսաւ Սովեթոյի համայնքի սրահներէն մէկուն մէջ տրուած ամուսնութեան դասախօսութեամբ մը։ Ապա, Քրիստոնեայ պատանիներէ բաղկացած երգչախումբ մը Աստուծոյ փառաբանութեան քառաձայն երգեր երգեց։ Անկէ ետք, հիւրերը Թագաւորութեան մեղեդիներու ձայներիզի մեղմ ունկնդրութեամբ՝ ճաշեցին։ Ոգելից ըմպելիներ չհրամցուեցան, ոչ ալ շատ բարձր երաժշտութիւն կամ՝ պար կար։ Փոխարէն, հիւրերը իրարու ընկերակցութիւնը վայելեցին եւ ամոլը շնորհաւորեցին։ Հանդիսութիւնը ընդամէնը երեք ժամ տեւեց։ «Հարսանիք մըն էր որ միշտ հաճելի յիշատակներ պիտի բերէ մտքիս մէջ», ըսաւ Ռէմոն, Քրիստոնեայ երէց մը։
Իրենց հարսնիքին ժամանակ, Ուէլշ եւ Էլթիա Դիտարանի Սուրբ Գրոց ու Թերթիկի Ընկերութեան Հարաւային Ափրիկէի մասնաճիւղին մէջ որպէս կամաւորներ կ’աշխատէին։ Անոնք միայն համեստ հարսանիք մը կրնային ընել։ Կարգ մը Քրիստոնեաներ լիաժամ ծառայութիւնը դադրեցուցած եւ աշխարհիկ գործ մը գտած են, մեծ խնամքով պատրաստուած հարսանիքի մը ծախսերը հոգալու համար։ Բայց, Ուէլշ եւ Էլթիա չեն զղջար որ համեստ հարսանիք մը ըրին, քանի որ անիկա թոյլ տուաւ որ շարունակեն որպէս լիաժամ քարոզիչներ Աստուծոյ ծառայել, մինչեւ Զինզիի ծնունդը։
Ի՞սկ եթէ զոյգը իր հարսնիքին համար նախընտրէ աշխարհիկ երաժշտութիւն եւ պար ունենալ։ Եթէ որոշեն գինի կամ այլ ոգելից ըմպելի մը հրամցնել։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ եթէ մեծ եւ փարթամ հարսանիք մը ընելու ի վիճակի են։ Ի՞նչպէս կրնան վստահ ըլլալ որ անիկա Աստուծոյ երկրպագուներուն յարմար եղող, ուրախ առիթ մը պիտի ըլլայ։ Այսպիսի հարցումներ լուրջ նկատողութեան արժանի են, քանի որ Աստուածաշունչը կը պատուիրէ. «Արդ՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք»։—Ա. Կորնթացիս 10։31
Խուսափիլ Անառակութենէ
Առանց ուրախութեան հարսանիք մը աներեւակայելի է։ Սակայն շատ աւելի մեծ վտանգ կայ միւս ծայրայեղութեան երթալով՝ անսանձ անառակութեան անձնատուր ըլլալու։ Վկայ չեղողներու շատ մը հարսանիքներուն Աստուած անպատուող բաներ տեղի կ’ունենան։ Օրինակ, գինովնալու աստիճան ոգելից ըմպելիի գործածութիւնը սովորական բան մըն է։ Դժբախտաբար, ասիկա նոյնիսկ պատահած է կարգ մը քրիստոնէական հարսանիքներու։
Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ թէ ‘ցքին՝ խռովարար է’։ (Առակաց 20։1, Արարատ) «Խռովարար» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կը նշանակէ՝ «բարձր աղմուկ հանել»։ Եթէ ոգելից ըմպելին մէկ անհատ կրնայ աղմկարար դարձնել, երեւակայեցէք թէ ի՛նչ կրնայ ընել, երբ մեծ թիւով անհատներ իրարու քով հաւաքուին եւ շատ խմեն։ Բացայայտ է որ այսպիսի առիթներ շատ շուտով կրնան վերածուիլ ‘գինովութիւններու, անառակութիւններու ու ինչ որ ասոնց նման են’, որոնք Աստուածաշունչին մէջ «մարմնին գործեր»ուն հետ դասուած են։ Այսպիսի սովորութիւններ չզղջացող անհատը անորակելի կը դարձնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ յաւիտենական կեանք ժառանգելու։—Գաղատացիս 5։19-21
Յունարէն «անառակութիւն» բառը գործածուած է նկարագրելու համար մեծ աղմուկով փողոցէն անցնող կէս գինով երիտասարդներ, որոնք
