Մեր օրերուն վերաբերող Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին ուշադրութիւն ընծայենք
Մեր օրերուն վերաբերող Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին ուշադրութիւն ընծայենք
«Հասկցի՛ր, որդի՛ մարդոյ, որ այս տեսիլքը վերջին ժամանակին համար է»։—ԴԱՆԻԷԼ 8։17
1. Եհովա կը փափաքի որ ամբողջ մարդկութիւնը ի՞նչ գիտնայ մեր օրերուն մասին։
ԵՀՈՎԱ ապագայ դէպքերու տեղեկութիւնը ինքնիրեն չի պահեր։ Ընդհակառակը, ան գաղտնիքներ Յայտնող է։ Արդարեւ, ան կը փափաքի որ բոլորս ալ գիտնանք թէ մենք «վերջին ժամանակ»ին մէջ շատ յառաջացած ենք։ Ասիկա ի՜նչ ոգեւորիչ լուր մըն է հիմա երկրի վրայ ապրող վեց միլիառ մարդոց համար։
2. Մարդիկ ինչո՞ւ մտահոգ են մարդկութեան ապագայով։
2 Զարմանալի՞ է որ այս դրութիւնը իր վախճանին կը մօտենայ։ Մարդը կրնայ լուսնին վրայ քալել, բայց շատ մը վայրերու մէջ չի կրնար առանց վախի շրջագայիլ այս մոլորակին փողոցներուն մէջ։ Ան կրնայ տուն մը կահաւորել ամենէն արդիական սարքերով, բայց չի կրնար առաջքը առնել ընտանիքներու քայքայումի հոսանքին։ Այո, ան կրնայ տեղեկատուական դարաշրջան մը մէջտեղ բերել, բայց չի կրնար մարդոց սորվեցնել որ իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրին։ Այս ձախողութիւնները նեցուկ կը կանգնին սուրբ գրային բազմաթիւ ապացոյցներու, թէ մենք վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրինք։
3. «Վերջին ժամանակ» արտայայտութիւնը առաջին անգամ ե՞րբ գործածուեցաւ երկրի վրայ։
3 «Վերջին ժամանակ»՝ այս տպաւորիչ արտայայտութիւնը առաջին անգամ Գաբրիէլ հրեշտակը գործածեց, շուրջ 2,600 տարիներ առաջ։ Աստուծոյ ահաբեկուած մարգարէ մը լսեց ինչ որ Գաբրիէլ կ’ըսէր. «Հասկցի՛ր, որդի՛ մարդոյ, որ այս տեսիլքը վերջին ժամանակին համար է»։—Դանիէլ 8։17
Հի՛մա Է «Վերջին Ժամանակ»ը
4. Աստուածաշունչը ուրիշ ի՞նչ կերպերով վերջին ժամանակին կ’ակնարկէ։
4 «Վերջին ժամանակ» եւ «որոշ [«որոշուած», ՆԱ] ժամանակ» արտայայտութիւնները վեց անգամ կը գտնենք Դանիէլի գրքին մէջ։ (Դանիէլ 8։17, 19. 11։ 35, 40. 12։4, 9) Անոնք Պօղոս առաքեալի նախագուշակած «վերջին օրեր»ուն հետ կապ ունին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Յիսուս Քրիստոս այս ժամանակը կապեց երկնքի մէջ որպէս գահակալուած Թագաւոր իր ‘ներկայութեան’ հետ։—Մատթէոս 24։37-39, ՆԱ
5, 6. Վերջին ժամանակին որո՞նք ‘հոս հոն պտըտած’ են եւ ի՛նչ արդիւնքի հասած են։
5 Դանիէլ 12։4–ը կը նշէ. «Դո՛ւն, ո՛վ Դանիէլ, այս խօսքերը գոցէ ու գիրքը կնքէ մինչեւ վերջին ժամանակը։ Շատերը հոս հոն պիտի պտըտին ու գիտութիւնը պիտի շատնայ» (ստորանիշը)։ Դանիէլի գրածներուն մեծ մասը երկար դարեր ծածուկ, ու մարդկային հասկացողութեան համար կնքուած մնաց։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել ներկայիս։
