Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին հաւատք ընծայեցէ՛ք

Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին հաւատք ընծայեցէ՛ք

Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին հաւատք ընծայեցէ՛ք

«Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1։19

1, 2. Գրի առնուած առաջին մարգարէութիւնը ի՞նչ էր, իսկ անոր յարուցած հարցումներէն մէկը ի՞նչ էր։

ԵՀՈՎԱ էր գրի առնուած առաջին մարգարէութեան Աղբիւրը։ Ադամն ու Եւան մեղանչելէ ետք, Աստուած օձին ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։1-7, 14, 15) Դարեր պէտք էր անցնէին, այս մարգարէական խօսքերը լիովին հասկցուելէ առաջ։

2 Այդ առաջին մարգարէութիւնը իրական յոյս մը կը տածէր մեղաւոր մարդկութեան։ Սուրբ Գիրքը հետագային Բանսարկու Սատանան բնորոշեց որպէս «առաջուան օձը»։ (Յայտնութիւն 12։9) Բայց ո՞վ պիտի ըլլար Աստուծոյ խոստացեալ Սերունդը։

Սերունդը Փնտռել

3. Աբէլ ի՞նչպէս հաւատք ընծայեց առաջին մարգարէութեան։

3 Իր հօրը հակառակը, բարեպաշտ Աբէլ հաւատք ընծայեց առաջին մարգարէութեան։ Աբէլ բացայայտօրէն անդրադարձած էր որ մեղքը ծածկելու համար արիւն պէտք էր թափուէր։ Ուստի, հաւատքը զինք մղեց որ անասնական զոհ մը մատուցանէր, ինչ որ Աստուած ընդունեց։ (Ծննդոց 4։2-4) Այսուհանդերձ, խոստացեալ Սերունդին ինքնութիւնը խորհուրդ մը մնաց։

4. Աստուած ի՞նչ խոստում տուաւ Աբրահամի եւ անիկա ի՞նչ ցոյց կու տար խոստացեալ Սերունդին նկատմամբ։

4 Աբէլի օրերէն շուրջ 2,000 տարիներ ետք, Եհովա Աբրահամ նահապետին հետեւեալ մարգարէական խոստումը տուաւ. «Քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն . . . պէս խիստ պիտի շատցնեմ . . . ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին [«իրենք զիրենք պիտի օրհնեն», ՆԱ]»։ (Ծննդոց 22։17, 18) Այս խօսքերը Աբրահամը կապեցին առաջին մարգարէութեան կատարման հետ։ Անոնք նշեցին որ այն Սերունդը, որ Սատանայի գործերը պիտի քակէր, Աբրահամի շառաւիղէն պիտի յայտնուէր։ (Ա. Յովհաննու 3։8) «[Աբրահամ] անհաւատութիւնով չտարակուսեցաւ Աստուծոյ խոստումին վրայ», նոյնպէս՝ Եհովայի նախաքրիստոնէական ուրիշ ծառաներ, որոնք «խոստումը չառին»։ (Հռովմայեցիս 4։20, 21. Եբրայեցիս 11։39) Ընդհակառակը, անոնք Աստուծոյ մարգարէական խօսքին վրայ իրենց հաւատքը հաստատ պահեցին։

5. Սերունդի մասին Աստուծոյ խոստումը որո՞ւ վրայ կատարուեցաւ. ինչո՞ւ այսպէս կը պատասխանէք։

5 Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ խոստացեալ Սերունդը բնորոշեց, երբ գրեց. «Արդ՝ խոստումները Աբրահամին ու անոր սերունդին եղան. քանզի չըսեր. ‘Եւ քու սերունդներուդ’, որպէս թէ շատերու համար, հապա որպէս թէ մէկի համար ‘Եւ քու սերունդիդ’, որ Քրիստոս է»։ (Գաղատացիս 3։16) Այն Սերունդը, որու միջոցով ազգերը իրենք զիրենք պիտի օրհնէին, Աբրահամի բոլոր զաւակները չէր ընդգրկեր։ Իր Իսմայէլ որդին եւ Քետուրայէն ունեցած իր որդիները մարդկութիւնը օրհնելու համար չգործածուեցան։ Օրհնութեան Սերունդը եկաւ իր Իսահակ որդւոյն եւ իր Յակոբ թոռան միջոցով։ (Ծննդոց 21։12. 25։23, 31-34. 27։18-29, 37. 28։14) Յակոբ ցոյց տուաւ որ «ժողովուրդները» պիտի հնազանդէին Յուդայի ցեղէն եղող Սելովի, բայց հետագային Սերունդը սահմանափակուեցաւ Դաւիթի շառաւիղին։ (Ծննդոց 49։10. Բ. Թագաւորաց 7։12-16) Առաջին դարու Հրեաները որպէս Մեսիա կամ Քրիստոս, միայն մէ՛կ անձ կը սպասէին։ (Յովհաննու 7։41, 42) Իսկ Սերունդի մասին Աստուծոյ մարգարէութիւնը կատարուեցաւ իր Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի անձովը։

