Ինչո՞ւ ա՛յսքան կաշառակերութիւն կայ
Ինչո՞ւ ա՛յսքան կաշառակերութիւն կայ
«Կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը աչքը բաց մարդիկը կը կուրցնէ եւ արդարներուն դատերը կը խանգարէ»։—Ելից 23։8
ԵՐԵՔ հազար հինգ հարիւր տարի առաջ, Մովսիսական Օրէնքը կաշառակերութիւնը դատապարտեց։ Անկէ ի վեր, դարերու ընթացքին կաշառակերութեան դէմ օրէնքները բազմացած են։ Այսուհանդերձ, օրէնսդրութիւնը չէ յաջողած կաշառակերութիւնը սանձել։ Ամէն օր միլիոնաւոր կաշառքներ ձեռքէ ձեռք կ’անցնին, եւ միլիառաւոր մարդիկ ասոր հետեւանքներէն կը տառապին։
Կաշառակերութիւնը այնքան շատ տարածուած եւ խրթին դարձած է, որ կը սպառնայ ընկերութեան կառոյցը խախտել։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, գրեթէ անկարելի է բան մը ընել առանց ձեռք մը իւղոտելու։ Յարմար անհատին կաշառք տալը կարելի կը դարձնէ որ քննութեան յաջողիք, ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր մը ձեռք ձգէք, համաձայնագիր մը կնքէք, կամ դատ մը շահիք։ Փարիզի մէջ փաստաբան մը, Արնօ Մոնթպուրկ կ’ողբայ, ըսելով. «Կաշառակերութիւնը, զօրաւոր ապականութեան մը նման է, որ մարդոց հոգեկանին վրայ կը ճնշէ»։
Կաշառակերութիւնը յատկապէս ծաւալուն է առեւտրական աշխարհին մէջ։ Կարգ մը ընկերութիւններ, իրենց շահուն մէկ երրորդը կը յատկացնեն պետական հեղինակաւոր փտած պաշտօնեաներու։ Բրիտանական պարբերաթերթի մը՝ Տը Էգոնոմիստ–ին համաձայն, ամէն տարի զէնքերու միջազգային առեւտուրին համար վատնուող 25 միլիառ տոլարին գրեթէ 10 տոկոսը, հաւանական յաճախորդներ կաշառելու կը ծառայէ։ Մինչ այս կաշառակերութեան ծաւալը կ’ընդլայնի, անոր հետեւանքները աղիտալի կը դառնան։ Անցեալ տասնամեակի ընթացքին, կ’ըսուի թէ «քրոնի» դրամատիրութիւնը՝ լաւ կապեր ունեցող մի քանի առանձնաշնորհեալներու ի նպաստ եղող առեւտրական ապականած սովորութիւններ՝ ամբողջ երկիրներու տնտեսութիւնը քանդած է։
Անխուսափելիօրէն, կաշառակերութենէն եւ անկէ առթած տնտեսական աւերումէն ամենէն շատ տառապողները աղքատներն են՝ անոնք որոնք կաշառելու կարողութիւնը չունին։ Ինչպէս որ Տը Էգոնոմիստ–ը համառօտաբար բացատրեց՝ «կաշառակերութիւնը՝ կեղեքումի կերպերէն մի՛այն մէկն է»։ Կեղեքումի այս տեսակը կարելի՞ է յաղթահարել, թէ ոչ կաշառակերութիւնը անխուսափելի է։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, նախ եւ առաջ կաշառակերութեան հիմնական պատճառներէն ոմանք պէտք է բնորոշենք։
Ի՞նչ Են Կաշառակերութեան Պատճառները
Ինչո՞ւ մարդիկ կը նախընտրեն փտածութիւնը քան՝ պարկեշտութիւնը։ Ոմանց համար, կրնայ ըլլալ որ կաշառակերութիւնը ամենադիւրին միջոցն է՝ կամ արդարեւ միա՛կ միջոցը՝ իրենց ուզածը ձեռք ձգելու համար։ Երբեմն, կաշառքը կրնայ պատիժէ խուսափելու յարմար միջոց մը ըլլալ։ Շատեր՝ նկատելով որ քաղաքագէտները, ոստիկանները եւ դատաւորները կաշառակերութիւնը կ’անտեսեն կամ նոյնիսկ զայն անձամբ կ’ընեն՝ պարզապէս անոնց օրինակին կը հետեւին։
Մինչ կաշառակերութիւնը կ’աւելնայ, անիկա աւելի ընդունելի կը դառնայ, մինչեւ որ ապրելաձեւ մը ըլլայ։ Խղճալիօրէն քիչ վարձատրուող անհատներ, կը զգան թէ ուրիշ ընտրութիւն չունին։ Անոնք ստիպուած են կաշառք պահանջել, Ժողովողի 8։11
եթէ կ’ուզեն բարեկեցիկ կեանք մը վարել։ Իսկ երբ կաշառք կորզող, կամ անիրաւ շահ ձեռք ձգելու համար կաշառք առաջարկող անհատներ անպատիժ մնան, քիչեր պատրաստ են հոսանքին դէմ լողալու։ Սողոմոն Թագաւոր դիտել տուաւ. «Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է»։—Երկու զօրաւոր ուժեր՝ անձնասիրութիւնն ու ագահութիւնը, կը շարունակեն բոցավառել կաշառակերութիւնը։ Անձնասիրութեան պատճառաւ, կաշառակերներ աչք կը խփեն ուրիշներուն վրայ իրենց կաշառակերութեան պատճառած տառապանքին, եւ կաշառակերութիւնը կ’արդարացնեն, պարզապէս քանի որ անկէ կ’օգտուին։ Այս կաշառակերները որքա՛ն աւելի նիւթական օգուտներ դիզեն, այնքա՛ն աւելի ագահ կը դառնան։ Սողոմոն դիտել տուաւ. «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն»։ (Ժողովողի 5։10) Թէեւ ագահութիւնը օգտակար կրնայ ըլլալ դրամ շահելու համար, սակայն անիկա անվարանօրէն աչք կը խփէ կաշառակերութեան եւ ապօրինութեան վրայ։
Ուրիշ ազդակ մը որ պէտք չէ անտեսուի, ան ալ այս աշխարհի անտեսանելի իշխանին դերն է, զոր Աստուածաշունչը կը բնորոշէ որպէս Բանսարկու Սատանայ։ (Ա. Յովհաննու 5։19. Յայտնութիւն 12։9) Սատանան կը խրախուսէ կաշառակերութիւնը։ Պատմութեան մէջ արձանագրուած ամենէն մեծ կաշառքը՝ Սատանան առաջարկեց Քրիստոսի։ ‘Աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես’։—Մատթէոս 4։8, 9
Սակայն, Յիսուս անապական էր, եւ իր աշակերտներուն սորվեցուց որ նոյն կերպով վարուին։ Քրիստոսի ուսուցումները ներկայ կաշառակերութեան դէմ պայքարելու համար ազդու գործիք մը կրնա՞ն ըլլալ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումը պիտի վերլուծէ։