6 Այս վերջին ժամանակին մէջ, բազմաթիւ հաւատարիմ Քրիստոնեաներ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ էջերուն մէջ ‘հոս հոն պտըտած են’։ Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Իրենց ջանքերուն վրայ Եհովայի օրհնութեամբ, ճշգրիտ գիտութիւնը շատցած է։ Օրինակի համար, Եհովայի օծեալ Վկաները ներատեսութեամբ օժտուելով, կրցած են հասկնալ որ Յիսուս Քրիստոս երկնքի մէջ Թագաւոր եղաւ 1914–ին։ Բ. Պետրոս 1։19-21–ի մէջ արձանագրուած առաքեալին խօսքերուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, այս օծեալները եւ իրենց հաւատարիմ ընկերակիցները, ‘մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն կ’ընծայեն’ եւ իրապէս վստահ են որ հիմա վերջին ժամանակին մէջ ենք։
7. Դանիէլի գիրքը անզուգական դարձնող տեղեկութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։
7 Դանիէլի գիրքը ուրիշ շատ կերպերով անզուգական է։ Անոր էջերուն մէջ թագաւոր մը կը սպառնայ իր իմաստունները սպաննել, քանի որ անոնք չեն կրնար իր խռովեցուցիչ երազը յայտնել ու զայն մեկնել, բայց Աստուծոյ մարգարէն հանելուկը կը լուծէ։ Երեք երիտասարդներ մերժելով հսկայ արձանի մը առջեւ երկրպագութիւն ընել, չափազանց տաքցուած հնոցի մը մէջ կը նետուին, բայց կը վերապրին առանց խանձուելու։ Տօնախմբութեան մը ընթացքին, հարիւրաւոր անհատներ կը տեսնեն ձեռք մը, որ պալատին պատին վրայ խորհրդաւոր բառեր կը գրէ։ Նենգամիտ դաւադիրներ տարեց մարդ մը առիւծներու գուբը նետել կու տան, բայց ան անվնաս դուրս կու գայ։ Տեսիլքի մը մէջ չորս գազաններ կը տեսնուին եւ անոնց մարգարէական մեկնութիւն կը տրուի որ մինչեւ վերջին ժամանակը կ’երկարի։
8, 9. Դանիէլի գիրքը ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ մեզի, մանաւանդ հիմա՝ այս վերջին ժամանակին մէջ։
8 Դանիէլի գիրքը որոշակիօրէն իրարմէ շատ տարբեր երկու երեսակներ ունի։ Մէկը պատմողական, իսկ միւսը՝ մարգարէական։ Երկուքն ալ կրնան մեր հաւատքը կերտել։ Պատմողականը մեզի ցոյց կու տայ թէ Եհովա Աստուած կ’օրհնէ այն բոլոր անհատները, որոնք իրեն հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն։ Իսկ մարգարէական մասը հաւատք կը կերտէ, ցոյց տալով թէ Եհովա դարեր, նոյնիսկ հազարաւոր տարիներ, առաջուընէ գիտէ պատմութեան ընթացքը։
9 Դանիէլի կողմէ արձանագրուած տարբեր մարգարէութիւններ ուշադրութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութեան կ’ուղղեն։ Մինչ այս մարգարէութիւններուն կատարումը կը զննենք, մեր հաւատքը կը զօրանայ, ինչպէս նաեւ՝ մեր համոզումը, թէ վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Բայց կարգ մը քննադատներ յարձակում կը գործեն Դանիէլի վրայ, ըսելով թէ իր անունը կրող գրքին մարգարէութիւնները իրականութեան մէջ գրուած են, անոնց մէջի դէպքերը կատարուելէն ետք։ Եթէ այս դաւանութիւնները ճիշդ են, այդ պարագային վերջին ժամանակին շուրջ Դանիէլի նախագուշակածին մասին լուրջ հարցումներ կը յարուցուին։ Սկեպտիկները գրքին պատմողական մասն ալ կասկածի տակ կ’առնեն։ Ուստի, մօտէն քննենք հարցը։