Մեսիան կը Յայտնուի

6. (ա) 70 եօթնեակներու մարգարէութեան բացատրութիւնը ի՞նչ է։ (բ) Յիսուս ե՞րբ եւ ի՛նչպէս ‘մեղքը հատցուց’։

6 Դանիէլ մարգարէն շատ կարեւոր Մեսիական մարգարէութիւն մը արձանագրեց։ Մարերու Դարեհի առաջին տարին, ան անդրադարձաւ որ Երուսաղէմի 70 տարուան ամայացումը իր աւարտին կը մօտենար։ (Երեմեայ 29։10. Դանիէլ 9։1-4) Մինչ Դանիէլ կ’աղօթէր, Գաբրիէլ հրեշտակը եկաւ եւ յայտնեց որ ‘մեղքը քաւելու համար եօթանասուն եօթնեակ որոշուած էր’։ Մեսիան պիտի կտրուէր 70–րդ եօթնեակին կիսուն։ «Եօթանասուն եօթնեակ»ը սկսաւ Հ.Դ.Ա. 455–ին, երբ Արտաշէս Ա. Պարսիկ թագաւորը «Երուսաղէմը նորէն շինելու հրաման»ը հանեց։ (Դանիէլ 9։20-27. Նէեմեայ 2։1-8) Մեսիան պիտի գար այս թուականէն 7 եօթնեակ եւ 62 եօթնեակ ետք։ Այս 483 տարիները տեւեցին Հ.Դ.Ա. 455–էն մինչեւ Հ.Դ. 29, երբ Յիսուս մկրտուեցաւ եւ Աստուած զինք օծեց որպէս Մեսիա կամ Քրիստոս։ (Ղուկաս 3։21, 22) Յիսուս ‘մեղքը հատցուց’ իր կեանքը որպէս փրկանք տալով Հ.Դ. 33–ին։ (Մարկոս 10։45) Աստուծոյ մարգարէական խօսքին հաւատալու ի՜նչ հաստատուն պատճառներ։ *

7. Սուրբ Գիրքը գործածելով նշեցէք թէ Յիսուս ի՛նչպէս կատարեց Մեսիական մարգարէութիւնները։

7 Աստուծոյ մարգարէական խօսքին հաւատալը կարելի կը դարձնէ որ Մեսիան բնորոշենք։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գրողները, Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած բազմաթիւ Մեսիական մարգարէութիւններուն մեծամասնութիւնը ուղղակիօրէն կիրարկեցին Յիսուսի։ Օրինակներ տանք. Յիսուս Բեթլէհէմի մէջ ծնաւ՝ կոյսէ մը։ (Եսայեայ 7։14. Միքիայ 5։2. Մատթէոս 1։18-23. Ղուկաս 2։4-11) Ան Եգիպտոսէն կանչուեցաւ եւ իր ծնունդէն ետք, մանուկներ սպաննուեցան։ (Երեմեայ 31։15. Ովսեայ 11։1. Մատթէոս 2։13-18) Ան մեր ցաւերը կրեց։ (Եսայեայ 53։4. Մատթէոս 8։16, 17) Ինչպէս նախագուշակուած էր, Յիսուս աւանակի մը վրայ նստած Երուսաղէմ մտաւ։ (Զաքարեայ 9։9. Յովհաննու 12։12-15) Սաղմոսերգուին խօսքերը կատարուեցան Յիսուսի ցցահանուելէն ետք, երբ զինուորները իր հանդերձները իրենց մէջ բաժնեցին եւ իր պատմուճանին վրայ վիճակ ձգեցին։ (Սաղմոս 22։18. Յովհաննու 19։23, 24) Յիսուսի ոսկորները չկտրուելով եւ անոր մարմինը խոցուելով ալ մարգարէութիւններ կատարուեցան։ (Սաղմոս 34։20. Զաքարեայ 12։10. Յովհաննու 19։33-37) Ասոնք միայն քանի մը Մեսիական մարգարէութիւններու օրինակներ են, որոնք Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած Աստուածաշունչ գրողները Յիսուսի կիրարկեցին։ *

