Պատուեցէք ձեր վրայ հեղինակութիւն ունեցողները
Պատուեցէք ձեր վրայ հեղինակութիւն ունեցողները
«Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէ՛ք. թագաւորը յարգեցէ՛ք»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 2։17
1, 2. Ներկայիս մարդիկ ի՞նչպէս կը նկատեն հեղինակութիւնը։ Ինչո՞ւ։
«ԵՐԱԽԱՆԵՐԸ ամէ՛ն իրաւունք ունին։ Ծնողներու հանդէպ յարգանք չկայ», կ’ողբայ մայր մը։ «Հեղինակութիւնը Վիճելի Համարեցէք», կ’ըսէ ինքնաշարժի վրայ փակցուելիք ցուցագիր մը։ Ահաւասիկ, միայն երկու կշռադատում ներկայիս տիրող կացութեան մասին, որմէ անտեղեակ ըլլալու չէք։ Ծնողներու, ուսուցիչներու, գործատէրերու եւ կառավարական պաշտօնեաներու հանդէպ յարգանքի ընդհանուր նուազումը սովորական բան մըն է համայն աշխարհի մէջ։
2 Ոմանք պարզապէս իրենց ուսը կը թօթուեն ու կ’ըսեն. ‘Հեղինակութեան դիրքի վրայ եղողները յարգանքիս արժանի չեն’։ Երբեմն, ասիկա չենք կրնար ժխտել։ Անդադար կը լսենք կառավարական փտած պաշտօնեաներու, ագահ գործատէրերու, անատակ ուսուցիչներու եւ անգութ ծնողներու մասին։ Բարեբախտաբար, հազուադէպօրէն Քրիստոնեաներ նոյն աչքով կը դիտեն ժողովքին մէջ եղող հեղինակաւոր անհատները։—Մատթէոս 24։45-47
3, 4. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է յարգեն հեղինակաւոր դիրքերու վրայ եղողները։
3 Որպէս Քրիստոնեաներ, մենք գիտենք թէ աշխարհիկ հեղինակաւոր անհատները «պէտք է» յարգենք։ Պօղոս առաքեալ խրատ տուաւ Քրիստոնեաներուն, ըսելով. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են»։ (Հռովմայեցիս 13։1, 2, 5. Ա. Պետրոս 2։13-15) Պօղոս ընտանիքին մէջ հեղինակութիւնները յարգելու համար ալ վաւերական պատճառ մը տուաւ. «Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով։ Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի»։ (Կողոսացիս 3։18, 20) Ժողովքի երէցները արժանի են յարգուելու, քանի որ ‘Սուրբ Հոգին զիրենք տեսուչ դրած է Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու’ համար։ (Գործք 20։28) Եհովայի հանդէպ յարգանքէ մղուած է որ մենք մարդկային հեղինակութիւնները կը յարգենք։ Բնական է որ Եհովայի հեղինակութիւնը յարգելը միշտ առաջին տեղը կու գայ մեր կեանքին մէջ։—Գործք 5։29
4 Եհովայի գերագոյն հեղինակութիւնը ի մտի ունենալով, հիմա նկատի առնենք կարգ մը անհատներ, որոնք հեղինակութեան վրայ եղողները չյարգեցին, իսկ ուրիշներ՝ որոնք յարգեցին։
Անյարգալից Ըլլալը Տհաճութեան կ’Առաջնորդէ
5. Մեղքող ի՞նչ անյարգալից կեցուածք մը ցոյց տուաւ Դաւիթի հանդէպ եւ ասիկա ի՞նչ բանի առաջնորդեց։