Դատի Քաշուած
10. Դանիէլի գիրքը ի՞նչ առումով ամբաստանուած է։
10 Երեւակայեցէք որ ատեանի մը մէջ՝ դատավարութեան մը ներկայ կը գտնուիք։ Դատախազը կը պնդէ որ ամբաստանեալը զեղծարարութեամբ ամբաստանուած է։ Դանիէլի գիրքն ալ կը ներկայանայ որպէս հարազատ աշխատասիրութիւն մը, որ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ ու եօթներորդ դարերուն ապրած Եբրայեցի մարգարէի մը կողմէ գրուած է։ Բայց քննադատներ կը պնդեն որ այս գիրքը զեղծարարութիւն մըն է։ Ուստի, նախ տեսնենք թէ գրքին պատմողական մասը պատմական իրողութեան հետ կը համաձայնի՞՝ թէ ոչ։
11, 12. Բաղտասարի շինծու անձնաւորութիւն մը ըլլալուն մասին եղած ամբաստանութեան ի՞նչ պատահեցաւ։
11 Ենթադրենք որ գոյութիւն չունեցող թագաւորի մը պարագան նկատի կ’առնենք։ Դանիէլի հինգերորդ գլուխը ցոյց կու տայ թէ Բաղտասար կը թագաւորէր Բաբելոնի վրայ, երբ քաղաքը տապալեցաւ Հ.Դ.Ա. 539–ին։ Քննադատներ այս կէտին շուրջ առարկութիւններ ըրած են, քանի որ Բաղտասարի անունը Աստուածաշունչէն դուրս որեւէ տեղ յիշուած չէր։ Փոխարէն, ըստ վաղեմի պատմաբաններու, Բաբելոնացի վերջին թագաւորը Նաբունիտոսն էր։
12 1854–ին սակայն, կարգ մը կաւէ գլանիկներ
պեղուեցան, ներկայիս Իրաքի մէջ գտնուող վաղեմի բաբելոնական Ուր քաղաքի աւերակներուն մէջէն։ Այս սեպագիր փաստագրութիւններուն մէջ աղօթք մը կար, որու մէջ Նաբունիտոս Թագաւոր իր «Բէլ–սար–ուշուր, անդրանիկ որդւոյն» ակնարկութիւն կ’ընէր։ Նոյնիսկ քննադատներ ստիպուեցան ընդունիլ որ ասիկա Դանիէլի գրքին Բաղտասարն էր։ Ուստի, գոյութիւն չունեցող թագաւորը իրականութեան մէջ գոյութիւն ունէ՛ր, նոյնիսկ աշխարհիկ աղբիւրներու մէջ։ Ասիկա բազմաթիւ փաստերէն միայն մէկն է թէ Դանիէլի գրութիւնները իրապէս հարազատ են։ Այսպիսի ապացոյց մը ցոյց կու տայ թէ Դանիէլի գիրքը արդարեւ Աստուծոյ Խօսքին մէկ մասն է, որ բծախնդիր ուշադրութեան արժանի է հիմա իսկ՝ այս վերջին ժամանակին մէջ։13, 14. Ո՞վ էր Նաբուգոդոնոսոր եւ ան մասնաւորաբար ո՞ր չաստուածը կը պաշտէր։
13 Դանիէլի գրքին անբաժան մէկ մասն է աշխարհակալ ուժերու ընթացքին եւ անոնց կարգ մը կառավարիչներու արարքներուն հետ կապ ունեցող մարգարէութիւններ։ Այդ կառավարիչներէն մէկը կարելի է կոչել ռազմասէր մը, որ կայսրութիւն մը հիմնեց։ Որպէս Բաբելոնի գահաժառանգ, ինք եւ իր բանակը Քարքամիսի մէջ Եգիպտոսի Նեքաւով Փարաւոնին ուժերը ջախջախեցին։ Բայց գոյժ մը ստիպեց որ այս յաղթական իշխանը բնաջնջումի իր գործողութիւնները ձգէ իր զօրավարներուն։ Տեղեկանալով որ իր հայրը՝ Նաբու–Պալասար մեռած էր, երիտասարդ Նաբուգոդոնոսոր գահ բարձրացաւ Հ.Դ.Ա. 624–ին։ Իր 43 տարուան իշխանութեան ընթացքին, ան կայսրութիւն մը կերտեց որ իր մէջ պարփակեց նախապէս Ասորեստանի կողմէ գրաւուած հողամասեր, եւ իր տիրապետութիւնը տարածեց մինչեւ Սուրիա եւ Պաղեստին, հասնելով մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը։
