Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Եհովայի Վկաները արիւնէ քաղուած բժշկական որեւէ արտադրութիւն կ’ընդունի՞ն։

Հիմնական պատասխանը այն է որ Եհովայի Վկաները արիւն չեն ընդունիր։ Մենք հաստատօրէն կը հաւատանք որ արիւնի մասին Աստուծոյ օրէնքը յարափոփոխ կարծիքներու յարմարելու ենթակայ եղող կանոն մը չէ։ Սակայն, նոր հարցեր կը յարուցուին, քանի որ այժմ՝ արիւնէն չորս գլխաւոր բաղադրիչներ կարելի է մշակել։ Այսպիսի բաղադրիչներ ընդունելու որոշում տալէ առաջ, Քրիստոնեայ մը բժշկական հաւանական օգուտներէն կամ վնասներէն անդին պէտք է նայի։ Ինք հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ թէ այդ մասին Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ եւ թէ անիկա ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Ամենակալ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան վրայ։

Գլխաւոր հարցերը բաւական պարզ են։ Ինչու այսպէս ըլլալը տեսնելու համար, սուրբ գրային, պատմական եւ բժշկական ենթահողը նկատի առնենք։

Եհովա Աստուած բոլորիս նահապետը եղող Նոյի ըսաւ որ արիւնը մասնայատուկ նկատողութեան արժանի բան մըն է։ (Ծննդոց 9։3, 4) Հետագային, Իսրայէլի տուած Աստուծոյ օրէնքները արեան սրբութիւնը արտացոլացուցին. «Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ոեւէ արիւն ուտելու ըլլայ, ես այն արիւն ուտող անձին դէմ պիտի ըլլամ»։ Աստուծոյ օրէնքը անտեսելով, Իսրայելացի մը ուրիշները կրնար վարակել. ուստի Աստուած աւելցուց՝ «զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն [պիտի] կորսնցնեմ»։ (Ղեւտացւոց 17։10) Հետագային, Երուսաղէմի մէջ ժողով մը գումարելով, առաքեալները եւ երէցները վճիռ արձակեցին որ ‘ետ պէտք է կենանք արիւնէ’։ Ասիկա նոյնքան կենսական էր որքան անբարոյութենէ եւ կռապաշտութենէ ետ կենալը։—Գործք 15։28, 29

Այն ատեն արիւնէ ‘ետ կենալը’ ի՞նչ պիտի նշանակէր։ Քրիստոնեաները արիւն չէին ուտեր, ո՛չ թարմ եւ ոչ սառած. ոչ ալ արիւնը չթափուած անասունի մը միսը կ’ուտէին։ Արգիլուած էին նաեւ այն ուտելիքները, որոնց մէջ արիւն խառնուած էր, ինչպէս՝ արիւնով լեցուն երշիկներ։ Այսպիսի որեւէ կերպով արիւն ստանալը Աստուծոյ օրէնքը բռնաբարել պիտի նշանակէր։—Ա. Թագաւորաց 14։32, 33

Տերտուղիանոսի (Հ.Դ. երկրորդ եւ երրորդ դարէն) գրութիւններէն կրնանք տեսնել որ անցեալին մարդոց մեծամասնութեան համար արիւն ուտելը խնդիր չէր։ Քրիստոնեաները որպէս արիւն ուտողներ դատապարտող սուտ ամբաստանութիւններու պատասխանելով, Տերտուղիանոս կը յիշէր ցեղախումբեր, որոնք արիւնը համտեսելով կը կնքէին դաշինքները։ Ան նաեւ նշեց թէ «երբ կրկէսի մէջ ցուցահանդէսներ կ’ըլլային, [ոմանք] անյագօրէն յանցաւորին թարմ արիւնը կը ծծէին . . . իրենց լուսնոտութենէն բուժուելու համար»։

Քրիստոնեաներուն աչքին սխալ էին այսպիսի սովորութիւններ (նոյնիսկ երբ կարգ մը Հռովմէացիներ առողջութեան համար կ’ընէին զանոնք)։ Տերտուղիանոս գրեց. «Մենք նոյնիսկ անասուններու արիւնը չենք խառներ մեր բնական ուտելիքներուն մէջ»։ Հռովմէացիները արիւն պարունակող ճաշերով Քրիստոնեաներուն ուղղամտութիւնը կը փորձէին։ Տերտուղիանոս աւելցուց. «Հիմա ձեզի հարց կու տամ, երբ վստահ էք որ [Քրիստոնեաները] անասունի արիւնէն կը պժգան, ի՞նչպէս կրնաք ենթադրել որ անոնք մարդկային արեան ծարաւ են»։

