Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած հաճեցնող երաժշտութիւն

Աստուած հաճեցնող երաժշտութիւն

Աստուած հաճեցնող երաժշտութիւն

Երաժշտութիւնը բնութագրուած է որպէս «բոլոր ընտիր արուեստներուն ամենահինը եւ ամենէն բնականը»։ Խօսելու նման, անիկա մարդը անասուններէն զատորոշող արտակարգ պարգեւ մըն է։ Երաժշտութիւնը զգացումները կը գրգռէ։ Անիկա կրնայ ականջին հաճելի հնչել, մտքին մէջ պահուիլ, եւ դեռ աւելի՝ անիկա կրնայ Աստուած հաճեցնել։

ԻՆՉՊԷՍ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, Իսրայելացիները երաժշտասէր ժողովուրդ մըն էին։ Երաժշտութիւնը «վաղեմի սուրբ գրային ժամանակներուն տիրական եղող արուեստ մըն էր», կ’ըսէ Անկըրի Աստուածաշունչի Բառարանը (Անգլերէն)։ Որպէս առօրեային մէկ մասը, անոնց պաշտամունքը կը պարփակէր թէ՛ ձայնային եւ թէ նուագարանային երաժշտութիւն։ Սակայն, մարդկային ձայնն էր որ աւելի ուշագրաւ կերպով կը գործածուէր։

Դաւիթ Թագաւոր տաղաւարին մէջ, «երգեցողութեան պաշտօնին վրայ» ներկայացուցիչներ նշանակեց Ղեւտացիներէն, իր որդւոյն՝ Սողոմոնի կառուցած տաճարին նաւակատիքէն առաջ։ (Ա. Մնացորդաց 6։31, 32) Երբ Եհովայի ներկայութիւնը խորհրդանշող ուխտի տապանակը Երուսաղէմ հասաւ, Դաւիթ կարգադրեց որ կարգ մը Ղեւտացիներ ‘Տէր Աստուածը յիշեն, օրհնեն ու փառաւորեն’։ Անոնց փառաբանութեան երգերուն ընկերակցեցան՝ «տաւիղներ ու քնարներ, . . . ծնծղաներ . . . եւ . . . փողեր»։ Այս մարդիկը «անունով յիշուեցան, որպէս զի Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեն, քանզի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։—Ա. Մնացորդաց 16։4-6, 41. 25։1

«[Եհովայի] ողորմութիւնը յաւիտեան է» յանկերգը շատ անգամ կ’երեւնայ Աստուածաշունչի Սաղմոսաց գրքին մէջ, որու յաճախ կ’ընկերակցէր երաժշտութիւնը։ Օրինակ, անիկա 136–րդ Սաղմոսի իւրաքանչիւր 26 համարներուն երկրորդ մասը կը կազմէ։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը դիտել կու տայ. «Անոր հակիրճ ըլլալը մարդոց շրթներուն կը յարմարի։ Ո՛վ որ լսէ, կրնայ զայն յիշել»։

Սաղմոսներուն մակագրութիւնները ցոյց կու տան երաժշտական գործիքներու լայնատարած գործածութիւնը։ 150–րդ Սաղմոսը, լար ունեցող նուագարաններուն կողքին կը յիշէ նաեւ փողը, քնարը, թմբուկը, սրինգը, եւ ծնծղաները։ Այսուհանդերձ, գլխաւոր շեշտը կը դրուի մարդկային ձայնին վրայ։ 6–րդ համարը կը յորդորէ. «Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ։ Ալէլուիա՜»։

Քանի որ երաժշտութիւնը մեր զգացումները կ’արտայայտէ, Աստուածաշունչի ժամանակներուն տխուր մտածումներէ կը բխէին ողբերգներ կամ տաղերգներ։ Սակայն, այս տեսակ երգեցողութիւններ, Իսրայէլի երաժշտական հաւաքածոյին մէջ թիւով քիչ էին։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ խորագրով Աստուածաշունչի համայնագիտարանը դիտել կու տայ. «Միայն ողբերգի կամ ողբի մը մէջ է որ տաղերգելու ոճը նախընտրելի է, թէ՛ երաժշտութեան մեղեդիին կամ եղանակաւորումին, եւ թէ ուղղակի խօսքերը շեշտելու համար»։ *

Յիսուս եւ իր հաւատարիմ առաքեալները, Յիսուսի մահուան նախօրեակին Եհովան փառաբանեցին երգերով, անկասկած կրկնելով Հալլէլի [Ալէլուիա՜յի] Սաղմոսներուն բառերը։ (Սաղմոս 113-118) Ասիկա որքա՜ն զօրացուցած պէտք էր ըլլար Յիսուսի աշակերտները, որպէսզի իրենց Տիրոջ կորուստը դիմագրաւէին։ Ասկէ աւելի, տիեզերքի Գերագոյն Գերիշխանին՝ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները մնալու անոնց վճռակամութիւնը ամրապնդուած պէտք էր ըլլար, երբ անոնք հինգ անգամ երգեցին՝ «վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է» յանկերգը։—Սաղմոս 118։1-4, 29