Ողջունե՛նք Մեսիական Թագաւորը

8. Ո՞վ է Հինաւուրցը, եւ Դանիէլ 7։9-14–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։

8 Բաբելոնացի Բաղտասար Թագաւորին առաջին տարին, Եհովա իր Դանիէլ մարգարէին երազ մը եւ արտակարգ տեսիլքներ տուաւ։ Մարգարէն նախ տեսաւ չորս հսկայ գազաններ։ Աստուծոյ հրեշտակը զանոնք բնորոշեց որպէս «չորս թագաւորներ», նշելով որ անոնք յաջորդական աշխարհակալ ուժեր կը խորհրդանշէին։ (Դանիէլ 7։1-8, 17) Ապա Դանիէլ տեսաւ Եհովան՝ «Հինաւուրց»ը, փառահեղօրէն գահակալուած։ Գազանները աննպաստ կերպով դատելով, անոնցմէ առաւ իշխանութիւնը եւ չորրորդ գազանը կործանեց։ Ապա, ‘ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն’ վրայ տեւական իշխանութիւնը շնորհուեցաւ «որդի մարդոյ նման մէկ»ուն։ (Դանիէլ 7։9-14) Ի՜նչ հոյակապ մարգարէութիւն մը, որ 1914–ին երկնքի մէջ «Որդին մարդոյ»՝ Յիսուս Քրիստոսի գահակալութեան հետ կապ ունի։—Մատթէոս 16։13

9, 10. (ա) Երազի արձանին տարբեր մասերը ի՞նչ կը նշեն։ (բ) Դանիէլ 2։44–ը ի՞նչպէս կրնաք բացատրել։

9 Դանիէլ գիտէր թէ Աստուած է «թագաւորներ վերցնողն ու թագաւորներ հաստատողը»։ (Դանիէլ 2։21) Եհովայի՝ «գաղտնիքները յայտնող»ին վրայ հաւատք ունենալով, մարգարէն յայտնեց Բաբելոնացի Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորի երազին հսկայ արձանին իմաստը։ Անոր տարբեր մասերը կը նշէին Բաբելոնի, Մարա–Պարսկաստանի, Յունաստանի եւ Հռովմի նման համաշխարհային ուժերու բարձրացումն ու անկումը։ Աստուած Դանիէլը գործածեց որ նաեւ մինչեւ մեր օրերը եւ տակաւին անկէ ետք ըլլալիք համաշխարհային դէպքերը ուրուագծէ։—Դանիէլ 2։24-30

10 Մարգարէութիւնը կ’ըսէր. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Դանիէլ 2։44) Երբ «ազգերուն սահմանուած ժամանակները» վերջացան 1914–ին, Աստուած՝ Քրիստոսի յանձնուած երկնային Թագաւորութիւնը հաստատեց։ (Ղուկաս 21։24, ՆԱ. Յայտնութիւն 12։1-5) Աստուածային զօրութեամբ, Մեսիական Թագաւորութեան «քարը» այն ատեն Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութենէն կտրուեցաւ։ Արմագեդոնին, այդ քարը պիտի զարնէ արձանին եւ զայն ջարդուփշուր պիտի ընէ։ Որպէս «բոլոր երկիր»ին ազդող կառավարական լեռ մը, Մեսիական Թագաւորութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։—Դանիէլ 2։35, 45. Յայտնութիւն 16։14, 16 *

11. Յիսուսի այլակերպութիւնը ի՞նչ բանի կանխացուցադրութիւնն էր, եւ ի՞նչ եղաւ այդ տեսիլքին տպաւորութիւնը Պետրոսի վրայ։

11 Իր թագաւորական իշխանութիւնը ի մտի ունենալով, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։ (Մատթէոս 16։28) Վեց օր ետք, Յիսուս Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը բարձր լեռ մը տարաւ եւ հոն անոնց առջեւ այլակերպեցաւ։ Մինչ փայլուն ամպ մը պատեց առաքեալները, Աստուած ծանուցանեց. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ (Մատթէոս 17։1-9. Մարկոս 9։1-8) Քրիստոսի Թագաւորութեան ի՜նչ հոյակապ կանխացուցադրութիւն մը։ Զարմանալի չէ որ Պետրոս այդ շշմեցուցիչ տեսիլքին ակնարկեց եւ ըսաւ. «Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է»։—Բ. Պետրոս 1։16-19 *

