Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ տանը մէջ պտղաբեր ձիթենի մը

Աստուծոյ տանը մէջ պտղաբեր ձիթենի մը

Աստուծոյ տանը մէջ պտղաբեր ձիթենի մը

ԻՍՐԱՅԷԼԻ երկրին մէջ, ծառ մը կ’աճի, որ գրեթէ անկործանելի է։ Նոյնիսկ երբ կտրուի, անոր արմատը շուտով նոր ծիլեր կ’արձակէ։ Իսկ երբ անոր պտուղը քաղուի, իր տիրոջ առատ ձէթ կը հայթայթէ, որ կրնայ գործածուիլ կերակուր պատրաստելու, լուսաւորելու, առողջապահութեան եւ գեղադեղերու համար։

Աստուածաշունչի Դատաւորաց գրքին մէջ արձանագրուած հին առակի մը համաձայն, օր մը «ծառերը գացին, որ իրենց համար թագաւոր մը օծեն»։ Անոնք անտառին ո՞ր ծառին նախապատուութիւն տուին. տոկուն, արգասաբեր ձիթենիին։—Դատաւորաց 9։8

Աւելի քան 3,500 տարիներ առաջ, Մովսէս մարգարէն Իսրայէլը նկարագրեց որպէս ‘աղէկ երկիր մը, ձիթենիներու երկիր մը’։ (Բ. Օրինաց 8։7, 8) Նոյնիսկ այսօր, հիւսիսը գտնուող Հերմոն Լերան ստորոտէն, մինչեւ հարաւի մէջ Բերսաբէէի սահմանները երկարող բնապատկերին մէջ կը տեսնուին ձիթենիի պուրակներ։ Անոնք տակաւին կը զարդարեն Սարօնի ծովեզերեայ Դաշտը, Սամարիոյ ժայռոտ բլուրները, եւ Գալիլիոյ արգասաբեր հովիտները։

Աստուածաշունչի գրողները ձիթենին յաճախ գործածեցին այլաբանական առումով։ Այս ծառին տարբեր երեսակները Աստուծոյ ողորմութիւնը, յարութեան խոստումը եւ ընտանեկան ուրախ կեանքը բացատրելու համար ծառայեցին։ Ձիթենիին մօտէն ակնարկ մը նետելը, պիտի օգնէ հասկնալու այս սուրբ գրային ակնարկումները եւ մեր գնահատութիւնը պիտի խորացնէ այս անզուգական ծառին հանդէպ, որ մնացեալ ստեղծագործութեան հետ Արարիչը փառաբանելու կը միանայ։—Սաղմոս 148։7, 9

Չարքաշ Ձիթենին

Ձիթենի մը առաջին նայուածքով մասնաւոր տպաւորութիւն մը չի ձգեր։ Անիկա Լիբանանի կարգ մը հսկայ մայրիներուն նման երկնասլաց չէ։ Անոր փայտը եղեւնափայտին չափ արժէքաւոր չէ, իսկ անոր ծաղիկները նշենիի մը ծաղիկներուն նման աչքերուն հաճելի են։ (Երգ Երգոց 1։17. Ամովսայ 2։9) Ձիթենիին ամենէն կարեւոր մասը անտեսանելի է՝ գետնին տակն է։ Անոր ծաւալուն արմատները՝ որոնք մակերեսէն 6 մեթր խորը կ’իջնան եւ շատ աւելի հորիզոնական ուղղութեամբ կ’երկարին, ծառին արգասաբերութեան եւ վերապրումին նպաստող ազդակներն են։

Այսպիսի արմատներ, ժայռոտ բլուրներու վրայ բուսող ձիթենիներուն կը թոյլատրեն որ երաշտէն վերապրին, մինչ ձորին մէջ բուսող ծառերը արդէն իսկ պապակէն մեռած կ’ըլլան։ Արմատները կարելի կը դարձնեն որ անիկա դարեր շարունակ ձիթապտուղ արտադրէ, հակառակ անոր որ անոր ծուռումուռ բունը միայն կրակ վարելու յարմար կրնայ թուիլ։ Այս չարքաշ ծառը միա՛յն աճելու համար տեղ եւ կազային շրջանառութիւն ունեցող հող կը պահանջէ, զերծ՝ վնասակար համաճարակներ հիւրընկալող խոտերէ կամ այլ բուսականութենէ։ Եթէ այս պարզ պահանջներուն գոհացում տրուի, ծառ մը տարեկան մինչեւ 57 լիդր ձէթ կրնայ արտադրել։