5 Դաւիթ Թագաւորի պատմութենէն կրնանք տեսնել թէ Եհովա ի՛նչպէս կը նկատէ անոնք որ աստուածատուր հեղինակութիւնը կ’անարգեն։ Երբ Դաւիթ ուխտի տապանակը Երուսաղէմ բերել տուաւ, իր կինը՝ Մեղքող «տեսաւ որ Դաւիթ թագաւորը Տէրոջը առջեւ ցատկռտելով կը խաղայ, ուստի զանիկա իր սրտին մէջ անարգեց»։ Մեղքող Դաւիթը պէտք էր նկատէր ո՛չ միայն որպէս ընտանիքի գլուխը, այլ նաեւ՝ որպէս երկրին թագաւորը։ Սակայն, ան իր զգացումները հեգնանքով արտայայտեց. «Իսրայէլի թագաւորը այսօր Բ. Թագաւորաց 6։14-23
ի՜նչ փառաւոր էր, երբ իր ծառաներուն եւ աղախիններուն առջեւ ինքզինք մերկացուց՝ ինչպէս սրիկաներէն մէկը ինքզինք կը մերկացնէ»։ Ասոր որպէս հետեւանք, Մեղքող բնաւ զաւակ չունեցաւ։—6. Եհովա ի՞նչպէս նկատեց Իր օծեալներուն հանդէպ Կորխի անյարգալից կեցուածքը։
6 Աստուծոյ կողմէ նշանակուած աստուածպետական առաջնորդութիւն չյարգելու վատահամբաւ մէկ օրինակն էր Կորխ։ Որպէս Կահաթացի մը, տաղաւարին մէջ Եհովայի ծառայելու ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մը ունէր։ Այսուհանդերձ, Իսրայելացիներուն վրայ Աստուծոյ նշանակած առաջնորդներուն՝ Մովսէսի ու Ահարոնի վրայ յանցանք գտաւ։ Կորխ եւ Իսրայէլի ուրիշ գլխաւորներ միացան ու անամօթաբար ըսին Մովսէսի ու Ահարոնի. «Բոլոր ժողովուրդը ամէնքն ալ սուրբ են եւ Տէրը անոնց մէջ է եւ ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ դուք ձեզ կը բարձրացնէք»։ Եհովա ի՞նչպէս նկատեց Կորխի ու անոր համակիրներուն կեցուածքը։ Եհովա զայն նկատեց որպէս ուղղակի իրեն դէմ եղած անարգանք։ Գետինը բացուելով իրենց բոլոր համակիրներուն կլլուիլը տեսնելէ ետք, Կորխ եւ 250 գլխաւորները Եհովայէ եկած կրակով մը սպառեցան։—Թուոց 16։1-3, 28-35
7. «Գերընտիր առաքեալներ»ը Պօղոսը քննադատելու որեւէ պատճառ ունէի՞ն։
7 Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ, կային անհատներ, որոնք աստուածպետական հեղինակութիւնը անարգեցին։ Կորնթոսի ժողովքին մէջի «երեւելի [«գերընտիր», Տրապիզոն] առաքեալներ»ը Պօղոսը կը նախատէին։ Անոնք կը քննադատէին անոր խօսելու կարողութիւնը, ըսելով. «Անոր մարմնին երեւոյթը տկար է ու խօսքը՝ անարգ»։ (Բ. Կորնթացիս 10։10. 11։5) Պօղոս կարկառուն դասախօս մը ըլլար կամ ոչ, որպէս առաքեալ յարգանքի արժանի էր։ Բայց Պօղոսի խօսակցութիւնը արդեօք իրապէս արհամարհելի՞ էր։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած իր հանրային ճառերը կ’ապացուցանեն թէ ինք ո՛րքան համոզիչ դասախօս մըն էր։ ‘Հրեաներուն բոլոր խնդիրները աղէկ գիտցող’ Հերովդէս Ագրիպպաս Բ.–ի հետ ունեցած կարճ զրոյցէ մը ետք, թագաւորը պարտադրուեցաւ Պօղոսի ըսել. «Քիչ մնաց որ զիս համոզես Քրիստոնեայ ըլլալու»։ (Գործք 13։15-43. 17։22-34. 26։1-28) Հակառակ ասոր, Կորնթոսի «գերընտիր առաքեալներ»ը զինք ամբաստանեցին որպէս իր խօսքերուն մէջ անարգ մէկը։ Եհովա ի՞նչպէս նկատեց իրենց կեցուածքը։ Եփեսոսի ժողովքի տեսուչներուն տուած պատգամի մը մէջ, Յիսուս Քրիստոս նպաստաւոր կերպով խօսեցաւ անոնց մասին, որոնք չմոլորեցան անոնց կողմէ, որոնք «կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն»։—Յայտնութիւն 2։2
