Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աւետարանները. պատմութի՞ւն՝ թէ առասպել

Աւետարանները. պատմութի՞ւն՝ թէ առասպել

Աւետարանները. պատմութի՞ւն՝ թէ առասպել

ՀԱՄԱՅՆ աշխարհի մէջ, մարդկային պատմութեան ընթացքը փոխող երիտասարդին՝ Նազովրեցի Յիսուսի պատմութիւնը, ամէն համայնքի անբաժան մէկ մասը եղած է։ Անիկա մարդոց ստացած պաշտօնական եւ անպաշտօն դաստիարակութեան մէկ մասն է։ Շատեր Աւետարանները կը նկատեն աղբիւրը յաւերժական ճշմարտութիւններու եւ առածներու, ինչպէս՝ ‘Ձեր այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ ըլլայ’։ (Մատթէոս 5։37) Արդարեւ, Աւետարանները հիմը կրնան ըլլալ այն դասերուն, զորս ձեր ծնողքը ձեզի սորվեցուցած են, անոնք Քրիստոնեայ ըլլան կամ ոչ։

Քրիստոսի հետեւող միլիոնաւոր անկեղծ անհատներու համար, Աւետարանները հայթայթած են այն մարդուն նկարագրութիւնը, որու համար անոնք տառապելու ու մեռնելու յօժար եղած են։ Աւետարանները նաեւ քաջութեան, համբերութեան, հաւատքի եւ յոյսի հիմն ու ներշնչումը հայթայթած են։ Ուստի, չէ՞ք համաձայնիր որ այս պատմութիւնները որպէս պարզ առասպելներ վանելու համար, անհերքելի ապացոյցներ պէտք են։ Մարդկային մտածելակերպին եւ վարուելակերպին վրայ Աւետարաններուն ունեցած խոր ազդեցութեան ի տես, համոզիչ փաստեր պիտի չպահանջէի՞ք եթէ մէկը ուզէր անոնց վաւերականութեան նկատմամբ կասկածներ յարուցանել։

Կը հրաւիրենք ձեզ որ նկատի առնէք Աւետարաններու մասին միտք գրգռող կարգ մը հարցումներ։ Անձամբ տեսէք թէ Աւետարանները ուսումնասիրողներէն ոմանք ի՛նչ կը խորհին այս հարցերուն մասին, հակառակ անոր որ անոնցմէ ոմանք Քրիստոնեաներ չեն։ Ապա կրնաք իրազեկ եզրակացութեան յանգիլ։

ՆԿԱՏԻ ԱՌՆՈՒԵԼԻՔ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Կրնա՞յ ըլլալ որ Աւետարանները վարպետօրէն շինուած հնարամտութիւն մըն են։

Յիսուսի Սեմինար–ին հիմնադիրը՝ Ռոպէրթ Ֆանք՝ կ’ըսէ. «Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս ‘շուկայ իջեցուցին Մեսիան’, զայն Յիսուսի մահէն ետք յառաջ եկած քրիստոնէական վարդապետութեան հետ համեմատեցնելու համար»։ Սակայն, մինչ Աւետարանները կը գրուէին, Յիսուսի խօսքերը լսած, իր արարքներուն ականատես եղած եւ իր յարութենէն ետք զինք տեսած շատ անհատներ տակաւին ողջ էին։ Անոնք աւետարանիչները չամբաստանեցին որեւէ տեսակի խարդախութեամբ։

Նկատի առէք Քրիստոսի մահն ու յարութիւնը։ Ոչ միայն Աւետարանները Յիսուսի մահուան եւ յարութեան մասին վստահելի պատմութիւններ կը պարունակեն, այլ նաեւ՝ վաղեմի Կորնթոսի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն գրած Պօղոս առաքեալի առաջին կանոնական նամակը։ Ան գրեց. «Ամենէն առաջ ես ձեզի աւանդեցի զանիկա, որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ երեւցաւ Կեփասին ու ետքը տասներկուքին. ետքը հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ, որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կ’ապրին եւ ոմանք՝ ննջեցին։ Ետքը երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն։ Ամենէն ետքը՝ որպէս թէ վիժածի մը՝ ինծի ալ երեւցաւ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։3-8) Այսպիսի ականատեսներ, Յիսուսի կեանքին վերաբերեալ պատմական իրողութիւններուն պահապաններն էին։

