Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմեր ցանենք

Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմեր ցանենք

Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմեր ցանենք

«Առտուն քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 11։6

1. Քրիստոնեաները ներկայիս ի՞նչ առումով սերմեր կը ցանեն։

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ կենսական դեր մը խաղցաւ վաղեմի եբրայական ընկերութեան մէջ։ Անոր համար Յիսուս՝ որ որպէս մարդ իր կեանքը անցուցած էր Խոստացեալ Երկրին մէջ՝ իր առակներուն մէջ երկրագործական նիւթեր գործածեց։ Օրինակ, ան Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը նմանցուց սերմ ցանելու։ (Մատթէոս 13։1-9, 18-23. Ղուկաս 8։5-15) Մինչեւ օրս, երկրագործական ընկերութեան մը մէջ ապրինք թէ ոչ, այս կերպով հոգեւոր սերմեր ցանելը կարեւորագոյն գործն է որ Քրիստոնեաները կ’ընեն։

2. Մեր քարոզչութիւնը ո՞րքան կարեւոր է, եւ ներկայիս զայն իրագործելու համար ի՞նչ բաներ կը կատարուին։

2 Այս վերջին ժամանակին մէջ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ցանելու գործին մասնակցիլը մեծ առանձնաշնորհում մըն է։ Հռովմայեցիս 10։14, 15–ը լաւ կերպով կը յայտնէ այս գործին կարեւորութիւնը. «Ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։ Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին. ինչպէս գրուած է. ‘Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը’»։ Հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր եղած է դրական կեցուածքով առաջ նետուիլ այս աստուածատուր պաշտօնը կատարելու համար։ Այդ պատճառով, Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչեր եւ 340 լեզուներով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրականութիւններ արտադրելու ու ցրուելու գործով լիովին կլանուած են։ Այս նիւթերու պատրաստութիւնը կը պահանջէ աւելի քան 18,000 կամաւորներ, որոնք կ’աշխատին իրենց կեդրոնատեղիին եւ տարբեր երկիրներու մասնաճիւղերուն մէջ։ Իսկ գրեթէ վեց միլիոն Վկաներ այս սուրբ գրային գրականութիւնները համայն աշխարհի մէջ ցրուելու կը մասնակցին։

3. Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը ցանելով ի՞նչ կ’իրագործուի։

3 Այս ծանր աշխատանքը ի՞նչ արդիւնք տուած է։ Ինչպէս Քրիստոնէութեան սկիզբի օրերուն, ներկայիս շատեր կ’ողջունեն ճշմարտութիւնը։ (Գործք 2։41, 46, 47) Նոր մկրտուող Թագաւորութեան հրատարակիչներու հսկայ թիւէն շատ աւելի կարեւոր է սակայն այն իրողութիւնը թէ այս մեծ վկայութիւնը կը նպաստէ Եհովայի անուան սրբացման եւ որպէս միակ ճշմարիտ Աստուած՝ իր ջատագովման։ (Մատթէոս 6։9) Ասկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքին գիտութիւնը շատերուն կեանքը կը բարեփոխէ եւ կրնայ զանոնք փրկութեան առաջնորդել։—Գործք 13։47

4. Առաքեալները իրենց քարոզած անհատներով ո՞ր աստիճան հետաքրքրուած էին։

4 Առաքեալներուն քաջածանօթ էր բարի լուրին կենսատու կարեւորութիւնը, եւ անոնք իրենց քարոզած անհատներով խորապէս հետաքրքրուած էին։ Ասիկա յստակ է Պօղոս առաքեալի խօսքերէն, երբ գրեց. «Մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8) Մարդոց հանդէպ այսպիսի անկեղծ հետաքրքրութիւն մը ցոյց տալով, Պօղոս եւ միւս առաքեալները Յիսուսը եւ երկնային հրեշտակները կ’ընդօրինակէին, որոնք շատ մեծ բաժին ունին այս փրկարար գործին մէջ։ Հիմա աչքէ անցընենք Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը ցանելու մէջ Աստուծոյ այս երկնային ծառաներուն խաղցած կարեւոր դերերը, եւ տեսնենք թէ իրենց օրինակը ի՛նչպէս կը քաջալերէ մեզ որ մեր դերը կատարենք։

Յիսուս՝ Թագաւորութեան Ճշմարտութիւնը Ցանողը

5. Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս գլխաւորաբար ո՞ր գործով զբաղեցաւ։

5 Յիսուս, կատարեալ մարդը, իր ժամանակուան մարդոց համար նիւթական շատ լաւ բաներ հայթայթելու զօրութիւնը ունէր։ Օրինակ, ինք կրնար իր օրուան բժշկական շատ մը սխալ ըմբռնումները շտկել, կամ՝ գիտական ուրիշ մարզերու մէջ մարդոց հասկացողութիւնը յառաջ տանիլ։ Սակայն, ան իր ծառայութեան սկիզբէն իսկ յստակ ըրաւ որ իր պաշտօնն էր բարի լուրը քարոզել։ (Ղուկաս 4։17-21) Իսկ իր ծառայութեան վերջաւորութեան, ան բացատրեց. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ (Յովհաննու 18։37) Ուստի, ան Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմերը ցանելով զբաղեցաւ։ Իր ժամանակակիցներուն Աստուծոյ եւ Իր նպատակներուն մասին սորվեցնելը շա՛տ աւելի կարեւոր էր քան որեւէ ուսում զոր Յիսուս կրնար մատակարարել իրենց։—Հռովմայեցիս 11։33-36

