Ձեր չտեսած բանին կրնա՞ք հաւատալ
Ձեր չտեսած բանին կրնա՞ք հաւատալ
ԵՐԲ անհատ մը ըսէ՝ ‘Ես կը հաւատամ միայն այն բանին որ կրնամ տեսնել’, ան իրապաշտօրէն չի խօսիր։ Իրականութեան մէջ, բոլորս ալ կը հաւատանք բաներու, զորս չենք կրնար տեսնել։
Օրինակի համար, կրնայ ըլլալ որ դպրոցին մէջ գիտափորձ մը ըրած էք, փաստելու համար թէ մագնիսական դաշտ մը գոյութիւն ունի։ Այդ գիտափորձը հետեւեալ կերպով կրնայ ըլլալ. Թուղթի մը վրայ երկաթի մասնիկներ սրսկեցէք։ Ապա թուղթը մագնիսի մը վրայ դրէք։ Երբ թուղթը թրթռայ, կախարդական կերպով՝ երկաթէ մասնիկները կը
հաւաքուին մագնիսին բեւեռներուն մօտ եւ մագնիսական դաշտին ձեւը կ’առնեն։ Եթէ ասիկա ընէք, իրապէս կրնա՞ք տեսնել մագնիսական դաշտը։ Ո՛չ, սակայն երկաթէ մասնիկներուն վրայ անոր ձգած ազդեցութիւնը յստակօրէն կը տեսնուի, համոզիչ կերպով ձեզի ապացուցանելով թէ մագնիսականութիւն գոյութիւն ունի։Առանց հարցեր տալու, կ’ընդունինք ուրիշ բաներ զորս չենք տեսներ։ Երբ գեղեցիկ նկարչութիւն մը կամ գրաւիչ արձան մը դիտենք, չենք կասկածիր որ անիկա նկարիչ կամ քանդակագործ մը ունեցած է։ Հետեւաբար երբ ջրվէժ մը, կամ արեւնամուտ մը կը դիտենք, պէտք չէ՞ մղուինք նկատի առնելու այն հաւանականութիւնը, թէ անոնք Մեծ Արուեստագէտի կամ Քանդակագործի մը գործերն են։
Ինչո՞ւ Ոմանք Չեն Հաւատար
Ծիծաղելին այն է որ ոմանք եկեղեցիին մէջ իրենց սորված բաներուն պատճառաւ Աստուծոյ հաւատալէ դադրած են։ Այս էր պարագան Նորվեկիացի մարդու մը, որու ըսուած էր թէ Աստուած չարերը կրակոտ դժոխքի մը մէջ կ’այրէ։ Մարդը չէր կրնար ըմբռնել թէ ի՛նչպիսի Աստուած մը կրնար մարդիկը այս կերպով չարչարել. հետեւաբար, ան անաստուած մը դարձաւ։
Սակայն, հետագային, մարդը համաձայնեցաւ Եհովայի Վկայի մը օգնութեամբ Աստուածաշունչը հետազօտել։ Ան սքանչացաւ, երբ գիտցաւ որ Աստուածաշունչը չի սորվեցներ որ չարերը կրակոտ դժոխքի մը մէջ կը չարչարուին։ Աստուածաշունչը մահը քունի կը նմանցնէ։ Գերեզմանին մէջ ցաւ չենք զգար. որեւէ գիտակցութիւն չենք ունենար։ (Ժողովողի 9։5, 10) Այս անհատը նաեւ սորվեցաւ թէ այն մարդիկը որոնք Աստուած կը դատէ որպէս անսրբագրելի ամբարիշտներ, յաւիտեան գերեզմանին մէջ պիտի մնան։ (Մատթէոս 12։31, 32) Մնացեալ մեռելները Աստուծոյ որոշած ժամանակին յարութիւն պիտի առնեն, դրախտային պայմաններու ներքեւ յաւիտենական կեանք ստանալու հեռանկարով։ (Յովհաննու 5։28, 29. 17։3) Այս բացատրութիւնը իմաստալից թուեցաւ անոր։ Անիկա ներդաշնակ էր Աստուածաշունչի ըսածին հետ, թէ՝ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Այս անկեղծ մարդը շարունակեց Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել եւ ժամանակի ընթացքին, Աստուածաշունչին Աստուածը սիրեց։
Ուրիշներ սիրալիր Ստեղծիչի մը գոյութիւնը կը մերժեն, չափազանց նեղութիւն ու անիրաւութիւն ըլլալուն պատճառաւ։ Անոնք համաձայն են Շուէտացի այն մարդուն հետ որ անգամ մը երկինքը ցոյց տալով ըսաւ. «Ի՞նչպէս կարելի է որ վե՛րը ամենազօր, առատաձեռն Աստուած մը գոյութիւն ունենայ, երբ հո՛ս այսքան շատ ապականութիւն եւ ամբարշտութիւն կայ»։ Քանի որ ոեւէ մէկը չկրցաւ պատասխանել իր հարցումին, ան անաստուած մը դարձաւ։ Հետագային ան սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Սորվեցաւ թէ Աստուծոյ Խօսքը գոհացուցիչ պատասխան մը կը հայթայթէ հետեւեալ դարաւոր *