Ներկայիս, ոմանք կրնան խորհիլ որ Ամենակալ Աստուծոյ օրէնքը հարցի տակ պէտք է դրուի, երբ բժիշկ մը թելադրէ արիւն առնել։ Եհովայի Վկաները ողջ մնալու փափաք ունենալով հանդերձ, արիւնի մասին Աստուծոյ օրէնքին հնազանդելու պարտաւոր կը զգան։ Բժշկական ներկայ վարժութիւններու լոյսին տակ, ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

Երբ ամբողջ արեան ներարկումները սովորական դարձան Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Եհովայի Վկաները տեսան որ ասիկա Աստուծոյ օրէնքին հակառակ էր, եւ մենք տակաւին ասոր կը հաւատանք։ Բայց բժշկութիւնը ժամանակի ընթացքին փոխուած է։ Ներկայիս յաճախ ամբողջ արիւնը չեն ներարկեր, հապա անոր գլխաւոր բաղադրիչները. (1) կարմիր գնդիկներ, (2) ճերմակ գնդիկներ, (3) թիթեղիկներ, (4) պլազմա (սերոմ), հեղուկ մասը։ Հիւանդին վիճակին համաձայն, բժիշկները կրնան պատուիրել կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ, թիթեղիկներ կամ պլազմա։ Այս գլխաւոր բաղադրիչներուն ներարկումը առիթ կու տայ որ արեան միաւոր մը քանի մը հիւանդներու մէջ բաժնուի։ Եհովայի Վկաները կը համարեն որ ամբողջական արիւնը, կամ այս չորս գլխաւոր բաղադրիչներէն որեւէ մէկը ընդունիլը Աստուծոյ օրէնքը կը բեկանէ։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այս կեցուածքը բռնելը յատկանշականօրէն պաշտպանած է զիրենք շատ մը վտանգներէ, մէջը ըլլալով լերդախտի ու ԷՅՏԾ–ի (ԱԴԱ) նման հիւանդութիւններէ, որոնք արիւնով կրնան փոխանցուիլ։

Սակայն, քանի որ արիւնը կրնայ այդ նախնական բաղադրիչներէն աւելի մշակումի ենթարկուիլ, հետեւաբար արեան գլխաւոր բաղադրիչներէն քաղուած մասնիկներուն մասին հարցեր կը յարուցուին։ Այդ մասնիկները ի՞նչպէս կը գործածուին եւ Քրիստոնեայ մը ի՞նչ բան նկատի պէտք է առնէ երբ այս մասին որոշում մը կու տայ։

Արիւնը բարդ բաղադրութիւն ունի։ Նոյնիսկ պլազման, որու 90 տոկոսը ջուր է, իր մէջ ունի մեծ թիւով հորմոններ, անօրգանական աղեր, ներխմորներ եւ սնուցիչներ, մէջը ըլլալով հանքային նիւթեր եւ շաքար։ Պլազման նաեւ կը փոխադրէ ալպումին–ի նման բնասպիտներ, մակարդման գործօններ եւ հիւանդութիւններու դէմ պայքարող հակամարմիններ։ Մասնագէտներ պլազմայի շատ մը բնասպիտները կը մեկուսացնեն եւ կը գործածեն։ Օրինակ, մակարդման VIII գործօնը տրուած է հէմոֆիլիա ունեցողներուն, որոնք դիւրաւ արիւնահոսութիւն կ’ունենան։ Կամ՝ եթէ անհատ մը կարգ մը հիւանդութիւններու ազդեցութեան ենթարկուած է, բժիշկները կրնան նշանակել արեան կամա գնդկիններու (gamma globulin) սրսկումներ, քաղուած՝ արդէն ախտազերծութիւն ունեցող մարդոց արեան պլազմայէն։ Պլազմայի ուրիշ բնասպիտներ բժշկականօրէն կը գործածուին, սակայն վերոյիշեալը ցոյց կու տայ թէ արեան նախնական բաղադրիչ մը (պլազման) ի՛նչպէս կրնայ մշակուիլ տարբեր մասնիկները ձեռք ձգելու համար։ *

