Կատարեալ կեանքը պարզ երազ մը չէ
Կատարեալ կեանքը պարզ երազ մը չէ
Կատարեալ աշխարհ մը. ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար։ Երեւակայեցէք մարդկային ընկերութիւն մը, ուր ոճիր, թմրեցուցիչի մոլութիւն, սով, աղքատութիւն կամ անարդարութիւն չկայ։ Բոլորն ալ զգացական ու ֆիզիքական հոյակապ առողջութիւն կը վայելեն։ Վիշտ կամ ապերջանկութիւն չկայ, քանի որ մահը չքացուած է։ Այսպիսի աշխարհի մը տենչալը իրապաշտութի՞ւն է։
ԱՌԱՆՑ անտեսելու գիտութեան եւ արուեստագիտութեան յառաջդիմութիւնները, մարդոց մեծամասնութիւնը իրապէս չեն հաւատար թէ մարդկային խելամտութիւնը կամ ուսումը կատարեալ աշխարհ մը պիտի բերէ, ուր բոլոր մարդիկ խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ պիտի ապրին։ Միւս կողմէ, մարդկային բացայայտ հակումն է, ուզել իրերը բարելաւել եւ անկատարութիւնները սրբագրել։ Անշուշտ, զուտ անիրապաշտ երազանքը պիտի չօգնէ տնազուրկներուն եւ աղքատներուն, ոչ ալ անիկա պիտի գոհացնէ անկարողները եւ հիւանդները, որոնք կը տենչան իրենց տառապանքէն ազատագրուիլ։ Կատարեալ աշխարհ մը պարզապէս մարդկային ստեղծագործութեամբ պիտի չգայ։ Այսուհանդերձ, հակառակ ներկայ թշուառութեան եւ կեղեքումին, հաստատ պատճառներ կան հաւատալու թէ կատարեալ կոչուելու արժանի եղող աշխարհ մը, իրապէ՛ս մօտ է։
Երբ կատարեալ կեանքի մասին խորհինք, կրնայ մեր միտքը գալ Յիսուս Քրիստոսի կեանքը։ Յիսուս երկրի վրայ ապրած միակ կատարեալ մարդը չէր։ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած Ադամն ու Եւան, դրախտի մը մէջ կատարեալ կեանք կը վայելէին։ Սակայն, անոնք իրենց երկնաւոր Հօրը դէմ ըմբոստանալով այս հոյակապ վիճակը կորսնցուցին։ (Ծննդոց 3։1-6) Բայց, Ստեղծիչը, մարդոց մէջ յաւիտեան ապրելու փափաք մը դրաւ։ Ժողովողի 3։11–ը ասոր կը վկայէ. «Անիկա [Աստուած] ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. բայց Աստուծոյ ըրած գործը մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ»։
Մինչ անկատարութիւնն ու մեղքը մարդկութիւնը «ունայն» կեանքի եւ «ապականութեան ծառայութեան» առաջնորդեց, սակայն նկատի առէք Պօղոս առաքեալի մխիթարական խօսքերը. «Ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն։ Վասն Հռովմայեցիս 8։19-21) Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ մարդկային կատարեալ կեանք վերահաստատելու Աստուծոյ հայթայթումները, մատչելի են Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։—Յովհաննու 3։16. 17։3
զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, (ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց,) այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։ (Ապագայի այս հոյակապ յոյսէն զատ, բոլորս ալ հոգեւորապէս յառաջդիմելու հնարաւորութիւնը ունինք, մեր յառաջդիմութիւնը նոյնիսկ հիմա յայտնի ընելով։
Փորձեցէք Բանաւոր Ըլլալ
Յիսուս Քրիստոս ա՛յնքան կարեւոր նկատեց կատարելութեան հարցը, որ մեծ ամբոխի մը ըսաւ. «Կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է»։ (Մատթէոս 5։48) Յիսուս իրապէս մեզմէ կ’ակնկալէ՞ր որ անթերի ըլլայինք ներկայ ամբարիշտ դրութեան մէջ։ Ո՛չ։ Վստահօրէն պէտք է ջանանք առատաձեռնութիւն, ազնուութիւն եւ մեր ընկեր արարածներուն հանդէպ սէր մշակել, սակայն յաճախ շիտակը ընելու մէջ կը թերանանք։ Նոյնիսկ Յիսուսի առաքեալներէն մէկը գրեց. «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու։ Եթէ ըսենք թէ ‘Մեղք մը չգործեցինք’, ստախօս կը ցուցնենք զանիկա ու անոր խօսքը մեր մէջ չէ»։—Ա. Յովհաննու 1։9, 10
Այսուհանդերձ, մենք մեզ ի՛նչպէս նկատելու եւ ուրիշներու հետ ի՛նչպէս վարուելու մէջ կրնանք բարելաւումներ ընել, խուսափելով ծայրայեղութիւններէ։ Հաւասարակշռուած ու բանաւոր անձնաւորութիւն մը ձեռք ձգելու համար, Աստուծոյ Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն լաւ պատուէրներ ո՞վ կրնայ գտնել։ Ուրախութեան եւ չափաւորութեան նման յատկութիւններ մշակելը, պիտի օգնէ մեզի, որ մեր գործակիցներուն, կողակիցներուն, եւ ծնողներուն կամ զաւակներուն հետ լեզու գտնենք։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաներուն խրատեց. «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք։ Ձեր քաղցրութիւնը [«բանաւորութիւնը», ՆԱ] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ»։—Փիլիպպեցիս 4։4, 5
Բանաւոր Ըլլալուն Օգուտները
