Լսէ թէ հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն
Լսէ թէ հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն
«Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 30։21
1, 2. Ամբողջ պատմութեան տեւողութեան, Եհովա ի՞նչպէս հաղորդակցած է մարդոց հետ։
ԲՈՐԹՕ ՌԻՔՕ կղզին աշխարհի ամենէն խոշոր եւ գերզգայուն ռատիօ–հեռադիտակի ջոկ տիշ–ը ունի։ Քանի մը տասնամեակներէ ի վեր, գիտնականներ այս հսկայ գործիքը գործածելով կը յուսան արտերկրային կեանքէն պատգամներ ստանալ։ Ցարդ, այդպիսի պատգամ մը ստացած չեն։ Ծիծաղելին այն է, որ յստակ պատգամներ կան, որոնք մարդկային ծիրէն դուրս եղող միջավայրէ մը կու գան, զորս ոեւէ մէկս կրնանք ստանալ առանց բարդ գործիքներու օգնութեան։ Ասոնք երեւակայական ոեւէ արտերկրայինէ մը շա՛տ աւելի բարձր Աղբիւրէ մը կու գան։ Այսպիսի հաղորդակցութեան Աղբիւրը ո՞վ է, եւ որո՞նք կը ստանան զայն։ Պատգամները ի՞նչ կ’ըսեն։
2 Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը բազմաթիւ առիթներու մասին կը խօսի, երբ մարդկային ականջներ աստուածային բնոյթ ունեցող պատգամներ լսեցին։ Երբեմն այս պատգամները տրուեցան, որպէս Աստուծոյ պատգամաբերները ծառայող հոգեղէն արարածներու կողմէ։ (Ծննդոց 22։11, 15. Զաքարեայ 4։4, 5. Ղուկաս 1։26-28) Երեք առիթներով, ուղղակի Եհովայի ձայնը լսուեցաւ։ (Մատթէոս 3։17. 17։5. Յովհաննու 12։28, 29) Աստուած մարդկային մարգարէներու միջոցով ալ խօսեցաւ, որոնցմէ շատեր գրի առին իրենց ներշնչեալ ըսելիքը։ Ներկայիս ունինք Աստուածաշունչը, որ այս հաղորդակցութիւններէն, ինչպէս նաեւ, Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն ուսուցումներէն շատերը կը պարունակէ։ (Եբրայեցիս 1։1, 2) Արդարեւ, Եհովա տեղեկութիւններ կը հաղորդէ իր մարդկային արարածներուն։
3. Աստուծոյ պատգամներուն նպատակը ի՞նչ է եւ մեզմէ ի՛նչ ակնկալուած է։
Սաղմոս 19։7-11. Ա. Տիմոթէոս 4։8) Եհովա այս պատգամները կը գործածէ իր կամքը հաղորդելու եւ առաջնորդութիւն ընծայելու համար։ Ասիկա կերպերէն մէկն է, որով Եսայիի հետեւեալ խօսքերը կը կատարուին. «Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։ (Եսայեայ 30։21) Եհովա մեզ չի ստիպեր որ իր «խօսք»ը լսենք։ Աստուծոյ տուած ուղղութեան հետեւիլը եւ իր ճամբուն մէջ քալելը մեզի ձգուած է։ Անոր համար, Սուրբ Գիրքը մեզ կը խրատէ որ Եհովայէ եկած հաղորդակցութիւններուն ականջ տանք։ Յայտնութիւն գրքին մէջ՝ «լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն» յորդորը, եօթը անգամ կ’երեւնայ։—Յայտնութիւն 2։7, 11, 17, 29. 3։6, 13, 22
3 Աստուծմէ եկած այս բոլոր ներշնչեալ պատգամները շատ քիչ բան կը յայտնեն ֆիզիքական տիեզերքին մասին։ Անոնք աւելի կարեւոր նիւթերու վրայ ուշադրութիւն կը դարձնեն, որոնք ազդեցութիւն ունին մեր թէ՛ ներկայ եւ թէ ապագայ կեանքին վրայ։ (4. Տրամաբանակա՞ն է ակնկալել որ մեր օրերուն Աստուած ուղղակի երկինքէն խօսի։
