Լաւ խրատի համար ո՞ւր կրնաք դիմել
Լաւ խրատի համար ո՞ւր կրնաք դիմել
«Խրատի ճարտարարուեստ»ը ներկայիս տարեկան միլիառաւոր տոլարի առեւտուր մը դարձած է։ Մարդիկ օգնութիւն կ’ուզեն։ Մասնագէտ հոգեբոյժ Հինթց Լիման դիտել կու տայ. «[Արդի ընկերութեան մէջ] կրթական եւ ընկերային թերացումներ կան։ Կրօնական արժէքները առաջուան պէս չեն։ Ընտանիքներ նուազ կայուն են . . . հետեւաբար՝ մարդիկ շփոթած են»։ Գրագէտ Էրիք Միզըլ կ’ըսէ. «Անհատներ որոնք ատեն մը իրենց ցեղախումբի շամանին, հովիւին կամ ընտանիքի բժիշկին կը դիմէին, մտային, հոգեկան կամ ֆիզիքական խնդիրներու շուրջ օգնութիւն խնդրելու համար, ներկայիս, պատասխաններու համար խրատատու գրքերու կը դիմեն»։
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ Հոգեբանական Ընկերակցութիւնը, ձեռնարկուներու խումբ մը կազմակերպեց, այս ուռճացող ճարտարարուեստը հետազօտելու համար։ Անոնք ըսին թէ մինչ «հոյակապ հնարաւորութիւններ կան անհատներուն օգնելու որ իրենք զիրենք եւ ուրիշները հասկնան . . ., սակայն այս յայտագիրներուն ընկերակցող ծանուցումները եւ անունները հետզհետէ կը չափազանցուին եւ զգայացունց կերպով կը ներկայացուին»։ Թորոնթօ Սթար–ի մէկ թղթակիցը կ’ըսէ. «Զգուշացէք կրօնա–հոգեւոր զեղծարարներու ծաւալէն։ . . . Զգոյշ եղէք գլխաւորաբար ամէն տեսակի դիւրուսոյց գրքերէ, ձայներիզներէ կամ սեմինար–ներէ, որոնք շատ բան կը ներկայացնեն, շատ քիչ ժամանակամիջոցի մէջ, շատ քիչ ջանքով կամ ինքնակրթութեամբ»։ Ճիշդ է որ, շատեր անկեղծօրէն կը փափաքին օգնել օգնութեան կարիքը ունեցողներու։ Սակայն, ցաւալի իրականութիւնը այն է թէ սկզբունք չունեցող կարգ մը անհատներ մարդոց մինակութիւնը եւ տառապանքը կը շահագործեն, առանց իսկական օգնութիւն կամ լուծում մատուցանելու։
Ասոր ի տես, ի՞նչ է օգնութեան գլխաւոր աղբիւրը, որու կրնանք վստահիլ։ Ո՞ւր կրնանք գործնական խրատներ գտնել, որոնք միշտ կը յաջողին։
Առաջնորդութեան Ստոյգ Աղբիւրը
19–րդ դարու Ամերիկացի քարոզիչ Հէնրի Ուարտ Պիչըր ըսաւ. «Աստուածաշունչը Աստուծոյ քարտէսն է, որպէսզի անով առաջնորդուիք, նաւաբեկումէ խուսափիք, եւ ձեզի ցոյց տայ թէ նաւահանգիստը ո՛ւր է եւ ի՛նչպէս կրնաք հոն հասնիլ առանց ժայռերու կամ թումբերու զարնուելու»։ Ուրիշ անհատ մը Աստուածաշունչի մասին ըսաւ. «Ոեւէ մէկը Սուրբ Գիրքը չի կրնար գերազանցել. մեր տարիներուն հետ, գիրքը կ’ընդլայնի եւ կը խորանայ»։ Ինչո՞ւ պէտք է լրջօրէն նկատի առնէք այս աղբիւրը։
Ինքզինք յանձնարարելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Աստուածաշունչի բովանդակութիւնը ծագում կ’առնէ կեանքի Աղբիւրէն՝ Եհովա Աստուծմէ։ (Սաղմոս 36։9) Այս հանգամանքով, ան սերտօրէն տեղեակ է մեր կառոյցէն, ինչպէս Սաղմոս 103։14–ը մեզի կը յիշեցնէ. «Ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ Ուստի, կրնանք լիովին վստահիլ Աստուածաշունչի արժէքին։
Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը բազմաթիւ սկզբունքներ եւ ցուցմունքներ կը պարունակէ, որոնք կրնան օգտակար կերպով կիրարկուիլ, որեւէ պարագայի ներքեւ։ Անոր ընդմէջէն Աստուած մեզի կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։ (Եսայեայ 30։21) Աստուածաշունչը ներկայիս իրապէս կրնա՞յ գոհացնել անհատներուն կարիքները։ Տեսնե՛նք։
Աստուածաշունչը կը Գոհացնէ Մեր Կարիքները . . .