Անկասկած, Իսրայելացիները կը սիրէին ձիթենին, իր թանկագին ձէթին համար։ Ձէթ ծծող պատրոյգի ճրագներ կը լուսաւորէին անոնց տուները։ (Ղեւտացւոց 24։2) Ձէթը անհրաժեշտ էր խոհարարութեան մէջ։ Անիկա մորթը արեւէն կը պաշտպանէր, եւ Իսրայելացիներուն լուացուելու օճառ կը հայթայթէր։ Ցորենը, գինին, եւ ձիթապտուղը երկրին գլխաւոր բերքերն էին։ Իսրայելացի ընտանիքի մը համար, ձիթապտուղի բերքին փճանալը աղէտ մը կը նկատուէր։—Բ. Օրինաց 7։13. Ամբակումայ 3։17

Սակայն, սովորաբար, ձէթը առատ էր։ Մովսէս Խոստացեալ Երկրին ակնարկեց որպէս ‘ձիթենիներու երկիր մը’, հաւանաբար քանի որ ձիթենին այդ շրջանին մէջ ամենէն շատ մշակուած ծառն էր։ Տասնըիներորդ դարու բնագէտ Հ. Պ. Թրիսթրամ ձիթապտուղը նկարագրեց որպէս «երկրին իւրայատուկ ծառը»։ Իր արժէքին եւ առատութեան համար, ձէթը նոյնիսկ Միջերկրականի ամբողջ շրջանին մէջ ծառայեց որպէս շրջաբերութեան մէջ եղող միջազգային դրամ։ Յիսուս Քրիստոս անձամբ ակնարկեց պարտքի մը որ «հարիւր մար ձէթ»ի հաւասար էր։—Ղուկաս 16։5, 6

«Ձիթենիի Տունկերու Պէս»

Օգտակար ձիթենին պատշաճօրէն կը պատկերացնէ աստուածային օրհնութիւններ։ Աստուածավախ մարդ մը ի՞նչպէս պիտի վարձատրուէր։ Սաղմոսերգուն երգեց. «Քու կինդ պտղաբեր որթատունկի մը պէս պիտի ըլլայ քու տունէդ ներս ու քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան քու սեղանիդ չորս կողմը»։ (Սաղմոս 128։3) Ի՞նչ են այս «ձիթենիի տունկեր»ը եւ սաղմոսերգուն ինչո՞ւ զանոնք որդիներու հետ կը համեմատէ։

Ձիթենին արտակարգ է այն առումով, թէ անոր գլխաւոր բունը շարունակ նոր ծիլեր կ’արձակէ։ * Երբ, ծերութեան պատճառաւ, անոր իսկական բունը առաջուան պէս պտուղ չի տար, մշակները կրնան արտօնել որ քանի մը տունկեր կամ նոր ծիլեր աճին, մինչեւ որ անոնք ծառին մէկ մասը դառնան։ Ժամանակ մը ետք, բուն ծառը երեք կամ չորս մատղաշ, ուժեղ կոճղեր պիտի ունենայ, որոնք սեղանի մը շուրջ եղող որդիներու նման զինք պիտի շրջապատեն։ Այս ծիլերը նոյն բունը ունին, եւ ձիթապտուղի լաւ բերք մը արտադրելուն կը նպաստեն։

Ձիթենիի այս յատկանիշը պատշաճօրէն կը պատկերացնէ թէ ի՛նչպէս տղաք ու աղջիկներ կրնան հաւատքի մէջ աճելով հաստատուիլ, շնորհիւ իրենց ծնողքին զօրաւոր հոգեւոր արմատներուն։ Մինչ զաւակները կը մեծնան, անոնք ալ կը մասնակցին պտուղ տալու եւ թիկունք կանգնելու իրենց ծնողքին, որ կ’ուրախանայ տեսնելով որ զաւակները իր կողքին Եհովայի կը ծառայեն։—Առակաց 15։20

«Եթէ Ծառը Կտրուի, Դեռ Յոյս Կայ»