4 Ներկայիս Եհովա ուղղակի երկնային ծիրէն չի խօսիր մեզի հետ։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն իսկ, հաղորդակցութեան այս գերբնական կերպերը հազուադէպ էին, երբեմն դարերու հեռաւորութեամբ։ Ամբողջ պատմութեան տեւողութեան, Եհովա շատ աւելի յաճախ իր ժողովուրդին հետ խօսած է աւելի անուղղակի կերպերով, ինչպէս է պարագան մեր օրերուն։ Արդ, նկատի առնենք երեք պարագաներ, որոնցմով Եհովա ներկայիս կը հաղորդակցի մեզի հետ։
«Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է»
5. Ներկայիս, Եհովայի հաղորդակցութեան գլխաւոր գործիքը ի՞նչ է եւ անկէ ի՛նչպէս կրնանք օգտուիլ։
5 Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան գլխաւոր գործիքը՝ Աստուածաշունչն է։ Անիկա Աստուծմէ ներշնչուած է եւ անոր մէջի բոլոր բաները օգտակար են մեզի։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Աստուածաշունչը լեցուն է իրապէս ապրած մարդոց օրինակներով, որոնք իրենց ազատ կամքը գործածելով որոշեցին թէ Եհովայի ձայնին մտիկ պիտի ընե՞ն կամ ոչ։ Այդ օրինակները մեզի կը յիշեցնեն թէ ինչո՛ւ կենսական է լսել թէ Աստուծոյ հոգին ինչ կ’ըսէ։ (Ա. Կորնթացիս 10։11) Աստուածաշունչը գործնական իմաստութիւն ալ կը բովանդակէ, կեանքի մէջ տրուելիք որոշումներու համար խրատներ տալով։ Կարծէք Աստուած մեր ետեւը կը գտնուի ու մեր ականջին խօսելով կ’ըսէ՝ «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։
6. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուրիշ բոլոր գրութիւններէն գերիվեր է։
6 Լսելու համար թէ հոգին ի՛նչ կ’ըսէ Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն, պէտք է կանոնաւորաբար կարդանք զայն։ Աստուածաշունչը պարզապէս լաւ գրուած, հանրածանօթ ու ներկայիս շատերուն մատչելի եղող գիրք մը չէ։ Անիկա հոգիէն ներշնչուած է եւ Աստուծոյ խորհուրդները կը պարունակէ։ Եբրայեցիս 4։12–ը կ’ըսէ. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ Մինչ կը կարդանք Աստուածաշունչը, անոր բովանդակութիւնը սուրի մը նման մեր ներքին խորհուրդներէն ու մղումներէն ներս կը թափանցէ, յայտնելով թէ մեր կեանքը ո՛ր աստիճան Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ է։
7. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ինչո՞ւ կենսական է եւ ասիկա որքա՞ն յաճախ ընելու քաջալերուած ենք։
7 Մինչ ժամանակը կը սահի եւ կեանքի փորձութիւններուն հետ դէմ յանդիման կու գանք՝ անոնք ըլլան հաճելի թէ դժուար, մեր «սրտին խորհուրդներն ու մտածումները» կրնան փոխուիլ։ Եթէ յարատեւաբար չուսումնասիրենք Աստուծոյ Խօսքը, մեր խորհուրդները, կեցուածքն ու զգացումները այլեւս աստուածային սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ պիտի չըլլան։ Անոր համար Աստուածաշունչը Բ. Կորնթացիս 13։5, ՆԱ) Եթէ շարունակաբար պիտի լսենք ինչ որ հոգին կ’ըսէ, ամէ՛ն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալու խրատին պէտք է անսանք։—Սաղմոս 1։2
մեզ կը յորդորէ. «Շարունակեցէք փորձել ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. շարունակեցէք քննել ձեր անձերը»։ (8. Պօղոս առաքեալի ո՞ր խօսքերը կ’օգնեն որ անձնաքննութիւն մը կատարենք Աստուածաշունչ կարդալու առնչութեամբ։