14 Նաբուգոդոնոսոր մասնաւորաբար կը պաշտէր Մարդոկը, Բաբելոնի գլխաւոր չաստուածը։ Թագաւորը իր բոլոր յաղթանակները Մարդոկին կը վերագրէր։ Բաբելոնի մէջ, Նաբուգոդոնոսոր Մարդոկի եւ բաբելոնական բազմաթիւ ուրիշ չաստուածներու համար տաճարներ կառուցանեց կամ զանոնք զարդարեց։ Դուրա դաշտին մէջ Բաբելոնացի այս թագաւորին կանգնած ոսկիէ արձանը, թերեւս Մարդոկի ձօնուած էր։ (Դանիէլ 3։1, 2) Իսկ այնպէս կը տեսնուի որ Նաբուգոդոնոսոր իր զինուորական յառաջխաղացքը ծրագրելու համար գլխաւորաբար հմայութեան կ’ապաւինէր։
15, 16. Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչ ըրաւ Բաբելոնի համար. իսկ ի՞նչ պատահեցաւ երբ ան յոխորտաց անոր մեծութեան վրայ։
15 Իր հօրը կողմէ սկսուած քաղաքին կրկնակի պարիսպները ամբողջացնելով, Նաբուգոդոնոսոր մայրաքաղաքը երեւութապէս անառիկ դարձուց։ Հայրենի բլուրներուն ու անտառներուն կարօտը քաշող իր Մարացի թագուհիին ցանկութեան գոհացում տալու համար, կ’ըսուի որ Նաբուգոդոնոսոր «կախուած պարտէզներ» շինել տուաւ, որ հին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը համարուած է։ Ան Բաբելոնը պատմութեան մեծագոյն պարսպապատ քաղաքը դարձուց։ Ան որքա՜ն հպարտ էր սուտ պաշտամունքի այդ օճախով։
16 Նաբուգոդոնոսոր օր մը յոխորտալով ըսաւ. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես . . . շինեցի»։ Բայց Դանիէլ 4։30-36–ի համաձայն, «երբ խօսքը դեռ թագաւորին բերանն էր», ան խելագարութեամբ զարնուեցաւ։ Տիրելու անկարող ըլլալով, ան եօթը տարի խոտ կերաւ, ճիշդ ինչպէս Դանիէլ նախագուշակած էր։ Ապա, իր թագաւորութիւնը վերականգնուեցաւ։ Այս բոլորին մարգարէական իմաստը գիտէ՞ք։ Կրնա՞ք բացատրել թէ անոր գլխաւոր կատարումը ի՛նչպէս մեզ կը հասցնէ մինչեւ վերջին ժամանակը։
Մարգարէական Կարգ մը Մասեր Իրար Կցենք
17. Որպէս աշխարհակալ՝ Նաբուգոդոնոսորի իշխանութեան երկրորդ տարին Աստուծոյ անոր ղրկած մարգարէական երազը ի՞նչպէս կրնաք նկարագրել։
17 Հիմա Դանիէլի գրքին մէջի մարգարէական կարգ մը մասեր իրար կցենք։ Որպէս աշխարհակալ՝ Նաբուգոդոնոսորի իշխանութեան երկրորդ տարուան ընթացքին (Հ.Դ.Ա. 606/605), Աստուած անոր սարսափազդու երազ մը ղրկեց։ Դանիէլի 2–րդ գլուխին համաձայն, երազը հսկայ արձանի մը մասին էր, որուն գլուխը ոսկիէ, կուրծքն ու թեւերը՝ արծաթէ, մէջքն ու ազդրերը՝ պղնձէ, սրունքները՝ երկաթէ եւ ոտքերուն մատները երկաթով ու կաւով խառնուած էին։ Արձանին տարբեր մասերը ի՞նչ կը ներկայացնէին։
18. Երազի արձանին ոսկիէ գլուխը, արծաթէ կուրծքը եւ թեւերը եւ պղնձէ մէջքն ու ազդրերը ի՞նչ կը ներկայացնէին։
