‘Դուն քեզ փրկէ եւ զանոնք՝ որ քեզի կ’ունկնդրեն’
‘Դուն քեզ փրկէ եւ զանոնք՝ որ քեզի կ’ունկնդրեն’
«Զգո՛յշ եղիր դուն քու անձիդ եւ ուսուցումիդ նկատմամբ. . . . եթէ ընես այդ բանը՝ պիտի փրկես թէ՛ քեզ եւ թէ՛ զանոնք՝ որ կ’ունկնդրեն քեզի»։—Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4։16, Երուսաղէմ
1, 2. Ի՞նչ բան կը մղէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները որ իրենց փրկարար գործը շարունակեն։
ԵՀՈՎԱՅԻ Վկայ ամոլ մը, հիւսիսային Թայլանտի մէջ իրենց սորված նոր լեզուական հմտութիւնները կը փորձեն բարձունքի վրայ ապրող ցեղախումբի մը անդամներուն վրայ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը գիւղացիներուն հետ բաժնելու համար, այս ամոլը վերջերս Լահուերէն լեզուով հետաքրքրուած է։
2 «Դժուար է այս հետաքրքրական ժողովուրդին մէջ աշխատելու մեր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը նկարագրել», կը բացատրէ ամուսինը։ «Իրապէս կը զգանք որ Յայտնութիւն 14։6, 7–ի աւետիսը ‘բոլոր ազգերուն եւ ցեղերուն ու լեզուներուն’ ծանուցանելու կատարման մէջ մասնակցութիւն կը բերենք։ Շատ քիչ սահմաններ մնացած են, ուրկէ ներս չէ մտած բարի լուրը եւ ասիկա անոնցմէ մէկն է։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն բոլորը վարելու չենք հասնիր»։ Որոշ է որ այս զոյգը կը յուսայ ո՛չ միայն ինքզինք ազատել, այլ նաեւ անոնք որոնք իրենց մտիկ կ’ընեն։ Որպէս Քրիստոնեաներ, բոլորս ալ չե՞նք յուսար նոյնը ընել։
«Զգո՛յշ Եղիր Դուն Քու Անձիդ եւ Ուսուցումիդ»
3. Ուրիշները փրկելու համար, նախ ի՞նչ պէտք է ընենք։
3 Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը խրատեց. «Զգո՛յշ եղիր դուն քու անձիդ եւ ուսուցումիդ», եւ ասիկա կը կիրարկուի բոլոր Քրիստոնեաներուն։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16, Երուսաղէմ) Արդարեւ, նախ մեր անձին ուշադրութիւն պէտք է ընենք, որպէսզի ուրիշներուն օգնենք որ փրկուին։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Նախ՝ մեր ապրած ժամանակներուն նկատմամբ զգաստ պէտք է ըլլանք։ Յիսուս բաղադրեալ նշան մը տուաւ, որպէսզի իր հետեւորդները գիտնային թէ «իրերու դրութեան վախճանը» հասած է։ Բայց Յիսուս ըսաւ նաեւ թէ ինք ճշգրտօրէն չէր գիտեր թէ ե՛րբ պիտի գար վախճանը։ (Մատթէոս 24։3, 36, ՆԱ) Այս իրողութեան ի տես, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր հակազդեցութիւնը։
4. (ա) Այս դրութեան մէջ մնացած ժամանակին նկատմամբ ի՞նչ կեցուածք պէտք է որդեգրենք։ (բ) Ո՞ր կեցուածքէն պէտք է խուսափինք։