8 Աստուածաշունչի ընթերցողներուն հետեւեալ կարեւոր վերյիշեցումը կ’ընենք. Ձեր կարդացածը մարսելու համար բաւարար ժամանակ յատկացուցէ՛ք։ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու խրատին անսալու ջանքով, պէտք չէ հապճեպով քանի մը գլուխ կարդանք, առանց մեր կարդացածին իմաստը ըմբռնելու։ Մինչ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալը կենսական է, բայց մեր զգացումը պարզապէս յայտագրի մը հետեւիլ պէտք չէ ըլլայ. Եհովայի եւ իր նպատակներուն մասին սորվելու անկեղծ փափաք մը պէտք է ունենանք։ Այս ուղղութեամբ, լաւ է Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքերը գործածել, անձնաքննութիւն մը կատարելու համար։ Հաւատակիցներու գրելով, ան ըսաւ. «Ծունկի վրայ գալով . . . Հօրը առջեւ, կ’աղաչեմ որ տայ ձեզի . . . որպէս զի Քրիստոս՝ հաւատքով ձեր սրտերուն մէջ բնակի եւ դուք սիրով արմատանաք ու հաստատուիք, որպէս զի կարենաք հասկնալ բոլոր սուրբերուն հետ մէկտեղ, թէ ի՞նչ է լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը. այսինքն ճանչնալ Քրիստոսին սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է, որպէս զի լեցուիք Աստուծոյ լրութիւնովը»։—Եփեսացիս 3։14, 16-19
9. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայէն սորվելու մեր փափաքը մշակել ու խորացնել։
9 Ճիշդ է որ մեզմէ ոմանք շատ չեն սիրեր կարդալ, մինչդեռ ուրիշներ անյագ ընթերցողներ են։ Սակայն, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր անձնական բնաւորութիւնը, Եհովայէն սորվելու մեր փափաքը կրնանք մշակել ու խորացնել։ Պետրոս առաքեալ բացատրեց որ Աստուածաշունչի գիտութեան պէտք է տենչանք եւ ան ընդունեց որ այս փափաքը կրնայ զարգանալ։ Ան գրեց. «Իբրեւ նորածին մանուկներ մի՛շտ փափաքեցէք բանական ու անխարդախ կաթին, որպէսզի անոր միջոցով աճիք փրկութեան համար»։ (Ա. Պետրոս 2։2, Երուսաղէմ) Ինքնակրթութիւնը կենսական է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան հանդէպ «փափաք» զարգացնելու համար։ Ճիշդ ինչպէս որ նոր կերակուր մը քանի մը անգամ համտեսելէ ետք կը սկսինք սիրել, ընթերցելու եւ ուսումնասիրելու հանդէպ մեր կեցուածքն ալ կրնայ բարեփոխուիլ, եթէ մենք մեզ կրթելով կանոնաւոր վարժութեան մը հետեւինք։
‘Ատենին Կերակուր’
10. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» որոնցմէ՞ բաղկացած է, եւ Եհովա ի՞նչպէս կը գործածէ զանոնք ներկայիս։
10 Ներկայիս մեզի հետ խօսելու համար Եհովայի գործածած ուրիշ մէկ ճամբուն մատնանշեց Յիսուս՝ Մատթէոս 24։45-47–ի մէջ։ Հոն ան խօսեցաւ հոգիով օծուած քրիստոնէական ժողովքին՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին՝ մասին, որ նշանակուած էր հոգեւոր ‘կերակուր տալու ատենին’։ Անհատապէս՝ այս դասակարգին անդամները Յիսուսի «ծառաներ»ն են։ Անոնք՝ «ուրիշ ոչխարներ»ու ‘մեծ բազմութեան’ հետ, քաջալերութիւն եւ առաջնորդութիւն կը ստանան։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16) Ատենին եղած այս կերակուրը ընդհանրապէս տպուած էջերու ձեւով կու գայ, ինչպէս՝ Դիտարան–ը, Զարթի՛ր–ը եւ այլ գրականութիւններ։ Յաւելեալ հոգեւոր կերակուր կը մատակարարուի համաժողովներու ու ժողովքային հանդիպումներու մէջ տրուած դասախօսութիւններով եւ ցուցադրութիւններով։
