Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա մեր սրտերէն մեծ է

Եհովա մեր սրտերէն մեծ է

Եհովա մեր սրտերէն մեծ է

«ՏԷՐԸ կը հաւնի իրմէ վախցողները», գրեց սաղմոսերգուն։ Արդարեւ, Ստեղծիչը կ’ուրախանայ երբ տեսնէ թէ իր մարդկային ծառաներէն իւրաքանչիւրը կը ճգնի իր արդար չափանիշներուն կառչիլ։ Աստուած իր հաւատարիմները կ’օրհնէ, զանոնք կը քաջալերէ ու կը մխիթարէ նեղութեան ժամանակներուն։ Ան գիտէ թէ իր երկրպագուները անկատար են, ուստի անոնցմէ ակնկալած բաներուն մէջ իրապաշտ է։—Սաղմոս 147։11

Թերեւս դժուարութիւն չունինք հաւատալու թէ Եհովա ընդհանրապէս իր բոլոր ծառաներուն հանդէպ մեծ սէր ունի։ Սակայն, ոմանք իրենց անձնական թերութիւններով այնքա՛ն մտահոգուած կրնան ըլլալ, որ համոզուած կ’ըլլան թէ Եհովա բնա՛ւ չի կրնար զիրենք սիրել։ Անոնք կրնան եզրակացնել. «Եհովան զիս չի սիրեր, շա՛տ անկատար եմ»։ Անշուշտ, բոլորս ալ ժամանակ առ ժամանակ բացասական զգացումներ կ’ունենանք։ Սակայն, կը թուի թէ ոմանք անարժէք ըլլալու զգացումներուն դէմ յարատեւ պայքար կը մղեն։

Վհատութեան Զգացումներ

Աստուածաշունչի ժամանակներուն, կարգ մը հաւատարիմ անհատներ չափազանց յուսալքուած ըլլալու զգացումէն տառապեցան։ Յոբ զզուեցաւ կեանքէն եւ զգաց թէ Աստուած լքած էր զինք։ Աննա, որ Սամուէլի մայրը եղաւ, ատեն մը խորապէս վշտացած էր զաւակ չունենալուն համար եւ դառնապէս լացաւ։ Դաւիթ ‘խիստ ցածցաւ’, իսկ Եպափրոդիտոս խիստ նեղացաւ, քանի որ իր հիւանդութեան լուրը վշտացուցած էր իր եղբայրները։—Սաղմոս 38։6. Ա. Թագաւորաց 1։7, 10. Յոբայ 29։2, 4, 5. Փիլիպպեցիս 2։25, 26

Ի՞նչ կրնանք ըսել ներկայ Քրիստոնեաներուն մասին։ Թերեւս հիւանդութիւնը, յառաջացած տարիքը, կամ անհատական այլ պարագաներ, ոմանց արգելք կը հանդիսանան որ չկարենան իրենց ուզած չափով սրբազան ծառայութիւն մատուցանել։ Ասիկա ոմանց կրնայ եզրակացնել տալ, թէ Եհովան ու իրենց հաւատակիցները յուսախաբ կ’ընեն։ Ոմանք ալ կրնան անդադար իրենք զիրենք այպանել անցեալին իրենց գործած մեղքերուն համար, կասկածելով որ Եհովա իրենց ներած է։ Թերեւս ուրիշներ ընտանեկան դժուար միջավայրերէ կու գան եւ համոզուած են թէ սիրուելու արժանի չեն։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ։

Ոմանք կը մեծնան ընտանիքներու մէջ, ուր ո՛չ թէ սիրալիր հոգի մը կը տիրէ, այլ՝ անձնասիրութիւն, հեգնանք ու վախ։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք բնաւ հայր մը չեն ունեցած՝ որ զիրենք խորապէս սիրէ, առիթներ փնտռէ զիրենք գովելու եւ քաջալերելու, յանցանքները անտեսէ եւ նոյնիսկ պատրաստ ըլլայ լուրջ մեղքերը ներելու եւ որու ջերմ վերաբերմունքը ամբողջ ընտանիքին ապահովութեան զգացում մը տայ։ Քանի որ անոնք բնա՛ւ երկրաւոր սիրալիր հայր մը չեն ունեցած, կրնան դժուարութիւն ունենալ հասկնալու թէ սիրալիր երկնաւոր Հայր մը ունենալ ի՛նչ կը նշանակէ։