կ’երգեն, կը պարեն եւ կը նուագեն։ Եթէ հարսանիքի մը ոգելից ըմպելին ազատօրէն հոսի, եւ բարձր երաժշտութիւն ու սանձարձակ պար ըլլայ, իրապէս վտանգ կայ որ անիկա անառակութեան դառնայ։ Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ, տկարները կրնան հեշտութեամբ իյնալ փորձութեան մէջ, եւ մարմնի ուրիշ գործեր ընել, ինչպէս «շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն . . . [կամ] բարկութիւն»։ Ի՞նչ կարելի է ընել որ մարմնի այսպիսի գործեր քրիստոնէական հարսանիքի մը ուրախութիւնը չքանդեն։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, նայինք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ որոշ հարսանիքի մը մասին։Հարսանիք մը, Որու Յիսուս Ներկայ Գտնուեցաւ
Յիսուս եւ իր առաքեալները Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ հարսանիքի մը հրաւիրուեցան։ Անոնք հրաւէրը ընդունեցին եւ Յիսուս նոյնիսկ այդ առթիւ եղած ուրախութեան նպաստեց։ Երբ գինին պակսեցաւ, ան հրաշքով բարձրորակ յաւելեալ գինի արտադրեց։ Հարսանիքէն ետք աւելցածը անկասկած որոշ ժամանակ մը երախտապարտ փեսային եւ ընտանիքին կողմէ գործածուեցաւ։—Յովհաննու 2։3-11
Յիսուսի ներկայ գտնուած հարսանիքէն շատ դասեր կրնանք սորվիլ։ Նախ, Յիսուս եւ իր աշակերտները ամուսնական խրախճանքին ինքնակոչ հիւրեր չէին։ Աստուածաշունչը կը մասնաւորէ որ անոնք հրաւիրուած էին։ (Յովհաննու 2։1, 2) Նմանապէս, ամուսնական խրախճանքի մասին տրուած երկու օրինակներուն մէջ, Յիսուս կրկնակիօրէն խօսեցաւ հիւրերու մասին, որոնք որպէս հրաւիրեալներ հոն ներկայ էին։—Մատթէոս 22։2-4, 8, 9. Ղուկաս 14։8-10
Կարգ մը երկիրներուն մէջ, սովորութիւն է որ համայնքին բոլոր անդամները ազատ զգան հարսանեկան խրախճանքին մասնակցելու, հրաւիրուած ըլլան կամ ոչ։ Սակայն, ասիկա կրնայ նիւթական նեղութիւն պատճառել։ Զոյգ մը որ հարուստ չէ, կրնայ պարտքերու մէջ իյնալ, վստահ ըլլալու համար որ բաւարար ուտելիք ու խմելիք ըլլայ չափը չսահմանուած ամբոխի մը համար։ Հետեւաբար, եթէ Քրիստոնեայ զոյգ մը որոշէ սահմանափակ հրաւիրեալներով համեստ հարսանիք մը ընել, չհրաւիրուած Քրիստոնեայ հաւատակիցներ ասիկա պէտք է հասկնան ու յարգեն։ Մարդ մը որ ամուսնացաւ Քէյբ Թաունի մէջ, Հարաւային Ափրիկէ, կը յիշէ որ իր հարսանիքին 200 հոգի հրաւիրած էր։ Բայց 600 հոգի եկաւ եւ շուտով ուտելիքը պակսեցաւ։ Անկոչ հիւրերուն մէջ կային հարսանիքին շաբաթավերջը Քէյբ Թաուն զբօսաշրջիկութեան եկած օթոպիւս մը լեցուն այցելուներ։ Այս զբօսաշրջիկութեան օթոպիւսին վարորդը փեսային հեռաւոր մէկ ազգականն էր եւ խորհեցաւ որ իրաւունք ունէր ամբողջ խումբը իրեն հետ բերել, նոյնիսկ առա՛նց փեսային կամ հարսին կարծիքը առնելու։
