Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կաշառակերութեան դէմ պայքարիլ հոգիին սուրով

Կաշառակերութեան դէմ պայքարիլ հոգիին սուրով

Կաշառակերութեան դէմ պայքարիլ հոգիին սուրով

«Նոր անձնաւորութիւնը ձեր վրայ հագէք, որ Աստուծոյ կամքին պէս արդարութիւնով ու հաւատարմութիւնով ստեղծուած է»։—Եփեսացիս 4։24ՆԱ

ԻՐ ԶԵՆԻԹԻՆ մէջ եղող Հռովմէական Կայսրութիւնը մարդկային մեծագոյն վարչութիւնն էր, որ աշխարհ ցարդ ճանչցած էր։ Հռովմէական օրէնսդրութիւնը այնքան ազդեցիկ էր որ անիկա տակաւին շատ մը երկիրներու օրինագրքին հիմը կը կազմէ։ Սակայն, հակառակ Հռովմի իրագործումներուն, անոր լեգէոնները չկարողացան նենգ թշնամի մը նուաճել՝ որ էր փտածութիւնը։ Ի վերջոյ, փտածութիւնը արագացուց Հռովմի անկումը։

Պօղոս առաքեալ Հռովմէացի կաշառակեր պաշտօնեաներու ձեռքին մէջ տառապողներէն մին էր։ Զինք հարցաքննող Հռովմէացի կառավարիչը՝ Փելիքս՝ անպատճառ հասկցած էր որ Պօղոս անմեղ էր։ Սակայն, Փելիքս՝ իր ատենուան ամենէն կաշառակեր կառավարիչներէն մէկը՝ Պօղոսի դատավարութիւնը յապաղեցուց, յուսալով որ ազատ արձակուելու համար Պօղոս իրեն դրամ տար։—Գործք 24։22-26

Փոխանակ Փելիքսը կաշառելու, Պօղոս անկեղծօրէն անոր խօսեցաւ «արդարութեան ու ժուժկալութեան» մասին։ Փելիքս իր կերպերը չփոխեց, իսկ Պօղոս բանտին մէջ մնաց, փոխանակ փորձելով կաշառքով խոյս տալ օրինական կարգադրութենէն։ Ան ճշմարտութեան եւ պարկեշտութեան պատգամ մը քարոզեց, եւ անոր համաձայն ապրեցաւ։ Ան Հրեայ Քրիստոնեաներուն գրեց. «Հաստատ գիտենք թէ մաքուր խղճմտանք ունինք. կ’ուզենք պարկեշտ ընթացք մը ցոյց տալ ամէն բանի մէջ»։—Եբրայեցիս 13։18, Երուսաղէմ

Այսպիսի կեցուածք մը այն ժամանակուան բարոյականութեան ճիշդ հակառակն էր։ Փելիքսի եղբայրը՝ Պալլաս՝ վաղեմի աշխարհին մեծահարուստներէն մէկն էր, եւ 45 միլիոն տոլարի համարժէք իր հարստութիւնը, գրեթէ ամբողջութեամբ դիզած էր կաշառքով եւ յափշտակութեամբ։ Սակայն, իր հարստութիւնը շուքի մէջ կը մնայ, բաղդատմամբ՝ 20–րդ դարու կաշառակեր կառավարիչներուն դիզած միլիառաւոր տոլարներուն հետ, որոնք պահուած են դրամատան գաղտնի հաշիւներու մէջ։ Բացայայտօրէն, միայն միամիտները պիտի հաւատան որ ներկայ կառավարութիւնները կաշառակերութեան դէմ պատերազմը շահած են։

Քանի որ կաշառակերութիւնը այսքան երկար ատենէ զօրաւոր արմատ կապած է, պէ՞տք է եզրակացնենք թէ անիկա պարզապէս մարդկային բնոյթին մէկ մասն է։ Կամ՝ կարելի՞ է բան մը ընել կաշառակերութիւնը սանձելու համար։