Օրինակի համար, Ֆրիթց կը գրէ. «Մանկութիւնս եւ պատանեկութիւնս մեծապէս ազդուած էին հօրս անսիրալիր վարքէն։ * Բնա՛ւ չէ գոված զիս եւ բնա՛ւ իրեն մօտիկ չեմ զգացած։ Իրականութեան մէջ, միշտ իրմէ կը վախնայի»։ Այս պատճառաւ, Ֆրիթց՝ որ հիմա իր 50–ական տարիքին մէջ է՝ տակաւին անատակ ըլլալու զգացումներ ունի։ Իսկ Մարկարէթ կը բացատրէ. «Ծնողքս սառն ու անսիրալիր վերաբերմունք մը ունէր։ Երբ սկսայ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, դժուարութիւն ունեցայ երեւակայելու թէ սիրալիր հայր մը ի՛նչպէս կրնայ ըլլալ»։

Ի՛նչ որ ալ ըլլան պատճառները, այսպիսի զգացումներ կրնան նշանակել թէ Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութեան գլխաւոր շարժառիթը երբեմն սէրը կրնայ չըլլալ, այլ գլխաւորաբար՝ յանցապարտութեան զգացումը կամ վախը։ Մեր լաւագոյնը երբե՛ք բաւարար կրնայ չթուիլ։ Եհովան եւ մեր հաւատակիցները հաճեցնելու փափաքը, կրնայ այն զգացումը տալ թէ մեր ուզածին չափ ընելու կարող չենք։ Այս պատճառաւ, կրնանք մեր նպատակակէտերուն չհասնիլ, մենք մեզ այպանել ու վհատիլ։

Ի՞նչ կարելի է ընել։ Թերեւս պէտք ունինք յիշելու թէ Եհովան որքա՜ն մեծահոգի է։ Աստուծոյ անձնաւորութեան այս սիրալիր երեսակը հասկցող անհատներէն մէկն էր՝, Յովհաննէս առաքեալ։

«Աստուած Մեծ Է Քան Մեր Սիրտը»

Հ.Դ. առաջին դարու վերջաւորութեան, Յովհաննէս իր հաւատակիցներուն հետեւեալը գրեց. «Այս կերպով պիտի ճանչնանք թէ կը պատկանինք ճշմարտութեան, եւ պիտի հանդարտեցնենք մեր սիրտը՝ եթէ ան կը դատապարտէ զմեզ։ Բայց Աստուած մեծ է քան մեր սիրտը եւ գիտէ ամէն բան»։ Յովհաննէս ինչո՞ւ գրեց այս խօսքերը։—Ա. Յովհաննու 3։19, 20, Տրապիզոն

Բացայայտօրէն Յովհաննէս գիտէր թէ կարելի էր որ Եհովայի ծառայի մը սիրտը զինք մեղադրէր։ Թերեւս Յովհաննէս անձամբ այսպիսի զգացումներ ունեցած էր։ Դիւրաբորբոք բնաւորութեան տէր երիտասարդ մը ըլլալով, Յովհաննէս առիթով մը Յիսուս Քրիստոսի կողմէ սրբագրուեցաւ, ուրիշներու հետ իր ունեցած խիստ վերաբերմունքին համար։ Արդարեւ, Յիսուս Յովհաննէսի ու իր եղբօր Յակոբոսին «անունները Բաներեգէս դրաւ, որ ըսել է՝ ‘Որդի որոտման’»։—Մարկոս 3։17. Ղուկաս 9։49-56