11. Ի՞նչպէս կ’ապացուցանենք որ կ’ընդունինք ինչ որ հոգին կ’ըսէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։
Եբրայեցիս 5։14) Այսպիսի խրատներ կրնան ընդհանրական ըլլալ, թոյլ տալով որ իւրաքանչիւր անհատ անձնական կիրարկում մը ընէ։ Ժամանակ առ ժամանակ, մեր վարքին մասնայատուկ մէկ երեսակին հետ առնչուած խրատներ ալ կը ստանանք։ Եթէ իրապէս կը լսենք ինչ որ հոգին կ’ըսէ ծառայ դասակարգին միջոցաւ, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր կեցուածքը։ Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք»։ (Եբրայեցիս 13։17) Ճիշդ է որ այս պաշտօնի վրայ գտնուողներուն բոլորն ալ անկատար մարդիկ են։ Այսուհանդերձ, Եհովա այս վերջին ժամանակին մէջ մեզ առաջնորդելու համար, կը հաճի իր մարդկային ծառաները գործածել՝ հակառակ անոր որ անկատար են։
11 «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած տեղեկութեան նպատակն է մեր հաւատքը զօրացնել եւ մեր ըմբռնելու կարողութիւնը մարզել։ (Մեր Խղճմտանքը Որպէս Առաջնորդ
12, 13. (ա) Եհովա առաջնորդութեան ուրիշ ի՞նչ միջոց տուած է մեզի։ (բ) Խղճմտանքը ի՞նչ դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ նոյնիսկ Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը չունեցող անհատներուն վրայ։
12 Եհովա առաջնորդութեան ուրիշ միջոց մըն ալ տուած է մեզի, որ է մեր խղճմտանքը։ Ան մարդը ստեղծեց շիտակի ու սխալի ներքին զգացումով մը։ Անիկա մեր բնոյթին մաս կը կազմէ։ Հռովմէացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «Հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը»։—Հռովմայեցիս 2։14, 15
13 Եհովան չճանչցողներէն շատեր, որոշ չափով իրենց խորհուրդներն ու արարքները շիտակի ու սխալի աստուածային սկզբունքներուն հետ կը ներդաշնակեն։ Կարծես թէ շիտակ ուղղութեամբ առաջնորդուելու համար ներքին թեթեւ ձայն մը կը լսեն։ Եթէ Աստուծոյ Խօսքին գիտութիւնը չունեցողներուն պարագան այս է, այդ ներքին ձայնը որքա՜ն աւելի բարձր պիտի խօսի ճշմարիտ Քրիստոնեաներու պարագային։ Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութեամբ զտուած քրիստոնէական խղճմտանք մը, որ Եհովայի սուրբ հոգիին համաձայն կը գործէ, անշուշտ վստահելի առաջնորդութիւն կրնայ հայթայթել։—Հռովմայեցիս 9։1
14. Սուրբ Գրքով մարզուած խիղճ մը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ Եհովայի հոգիին առաջնորդութեան հետեւինք։
