Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ յաղթահարել կատարելապաշտութիւնը

Ինչո՞ւ յաղթահարել կատարելապաշտութիւնը

Ինչո՞ւ յաղթահարել կատարելապաշտութիւնը

Ձեր լաւագոյնը ընելու համար միշտ կը ճգնի՞ք։ Բացայայտ է որ ասիկա բազմաթիւ կերպերով օգտակար կրնայ ըլլալ ձեզի եւ ձեր շուրջիններուն։ Բայց միւս կողմէ, ոմանք ծայրայեղութեան գացած եւ կատարելապաշտ դարձած են։ Ասիկա ի՞նչ կը բովանդակէ։

«ԿԱՏԱՐԵԼԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ» բառին իմաստներէն մէկն է՝ «կատարելութենէ նուազ եղող որեւէ բան անընդունելի նկատելու մտայնութիւն»։ Հաւանաբար հանդիպած էք մարդոց, որոնք այս մտայնութիւնը ունին։ Կրնաք տեսնել թէ ուրիշներու վրայ անոնց դրած ծայրայեղ պահանջները բազմաթիւ խնդիրներ կրնան յարուցանել, դժգոհութեան եւ յուսահատութեան մթնոլորտ մը ստեղծելով։ Հաւասարակշռուած անհատներէն շատեր պիտի համաձայնին թէ կատարելապաշտութիւնը՝ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ ծայրայեղ եւ անտրամաբանական պահանջներ դնելը՝ իրապէս անփափաքելի է։ Զայն պէտք է յաղթահարել։ Սակայն, խնդիրը այն է որ երբ հարցը կը վերաբերի մե՛ր կեցուածքին կամ մտայնութեան՝ թերեւս դժուար ըլլայ ընդունիլ թէ այսպիսի կատարելապաշտութեան հակում մը ունինք, ուստի ասիկա կը դժուարացնէ զայն յաղթահարելը։

Նելսըն մեծ պատասխանատուութիւն եւ լուծելիք շատ հարցեր ունի։ Ան կանոնաւորաբար վիճակագրութիւններ կը վերլուծէ եւ իրեն համար արտադրութիւնը առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ։ Գործի մրցակցական շուկային մէջ յաջողելու համար, կատարելապաշտութիւնը յաճախ անհրաժեշտ կը նկատուի։ Թէեւ ոմանք կրնան գնահատել Նելսընի ատակ ըլլալը, սակայն իր կատարելապաշտութիւնը իրեն ֆիզիքական խնդիրներ կը պատճառէ, ինչպէս գլխու ցաւ եւ ճնշուածութիւն։ Դուք ալ Նելսընի կը նմանի՞ք։

Կատարելապաշտութիւնը դեռատիներուն ալ ազդած է։ Ռիօ տը Ժանէյրոյէն Ռիթան, երբ փոքր էր, կը սիրէր դպրոց երթալ։ Ան կը ջանար փառամոլ չերեւալ, սակայն երբ լաւագոյն նիշերը չստանար՝ կ’ընկճուէր։ Ռիթա կ’ըսէ. «Մանկութենէս ի վեր, ինքզինքս կը բաղդատէի շատ ժամանակ ունեցողներու հետ, մինչ ես միշտ ճնշուած եւ հեւ ի հեւ կեանք մը կը վարէի։ Կը զգայի որ երբեք հանգստանալու ժամանակ չունիմ, քանի որ միշտ ընելիք բաներ ունէի»։

Մարիա իր պզտիկ տարիքէն կու լար, երբ ուրիշներու պէս չկարենար լաւ գծագրութիւն ընել։ Ասկէ զատ, երաժշտութեան մէջ արուեստի կատարելութիւն փնտռելով, ան յաճախ ճնշուած եւ մտատանջ կ’ըլլար, փոխանակ իր նուագած երաժշտութիւնը կամ երգեցողութիւնը վայելելու։ Թանիա՝ Պրազիլիացի ուրիշ աղջիկ մը, որ փորձեց խոհեմ ըլլալ եւ մրցակցութենէ խուսափիլ, ընդունեց որ տակաւին ինքնիրեն համար շատ բարձր չափանիշներ կը դնէր, թէ՛ դպրոցին եւ թէ տան մէջ։ Ան կը խորհէր թէ եթէ իր գործը կատարեալ չըլլար, մարդիկ զինք շատ պիտի չսիրէին։ Ասկէ զատ, երբեմն Թանիա ուրիշներէն շատ բան կ’ակնկալէր, եւ ասիկա զինք յուսախաբ եւ տխուր կը դարձնէր։