4 Ամէն մէկս պէտք է հարցնենք. ‘Այս դրութեան համար մնացած ժամանակը կը գործածե՞մ ինքզինքս եւ ինծի մտիկ ընողները փրկելու համար։ Թէ ոչ կը խորհիմ՝ «Քանի որ ճիշդ չենք գիտեր թէ վախճանը ե՛րբ պիտի գայ, միտքս անով պիտի չզբաղեցնեմ»’։ Այս վերջին կեցուածքը վտանգաւոր է։ Անիկա ուղղակիօրէն Յիսուսի տուած յորդորին հակառակ է. «Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ (Մատթէոս 24։44) Վստահաբար հիմա Եհովայի ծառայութեան հանդէպ մեր խանդավառութիւնը կորսնցնելու, կամ՝ ապահովութեան ու բաւարարութիւն զգալու համար աշխարհին վրայ յոյս դնելու ժամանակը չէ։—Ղուկաս 21։34-36
5. Եհովայի նախաքրիստոնէական ծառաները ի՞նչ օրինակ ձգեցին։
5 Որպէս Քրիստոնեաներ հաւատարմօրէն համբերելը ուրիշ կերպ մըն է ցոյց տալու որ զգոյշ ենք մեր անձին։ Աստուծոյ վաղեմի ծառաները շարունակեցին համբերել, անմիջական ազատագրութիւն կը յուսային կամ ոչ։ Աբէլի, Ենովքի, Նոյի, Աբրահամի Եբրայեցիս 11։13. 12։1
եւ Սառայի նման նախաքրիստոնէական վկաներու օրինակները թուելէ ետք, Պօղոս նշեց որ անոնք «խոստումները չառ[ին], հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ»։ Անոնք հանգիստ կեանք մը ունենալու որեւէ ցանկութեան տեղի չտուին, ո՛չ ալ իրենց շուրջ գտնուող անբարոյ ճնշումներու անձնատուր եղան, հապա անձկագին սպասեցին ‘խոստումներու կատարման’։—6. Առաջին դարու Քրիստոնեաներու փրկութեան նկատմամբ ունեցած տեսակէտը ի՞նչպէս ազդեց իրենց ապրելակերպին։
6 Առաջին դարու Քրիստոնեաները նաեւ իրենք զիրենք «օտարականներ» սեպեցին այս աշխարհի մէջ։ (Ա. Պետրոս 2։11) Հ.Դ. 70–ի Երուսաղէմի կործանումէն փրկուելէ ետք իսկ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ո՛չ դադարեցան քարոզելէ, ո՛չ ալ աշխարհիկ ապրելակերպի վերադարձան։ Անոնք գիտէին թէ հաւատարիմ մնացողներուն հոյակապ փրկութիւն մը կը սպասէր։ Արդարեւ, Յովհաննէս առաքեալ Հ.Դ. 98–ին գրեց. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17, 28
7. Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս համբերութիւն ցոյց տուած են արդի ժամանակներուն։
7 Արդի ժամանակներուն, Եհովայի Վկաներն ալ քրիստոնէական գործին մէջ յարատեւած են, նոյնիսկ բիրտ հալածանքի դիմաց։ Անոնց համբերութիւնը ի դերե՞ւ ելած է։ Վստահաբար ոչ, քանի որ Յիսուս հաւաստիացուց մեզ, ըսելով. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի». անիկա ըլլայ հին դրութեան վախճանը թէ անհատին ներկայ կեանքին վերջը։ Յարութեան ժամանակ Եհովա պիտի յիշէ ու վարձատրէ իր բոլոր հաւատարիմ ծառաները, որոնք մեռած են։—Մատթէոս 24։13. Եբրայեցիս 6։10
8. Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք որ անցեալի Քրիստոնեաներուն համբերութիւնը կը գնահատենք։
