Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ազատագրութիւն՝ Ռոպինսըն Քրուզօ կղզիին մէջ

Ազատագրութիւն՝ Ռոպինսըն Քրուզօ կղզիին մէջ

Ազատագրութիւն՝ Ռոպինսըն Քրուզօ կղզիին մէջ

ՌՈՊԻՆՍԸՆ Քրուզոն Խաղաղական Ովկիանոսի մէջ գտնուող երեք կղզիներէն մէկն է, որոնք կը կազմեն Խուան Ֆերնանտէզ կոչուած կղզեխումբը, Չիլիի ծովեզերքէն շուրջ 640 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ * 93 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունեցող այս կղզին, իր անունը ստացաւ 18–րդ դարու հռչակ շահած վէպէն, որու խորագիրն էր՝ Ռոպինսըն Քրուզօ, գրուած՝ Անգլիացի հեղինակ Տանիէլ Տըֆոյի կողմէ։ Ակներեւաբար, այս վէպը ընդհանուր առմամբ հիմնուած է Սկովտիացիի մը՝ Աղեքսանդր Սելքըրքի՝ արկածախնդրութիւններուն վրայ, որ շուրջ չորս տարի կղզիին մէջ մինակ ապրեցաւ։

Կղզիին մէջ ցուցատախտակ մը մասամբ հետեւեալը կ’ըսէ. «Այս տեղ, ամէն օր, աւելի քան չորս տարի շարունակաբար, Սկովտիացի նաւաստի՝ Աղեքսանդր Սելքըրք՝ անհամբեր հորիզոնը կը դիտէր, յուսալով տեսնել օգնութեան հասնող նաւը, որ զինք իր մենակութենէն պիտի ազատագրէր»։ Ի վերջոյ, Սելքըրք ազատագրուեցաւ եւ տարուեցաւ իր հայրենիքը՝ աշխարհ մը որ այլեւս իրեն գոհացում չէր տար, իր պզտիկ դրախտին մէջ առանձին ապրելէն ետք։ Կ’ըսուի թէ հետագային ան ըսած է. «Ո՜վ իմ սիրելի կղզիս։ Երանի՜ թէ քեզ երբեք լքած չըլլայի»։

Ժամանակի ընթացքին, կղզին որպէս արգելակայան սկսաւ գործածուիլ, ուր բնակեցան Կաթողիկէ Եկեղեցիին դէմ «հերետիկոսութիւն» գործողներ։ Սելքըրքի ճանչցած դրախտային կղզին ի՜նչ փոփոխութիւն կրած էր։ Սակայն, կղզիին ներկայ բնակիչները անդորրութիւն մը կը վայելեն, որ աշխարհի շատ մը մասերուն անծանօթ է։ Հանդարտ ապրելակերպը, որ բազմաթիւ կղզիներու մշակոյթներուն յատկանիշն է, գրեթէ ոեւէ անհատի հետ խօսակցութիւններ սկսիլը կը դիւրացնէ։

Պաշտօնապէս, Ռոպինսըն Քրուզօ կղզին շուրջ 500 բնակիչներ ունի, սակայն, տարուան մեծ մասը միայն շուրջ 400 անհատներ կ’ապրին կղզիին մէջ։ Մասամբ, պատճառը այն է թէ կարգ մը մայրեր ու իրենց զաւակները դպրոցական տարեշրջանին Չիլիի մէջ կը բնակին, եւ կղզի կը վերադառնան միայն արձակուրդի ամիսներուն, ընտանիքի մնացեալ անդամներուն հետ ժամանակ անցընելու համար։

Հակառակ Ռոպինսըն Քրուզոյի մէջ գտնուող պարտիզանման գեղեցիկ միջավայրին, կարգ մը կղզեբնակներ հոգեւոր պարապութիւն մը կը զգան եւ պատասխաններ կ’որոնեն։ Ուրիշներ զգացած են որ հոգեւորապէս ազատագրուելու կարիքը ունին։

