Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ»

«Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ»

«Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ»

ԵՀՈՎԱ Սամուէլ մարգարէին ըսաւ. «Աստուած մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ (Ա. Թագաւորաց 16։7) Այլաբանական սրտին ալ ուշադրութիւն դարձնելով, սաղմոսերգու Դաւիթ երգեց. «[Ո՛վ Եհովա] իմ սիրտս փորձեցիր, գիշեր ատեն քննեցիր, զիս կրակով փորձեցիր ու բան մը չգտար»։—Սաղմոս 17։3

Այո, Եհովա սրտին կը նայի տեսնելու համար թէ իրապէս ի՛նչպիսի մէկն ենք։ (Առակաց 17։3) Ուստի լաւ պատճառով, վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը կը խրատէ. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են»։ (Առակաց 4։23) Մեր այլաբանական սիրտը ի՞նչպէս կրնանք պահպանել։ Առակաց 4–րդ գլուխը կը պատասխանէ այդ հարցումին։

Հօր մը Խրատը Մտի՛կ Ըրէք

Առակաց 4–րդ գլուխը կը սկսի հետեւեալ խօսքերով. «Որդի՛ք, ձեր հօրը խրատը լսեցէ՛ք ու մտի՛կ ըրէք, որպէս զի իմաստութիւնը ճանչնաք։ Վասն զի ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ, իմ օրէնքս մի՛ թողուք»։—Առակաց 4։1, 2

Դեռատիներուն խրատ տրուած է որ իրենց բարեպաշտ ծնողներուն, մանաւանդ իրենց հօր, ողջախոհ խրատը մտիկ ընեն։ Ան իր ընտանիքին ֆիզիքական եւ հոգեւոր կարիքները հայթայթելու սուրբ գրային պատասխանատուութիւնը ունի։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7. Ա. Տիմոթէոս 5։8) Առանց այսպիսի առաջնորդութեան, որքա՜ն աւելի դժուար պիտի ըլլայ որ դեռատիները հասունութեան հասնին։ Ուստի, երախայ մը յարգալից կերպով պէտք չէ՞ ընդունի իր հօրը կրթութիւնը։

Իսկ պատանի մը ի՞նչ կրնայ ընել, եթէ հայր մը չունի որ իրեն կրթութիւն տայ։ Տասնըմէկ տարու Ճէյսընը, զոր օրինակ, չորս տարեկանին հայրը կորսնցուց։ * Երբ Քրիստոնեայ երէց մը անոր հարցուց թէ իր կեանքին մէջ ի՞նչ բան զինք ամենէն շատ կը նեղէր, Ճէյսըն անմիջապէս պատասխանեց. «Հայր մը ունենալու կարօտը կը քաշեմ։ Երբեմն ասոր պատճառաւ ընկճուած կը զգամ»։ Սակայն, ծնողական առաջնորդութիւն չունեցող պատանիներ կրնան մխիթարական խրատներ ստանալ։ Ճէյսընը եւ իրեն նման ուրիշներ, հայրական խրատ կրնան հայցել երէցներէն եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ գտնուող ուրիշ հասուն անհատներէն։—Յակոբու 1։27

Իր ստացած կրթութիւնը մտաբերելով, Սողոմոն կը շարունակէ ըսել. «Ես իմ հօրս իրական տղան էի, փափուկ ու միակը իմ մօրս առջեւ»։ (Առակաց 4։3, ՆԱ) Բացայայտօրէն, թագաւորը կը յիշէր իր գուրգուրանքով մեծցած ըլլալը։ Իր հօրը խրատները սրտանց ընդունող ‘իրական տղայ’ մը ըլլալով, դեռատի Սողոմոնը իր հօրը՝ Դաւիթի հետ ջերմ եւ սերտ յարաբերութիւն մը ունենալու էր։ Մանաւանդ որ Սողոմոն «միակը», կամ շատ սիրուած էր։ Երախայի մը համար որքա՜ն կարեւոր է որ մեծնայ տան մը մէջ, ուր ջերմ մթնոլորտ կայ եւ ծնողներուն հետ հաղորդակցութեան գծերը բաց են։