Եփեսոսի եւ Կողոսայի նախկին Քրիստոնեաները ‘սաղմոսներ ու օրհնութիւններ’ (բառացիօրէն՝ «շարականներ») կ’երգէին։ Անոնք ասոնց վրայ աւելցուցին «հոգեւոր երգեր», որոնք իրենց սրտին մէջ կ’երգուէին։ (Եփեսացիս 5։19. Կողոսացիս 3։16) Թէ՛ երգերով եւ թէ խօսքերով, անոնք պատշաճօրէն իրենց բերանը գործածեցին փառաբանելու համար։ Յիսուս չըսա՞ւ թէ «բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։—Մատթէոս 12։34

Աստուած Տհաճեցնող Երաժշտութիւն

Աստուածաշունչին մէջ յիշուած բոլոր երաժշտութիւններն ալ Աստուած չհաճեցուցին։ Նկատի առէք Սինա Լերան ստորոտը տեղի ունեցած միջադէպը, երբ Մովսէս Օրէնքը կը ստանար, ի ներառեալ՝ Տասը Պատուիրանները։ Երբ Մովսէս լեռնէն իջաւ, ան ի՞նչ լսեց։ «Անիկա յաղթողներու ձայն չէ, ո՛չ ալ յաղթուածներու աղաղակի ձայն է. հապա խաղի ձայն»։ Ասիկա կռապաշտութեան ընկերակցող երաժշտութիւն էր, սովորութիւն մը՝ որ Աստուած տհաճեցուց եւ պատճառ եղաւ որ այս երաժիշտներէն շուրջ 3,000 հոգի մեռնի։—Ելից 32։18, 25-28

Թէեւ մարդիկ կրնան ամէն տեսակ երաժշտութիւն յօրինել, նուագել եւ վայելել, սակայն ասիկա չի նշանակեր թէ Աստուած ամէն տեսակ երաժշտութեան կը հաճի։ Ինչո՞ւ։ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ. «Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։ (Հռովմայեցիս 3։23) Արգասաբերութեան հեթանոսական ծէսերը, հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը, եւ որպէս «Աստուածամայր» Մարիամի պաշտամունքը, յաճախ երաժշտական ստեղծագործութիւններու բնաբանները կազմած են։ Սակայն, այս հաւատալիքներն ու սովորութիւնները ճշմարտութեան Աստուածը կ’անպատուեն, քանի որ անոնք իր ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ յայտնուած բաները կը հակասեն։—Բ. Օրինաց 18։10-12. Եզեկիէլ 18։4. Ղուկաս 1։35, 38

Երաժշտութիւնը Իմաստութեամբ Ընտրել

Մատչելի եղող երաժշտութեան ընտրութիւնը շփոթեցուցիչ է։ Քոմբէքթ Տիսք–երու կողքերը ծրագրուած են յաճախորդները մղելու որ երաժշտական որեւէ արձանագրութիւն գնեն։ Սակայն, եթէ Աստուած պաշտող մը փափաքի Զինք հաճեցնել, ան զգոյշ պէտք է ըլլայ եւ իմաստութեամբ ընտրէ, խուսափելու համար կրօնական սուտ հաւատալիքներէ ներշնչուած կամ անբարոյութեան եւ դիւապաշտութեան վրայ շեշտ դնող ձայնային եւ գործիական երաժշտութենէ։

Ատենօք Ափրիկէի մէջ որպէս Քրիստոնեայ միսիոնար ծառայած Ալպըրթ, կ’ընդունի թէ հոն շատ քիչ պատեհութիւն ունեցաւ դաշնակ նուագելու։ Սակայն, ան իր հետ տարած քանի մը ձայնապնակները կրցաւ կրկին ու կրկին ունկնդրել։ Ներկայիս, Ալպըրթ իր ծննդավայրին մէջ քրիստոնէական ժողովքներ կ’այցելէ որպէս ճամբորդող տեսուչ։ Երաժշտութիւն ունկնդրելու իր ժամանակը սահմանափակ է։ Ան դիտել կու տայ. «Իմ նախընտրած երգահանս Պէթհովէնն է։ Տարիներու ընթացքին, հաւաքած եմ իր համանուագները [սիմֆոնի], համահնչեակները [գոնչերթօ], հատանուագները [սօնաթ] եւ քառեակները [քորթէթ]»։ Ասոնք ունկնդրելը իրեն մեծ հաճոյք պատճառած է։ Անշուշտ, իւրաքանչիւր անհատ ունի երաժշտութեան իւրայատուկ ճաշակ, բայց որպէս Քրիստոնեաներ, ի մտի պէտք է ունենանք Պօղոսի խրատը. «Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք»։—Ա. Կորնթացիս 10։31