Արդի քննադատներուն ենթադրեալ հնարումները Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ գոյութիւն չունին։ Ընդհակառակը, անոնք կը տեսնուին Հ.Դ. երկրորդ դարու պատկանող փաստաթուղթերու մէջ։ Հետեւաբար, Քրիստոսի մասին կարգ մը ոչ–սուրբ գրային պատմութիւններ հնարուեցան երբ առաքելական ժողովքէն օտարացած համայնքներու մէջ, ճշմարիտ Քրիստոնէութենէն դուրս հաւատուրացութիւնը կը զարգանար։—Գործք 20։28-30

Կրնա՞յ ըլլալ որ Աւետարանները առասպելներ են։

Հեղինակ եւ քննադատ Ք. Ս. Լուիս, չընդունեց Աւետարանները պարզապէս առասպելներ նկատել։ Ան գրեց. «Որպէս գրական պատմագէտ, ամբողջովին համոզուած եմ որ Աւետարանները ի՛նչ որ ալ ըլլան, առասպելներ չեն։ Անոնք առասպելներ ըլլալու աստիճան ճարտարութեամբ պատրաստուած չեն։ . . . Յիսուսի կեանքին մեծ մասը մեզի անծանօթ է, եւ առասպել մը հնարողներ թոյլ չեն տար որ պարագան այս ըլլայ»։ Նաեւ հետաքրքրական է որ հանրածանօթ պատմաբան Հ. Կ. Ուէլզ, Քրիստոնեայ մը ըլլալ չդաւանելով հանդերձ, ընդունեց՝ «Չորս [աւետարանիչներն] ալ շատ յստակ անձնաւորութեան մը պատկերը կը գծեն. անոնք . . . իրողութեան համոզում կը հաղորդեն»։

Նկատի առէք միջադէպ մը, երբ յարուցեալ Յիսուս իր աշակերտներուն երեւցաւ։ Վարպետ առասպել հնարող մը, Յիսուսի այս հանդիպումը հաւանաբար ուշագրաւ առիթի մը պիտի վերածէր, ուր ան նշանակալից քարոզ մը պիտի տար, կամ՝ լոյսի ու շքեղութեան մէջ պիտի լողար։ Փոխանակ այսպէս ըլլալու, աւետարանիչները պարզապէս կ’ըսեն թէ ան իր աշակերտներուն առջեւ կայնեցաւ. ապա անոնց հարցուց. «Տղա՛ք, ուտելու բան մը ունի՞ք»։ (Յովհաննու 21։5) Ուսումնական Կրէկ Իսթրպրուք կ’եզրափակէ, ըսելով. «Ասոնք այնպիսի մանրամասնութիւններ են, որոնք կը թելադրեն արձանագրութեան հարազատ՝ ու ոչ թէ առասպելական ըլլալը»։

Աւետարաններուն առասպել ըլլալուն ամբաստանութիւնը, նաեւ անհիմն կը դառնայ ի տես ռաբբիներու ուսուցանելու խիստ մեթոտին, որ ժողովրդական էր Աւետարաններու գրութեան ժամանակամիջոցին։ Այդ մեթոտը թութակաբար կամ կրկնութիւն գործածելով, անգիր սորվելու վրայ շեշտը կը դնէր։ Ասիկա զարդարուած պատմութիւն մը ստեղծելուն հակառակը, Յիսուսի խօսքերն ու գործերը ճշգրտօրէն ու բծախնդրութեամբ փոխանցելու կը նպաստէ։

Եթէ Աւետարանները առասպելներ էին, կարելի՞ էր Յիսուսի մահէն ետք զանոնք այսքան արագօրէն բանաքաղել։

Ձեռնտու եղած ապացոյցներուն համաձայն, Աւետարանները գրուեցան Հ.Դ. 41-98–ի միջեւ։ Յիսուս մեռաւ Հ.Դ. 33–ին։ Ասիկա կը նշանակէ թէ իր կեանքին մասին արձանագրութիւնները հաւաքուած էին իր ծառայութիւնը վերջանալէ համեմատաբար կարճ ժամանակ ետք։ Ասիկա հսկայ խոչընդոտ մը կը հանդիսանայ այն առարկութեան թէ՝ Աւետարաններուն պատմութիւնները զուտ առասպելներ են։ Առասպելներու զարգացումը ժամանակի կը կարօտի։ Նկատի առէք, զոր օրինակ վաղեմի Յոյն բանաստեղծ Հոմերոսի Իլիական–ը եւ Ոդիսական–ը։ Ոմանք կ’ենթադրեն թէ այս երկու դիւցազնավէպերուն մշակումը եւ իրենց վերջնական վիճակին հասնիլը հարիւրաւոր տարիներ տեւեց։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Աւետարաններուն մասին։