հարցումին՝ Աստուած ինչո՞ւ թոյլատրած է չարիքը։Այս անկեղծ մարդը սորվեցաւ թէ չարութեան գոյութիւնը ինքնին չի փաստեր թէ Աստուած գոյութիւն չունի։ Բացատրենք. Անհատ մը կրնայ դանակ մը շինել, միս կտրելու համար։ Յաճախորդ մը կրնայ դանակը գնել եւ զայն գործածել, ոչ թէ միս կտրելու այլ՝ ոճիր գործելու համար։ Դանակին սխալ գործածութիւնը որեւէ կերպով չի փաստեր թէ անիկա շինող մը չունի։ Նմանապէս, եթէ երկիրը չէ գործածուած այն նպատակին համաձայն որու համար մտադրուած էր, չի նշանակեր թէ անիկա Ստեղծիչ մը չունի։
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Աստուծոյ գործը կատարեալ է։ Ան «անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Աստուած մարդոց բարի պարգեւներ կու տայ, սակայն պարգեւներէն ոմանք սխալ գործածուած են, անպատմելի տառապանք պատճառելով։ (Յակոբու 1։17) Սակայն, Աստուած տառապանքին վերջ պիտի դնէ։ Անկէ ետք, «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը . . . ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։11, 29
Նախապէս յիշուած Շուէտացի մարդը, կը յուզուէր տեսնելով իր ընկեր արարածներուն տառապանքը։ Իրապէս, ուրիշներուն հանդէպ իր ունեցած կարեկցութիւնը Աստուծոյ գոյութիւնը կը հաստատէ։ Ի՞նչպէս։
Մարդոց մեծամասնութեան համար, Աստուծոյ հաւատալուն միակ փոխընտրութիւնը բարեշրջութիւնն է։ Բարեշրջութեան ջատագովները կը սորվեցնեն «յարմարագոյնին վերապրումը», թէ՝ մարդիկ ու անասուններ իրենց տեսակներուն միջեւ կը մրցին որպէսզի կարենան ապրիլ։ Յարմարագոյնը կ’ապրի. ամենէն տկարը կը մեռնի։ Անոնք կ’ըսեն թէ ասիկա իրերու բնական դրոյթն է։ Սակայն եթէ զօրաւորը մնալու համար տկարին մեռնիլը «բնական» բան մըն է, ի՞նչպէս կրնանք բացատրել այն իրողութիւնը թէ՝ զօրաւոր մարդոցմէ ոմանք, Շուէտացի մարդուն նման, կը զգացուին երբ տեսնեն ընկեր արարածներուն տառապանքը։
Աստուած Ճանչնալ
Չենք կրնար Աստուած տեսնել, քանի որ ան մարդկային կերպարանք չունի։ Սակայն, Աստուած կ’ուզէ որ զինք ճանչնանք։ Իրեն ծանօթանալու կերպերէն մէկն է իր արտակարգ գործերը քննել՝ ստեղծագործութեան «նկարչութիւնները» եւ «քանդակները»։ Հռովմայեցիս 1։20–ին մէջ (Երուսաղէմ), Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ի սկզբանէ աշխարհի, Աստուծոյ աներեւոյթ յատկութիւնները, այսինքն անոր մշտնջենաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ աստուածութիւնը իմանալի կերպով տեսանելի են անոր ստեղծածներուն մէջ»։ Այո, ճիշդ ինչպէս որ նկարչութիւն մը կամ քանդակ մը ուսումնասիրելը կրնայ օգնել որ արուեստագէտին անձնաւորութեան խորը թափանցէք, Աստուծոյ սքանչելի գործերուն մասին խոկալը կրնայ օգնել որ իր անձնաւորութեան աւելի ծանօթանաք։
Անշուշտ, պարզապէս Աստուծոյ ստեղծագործութիւններուն նայելով, չենք կրնար կեանքի բոլոր մտահոգիչ հարցումներուն պատասխանել։ Սակայն, կրնանք այդպիսի հարցումներուն պատասխաններ գտնել, Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը քննելով։ Աստուածաշունչը լայնախոհութեամբ կարդալով է որ նախապէս յիշուած երկու անհատները այն եզրակացութեան եկան, թէ Աստուած գոյութիւն ունի՛ եւ թէ մեզի պատահած բաներուն նկատմամբ անտարբեր չէ։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 8 Աստուծոյ կողմէ չարութեան թոյլտուութեան պատճառներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հաճեցէք տեսնել՝ Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ գրքին 10–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 28]
J. Hester and P. Scowen (AZ State Univ.), NASA