Մինչեւ որ չըսուի թէ ընդունելութիւնը բաց է բոլորին համար, Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդ մը առանց հրաւիրուած ըլլալու պէտք չէ երթայ հարսանեկան ընդունելութեան մը եւ հրաւիրեալներուն համար հայթայթուած ուտելիքին ու խմելիքին մասնակցի։ Անոնք որոնք առանց հրաւիրուելու երթալու հակումը ունին, իրենք իրենց պէտք է հարցնեն. ‘Այս հարսանեկան խրախճանքին երթալս, նոր ամուսնացեալ զոյգին հանդէպ սիրոյ պակաս ցոյց չի՞ տար։ Նեղութիւն պատճառելով առիթին ուրախութիւնը պիտի չխանգարե՞մ’։ Փոխանակ վիրաւորուելու որ ինք հրաւիրուած չէ, հասկացող Քրիստոնեայ մը կրնայ սիրալիր պատգամ մը ղրկել, շնորհաւորելով զոյգը ու Եհովայի օրհնութիւնը մաղթել։ Ան նաեւ կրնայ զոյգին օգնելու մասին մտածել, անոր նուէր մը ղրկելով, իրենց հարսանեկան օրուան ուրախութեան նպաստելու համար։—Ժողովողի 7։9. Եփեսացիս 4։28
Ո՞վ Պատասխանատու Է
Ափրիկէի կարգ մը մասերուն մէջ, սովորութիւն է որ տարեց ազգականներ ստանձնեն հարսանեկան կարգադրութիւնները։ Զոյգեր կրնան շնորհակալ ըլլալ ասոր համար, քանի որ անիկա զիրենք կը խնայէ նիւթական պարտաւորութիւններէ։ Անոնք կրնան խորհիլ որ իրենք պատասխանատու չեն հոն պատահած որեւէ՛ բանի։ Սակայն, ազգականներու լաւ միտումով մատուցանած որեւէ օգնութիւն ընդունելէ առաջ, զոյգ մը պէտք է վստահ ըլլայ որ իր անձնական փափաքները նկատի պիտի առնուին։
Թէեւ Յիսուս Աստուծոյ Որդի էր, որ «երկնքէն իջած» էր, որեւէ մատնանշում չկայ որ ինք Կանայի հարսանիքը ձեռք առաւ եւ անոր շատ մը հարցերը կարգադրեց։ (Յովհաննու 6։41) Հապա, Աստուածաշունչի պատմութիւնը կ’ըսէ որ ուրիշ մէկը որոշուած էր որպէս «սեղանապետ»։ (Յովհաննու 2։8) Այս մարդը իր կարգին, համարատու էր նոր ընտանիքի գլուխին, այսինքն՝ փեսային։—Յովհաննու 2։9, 10
Քրիստոնեայ ազգականներ պէտք է յարգեն Աստուծոյ կողմէ նշանակուած նոր ընտանիքի գլուխը։ Կողոսացիս 3։18-20) Ինք պատասխանատու է իր հարսնիքին պատահած բաներուն։ Բնականաբար, փեսայ մը տրամաբանական պէտք է ըլլայ, եւ եթէ կարելի է, իր հարսին, իր ընտանիքին եւ խնամիներուն փափաքներուն համակերպի։ Սակայն, եթէ ազգականներ պնդեն ամոլին փափաքներուն հակառակ կարգադրել հարցերը, այդ պարագային զոյգը կրնայ ազնուութեամբ մերժել իրենց առաջարկած օգնութիւնը եւ իրենց համեստ հարսանիքին ծախսերը հոգալ։ Այս կերպով, բան մը պիտի չպատահի որ անհաճելի յիշատակներ ձգէ ամոլին։ Օրինակ, Ափրիկէի մէջ քրիստոնէական հարսանիքի մը ընթացքին, անհաւատ ազգական մը որ հանդիսութեան թամատանն էր, մեռած նախնիքներու կենաց առաջարկեց։
(Երբեմն, ամուսնացեալ զոյգը հարսանիքը աւարտելէ առաջ մեղրալուսնի համար կը մեկնի։ Այդ պարագային, փեսան պէտք է պատասխանատուներ դնէ, վստահ ըլլալու համար որ սուրբ գրային չափանիշներ պիտի պահուին եւ հանդիսութիւնը տրամաբանական ժամու մը պիտի վերջանայ։
Բծախնդիր Ծրագրում եւ Հաւասարակշռութիւն
Ակներեւաբար, Յիսուսի ներկայ գտնուած հարսանիքին առատ համադամ ուտելիք կար, քանի որ Աստուածաշունչը զայն կը նկարագրէ որպէս հարսանեկան խնճոյք։ Ինչպէս նշուած էր, առատ գինի ալ կար։ Անկասկած, յարմար երաժշտութիւն եւ պատուարժան պարեր կային, քանի որ ասոնք հրէական ընկերային կեանքին մէջ սովորական բաներ էին։ Յիսուս ասիկա ցոյց տուաւ, անառակ որդիի իր հռչակաւոր առակին մէջ։ Այդ պատմութեան հարուստ հայրը այնքան ուրախացաւ իր զաւկին վերադարձին համար, որ ըսաւ. «Ուտենք եւ ուրախ ըլլանք»։ Յիսուսի համաձայն, տօնախմբութեան մէջ կար «նուագարաններու եւ պարերու ձայն»։—Ղուկաս 15։23, 25