Կայսր եւ Քրիստոս խորագրով իր գրքին մէջ (Անգլերէն), պատմաբան Ուիլ Տիւրանթ կը գրէ. «Քանի մը պարզ մարդիկ, . . . այսպիսի զօրաւոր եւ սրտառուչ անձնաւորութիւն մը, այսքան բարձր բարոյագիտութիւն մը եւ մարդկային եղբայրակցութեան այսքան ներշնչիչ տեսակէտ մը ստեղծած ըլլալը, ինքնին Աւետարանին մէջ յիշուած որեւէ հրաշքէ աւելի անհաւատալի պիտի ըլլար։ Երկու դարու Բարձրագոյն Քննադատութենէ ետք, Քրիստոսի կեանքին, նկարագրին եւ ուսուցումին համառօտ շարադրանքը տրամաբանօրէն յստակ է եւ Արեւմտեան մարդուն պատմութեան մէջ ամենահմայիչ երեւոյթը կը կազմէ»։

Արդեօք Աւետարանները հետագայի՞ն խմբագրուեցան, նախկին Քրիստոնեայ համայնքի կարիքներուն յարմարելու համար։

Քննադատներէն ոմանք կ’առարկեն թէ նախկին Քրիստոնեայ համա՛յնքը պատճառ եղաւ որ աւետարանիչները Յիսուսի պատմութիւնը խմբագրեն եւ անոր վրայ աւելցնեն։ Սակայն, Աւետարաններու բծախնդիր քննութիւն մը ցոյց կու տայ թէ այսպիսի խարդախութիւն տեղի չունեցաւ։ Եթէ Յիսուսի մասին Աւետարանին պատմութիւնները խարդախուած էին առաջին դարու Քրիստոնեաներու խաբէութեան հետեւանքով, այդ պարագային ինչո՞ւ Հրեաներու եւ հեթանոսներու հասցէին ուղղուած բացասական ակնարկութիւնները տակաւին կ’երեւնան անոր մէջ։

Օրինակ մը կը գտնուի Մատթէոս 6։5-7–ի մէջ, ուր Յիսուս կը մէջբերուի ըսելով. «Երբ աղօթք կ’ընես, կեղծաւորներուն նման մի՛ ըլլար, որոնք կը սիրեն ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէս զի մարդոց երեւնան. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան»։ Բացայայտօրէն, այս խօսքերը Հրեայ կրօնական առաջնորդները կը դատապարտէին։ Յիսուս ըսաւ նաեւ. «Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին»։ Յիսուսի խօսքերը այս կերպով մէջբերելով, աւետարանիչները չէին փորձեր նորահաւատներ շահիլ։ Անոնք պարզապէս կ’արձանագրէին ինչ որ իրապէս Յիսուս Քրիստոս ըսած էր։

Նկատի առէք նաեւ Աւետարանի այն պատմութիւնները, որոնք կը խօսին կնոջ մը մասին, որ Յիսուսի գերեզմանը այցելեց եւ զայն պարապ գտաւ։ (Մարկոս 16։1-8) Կրէկ Իսթրպրուքի համաձայն, «Վաղեմի Միջին Արեւելքի ընկերաբանութեան մէջ, կիներու վկայութիւնը ի բնէ անվստահելի կը նկատուէր. օրինակի համար, երկու այր վկաներ բաւարար էին կին մը շնութեամբ դատապարտելու, մինչ ոեւէ կնոջ վկայութիւնը չէր կրնար այր մարդ մը դատապարտել»։ Արդարեւ, Յիսուսի աշակերտները չհաւատացին կիներուն։ (Ղուկաս 24։11) Հետեւաբար, շատ անհաւանական է որ այսպիսի պատմութիւն մը դիտմամբ հնարուած ըլլար։

Նամակներուն եւ Գործք Առաքելոց գրքին մէջ առակներու բացակայութիւնը, զօրաւոր ապացոյց մըն է թէ Աւետարաններուն մէջի առակները նախկին Քրիստոնեաներուն կողմէ մտցուած չէին, այլ Յիսուս անձամբ պատմած էր զանոնք։ Ասկէ զատ, Աւետարանները ուշադրութեամբ նամակներուն հետ բաղդատելով, երեւան կ’ելլէ թէ ո՛չ Պօղոսի ոչ ա՛լ Յունարէն Գրութիւններու միւս գրողներուն խօսքերը ճարպիկութեամբ վերաշարադրուած եւ Յիսուսի վերագրուած էին։ Եթէ նախկին Քրիստոնեայ համայնքը այսպիսի բան մը ըրած ըլլար, պիտի ակնկալէինք նամակներուն մէջէն առնուազն կարգ մը նիւթեր գտնել Աւետարաններուն մէջ։ Քանի որ չենք գտներ, կրնանք եզրակացնել թէ Աւետարաններուն պարունակութիւնը ինքնատիպ եւ վաւերական է։