Անկատար Ըլլալով Հանդերձ՝ Յարգել
8. Դաւիթ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ ինք կը յարգէր այն հեղինակութիւնը զոր Եհովա Սաւուղի տուած էր։
8 Աստուածաշունչին մէջ շատ անհատներու օրինակներ ունինք, որոնք հեղինակութեան վրայ եղողները յարգեցին, նոյնիսկ երբ անոնք իրենց հեղինակութիւնը սխալ կամ չարաչար գործածեցին։ Այդ գեղեցիկ օրինակներէն մէկն է Դաւիթ։ Սաւուղ Թագաւոր՝ որու ձեռքին տակ կը ծառայէր՝ Դաւիթի իրագործումներուն նախանձեցաւ եւ փորձեց սպաննել զինք։ (Ա. Թագաւորաց 18։8-12. 19։9-11. 23։26) Բայց զինք սպաննելու պատեհութիւն ունենալով հանդերձ, Դաւիթ ըսաւ. «Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ»։ (Ա. Թագաւորաց 24։4-7. 26։7-13) Դաւիթ գիտէր որ Սաւուղ յանցաւոր էր, բայց ձգեց որ Եհովան դատէ զինք։ (Ա. Թագաւորաց 24։12, 15. 26։22-24) Ան իր մասին կամ իրեն հետ անարգանքով չխօսեցաւ։
9. (ա) Երբ Դաւիթ Սաւուղի պատճառաւ նեղութեան մէջ էր, ի՞նչպէս զգաց։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք ըսել որ Սաւուղի հանդէպ Դաւիթի յարգանքը անկեղծ էր։
9 Դաւիթ ընկճուեցա՞ւ իրեն հանդէպ եղած այս վատ վերաբերմունքին համար։ «Բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս», աղաղակեց Դաւիթ։ (Սաղմոս 54։3) Ան իր սիրտը թափեց Եհովայի առջեւ. «Թշնամիներէս զիս փրկէ՛, ո՛վ իմ Աստուածս. . . . Զօրաւոր մարդիկ իմ վրաս հաւաքուեցան։ Ո՛չ թէ մեղքիս ու յանցանքիս համար, ո՛վ Տէր։ Մեղք չունեցած ատենս ալ վրաս վազեցին ու պատրաստուեցան. արթնցի՛ր, զիս դիմաւորէ՛ եւ նայէ՛»։ (Սաղմոս 59։1-4) Պատահա՞ծ է որ դուք ալ այսպէս զգաք. հեղինակաւոր անհատի մը դէմ յանցանք մը չէք գործած, եւ սակայն ան ձեզ կը նեղէ։ Դաւիթ՝ Սաւուղի հանդէպ յարգանք ցոյց տալու մէջ չթերացաւ։ Սաւուղի մահուան վրայ փոխանակ ցնծալու, Դաւիթ ողբ մը գրեց. «Սաւուղ ու Յովնաթան իրենց կենդանութեան ատենը շատ սիրելի ու հաճելի . . . Արծիւներէն աւելի թեթեւաշարժ ու առիւծներէն աւելի զօրաւոր էին։ Ո՛վ Իսրայէլի աղջիկներ, լացէ՛ք Սաւուղին համար»։ (Բ. Թագաւորաց 1։23, 24) Եհովայի օծեալին հանդէպ անկեղծ յարգանքի ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը, հակառակ անոր որ Դաւիթ զուր տեղ տառապեցաւ Սաւուղի երեսէն։
10. Պօղոս կառավարիչ մարմինին աստուածատուր հեղինակութիւնը յարգելով ի՞նչ գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ, եւ ասիկա ի՞նչ բանի առաջնորդեց։
