«Դուք ամէնքդ եղբայր էք»
«Դուք ամէնքդ եղբայր էք»
«Դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 23։8, 9
1. Ո՞ր հարցը նկատողութեան արժանի է։
«Ո՛Վ ԱՒԵԼԻ պատիւի արժանի է, միսիոնա՞ր մը թէ՝ Պէթէլական մը», միամտօրէն հարցուց ասիական երկրէ մը Քրիստոնեայ կին մը, Աւստրալիացի միսիոնարի մը։ Ան կ’ուզէր գիտնալ թէ ո՛վ աւելի յարգանքի արժանի է, տարբեր երկրէ եկած միսիոնա՞ր մը, թէ՝ Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակին մէջ ծառայող տեղացի ծառայ մը։ Այդ միամիտ հարցումը՝ որ դասակարգային գիտակցութեան շատ կարեւորութիւն տուող մշակոյթ մը ցոյց կու տայ, զարմացուց միսիոնարը։ Ո՛վ աւելի մեծ է հարցումը ծագում կ’առնէ մարդոց հեղինակութեան կամ ազդեցութեան աստիճանը գիտնալու ցանկութենէն։
2. Մեր հաւատակիցները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
2 Այս շահագրգռութիւնը նոր բան մը չէ։ Նոյնիսկ Յիսուսի աշակերտները ո՛վ մեծ ըլլալու մասին յարատեւաբար կը վիճէին։ (Մատթէոս 20։20-24. Մարկոս 9։32-36. Ղուկաս 22։24-27) Անոնք ալ դասակարգային գիտակցութեան կարեւորութիւն տուող առաջին դարու հրէական մշակոյթին կը պատկանէին։ Այսպիսի ընկերութիւն մը ի մտի ունենալով, Յիսուս իր աշակերտներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք»։ (Մատթէոս 23։8, 9) Կրօնական տիտղոս մը, ինչպէս՝ «Ռաբբի», որ կը նշանակէ «Վարդապետ», «հպարտութեան եւ գերակայութեան զգացում մը կը յառաջացնէ զայն ստացողներուն մէջ, իսկ նախանձ եւ ստորադասութեան զգացում մը անոնց մէջ, որ այդ տիտղոսը չունին. իսկ անոր ամբողջ հոգին եւ միտումը հակառակ է ‘Քրիստոսի մէջ եղած պարզութեան’», նշեց Աստուածաշունչի ուսումնական Էլպըրթ Պարնզ։ Արդարեւ, Քրիստոնեաները իրենց մէջ գտնուող տեսուչները «Երէց այսինչ» չեն կոչեր, «երէց» բառը որպէս գովաբանութեան տիտղոս գործածելով։ (Յոբայ 32։21, 22) Միւս կողմէ, Յիսուսի տուած խրատին հոգիով ապրող երէցներ, ժողովքի միւս անդամները կը պատուեն, ճիշդ ինչպէս որ Եհովա կը պատուէ հաւատարիմ երկրպագուները եւ Յիսուս Քրիստոս կը պատուէ իր հաւատարիմ հետեւորդները։
Եհովայի եւ Յիսուսի Օրինակը
3. Եհովա ի՞նչպէս պատուեց իր հոգեղէն արարածները։
3 Թէեւ Եհովա «Բարձրեալ»ն է, ան սկիզբէն իսկ պատուեց իր արարածները, զանոնք իր գործին մէջ պարփակելով։ (Սաղմոս 83։18) Երբ առաջին մարդը ստեղծեց, Եհովա իր միածին Որդին որպէս «ճարտարապետ» այս ծրագրին մէջ պարփակեց։ (Առակաց 8։27-30. Ծննդոց 1։26) Եհովա երբ որոշեց Աքաաբ չար Թագաւորը կործանել, ան նոյնիսկ իր երկնային հրեշտակները հրաւիրեց որ իրենց կարծիքը յայտնեն ասիկա ընելու կերպին մասին։—Գ. Թագաւորաց 22։19-23
4, 5. Եհովա ի՞նչպէս կը պատուէ իր մարդկային արարածները։
4 Եհովա կ’իշխէ որպէս տիեզերքի Մեծագոյն Գերիշխանը։ (Բ. Օրինաց 3։24) Ան մարդոց խորհուրդ հարցնելու կարիք չունի։ Սակայն, ան կարծես կը խոնարհի, անոնց ուշադրութիւն դարձնելով։ Սաղմոսերգու մը երգեց. «Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, որ բարձրութեան մէջ կը բնակի. որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները տեսնելու համար կը խոնարհի, որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ»։—Սաղմոս 113։5-8