18 Աստուծոյ մարգարէն Նաբուգոդոնոսորի ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, . . . այն ոսկի գլուխը դո՛ւն ես»։ (Դանիէլ 2։37, 38) Նաբուգոդոնոսոր հարստութեան մը գլուխը անցած էր որ Բաբելոնի Կայսրութեան վրայ կը տիրէր։ Անիկա տապալեցաւ Մարա–Պարսկաստանի կողմէ, որ արձանին արծաթէ կուրծքով եւ թեւերով ներկայացուած էր։ Անոր յաջորդեց Յունական Կայսրութիւնը, որ պղնձէ մէջքով ու ազդրերով յայտնաբերուած էր։ Այդ աշխարհակալ ոյժը ի՞նչպէս երեւան եկաւ։
19, 20. Ո՞վ էր Մեծն Աղեքսանդր, եւ Յունաստանը աշխարհակալ ոյժ դարձնելու մէջ ի՞նչ դեր ունեցաւ։
19 Հ.Դ.Ա. չորրորդ դարուն, երիտասարդ մը յատկանշական դեր մը խաղցաւ Դանիէլի մարգարէութեան կատարման մէջ։ Ան ծնած էր Հ.Դ.Ա. 356–ին, եւ աշխարհը զինք կոչեց Մեծն Աղեքսանդր։ Հ.Դ.Ա. 336–ին իր հօրը՝ Ֆիլիփի, սպանութենէն ետք, 20 տարեկան Աղեքսանդրը Մակեդոնիայի գահը ժառանգեց։
20 Հ.Դ.Ա. 334–ի Մայիսի սկիզբը, Աղեքսանդր յաղթական արշաւի մը ձեռնարկեց։ Ան փոքր՝ բայց ազդու բանակ մը ունէր, որ բաղկացած էր 30,000 հետեւակ եւ 5,000 հեծեալ զինուորներէ։ Հ.Դ.Ա. 334–ին, Փոքր Ասիոյ հիւսիս–արեւմուտքը (ներկայիս Թուրքիա) գտնուող Գրանիկոն Գետին մօտ, Աղեքսանդր իր առաջին պատերազմը շահեցաւ Պարսիկներու դէմ։ Հ.Դ.Ա. 326–ին, այս անխոնջ աշխարհակալը նուաճած էր զանոնք եւ հասած էր մինչեւ հեռաւոր արեւելք, Ինդոս Գետը, որ արդի Փաքիստանին մէջ կը գտնուի։ Բայց Աղեքսանդր Բաբելոնի մէջ գտնուած ժամանակ, իր վերջին պատերազմը կորսնցուց։ Հ.Դ.Ա. 323 Յունիս 13–ին, միմիայն 32 տարի եւ 8 ամիս ապրելէ ետք, ան անձնատուր եղաւ ամենէն ահարկու թշնամիին՝ մահուան։ (Ա. Կորնթացիս 15։55) Իր նուաճումներով սակայն, Յունաստան աշխարհակալ ոյժ մը դարձած էր, ինչպէս Դանիէլի մարգարէութեան մէջ նախագուշակուած էր։
21. Հռովմէական Կայսրութենէն զատ, երազի արձանին երկաթէ սրունքները ուրիշ ո՞ր աշխարհակալ ոյժը կը պատկերացնէր։
21 Հսկայ արձանին երկաթէ սրունքները ի՞նչ կը ներկայացնեն։ Այո, երկաթանման Հռովմն էր որ խորտակեց Յունական Կայսրութիւնը։ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ քարոզուած Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ որեւէ յարգանք չունենալով, Հռովմը տանջանքի ցիցի մը վրայ զինք սպաննեց Հ.Դ. 33–ին։ Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը խորտակելու մտադրութեամբ, Հռովմ հալածեց Յիսուսի աշակերտները։ Սակայն, Նաբուգոդոնոսորի երազի արձանին երկաթէ սրունքները ոչ միայն Հռովմէական Կայսրութիւնը կը պատկերացնէր, այլ նաեւ, անոր քաղաքական մէկ եղջիւրը՝ Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժը։
22. Երազի արձանը մեզի ի՞նչպէս կ’օգնէ հասկնալու որ վերջին ժամանակին մէջ շատ յառաջացած ենք։