10 Քրիստոնէական դարաշրջանէն ալ ակնբախ օրինակներ ունինք, որոնք յարգեցին Աստուծմէ հեղինակութիւն ստացողները։ Օրինակ, առէք Պօղոսը. ան առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքի կառավարիչ մարմինին որոշումները յարգեց։ Երբ Պօղոս վերջին անգամ Երուսաղէմ այցելեց, կառավարիչ մարմինը յանձնարարեց որ ան ծիսականօրէն ինքզինք մաքրէր, ցոյց տալու համար որ Մովսիսական Օրէնքին դէմ չէր։ Պօղոս կրնար պատճառաբանել. ‘Այս եղբայրները նախապէս ինծի ըսին որ Երուսաղէմէն մեկնիմ, երբ կեանքս վտանգի տակ էր։ Հիմա կ’ուզեն որ հանրապէս ցոյց տամ որ կը յարգեմ Մովսիսական Օրէնքը։ Ես արդէն նամակ մը գրած եմ Գաղատացիներուն, անոնց խրատելով որ Օրէնքը պահելէն ետ կենան։ Եթէ ես տաճար երթամ, ուրիշներ կրնան սխալ բացատրել իմ արարքս, խորհելով որ ես թլփատուածներուն հետ կը համակերպիմ’։ Սակայն, Պօղոս անշուշտ այդպէս չտրամաբանեց։ Քանի որ քրիստոնէական սկզբունք մը ոտնակոխելը խնդրոյ առարկայ չէր, ան առաջին դարու կառավարիչ մարմինին խրատը յարգեց եւ անոր ենթարկուեցաւ։ Որպէս անմիջական հետեւանք, հարկ եղաւ Պօղոսը ազատել Հրեայ խուժանի մը ձեռքէն եւ հետագային ան երկու տարի բանտ մնաց։ Ի վերջոյ, Աստուծոյ կամքը կատարուեցաւ։ Պօղոս Կեսարիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն դիմաց վկայեց, ապա կառավարութեան հաշւոյն Հռովմ տարուեցաւ, Կայսրին առջեւ վկայելու համար։—Գործք 9։26-30. 21։20-26. 23։11. 24։27. Գաղատացիս 2։12. 4։9, 10
Դուք ալ կը Յարգէ՞ք
11. Աշխարհային հեղինակութեան հանդէպ ի՞նչպէս կրնանք յարգանք ցոյց տալ։
11 Դուք ալ հեղինակութեան մէջ եղողները կը յարգէ՞ք։ Քրիստոնեաներուն պատուէր տրուած է՝ «հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ . . . պատիւ՝ պատիւը»։ Արդարեւ, մեր «վրայ եղած իշխանութիւններուն» հնազանդիլը միայն տուրք տալով չի վերջանար, հապա այդ հեղինակութիւնները կը պատուենք մեր վարմունքով եւ խօսակցութեամբ։ (Հռովմայեցիս 13։1-7) Երբ կառավարական պաշտօնեաներու դիմաց գտնուինք, որոնք թերեւս բիրտ ըլլան, ի՞նչպէս կը հակազդենք։ Մեքսիկայի Չիափաս Նահանգին համայնքներէն մէկուն մէջ հեղինակութիւնները Եհովայի Վկայ 57 ընտանիքներու պատկանող արտերը գրաւեցին, քանի որ անոնք կրօնական որոշ տօնախմբութիւններու չէին մասնակցեր։ Այս հարցը լուծելու համար տեղի ունեցող ժողովի մը ընթացքին, Վկաները մաքուր ու կոկիկ հագուած, միշտ յարգանքով ու դիմացինը մեծարելով կը խօսէին։ Աւելի քան տարի մը ետք, իրենց ի նպաստ վճիռ տրուեցաւ։ Անոնց կեցուածքը այն աստիճան կարգ մը դիտարկուներու յարգանքին արժանացաւ, որ անոնք ալ ուզեցին Եհովայի Վկայ ըլլալ։
12. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ կին մը իր անհաւատ ամուսինին հանդէպ «խոր յարգանք» ունենայ։