8 Ասկէ զատ, ուրախ ենք որ անցեալի հաւատարիմ Քրիստոնեաները միայն իրենց փրկութեամբ հետաքրքրուած չէին։ Վստահաբար, իրենց ջանքերուն շնորհիւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվողներս, երախտապարտ ենք որ անոնք համբերութեամբ կատարեցին Յիսուսի տուած յանձնարարութիւնը. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, . . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Այնքան ատեն որ պատեհութիւնը բաց է մեր դիմաց, կրնանք մեր երախտագիտութիւնը ցոյց տալ քարոզելով ուրիշներուն, որոնք տակաւին բարի լուրը չեն լսած։ Սակայն, քարոզելը աշակերտելու միայն առաջին քայլն է։
‘Զգոյշ Եղիր Քու Ուսուցումիդ’
9. Դրական կեցուածք մը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։
9 Մեր նշանակումը կը պարփակէ ո՛չ միայն քարոզել, այլ նաեւ՝ ուսուցանել։ Յիսուս մեզի լիազօրութիւն տուաւ մարդոց սորվեցնելու որ իր պատուիրած բոլոր բաները պահեն։ Ճիշդ է որ կարգ մը թաղամասերու մէջ քիչեր կ’ուզեն Եհովայի մասին սորվիլ։ Բայց թաղամասին նկատմամբ ժխտական տեսակէտ մը ունենալը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու մեր ջանքերուն կրնայ արգելք հանդիսանալ։ Ոմանց կողմէ ապարդիւն կոչուած թաղամասի մը մէջ աշխատող Իվէթ անունով ռահվիրայ մը, նկատեց որ այդ շրջանը եկող այցելուներ՝ որոնք ժխտական կեցուածք մը չունէին՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսած էին։ Դրական տեսակէտ մը որդեգրելէ ետք, Իվէթ ինք ալ գտաւ անհատներ, որոնք կ’ուզէին Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։
10. Որպէս Աստուածաշունչ ուսուցանողներ, ի՞նչ է մեր հիմնական դերը։
10 Կարգ մը Քրիստոնեաներ հետաքրքրուած անհատներու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկելու կը վարանին, խորհելով որ իրենք ուսումնասիրութիւնը վարելու կարող չեն։ Ճիշդ է որ կարողութեան տարբեր մակարդակներ ունինք։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը սորվեցնելու համար շատ կարող ըլլալու պէտք չունինք։ Աստուածաշունչի մաքուր լեզուն ինքնին զօրաւոր է, եւ Յիսուս ըսաւ որ ոչխարանման անհատներ երբ ճշմարիտ Հովիւին ձայնը լսեն՝ զայն կը ճանչնան։ Ուստի, մեր պարտականութիւնն է որչափ որ կրնանք յստակօրէն փոխանցել Բարի Հովիւին՝ Յիսուսի պատգամը։—Յովհաննու 10։4, 14
11. Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնելու մէջ ի՞նչպէս աւելի ազդու կրնաք ըլլալ։
11 Յիսուսի պատգամը ի՞նչպէս կրնաք աւելի ազդու կերպով փոխանցել։ Նախ՝ նկատի առնուելիք նիւթին մասին Աստուածաշունչի ըսածներուն հետ ընտելացէք։ Նիւթ մը ուրիշներուն սորվեցնելէ առաջ, դո՛ւք պէտք է հասկնաք զայն։ Փորձեցէք նաեւ յարգալից՝ բայց բարեկամական մթնոլորտ Առակաց 16։21
մը պահել ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Աշակերտները՝ անչափահասներն ալ ներառեալ՝ աւելի լաւ կը սորվին, երբ պրկուած չեն եւ ուսուցանողը իրենց հետ յարգալից ու ազնիւ կերպով կը վարուի։—12. Ի՞նչպէս կրնաք վստահ ըլլալ որ աշակերտը կը հասկնայ ձեր սորվեցուցած բաները։