5 Սոդոմն ու Գոմորը բնաջնջելէ առաջ, Եհովա մտիկ ըրաւ Աբրահամի հարցումները եւ անոր արդարութեան զգացումին գոհացում տուաւ։ (Ծննդոց 18։23-33) Թէեւ Եհովա գիտէր Աբրահամի խնդրանքին արդիւնքը, բայց համբերութեամբ մտիկ ըրաւ անոր եւ ընդունեց անոր պատճառաբանութիւնը։
6. Երբ Եհովա՝ Ամբակումի հարցումին հանդէպ յարգանք ցոյց տուաւ, հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
6 Եհովա Ամբակումին ալ մտիկ ըրաւ, որ հարցուց. «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես»։ Եհովա այս հարցումը իր հեղինակութեան որպէս մարտահրաւէ՞ր նկատեց։ Ո՛չ, ան Ամբակումի տուած հարցը տեղին գտաւ, ուստի դատաստան ի գործ դնելու համար Քաղդէացիները հանելու իր նպատակը յայտնեց անոր։ Ան վստահեցուց մարգարէն թէ ‘այս նախագուշակուած դատաստանը անպայման պիտի գար’։ (Ամբակումայ 1։1, 2, 5, 6, 13, 14. 2։2, 3) Ամբակումի մտահոգութիւնը լուրջի առնելով եւ անոր պատասխանելով, Եհովա պատուեց մարգարէն։ Որպէս հետեւանք, խորապէս շփոթած մարգարէն ոգեւորուեցաւ եւ ուրախացաւ, կատարելապէս վստահելով իր փրկութեան Աստուծոյն։ Ասոր անդրադարձուած է Ամբակումի ներշնչեալ գրքին մէջ, որ Եհովայի վրայ մեր ունեցած վստահութիւնը կը զօրացնէ ներկայիս։—Ամբակումայ 3։18, 19
7. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին Պետրոսի դերը ինչո՞ւ յատկանշական է։
7 Յիսուս Քրիստոս ուրիշներու հանդէպ յարգանք ցոյց տալու ուրիշ լաւ օրինակ մըն է։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսած էր. «Ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է»։ (Մատթէոս 10։32, 33) Իր մատնուած գիշերը սակայն, իր բոլոր աշակերտները լքեցին զինք, իսկ Պետրոս առաքեալ երեք անգամ ուրացաւ զինք։ (Մատթէոս 26։34, 35, 69-75) Յիսուս երեւցած բաներէն անդին նայելով, նկատեց Պետրոսի ներքնագոյն զգացումները, իր խոր զղջումը։ (Ղուկաս 22։61, 62) Միայն 51 օր ետք, Քրիստոս զղջացած առաքեալը պատուեց, թոյլ տալով որ Պէնտէկոստէի օրը 120 աշակերտները ինք ներկայացնէ եւ «թագաւորութեան բանալիներ»ուն առաջինը գործածէ։ (Մատթէոս 16։19. Գործք 2։14-40) Պետրոսի առիթ տրուեցաւ որ ‘դարձի գայ ու իր եղբայրները հաստատէ’։—Ղուկաս 22։31-33
Ընտանիքի Անդամները Պատուել
8, 9. Իր կնոջ պատիւ տալու մէջ ամուսին մը ի՞նչպէս կրնայ ընդօրինակել Եհովան եւ Յիսուսը։