Ի՞նչպէս Կարելի Է Կաշառակերութիւնը Սանձել

Կաշառակերութիւնը սանձելու առաջին բացայայտ քայլն է՝ ընդունիլ թէ կաշառակերութիւնը կործանարար եւ սխալ է, քանի որ անիկա սկզբունք չունեցող մարդոց օգուտ կը բերէ, ի վնաս ուրիշներուն։ Անկասկած, այդ ուղղութեամբ որոշ յառաջդիմութիւն մը արձանագրուած է։ Ճէյմս Ֆոլի, Մ.Ն. պետական քարտուղարին տեղակալը ըսաւ. «Բոլորս կը գիտակցինք որ կաշառակերութեան համար վճարուած գինը բարձր է։ Կաշառքը կը տկարացնէ լաւ ղեկավարումը, կը վնասէ ազդու տնտեսութեան եւ բարւոքման, կը խեղաթիւրէ առեւտրականութիւնը, եւ լուրջ վնասներ կը հասցնէ աշխարհի չորս կողմը գտնուող քաղաքացիներուն»։ Շատեր համաձայն են իր հետ։ 17 Դեկտեմբեր 1997–ին, 34 գլխաւոր երկիրներ «կաշառակերութեան համաձայնագիր» մը ստորագրեցին, որու նպատակն էր «կաշառակերութեան դէմ երկրածաւալ պայքարին վրայ մեծ ազդեցութիւն մը բանեցնել»։ Համաձայնագիրը՝ «առեւտրական միջազգային համաձայնութիւններ ձեռք ձգելու կամ պահելու համար, օտար կառավարական պաշտօնեայի մը կաշառք առաջարկելը, խոստանալը կամ տալը, ոճիր կը նկատէ»։

Սակայն, օտար երկիրներու մէջ առեւտրական համաձայնութիւններ ձեռք ձգելու համար կաշառք տալը, կաշառակերութեան միայն տեսանելի պզտիկ մէկ մասն է։ Կաշառակերութիւնը ամէն մակարդակի վրայ անհետացնելը, կը պահանջէ երկրորդ՝ բայց շատ աւելի դժուար քայլ մը. սրտի՝ կամ աւելի ճիշդը, շատ մը սրտերու փոփոխութիւն մը։ Ամէնուրեք մարդիկ պէտք է սորվին կաշառակերութիւնը կամ փտածութիւնը ատել։ Միայն այն ատեն է որ կաշառակերութիւնը պիտի անհետանայ։ Ասիկա իրագործելու համար, Նիուզուիք պարբերաթերթը ըսաւ թէ ոմանք կը խորհին թէ կառավարութիւնները պէտք է «քաղաքացիական առաքինութեան ընդհանուր զգացում մը քաջալերեն»։ Թրէնսբերընսի Ինթըրնէշընըլ՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարող խումբ մը՝ նոյնպէս կը յանձնարարէ, որ իրեն թիկունք կանգնողները գործատեղիին մէջ «‘ուղղամտութեան սերմ’ մը ներարկեն»։

Կաշառակերութեան դէմ պայքարը բարոյական պայքար մըն է, զոր կարելի չէ միայն օրէնսդրութեամբ կամ օրինական պատիժներու «թուր»ով յաղթել։ (Հռովմայեցիս 13։4, 5) Մարդոց սրտին մէջ առաքինութեան եւ ուղղամտութեան սերմեր պէտք է ցանուին։ Ասիկա կարելի է լաւագոյն կերպով իրագործել, Պօղոս առաքեալի նկարագրած «հոգիին սուրը»՝ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ գործածելով։—Եփեսացիս 6։17

Աստուածաշունչը կը Դատապարտէ Կաշառակերութիւնը

Պօղոս ինչո՞ւ աչք չխփեց կաշառակերութեան վրայ։ Քանի որ ան ուզեց Աստուծոյ կամքը կատարել, «որ աչառութիւն չ’ըներ ու կաշառք չ’առներ»։ (Բ. Օրինաց 10։17) Ասկէ զատ, Պօղոս անկասկած յիշեց Մովսիսական Օրէնքին մէջ գտնուած մասնայատուկ հրահանգը. «Աչառութիւն մի՛ ըներ ու կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը իմաստուններուն աչքը կը կուրցնէ ու արդարներուն խօսքը սուտ կը հանէ»։ (Բ. Օրինաց 16։19) Դաւիթ Թագաւոր ալ հասկցաւ թէ Եհովա կաշառակերութիւնը կ’ատէ, եւ խնդրեց որ Աստուած զինք մեղաւորներուն շարքին չդասէ, որոնց «աջ ձեռքը կաշառքով լեցուն է»։—Սաղմոս 26։10