12 Որպէս ուսուցանող մը, անշուշտ չէք ուզեր պարզապէս իրողութիւններ ներկայացնել, որպէսզի աշակերտը թութակաբար կրկնէ զանոնք։ Անոր օգնեցէք որ հասկնայ իր սորվածը։ Աշակերտին ստացած կրթութիւնը, կեանքի փորձառութիւնը եւ Աստուածաշունչին հետ ունեցած ծանօթութիւնը ձեր ըսածը հասկնալուն վրայ ազդեցութիւն պիտի ունենան։ Հետեւաբար, դուք ձեզի հարց տուէք, ‘Ուսումնասիրութեան մէջ յիշուած համարներուն իմաստը կ’ըմբռնէ՞’։ Կրնաք իրեն խօսիլ տալ, հարցնելով այնպիսի հարցումներ, որոնց պատասխանը այո կամ ոչ չէ, այլ բացատրութիւն կը պահանջէ։ (Ղուկաս 9։18-20) Իսկ միւս կողմէ, կարգ մը աշակերտներ կը վարանին հարցումներ հարցնելու ուսուցանողին, առանց լիովին հասկնալու իրենց սորված բաները։ Քաջալերեցէք աշակերտը որ հարցումներ հարցնէ եւ ձեզի ըսէ, երբ կէտ մը լաւ կերպով չհասկնայ։—Մարկոս 4։10. 9։32, 33
13. Ի՞նչպէս կրնաք օգնել աշակերտին որ ինքն ալ ուսուցանող մը ըլլայ։
13 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարելու կարեւոր նպատակներէն մէկն է օգնել աշակերտին որ ինքն ալ ուսուցանող մը ըլլայ։ (Գաղատացիս 6։6) Այդ նպատակով, որպէս ուսումնասիրութեան վերաքաղ, իրմէ խնդրեցէք որ պարզ բառերով բացատրէ կէտ մը, որպէս թէ անիկա առաջին անգամ լսողի մը կը բացատրէ։ Հետագային, երբ քարոզելու համար որակելի ըլլայ, կրնաք հրաւիրել զինք որ ձեզի միանայ ծառայութեան մէջ։ Հաւանաբար ձեզի հետ ըլլալով հանգիստ պիտի զգայ, եւ փորձառութիւն ձեռք ձգելով աւելի վստահութիւն պիտի շահի, մինչեւ որ պատրաստ ըլլայ ինքնուրոյն կերպով ծառայութեան մասնակցելու։
Աշակերտին Օգնեցէք որ Եհովայի Բարեկամը Ըլլայ
14. Որպէս ուսուցանող, ի՞նչ է ձեր գլխաւոր նպատակը, եւ ի՞նչ բան պիտի օգնէ անոր հասնելու։
14 Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ուսուցանողի գլխաւոր նպատակն է օգնել աշակերտին որ Եհովայի բարեկամութիւնը շահի։ Ասիկա պիտի իրագործէք ո՛չ միայն ձեր բառերով, այլ նաեւ ձեր օրինակով։ Օրինակով սորվեցնելը զօրաւոր ազդեցութիւն կ’ունենայ աշակերտին սրտին վրայ։ Արարքները՝ խօսքերէն բարձր կը խօսին, մանաւանդ բարոյական յատկութիւններ քանդակելու եւ աշակերտին մէջ նախանձախնդրութիւն ներշնչելու մէջ։ Եթէ տեսնէ որ ձեր խօսքերն ու արարքները Եհովայի հետ լաւ յարաբերութենէն ծագում կ’առնեն, աւելի պիտի մղուի անձամբ այսպիսի յարաբերութիւն մը մշակել։
15. (ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ աշակերտը Եհովայի ծառայելու շիտակ շարժառիթ մը մշակէ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնաք աշակերտին օգնել որ շարունակէ հոգեւորապէս յառաջդիմել։