12 Ընտանիքին մէջ ի՞նչպէս կրնանք աստուածատուր հեղինակութիւնը յարգել։ Յիսուսի տառապանքներուն մասին խօսելէ ետք, Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Նմանապէս կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած [«խոր յարգանքը», ՆԱ] եւ պարկեշտ վարքը»։ (Ա. Պետրոս 3։1, 2. Եփեսացիս 5։22-24) Պետրոս հոս կը շեշտէ որ կին մը իր ամուսնոյն հնազանդի «խոր յարգանքով», նոյնիսկ երբ կարգ մը ամուսիններ այսպիսի յարգանքի արժանի ըլլալու համար շատ բան չեն ըներ։ Կնոջ մը յարգալից կեցուածքը կրնայ իր անհաւատ ամուսնոյն սիրտը շահիլ։
13. Կիներ ի՞նչպէս կրնան պատուել իրենց ամուսինը։
13 Այս համարներուն շարահիւսութեան մէջ, Պետրոս մեր ուշադրութիւնը կը դարձնէ Սառայի վրայ, որու ամուսինը՝ Աբրահամ, հաւատքի ուշագրաւ Հռովմայեցիս 4։16, 17. Գաղատացիս 3։6-9. Ա. Պետրոս 3։6) Եթէ անհաւատ ամուսին ունեցող կիները իրենց ամուսինները պէտք է յարգեն, հաւատացեալ ամուսին ունեցող կիները նուա՞զ պէտք է յարգեն զանոնք։ Եթէ կարգ մը հարցերու շուրջ ձեր ամուսնոյն հետ համաձայն չէք, ի՞նչ կրնաք ընել։ Յիսուս խրատ մը տուաւ որ կարելի է հոս ընդհանուր առումով գործածել. «Ով որ քեզ պահակ բռնէ ու մղոն մը ճամբայ քշէ, գնա անոր հետ երկու»։ (Մատթէոս 5։41) Ձեր ամուսինը կը պատուէ՞ք, անոր փափաքներուն ընդառաջելով։ Եթէ ասիկա շա՛տ դժուար կը գտնէք, այս մասին ձեր զգացումները յայտնեցէք իրեն։ Մի՛ ենթադրէք թէ ինք գիտէ ձեր զգացումները։ Բայց երբ ձեր ցանկութիւնները կը գիտցնէք իրեն, յարգալից ձեւով ըրէք։ Աստուածաշունչը հետեւեալ խրատը կու տայ մեզի. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ»։—Կողոսացիս 4։6
տիպար մըն էր։ (14. Ծնողները պատուելը ի՞նչ կը ներփակէ։
14 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր մասին, ո՛վ երախաներ։ Աստուծոյ Խօսքը կը պատուիրէ. «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով)»։ (Եփեսացիս 6։1-3) Նկատի առէք որ ձեր ծնողներուն հնազանդ ըլլալը՝ «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» պատուէրին համիմաստ նկատուած է։ «Պատուել» թարգմանուած Յունարէն բառը, ունի՝ «պարգեւատրել», կամ «արժէք մը դնել» իմաստը։ Ուստի, հնազանդ ըլլալը՝ ձեզի անտրամաբանական թուող ծնողական օրէնքներուն ակամայօրէն հետեւելէն աւելին կը պահանջէ։ Աստուած ձեզմէ կը խնդրէ որ ձեր ծնողները մեծապէս յարգէք ու անոնց առաջնորդութիւնը արժեւորէք։—Առակաց 15։5
15. Զաւակներ ի՞նչպէս կրնան յարգալից մնալ, նոյնիսկ երբ զգան որ իրենց ծնողները սխալ մը կը գործեն։