Աստուած անկեղծօրէն պաշտողները, կաշառակերութիւնը մերժելու յաւելեալ պատճառներ ունին։ Սողոմոն գրեց. «Արդարութեա՛մբ թագաւորը կը հաստատէ իր երկիրը, բայց կաշառք առնողը զանիկա կը կործանէ»։ (Առակաց 29։4) Արդարութիւնը կայունութիւն յառաջ կը բերէ՝ մանաւանդ երբ բարձրագոյն պաշտօնեայէն սկսեալ գործադրուի. մինչդեռ կաշառակերութիւնը երկիրը կ’աղքատացնէ։ Հետաքրքրականօրէն, Նիուզուիք–ը նշեց. «Դրութեան մը մէջ, ուր ամէն ոք կ’ուզէ կաշառակերութեան հասոյթէն բաժին մը առնել եւ գիտէ զայն ինչպէս ձեռք ձգել, տնտեսութիւնը պարզապէս կրնայ քանդուիլ»։

Նոյնիսկ երբ տնտեսութիւնը ամբողջովին փուլ չգայ, արդարութիւն սիրողները կ’ընդվզին, երբ կաշառակերութիւնը անկաշկանդ ուռճանայ։ (Սաղմոս 73։3, 13) Արդարութեան բնածին ցանկութիւնը մեր մէջ դնող մեր Ստեղծիչին դէմ ալ սխալ կը գործուի։ Անցեալին, Եհովա միջամտած է բացայայտ կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու համար։ Օրինակի համար, ան Երուսաղէմի բնակիչներուն բացայայտօրէն ըսաւ թէ ինչո՛ւ զիրենք իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի մատնէր։

Իր Միքիա մարգարէին միջոցաւ, Աստուած ըսաւ. «Հիմա ասիկա լսեցէ՛ք, ո՛վ Յակոբի տանը գլխաւորներ ու Իսրայէլի տանը իշխաններ, դուք որ իրաւունքէն կը զզուիք, ամէն ուղղութիւն կը ծռէք։ Անոր գլխաւորները կաշառքով կը դատեն, անոր քահանաները վարձքով կը սորվեցնեն, անոր մարգարէները ստակով գուշակութիւն կ’ընեն։ . . . Ուրեմն ձեր պատճառով Սիօն ագարակի պէս պիտի հերկուի, Երուսաղէմ՝ աւերակներու դէզեր . . . պիտի ըլլայ»։ Կաշառակերութիւնը Իսրայէլի մէջ ընկերութիւնը քանդեց, ճիշդ ինչպէս որ դարեր ետք Հռովմը այդ պատճառով քայքայուեցաւ։ Ինչպէս որ Աստուած ազդարարած էր, Միքիա այս խօսքերը գրելէն շուրջ դար մը ետք, Երուսաղէմ կործանեցաւ եւ ամայացաւ։—Միքիայ 3։9, 11, 12

Սակայն, ոչ մէկ անհատ կամ ազգ պէտք ունի կաշառակեր ըլլալու։ Աստուած կը քաջալերէ որ ամբարիշտը իր ապրելակերպը լքէ եւ իր մտածելակերպը փոխէ։ (Եսայեայ 55։7) Ան կ’ուզէ որ իւրաքանչիւրս ագահութիւնը փոխարինենք անձնազոհութեան՝ եւ կաշառակերութիւնը արդարութեան հետ։ Եհովա մեզի կը յիշեցնէ. «Աղքատին զրկանք ընողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ, բայց տնանկին ողորմութիւն ընողը զԱնիկա կը պատուէ»։—Առակաց 14։31

Փտածութեան Դէմ Յաջողութեամբ Պայքարիլ՝ Աստուածաշունչի Ճշմարտութեամբ

Ի՞նչ բան կրնայ անհատը մղել որ այսպիսի փոփոխութիւն մը ընէ։ Այդ նո՛յն զօրութիւնը, որ Պօղոսը մղեց իր փարիսեցիական կեանքէն հրաժարելու եւ Յիսուս Քրիստոսի յանդուգն հետեւորդ մը ըլլալու։ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ», գրեց ան։ (Եբրայեցիս 4։12) Ներկայիս, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը տակաւին կը քաջալերէ պարկեշտութիւնը, նոյնիսկ խոր կերպով կաշառակերութեան միջամուխ եղող անհատներուն մէջ։ Նկատի առէք օրինակ մը։

