Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աւետարանները. բանավէճը կը շարունակուի

Աւետարանները. բանավէճը կը շարունակուի

Աւետարանները. բանավէճը կը շարունակուի

Յիսուս Քրիստոսի ծնունդին մասին Աւետարաններուն արձանագրութիւնը ճշգրի՞տ է։

Ան Լերան Քարոզը տուա՞ւ։

Յիսուս իրապէս յարութիւն առա՞ւ։

Ան իրապէս ըսա՞ւ՝ «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 14։6

ՇՈՒՐՋ 80 ուսումնականներ, այս տեսակի հարցեր նկատի առին Յիսուսի Սեմինար–ին ընթացքին, որ 1985–էն ի վեր տարին երկու անգամ կը գումարուի։ Ուսումնականներու այս խումբը այս տեսակ հարցումներուն արտասովոր կերպով պատասխանած է։ Սեմինար–ի մասնակցողները Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի վերագրուած իւրաքանչիւր խօսքին համար քուէարկեցին։ Կարմիր քուէն կը նշէր այն գաղափարը թէ որոշ խօսք մը իրապէս Յիսուս ըսած էր։ Վարդագոյն քուէն կը նշանակէր թէ որոշ խօսք մը Յիսուսի մէկ ըսածին կը նմանի։ Մոխրագոյն քուէն ցոյց կու տար թէ գաղափարները Յիսուսի գաղափարներուն մօտ են, բայց այդ խօսքը իրմէ ծագում առած չէ։ Սեւ քուէն բոլորովին ժխտական է, դատելով թէ այդ խօսքը հետագայ աւանդութիւններէ առնուած է։

Այս մեթոտին հետեւելով, Յիսուսի Սեմինար–ին մասնակցողները սկիզբը հարցումի ձեւով յարուցուած չորս կէտերը մերժեցին։ Իրականութեան մէջ, Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի վերագրուած խօսքերուն 82 տոկոսին համար անոնք սեւ քուէարկեցին։ Ըստ անոնց, Աւետարաններուն եւ ուրիշ գրութիւններուն մէջ, Յիսուսի մասին յիշուած դէպքերուն միայն 16 տոկոսը վաւերական ըլլալ կը թուի։

Աւետարաններու այսպիսի քննադատութիւն մը նորութիւն չէ։ Աւետարաններուն վրայ յարձակում մը եղաւ 1774–ին, երբ Համպուրկի մէջ, Գերմանիա, Արեւելեան լեզուներու ուսուցիչ Հըրմէն Րէյմարուսի կողմէ գրուած 1,400 էջնոց ձեռագիր մը հրատարակուեցաւ, անոր մահէն ետք։ Անոր մէջ, Րէյմարուս խոր կասկածներ յայտնեց Աւետարաններուն պատմական ըլլալուն շուրջ։ Իր եզրակացութիւնները հիմնուած էին լեզուական վերլուծումներու, եւ Յիսուսի կեանքը պարունակող չորս Աւետարաններուն մէջ գտնուող երեւութական հակասութիւններու վրայ։ Անկէ ի վեր, քննադատներ Աւետարաններուն վաւերականութեան նկատմամբ յաճախ կասկածներ արտայայտած են, այս գրութիւններուն հանդէպ հանրութեան վստահութիւնը որոշ չափով խախտելով։

Այսպիսի ուսումնականներու հասարակ յայտարարը այն է թէ Աւետարանները կրօնական յերիւրանքներ են, տարբեր անհատներու կողմէ գրուած։ Կասկածամիտ ուսումնականներուն կողմէ հարցուած սովորական հարցումներն են. Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնց հաւատալիքները պատճառ եղած են որ չորս Աւետարաններուն հեղինակները իրողութիւնները զարդարեն։ Արդեօք առաջին դարու Քրիստոնեայ համայնքին հետեւած քաղաքականութիւնը պատճառ եղա՞ծ է որ Յիսուսի պատմութիւնը խմբագրեն կամ անոր վրայ աւելցնեն։ Աւետարաններուն ո՞ր մասերը հաւանական է որ հարազատ տեղեկագրութիւն ըլլան, եւ ոչ թէ՝ առասպել։

Անաստուած եւ աշխարհիկ ընկերութեան մէջ մեծցած անհատներ կը հաւատան թէ Աստուածաշունչը՝ ի ներառեալ Աւետարանները՝ առասպելներով եւ դիցաբանութիւններով լեցուն գիրք մըն է։ Տակաւին ուրիշներ, Քրիստոնեայ Աշխարհի արիւնահեղութեամբ, կեղեքումով, անմիաբանութեամբ եւ անբարեպաշտ վարքով լեցուն պատմութենէն հիասթափուած են։ Այսպիսի անհատներ Քրիստոնեայ Աշխարհին կողմէ սուրբ նկատուած գրութիւններուն ուշադրութիւն ընծայելու պատճառ մը չեն գտներ։ Անոնք կը խորհին որ այն գրութիւնները, որոնք կեղծաւոր կրօնք մը յառաջ բերած են, անօգուտ հեքիաթներ ըլլալու են։

Դո՛ւք ի՞նչ կը խորհիք։ Թոյլ պէ՞տք է տաք որ Աւետարաններու պատմականութիւնը հարցի տակ դնող կարգ մը ուսումնականներ, ձեր մտքին մէջ նման կասկածներ ծագեցնեն։ Երբ լսէք թէ ոմանք Աւետարանիչները առասպել հնարողներ կը պիտակեն, պէ՞տք է թոյլ տաք որ ասիկա անոնց գրութիւններուն հանդէպ ձեր վստահութիւնը խախտէ։ Քրիստոնեայ Աշխարհի անբարեպաշտ արձանագրութիւնը պէ՞տք է պատճառ ըլլայ որ Աւետարաններու վաւերական ըլլալը հարցի տակ դնէք։ Ձեզ կը հրաւիրենք որ կարգ մը իրողութիւններ նկատի առնէք։

[Նկար՝ էջ 4]

Աւետարանները առասպելնե՞ր՝ թէ իրողութիւններ կը բովանդակեն

[Նկարին աղբիւրը]

Jesus Walking on the Sea/The Doré Bible Illustrations/Dover Publications

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

Background, pages 3-5 and 8։ Courtesy of the Freer Gallery of Art, Smithsonian Institution, Washington, D.C.