15 Եթէ ձեր ծնողները ընեն բան մը որու պատճառաւ իրենց հանդէպ ձեր յարգանքը նուազի, ի՞նչ կրնաք ընել։ Փորձեցէք հարցերը իրենց տեսանկիւնէն դիտել։ Անոնք ‘քեզ չե՞ն ծներ’ եւ պէտքերդ չե՞ն հոգացեր։ (Առակաց 23։22) Անոնք քեզի հանդէպ սէր չունի՞ն։ (Եբրայեցիս 12։7-11) Յարգալից կերպով խօսեցէք ձեր ծնողներուն հետ, հեզութեամբ բացատրելով ձեր զգացումը։ Նոյնիսկ երբ անոնք ձեր ուզած կերպով չպատասխանեն ձեզի, անյարգալից կերպով խօսելէ զգուշացէք։ (Առակաց 24։29) Յիշեցէք թէ Դաւիթ ի՛նչպէս Սաւուղի հանդէպ շարունակեց յարգալից մնալ, նոյնիսկ երբ ան Աստուծոյ խրատներուն հետեւելէն շեղած էր։ Եհովայէ խնդրեցէք որ օգնէ ձեզի որ ձեր զգացումներուն դէմ պայքարիք։ Դաւիթ ըսաւ. «Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք, քանզի Աստուած ապաւէն է մեզի»։—Սաղմոս 62։8. Ողբք 3։25-27
Առաջնորդութիւն Առնողները Պատուենք
16. Սուտ ուսուցիչներու ու հրեշտակներու օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք։
16 Ժողովքի երէցները սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են, սակայն անոնք տակաւին անկատար են եւ սխալներ կը գործեն։ (Սաղմոս 130։3. Ժողովողի 7։20. Գործք 20։28. Յակոբու 3։2) Ասոր համար, ժողովքին մէջ ոմանք կը դժգոհին երէցներէն։ Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր հակազդեցութիւնը, երբ զգանք որ ժողովքին մէջ բան մը պէտք եղած կերպով ձեռք չառնուիր, կամ առնուազն մեզի այդպէս կը թուի։ Նկատի առէք առաջին դարու կեղծ ուսուցիչներու ու հրեշտակներու միջեւ եղող տարբերութիւնը. «Ինքնահաւան եւ յանդուգն են [կեղծ ուսուցիչները], չեն վախնար մեծափառներուն հայհոյելէ։ Երբ հրեշտակները, որ անոնցմէ շատ մեծ են զօրութիւնով ու կարողութիւնով, Տէրոջը առջեւ [«Եհովայի հանդէպ յարգանքէ մղուած», ՆԱ] հայհոյութեամբ դատապարտութիւն չեն բերեր անոնց վրայ»։ (Բ. Պետրոս 2։10-13) Մինչ սուտ ուսուցիչներ կը հայհոյէին «մեծափառներուն» դէմ՝ երէցներ, որոնց հեղինակութիւն տրուած էր առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ՝ բայց հրեշտակները այդ սուտ ուսուցիչներուն դէմ, անարգական կերպով չէին խօսեր, որոնք եղբայրներու մէջ անմիաբանութեան պատճառ կ’ըլլային։ Հրեշտակները մարդոցմէ գերադաս ըլլալով եւ արդարութեան աւելի սուր զգացում մը ունենալով, տեղեակ էին ժողովքին մէջի անցուդարձէն։ Սակայն «Եհովայի հանդէպ յարգանքէ մղուած», անոնք դատաստանը Աստուծոյ ձգեցին։—Եբրայեցիս 2։6, 7. Յուդա 9
17. Ձեր հաւատքը ի՞նչ դեր կը խաղայ այն խնդիրներու կապակցութեամբ, որոնց մէջ, ըստ ձեզի, երէցները կը սխալին։
17 Եթէ նոյնիսկ բան մը պէտք եղած կերպով ձեռք չառնուի, պէտք չէ՞ վստահինք Յիսուս Քրիստոսի, որպէս քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը, որ կենդանի է։ Ինք տեղեակ չէ՞ թէ ինչ կ’անցնի կը դառնայ իր համաշխարհային ժողովքին մէջ։ Պէտք չէ՞ կացութիւնը ձեռք առնելու իր կերպը յարգենք եւ հարցերը հսկողութեան տակ առնելու իր կարողութեան գիտակցինք։ Իրապէս, ‘մենք ո՞վ ենք որ ուրիշը դատենք’։ (Յակոբու 4։12. Ա. Կորնթացիս 11։3. Կողոսացիս 1։18) Ինչո՞ւ ձեր աղօթքներուն մէջ ձեր մտահոգութիւնը Եհովայի առջեւ չդնէք։