15 Կը փափաքիք որ աշակերտը սէրէ մղուած ծառայէ Եհովայի, եւ ո՛չ թէ միմիայն Արմագեդոնին չմեռնելու համար։ Այսպիսի շիտակ շարժառիթ մը մշակելու մէջ անոր օգնելով, կրակի դիմացող նիւթերով շինած կ’ըլլաք, որ հաւատքի փորձէն պիտի վերապրի։ (Ա. Կորնթացիս 3։10-15) Ձեր կամ ոեւէ անհատի հետ չափուելու նման սխալ շարժառիթ մը, իրեն ո՛չ զօրութիւն պիտի տայ ոչ–քրիստոնէական ազդեցութիւններուն դէմ դնելու, ո՛չ ալ քաջութիւն պիտի տայ շիտակը ընելու։ Մի՛ մոռնաք որ դուք յաւիտեան իր ուսուցիչը պիտի չըլլաք։ Մինչ առիթը ունիք, կրնաք զինք քաջալերել որ Եհովայի աւելի մօտենայ, ամէ՛ն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալով եւ անոր մասին մտածելով։ Այս կերպով, պիտի շարունակէ Աստուածաշունչէն եւ սուրբ գրային գրականութիւններէն «ողջամիտ խօսքերուն օրինակը» իւրացնել, իրեն հետ ձեր ուսումնասիրութիւնը աւարտելէն ետք։—Բ. Տիմոթէոս 1։13
16. Ի՞նչպէս կրնաք աշակերտին օգնել որ սրտանց աղօթէ։
16 Աշակերտին կրնաք օգնել նաեւ որ Եհովայի աւելի մօտենայ, անոր սորվեցնելով որ սրտանց աղօթէ Եհովայի։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնաք ընել։ Թերեւս իրեն ուշադրութեան կրնաք յանձնել Յիսուսի տիպար աղօթքը, նաեւ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած ուրիշ սրտաբուխ աղօթքներ, զոր օրինակ, Սաղմոսներուն մէջինները։ (Սաղմոս 17, 86, 143. Մատթէոս 6։9, 10) Ասկէ զատ, երբ ուսումնասիրութեան սկիզբը եւ վերջաւորութեան աշակերտը լսէ ձեր աղօթքը, Եհովայի հանդէպ ձեր ունեցած զգացումը պիտի զգայ։ Ուստի, ձեր աղօթքները միշտ անկեղծութիւն ու շիտակ արտայայտութիւններ, ինչպէս նաեւ, հոգեւոր եւ զգացական հաւասարակշռութիւն պէտք է ցոլացնեն։
Ձեր Զաւակները Փրկելու Ջանք Թափեցէք
17. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ փրկութեան ճամբուն մէջ մնան։
17 Մեր փրկել ուզած անհատներուն մէջ վստահաբար կան մեր ընտանիքի անդամները։ Քրիստոնեայ ծնողներու զաւակներուն մեծամասնութիւնը անկեղծ են եւ՝ «հաւատքին մէջ հաստատուած»։ Ուրիշներու սրտին մէջ սակայն, թերեւս ճշմարտութիւնը խոր արմատ չէ կապած։ (Ա. Պետրոս 5։9. Եփեսացիս 3։17. Կողոսացիս 2։7) Այս պատանիներէն շատեր քրիստոնէական ճամբան կը ձգեն, երբ չափահասութեան հասնին։ Եթէ ծնող մըն էք, ի՞նչ կրնաք ընել այս հաւանականութիւնը նուազեցնելու համար։ Նախ՝ կրնաք ընտանեկան լաւ մթնոլորտ մը ստեղծելու ջանք թափել։ Ընտանեկան լաւ կեանք մը՝ հեղինակութեան նկատմամբ առողջ տեսակէտի, պատշաճ արժէքներու հանդէպ գնահատութեան եւ ուրիշներու հետ ուրախ յարաբերութեան հիմը կը դնէ։ (Եբրայեցիս 12։9) Այս կերպով, ընտանիքին մէջ սերտ կապերը, գետին մը կը պատրաստեն որ երախան Եհովայի հետ բարեկամութիւն մշակէ։ (Սաղմոս 22։10) Զօրաւոր ընտանիքներ որպէս միաւորներ ամէն բան միասնաբար կ’ընեն, նոյնիսկ երբ ծնողներ ասոր համար անձնական բաներու յատկացուելիք ժամանակը պէտք է զոհեն։ Այս կերպով, ձեր օրինակով ձեր զաւակներուն կը սորվեցնէք կեանքի մէջ շիտակ որոշումներ տալ։ Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն մեծագոյն կարիքը ո՛չ թէ նիւթական առաւելութիւններ է, այլ անոնք պէտք ունին ձեզի՝ ձեր ժամանակին, կորովին եւ սիրոյն։ Այս բաները կու տա՞ք ձեր զաւակներուն։
