Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ հաւատք կը կերտուի Հնդկաստանի մէջ

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ հաւատք կը կերտուի Հնդկաստանի մէջ

Մենք անոնցմէ ենք որ կը հաւատան

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ հաւատք կը կերտուի Հնդկաստանի մէջ

ՀԻՒՍԻՍԸ գտնուող վեհ ու ձիւնապատ Հիմալայան Լեռներէն մինչեւ հարաւ՝ Հնդկական Ովկիանոսին շոգեբուխ ծովեզերքները տարածուող Հնդկաստանը, աշխարհագրական ու կրօնական գետնի վրայ այլազանութեան երկիր մըն է։ Իր ունեցած աւելի քան մէկ միլիառ բնակչութեան շուրջ 83 տոկոսը Հինտուներ են, 11 տոկոսը Մահմետականներ, իսկ մնացածը գլխաւորաբար կը բաղկանայ անուանական Քրիստոնեաներէ, Սիխերէ, Պուտտայականներէ, եւ Ճէնականներէ։ Բոլորն ալ պաշտամունքի ազատութիւն կը վայելեն։ Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն կ’ըսէ. «Հնդկական կենցաղին մէջ, կրօնքը կենսական դեր մը կը խաղայ»։

Իրենց քրիստոնէական հաւատքին համաձայն ապրողներ նկարագրութիւնը՝ շատ լաւ կը յարմարի Եհովայի Վկաներուն, որոնց թիւը Հնդկաստանի մէջ 21,200–էն աւելի է։ Աշխարհի այլ մասերուն մէջ գտնուող իրենց հոգեւոր ընկերակիցներուն նման, Հնդկաստանի Վկաները, Աստուծոյ Խօսքին՝ Սուրբ Աստուածաշունչին վրայ զօրաւոր հաւատք կերտելու համար իրենց դրացիներուն օգնելը, առանձնաշնորհում կը նկատեն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Նկատի առէք թէ Հնդկաստանի հարաւը գտնուող Չէննայի մէջ, ընտանիք մը ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ծանօթացաւ։

Եհովայի Վկաներուն հետ շփման մէջ գալէն առաջ, այս ընտանիքը Կաթողիկէ հրաշաձօն շարժումներու մէջ գործօն բաժին մը ունէր, դաւանելով տեսիլքներ տեսնել, լեզուներ խօսիլ եւ հիւանդներ բուժել։ Անոնք եկեղեցիին եւ համայնքին մէջ կարկառուն էին, ոմանք նոյնիսկ այս ընտանիքին կարգ մը անդամները «սուամի»՝ այսինքն «տէր»՝ կը կանչէին։ Օր մը Վկայ մը այս ընտանիքին այցելեց եւ Աստուածաշունչէն անոնց ցոյց տուաւ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, եւ ոչ թէ՝ Ամենակալ Աստուածը, ինչպէս սովորաբար մարդիկ կը հաւատան։ Վկան նաեւ անոնց ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է, եւ թէ Եհովայի նպատակն է երկիրը գեղեցիկ դրախտի մը վերածել։—Սաղմոս 83։18. Ղուկաս 23։43. Յովհաննու 3։16

Քանի որ այս ընտանիքի անդամները Աստուծոյ Խօսքը կը յարգէին եւ իրենց լսածը սիրեցին, անոնք Եհովայի Վկաներուն հետ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու հաւանութիւն տուին։ Այս պատճառաւ եկեղեցիի ծանօթներուն կողմէ ծաղրանքի ենթարկուեցան։ Այսուհանդերձ, այս ընտանիքը վճռեց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը շարունակել։ Մինչ անոնց գիտութիւնը աւելցաւ ու հաւատքը զօրացաւ, անոնք իրենց կրօնական սուտ սովորութիւնները դադրեցուցին։ Ներկայիս, այս ընտանիքին երեք անդամները մկրտուած եռանդուն Վկաներ են, իսկ մայրը՝ երբ որ կարելիութիւնը ունենայ, որպէս օժանդակ ռահվիրայ կը ծառայէ։

Հաշմանդամութիւններ Յաղթահարող Հաւատք

Սունտըր Լալ՝ Փունճապի գիւղերէն մէկուն մէջ ապրող երիտասարդ մը, ուրիշներու հետ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը բաժնելու համար, զօրաւոր հաւատքի եւ քաջութեան կարիքը ունէր։ (Մատթէոս 24։14) Պատճառներէն մէկը այն էր, որ ան իր ընտանիքին բազմաստուածեան հաւատալիքները եւ իր գիւղը ձգած էր, ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան պաշտելու համար։ Իսկ միւս՝ Սունտըր Լալ ոտքեր չունէր։