18, 19. Եթէ խորհիք որ երէց մը սխալ մը գործած է, ի՞նչ կրնաք ընել։
18 Մարդկային անկատարութեան պատճառաւ, դժուարութիւններ կամ խնդիրներ կրնան ծագիլ։ Կրնայ ըլլալ նոյնիսկ որ երէց մը սխալ գործէ, ուրիշները վրդովեցնելով։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ հապճեպով բան մը ընելը կացութիւնը պիտի չփոխէ։ Անիկա միայն կրնայ խնդիրը բարդացնել։ Հոգեւոր ներատեսութիւն ունեցողները Եհովայի Բ. Տիմոթէոս 3։16. Եբրայեցիս 12։7-11
պիտի յուսան որ իր յարմար ժամանակին եւ ի՛ր կերպով հարցերը շտկէ եւ պէտք եղած կրթութիւնը տայ։—19 Լաւ, երբ հարց մը ձեզ կը նեղացնէ, ի՞նչ պէտք է ընէք։ Փոխանակ ժողովքին մէջ ուրիշներուն հետ խօսելու այս մասին, ինչո՞ւ յարգալից կերպով երէցներէն օգնութիւն չխնդրէք։ Փոխանակ քննադատելու, բացատրեցէք թէ անիկա ի՛նչպէս ազդած է ձեզի։ Միշտ ‘կարեկցութիւն’ ունեցէք իրենց հանդէպ եւ յարգանք ցուցաբերեցէք՝ երբ իրենց բան մը կը վստահիք։ (Ա. Պետրոս 3։8) Հեգնական մի՛ ըլլաք, հապա իրենց քրիստոնէական հասունութեան վստահեցէք։ Ազնուութեամբ ձեզի տրուած սուրբ գրային որեւէ քաջալերութիւն գնահատեցէք։ Իսկ եթէ թուի որ ուրիշ սրբագրութիւններու կարիքը կայ, վստահ եղէք որ Եհովա պիտի առաջնորդէ երէցները, որ բարի ու շիտակ եղածը ընեն։—Գաղատացիս 6։10. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։13
20. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։
20 Սակայն, հեղինակութիւն ունեցող անհատները պատուելու ու յարգելու նկատմամբ նկատի առնուելիք ուրիշ երեսակ մըն ալ կայ։ Հեղինակաւոր դիրքի վրայ դրուած անհատները պէտք չէ՞ յարգեն իրենց հոգատարութեան յանձնուածները։ Ասիկա քննենք յաջորդ յօդուածով։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Հեղինակաւոր անհատները պատուելու ի՞նչ լաւ պատճառ ունինք։
• Եհովա եւ Յիսուս ի՞նչպէս կը նկատեն աստուածատուր հեղինակութիւնը չյարգողները։
• Հեղինակաւոր անհատները պատուողներու ի՞նչ գեղեցիկ օրինակներ ունինք։
• Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մեզի թուի որ մեր վրայ հեղինակութիւն ունեցողներէն մէկը սխալ գործած է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 12]
Սառա խոր յարգանք ունէր Աբրահամի հեղինակութեան հանդէպ եւ ուրախ էր
[Նկար՝ էջ 13]
Մեղքող թերացաւ Դաւիթի հեղինակութիւնը յարգել՝ որպէս տան գլուխ եւ թագաւոր
[Նկար՝ էջ 15]
«Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ»
[Նկար՝ էջ 16]
Ինչո՞ւ ձեր մտահոգութիւնները Եհովայի առջեւ չդնէք ձեր աղօթքներուն մէջ