Հոգեւոր Ազատագրում

Այսպիսի հոգեւոր ազատագրում մը սկսաւ շուրջ 1979–ին։ Սանդիակոյի մէջ, Չիլի, Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող կին մը, կղզի փոխադրուեցաւ եւ սկսաւ իր սորված բաները ուրիշներուն սորվեցնել։ Ժամանակ մը ետք, ժողովքի մը երէցը, որ աշխարհիկ պատճառներով կղզին կ’այցելէր, զարմացաւ երբ Աստուածաշունչի աշակերտներու փոքր խումբ մը գտաւ հոն, որ այդ կնոջ օգնութեամբ հոգեւորապէս կը յառաջդիմէր։ Երեք ամիս ետք, երբ երէցը անգամ մը եւս կղզին կ’այցելէր, այս առանձնացած Աստուածաշունչի ուսուցչուհին եւ իր երկու աշակերտները մկրտուելու պատրաստ էին, ուստի այս երէցին հովանաւորութեամբ անոնք մկրտուեցան։ Հետագային, այս նոր մկրտուած Քրիստոնեաներէն մէկը ամուսնացաւ, եւ իր ամուսնոյն հետ միասին շարունակեցին հոգեւոր ազատագրութեան կարիքը ունեցող անհատներ փնտռել։ Ամուսինը առաջնորդութիւնը առաւ համեստ Թագաւորութեան Սրահ մը շինելու, որ տակաւին կը շարունակէ ծառայել այդ կղզիին մէջ գտնուող փոքր խումբին։ Ժամանակի ընթացքին, տնտեսական պատճառներով, անոնք Ռոպինսըն Քրուզօ կղզին ձգեցին եւ կեդրոնական Չիլիի մէջ գտնուող ժողովք մը փոխադրուեցան, ուր տակաւին աշխուժօրէն կը ծառայեն Եհովայի։

Կղզիին մէջ գտնուող պզտիկ խումբը կամաց–կամաց շարունակեց աճիլ, մինչ ուրիշներ ալ սուտ կրօնքէն ազատագրուեցան։ Սակայն, քանի որ դպրոցական աշակերտները ստիպուած են Չիլի փոխադրուիլ երկրորդական վարժարան յաճախելու համար, խումբը փոքրացաւ՝ մնալով երկու մկրտուած քոյրեր եւ աղջնակ մը։ Խումբը կը մեծնայ արձակուրդի շրջանին, երբ կարգ մը մայրեր կղզի կը վերադառնան։ Ասիկա կ’օգնէ որ ամբողջ տարին կղզիին մէջ մնացող երեք մեկուսացած Քրիստոնեաները վերստին աշխուժանան։ Այս երեք քոյրերուն ծանր աշխատանքին պատճառաւ, Ռոպինսըն Քրուզօ կղզիին մէջ Եհովայի Վկաները քաջածանօթ են։ Ճիշդ է որ կարգ մը կղզեցիներ իրենց դէմ կեցուածք առած են եւ կը ջանան ուրիշներու վրայ ալ ճնշում բանեցնել որ Թագաւորութեան պատգամը մերժեն։ Սակայն, անկեղծ սրտերու մէջ ցանուած Աստուածաշունչի ճշմարտութեան սերմերը կը շարունակեն ծիլ տալ։

Ազատագրուածները Զօրացնել

Տարին անգամ մը ճամբորդող տեսուչ մը կղզին կ’այցելէ։ Հեռաւոր կղզիի մը մէջ գտնուող ափ մը Վկաներու այցելութիւն տալը ի՞նչի կը նմանի։ Շրջանային տեսուչ մը կը նկարագրէ Ռոպինսըն Քրուզօ տուած իր առաջին այցելութիւնը.

«Այս ճամբորդութիւնը իրականացած երազի մը պէս էր։ Անիկա սկսաւ կ.ա. ժամը 7։00–ին, երբ Վալփարէզոն ձգելով քշեցինք դէպի Սանտիէկոյի Սերիլլոս Օդակայանը։ Եօթը հոգինոց փոքր օդանաւ մը առինք։ Երկու ժամ քառասունըհինգ վայրկեան տեւող ճամբորդութենէ մը ետք, հեռուն ամպերէն վեր բարձրացած լերան մը գագաթը տեսանք։ Մինչ մօտեցանք, կղզին տեսնուեցաւ. տպաւորիչ ժայռ մը ովկիանոսին մէջտեղը։ Այնպէս թուեցաւ թէ անիկա ծովուն մակերեսին վրայ կը ծփար, ծովուն մէջ կորսուած նաւու մը նման։