22 Ուշադիր ուսումնասիրութիւն մը կ’ապացուցանէ որ վերջին ժամանակին մէջ շատ յառաջացած ենք, քանի որ երազի արձանին երկաթէ եւ կաւէ ոտքերուն հասած ենք։ Ներկայ կարգ մը կառավարութիւններ երկաթանման, կամ ամբողջատիրական են, մինչ ուրիշներ կաւանման են։ Հակառակ «մարդոց սերունդին» դիւրաբեկ բնոյթին, երկաթանման իշխանութիւններ պարտադրաբար թոյլ տուած են որ հասարակ ժողովուրդը խօսք ունենայ իրենց վրայ տիրող կառավարութիւններուն մէջ։ (Դանիէլ 2։43. Յոբայ 10։9) Անշուշտ, ամբողջատիրական իշխանութիւններն ու հասարակ ժողովուրդը իրարու չեն փակչիր, ինչպէս՝ երկաթն ու կաւը։ Բայց Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով վերջ պիտի դնէ քաղաքականօրէն բաժանուած այս աշխարհին։—Դանիէլ 2։44
23. Բաղտասարի իշխանութեան առաջին տարին Դանիէլի տեսած երազն ու տեսիլքները ի՞նչպէս կրնաք նկարագրել։
23 Դանիէլի 7–րդ գլուխի ուշագրաւ մարգարէութիւնն ալ մեզ վերջին ժամանակին մէջ կը բերէ։ Անիկա դէպքի մը մասին կը խօսի որ Բաբելոնի Բաղտասար Թագաւորին առաջին տարին տեղի ունեցաւ։ Այն ատեն, 70–ական տարիքի մէջ եղող Դանիէլ, ‘իր անկողնին մէջ երազ մը եւ տեսիլքներ’ կը տեսնէ։ Այս տեսիլքները շա՜տ կը սարսափեցնեն զինք։ Ան կ’ըսէ. «Տեսայ թէ երկնքի չորս հովերը մեծ ծովուն վրայ կը յարձակէին ու ծովէն չորս մեծ գազաններ ելան, որոնք իրարմէ տարբեր էին»։ (Դանիէլ 7։1-8, 15) Ի՜նչ արտակարգ գազաններ։ Առաջինը թեւաւոր առիւծ մըն է, իսկ երկրորդը արջու նման է։ Անոնցմէ ետք չորս թեւեր ու չորս գլուխներ ունեցող ինձ մը կու գայ։ Իսկ անսովոր կերպով զօրաւոր չորրորդ գազանը երկաթէ մեծ ակռաներ ու տասը եղջիւր ունի։ Անոր տասը եղջիւրներուն մէջէն «պզտիկ» եղջիւր մը կ’ելլէ որ «մարդու աչքերու պէս աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան» մը ունի։ Ի՜նչ այլանդակ արարածներ։
24. Ըստ Դանիէլ 7։9-14–ի, Դանիէլ ի՞նչ կը տեսնէ երկնքի մէջ եւ այս տեսիլքը ի՞նչ բանի կը մատնանշէ։
24 Դանիէլի տեսիլքները յաջորդիւ դէպի երկինք կ’ուղղուին։ (Դանիէլ 7։9-14) «Հինաւուրցը»՝ Եհովա Աստուած, կը յայտնուի, երկնային Ատեանին մէջ փառաւոր կերպով բազմած որպէս Դատաւոր։ ‘Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընեն անոր եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնին’։ Գազանները դատապարտելով, Աստուած անոնցմէ կ’առնէ իշխանութիւնը եւ կը կործանէ չորրորդ գազանը։ ‘ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն’ վրայ մնայուն իշխանութիւն կը տրուի «Որդի մարդոյ նման մէկ»ու մը։ Ասիկա կը մատնանշէ վերջին ժամանակին եւ Որդի մարդոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի գահակալութեան, որ տեղի ունեցաւ 1914–ին։
25, 26. Երբ Դանիէլի գիրքը կարդանք, ի՞նչ հարցումներ կրնան ծագիլ եւ ո՞ր գիրքը կրնայ անոնց պատասխանել։