12. Ինչո՞ւ մասնաւորաբար հի՛մա պէտք է մեր հաւատքը ապացուցանենք Աստուծոյ մարգարէական խօսքին հանդէպ։

12 Ըստ երեւոյթին, «մարգարէական խօսք»ը ոչ միայն Մեսիային մասին Եբրայերէն Գրութիւններու մարգարէութիւնները կը բովանդակէ, այլ նաեւ՝ Յիսուսի խօսքը, թէ ինք «զօրութիւնով ու մեծ փառքով» պիտի գայ։ (Մատթէոս 24։30) Այլակերպութիւնը ստուգեց թագաւորական զօրութեամբ Քրիստոսի փառաւոր գալուստին մասին մարգարէական խօսքը։ Շատ շուտով, իր փառքով յայտնուիլը բնաջնջում պիտի նշանակէ անհաւատներուն, իսկ օրհնութիւններ՝ հաւատք ի գործ դնողներուն։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-10) Աստուածաշունչի մարգարէութեանց կատարումը կը փաստէ թէ ասոնք «վերջին օրեր»ն են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 16, 17. Մատթէոս 24։3-14) Որպէս Եհովայի Գլխաւոր Դահիճը, Միքայէլ՝ որ Յիսուս Քրիստոսն է, պատրաստ կայնած է ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին իրերու այս ամբարիշտ դրութիւնը իր վախճանին բերելու համար։ (Մատթէոս 24։21. Դանիէլ 12։1) Հետեւաբար հի՛մա է ժամանակը ապացուցանելու թէ Աստուծոյ մարգարէական խօսքին կը հաւատանք։

Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքին Հանդէպ Ձեր Հաւատքը Պահեցէք

13. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը եւ իր խօսքին հանդէպ մեր հաւատքը կենդանի պահենք։

13 Վստահաբար, երբ առաջին անգամ սորվեցանք Աստուծոյ մարգարէական խօսքին կատարումներուն մասին՝ շատ ուրախացանք։ Սակայն, արդեօք անկէ ի վեր մեր հաւատքը տկարացած ու մեր սէրը պաղա՞ծ է։ Բնաւ Եփեսոսի Քրիստոնեաներուն չնմանինք, որոնք իրենց ‘առաջուան սէրը ձգեցին’։ (Յայտնութիւն 2։1-4) Որքան երկար տարիներէ ի վեր Եհովայի ծառայած ըլլանք, մենք ալ կրնանք այս կորուստը ունենալ, եթէ երկնքի մէջ գանձեր դիզելով ‘նախ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ու անոր արդարութիւնը փնտռելու’ մէջ չյարատեւենք։ (Մատթէոս 6։19-21, 31-33) Աստուածաշունչի ժրաջան ուսումնասիրութիւնը, քրիստոնէական ժողովներու կանոնաւոր մասնակցութիւնը եւ Թագաւորութիւնը քարոզելու եռանդուն գործունէութիւնը մեզի պիտի օգնեն որ Եհովայի, իր Որդւոյն եւ Աստուածաշունչին հանդէպ մեր սէրը պահպանենք։ (Սաղմոս 119։105. Մարկոս 13։10. Եբրայեցիս 10։24, 25) Իր կարգին, ասիկա Աստուծոյ խօսքին հանդէպ մեր հաւատքը կենդանի պիտի պահէ։—Սաղմոս 106։12

14. Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը վարձատրուին Եհովայի մարգարէական խօսքին հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին համար։

14 Քանի որ Աստուծոյ մարգարէական խօսքը անցեալին կատարուեցաւ, ուստի կրնանք հաւատք ընծայել ապագայի համար անոր ըսածներուն։ Օրինակ, թագաւորական փառքով Քրիստոսի ներկայութիւնը հիմա իրականութիւն մըն է եւ օծեալ Քրիստոնեաները, որոնք մինչեւ մահ հաւատարիմ էին, մարգարէական խոստումին կատարումը վայելեցին. «Ան որ կը յաղթէ, անոր ուտել պիտի տամ կենաց ծառէն՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է»։ (Յայտնութիւն 2։7, 10. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։13-16) Յիսուս այս յաղթողներուն ‘Աստուծոյ երկնային դրախտին’ մէջ «կենաց ծառէն» ուտելու առանձնաշնորհումը կու տայ։ Իրենց յարութեամբ եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով անոնք Եհովայի՝ «յաւիտենական թագաւորին, որ անեղծ ու աներեւոյթ է, մի միայն Աստուծոյն» կողմէ անմահութիւն եւ անապականութիւն կը ստանան։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17. Ա. Կորնթացիս 15։50-54. Բ. Տիմոթէոս 1։10) Աստուծոյ հանդէպ իրենց անմահ սիրոյն եւ իր մարգարէական խօսքին հանդէպ իրենց անսասան հաւատքին համար ի՜նչ հոյակապ վարձատրութիւն մը։