Իմաստութիւն եւ Խոհեմութիւն Ձեռք Ձգեցէք

Իր հօրը սիրալիր խրատները յիշելով, Սողոմոն կը պատմէ. «Անիկա ինծի կը սորվեցնէր ու կ’ըսէր. ‘Քու սիրտդ իմ խօսքերս թող բռնէ. իմ պատուիրանքներս պահէ ու ապրէ։ Իմաստութիւն ստացիր, խոհեմութիւն ստացիր. մի՛ մոռնար ու իմ բերնիս խօսքերէն մի խոտորիր։ Զանիկա [իմաստութիւնը] մի՛ թողուր, ու անիկա քեզ պիտի պահէ. զանիկա սիրէ, ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ։ Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է, իմաստութիւն ստացիր, ու ամէն ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր’»։Առակաց 4։4-7, Արեւմտահայերէն

Ինչո՞ւ իմաստութիւնը «ամէն բանին գլուխ»ն է։ Իմաստութիւն կը նշանակէ գիտութիւնը եւ հասկացողութիւնը այնպէս մը ի գործ դնել որ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգուին։ Գիտութիւնը՝ իրողութիւններուն հետ ծանօթանալը կամ ընտելանալը, որ դիտելով ու փորձառաբար, կամ կարդալով եւ ուսումնասիրելով կը շահուի՝ հիմնական է իմաստութեան համար։ Բայց եթէ զայն լաւ կերպով գործածելու կարողութիւն չունինք, մեր գիտութիւնը մեծ արժէք պիտի չներկայացնէ։ Մենք ո՛չ միայն կանոնաւորաբար պէտք է կարդանք Աստուածաշունչը եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած սուրբ գրային գրականութիւնները, այլ անոնց մէջէն մեր սորված բաները գործադրելու ջանք պէտք է թափենք։—Մատթէոս 24։45

Խոհեմութիւն ստանալն ալ կարեւոր է։ Առանց անոր, իրողութիւններուն ինչպէս իրարու կապուած ըլլալը ու նկատի առնուած նիւթին ամբողջ պատկերը կրնա՞նք տեսնել։ Եթէ խոհեմութիւն չունենանք, հարցերուն ինչուները եւ ինչպէսները ի՞նչպէս պիտի ըմբռնենք եւ հասկացողութիւն ու ներատեսութիւն ձեռք ձգենք։ Այո, իրողութիւնները քով քովի բերելու եւ շիտակ եզրակացութեան յանգելու համար՝ խոհեմութեան կարիքը ունինք։—Դանիէլ 9։22, 23

Սողոմոն կը շարունակէ իր հօրը խօսքերը պատմել, ըսելով. «Զանիկա [իմաստութիւնը] մեծարէ՛ ու անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ։ Եթէ զանիկա գրկես, քեզ պիտի պատուէ։ Անիկա քու գլխուդ շնորհներու զարդ պիտի տայ. քեզի փառքի պսակ պիտի պարգեւէ»։ (Առակաց 4։8, 9) Աստուածային իմաստութիւնը զայն ողջունողը կը պաշտպանէ։ Ասկէ զատ, իրեն պատիւ ու գեղեցկութիւն կը բերէ։ Ուստի, ամէն գնով, իմաստութիւն ձեռք ձգենք։

«Ամուր Բռնէ Խրատը»

Իր հօրը տուած խրատին անդրադառնալով, Իսրայէլի թագաւորը կը շարունակէ ըսել. «Մտի՛կ ըրէ, որդեա՛կ իմ ու իմ խօսքերս ընդունէ եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի շատնան։ Քեզի իմաստութեան ճամբուն մէջ քալել սորվեցուցի. քեզ ուղղութեան շաւիղներուն մէջ պտըտցուցի, որպէս զի քալելու ատենդ ոտքիդ քայլերը չգայթին ու վազելու ատենդ չսահիս։ Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է»։Առակաց 4։10-13