Եհովայի ծառայող տարեց հայր մը իր բարեպաշտ զաւակներով կ’ուրախանայ։ Սակայն այս զաւակները կ’ողբան, երբ իրենց հայրը ի վերջոյ ‘ամէն երկրի ճամբան երթայ’։ (Գ. Թագաւորաց 2։2) Ընտանեկան այսպիսի ողբերգութեան մը հետ գլուխ ելլելու համար, Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ թէ յարութիւն տեղի պիտի ունենայ։—Յովհաննու 5։28, 29. 11։25

Յոբ՝ բազմազաւակ հայր մը՝ մարդուն կեանքին կարճատեւ ըլլալէն քաջածանօթ էր։ Ան զայն բաղդատեց ծաղիկի մը որ շուտով կը թառամի։ (Յոբայ 1։2. 14։1, 2) Յոբ փափաքեցաւ մեռնիլ, իր տառապանքէն ազատելու համար, գերեզմանը նկատելով որպէս ծածկուելիք վայր մը, ուրկէ կրնար վերադառնալ։ Յոբ հարց տուաւ. «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք»։ Ապա վստահութեամբ պատասխանեց. «Պատերազմիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ, մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս [«ազատագրութիւնս», ՆԱ] գայ։ Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ։ Քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս»։—Յոբայ 14։13-15

Յոբ ի՞նչպէս բացատրեց իր համոզումը, թէ Աստուած զինք գերեզմանէն պիտի կանչէր։ Ան ծառ մը գործածեց, որ ըստ նկարագրութեան, հաւանաբար ձիթենիի մը կ’ակնարկէր։ Յոբ ըսաւ. «Եթէ ծառը կտրուի, դեռ յոյս կայ, որ վերստին ծլի»։ (Յոբայ 14։7) Ձիթենի մը կրնայ կտրուիլ, սակայն ասով անիկա չի փճանար։ Միմիա՛յն երբ ծառը արմատախիլ ըլլայ՝ այն ատեն է որ կը մեռնի։ Եթէ արմատները անվնաս մնան, ծառը դարձեալ կը ծլի, նորոգուած կորովով։

Նոյնիսկ եթէ երկարատեւ երաշտ մը բոլորովին չորցնէ ծերացած ձիթենի մը, չորցած կոճղը կրնայ դարձեալ ապրիլ։ «Թէեւ անոր արմատը երկրին մէջ ծերացած ըլլայ ու անոր կոճղը՝ հողին մէջ մեռած, անիկա ջուրին հոտէն պիտի ծաղկի ու նոր տնկուած ծառի պէս ճիւղեր պիտի արձակէ»։ (Յոբայ 14։8, 9) Յոբ ապրեցաւ չոր, աւազուտ երկրի մը մէջ, ուր հաւանաբար բազմաթիւ ձիթենիներ նկատեց, որոնք չորցած եւ անկենդան կը թուէին։ Սակայն, երբ անձրեւ գար, այսպիսի «մեռած» ծառ մը ետ կ’ապրէր եւ անոր արմատներէն նոր բուն մը դուրս կու գար, որպէս թէ «նոր տնկուած ծառ» մը ըլլար։ Այս արտակարգ վերականգնումը Թունուզցի բուսաբոյծ մը մղեց որ հետեւեալը ըսէ. «Տեղին է ըսել որ ձիթենիները անմահ են»։

Ճիշդ ինչպէս որ երկրագործ մը կը տենչայ իր չորցած ձիթենիներուն դարձեալ ծլիլը տեսնել, նոյնպէս Եհովա կը տենչայ իր հաւատարիմ ծառաները յարուցանել։ Ան անձկագին կը սպասէ այն ժամանակին երբ հաւատարիմ անհատներ, ինչպէս՝ Աբրահամ ու Սառա, Իսահակ ու Ռեբեկա եւ բազմաթիւ ուրիշներ ետ կեանքի պիտի բերուին։ (Մատթէոս 22։31, 32) Ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ մեռելները դիմաւորել եւ տեսնել որ անոնք դարձեալ լիարժէք եւ արդիւնաբեր կեանք մը կը վարեն։

Այլաբանական Ձիթենին

Աստուծոյ ողորմութիւնը բացայայտ է իր անաչառութեամբ, ինչպէս նաեւ յարութեան կարգադրութեամբ։ Պօղոս առաքեալ ձիթենին գործածեց բացատրելու համար թէ Եհովայի ողորմութիւնը մարդոց ի՛նչպէս մատչելի է, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց ցեղը կամ ենթահողը։ Դարեր շարունակ Հրեաներ յոխորտացած են թէ իրենք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն են՝ ‘Աբրահամին սերունդը’։—Յովհաննու 8։33. Ղուկաս 3։8