18. Ծնողներ պէտք է օգնեն իրենց զաւակներուն որ ի՞նչպիսի հարցումներու պատասխան գտնեն։
18 Քրիստոնեայ ծնողներ բնա՛ւ պէտք չէ ենթադրեն
թէ իրենց զաւակներն ալ ինքնաբերաբար Քրիստոնեայ պիտի ըլլան։ Երէց եւ հինգ զաւակներու տէր հայր մը, Դանիէլ՝ ըսաւ. «Ծնողներ պէտք է ժամանակ յատկացնեն, դպրոցէն եւ ուրիշ տեղերէն իրենց զաւակներուն անխուսափելիօրէն առած կասկածները վանելու համար։ Անոնք համբերութեամբ պէտք է օգնեն իրենց զաւակներուն որ հետեւեալին նման հարցումներու պատասխանները գտնեն. ‘Իրապէս վերջին ժամանակին մէ՞ջ կ’ապրինք։ Իրապէս միայն մէ՞կ ճշմարիտ կրօնք կայ։ Ինչո՞ւ ըստ երեւոյթին հաճելի թուող դասընկերներ չեն կրնար լաւ ընկերակցութիւն ըլլալ։ Ամուսնութենէ առաջ սեռային յարաբերութիւն ունենալը միշտ սխա՞լ է’»։ Ո՛վ ծնողներ, կրնաք վստահիլ Եհովայի որ օրհնէ ձեր ջանքերը, քանի որ ինքն ալ հետաքրքրուած է ձեր զաւակներուն բարօրութեամբ։19. Ինչո՞ւ նախընտրելի է որ ծնողներ իրենք ուսումնասիրեն իրենց զաւակներուն հետ։
19 Կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակներուն հետ ուսումնասիրելու անատակ կը զգան։ Սակայն պէտք չէ այդպէս զգաք, քանի որ ոեւէ մէկը ձեզմէ լաւ չի կրնար դաստիարակել ձեր զաւակները։ (Եփեսացիս 6։4) Ձեր զաւակներուն հետ ուսումնասիրելը նախ կարելիութիւն պիտի տայ ձեզի որ գիտնաք թէ ի՛նչ կայ իրենց սրտին ու մտքին մէջ։ Իրենց արտայայտութիւնները անկե՞ղծ են թէ՝ մակերեսային։ Իրենց սորված բաներուն իրապէս կը հաւատա՞ն։ Եհովան իրակա՞ն է իրենց համար։ Այս եւ ուրիշ կենսական հարցումներու պատասխանները կրնաք ստանալ միայն երբ անձնապէս կ’ուսումնասիրէք ձեր զաւակներուն հետ։—Բ. Տիմոթէոս 1։5
20. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը աւելի հաճելի եւ օգտաշատ դարձնել։
20 Անգամ մը որ սկսիք ձեր ընտանեկան յայտագիրը, ի՞նչպէս կրնաք զայն պահել։ Երիտասարդ աղջիկ մը եւ մանչ մը ունեցող հայր եւ երէց մը՝ Ճոզէֆ, կ’ըսէ. «Բոլոր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու նման, ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը պէտք է հաճելի ըլլայ, բան մը, որ ամէն մարդ կը սպասէ։ Մեր ընտանիքին մէջ ասիկա իրագործելու համար, մենք ժամանակին նկատմամբ ճկուն ենք։ Մեր ուսումնասիրութիւնը կրնայ տեւել ժամ մը, բայց եթէ պատահի որ միայն տասը վայրկեան ունինք, տակաւին կ’ընենք ուսումնասիրութիւնը։ Բան մը, որ մեր ուսումնասիրութիւնը շաբթուան կարեւոր պահերէն մէկը կը դարձնէ մեր զաւակներուն համար, այն է որ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքէն կարգ մը տեսարաններ կը խաղարկենք։ * Ասոր ձգած տպաւորութեան ու հասկացողութեան խորունկութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան մեր ծածկած պարբերութիւններուն քանակը»։