Մտահոգութիւններու Հետ Գլուխ Ելլելու Առնչութեամբ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Աղօթքը ազդու եղա՞ծ է գլուխ ելլելու համար զգացական մտահոգութիւններու հետ, որոնք առնչուած են տնտեսական դժուարութիւններու, սեռային եղծանման եւ նախատինքի, կամ սիրելիի մը մահուան հետ։ Նկատի առէք հետեւեալ փորձառութիւնը։
Սեռային գետնի վրայ իր աղջկան եղծանուելուն մասին տեղեկանալէ ետք, Ճէքի կ’ըսէ. «Զաւակդ պաշտպանելու անկարող ըլլալու յանցապարտութեան զգացումը կարելի չէ բառերով արտայայտել։ Ստիպուած էի դառնութեան, ընդվզումի եւ բարկութեան զգացումներու դէմ պայքարիլ։ Այս զգացումները սկսած էին կեանքս թունաւորել։ Անհրաժեշտ կարիքը ունէի որ Եհովա սիրտս պահպանէր»։ Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ն կրկին ու կրկին կարդալէ ետք, ան ճիգ թափեց անոր խրատը կիրարկելու։ «Ամէն օր կ’աղօթեմ, անդադար խնդրելով որ բացասական զգացումներով չխորտակուիմ եւ Եհովա ինծի օգնեց որ հանդարտ եւ ուրախ սիրտ մը զարգացնեմ։ Իրապէս ներքին խաղաղութիւն կը զգամ», կը պատմէ Ճէքի։
Դուք ալ կրնաք պարագայի մը մէջ գտնուիլ, որու վրայ հսկելը կամ զայն լուծելը ձեր կարողութենէն վեր ըլլայ եւ իր հետ զգացական մտահոգութիւններ բերէ։ Աղօթելու նկատմամբ Աստուածաշունչի խրատին հետեւելով, կրնաք պէտք եղած կերպով գլուխ ելլել անոր հետ։ Սաղմոսերգուն կը քաջալերէ մեզ հետեւեալ խօսքերով. «Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ»։—Սաղմոս 37։5
Քաջալերութեան Համար։ Սաղմոսերգուն գնահատութեան հետեւեալ արտայայտութիւնը ըրաւ. «Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը եւ քու փառքիդ կեցած տեղը։ Իմ ոտքս ուղղութեան մէջ կը կենայ։ Ժողովներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ»։ (Սաղմոս 26։8, 12) Աստուածաշունչին մէջ քաջալերութիւն կը տրուի որ կանոնաւորաբար իրարու քով հաւաքուինք Եհովան պաշտելու համար։ Այս ընկերակցութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեր կարիքները գոհացնել։ Ուրիշներ ի՞նչ յայտնաբերած են։
Պէքի կը պատմէ. «Ծնողքս Եհովան չի պաշտեր, ուստի երբ փորձեմ որեւէ բան ընել որ Աստուծոյ ծառայութեան հետ առնչութիւն ունի, ինծի դժուարութիւն կու տան։ Ինծի համար, ժողովներու ներկայ գտնուիլը մեծ ջանք կը պահանջէ»։ Պէքի կը զգայ թէ բազմաթիւ օրհնութիւններ վայելած է, քանի որ ջանացած է քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ։ «Ժողովները հաւատքս կը զօրացնեն, որպէսզի կարենամ որպէս աշակերտ, զաւակ եւ Եհովայի ծառայ առօրեայ ճնշումներուն դիմանալ։ Թագաւորութեան Սրահը գտնուող անհատները դպրոցի աշակերտներէն շա՜տ տարբեր են։ Անոնք հոգածու եւ աջակցող են, եւ մեր խօսակցութիւնները միշտ քաջալերական են։ Անոնք իսկական բարեկամներ են»։