Հետաքրքրականօրէն, սակայն, Աստուածաշունչը Կանայի հարսանիքին կապակցաբար մասնայատուկ կերպով երաժշտութեան եւ պարի ակնարկութիւն չ’ըներ։ Արդարեւ, հարսանիքի մասին Աստուածաշունչի որեւէ պատմութեան մէջ պարի ակնարկում եղած չէ։ Այնպէս կ’երեւնայ թէ Աստուածաշունչի ժամանակներու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն մէջ պարը պատահական բան մըն էր եւ ո՛չ թէ իրենց հարսանիքին գլխաւոր երեսակը։ Ասկէ բան մը կրնա՞նք սորվիլ։
Ափրիկէի մէջ, քրիստոնէական կարգ մը հարսանիքներուն էլէքթրոնիք զօրաւոր ձայնային սարք կը գործածուի։ Երաժշտութիւնը ա՛յնքան բարձր կ’ըլլայ որ հիւրերը հանգիստ կերպով չեն կրնար իրարու հետ խօսակցիլ։ Երբեմն ուտելիքի բացայայտ պակաս կ’ըլլայ, բայց ոչ՝ պարի, որ դիւրութեամբ անսանձ կը դառնայ։ Փոխանակ հարսանեկան խնճոյք մը ըլլալու, այսպիսի առիթներ պարի երեկոյթի վերածուելու համար պատրուակ մը կրնան ըլլալ։ Ասկէ զատ, բարձր երաժշտութիւնը յաճախ խռովարարներ կը հրապուրէ, օտարներ, որոնք առանց հրաւիրուած ըլլալու կու գան։
Քանի որ հարսանիքի մասին Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը երաժշտութեան ու պարի վրայ շեշտ չի դներ, ասիկա նկատի պէտք չէ՞ առնէ այն զոյգը որ կը ծրագրէ Եհովան պատուող հարսանիք մը ընել։ Սակայն, վերջերս Հարաւային Ափրիկէի մէջ բազմաթիւ հարսանիքներու որպէս պատրաստութիւն, Քրիստոնեայ երիտասարդներ, որոնք հարսանեկան երեկոյթին մաս կազմելու համար ընտրուած էին, երկար ժամեր վատնեցին պարի բարդ քայլ մը սորվելու համար։ Ամիսներով, իրենց ժամանակին մեծ մասը գործածեցին այս կերպով։ Բայց Քրիստոնեաները պէտք է «ժամանակը ծախու առնեն» «աւելի կարեւոր բաներ»ուն համար, ինչպէս՝ աւետարանչութիւնը, անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ քրիստոնէական ժողովներու յաճախելը։—Եփեսացիս 5։16. Փիլիպպեցիս 1։10
Յիսուսի հայթայթած գինիին քանակէն յայտնի կ’ըլլայ որ Կանայի հարսանիքը մեծ եւ փարթամ էր։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ անիկա աղմկարար չէր եւ թէ հիւրերը ոգելից ըմպելիի գործածութեան մէջ չչափազանցեցին, ինչպէս կ’ըլլար հրէական կարգ մը հարսանիքներու պարագային։ (Յովհաննու 2։10) Ի՞նչպէս կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ։ Քանի որ Տէր Յիսուս Քրիստոս ներկաներուն մէջ կը գտնուէր։ Յիսուս ոեւէ անհատէ աւելի ուշադիր էր չար ընկերակցութեան նկատմամբ Աստուծոյ պատուէրին հնազանդելու. «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն» հետ։—Առակաց 23։20