8 Ամուսիններ եւ ծնողներ իրենց աստուածատուր հեղինակութիւնը գործադրելու մէջ լաւ կ’ընեն Եհովան եւ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելով։ Պետրոս յորդորեց. «Նոյնպէս ալ, այրե՛ր, իմաստութեա՛մբ ապրեցէք ձեր կիներուն հետ, յարգեցէ՛ք զանոնք իբրեւ դիւրաբեկ անօթ»։ (Ա. Պետրոս 3։7, Երուսաղէմ) Երեւակայեցէք որ յախճապակեայ նուրբ անօթ մը ունիք ձեր ձեռքը, անշուշտ անիկա շատ աւելի դիւրաբեկ է քան փայտէ անօթ մը։ Անոր աւելի հոգ պիտի չտանէի՞ք։ Ամուսին մը կրնայ ասիկա ընել, ընտանեկան որոշումներու մէջ մտիկ ընելով իր կնոջ կարծիքներուն։ Յիշեցէք որ Եհովա ժամանակ յատկացուց Աբրահամի հետ տրամաբանելու համար։ Անկատար ըլլալով, ամուսին մը կրնայ հարցին ամբողջ տարողութիւնը չտեսնել։ Ուստի, իմաստութիւն պիտի չըլլա՞ր իր կինը պատուել, անկեղծօրէն նկատի ունենալով անոր կարծիքը։
9 Այն երկիրներու մէջ, ուր առնական հեղինակութիւնը խորապէս արմատացած է, ամուսին մը պէտք է ի մտի ունենայ որ իր կինը իր ներքին զգացումները արտայայտելու համար շատ մեծ արգելք մը պէտք է յաղթահարէ։ Երկրի վրայ եղած ժամանակ, իր աշակերտներուն՝ իր ապագայ հարս դասակարգին մէկ մասին հետ, Քրիստոսի վարուած կերպը ընդօրինակեցէք։ Յիսուս անոնց վրայ գուրգուրաց, անոնց ֆիզիքական եւ հոգեւոր սահմանափակումները նկատի առնելով, նոյնիսկ առաջ որ իրենց կարիքներուն մասին խօսին իր հետ։ (Մարկոս 6։31. Յովհաննու 16։12, 13. Եփեսացիս 5։28-30) Ասկէ զատ, պահ մը կանգ առէք ու մտածեցէք թէ ձեր կինը ի՛նչ կ’ընէ ձեզի եւ ձեր ընտանիքին համար, եւ խօսքով ու արարքով ձեր գնահատութիւնը յայտնեցէք։ Եհովա եւ Յիսուս գնահատեցին, գովեցին եւ օրհնեցին արժանի եղողները։ (Գ. Թագաւորաց 3։10-14. Յոբայ 42։12-15. Մարկոս 12։41-44. Յովհաննու 12։3-8) Իր ամուսինը Եհովայի Վկայ ըլլալէ ետք, Արեւելքի մէջ Քրիստոնեայ կին մը ըսաւ. «Ամուսինս երեք կամ չորս քայլ առջեւէն կը քալէր, ձգելով որ ամէն բան ես կրեմ։ Հիմա պայուսակները ի՛նք կը կրէ եւ տան մէջ ըրած բաներուս համար գնահատութիւն կը յայտնէ»։ Անկեղծ գնահատութեան խօսք մը մեծապէս կ’օգնէ որ ձեր կինը ինքզինք գնահատուած զգայ։—Առակաց 31։28
10, 11. Ծնողներ ի՞նչ կրնան սորվիլ ըմբոստ Իսրայէլ ազգին հետ վարուելու Եհովայի գեղեցիկ օրինակէն։
10 Իրենց զաւակներուն հետ իրենց գործառնութեան մէջ, ծնողներ պէտք է Աստուծոյ օրինակին հետեւին, մանաւանդ երբ անոնք յանդիմանութեան կարիքը ունին։ ‘Եհովա շարունակեց զգուշացնել Իսրայէլը եւ Յուդան’, որ իրենց չար ճամբաներէն դառնան, բայց անոնք իրենց ‘պարանոցները խստացուցին’։ (Դ. Թագաւորաց 17։13-15) Իսրայելացիները նոյնիսկ «իրենց բերնովը կը շողոքորթէին ու իրենց լեզուովը սուտ կը խօսէին անոր»։ Շատ ծնողներ կրնան զգալ որ իրենց զաւակները երբեմն այսպէս կը վարուին։ Իսրայելացիները «Աստուած փորձեցին», զինք վշտացուցին ու ցաւցուցին։ Բայց Եհովա «ողորմած ըլլալով՝ անոնց անօրէնութեան կը ներէր ու չէր կորսնցներ զանոնք»։—Սաղմոս 78։36-41
11 Եհովա նոյնիսկ աղաչեց Իսրայելացիներուն, ըսելով. «Հիմա եկէք վիճաբանինք [«հարցերը շտկենք», ՆԱ] . . . եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան»։ (Եսայեայ 1։18) Թէեւ Եհովան յանցաւոր չէր, բայց հրաւիրեց ըմբոստ ազգը որ գայ եւ հարցերը շտկէ։ Իրենց զաւակներուն հետ վարուելու ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը ծնողներուն համար։ Երբ հարկ ըլլայ, զանոնք պատուեցէք, խնդիրը իրենց կողմէն մտիկ ընելով եւ անոնց հետ տրամաբանելով թէ ինչո՛ւ պէտք է փոխուին։