15. «Նոր երկիր»ի հիմը որո՞նց մէջ ձգուեցաւ, եւ որո՞նք են անոնց ընկերակիցները։

15 Հաւատարիմ օծեալները երկինք՝ «Աստուծոյ դրախտին» մէջ յարուցուելէն քիչ ետք, երկրի վրայ հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը ազատագրուեցաւ «Մեծ Բաբելոն»էն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն։ (Յայտնութիւն 14։8. Գաղատացիս 6։16) Իրենց մէջ «նոր երկիր»ին հիմը ձգուեցաւ։ (Յայտնութիւն 21։1) Այս կերպով «երկիր» մը մէջտեղ եկաւ եւ անիկա հոգեւոր դրախտի մը վերածուեցաւ, որ ներկայիս համայն աշխարհի մէջ կը ծաղկի։ (Եսայեայ 66։8) Ճիշդ հիմա, այս «վերջին օրեր»ուն, հոն է որ կը խուժեն հոգեւոր Իսրայէլի ոչխարանման ընկերակիցները։—Եսայեայ 2։2-4. Զաքարեայ 8։23. Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։9

Մարդկութեան Ապագան Նախագուշակուած՝ Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքին Մէջ

16. Օծեալներուն հաւատարմօրէն նեցուկ կանգնողները ի՞նչ ակնկալութիւններ ունին։

16 Օծեալներուն հաւատարմօրէն նեցուկ կանգնողներուն ակնկալութիւնները ի՞նչ են։ Անոնք ալ կը հաւատան Աստուծոյ մարգարէական խօսքին եւ անոնց յոյսն է երկրային Դրախտը մտնել։ (Ղուկաս 23։39-43) Հոն, անոնք պիտի խմեն կենսատու «կեանքի ջուրի գետ»էն եւ անոր երկու կողմերը տնկուած «ծառին տերեւներ»ով պիտի բուժուին։ (Յայտնութիւն 22։1, 2) Եթէ այսպիսի հոյակապ յոյս մը ունիք, կը յուսանք որ պիտի շարունակէք Եհովայի հանդէպ խոր սէր եւ իր մարգարէական խօսքին հանդէպ հաւատք ցուցաբերել։ Դո՛ւք ալ կրնաք ըլլալ անոնց մէջ, որոնք Դրախտ երկրին մէջ յաւիտենական կեանքի անկաշկանդ ուրախութիւնը պիտի վայելեն։

17. Երկրային Դրախտին մէջ կեանքը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի բովանդակէ։

17 Անկատար մարդիկ չեն կրնար լիովին նկարագրել մօտալուտ Դրախտ երկրին մէջ ըլլալիք կեանքը, բայց Աստուծոյ մարգարէական խօսքը մեզի կ’օգնէ որ ըմբռնենք այն ատեն հնազանդ մարդկութեան վերապահուած օրհնութիւնները։ Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը անարգել տիրէ եւ իր կամքը ըլլայ երկրի վրայ՝ ինչպէս երկինքը, այն ատեն վայրագ մարդիկ, նոյնիսկ անասունները, «պիտի չվնասեն ու չապականեն»։ (Եսայեայ 11։9. Մատթէոս 6։9, 10) Հեզերը երկրի վրայ պիտի բնակին եւ «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ (Սաղմոս 37։11) Սոված զանգուածներ գոյութիւն պիտի չունենան, քանի որ «ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ՝ լեռներուն գլուխը»։ (Սաղմոս 72։16, Արեւմտահայերէն) Այլեւս վշտի արցունքներ պիտի չհոսին։ Հիւանդութիւնը չքացած պիտի ըլլայ եւ նոյնիսկ մահ պիտի չըլլայ։ (Եսայեայ 33։24. Յայտնութիւն 21։4) Կրնա՞ք երեւակայել՝ ո՛չ բժիշկ, ո՛չ դեղ, ո՛չ հիւանդանոց կամ մտային խանգարումի հաստատութիւն, ո՛չ յուղարկաւորութիւն։ Ի՜նչ սքանչելի հեռանկար մը։

