Ընտանեկան ուրախ կեանքը ուրիշները Աստուծոյ կը մօտեցնէ
Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն
Ընտանեկան ուրախ կեանքը ուրիշները Աստուծոյ կը մօտեցնէ
ԵՀՈՎԱ Յովսէփը օժտեց մեծ իմաստութեամբ եւ ներատեսութեամբ։ (Գործք 7։10) Որպէս հետեւանք, Յովսէփի խոհեմութիւնը «Փարաւոնին աչքին ու անոր բոլոր ծառաներուն աչքին աղէկ երեւցաւ»։—Ծննդոց 41։37
Այսօր ալ Եհովա իր ծառաներուն ներատեսութիւն եւ խոհեմութիւն կու տայ իրենց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցաւ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Երբ սուրբ գրային խրատները կիրարկուին, այս իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը լաւ պտուղներ կը յառաջացնեն։ Անոնց լաւ վարմունքը յաճախ զիրենք դիտողներուն ‘աչքին աղէկ կ’երեւնայ’, ինչպէս Զիմպապուէէն եկած հետեւեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան։
• Կնոջ մը դրացիները Եհովայի Վկաներ էին։ Թէեւ ինք չէր ախորժեր Վկաներէն, բայց կը հիանար անոնց վարքին, մանաւանդ ընտանեկան կեանքին վրայ։ Ան նկատած էր որ ամուսին եւ կին իրարու հետ շատ լաւ յարաբերութիւն մը ունէին եւ երախաներն ալ հնազանդ էին։ Ան մասնաւորաբար նշմարած էր որ ամուսինը շատ կը սիրէր իր կինը։
Ափրիկեան կարգ մը մշակոյթներուն մէջ սովորական բան է հաւատալ որ եթէ ամուսին մը իր կինը կը սիրէ, կինը կախարդութեան դիմած ըլլալու է զինք «ընտելացնելու» համար։ Ուստի, այս կինը մօտեցաւ Վկայ տիկնոջ եւ անոր հարցուց. «Հաճիս, կու տա՞ս այն հմայեակը որ ամուսինիդ տուած ես, որպէսզի իմ ամուսինս ալ զիս սիրէ այնչափ, որչափ քու ամուսինդ կը սիրէ քեզ»։ Վկան պատասխանեց. «Սիրո՜վ, վաղը կէսօրէ ետք կը բերեմ քեզի»։
Յաջորդ օրը, քոյրը իր «հմայեակ»ով այցելութեան գնաց իր դրացուհիին։ Ի՞նչ էր անիկա. Աստուածաշունչը եւ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Գիտութիւն գիրքէն «Աստուած Պատուող Ընտանիք մը Կերտել» գլուխին տեղեկութիւնները նկատի առնելէ ետք, ան կնոջ ըսաւ. «Ասիկա՛ է ‘հմայեակը’ որ ես եւ ամուսինս կը գործածենք որպէսզի զիրար ‘ընտելացնենք’ եւ ասոր համար է որ զիրար շատ կը սիրենք»։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ եւ կինը մեծաքայլ յառաջդիմեց, մինչեւ Եհովայի կատարած իր նուիրումը ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշելով։
• Երկու մասնաւոր ռահվիրաներ, որոնք Զիմպապուէի եւ Մոզամպիկի հիւսիս–արեւելեան սահմանին վրայ գտնուող պզտիկ ժողովքի մը մէջ նշանակուած էին, երկու շաբաթ տունէ տուն ծառայութեան չմասնակցեցան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ իրենց տունը կու գային իրենց մտիկ ընելու համար։ Ռահվիրաներէն մէկը կը բացատրէ թէ ասիկա ի՛նչպէս պատահեցաւ. «Հետաքրքրուած անհատի մը հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարելու համար 15 քմ. կը ճամբորդէինք։ Մեզի համար դիւրին չէր մինչեւ հոն երթալ։ Պէտք էր ցեխերուն մէջէն քալէինք եւ յորդահոս գետերէն անցնէինք, որոնք մինչեւ մեր վիզը կը հասնէին։ Ասիկա ընելու համար պէտք էր մեր հագուստներն ու կօշիկները մեր գլխուն վրայ հաւասարակշռէինք, գետը կտրէինք, ապա միւս ափը անցնելէ ետք դարձեալ հագուէինք։
«Մեր նախանձախնդրութիւնը մեծապէս տպաւորած էր հետաքրքրուած անհատին դրացիները։ Ասիկա նշմարողներուն մէջ կար տեղւոյն կրօնական կազմակերպութեան առաջնորդը։ Ան իր հետեւորդներուն ըսաւ. ‘Դուք ալ այս երկու երիտասարդ Եհովայի Վկաներուն նման նախանձախնդիր չէ՞ք ուզեր ըլլալ’։ Յաջորդ օրը, իր հետեւորդներէն շատեր մեր տունը եկան գիտնալու համար թէ ինչո՛ւ այսքան հաստատակամ էինք։ Ասկէ զատ, յաջորդ երկու շաբաթներու ընթացքին ա՛յնքան այցելուներ ունեցանք, որ մեր ճաշը պատրաստելու ժամանակ չունեցանք»։
Այս երկու շաբթուան ընթացքին ռահվիրաներուն տունը այցելողներէն մէկն էր կրօնական առաջնորդը։ Երեւակայեցէ՛ք ռահվիրաներուն ուրախութիւնը, երբ ան տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։