21. Ծնողներ ե՞րբ կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել։
21 Անշուշտ, միայն ընտանեկան պաշտօնական ուսումնասիրութեան ընթացքին չէ որ ձեր երախաներուն կը սորվեցնէք։ (Բ. Օրինաց 6։5-7) Սկիզբը յիշուած Թայլանտի մէջ եղող Վկան կ’ըսէ. «Մտքիս մէջ տակաւին վառ է թէ ինչպէս հայրս զիս հետը քարոզչութեան կը տանէր հեծանիւով, մեր թաղամասին մինչեւ ամենահեռաւոր անկիւնները։ Վստահաբար, մեր ծնողներուն լաւ օրինակը եւ ամէն պարագաներու ներքեւ մեզի սորվեցնելու իրենց ջանքը մեզի օգնեցին որ լիաժամ ծառայութեան մէջ մտնենք։ Իսկ մեր սորված դասերը մնայուն ազդեցութիւն ունեցած են։ Տակաւին քարոզչութեան դաշտի հեռաւոր անկիւններուն մէջ կը ծառայեմ»։
22. ‘Դուն քու անձիդ եւ ուսուցումիդ նկատմամբ զգոյշ ըլլալուն’ արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
22 Շատ չանցած, ճիշդ ժամանակին Յիսուս պիտի գայ, Աստուծոյ դատաստանը գործադրելու այս դրութեան վրայ։ Անկէ ետք, այդ մեծ դէպքը տիեզերական պատմութեան մէջ պիտի անցնի, բայց Եհովայի հաւատարիմ ծառաները պիտի շարունակեն իրեն ծառայել, յաւիտենական փրկութեան հեռանկարով։ Կը յուսա՞ք անոնց մէջ գտնուիլ ձեր զաւակներուն եւ Աստուածաշունչի աշակերտներուն հետ։ Եթէ այո, ուրեմն մի՛ մոռնաք հետեւեալ խրատը. «Զգո՛յշ եղիր դուն քու անձիդ եւ ուսուցումիդ նկատմամբ. յարատեւէ՛ ատոր մէջ։ Եթէ ընես այդ բանը՝ պիտի փրկես թէ՛ քեզ եւ թէ՛ զանոնք՝ որ կ’ունկնդրեն քեզի»։—Ա. Տիմոթէոս 4։16, Երուսաղէմ
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 20 Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Կրնա՞ք բացատրել
• Քանի որ Աստուծոյ դատաստանին ճիշդ ժամանակը չենք գիտեր, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր կեցուածքը։
• Ի՞նչ կերպերով ‘զգոյշ կ’ըլլանք մեր ուսուցումին’։
• Ի՞նչպէս կրնաք աշակերտի մը օգնել որ Եհովայի բարեկամը ըլլայ։
• Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ծնողներ իրենց զաւակներուն սորվեցնելու համար ժամանակ տրամադրեն։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Յարգալից եւ ընկերային մթնոլորտը սորվեցնելու կը նպաստէ
[Նկար՝ էջ 18]
Աստուածաշունչի պատմութիւններ խաղարկելը՝ ինչպէս, երկու պոռնիկները դատելու Սողոմոնի պատմութիւնը՝ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնները հաճելի կը դարձնէ