Ի՞նչ կրնանք ըսել Աւետարաններուն երեւութական հակասութիւններուն մասին։

Քննադատներ երկար ատեն դաւանած են թէ Աւետարանները հակասութիւններով լեցուն են։ Պատմաբան Տիւրանթ ջանաց Աւետարանները քննել ամբողջովին առարկայական տեսանկիւնէ մը՝ որպէս պատմական փաստաթուղթեր։ Թէեւ ան կ’ըսէ թէ անոնց մէջ երեւութական հակասութիւններ կան, բայց կ’եզրակացնէ. «Հակասութիւնները մանր բաներ են [ջնջին մանրամասնութիւններ], ոչ էական. համատեսական աւետարանները հոյակապօրէն ներդաշնակ են, եւ Քրիստոսի անփոփոխ պատկերը կը ներկայացնեն»։

Աւետարաններուն մէջ գտնուած երեւութական հակասութիւնները յաճախ դիւրաւ կը լուծուին։ Բացատրենք. Մատթէոս 8։5 կ’ըսէ թէ «հարիւրապետ մը եկաւ [Յիսուսի] քովը, կ’աղաչէր անոր» որ իր ծառան բուժէ։ Ղուկաս 7։3–ի մէջ կը կարդանք որ հարիւրապետը «Հրեաներէն քանի մը ծերեր ղրկելով՝ աղաչեց [Յիսուսի] որ գայ իր ծառան ապրեցնէ»։ Հարիւրապետը երէցները որպէս իր ներկայացուցիչները ղրկեց։ Մատթէոս կ’ըսէ թէ հարիւրապետը անձամբ Յիսուսէն խնդրեց, քանի որ ան իր խնդրանքը ներկայացուց երէցներուն միջոցով, որոնք որպէս բանբերներ ծառայեցին իրեն։ Ասիկա միայն օրինակ մըն է, որ ցոյց կու տայ թէ Աւետարաններուն մէջ գտնուող կարծեցեալ աններդաշնակութիւնները կրնան լուծուիլ։

Ի՞նչ կրնանք ըսել բարձրագոյն քննադատներու այն դաւանութեան մասին թէ Աւետարանները իսկական պատմութեան դատանիշը չունին։ Տիւրանթ կը շարունակէ. «Իր յայտնագործութիւններուն խանդավառութեան մէջ, Բարձրագոյն Քննադատութիւնը Նոր Կտակարանին վրայ կիրարկած է վաւերականութեան ա՛յնպիսի խիստ փորձեր, որոնցմով հարիւր վաղեմի անուանիներ՝ զոր օրինակ Համուրապին, Դաւիթ, Սոկրատ՝ առասպելական անձնաւորութիւններու շարքին պիտի դասուէին։ Հակառակ աւետարանիչներու կանխադատողութիւններուն եւ աստուածաբանական կանխակալ կարծիքներուն, անոնք արձանագրած են բազմաթիւ միջադէպեր, զորս հնարամիտ անհատներ պիտի ծածկէին. օրինակի համար, Թագաւորութեան մէջ բարձր դիրք մը գրաւելու նկատմամբ առաքեալներուն մրցակցութիւնը, Յիսուսի ձերբակալութենէն ետք անոնց փախչիլը, Պետրոսի ուրանալը . . . այս դէպքերը կարդացող ոեւէ անհատ չի կրնար անոնց ետին կեցող անձնաւորութեան իրական ըլլալուն վրայ կասկած ունենալ»։

Արդի Քրիստոնէութիւնը Աւետարաններուն Յիսուսը կը ներկայացնէ՞։

Յիսուսի Սեմինար–ը յայտարարած է թէ Աւետարաններուն մասին իր փնտռտուքը «եկեղեցական խորհրդաժողովներու որոշումներուն կապուած չէ»։ Սակայն, պատմաբան Ուէլզ անդրադարձաւ որ Աւետարաններուն մէջ ներկայացուած Յիսուսի ուսուցումներուն եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի ուսուցումներուն միջեւ հսկայ խրամատ մը կայ։ Ան գրեց. «Ապացոյց չկայ թէ Յիսուսի առաքեալները երբեւիցէ լսեցին Երրորդութեան մասին, մանաւանդ իրմէ . . . Ոչ ալ [Յիսուս] անոնց բան մը ըսաւ իր մայրը՝ Մարիամը պաշտելու մասին, երկնքի Թագուհին՝ Իզիսի դիմակին տակ։ Ամէն ինչ որ յատկանշականօրէն քրիստոնէական պաշտամունքին եւ գործածութեան հետ կապ ունի, ան անտեսեց»։ Հետեւաբար, անհատ մը Քրիստոնեայ Աշխարհի ուսուցումներուն հիման վրայ չի կրնար դատել Աւետարաններուն արժէքը։