Որպէս իր հօրը իրական տղան, Սողոմոն գնահատած ըլլալու էր սիրալիր խրատին արժէքը, որ կը սորվեցնէ ու կը սրբագրէ։ Առանց հաւասարակշիռ կրթութեան, ի՞նչպէս կրնանք հոգեւոր հասունութեան դիմել, կամ մեր կեանքին որակը բարելաւել։ Եթէ մեր սխալներէն չսորվինք, կամ եթէ սխալ գաղափարները չսրբագրենք, արդարեւ մեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը նկատելի պիտի չըլլայ։ Տրամաբանական կրթութիւնը բարեպաշտ ընթացքի մը կ’առաջնորդէ եւ մեզի կ’օգնէ որ ‘ուղղութեան շաւիղներուն մէջ պտըտինք’։

Կրթութեան տարբեր տեսակ մըն ալ ‘ձեր կեանքին տարիները պիտի շատցնէ’։ Ի՞նչպէս։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ»։ (Ղուկաս 16։10) Պզտիկ բաներուն մէջ մենք մեզ կրթելը պիտի չօգնէ՞ որ մեծ բաներուն մէջ ալ մենք մեզ կրթենք, որոնցմէ թերեւս կախեալ է մեր կեանքը։ Օրինակ, եթէ մեր աչքերը մարզենք որ ‘կնկայ մը ցանկութեամբ չնային’, անհաւանական պիտի ըլլայ որ անբարոյութեան մէջ իյնանք։ (Մատթէոս 5։28) Բնականաբար այս սկզբունքը կը կիրարկուի թէ՛ տղամարդոց եւ թէ կիներու։ Եթէ մեր միտքը կրթենք որ ‘բոլոր մտքերը գերի ընենք’, շատ քիչ հաւանականութիւն պիտի ըլլայ որ խօսքով կամ գործով լուրջ սխալներ գործենք։—Բ. Կորնթացիս 10։5

Ճիշդ է որ կրթութիւնը ընդունիլը դիւրին չէ եւ անիկա կրնայ կաշկանդիչ թուիլ։ (Եբրայեցիս 12։11) Սակայն, իմաստուն թագաւորը մեզ կը վստահեցնէ որ եթէ կրթութիւնը ամուր բռնենք, մեր ճամբան մեզ յաջողութեան պիտի տանի։ Ճիշդ ինչպէս որ պատշաճ մարզումը թոյլ կու տայ որ վազող մը յառաջ երթայ իր ամբողջ կարողութեամբ, առանց իյնալու կամ ինքզինքին վնաս հասցնելու, կրթութիւնը ամուր բռնելն ալ թոյլ կու տայ որ շարունակենք կեանքի ճամբուն մէջ անխախտ քալել՝ առանց գայթակղելու։ Անշուշտ, ուշադրութեամբ պէտք է ընտրենք մեր ճամբան։

‘Ամբարիշտին Ճամբէն’ Զգուշացէք

Անհրաժեշտութեան զգացումով մը, Սողոմոն կ’ազդարարէ. «Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր։ Անկէ զգուշացի՛ր, անոր քովէն մի՛ անցնիր, անկէ խոտորէ՛ ու անցի՛ր։ Վասն զի անոնք մինչեւ որ չարութիւն չընեն՝ չեն քնանար ու եթէ մէկը չկործանեն՝ քուներնին կը փախչի։ Քանզի անոնք ամբարշտութեան հացը կ’ուտեն ու անիրաւութեան գինին կը խմեն»։Առակաց 4։14-17

Այն ամբարիշտները՝ որոնց ճամբաներէն Սողոմոն կ’ուզէր որ զգուշանայինք, իրենց չար արարքներով կը սնուցանուին։ Անոնց համար չարութիւն ընելը ուտելու ու խմելու պէս է։ Անոնց քունը կը փախի եթէ գէշութիւն մը չընեն։ Անոնց անձնաւորութիւնը իրապէ՛ս փտած է։ Եթէ անոնց հետ ընկերակցինք, կրնա՞նք մեր սիրտը պահպանել։ Ի՜նչ յիմարութիւն է ‘չարերուն ճամբուն մէջ քալել’, մենք մեզ ենթարկելով ներկայ աշխարհին շատ մը զբօսանքներուն մէջ եղած վայրագութեան։ Գորովագութ ըլլալու ջանք թափելը պարզապէս չի համապատասխաներ, հեռատեսիլի կամ շարժապատկերի պաստառին վրայ անզգայութեան աստիճանի հասցնող գէշ տեսարաններու ընկալումին հետ։