Ճիշդ ինչպէս որ արեան պլազման կրնայ այլազան տարբաղադրութեան աղբիւր մը ըլլալ, արեան միւս գլխաւոր բաղադրիչներն ալ (կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ, թիթեղիկներ) կրնան մշակուիլ աւելի փոքր մասերը առանձնացնելու համար։ Օրինակ, ճերմակ գնդիկները կրնան ինթէրֆէրոն–ներու եւ ինթէրլուգին–ներու աղբիւր մը ըլլալ, ախտային վարակումներ եւ խլիրդը դարմանելու համար։ Թիթեղիկները կրնան գործածուիլ վէրք բուժող գործօն մը քաղելու համար։ Իսկ ուրիշ դեղեր ալ պատրաստուած են, որոնք (առնուազն սկիզբը) արեան բաղադրիչներէն քաղուած են։ Այսպիսի դարմաններ գլխաւոր բաղադրիչներու ներարկում չէ. անոնք սովորաբար անոնց որոշ մասերը կամ մասնիկները կը պարունակեն։ Քրիստոնեայ մը բժշկական դարմանի մը մէջ այս մասնիկները պէ՞տք է ընդունի։ Մենք չենք կրնար ըսել։ Աստուածաշունչը մանրամասնութիւններ չի տար, ուստի իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ անհատապէս Աստուծոյ առջեւ խղճամիտ որոշում պէտք է տայ։

Ոմանք արիւնէ քաղուած որեւէ բան կը մերժեն (նոյնիսկ մասնիկներ, որոնք ժամանակաւորապէս կրաւորական ախտազերծութիւն կը հայթայթեն)։ Անոնք այս կերպով կը հասկնան ‘արիւնէ ետ կենալու’ Աստուծոյ պատուէրը։ Անոնք կը խորհին թէ Իսրայէլի տուած իր օրէնքը կը պահանջէր որ արարածներէն հանուած արիւնը ‘գետինը թափուէր’։ (Բ. Օրինաց 12։22-24) Ասիկա ինչո՞ւ պատշաճ է։ Քանի որ կամա գնդկինները, արիւնէ քաղուած մակարդման գործօնները եւ ուրիշներ, ձեռք ձգելու համար անհրաժեշտ է արիւնը հաւաքել ու մշակել։ Հետեւաբար, կարգ մը Քրիստոնեաներ կը մերժեն այս արտադրութիւնները, ճիշդ ինչպէս որ կը մերժեն ամբողջ արեան կամ անոր չորս գլխաւոր բաղադրիչներու ներարկումը։ Անոնց անկեղծ եւ խղճամիտ կեցուածքը պէտք է յարգել։

Քրիստոնեաներէն ոմանք տարբեր որոշում կու տան։ Անոնք ալ կը մերժեն ամբողջ արեան, կարմիր գնդիկներու, ճերմակ գնդիկներու, թիթեղիկներու, կամ պլազմայի ներարկումները։ Բայց թերեւս կ’ընդունին որ բժիշկը զիրենք դարմանէ արեան գլխաւոր բաղադրիչներէ քաղուած մասնիկներով։ Նոյնիսկ ասոր մէջ տարբերակներ կրնան ըլլալ։ Քրիստոնեայ մը կրնայ ընդունիլ կամա գնդկինները, բայց կրնայ ընդունիլ կամ չընդունիլ կարմիր կամ ճերմակ գնդիկներէ քաղուած բան մը։ Սակայն ընդհանուր առմամբ, ի՞նչ բան կ’առաջնորդէ որ կարգ մը Քրիստոնեաներ այն եզրակացութեան գան որ կրնան արեան մասնիկներ ընդունիլ։

1 Յունիս 1990–ի Դիտարան–ի «Հարցումներ Ընթերցողներէն» բաժնին մէջ (Անգլերէն) նշուած էր որ պլազմայի բնասպիտները (մասնիկները) յղի կնոջ մը արիւնէն կ’անցնին իր սաղմին անջատ եղող արեան դրութեան մէջ։ Այս կերպով մայրը իր երախային կը փոխանցէ ախտազերծող գնդկիններ (immunoglobulins), թանկարժէք ախտազերծութիւն հայթայթելով։ Անջատաբար, երբ սաղմին կարմիր գնդիկները իրենց բնականոն կեանքի ընթացքը ամբողջացնեն, իրենց թթուածին–կրող մասը կը տարրալուծուի։ Անոր մէկ մասը կ’ըլլայ բիլիրուպին, որ տղընկերը ճեղքելով մօրը կ’անցնի եւ անոր մարմնին կեղտին կամ մէզին հետ դուրս կ’ելլէ։ Կարգ մը Քրիստոնեաներ կրնան եզրակացնել թէ քանի որ արեան մասնիկներ կրնան ուրիշ անհատի մը անցնիլ այսպիսի բնականոն պայմաններու մէջ, ուրեմն արեան պլազմայէն կամ գնդիկներէն քաղուած արեան մասնիկ մը կրնան ընդունիլ։