Յաջորդ 60 տարիներու ընթացքին, Յովհաննէս փափկեցաւ եւ հաւասարակշռուած, սիրալիր եւ ողորմած Քրիստոնեայ մը դարձաւ։ Որպէս վերջին ողջ եղող առաքեալը՝ իր առաջին ներշնչեալ նամակը գրած ժամանակ, ան գիտէր թէ Եհովա իր իւրաքանչիւր ծառայէն հաշիւ չի պահանջեր ամէն պզտիկ յանցանքի համար։ Ընդհակառակը, ան ջերմ, մեծահոգի, առատաձեռն եւ կարեկից Հայր մըն է, որ զինք սիրող եւ ճշմարտութեամբ պաշտող բոլոր անհատներուն հանդէպ խոր սէր ունի։ Յովհաննէս գրեց. «Աստուած սէր է»։—Ա. Յովհաննու 4։8

Եհովայի Մատուցած Մեր Ծառայութիւնը կ’Ուրախացնէ Զինք

Աստուած գիտէ մեր բնածին տկարութիւններն ու թերութիւնները, եւ զանոնք նկատի կ’առնէ։ Դաւիթ գրեց. «Ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ Եհովա կը գիտակցի որ մեր ենթահողը մեր անձնաւորութիւնը կերտելու մէջ մեծ դեր կը խաղայ։ Արդարեւ, ան մեզ շատ աւելի լաւ կը ճանչնայ քան՝ մենք մեզ։—Սաղմոս 103։14

Ան գիտէ թէ շատերս պիտի ուզէինք տարբեր ըլլալ, սակայն կարող չենք մեր անկատարութիւնները յաղթահարել։ Մեր վիճակը կրնայ բաղդատուիլ Պօղոս առաքեալի ունեցած վիճակին հետ, որ գրեց. «Ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ»։ Բոլորս ալ նոյն պայքարը կը մղենք։ Երբեմն, ասոր որպէս հետեւանք, մեր սիրտը մեզ կը մեղադրէ։—Հռովմայեցիս 7։19

Մի՛շտ յիշեցէք. Շա՛տ աւելի կարեւոր է թէ Եհովա ինչպէս կը նկատէ մեզ, քան՝ մենք մեզ ինչպէս կը նկատենք։ Երբ տեսնէ թէ կը փորձենք զինք հաճեցնել, ան ոչ թէ պարզապէս մեղմ գոհունակութեամբ կ’ընդառաջէ այլ՝ ուրախութեամբ։ (Առակաց 27։11) Թէեւ ինչ որ կ’իրագործենք յարաբերաբար կրնայ չնչին թուիլ մեր աչքին, սակայն մեր պատրաստակամութիւնը եւ լաւ շարժառիթը զինք կ’ուրախացնեն։ Ան մեր իրագործածէն անդին կը նայի. ան կը տեսնէ թէ ինչ կ’ուզե՛նք ընել. ան մեր փափաքներէն ու ցանկութիւններէն տեղեակ է։ Եհովա կրնայ մեր սիրտը կարդալ։—Երեմեայ 12։3. 17։10

Օրինակի համար, Եհովայի Վկաներէն շատեր բնաւորութեամբ ամչկոտ եւ վերապահ են, անոնք կը նախընտրեն իրենց վրայ ուշադրութիւն չհրաւիրել։ Այսպիսիներուն համար, տունէ տուն բարի լուրը քարոզելը կրնայ վհատեցուցիչ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Սակայն, Աստուծոյ ծառայելու եւ իրենց դրացիին օգնելու փափաքէն մղուած, նոյնիսկ երկչոտ անհատներ կը սորվին իրենց դրացիներուն մօտենալ եւ անոնց Աստուածաշունչին մասին խօսիլ։ Անոնք կրնան զգալ թէ շատ քիչ բան կ’իրագործեն, եւ ասիկա կրնայ իրենց ուրախութիւնը խլել։ Անոնց սիրտը կրնայ թելադրել թէ իրենց հանրային ծառայութիւնը արժէք մը չի ներկայացներ։ Սակայն, Եհովա ծառայութեան մէջ այսպիսիներուն թափած մեծ ջանքը տեսնելով, վստահաբար կ’ուրախանայ։ Ասկէ զատ, անոնք չեն կրնար կռահել թէ ճշմարտութեան ցանուած սերմերը ե՛րբ եւ ո՛ւր պիտի ծլին, աճին ու պտուղ տան։—Ժողովողի 11։6. Մարկոս 12։41-44. Բ. Կորնթացիս 8։12