14 Լաւ խիղճ մը, որ Աստուածաշունչով մարզուած է, մեզի կրնայ վերյիշեցնել այն ճամբան, որու մէջ հոգին կ’ուզէ որ քալենք։ Պարագաներ կրնան ըլլալ, երբ ո՛չ Սուրբ Գիրքը եւ ոչ ալ սուրբ գրային գրականութիւններ որոշապէս կը բացատրեն կացութիւն մը, որու մէջ կրնանք գտնուիլ։ Ասով հանդերձ, մեր խիղճը կրնայ ազդարարութիւն հնչեցնել, մեզ զգուշացնելով հաւանական վնասակար ընթացքի մը դէմ։ Այսպիսի պարագաներու, մեր խղճին ձայնը անտեսելը, իրապէս կը նշանակէ Եհովայի հոգիին ըսածը անտեսել։ Միւս կողմէ, մեր մարզուած քրիստոնէական խղճին ապաւինիլ սորվելով, կրնանք լաւ ընտրութիւններ ընել, նոյնիսկ երբ գրաւոր մասնայատուկ ուղղութիւն մը չկայ։ Սակայն կենսական է ի մտի ունենալ, որ երբ Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած սկզբունք մը, կանոն մը կամ օրէնք մը չկայ, անպատշաճ պիտի ըլլար, ամբողջովին անձնական հարցերու մէջ, մեր անձնական խղճին դատողութիւնները պարտադրել հաւատակիցներու վրայ։—Հռովմայեցիս 14։1-4. Գաղատացիս 6։5
15, 16. Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ որ մեր խիղճը լաւ չաշխատի. ի՞նչպէս կրնանք ասոր արգելք հանդիսանալ։
15 Մաքուր, Սուրբ Գրքով մարզուած խիղճ մը Աստուծմէ բարի պարգեւ մըն է։ (Յակոբու 1։17) Բայց այս պարգեւը պէտք է պաշտպանենք ապականիչ ազդեցութիւններէն, եթէ կ’ուզենք որ անիկա որպէս բարոյական ապահովութեան գործիք՝ լաւ աշխատի։ Եթէ Աստուծոյ չափանիշներուն հակասող տեղական սովորութիւններու, աւանդութիւններու ու բարքերու հետեւինք, մեր խիղճը կրնայ սխալ աշխատիլ եւ դէպի շիտակը մեզ խթանելու մէջ թերանալ։ Կրնանք հարցերը շիտակ կերպով դատելու անկարող ըլլալ եւ նոյնիսկ մենք մեզ խաբել, հաւատալով որ գէշ արարք մը իրապէս լաւ է։—Համեմատել՝ Յովհաննու 16։2
Սաղմոս 119։70) Անոնք որոնք իրենց խղճին տուած ազդարարութիւնները կ’անտեսեն, ճիշդ կերպով մտածելու կարողութիւնը կը կորսնցնեն։ Անոնք այլեւս աստուածային սկզբունքներով չեն առաջնորդուիր եւ չեն կրնար շիտակ որոշումներ տալ։ Այսպիսի կացութենէ մը խուսափելու համար, մեր քրիստոնէական խղճին տուած առաջնորդութեան նկատմամբ զգայուն պէտք է ըլլանք, նոյնիսկ երբ խնդրոյ առարկայ հարցերը աննշան են։—Ղուկաս 16։10
16 Եթէ շարունակենք մեր խղճին տուած ազդարարութիւնները անտեսել, անոր ձայնը հետզհետէ պիտի տկարանայ, մինչեւ որ բարոյապէս անտարբեր կամ անզգայ դառնանք։ Սաղմոսերգուն այսպիսի անհատներու մասին խօսեցաւ, երբ ըսաւ. «Անոնց սիրտը ճարպի պէս պարարտացաւ [«անզգայ դարձաւ», ՆԱ]»։ (Երանի՜ Անոնց Որոնք կը Լսեն ու կը Հնազանդին
17. Երբ ‘մեր ետեւէն եկող խօսքին’ ականջ տանք եւ Սուրբ Գրքով մարզուած մեր խղճին ուշադրութիւն ընենք, ի՞նչպէս պիտի օրհնուինք։
17 Երբ՝ Սուրբ Գրքին եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ հայթայթուած ‘մեր ետեւէն եկած խօսքը’ լսելը վարժութիւն դարձնենք եւ, Սուրբ Գրքով մարզուած մեր խղճին վերյիշեցումներուն ականջ տանք, Եհովա մեզ պիտի օրհնէ, իր հոգին տալով։ Սուրբ հոգին, իր կարգին, Եհովայի մեզի ըսած բաները ստանալու ու հասկնալու մեր կարողութիւնը պիտի զօրացնէ։
18, 19. Եհովայի ուղղութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի, ըլլայ մեր ծառայութեան, կամ մեր անձնական կեանքին մէջ։