Լոյսի Մէջ Կեցէք

Տակաւին ճամբուն նմանութիւնը գործածելով, Սողոմոն կ’ըսէ. «Բայց արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ (Առակաց 4։18) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ձեռնարկելը եւ անոր ըսածները կեանքի մէջ գործադրելու ջանք թափելը, վաղ արշալոյսի մթութեան մէջ ճամբորդութեան մը սկսելուն կրնայ նմանցուիլ։ Մինչ գիշերուան խաւար երկինքը գորշ կապոյտի կը վերածուի, գրեթէ բան մը չենք կրնար տեսնել։ Բայց երբ աստիճանաբար արշալոյսը ծագի, մեր շուրջը գտնուող բաները հետզհետէ աւելի լաւ կը զատորոշենք։ Վերջապէս, արեւը կը շողայ եւ ամէն բան ամենայն մանրամասնութեամբ կը յստականայ։ Այո, ճշմարտութիւնը աստիճանաբար աւելի յստակ կը դառնայ, երբ Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրելու մէջ համբերութեամբ եւ ջանադրութեամբ յարատեւենք։ Սիրտը կեղծ տրամաբանութենէ պաշտպանելու համար անհրաժեշտ է զայն հոգեւորապէս սնուցանել։

Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն իմաստը կամ նշանակութիւնն ալ աստիճանաբար կը պարզուի։ Մարգարէութիւնները կը յստականան մեզի համար, մինչ Եհովայի սուրբ հոգին լոյս կը սփռէ անոնց վրայ, մինչ անոնք աշխարհային իրադարձութիւններով կամ Աստուծոյ ժողովուրդին փորձառութեամբ կը կատարուին։ Փոխանակ անոնց կատարման մասին անհամբերութեամբ ենթադրութիւններ ընելու, պէտք է սպասենք որ ‘լոյսը երթալով լուսաւորուի’։

Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք լոյսի մէջ չքալելով Աստուծոյ առաջնորդութիւնը կը մերժեն։ Սողոմոն կ’ըսէ. «Ամբարիշտներուն ճամբան խաւարի պէս է ու չեն գիտեր թէ՝ ի՞նչ բան իրենց ոտքը պիտի սահեցնէ»։ (Առակաց 4։19) Ամբարիշտները կը նմանին մարդու մը որ մութին մէջ կը սայթաքի, առանց գիտնալու թէ ի՛նչ էր զինք սայթաքեցնողը։ Նոյնիսկ երբ անբարեպաշտ անհատներ բարգաւաճին իրենց անիրաւութեան որպէս հետեւանք, անոնց երեւութական յաջողութիւնը միայն ժամանակաւոր է։ Այսպիսիներուն մասին, սաղմոսերգուն երգեց. «Իրաւամբ դուն [Եհովա] զանոնք սահուն տեղեր դրեր ես. կործանման մէջ իջեցուցիր զանոնք»։—Սաղմոս 73։18

Արթուն Եղէք

Իսրայէլի թագաւորը կը շարունակէ ըսել. «Որդեա՛կ իմ, մտիկ ըրէ իմ խօսքերուս, քու ականջներդ իմ խօսքերուս տուր։ Անոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չհեռանան, զանոնք քու սրտիդ մէջ պահէ, վասն զի անոնք կեանք են զանոնք գտնողներուն եւ անոնց մարմնին՝ բժշկութիւն։ Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են»։Առակաց 4։20-23