Թէեւ ատակութիւնը, աշխատասիրութիւնը, եւ գոհունակութեան զգացումը կարեւոր են, սակայն եթէ անհասանելի նպատակակէտեր դրուին, բացասական զգացումներ կրնան յառաջ գալ, ինչպէս՝ ձախողելու վախը։ Ծնողներ կամ ուրիշներ դպրոցի կամ մարզանքի մէջ կատարելութեան չափանիշ մը կրնան դնել, որու հասնիլը կրնայ դժուար ըլլալ անչափահասներուն համար։ Օրինակ, Ռիքարտոյի մայրը մեծ յոյսեր դրած էր իր վրայ. ան կը փափաքէր որ իր տղան բժիշկ եւ դաշնակահար ըլլար, ինչպէս նաեւ մի քանի լեզուներ խօսէր։ Կրնա՞ք նկատել թէ այս մօտեցումը, եթէ ծայրայեղութեան երթայ, խնդիրներու ու յուսախաբութիւններու դուռ կը բանայ։

Ինչո՞ւ Խուսափիլ Կատարելապաշտութենէ

Ներկայիս բարձրորակ աշխատանքի, ճշդակատարութեան եւ գերազանցութեան բարձր չափանիշներ կը պահանջուին։ Ուստի մարդիկ գործի շուկային մէջ պէտք է մրցակցին։ Ուրիշ ազդակ մը, որ պատճառ կ’ըլլայ որ շատեր հետզհետէ աւելի ծանր պայքար մղեն, իրենց ապրուստի միջոցը կորսնցնելու վախն է։ Կարգ մը գործաւորներ կը նմանին այն մարզիկին որ ծայրայեղ զոհողութիւններ կ’ընէ նոր բարձրակէտ մը արձանագրելու համար։ Ապա, երբ զօրաւոր մրցակցութեան հետ դէմ յանդիման գայ, կատարելագործուելու համար հարկ կը զգայ ա՛լ աւելի մարզուելու, թերեւս քիմիական նիւթեր գործածելով, յուսալով շահիլ։ Բարձրորակ ըլլալու առողջ հետապնդումին փոխարէն, կատարելապաշտութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ մարդոց «մղումը ձախողելու վախը», կամ «առաջնահերթ ըլլալու տենչը» ըլլայ։—Տը Ֆիյլինկ Կուտ Հէնտպուք

Ճիշդ է որ ըստ ոմանց, արուեստի կամ մարզանքի մէջ իրենց կարողութիւնները միշտ կրնան բարելաւուիլ։ Այսուհանդերձ, Տոքթ. Ռոպէրթ Ս. Էլիօթի համաձայն, «կատարելապաշտութիւնը ակնկալութիւն մըն է որ երբեք չ’իրականանար»։ Ան կ’աւելցնէ. «Անիկա կ’ընդգրկէ յանցապարտութիւն, պաշտպանողականութիւն, եւ ծաղրուելու վախ»։ Հետեւաբար, իմաստուն Սողոմոն Թագաւորին խօսքերը որքա՜ն շիտակ են. «Ես ամէն աշխատութիւն եւ ամէն յաջող գործ տեսայ, որոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է»։—Ժողովողի 4։4

Ի՞նչ կրնաք ընել, եթէ կատարելապաշտ ըլլալու հակումը ունիք։ Շիտա՞կ է թէ ո՛րքան ջանք թափէք, ա՛յնքան աւելի յուսախաբ կ’ըլլաք։ Կը փափաքի՞ք նուազ խստապահանջ եւ աւելի դիւրահաճ ըլլալ։ Ի՞նչ կը նշանակէ կատարեալ ըլլալ։ Չէ՞ք տենչար ձեր լման հնարաւորութիւնները գործածելով հանդերձ, խուսափիք կատարելապաշտութենէ։ Եթէ անկատար մարդիկ կրնան իրենց աստուածատուր կարողութիւնները գործածելով ուրիշներու օգտին համար բաներ հնարել, երեւակայեցէք թէ մարդկութիւնը ի՛նչ կրնայ իրագործել կատարեալ պայմաններու եւ աստուածային առաջնորդութեան ներքեւ։

[Նկար՝ էջ 4]

Ծնողներ կամ ուրիշներ թերեւս անչափահասներու կարողութենէն վեր եղող կատարելութիւն պահանջեն