12. (ա) Ինչո՞ւ մեր զաւակները Եհովայէ աւելի պատուելէն պէտք է զգուշանանք։ (բ) Մեր զաւակները յանդիմանելու ատեն, անոնց արժանապատուութիւնը յարգելու համար ի՞նչ պահանջուած է։
12 Անշուշտ, երբեմն զաւակներ զօրաւոր խրատի կը կարօտին։ Ծնողներ պէտք չէ Հեղիի պէս ըլլան, որ ‘իր որդիները Եհովայէ աւելի փառաւորեց’։ (Ա. Թագաւորաց 2։29) Այսուհանդերձ, անչափահասները պատիժի ետին գտնուող սիրալիր շարժառիթը պէտք է տեսնեն։ Անոնք պէտք է գնահատեն որ իրենց ծնողքը կը սիրէ զիրենք։ Պօղոս խրատեց. «Դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) Հոս նշուած կէտը այն է որ մինչ հայրը իր հայրական հեղինակութիւնը ի գործ կը դնէ, ան պէտք է նկատի ունենայ զաւակներուն արժանապատուութիւնը, իր չափազանց խստութեան պատճառաւ զանոնք չբարկացնելով։ Այո, զաւակներուն արժանապատուութիւնը նկատի առնելը ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ ծնողներուն կողմէ, բայց ասկէ քաղուած պտուղը կ’արժէ ամէն զոհողութիւն։
13. Ի՞նչ է Աստուածաշունչին տեսակէտը ընտանիքի տարեց անդամներուն նկատմամբ։
13 Ընտանիքի անդամները պատուելը կինն ու զաւակները պատուելով չի վերջանար։ «Երբ ծերանաք, ձեր զաւակներուն հնազանդեցէք», կ’ըսէ ճափոնական առած մը։ Այդ առածին միտքը այն է որ տարեց ծնողներ պէտք է իրենց ծնողական հեղինակութիւնը չափազանցելէ ետ կենան եւ իրենց չափահաս զաւակներուն ըսածները նկատի առնեն։ Մինչ Սուրբ Գրքի համաձայն է որ ծնողներ պատուեն իրենց զաւակները, անոնց ականջ տալով, երախաները իրենց կարգին պէտք չէ անյարգալից ըլլան ընտանիքի տարեց անդամներուն հանդէպ։ Առակաց 23։22–ը (Արեւմտահայերէն) կ’ըսէ. «Մի անարգեր քու մայրդ երբ կը պառւի»։ Սողոմոն Թագաւոր այս առակին համաձայն ապրեցաւ եւ պատուեց իր մայրը, երբ ան իրեն մօտեցաւ խնդրանքով մը։ Սողոմոն իր աջ կողմը մօրը համար աթոռ մը դնել տուաւ եւ մտիկ ըրաւ ինչ որ իր տարեց մայրը՝ Բերսաբէն, ըսելիք ունէր իրեն։—Գ. Թագաւորաց 2։19, 20
14. Ժողովքի տարեց անդամները ի՞նչպէս կրնանք պատուել։
14 Մեր ընդլայնուած հոգեւոր ընտանիքին մէջ, ժողովքի տարեց անդամները պատուելու մէջ ‘իրարմէ անցնինք’։ (Հռովմայեցիս 12։10) Անոնք հաւանաբար առաջուան չափ ընելու կարող չեն եւ ասիկա կրնայ զիրենք ընդվզեցնել։ (Ժողովողի 12։1-7) Տարեց օծեալ Վկայ մը, որ հիւանդանոցի մը մէջ անկողնի դատապարտուած էր, առիթով մը այսպիսի ընդվզում մը յայտնեց. «Անհամբեր եմ մեռնելու եւ գործի վերադառնալու»։ Այսպիսի տարեցներու հանդէպ պատշաճ գնահատութիւն եւ պատիւ ցոյց տալը օգտակար կրնայ ըլլալ։ Իսրայելացիներուն պատուէր տրուած էր. «Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ»։ (Ղեւտացւոց 19։32) Տարեցները պատուեցէք՝ անոնց զգացնել տալով որ պիտանի ու գնահատուած են։ Անոնց առջեւ ‘ոտքի ելլելը’ իր մէջ կրնայ պարփակել նստիլ ու մտիկ ընել տարիներ առաջ ինչ որ անոնք իրագործած են։ Այսպէս ընելով տարեցները պատուած, իսկ մեր հոգեւոր կեանքը ճոխացուցած կ’ըլլանք։