Հետեւաբար, եթէ զոյգ մը որոշէ իր հարսանիքին համար գինի կամ ուրիշ ոգելից ըմպելի հրամցնել, պէտք է պատասխանատու անհատներու խիստ հսկողութեան ներքեւ ընէ ասիկա։ Իսկ եթէ որոշեն երաժշտութիւն դնել, յարմար եղանակներ պէտք է ընտրեն եւ պատասխանատու անհատներ ձայնածաւալին վրայ հսկեն։ Թոյլ պէտք չէ տրուի որ հիւրեր անոր գլուխը անցնին եւ կասկածելի երաժշտութիւն դնեն եւ կամ անոր ձայնը բարձրացնեն անտրամաբանական չափով։ Եթէ պար պիտի ըլլայ, անիկա պէտք է պատուարժան եւ զսպուած կերպով ըլլայ։ Եթէ անհաւատ ազգականներ կամ ոչ–հասուն Քրիստոնեաներ գռեհիկ կամ ցանկասէր պարի շարժուձեւեր ընեն, փեսան երաժշտութեան տեսակը պէտք է փոխէ, կամ փափկանկատութեամբ խնդրէ որ պարը դադրեցնեն։ Ապա թէ ոչ հարսանիքը խռովութեան կրնայ վերածուիլ եւ գայթակղեցուցիչ ըլլալ։—Հռովմայեցիս 14։21
Քանի որ արդի կարգ մը պարի տեսակներու, բարձր երաժշտութեան եւ ոգելից ըմպելիի ազատ գործածութեան մէջ վտանգը առկայ է, կարգ մը Քրիստոնեայ փեսաներ որոշած են այս բաները իրենց հարսանիքէն դուրս ձգել։ Ոմանք ասոր համար քննադատուած են, բայց ընդհակառակը պէտք է գովուին, Աստուծոյ անուան որեւէ նախատինք բերելէ խուսափելու իրենց ցանկութեան համար։ Իսկ միւս կողմէ, կարգ մը փեսաներ կարգադրութիւն ըրած են որ յարմար երաժշտութիւն ունենան, պարելու համար ժամանակ ըլլայ եւ խմիչքը չափաւորութեամբ հրամցուի։ Ամէն պարագային ալ, փեսան ի՛նք պատասխանատու է իր հարսնիքին տեղի ունեցող բաները թոյլատրելուն համար։
Ափրիկէի մէջ, կարգ մը ոչ–հասուն Քրիստոնեաներ յարգարժան քրիստոնէական հարսանիքները կ’արհամարհեն եւ կ’ըսեն որ անոնք յուղարկաւորութեան կը նմանին։ Բայց ասիկա հաւասարակշռուած տեսակէտ մը չէ։ Մարմնի մեղաւոր գործերը կրնան ժամանակաւոր գրգիռ պատճառել, բայց անոնք Քրիստոնեան անհանգիստ խղճմտանքով կը ձգեն եւ Աստուծոյ անուան նախատինք կը բերեն։ (Հռովմայեցիս 2։24) Իսկ միւս կողմէ Աստուծոյ սուրբ հոգին հարազատ ուրախութիւն կ’արտադրէ։ (Գաղատացիս 5։22) Բազմաթիւ Քրիստոնեայ զոյգեր պարծանքով ետ կը նային իրենց հարսանեկան օրուան, գիտնալով որ անիկա ուրախ առիթ մըն էր՝ առանց ‘գայթակղութեան’ պատճառի մը։—Բ. Կորնթացիս 6։3
Ուէլշ եւ Էլթիա տակաւին կը յիշեն իրենց հարսանիքին ներկայ գտնուող կարգ մը անհաւատ ազգականներու գովասանքները։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Այս օրերուն կատարուած աղմկարար հարսանիքներէն յոգնած ենք։ Շատ հաճելի էր ճաշակաւոր հարսանիքի մը ներկայ գտնուիլ՝ փոփոխութեան համար»։
Ամենէն կարեւորը, քրիստոնէական հարսանիքներ, որոնք ուրախ եւ պատուաբեր են, ամուսնութեան Հեղինակը՝ Եհովա Աստուած կը պատուեն։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 22]
ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍՏՈՒԳՄԱՆ ՑԱՆԿ
• Եթէ անհաւատ ազգական մը հրաւիրած էք որ զեկուցում մը ընէ, վստահ եղա՞ծ էք թէ ոչ–քրիստոնէական բան մը պիտի չմտցնէ անոր մէջ։
• Եթէ երաժշտութիւն պիտի ըլլայ, միայն պատշաճ երգեր զատա՞ծ էք։
• Երաժշտութեան ձայնածաւալը տրամաբանական պիտի ըլլա՞յ։
• Եթէ պարելը արտօնուած է, անիկա յարգարժան կերպով տեղի պիտի ունենա՞յ։
• Ոգելից ըմպելին միայն չափաւորութեամբ պիտի հրամցուի՞։
• Պատասխանատու անհատներ անոր մատակարարման պիտի հսկե՞ն։
• Ընդունելութեան աւարտին համար տրամաբանական ժամանակ մը որոշա՞ծ էք։
• Պատասխանատու անհատներ ներկայ պիտի ըլլա՞ն, որ մինչեւ վերջ կարգ ու կանոնը պահեն։