Քանի որ կարծիքները եւ խղճամիտ որոշումները կրնան տարբերիլ, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ հարցը էական չէ։ Ո՛չ. ասիկա լուրջ հարց է։ Բայց շատ պարզ ալ է։ Վերոյիշեալ նիւթը ցոյց կու տայ որ Եհովայի Վկաները կը մերժեն թէ՛ ամբողջ արեան, եւ թէ անոր գլխաւոր բաղադրիչներու ներարկումը։ Աստուածաշունչը կ’ուղղէ Քրիստոնեաները որ ‘ետ կենան կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու պոռնկութենէ’։ (Գործք 15։29) Անկէ անդին, երբ հարցը գլխաւոր բաղադրիչներու որեւէ մասնիկին գայ, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ լաւ կերպով եւ աղօթքով խորհրդածելէ ետք, ինք իր անձին համար խղճամիտ որոշում մը պէտք է տայ։

Շատեր սիրայօժար կերպով կ’ընդունին որեւէ դարման որ անմիջական օգուտ կը մատուցանէ, նոյնիսկ դարման մը, որ առողջապահական վտանգներ կը պարունակէ, ինչ որ է արիւնէ քաղուած արտադրութեանց պարագան։ Անկեղծ Քրիստոնեան կը ջանայ աւելի լայն եւ աւելի հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալ, որ զուտ ֆիզիքական երեւոյթէն անդին կ’երթայ։ Եհովայի Վկաները կը գնահատեն բժշկական որակաւոր խնամք հայթայթելու համար թափուած ջանքերը, եւ որեւէ դարմանի վտանգ/օգուտ համեմատութիւնը կը կշռեն։ Սակայն երբ հարցը արիւնէ քաղուած արտադրութիւններուն գայ, անոնք ուշադրութեամբ կը կշռեն Աստուծոյ ըսածը եւ մեր Կենսատուին հետ իրենց ունեցած անձնական յարաբերութիւնը։—Սաղմոս 36։9

Քրիստոնեայի մը համար որքա՜ն մեծ օրհնութիւն մըն է ունենալ այնպիսի վստահութիւն մը, որ ունէր սաղմոսերգուն, որ գրեց. «Տէր Աստուածը արեւ ու վահան է. Տէրը շնորհք ու փառք պիտի տայ։ Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն։ Ո՛վ . . . Տէր, երանելի՜ է քեզի յուսացող մարդը»։—Սաղմոս 84։11, 12

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Տեսնել՝ 15 Յունիս 1978, եւ 1 Հոկտեմբեր 1994–ի Դիտարան–ին «Հարցումներ Ընթերցողներէն» բաժինը (Անգլերէն)։ Դեղագործական հաստատութիւններ մշակած են վերաբաղադրիչ արտադրութիւններ, որոնք արիւնէ քաղուած չեն եւ կարելի է զանոնք նշանակել անցեալին գործածուած արեան կարգ մը մասնիկներուն տեղ։

[Շրջանակ՝ էջ 30]

ԲԺԻՇԿԻՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ՝ ԹԵԼԱԴՐՈՒԱԾ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Եթէ վիրաբուժութեան կամ արեան արտադրութիւն պարփակող դարմանի մը հետ դէմ յանդիման գտնուիք, հարցուցէք.

Խնդրոյ առարկայ բժշկական ամբողջ անձնակազմը գիտէ՞ թէ որպէս Եհովայի Վկայ, ես պատուիրած եմ որ որեւէ պարագայի ներքեւ ինծի արեան որեւէ ներարկում (ամբողջ արիւն, կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ, թիթեղիկներ կամ արեան պլազմա) չտրուի։

Եթէ արեան պլազմայէն, կարմիր կամ ճերմակ գնդիկներէն կամ թիթեղիկներէն պատրաստուած որեւէ դեղ պիտի տրուի, հարցուցէք.

Արդեօք դեղը արեան չորս գլխաւոր բաղադրիչներէն որեւէ մէկը մշակուելո՞վ պատրաստուած է։ Եթէ այո, կրնա՞ք անոր բաղադրութիւնը բացատրել։

Արիւնէ քաղուած այս դեղը ո՞րքան պիտի տրուի եւ ի՛նչ կերպով։

Եթէ խիղճս ներէ այս մասնիկը ընդունիլ, բժշկական ի՞նչ վտանգներ կան։

Եթէ խիղճս թոյլ չտայ այս մասնիկը ընդունիլ, ուրիշ ի՞նչ դեղ կրնայ գործածուիլ։

Այս հարցը աւելի խոր կերպով նկատի առնելէ ետք, ե՞րբ կրնամ ձեզի գիտցնել իմ որոշումս։