18 Եհովայի հոգին նաեւ մեզ խիզախ պիտի դարձնէ, որպէսզի դժուար վիճակները իմաստութեամբ ու քաջութեամբ դիմագրաւենք։ Առաքեալներուն պարագային նման, Աստուծոյ հոգին կրնայ մեր բանականութիւնը խթանել եւ մեզի օգնել որ միշտ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն վարուինք ու խօսինք։ (Մատթէոս 10։18-20. Յովհաննու 14։26. Գործք 4։5-8, 13, 31. 15։28) Եհովայի հոգին ու մեր ջանքերը միասնաբար մեզի յաջողութիւն պիտի տան, մինչ կեանքի մէջ կարեւոր որոշումներ կու տանք, մեզի քաջութիւն տալով որ այդ որոշումներուն համաձայն քալենք։ Օրինակ, թերեւս ձեր կենցաղը բարեճշդելու մասին կը մտածէք, հոգեւոր բաներու համար աւելի ժամանակ ունենալու համար։ Կամ՝ թերեւս կարեւոր, ու ձեր կեանքը փոփոխութեան ենթարկելիք ընտրութեան մը դիմաց կը գտնուիք, ինչպէս՝ կողակից մը ընտրել, գործի առաջարկ մը կշռադատել, կամ՝ տուն մը գնել։ Փոխանակ թոյլ տալու որ զուտ մարդկային զգացումներէ մղուած որոշումներ տանք, պէտք է մտիկ ընենք թէ Աստուծոյ հոգին ի՛նչ ունի ըսելիք եւ անոր տուած ուղղութեան համաձայն գործենք։
19 Իրապէս կը գնահատենք այն ազնիւ վերյիշեցումները եւ խրատները, զորս կը ստանանք Քրիստոնեայ հաւատակիցներէ՝ երէցներն ալ ներառեալ։ Բայց, պէտք չէ սպասենք որ միշտ ուրիշներ կարգ մը նիւթեր մեր ուշադրութեան յանձնեն։ Եթէ գիտենք թէ Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար ո՛ր իմաստուն ընթացքին պէտք է հետեւինք եւ թէ՝ ի՛նչ բարեճշդումներ ընելու կարիքը ունինք, ուրեմն գործի անցնինք։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք»։—Յովհաննու 13։17
20. Ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանան անոնք որոնք ականջ կու տան ‘իրենց ետեւէն լսուող խօսքին’։
20 Որոշ է ուրեմն, որ Քրիստոնեաները ո՛չ երկինքէն բառացի ձայն մը լսելու, ո՛չ ալ հրեշտակային այցելութիւն մը ունենալու կարիքը ունին, Աստուած հաճեցնելու կերպը գիտնալու համար։ Անոնք Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը եւ երկրի վրայ իր օծեալ ծառաներու դասակարգին սիրալիր առաջնորդութիւնը ունին։ Եթէ անոնք ուշադիր կերպով ականջ տան ‘իրենց ետեւէն եկող խօսքին’ եւ Աստուածաշունչով մարզուած իրենց խղճին, Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ յաջողութիւն պիտի գտնեն։ Այն ատեն, վստահաբար պիտի տեսնեն Յովհաննէս առաքեալի խոստումին կատարումը. «Ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17
Կարճ վերաքաղ մը
• Եհովա ինչո՞ւ կը հաղորդակցի իր մարդկային ստեղծագործութեան հետ։
• Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կանոնաւոր յայտագրէն ի՞նչ օգուտ կը քաղենք։
• Ծառայ դասակարգէն եկած առաջնորդութեան ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք։
• Ինչո՞ւ պէտք չէ անտեսենք Աստուածաշունչով մարզուած խղճին ձայնը։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 13]
Մարդը ամենէն արդիական գործիքներու կարիքը չունի Աստուծմէ պատգամներ ստանալու համար
[Նկարին աղբիւրը]
Courtesy Arecibo Observatory/David Parker/Science Photo Library
[Նկար՝ էջ 15]
Եհովա մեզի կը խօսի Աստուածաշունչին ընդմէջէն եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով