Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սիրոյ Աստուածը ճանչնալ

Սիրոյ Աստուածը ճանչնալ

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Սիրոյ Աստուածը ճանչնալ

ԱՆԹՈՆԻՕ անունով Պրազիլիացի մը, 16 տարեկանին արդէն իսկ կեանքէն յուսախաբ եղած էր։ Անարժէք ըլլալու զգացումներ զինք առաջնորդեցին թմրեցուցիչի գործածութեան եւ ալքոլամոլութեան։ Ան յաճախ անձնասպան ըլլալու մասին խորհեցաւ։ Ճիշդ այս պահերուն էր որ ան յիշեց իր մօրը ըսածը. «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Սակայն, այս սիրոյ Աստուածը ո՞ւր էր։

Իր մոլութիւններէն դարմանուելու փորձ մը ընելով, Անթոնիօ իր շրջանի քահանայէն օգնութիւն խնդրեց։ Թէեւ Անթոնիօ Կաթողիկէ Եկեղեցիին մէջ շատ գործունեայ դարձաւ, սակայն տակաւին շատ մը հարցումներ ունէր։ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը, զոր օրինակ, զինք կը շփոթեցնէին. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհաննու 8։32) Յիսուս ի՞նչպիսի ազատութիւն խոստացաւ։ Եկեղեցին իր այս հարցումներուն որեւէ գոհացուցիչ պատասխան չկրցաւ հայթայթել։ Ի վերջոյ, Անթոնիօ հեռացաւ եւ իր նախկին սովորութիւններուն դարձաւ։ Իրականութեան մէջ, աւելի վատ մոլութիւններու մէջ ինկաւ։

Այդ ժամանակամիջոցին, Անթոնիոյի կինը՝ Մարիա, սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել Եհովայի Վկաներուն հետ։ Իր կնոջ ուսումնասիրութեան չընդդիմանալով հանդերձ, Անթոնիօ մերժեց Վկաները, զանոնք նկատելով որպէս «Ամերիկեան կրօնք մը, որ Ամերիկեան կայսերապաշտութեան շահերուն կը ծառայէ»։

Առանց յուսահատելու, Մարիա տան մէջ ամէն կողմ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերէն օրինակներ կը ձգէր, որոնք, գիտէր թէ Անթոնիոն հետաքրքրող յօդուածներ կը բովանդակէին։ Քանի որ Անթոնիօ կը սիրէր կարդալ, կնկան բացակայութեան երբեմն ան պարբերաթերթերը աչքէ կ’անցընէր։ Կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ան իր սուրբ գրային հարցումներուն պատասխաններ գտաւ։ Ան կը մտաբերէ. «Նաեւ սկսայ նկատել, կնոջս ու Վկաներուն ինծի հանդէպ ցուցաբերած սէրն ու ազնուութիւնը»։

1992–ի կիսուն, Անթոնիօ որոշեց որ ինք ալ կը փափաքէր Եհովայի Վկաներու հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Սակայն, ան կը շարունակէր թմրեցուցիչ գործածել եւ չափազանց խմիչք խմել։ Ուշ գիշեր մը, երբ ինք ու իր բարեկամը խրճիթներէ բաղկացող քաղաքէ մը տուն կը վերադառնային, ոստիկանները զիրենք կեցուցին։ Երբ ոստիկանները Անթոնիոյի քով քիչ մը գոգային գտան, անոնք սկսան զինք ծեծել։ Ոստիկան մը զինք ցեխին մէջ հրեց եւ ատրճանակին կոթը իր դէմքին մօտեցուց։ «Սպաննէ՛ զինք», բացագանչեց միւս ոստիկանը։

Մինչ Անթոնիօ ցեխին մէջ կը թաւալէր, իր կեանքը մտապատկերեց։ Միակ լաւ բանը զոր կրցաւ յիշել, իր ընտանիքը եւ Եհովան էին։ Ան հակիրճօրէն աղօթեց, Եհովայի օգնութիւնը խնդրելով։ Առանց ակներեւ պատճառի, ոստիկանը զինք ձգելով՝ հեռացաւ։ Ան տուն վերադարձաւ, համոզուած՝ թէ Եհովա զինք պաշտպանած էր։

Անթոնիօ սկսաւ վերանորոգուած կորովով Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Կամաց–կամաց ան իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուց, Եհովան հաճեցնելու համար։ (Եփեսացիս 4։22-24) Ժուժկալութիւն մշակելով, ան սկսաւ իր թմրամոլութեան հետ գլուխ ելլել։ Այսուհանդերձ, ան բժշկական օգնութեան կարիքը ունէր։ Երկու ամիս վերակազդուրման բուժարանին մէջ անցընելը անոր պատեհութիւն տուաւ որ կարգ մը սուրբ գրային գրականութիւններ կարդայ, մէջը ըլլալով Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Ապա Անթոնիօ այդ գրքերէն իր սորված բաները ուրիշ հիւանդներու հետ բաժնեց։

Բուժարանէն ելլելէ ետք, Անթոնիօ շարունակեց Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ներկայիս, Անթոնիոն, Մարիան, իրենց երկու աղջիկները եւ Անթոնիոյի մայրը Եհովայի կը ծառայեն որպէս ուրախ եւ միացած ընտանիք մը։ Անթոնիօ կ’ըսէ. «Հիմա՛ կը հասկնամ ‘Աստուած սէր է’ խօսքին իսկական իմաստը»։

[Նկար՝ էջ 8]

Ռիօ տը Ժանէրոյի մէջ քարոզել