«Պատուելու Մէջ Իրարմէ Անցէ՛ք»
15. Երէցները ի՞նչ կրնան ընել ժողովքի անդամները պատուելու համար։
15 Ժողովքի անդամները կը բարգաւաճին, երբ երէցները լաւ օրինակ կը հանդիսանան իրենց։ (Ա. Պետրոս 5։2, 3) Հակառակ իրենց բազմազբաղ յայտագրին, հոգածու երէցներ նախաքայլը կ’առնեն դեռահասակներուն, տան գլուխներուն, առանձին մայրերուն, տանտիկիններուն եւ տարեցներուն մօտենալու, անոնք խնդրի մը առջեւ գտնուին թէ ոչ։ Երէցները մտիկ կ’ընեն ինչ որ ժողովքի անդամները ունին ըսելիք եւ կը գովեն զանոնք իրենց կարողութեան չափով իրենց ըրած բաներուն համար։ Նկատառու երէց մը որ եղբօր մը կամ քրոջ մը ըրած մէկ բանը կը գովէ, ընդօրինակած կ’ըլլայ Եհովան, որ կը գնահատէ իր երկրային արարածները։
16. Ինչո՞ւ երէցները ժողովքի միւս անդամներուն հետ պատիւի արժանի պէտք է նկատենք։
16 Եհովան ընդօրինակելով, երէցները լաւ օրինակ կը հանդիսանան Պօղոսի խրատը կիրարկելու մէջ. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։10) Ասիկա կրնայ շատ աւելի դժուար ըլլալ այն երկիրներուն մէջ, ուր դասակարգային գիտակցութիւնը ընդհանուր կանոն մըն է։ Օրինակ, Արեւելեան երկրի մը մէջ, «եղբայր» արտայայտութեան համար երկու բառ կայ, մէկը յարգալից, իսկ միւսը՝ սովորական։ Տակաւին մինչեւ վերջերս, ժողովքի անդամները երէցներուն եւ տարեցներուն համար կը գործածէին յարգալից բառը, իսկ միւսներուն համար սովորական բառը։ Սակայն, անոնց քաջալերութիւն տրուեցաւ որ ամէն պարագայի սովորական բառը գործածեն, ինչպէս Յիսուս ըսաւ իր հետեւորդներուն՝ «Դուք ամէնքդ եղբայր էք»։ (Մատթէոս 23։9) Թէեւ ուրիշ երկիրներու մէջ խտրութիւնը թերեւս այսքան բացայայտ չըլլայ, բայց բոլորս ալ ուշադիր պէտք է ըլլանք դասակարգի տարբերութիւն դնող մարդկային հակումին։—Յակոբու 2։4
17. (ա) Երէցները ինչո՞ւ դիւրամատչելի պէտք է ըլլան։ (բ) Երէցները ի՞նչ կերպերով կրնան ընդօրինակել Եհովան, ժողովքի անդամներուն հետ իրենց վերաբերմունքին մէջ։
17 Ճիշդ է որ Պօղոս մեզ քաջալերեց որ կարգ մը երէցներ «կրկին պատիւի արժանի» սեպենք, բայց անոնք տակաւին եղբայրներ են։ (Ա. Տիմոթէոս 5։17) Եթէ կարող ենք Տիեզերքի Գերիշխանին ‘շնորհաց աթոռին համարձակութիւնով մօտենալ’, կարող պէտք չէ՞ ըլլանք երէցներուն մօտենալու, որոնք Եհովան պէտք է ընդօրինակեն։ (Եբրայեցիս 4։16. Եփեսացիս 5։1) Տեսուչներ իրենց դիւրամատչելի ըլլալը կրնան կշռադատել, նկատի առնելով թէ ուրիշներ ո՛րքան յաճախ իրենց կը մօտենան խրատներ կամ թելադրութիւններ հարցնելու համար։ Իր ծրագիրներուն մէջ ուրիշները միջամուխ ընելու Եհովայի կերպէն սորվեցէք։ Ան կը պատուէ ուրիշները անոնց պատասխանատուութիւններ յանձնելով։ Նոյնիսկ երբ ուրիշ Վկաներու մատուցած թելադրութիւնները անգործնական թուին, երէցները պէտք է գնահատեն անոնց ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը։ Յիշեցէք թէ Եհովա ի՛նչպէս վարուեցաւ Աբրահամի հետազօտիչ հարցումներուն եւ Ամբակումի բարձրացուցած նեղութեան աղաղակին նկատմամբ։