Ուրիշ Վկաներ կը տառապին երկարատեւ հիւանդութիւններէ, կամ տարիքի մէջ կը յառաջանան։ Թագաւորութեան Սրահին մէջ կանոնաւորաբար ժողովներու երթալը անոնց համար կրնայ ցաւի եւ մտահոգութեան պատճառ ըլլալ։ Քարոզչութեան մասին դասախօսութիւն մը լսելը, կրնայ իրենց յիշեցնել անցեալին իրենց բերած բաժինը եւ ինչ որ տակաւի՛ն կ’ուզեն ընել, բայց վատառողջութիւնը զիրենք ետ կը պահէ։ Այսպիսիներ կրնան յանցաւոր զգալ, քանի որ կարող չեն իրենց ուզած չափով տրուած խրատին հետեւիլ։ Սակայն, վստահաբար Եհովայի համար շատ մեծ արժէք ունի իրենց հաւատարմութիւնը եւ համբերութիւնը։ Այնքան ատեն որ հաւատարիմ կը մնան, ան երբեք չի մոռնար իրենց շինած հաւատարիմ համբաւը։—Սաղմոս 18։25. 37։28

«Հանդարտեցնենք Մեր Սիրտը»

Երբ Յովհաննէս յառաջացած տարիքի մէջ հասաւ, ան Աստուծոյ մեծահոգի ըլլալուն մասին բաւական բան հասկցած ըլլալու էր։ Յիշեցէք թէ ան գրեց. «Աստուած մեծ է քան մեր սիրտը եւ գիտէ ամէն բան»։ Ասկէ զատ, Յովհաննէս քաջալերեց մեզ որ ‘մեր սիրտը հանդարտեցնենք’։ Այս խօսքերով Յովհաննէս ի՞նչ ըսել ուզեց։

Հին եւ Նոր Կտակարաններու Բառերու Վայնի Բացատրական Բառարան–ին համաձայն, «հանդարտեցնել» թարգմանուած Յունարէն բայը կը նշանակէ՝ «համոզել, տիրապետել կամ սիրաշահիլ, հաւատացնել տալ»։ Ուրիշ խօսքով, մեր սիրտը հանդարտեցնելու համար, զայն պէտք է սիրաշահինք, անոր հաւատացնել տանք որ Եհովա մեզ կը սիրէ։ Ի՞նչպէս։

Այս յօդուածին մէջ նախապէս յիշուած Ֆրիթցը, աւելի քան 25 տարի է որ որպէս երէց կը ծառայէ Եհովայի Վկաներու ժողովքներէն մէկուն մէջ, եւ գտած է թէ անձնական ուսումնասիրութիւնը կրնայ հանդարտեցնել իր սիրտը թէ Եհովա զինք կը սիրէ։ «Աստուածաշունչը եւ մեր գրականութիւնները կանոնաւորաբար եւ բծախնդրօրէն կ’ուսումնասիրեմ։ Ասիկա կ’օգնէ ինծի որ անցեալին վրայ չկեդրոնանամ, այլ՝ մեր հոյակապ ապագային տեսիլը յստակ պահեմ մտքիս մէջ։ Երբեմն, անցեալս կը համակէ զիս եւ կը զգամ որ Աստուած չի կրնար զիս սիրել։ Սակայն, ընդհանուր առմամբ, կը զգամ թէ կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը սիրտս կը զօրացնէ, հաւատքս կ’աւելցնէ եւ կ’օգնէ որ ուրախ եւ հաւասարակշռուած մնամ»։