Արեւելեան Եւրոպայէն եղող Աղեքսանդր՝ իր զինուորական ծառայութիւնը լրացնելէն կարճ ժամանակ ետք, կորզումով, կեղեքումով եւ կաշառակերութեամբ զբաղող աւազակախումբի մը միացաւ։ * Ան կը բացատրէ. «Նշանակումս մեծահարուստ առեւտրականներէն դրամ շորթել էր, իրենց պաշտպանութիւն ապահովելու պատրուակով։ Անգամ մը որ առեւտրականի մը վստահութիւնը շահէի, մեր խումբին միւս անդամները բռնութեամբ կը սպառնային անոր։ Ապա ես կ’առաջարկէի հարցը ձեռք առնել՝ մեծ գումարի մը փոխարէն։ ‘Յաճախորդներս’ ինծի շնորհակալութիւն կը յայտնէին իրենց խնդիրները ձեռք առնելուս համար, մինչ անոնց գլխաւոր պատճառը ե՛ս էի։ Թէեւ տարօրինակ կրնայ թուիլ, բայց գործին ա՛յս երեսակը կը սիրէի։

«Նաեւ կը սիրէի դրամը եւ այս կենցաղին մատուցած հաճոյքը։ Սուղնոց ինքնաշարժ մը կը քշէի, գեղեցիկ յարկաբաժինի մը մէջ կը բնակէի, եւ ուզածս գնելու դրամ ունէի։ Մարդիկ ինծմէ կը վախնային, եւ ասիկա զօրաւոր ըլլալու զգացում մը կու տար ինծի։ Ձեւով մը կը զգայի թէ ոչ ոք կրնար ձեռքը վրաս դնել եւ թէ՝ օրէնքէն գերակայ էի։ Ոստիկանութեան հետ որեւէ խնդիր կարելի էր լուծել վարպետ փաստաբանի մը միջոցաւ, որ արդարադատական դրութենէն խոյս տալու կերպեր ունէր, կամ՝ շիտակ անհատին կաշառք մը տալով։

«Սակայն, իրենց ապրուստը կաշառակերութենէն կախեալ եղող անհատներուն մէջ հաւատարմութիւնը հազուադէպ բան մըն է։ Մեր խումբին անդամներէն մէկը սկսաւ ինծմէ չախորժիլ, եւ ինքզինքս ատուած զգացի։ Յանկարծ, պճնազարդ ինքնաշարժս, դրամս եւ սուղի նստող ընկերուհիս կորսնցուցի։ Նոյնիսկ սաստիկ ծեծուեցայ։ Այս յեղաշրջումը պատճառ եղաւ որ լրջօրէն կեանքի նպատակին մասին մտածեմ։

«Քանի մը ամիս առաջ, մայրս Եհովայի Վկայ մը եղած էր, եւ ես սկսայ անոնց գրականութիւնները կարդալ։ Առակաց 4։14, 15 համարները ինծի մտածել տուին. ‘Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր։ Անկէ զգուշացի՛ր, անոր քովէն մի՛ անցնիր, անկէ խոտորէ՛ ու անցի՛ր’։ Այսպիսի համարներ զիս համոզեցին որ քրէական կեանք մը վարել փափաքողները իսկական ապագայ մը չունին։ Սկսայ Եհովայի աղօթել եւ իրմէ խնդրել որ զիս ուղիղ ճամբուն մէջ առաջնորդէ։ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցի եւ վերջապէս կեանքս Աստուծոյ նուիրեցի։ Անկէ ի վեր պարկեշտ կեանք մը կ’ապրիմ։