«Օդանաւէն իջնելէ ետք, նաւակ մը մեզ գիւղ տարաւ։ Ծովուն մէջ, հոս հոն ցցուած ժայռերը կղզեակներ կը կազմեն, որոնք Խուան Ֆերնանտէզի մուշտակաւոր փոկերուն համար որպէս հանգստավայր կը ծառայեն։ Մուշտակաւոր փոկերը պաշտպանութիւն վայելող անասունի տեսակին կը պատկանին, քանի որ անոնց թիւը շատ նուազած է։ Յանկարծ, նաւուն քովէն բան մը ցատկեց եւ դարձեալ անհետացաւ ծովուն մէջ։ Թռչող ձուկ մըն էր, որու ծալլուած լողակները թեւերու կը նմանին։ Կը թուէր թէ անիկա ջուրէն դուրս ցատկելով միջատներ կը բռնէր։ Անշուշտ, երբեմն բռնողը ի՛նքն ալ կը բռնուի. անոր ցատկռտուքը ուրիշ գիշատիչներու ուշադրութիւնը կրնայ գրաւել, որոնք պատրաստ են զինք կլլելու մինչ անիկա դարձեալ ջուրին մէջ կը ցատկէ։

«Վերջապէս, Սան Խուան Պաութիսթա գիւղը հասանք (Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ)։ Կղզեցիներէն շատեր քարափը կայնած էին, կամ կը սպասէին իրենց այցելուներուն ժամանումը, կամ ալ հետաքրքիր էին գիտնալու թէ այս անգամ ո՛վ պիտի ժամանէր։ Գեղեցիկ համայնապատկեր մը մեզ տպաւորեց՝ Էլ Եունքա (Սալը) կոչուած վեհաշուք ու խորտուբորտ լեռը։ Կարծես թէ անիկա գոց կանաչ թաւիշով մը պատուած էր, իսկ անոր ետին՝ ջինջ կապոյտ երկինքը, շրջապատուած՝ ճերմակ ամպերով։

«Շուտով նկատեցինք թէ քարափին վրայ, մեր Քրիստոնեայ քոյրերէն ու անոնց զաւակներէն բաղկացած խումբ մը մեզի կը սպասէր։ Արձակուրդի ժամանակ էր, ուստի խումբը սովորականէն մեծ էր։ Ջերմ բարեւներ փոխանակելէ ետք, մեզ տարին գրաւիչ սենեակ մը, որ շաբթուան մը համար մեր տունը պիտի ըլլար։

«Շատ մասնայատուկ շաբաթ մըն էր, եւ գիտցանք թէ անիկա արագ պիտի անցնէր։ Մեր ժամանակը օգտակար կերպով պէտք էր գործածէինք։ Նոյն օրը, ճաշէն անմիջապէս ետք, Աստուածաշունչի աշակերտի մը այցելութիւն տուինք, որ շուտով մեր հոգեւոր քոյրը պիտի ըլլար եւ Աստուծոյ հոգեւոր դրախտին մաս պիտի կազմէր։ Ան ուրախութեամբ կը ճառագայթէր, բայց քիչ մըն ալ ջղագրգիռ էր։ Երկար ատենէ սպասած իր մկրտութեան նպատակակէտին ժամանակը մօտեցած էր։ Իր հետ կարգ մը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ նկատի առինք, որպէսզի ան որպէս բարի լուրի հրատարակիչ որակելի ըլլար։ Յաջորդ օրը առաջին անգամ ըլլալով քարոզչութեան մասնակցեցաւ։ Երրորդ օրը, անոր հետ սկսանք մկրտութեան պահանջքները նկատի առնել։ Շաբաթը չլրացած ան մկրտուեցաւ։

«Շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցող ժողովներուն բաւական ներկաներ կային, անոնց բարձրագոյն թիւն էր 14։ Ամէն օր դաշտի ծառայութեան, վերայցելութիւններու, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու եւ հովուական այցելութիւններու կարգադրութիւններ կային։ Ասիկա ի՜նչ քաջալերութիւն էր այն քոյրերուն համար, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց գործունէութիւնը առանձին կը կատարեն»։