Երաժշտութիւնը եւ Նուիրումը

Սուզիի նախասիրած բանը երաժշտութիւնն էր։ Ան կը բացատրէ. «6 տարեկանիս սկսայ դաշնակ նուագել, 10 տարեկանիս՝ ջութակ, իսկ 12 տարեկանիս՝ քնար»։ Հետագային Սուզին Անգլիոյ մէջ, Լոնտոնի Ռոյըլ Քոլէճ աֆ Միւզիք–ը յաճախեց, ուր քնար նուագել սորվեցաւ։ Ան չորս տարի Սպանացի անուանի քնարահարուհիի մը քով պարապեցաւ եւ տարի մըն ալ՝ Փարիզի Երաժշտանոցին մէջ։ Ան երաժշտութեան մէջ պատուոյ շքանշան ստացաւ, ինչպէս նաեւ՝ քնար նուագելու եւ դաշնակ սորվեցնելու վկայականներ։

Սուզի սկսաւ ընկերակցիլ Լոնտոնի մէջ գտնուող Եհովայի Վկաներու ժողովքներէն մէկուն հետ։ Հոն ան Վկաներուն մէջ անկեղծ հետաքրքրութիւն եւ սէր գտաւ։ Աստիճանաբար, Եհովայի հանդէպ իր սէրը աճեցաւ, եւ իր ծառայութեան հանդէպ իր նախանձախնդրութիւնը զինք մղեց որ անոր ծառայելու կերպեր փնտռէ։ Ասիկա նուիրումի եւ մկրտութեան առաջնորդեց զինք։ Սուզի դիտել կու տայ. «Երաժշտութիւնը ասպարէզ դարձնելը, անձնուէր կենցաղ մըն է, հետեւաբար բոլորանուէր կեանք մը ապրիլը ինծի օտար չթուեցաւ»։ Նուագահանդէսներու համար տրամադրած իր ժամանակը նուազեցաւ, երբ ան սկսաւ միջամուխ ըլլալ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու քրիստոնէական ծառայութեան, հնազանդելով Յիսուսի պատուէրին։—Մատթէոս 24։14. Մարկոս 13։10

Հիմա որ ան միայն քիչ ժամանակ կը տրամադրէ երաժշտութեան, արդեօք ի՞նչ կը խորհի։ Ան կ’ընդունի. «Երբեմն քիչ մը յուսախաբ կ’ըլլամ որ փորձ ընելու յաւելեալ ժամանակ չունիմ, բայց տակաւին նուագարաններս կը նուագեմ եւ հաճելի երաժշտութիւններ կ’ունկնդրեմ։ Երաժշտութիւնը Եհովայէ պարգեւ մըն է։ Հիմա որ իր ծառայութիւնը կեանքիս մէջ առաջնակարգ տեղը դրած եմ, անկէ աւելի հաճոյք կ’առնեմ»։—Մատթէոս 6։33

Աստուած Գովաբանող Երաժշտութիւն

Ալպըրթը եւ Սուզին, ինչպէս նաեւ գրեթէ վեց միլիոն ուրիշ Եհովայի Վկաներ, կանոնաւորաբար Եհովա Աստուած կը գովաբանեն երաժշտութեամբ։ 234 երկիրներու Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ տեղի ունեցող քրիստոնէական ժողովներուն, հո՛ն ուր կարելի է, անոնք իրենց հանդիպումները կը սկսին ու կ’աւարտեն Եհովան գովաբանող երգերով։ Մաժոր եւ մինոր թոներով, քաղցրահնչիւն մեղեդիները սուրբ գրային բառեր կը բովանդակեն, որոնք Եհովա Աստուածը կը գովաբանեն։

Բոլոր ներկաները իրենց ձայները կը բարձրացնեն աշխուժօրէն երգելով, թէ Եհովա հոգածու Աստուած մըն է (Երգեցողութիւն 44)։ Անոնք Եհովայի փառաբանութեան երգ մը կ’երգեն (Երգեցողութիւն 190)։ Անոնց երգեցողութիւնները կը խօսին քրիստոնէական եղբայրակցութեան ուրախութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն, քրիստոնէական կենցաղին, եւ քրիստոնէական յատկութիւններուն մասին։ Անոնց ուրախութիւնը կ’աւելնայ երաժշտական ոճերու այլազանութեամբ, զորս Ասիայէն, Աւստրալիայէն, Եւրոպայէն եւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայէն Վկաներ գործածած են մեղեդիները յօրինելու ժամանակ։ *

«Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր, երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը», ասոնք սաղմոսերգուին օրերուն յօրինուած արքայական շքեղ սաղմոսերգութեան մը բացման խօսքերն են։ «Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։ Անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք ու անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ»։ (Սաղմոս 96։1-3) Եհովայի Վկաները այս է որ կ’ընեն ձեր շրջանին մէջ, եւ ձեզ ալ կը հրաւիրեն որ իրենց միանաք այս օրհներգը երգելու։ Բարի եկած էք անոնց Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ, ուր կրնաք սորվիլ թէ Եհովան ի՛նչպէս կրնաք գովաբանել զինք հաճեցնող երաժշտութեամբ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

^ պարբ. 22 Այս երգեցողութիւնները կը գտնուին Եհովան Փառաբանենք Մեր Երգերով գրքին մէջ, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Նկար՝ էջ 28]

Եհովան փառաբանել երգերով