Ի՞ՆՉ Է ՁԵՐ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Վերոյիշեալ կէտերը նկատի առնելէ ետք, դո՛ւք ի՞նչ կը խորհիք։ Իսկական, համոզիչ ապացոյցներ կա՞ն թէ Աւետարանները առասպելներ են։ Շատեր Աւետարաններուն վաւերականութեան մասին յարուցուած հարցումները եւ կասկածները խախուտ եւ անգոհացուցիչ կը գտնեն։ Անձնական կարծիք մը կազմելու համար, հարկ է որ լայնախոհ կերպով Աւետարանները կարդաք։ (Գործք 17։11) Երբ նկատի կ’առնէք այն միաձեւութիւնը, պարկեշտութիւնը, եւ ճշգրտութիւնը որով Աւետարանները Յիսուսի անձնաւորութիւնը կը ներկայացնեն, պիտի գիտակցիք թէ այս արձանագրութիւնները վստահաբար հեքիաթներու հաւաքածոյ մը չեն։ *

Եթէ ուշադրութեամբ Աստուածաշունչը քննէք եւ անոր խրատը կիրարկէք, պիտի տեսնէք թէ անիկա ինչպէս պիտի բարեփոխէ ձեր կեանքը։ (Յովհաննու 6։69) Այս է պարագան յատկապէս Աւետարաններուն մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն։ Ասկէ զատ, այդ աղբիւրէն կրնաք սորվիլ հնազանդ մարդկութեան համար վերապահուած հոյակապ ապագային մասին։—Յովհաննու 3։16. 17։3, 17

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 29 Տես՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գրքին 5-7–րդ գլուխները, եւ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը։ Երկուքն ալ հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Շրջանակ՝ էջ 7]

Հարազատ տեղեկագրութեան ապացոյց

ՔԱՆԻ մը տարիներ առաջ, Աւստրալիացի թատերագիր եւ Աստուածաշունչի նախկին քննադատ մը խոստովանեցաւ. «Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ըրի այն ինչ որ սովորաբար թղթակիցի մը առաջին պարտականութիւնն է. ունեցած փաստերս քննեցի։ . . . եւ շփոթեցայ, քանի որ ինչ որ [Աւետարաններուն մէջ] կը կարդայի առասպել չէր, ոչ ալ՝ անիրապաշտ յերիւրանք էր։ Անիկա տեղեկագրութիւն էր։ Ուղղակի կամ անուղղակի ականատեսներու կողմէ արտակարգ դէպքերու մասին արձանագրութիւններ . . . Տեղեկագրութիւնը իր իւրայատուկ դրոշմը ունի, եւ այդ դրոշմը Աւետարաններուն մէջ առկայ է»։

Նմանապէս, Օգլէնտ Համալսարանի դասական պատմութեան ուսուցչապետ՝ Ի. Մ. Պլէյքլոք փաստարկեց. «Կը դաւանիմ պատմաբան մը ըլլալ։ Դասական պատմութեան իմ մօտեցումս պատմական է։ Ձեզ կը վստահեցնեմ թէ Քրիստոսի կեանքին, մահուան եւ յարութեան վերաբերեալ ապացոյցները շատ աւելի վաւերական են, քան՝ վաղեմի պատմութեան իրողութիւններուն մեծ մասը»։

[Քարտէս/Նկարներ՝ էջ 8, 9]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ՓԻՒՆԻԿԷ

ԳԱԼԻԼԻԱ

Յորդանան Գետ

ՀՐԷԱՍՏԱՆ

[Նկարներ]

«Քրիստոսի կեանքին, մահուան եւ շատ աւելի վաւերական են, քան՝ վաղեմի յարութեան վերաբերեալ ապացոյցները պատմութեան իրողութիւններուն մեծ մասը»։—ՈՒՍՈՒՑՉԱՊԵՏ Ի. Մ. ՊԼԷՅՔԼՈՔ

[Նկարին աղբիւրը]

Background maps։ Based on a map copyrighted by Pictorial Archive (Near Eastern History) Est. and Survey of Israel.