Սողոմոնի օրինակը ինքնին կը վկայէ սիրտը պահպանելու խրատին արժէքին։ Ճիշդ է որ ան իր պատանեկութեան մէջ իր հօրը համար «իրական տղայ» մը եղաւ եւ չափահասութեան մէջ բաւական ժամանակ Եհովայի հաւատարիմ մնաց։ Սակայն Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սողոմոնին ծերութեան ժամանակը անոր [օտար] կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ իր հօրը Դաւիթին սրտին պէս կատարեալ չէր»։ (Գ. Թագաւորաց 11։4) Եթէ յարատեւաբար արթնութեամբ չհսկենք, նոյնիսկ ամենալաւ սիրտը կրնայ սխալը ընելու հրապոյրէն տարուիլ։ (Երեմեայ 17։9) Աստուծոյ Խօսքին վերյիշեցումները մեր սրտին մօտիկ՝ ‘անոր մէջ’ պէտք է պահենք։ Ասոր մէջ կ’իյնայ Առակաց 4–րդ գլուխին մէջ հայթայթուած առաջնորդութիւնը։

Ձեր Սրտի Վիճակը Քննեցէք

Մեր այլաբանական սիրտը յաջողութեամբ կը պահպանե՞նք։ Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ մեր ներքին մարդուն վիճակը։ «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի», ըսաւ Յիսուս Քրիստոս։ (Մատթէոս 12։34) Ան նաեւ նշեց. «Սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ»։ (Մատթէոս 15։19, 20) Այո, մեր խօսքերն ու գործերը շատ բան կ’ըսեն մեր ինչպիսի սիրտ մը ունենալուն մասին։

Տեղին ըլլալով, Սողոմոն կը խրատէ մեզ. «Ծուռ բերանը քեզմէ մէկդի՛ ըրէ ու անիրաւ շրթունքները քեզմէ հեռացո՛ւր։ Քու աչքերդ ուղիղ թող նային ու արտեւանունքներդ շիտակ դէպի առջեւդ թող ըլլան։ Ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛ եւ քու բոլոր ճամբաներդ պիտի հաստատուին։ Աջ կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր, ոտքդ չարութենէ դարձո՛ւր»։Առակաց 4։24-27

Սողոմոնի խրատին ի տես, պէտք է մեր խօսակցութիւնը եւ գործերը քննենք։ Եթէ կ’ուզենք մեր սիրտը պահպանել եւ Աստուած հաճեցնել, պէտք է հեռու մնանք ծուռ բերանէն եւ անիրաւ շրթունքներէն։ (Առակաց 3։32) Ուստի, պէտք է անկեղծօրէն խորհինք թէ մեր խօսքերն ու գործերը ի՛նչ կը յայտնեն մեր մասին։ Ապա Եհովայէ օգնութիւն խնդրենք որ մեր գտած որեւէ տկարութիւն սրբագրենք։—Սաղմոս 139։23, 24

Մանաւանդ՝ թող որ ‘մեր աչքերը ուղիղ նային’։ Թող որ անոնք սեւեռած մնան մեր երկնաւոր Հօր սրտանց ծառայութիւն մատուցանելու նպատակակէտին վրայ։ (Կողոսացիս 3։23) Մինչ անհատապէս այսպիսի ուղիղ ընթացքի մը կը հետեւիք, թող որ Եհովան ‘ձեր բոլոր ճամբաներուն’ մէջ ձեզի յաջողութիւն շնորհէ եւ, քանի որ ‘ձեր սիրտը պահելու’ ներշնչեալ խրատին ուշադրութիւն կ’ընծայէք՝ ձեզ մեծապէս օրհնէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Իր իրական անունը չէ։

[Մէջբերում՝ էջ 22]

Վայրագութիւն դրսեւորող զբօսանքներէն կը խուսափի՞ք

[Նկար՝ էջ 21]

Փորձառու անհատներու խրատներէն օգտուեցէք

[Նկար՝ էջ 23]

Կրթութիւնը ձեր յառաջդիմութիւնը չի կասեցներ

[Նկար՝ էջ 24]

Աստուածաշունչի ձեր ուսումնասիրութեան մէջ յարատեւեցէք