Ճիշդ է որ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը եւ խորհրդածութիւնը կրնան մեր իսկական վիճակը չփոխել։ Բայց եւ այնպէս, անոնք կրնան մեր պարագային հանդէպ մեր տեսակէտը փոխել։ Մեր սրտին մէջ Աստուծոյ Խօսքէն գաղափարներ ներմուծելը, կ’օգնէ մեզի որ իրեն նման մտածենք։ Ասկէ զատ, ուսումնասիրութեան շնորհիւ Աստուծոյ մեծահոգի ըլլալը աւելի լաւ կը հասկնանք։ Կրնանք աստիճանաբար ընդունիլ թէ Եհովա մեր մանկութեան միջավայրին համար մեզ չի մեղադրեր, եւ մեր անկարողութիւններուն համար մեզ չ’այպաներ։ Ան գիտէ թէ շատերուս կրած բեռները, ըլլան զգացական թէ՝ ֆիզիքական, շատ յաճախ մեր պատճառով չեն, եւ սիրալիր կերպով զանոնք նկատի կ’առնէ։

Նախապէս յիշուած Մարկարէթին պարագան ի՞նչ եղաւ։ Երբ ան Եհովան ճանչցաւ, իրեն համար ալ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը մեծապէս օգտակար եղաւ։ Ֆրիթցի նման, ան ստիպուեցաւ հօր մը գաղափարին նկատմամբ իր տպաւորութիւնը վերատեսութեան ենթարկել։ Աղօթքը օգնեց Մարկարէթին որ ուսումնասիրութեան միջոցաւ իր սորվածները իրարու կապէ։ Մարկարէթ կ’ըսէ. «Սկիզբը, Եհովան նկատեցի որպէս սերտ բարեկամ մը, քանի որ սիրալիր բարեկամներու հետ աւելի փորձառութիւն ունէի քան՝ սիրալիր հօր մը հետ։ Աստիճանաբար, սորվեցայ Եհովայի արտայայտել զգացումներս, կասկածներս, մտահոգութիւններս եւ խնդիրներս։ Աղօթքի միջոցաւ յաճախ իրեն հետ կը խօսէի, միեւնոյն ժամանակ, խճանկարի մը պէս իրարու քով կը դնէի ինչ որ նոր կը սորվէի իր մասին։ Ժամանակ մը ետք, Եհովայի հանդէպ զգացումներս ա՛յն աստիճան զարգացան, որ այժմ զինք իմ սիրալիր Հայրս նկատելու գրեթէ դժուարութիւն չունիմ»։

Ամէն Մտահոգութենէ Ազատագրութիւն

Այնքան ատեն որ այս հին դրութիւնը կը գոյատեւէ, ոեւէ անհատ չի կրնար յուսալ որ մտահոգութենէ զերծ պիտի ըլլայ։ Կարգ մը Քրիստոնեաներու համար, ասիկա կը նշանակէ թէ մտահոգութեան կամ կասկածներու զգացումները կրնան վերադառնալ եւ նեղութիւն պատճառել։ Սակայն, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա գիտէ մեր լաւ շարժառիթները եւ իր ծառայութեան մէջ մեր ծանր աշխատանքը։ Ան երբե՛ք պիտի չմոռնայ իր անուան հանդէպ մեր ցուցաբերած սէրը։—Եբրայեցիս 6։10

Մեսիական Թագաւորութեան ներքեւ գոյացուելիք մօտալուտ նոր երկրին մէջ, բոլոր հաւատարիմ անհատները կրնան Սատանայի դրութեան բեռներէն ազատագրութիւն ակնկալել։ Ի՜նչ ամոքիչ պիտի ըլլայ անիկա։ Այն ատեն Եհովայի որքա՛ն մեծահոգի ըլլալուն նկատմամբ յաւելեալ ապացոյցներ պիտի տեսնենք։ Մինչ այդ, բոլորս ալ վստահ ըլլանք թէ «Աստուած մեծ է քան մեր սիրտը եւ գիտէ ամէն բան»։—Ա. Յովհաննու 3։20, Տրապիզոն

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Անունները փոխուած են։

[Մէջբերում՝ էջ 30]

Եհովա խիստ բռնատէր մը չէ, այլ՝ ջերմ, մեծահոգի եւ կարեկից Հայր մը

[Նկար՝ էջ 31]

Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելը մեզի կ’օգնէ որ իրեն նման մտածենք