Այո, երբ կանոնաւորաբար իրարու քով հաւաքուելու Աստուածաշունչի ուղղութեան հետեւինք, Եհովա քաջալերութեան մեր կարիքը կրնայ լեցնել։ Հոս է որ կրնանք սաղմոսերգուին խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը վայելել. «Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու»։—Սաղմոս 46։1
Գոհացուցիչ եւ Օգտակար Գործի Առնչութեամբ։ «Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով»։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) «Տէրոջը գործ»ը իրապէս գոհացուցի՞չ է։ Քրիստոնէական ծառայութիւնը արժէքաւոր բան մը կ’իրագործէ՞։
Էմիլիա կ’արտայայտէ իր զգացումները. «Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցի ամոլի մը հետ որ բաժանումի սեմին կը գտնուէր։ Նաեւ օգնեցի կնոջ մը, որուն աղջիկը վայրագօրէն սպաննուած էր։ Մեռելներու վիճակին շուրջ անորոշութիւնը կը տանջէր այս կնկան։ Այս երկու պարագաներուն ալ, Աստուածաշունչի սկզբունքներուն կիրարկումը անոնց կեանքին մէջ խաղաղութիւն եւ յոյս բերաւ։ Շատ ուրախ եւ գոհունակ կը զգամ, քանի որ անոնց օգնելու մէջ բաժին ունեցայ»։ Սքոթ կ’ըսէ. «Եթէ դաշտի ծառայութեան մէջ հաճելի փորձառութիւն մը ունենաս, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիս, կամ անպաշտօն վկայութեան մէջ որոշ յաջողութիւն ձեռք ձգես, տարիներ անոր մասին կը խօսիս։ Ամէն անգամ որ զայն պատմես միեւնոյն զգացումները եւ խոր յուզումը կ’ունենաս։ Ծառայութիւնը մեծագոյն եւ մնայուն ուրախութեան աղբիւրն է»։
Գործունեայ քարոզիչներ ըլլալու Աստուածաշունչի տուած ուղղութիւնը կիրարկելը, գոհացուցիչ եւ արժէքաւոր գործ մը կատարելու այս անհատներուն ունեցած կարիքը բացայայտօրէն լեցուցած է։ Ձեզի ալ հրաւէր կը տրուի որ ուրիշներուն Աստուծոյ ճամբաներուն եւ սկզբունքներուն մասին սորվեցնելու այս գործին մէջ բաժին բերէք, միեւնոյն ժամանակ դուք ձեզի օգտակար ըլլալով։—Եսայեայ 48։17. Մատթէոս 28։19, 20
Աստուծոյ Խօսքէն Օգտուիլ
Անվիճելիօրէն, Աստուածաշունչը գործնական ուղղութիւններու վստահելի աղբիւր մըն է մերօրեայ աշխարհին մէջ։ Անկէ օգտուելու համար, յարատեւ ջանք պէտք է թափենք։ Կանոնաւորաբար զայն պէտք է կարդանք, ուսումնասիրենք, եւ անոր վրայ խոկանք։ Պօղոս յորդորեց. «Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։15. Բ. Օրինաց 11։18-21) Աստուած կ’երաշխաւորէ որ եթէ ջանաք Աստուածաշունչի մէջ գտնուած իր խրատները կիրարկել, յաջողութիւն պիտի գտնէք։ Ան կը խոստանայ. «Տէրոջը ապաւինէ . . . Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։—Առակաց 3։5, 6
[Նկարներ՝ էջ 31]
Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւիլը կեանքը գոհացուցիչ եւ իմաստալից կը դարձնէ