Երբ ձեր ակնկալութիւններուն մէջ բանաւոր էք եւ կը խուսափիք ինքնաչարչար եւ ինքնակործան կատարելապաշտութենէ, դուք ձեզի, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն, օգտակար կ’ըլլաք։ Ձեր իսկական կարողութիւնները գիտնալը կը պարփակէ ձեր ուզածը ընելուն նկատմամբ թէ՛ իրապաշտ եւ թէ բանաւոր ըլլալ։ Յիշեցէ՛ք, Աստուած մեզ ստեղծեց որ երկրի վրայ ապրինք եւ մեզի եւ ուրիշներուն օգտակար եղող իմաստալից գործի մէջ գոհունակութիւն գտնենք։—Ծննդոց 2։7-9
Եթէ դուք ձեր անձին հանդէպ պահանջկոտ էք, ինչո՞ւ այս մասին Եհովայի չաղօթէք։ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալը մեծ հանգստութիւն պիտի տայ ձեզի։ Եհովա գիտէ մեր կազմուածքը եւ անկատար վիճակը, ուստի ան անբանաւոր կամ դժուարահաճ չէ։ Սաղմոսերգուն մեզ կը հաւաստիացնէ. «Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը՝ կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։13, 14) Որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ որ Աստուած մարդոց հետ այսքան ողորմածօրէն կը վարուի։ Ան գիտէ մեր սահմանափակումները, այսուհանդերձ կրնանք իր աչքին սիրելի զաւակներու պէս արժէքաւոր ըլլալ։
Փոխանակ կատարելապաշտութեան ետեւէ ըլլալու,
որքա՜ն աւելի իմաստութիւն է հոգեւոր ներատեսութիւն եւ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը մշակել։ Ասկէ զատ, կրնանք վստահ ըլլալ որ ո՛չ ոք կրնայ Եհովայի արգելք հանդիսանալ որ իր նպատակները իրագործէ. մարդկութիւնը կատարելութեան հասցնել Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ։ Սակայն, մարդկային կատարելութիւն ի՞նչ կը նշանակէ։Կատարեալ Կեանքը Կատարելապաշտութենէն Աւելի Լաւ Է
Կատարելութիւն չի նշանակեր կատարելապաշտ ըլլալ։ Վստահաբար չափազանց պահանջկոտ եւ ինքնարդար անհատները չեն որ առանձնաշնորհումը պիտի ունենան Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ Դրախտ երկրի մը վրայ ապրելու։ Մեծ նեղութենէն վերապրելու պահանջներէն մէկն է փրկանքի զոհին հանդէպ սրտանց գնահատութիւն ունենալ, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալի նկարագրած միջազգային մեծ բազմութիւնը զայն կ’արտայայտէ. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին»։ (Յայտնութիւն 7։9, 10, 14) Մօտալուտ մեծ նեղութենէն բոլոր վերապրողները երախտապարտ պիտի ըլլան որ Քրիստոս յօժարակամօրէն մեռաւ, իրենց եւ իրեն հանդէպ հաւատք ընծայող բոլոր անհատներուն համար։ Իր սիրալիր զոհագործութիւնը իրենց անկատարութիւններէն եւ տկարութիւններէն մնայուն հանգստութիւն բերելու հիմը կը կազմէ։—Յովհաննու 3։16. Հռովմայեցիս 8։21, 22
Կատարեալ կեանքը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։ Մրցակցութեան եւ անձնասէր փառասիրութեան հակառակը, մարդոց միջեւ գոյութիւն ունեցող սէրն ու ազնուութիւնը կեանքը հաճելի պիտի դարձնեն, մտատանջութիւնն ու արժանապատուութեան կորուստը ջնջելով։ Սակայն, կատարեալ կեանքը ձանձրացուցիչ կամ միօրինակ պիտի չըլլայ։ Աստուծոյ Խօսքը Դրախտի մասին բոլոր մանրամասնութիւնները չի տար, սակայն կը նկարագրէ թէ ի՛նչպիսի կեանք մը կրնանք ակնկալել. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին ու դժբախտութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին»։—Եսայեայ 65։21-23
Փոխանակ հարց տալու թէ Թագաւորութիւնը ի՛նչ տեսակ զբօսանք, գնումի միջոցներ, արուեստագիտութիւն կամ փոխադրամիջոց պիտի հայթայթէ, դուք ձեզ երեւակայեցէք որ հետեւեալ խօսքերուն կատարումը կը համտեսէք. «‘Գայլն ու գառը մէկտեղ պիտի արածին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ։ Օձին կերակուրը հող պիտի ըլլայ։ Անոնք իմ սուրբ լերանս մէջ պիտի չվնասեն ու պիտի չապականեն’, կ’ըսէ Տէրը»։ (Եսայեայ 65։25) Կատարեալ կեանքը հիմակուան կեանքէն որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլայ։ Եթէ այդ ժամանակ ապրելու արժանի եղողներէն մէկը ըլլաք, կրնաք վստահ ըլլալ որ ձեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը ձեզմով ու ձեր ընտանիքով պիտի հետաքրքրուի։ «Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները»։—Սաղմոս 37։4
Կատարեալ կեանքը պարզ երազ մը չէ։ Մարդկութեան նկատմամբ Եհովայի նպատակը լիովին պիտի իրագործուի։ Դուք եւ ձեր ընտանիքը կրնաք անոնց մէջ ըլլալ որոնք մարդկային կատարելութեան պիտի հասնին եւ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան պիտի ապրին։ Աստուածաշունչը կը նախագուշակէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։29
[Նկար՝ էջ 6]
Մենք մեզ եւ ուրիշները ի՛նչպէս նկատելու կերպը կրնանք բարելաւել, խուսափելով կատարելապաշտութենէ կամ չափազանց բծախնդրութենէ
[Նկար՝ էջ 7]
Ինչո՞ւ չերեւակայէք որ արդէն Դրախտին մէջ խաղաղ եւ արդար պայմաններ կը վայելէք