Մինչեւ 1992, Սունտըր Լալ սովորական կեանք մը կը վարէր։ Ան բժիշկի մը օգնականն էր եւ ընտանիքին հետ մէկտեղ զանազան աստուածութիւններ կը պաշտէր, իրենց ընտրեալ կուրու–ին առաջնորդութեան ներքեւ։ Ապա, գիշեր մը, երկաթուղագիծի մը վրայէն անցնելու ատեն ինկաւ։ Շոգեկառք մը իր վրայէն անցաւ եւ զիստէն վար իր երկու ոտքերը մարմնէն անջատեց։ Թէեւ վերապրեցաւ, սակայն անոր կեանքը խորտակուեցաւ։ Հասկնալիօրէն, Սունտըր Լալ խորապէս ընկճուեցաւ եւ նոյնիսկ մտածեց անձնասպան ըլլալ։ Անոր ընտանիքը իրեն թիկունք կանգնեցաւ, բայց իր ապագան անյոյս կը թուէր։

Ապա, Եհովայի Վկայ մը այցելեց Սունտըր Լալին եւ Աստուածաշունչէն անոր ցոյց տուաւ թէ Աստուած խոստացած է երկիրը հաճելի դրախտի մը վերածել եւ կատարեալ առողջութիւն տալ բոլոր զինք սիրողներուն եւ իրմէ վախցողներուն։ Սունտըր Լալ համաձայնեցաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ տարի մը ժրաջանօրէն ուսումնասիրեց։ Ան քրիստոնէական ժողովներ յաճախելու հրաւէր ստացաւ եւ ի վերջոյ բարեկամի մը հեծանիւին ետեւը նստելով գնաց։ Թէեւ ասիկա ցաւագին ճամբորդութիւն մըն էր, սակայն մեծապէս՝ վարձահատոյց։ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեամբ իր սորվածները աչքով տեսաւ, երբ ծանօթացաւ ուրիշներու, որոնք իսկապէս կը հաւատային Աստուծոյ Խօսքին եւ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հետ ներդաշնակ կ’ապրէին։

Սունտըր Լալ սկսաւ իր դրացիներուն հետ բարի լուրը բաժնել, եւ 1995–ին մկրտուեցաւ։ Սկիզբը, իր գիւղին մէջ դռնէ դուռի ծառայութեան մասնակցեցաւ ինքզինք քաշքշելով, ինչ որ իր փոխադրուելու բնական կերպն էր։ Սակայն ներկայիս, ան իր հոգեւոր եղբայրներէն նուէր մը ունի. եռանիւ հեծանիւ մը, որ յատկապէս պատրաստուած է ձեռքով դարձող «ոտնակներով»։ Իր եռանիւ հեծանիւին շնորհիւ, ան ներկայիս աւելի անկախ է եւ կարող է առանձին տասնըերկու քիլոմեթր ճամբորդել, ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուելու համար։ Երբեմն, ան իր հեծանիւը կը քշէ տեղատարափներու ընթացքին, իսկ երբեմն՝ երբ տաքութիւնը աւելի քան 43 աստիճանի կը հասնի։

Ժողովներ յաճախելէն զատ, Սունտըր Լալ բազմաթիւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէ, անոնց հետ որոնք կը փափաքին օգնութիւն ստանալ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատք կերտելու համար։ Արդարեւ, իր Աստուածաշունչի աշակերտներէն եօթն ներկայիս մկրտուած են, ինչպէս նաեւ՝ երեք ուրիշներ, որոնց ինք քարոզած է, բայց ուրիշ Վկաներ անոնց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրած են։

Աստուածաշունչին համաձայն, «ամէնքը հաւատք չունին»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։2) Սակայն, «յաւիտենական կեանքի սահմանուած»ները Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելով կրնան զօրաւոր հաւատք մը կերտել։ (Գործք 13։48) Այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը նաեւ աչքերը կը փայլեցնէ հոյակապ ապագայի յոյսով՝ որու հետզհետէ աւելի մեծ թիւով անհատներ հաւատք կ’ընծայեն Հնդկաստանի մէջ։

[Քարտէս՝ էջ 30]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆ

ՓԱՔԻՍՏԱՆ

ՆԵՓԱԼ

ՊՈՒԹԱՆ

ՉԻՆԱՍՏԱՆ

ՊԱՆԿԼԱՏԷՇ

ՄԻԱՆՄԱՐ

ԼԱՈՍ

ԹԱՅԼԱՆՏ

ՎԻԵԹՆԱՄ

ԳԱՄՊՈՏԻԱ

ՍՐԻ ԼԱՆՔԱ

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

[Նկարին աղբիւրը]

Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.