Հրեայ ազգին զաւակը ըլլալը, ինքնին պահանջ մը չէր աստուածային հաճութիւնը ստանալու համար։ Այսուհանդերձ, Յիսուսի առաջին աշակերտները բոլորն ալ Հրեաներ էին, եւ առանձնաշնորհումը ունեցան Աբրահամի խոստացեալ սերունդը կազմելու համար Աստուծոյ կողմէ ընտրուած առաջին անհատները ըլլալու։ (Ծննդոց 22։18. Գաղատացիս 3։29) Պօղոս այս Հրեայ աշակերտները նմանցուց այլաբանական ձիթենիի մը ճիւղերուն։

Մարմնաւոր Հրեաներուն մեծամասնութիւնը Յիսուսը մերժեց, անորակելի դառնալով «պզտիկ հօտ»ին կամ՝ «Աստուծոյ Իսրայէլին» ապագացու անդամները ըլլալու։ (Ղուկաս 12։32. Գաղատացիս 6։16) Այս կերպով, անոնք այլաբանական ձիթենիի մը կտրուած ճիւղերուն նմանեցան։ Ո՞վ անոնց տեղը պիտի առնէր։ Հ.Դ. 36–ին, Հեթանոսներ ընտրուեցան Աբրահամի սերունդին մաս կազմելու համար։ Կարծես թէ Եհովա ընտանի ձիթենիին վրայ վայրի ձիթենիի ճիւղեր պատուաստեց։ Աբրահամի խոստացեալ սերունդը կազմողները ազգերէն եկող անհատներ պիտի պարփակէին։ Հեթանոս Քրիստոնեաները այժմ կրնային ‘ձիթենիին արմատին եւ պարարտութեան հաղորդ ըլլալ’։—Հռովմայեցիս 11։17

Հողագործի մը համար, վայրի ձիթենիի ճիւղ մը ընտանի ձիթենիի մը վրան պատուաստելը խելքէ մտքէ վեր է եւ «բնական չէ»։ (Հռովմայեցիս 11։24, Անթիլիաս) Երկիրը եւ Գիրքը խորագրով աշխատասիրութիւնը կը բացատրէ. «Ընտանին՝ վայրիին վրայ պատուաստէ, եւ ինչպէս Արաբները կ’ըսեն, անիկա վայրիին պիտի նուաճէ, բայց չէք կրնար ասոր հակառակը ընել եւ յաջողիլ»։ Հրեայ Քրիստոնեաները նմանապէս ապշեցան, երբ Եհովա «առաջ [«առաջին անգամ ըլլալով», ՆԱ] այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար»։ (Գործք 10։44-48. 15։14) Սակայն, ասիկա բացայայտ նշան մըն էր, թէ Աստուծոյ նպատակին իրագործումը որեւէ ազգէ կախեալ չէր։ Քանի որ «ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։—Գործք 10։35

Պօղոս ցոյց տուաւ թէ քանի որ ձիթենիին անհաւատարիմ Հրեայ «ճիւղերը» կոտրեցան, նոյնը կրնայ պատահիլ ոեւէ անհատի որ հպարտութեան կամ անհնազանդութեան պատճառաւ Եհովայի հաճութեան մէջ չի մնար։ (Հռովմայեցիս 11։19, 20) Ասիկա վստահաբար ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ անարժան ողորմութիւնը երբեք չարաչար պէտք չէ գործածենք։—Բ. Կորնթացիս 6։1

Ձէթով Օծել

Սուրբ Գիրքը ձէթի գործածութեան կ’ակնարկէ թէ՛ բառացի եւ թէ այլաբանական առումով։ Անցեալին, վէրքերն ու խոցերը ‘իւղով կը կակուղցնէին’, ապաքինումը արագացնելու համար։ (Եսայեայ 1։6) Յիսուսի առակներէն մէկուն համաձայն, բարի Սամարացին Երիքովի ճամբուն վրայ հանդիպած մարդուն վէրքերուն վրայ ձէթ եւ գինի թափեց։—Ղուկաս 10։34