18. (ա) Դանիէլի ի՞նչ երաշխիք տրուած էր։ (բ) Դանիէլի «վիճակ»ը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

18 Նոյնիսկ մարդկային հասարակաց գերեզմանը պիտի պարպուի, երբ մեռելները յարուցանուին։ Արդար մարդը Յոբ, այսպիսի յոյս մը կը սնուցանէր։ (Յոբայ 14։14, 15) Դանիէլ մարգարէն ալ այս յոյսը ունէր, քանի որ Եհովայի հրեշտակը մխիթարական հետեւեալ երաշխիքը տուաւ անոր. «Բայց դուն գնա՛ մինչեւ վախճանը, վասն զի պիտի հանգչիս ու օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս [«քու վիճակիդ մէջ պիտի կայնիս», Արեւմտահայերէն]»։ (Դանիէլ 12։13) Դանիէլ հաւատարմաբար ծառայեց Աստուծոյ մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Ան հիմա մահուան մէջ կը հանգչի, բայց Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին «արդարներուն յարութիւն առած ատենը» ‘պիտի կայնի’։ (Ղուկաս 14։14) Ի՞նչ պիտի ըլլայ Դանիէլի «վիճակ»ը։ Այո, Եզեկիէլի մարգարէութիւնը կը թելադրէ որ Դրախտին մէջ Եհովայի բոլոր ծառաները տեղ մը պիտի ունենան, նոյնիսկ հողաշերտ մը պիտի յատկացուի անոնց, անաչառ եւ կարգապահ կերպով։ (Եզեկիէլ 47։13–48։35) Ուստի Դանիէլ տեղ մը պիտի ունենայ Դրախտին մէջ, բայց հողաշերտէ աւելի բան մը պիտի վիճակուի անոր։ Անիկա պիտի բովանդակէ Եհովայի նպատակին մէջ մասնայատուկ տեղ մը։

19. Երկրային Դրախտին մէջ ապրելու համար ի՞նչ պահանջուած է։

19 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր ու ձեր վիճակին մասին։ Եթէ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին վրայ հաւատք ունիք, շատ հաւանաբար դուք ալ կը տենչաք երկրային Դրախտին մէջ կեանք ունենալ։ Կրնաք նոյնիսկ դուք ձեզ երեւակայել անոր մէջ, վայելել անոր անհամար օրհնութիւնները, հոգ տանիլ երկրին եւ ուրախութեամբ բարի գալուստ մաղթել յարուցուողներուն։ Արդարեւ, մարդկութիւնը Դրախտին համար եղած է։ Աստուած մարդկային առաջին զոյգը ստեղծեց որ այսպիսի վայրի մը մէջ ապրի։ (Ծննդոց 2։7-9) Ան կ’ուզէ որ հնազանդ մարդիկ յաւիտեան Դրախտին մէջ ապրին։ Դուք ալ Սուրբ Գրքին համաձայն պիտի վարուի՞ք, որպէսզի գտնուիք այն միլիառաւոր անհատներուն մէջ, որոնք ի վերջոյ պիտի ապրին Դրախտի վերածուած երկրին վրայ։ Դո՛ւք ալ կրնաք հոն ըլլալ, եթէ իսկական սէր ունենաք մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի հանդէպ եւ տոկուն հաւատք՝ Աստուծոյ մարգարէական խօսքին վրայ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 Տեսնել՝ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գրքին 11–րդ գլուխը, եւ՝ «Եօթը Եօթնեակները», Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գրքէն, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

^ պարբ. 7 Տեսնել՝«Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է», էջ 343-344, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

^ պարբ. 11 Տեսնել՝ «Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին ուշադրութիւն ընծայենք» խորագրով յօդուածը, Դիտարան 1 Ապրիլ 2000 համարին մէջ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ի՞նչ էր առաջին մարգարէութիւնը, եւ ո՞վ էր խոստացեալ Սերունդը։

• Յիսուսի վրայ կատարուած Մեսիական մարգարէութիւններէն ոմանք ի՞նչ էին։

Դանիէլ 2։44, 45–ը ի՞նչպէս պիտի կատարուի։

• Աստուծոյ մարգարէական խօսքը հնազանդ մարդկութեան համար ի՞նչ ապագայ կը մատնանշէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 18]

Կը յուսա՞ք երկրային Դրախտին մէջ ապրիլ