«Անշուշտ, պարկեշտ չափանիշներու համաձայն ապրիլը շատ աւելի քիչ դրամ շահիլ կը նշանակէ։ Սակայն, ներկայիս կը զգամ թէ ապագայ մը ունիմ, եւ թէ կեանքս իսկական իմաստ մը ունի։ Կ’անդրադառնամ որ նախկին կենցաղս, իր բոլոր սուղնոց պճրանքներով, խաղաքարտով շինուած տունի մը նման էր, որ որեւէ վայրկեան կրնար փլիլ։ Նախապէս, անզգայ խիղճ մը ունէի։ Այժմ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան շնորհիւ, անիկա զիս կը խթանէ ամէն անգամ որ անպարկեշտ ըլլալու փորձութեան դիմաց գտնուիմ, նոյնիսկ փոքր հարցերու մէջ։ Կը փորձեմ Սաղմոս 37։3–ի համաձայն ապրիլ, որ կ’ըսէ. ‘Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛. երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր’»։

«Կաշառքներէ Զզուողը Պիտի Ապրի»

Ինչպէս Աղեքսանդր անդրադարձաւ, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կրնայ անհատը մղել որ կաշառակերութիւնը յաղթահարէ։ Ան փոփոխութիւններ ըրաւ, Եփեսացիներուն գրած Պօղոս առաքեալի նամակին մէջ ըսուածներուն համաձայն. «Ձեր վրայէն հան[եց]էք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը [«անձնաւորութիւնը», ՆԱ], որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր . . . ձեր մտքով ու հոգիով նորոգու[եցէ]ք եւ նոր մարդը [«անձնաւորութիւնը», ՆԱ] ձեր վրայ հագ[է]ք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է։ Ուստի ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին, վասն զի մենք իրարու անդամներ ենք։ Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէս զի կարող ըլլայ տալ կարօտ եղողին»։ (Եփեսացիս 4։22-25, 28) Մարդկութեան ապագան ինքնին կախեալ է այսպիսի փոփոխութիւններէ։

Եթէ անսանձ ձգուի, ագահութիւնն ու կաշառակերութիւնը կրնան երկիրը ապականել, ճիշդ ինչպէս որ անոնք Հռովմէական Կայսրութեան կործանման նպաստեցին։ Բարեբախտաբար, սակայն, մարդկութեան Ստեղծիչը ծրագրած է այսպիսի հարցեր դիպուածի չձգել։ Ան որոշած է ‘երկիրը ապականողները ապականել’։ (Յայտնութիւն 11։18) Իսկ կաշառակերութենէ զերծ աշխարհի մը կարօտը քաշողներուն, Եհովա կը խոստանայ որ շուտով ‘նոր երկինք ու նոր երկիր մը’ պիտի գայ, «որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետրոս 3։13

Շիտակ է որ ներկայիս պարկեշտ չափանիշներու համաձայն ապրիլը դիւրին չէ։ Այսուհանդերձ, Եհովա կը հաւաստիացնէ մեզ թէ ի վերջոյ, «ագահութեան անձնատուր եղողը իր տունը խռովութեան մէջ կը ձգէ, բայց կաշառքներէ զզուողը պիտի ապրի»։ * (Առակաց 15։27) Հիմա իսկ կաշառակերութենէ հրաժարելով, ցոյց կու տանք թէ որքան անկեղծ ենք երբ Աստուծոյ կ’աղօթենք. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։10

Մինչ կը սպասենք որ այդ Թագաւորութիւնը գործի լծուի, իւրաքանչիւրս կրնանք ‘արդարութեամբ ցանել’՝ կաշառակերութեան աչք չխփելով, կամ զայն չընելով։ (Ովսեայ 10։12) Եթէ այսպէս ընենք, մեր կեանքն ալ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին զօրութիւնը պիտի ապացուցանէ։ Հոգիին սուրը կրնայ կաշառակերութիւնը նուաճել։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 20 Անունը փոխուած է։

^ պարբ. 28 Անշուշտ կաշառքին եւ թէյափողին միջեւ տարբերութիւն կայ։ Մինչ կաշառքը կը տրուի արդարութիւնը ծռելու կամ ուրիշ անպարկեշտ նպատակներու համար, թէյափողը՝ մատուցուած ծառայութեան մը համար գնահատութեան արտայայտութիւն մըն է։ Ասիկա բացատրուած է Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1986–ի «Հարցումներ Ընթերցողներէն» յօդուածին մէջ (Անգլերէն)։

[Նկար՝ էջ 7]

Աստուածաշունչին օգնութեամբ, կրնանք «նոր անձնաւորութիւնը» մշակել եւ կաշառակերութենէ ետ կենալ