Անհատի մը գլխուն ձէթ դնելը թարմացուցիչ եւ ամոքիչ է։ (Սաղմոս 141։5) Իսկ հոգեւոր հիւանդութեան պարագաներ ձեռք առնելու ժամանակ, Քրիստոնեայ երէցներ կրնան ‘ժողովքի մը անդամը Տէրոջը անունով իւղով օծել’։ (Յակոբու 5։14) Երէցներու սուրբ գրային սիրալիր խրատները եւ հոգեւորապէս հիւանդ հաւատակիցին ի նպաստ իրենց մատուցած սրտանց աղօթքները, ամոքիչ ձէթի հետ համեմատուած են։ Հետաքրքրականօրէն, խօսակցական Եբրայերէնի մէջ, բարի մարդը յաճախ նկարագրուած է որպէս «հարազատ ձէթ»։

‘Աստուծոյ Տանը Մէջ Պտղաբեր Ձիթենի մը’

Վերոյիշեալ կէտերուն ի տես, զարմանալի չէ որ Աստուծոյ ծառաները ձիթենիներու նմանցուին։ Դաւիթ փափաքեցաւ «Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ [«պտղաբեր», ՆԱ] ձիթենիի» պէս ըլլալ։ (Սաղմոս 52։8) Ճիշդ ինչպէս որ Իսրայելացի ընտանիքներու տուները յաճախ ձիթենիներով շրջապատուած կ’ըլլային, Դաւիթ ալ փափաքեցաւ Եհովայի մօտիկ ըլլալ եւ Աստուծոյ փառաբանութեան համար պտուղ արտադրել։—Սաղմոս 52։9

Երբ Եհովայի հաւատարիմ էր, Յուդայի երկու ցեղեան թագաւորութիւնը «կանանչ, գեղեցիկ ու բարեպտուղ ձիթենի»ի մը նման էր։ (Երեմեայ 11։15, 16) Սակայն Յուդայի ժողովուրդը կորսնցուց այդ առանձնաշնորհեալ դիրքը, երբ ‘Եհովայի խօսքերուն մտիկ չընելով օտար աստուածներու ետեւէն գնաց’։—Երեմեայ 11։10

Աստուծոյ տան մէջ պտղաբեր ձիթենի մը ըլլալու համար, պէտք է Եհովայի հնազանդինք եւ պատրաստ ըլլանք ընդունելու այն կրթութիւնը, որու միջոցաւ ան մեզ «կը յօտէ», որպէսզի կարենանք քրիստոնէական յաւելեալ պտուղներ արտադրել։ (Եբրայեցիս 12։5, 6) Ասկէ զատ, ճիշդ ինչպէս որ բառացի ձիթենին երաշտէ մը վերապրելու համար խոր արմատներու կարիքը ունի, մենք ալ փորձութիւններու եւ հալածանքի տոկալու համար մեր հոգեւոր արմատները զօրացնելու կարիքը ունինք։—Մատթէոս 13։21. Կողոսացիս 2։6, 7

Ձիթենին լաւ կերպով կը պատկերացնէ հաւատարիմ Քրիստոնեան, որ աշխարհի համար անծանօթ մըն է, սակայն Աստուծոյ քով ան ճանչցուած է։ Եթէ այսպիսի անհատ մը այս դրութեան մէջ մահանայ, ան մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ դարձեալ պիտի ապրի։—Բ. Կորնթացիս 6։9. Բ. Պետրոս 3։13

Գրեթէ անկործանելի ձիթենին, որ տարուէ տարի կը շարունակէ պտուղ տալ, մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ խոստումը. «Իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն»։ (Եսայեայ 65։22) Այս մարգարէական խոստումը պիտի կատարուի Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։—Բ. Պետրոս 3։13

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 Սովորաբար, այս նոր ծիլերը ամէն տարի կը յօտուին, որպէսզի գլխաւոր ծառին ուժը չծծեն։

[Նկար՝ էջ 25]

Հին ծուռումուռ բուն մը, գտնուած՝ Ժավիայի մէջ, Ալիքանթ Նահանգ, Սպանիա

[Նկար՝ էջ 26]

Ձիթենիի պուրակներ Կրանատա Նահանգի մէջ, Սպանիա

[Նկար՝ էջ 26]

Հին ձիթենի մը Երուսաղէմի պարիսպներէն դուրս

[Նկար՝ էջ 26]

Աստուածաշունչը ձիթենիի մը վրայ ճիւղեր պատուաստելը կը յիշէ

[Նկար՝ էջ 26]

Այս հին ձիթենին մատղաշ ճիւղերու տունկերով շրջապատուած է