18. Երէցները ի՞նչպէս կրնան Եհովան ընդօրինակել օգնութեան կարիքը ունեցողները սրբագրելու մէջ։
18 Քրիստոնեայ հաւատակիցներէն ոմանք սրբագրութեան կարի՛քը ունին։ (Գաղատացիս 6։1) Բայց անոնք տակաւին արժէքաւոր են Եհովայի աչքին, ու անոնց հետ յարգալից կերպով պէտք է վարուիլ։ «Երբ զիս խրատողը յարգանքով վարուի հետս, իրեն մօտենալու ազատ կը զգամ», ըսաւ Վկայ մը։ Շատեր տրուած խրատը կ’ընդունին երբ իրենց հետ պատուարժան կերպով վարուին։ Թերեւս աւելի ժամանակ կ’առնէ, բայց սխալ քայլ առնողներուն ուշադրութեամբ մտիկ ընելը կ’օգնէ որ անոնք հարկ եղած խրատները ընդունին։ Ձեր մտքին մէջ ունեցէք թէ Եհովա ի՛նչպէս կրկին ու կրկին տրամաբանեց Իսրայելացիներուն հետ, անոնց կարեկցելով։ (Բ. Մնացորդաց 36։15. Տիտոս 3։2) Կարեկցութեամբ ու համակրանքով տրուած խրատը օգնութեան կարիքը ունեցողներուն սրտին պիտի դպչի։—Առակաց 17։17. Փիլիպպեցիս 2։2, 3. Ա. Պետրոս 3։8
19. Քրիստոնեաներուն հաւատքը չբաժնող անհատները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
19 Մեր պատուելիք անհատներուն շարքին մէջ են նաեւ անոնք որ թերեւս մեր ապագայ հոգեւոր եղբայրները ըլլան։ Այսպիսի անհատներ թերեւս հիմա մեր պատգամը ընդունելու մէջ դանդաղ ըլլան, բայց պէտք է շարունակենք անոնց համբերել եւ որպէս մարդիկ՝ պատուել զանոնք։ Եհովա «չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Մենք ալ Եհովայի տեսակէտը պէտք չէ՞ ունենանք։ Կրնանք ընդհանուր առմամբ մարդոց վկայութիւն տալու համար ճամբան հարթել, եթէ միշտ փորձենք բարեկամական ըլլալ։ Անշուշտ, կը զգուշանանք հոգեւոր վտանգ պարունակող ընկերակցութենէ։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Այսուհանդերձ, կրնանք «մարդասիրութիւն» ցոյց տալ, մեր հաւատքը չբաժնող անհատները չանարգելով։—Գործք 27։3
20. Եհովայի եւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակը ի՞նչ ընելու պէտք է մղէ մեզ։
20 Այո, Եհովա եւ Յիսուս Քրիստոս իւրաքանչիւրս յարգարժան կը նկատեն։ Մի՛շտ յիշենք թէ իրենք ինչպէս կը վարուին, եւ իրար պատուելու մէջ մենք ալ իրարմէ անցնինք։ Իսկ միշտ ի մտի ունենանք Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը՝ «Դուք ամէնքդ եղբայր էք»։—Մատթէոս 23։9
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Ձեր հաւատակիցները ի՞նչպէս պէտք է նկատէք։
• Եհովայի ու Յիսուսի օրինակը ի՞նչպէս կը մղէ ձեզ որ ուրիշները պատուէք։
• Ամուսիններ եւ ծնողներ ի՞նչպէս կրնան ուրիշները պատուել։
• Քրիստոնեայ հաւատակիցները իրենց եղբայրները նկատելը երէցները կը մղէ որ ի՞նչ կերպով վարուին։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 18]
Գնահատական խօսքերով պատուեցէք ձեր կինը
[Նկար՝ էջ 18]
Ձեր զաւակները պատուեցէք՝ անոնց մտիկ ընելով
[Նկար՝ էջ 18]
Ժողովքի անդամները պատուեցէք