25 Դանիէլի գիրքը կարդացողները վստահաբար հարցումներ պիտի ունենան։ Օրինակ, Դանիէլի 7–րդ գլուխի չորս գազանները ի՞նչ կը ներկայացնեն։ Դանիէլ 9։24-27–ի մէջ յիշուած «եօթը եօթնեակ»ի կապակցաբար մեսիական մարգարէութեան բացատրութիւնը ի՞նչ է։ Դանիէլի 11–րդ գլուխին եւ անոր մէջ յիշուած ‘հիւսիսի թագաւորին’ եւ ‘հարաւի թագաւորին’ մարգարէական պայքարին մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Վերջին ժամանակին մէջ, այս թագաւորներէն ի՞նչ կրնանք ակնկալել։
26 Եհովա այս հարցերուն մասին ներատեսութիւն տուած է երկրի վրայ իր օծեալ ծառաներուն՝ «Բարձրեալին սուրբերուն», ինչպէս կոչուած են Դանիէլ 7։18–ի մէջ։ Ասկէ զատ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» պատրաստութիւն մը տեսած է որպէսզի բոլորս ալ կարենանք Դանիէլ մարգարէին ներշնչեալ գրութեան աւելի խորը թափանցել։ (Մատթէոս 24։45) Ասիկա հիմա մատչելի է՝ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գրքին շնորհիւ որ վերջերս լոյս տեսաւ։ Այս Պատկերազարդ 320 էջնոց գրականութիւնը Դանիէլի գրքին բոլոր մասերը ձեռք կ’առնէ։ Անիկա սիրելի Դանիէլ մարգարէին կողմէ արձանագրուած հաւատք կերտող իւրաքանչիւր մարգարէութիւն եւ պատմողական իւրաքանչիւր մաս կը քննարկէ։
Իրական Իմաստը Մեր Օրերուն
27, 28. (ա) Դանիէլի գրքին մարգարէութեանց կատարման նկատմամբ ի՞նչ բան որոշ է։ (բ) Ո՞ր ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրինք, եւ ի՞նչ պէտք է ընենք։
27 Այս մասնայատուկ կէտը նկատի առէք. Դանիէլի գրքին բոլոր մարգարէութիւնները կատարուած են՝ բացի կարգ մը մանրամասնութիւններէ։ Օրինակ, հիմա՝ Դանիէլի 2–րդ գլուխի երազի արձանին ոտքերով պատկերացուած աշխարհի կացութիւնը կը տեսնենք։ Դանիէլի 4–րդ գլուխի ծառի կոճղին կապերը քակուեցան, 1914–ին Մեսիական Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի գահակալութեամբ։ Այո, ինչպէս նախագուշակուած էր Դանիէլի 7–րդ գլուխին մէջ, այն ատեն Հինաւուրցը՝ իշխանութիւնը տուաւ Որդի մարդոյ։—Դանիէլ 7։13, 14. Մատթէոս 16։27–17։9
28 Դանիէլի 8–րդ գլուխին մէջի 2,300 օրերը, ինչպէս նաեւ 12–րդ գլուխի 1,290 եւ 1,335 օրերը բոլորը այլեւս մեր ետին մնացած են՝ անցեալի կը պատկանին։ Դանիէլի 11–րդ գլուխին ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ թէ «հիւսիսի թագաւոր»ին եւ «հարաւի թագաւոր»ին միջեւ պայքարը իր վերջին հանգրուաններուն մէջ մտած է։ Այս բոլորը սուրբ գրային ապացոյցներուն վրայ բարդուելով, կը փաստեն որ մենք վերջին ժամանակին մէջ շատ յառաջացած ենք։ Ժամանակի հոսանքին մէջ մեր ունեցած անզուգական տեղը նկատի ունենալով, ի՞նչ ընել պէտք է վճռենք։ Անվարան, Եհովա Աստուծոյ մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Աստուած կ’ուզէ որ ամբողջ մարդկութիւնը ի՞նչ գիտնայ մեր օրերուն մասին։
• Դանիէլի գիրքը ի՞նչպէս մեր հաւատքը կրնայ կերտել։
• Նաբուգոդոնոսորի երազի արձանը ի՞նչ երեսակներ ունէր եւ անոնք ի՛նչ կը խորհրդանշէին։
• Դանիէլի գրքին մէջի մարգարէութեանց կատարման մասին ի՞նչ բան ուշագրաւ է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]