Կղզիին մէջ բնակող տղամարդոց համար, ճշմարտութեան ընդառաջելը շատ աւելի դժուար եղած է, թերեւս իրենց աշխարհային գործին անխոնջ պահանջքներուն պատճառաւ։ Գլխաւոր աշխատանքն է՝ խեցգետիններ որսալ, որ շատ նուիրում կը պահանջէ։ Կանխադատողութիւնն ալ դեր կը խաղայ որ շատեր բացասական կերպով հակազդեն։ Այսուհանդերձ, կ’ակնկալուի որ ապագային, աւելի կղզեցիներ՝ տղամարդիկ եւ կիներ ընդառաջեն։

Մինչեւ հիմա, կղզիին մէջ տասը անհատներ ազատագրուած են, ճշմարտութիւնը եւ Եհովա Աստուծոյ նպատակները ճանչնալով։ Անոնցմէ ոմանք անկէ ի վեր զանազան պատճառներով կղզիէն փոխադրուած են։ Սակայն, անոնք հոն մնան կամ ոչ, անոնց հոգեւոր ազատագրումը Աղեքսանդր Սելքըրքի ազատագրումէն աւելի յատկանշական եղած է։ Ներկայիս անոնք ուր որ ալ ապրին հոգեւոր դրախտ մը կը վայելեն։ Մինչեւ օրս կղզիին մէջ բնակող քոյրերն ու իրենց զաւակները պարտիզանման միջավայր մը կը վայելեն, սակայն անկէ աւելի, անոնք հեռանկար ունին ապրելու այն ատեն, երբ ամբողջ երկիրը բառին բուն առումով իսկական դրախտ մը պիտի ըլլայ։

Ազատագրութեան Գործը կը Շարունակուի

Աշխարհագրականօրէն, Ռոպինսըն Քրուզոյի մէջ գտնուող Եհովայի Վկաներու այս պզտիկ խումբը, իրենց մնացեալ հոգեւոր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատ հեռու կ’ապրին։ Սակայն, անոնք լքուած չեն զգար, ինչպէս էր Սկովտիացի Սելքըրքի պարագան։ Անդադար լոյս տեսնող աստուածպետական գրականութիւնները, տարին երեք անգամ Չիլիի մասնաճիւղին կողմէ ղրկուած համաժողովներու պատկերիզները, նաեւ շրջանային տեսուչին տարեկան այցելութիւնը, անոնց կ’օգնեն որ Եհովայի կազմակերպութեան հետ սերտ հաղորդակցութեան մէջ մնան։ Հետեւաբար, անոնք կը շարունակեն ‘համայն աշխարհի մէջ գտնուող եղբայրակցութեան’ գործօն մէկ մասը ըլլալ։—Ա. Պետրոս 5։9

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Կղզին պաշտօնապէս կոչուած է՝ Մաս ա Թիերա։

[Քարտէսներ/Նկար՝ էջ 9]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ՉԻԼԻ

Սանդիակօ

ՌՈՊԻՆՍԸՆ ՔՐՈՒԶՕ ԿՂԶԻՆ

Սան Խուան Պաութիսթա

Էլ Եունքա

ԽԱՂԱՂԱԿԱՆ ՈՎԿԻԱՆՈՍ

ՍԱՆԹԱ ՔԼԱՐԱ ԿՂԶԻՆ

[Նկար]

Մինչ կղզին կը սկսի երեւիլ, ովկիանոսին մէջտեղը տպաւորիչ ժայռ մը կրնաք տեսնել

[Նկարին աղբիւրը]

Map of Chile։ Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.

[Նկար՝ էջ 8, 9]

Էլ Եունքա (Սալը) կոչուած վեհաշուք ու խորտուբորտ լեռը

[Նկար՝ էջ 9]

Սան Խուան Պաութիսթա գիւղը (Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ)

[Նկար՝ էջ 9]

Կղզեակները մուշտակաւոր փոկերու եւ ծովաշուներու համար որպէս հանգստավայր կը ծառայեն

[Նկար՝ էջ 10]

Սանտիէկոյէն (Չիլի), փոքր օդանաւով մը թռիչք առինք

[Նկար՝ էջ 10]

Ռոպինսըն Քրուզօ Կղզիին խորտուբորտ ծովեզերքը

[Նկար՝ էջ 10]

Կղզիին մէջ գտնուող համեստ Թագաւորութեան Սրահը