6, 7. (ա) Յիսուս երկինք երթալէ առաջ ի՞նչ հոյակապ խոստում մը տուաւ, եւ զայն ի՞նչպէս կը կատարէ։ (բ) Քարոզչութեան նկատմամբ Յիսուսի կեցուածքը անձնապէս ի՞նչ ազդեցութիւն ունի ձեր վրայ։

6 Յիսուս ինքզինքին ակնարկեց որպէս Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը Ցանողը։ (Յովհաննու 4։35-38) Ան ամէն առիթով բարի լուրի սերմեր ցանեց։ Նոյնիսկ երբ ցիցին վրայ մահամերձ էր, երկրային ապագայ Դրախտին բարի լուրը ծանուցանեց։ (Ղուկաս 23։43) Ասկէ զատ, բարի լուրի քարոզչութեան նկատմամբ իր հետաքրքրութիւնը տանջանքի ցիցին վրայ իր մահով վերջ չգտաւ։ Երկինք համբառնալէ առաջ, ան իր առաքեալներուն պատուէր տուաւ որ շարունակեն Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմեր ցանել եւ աշակերտել։ Ապա Յիսուս հոյակապ խոստում մը տուաւ։ Ան ըսաւ. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։—Մատթէոս 28։19, 20

7 Այս խօսքերով Յիսուս խոստացաւ աջակցիլ, ուղղել եւ հովանաւորել բարի լուրի քարոզչութիւնը՝ ‘ամէն օր մինչեւ աշխարհիս վերջը’։ Մինչեւ օրս, Յիսուս կը շարունակէ անձնապէս հետաքրքրուիլ աւետարանչական գործով։ Ինք է մեր Առաջնորդը, պատասխանատու՝ Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը ցանելու։ (Մատթէոս 23։10) Որպէս քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը, այս համաշխարհային գործին համար Եհովայի առջեւ ինք պատասխանատու է։—Եփեսացիս 1։22, 23. Կողոսացիս 1։18

Հրեշտակները Աւետիս կու Տան

8, 9. (ա) Հրեշտակները ի՞նչպէս անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են մարդկային գործերուն հանդէպ։ (բ) Ի՞նչ առումով կրնայ ըսուիլ որ մենք հրեշտակներուն դիմաց թատերական հանդիսութիւն մը կը կատարենք։

8 Երբ Եհովա երկիրը ստեղծեց, հրեշտակները «մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին ու . . . ցնծութեամբ կ’աղաղակէին»։ (Յոբայ 38։4-7) Անկէ ի վեր, այս երկնային արարածները մարդոց գործերուն հանդէպ խոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են։ Եհովա զիրենք գործածած է մարդոց աստուածային ծանուցումներ հաղորդելու համար։ (Սաղմոս 103։20) Ասիկա մասնաւորաբար ճշմարիտ է մեր օրերուն բարի լուրը տարածելու կապակցաբար։ Իրեն տրուած յայտնութեան մէջ, Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ ‘հրեշտակ մը, որ կը թռչէր երկնքի մէջ’, որ «ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։ Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. ‘Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ’»։—Յայտնութիւն 14։6, 7

9 Աստուածաշունչը հրեշտակներուն կ’ակնարկէ, որպէս «սպասաւորող հոգիներ, . . . որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն»։ (Եբրայեցիս 1։14) Մինչ հրեշտակները իրենց նշանակուած պարտականութիւնները եռանդուն կերպով կը կատարեն, անոնք առիթը ունին մեզ եւ մեր կատարած գործը դիտելու։ Որպէս թէ ուշագրաւ թատերաբեմի մը վրայ ենք, մեր գործը կը կատարենք երկնային հանդիսատեսներու դիմաց։ (Ա. Կորնթացիս 4։9) Որքա՛ն զգաստացուցիչ եւ խայտալի է գիտնալ թէ որպէս Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը ցանողներ՝ առանձին չենք։

Խանդավառութեամբ կը Կատարենք Մեր Դերը

10. Ժողովողի 11։6–ի գործնական խրատը ի՞նչպէս կրնայ կիրարկուիլ մեր աւետարանչական գործին։

10 Ինչո՞ւ Յիսուս եւ հրեշտակները այսքան հետաքրքրուած են մեր գործով։ Յիսուս պատճառներէն մէկը տուաւ, երբ ըսաւ. «Ձեզի կ’ըսեմ, ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ»։ (Ղուկաս 15։10) Մենք ալ մարդոցմով նոյնքան հետաքրքրուած ենք։ Ուստի, ամէնուրեք, Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմերը տարածելու համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք։ Ժողովողի 11։6–ի խօսքերը կրնան մեր գործին կիրարկուիլ։ Այս համարին մէջ Աստուածաշունչը կը խրատէ մեզ. «Առտուն քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ ա՞յս թէ այն, կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան»։ Ճիշդ է որ մեր պատգամը ընդունող մէկ անհատի դիմաց, թերեւս կան հարիւրաւոր կամ հազարաւոր անհատներ, որոնք կը մերժեն զայն։ Բայց հրեշտակներուն նման, մենք ալ կ’ուրախանանք, երբ «մէկ մեղաւոր» փրկութեան պատգամը ընդունի։

11. Սուրբ գրային գրականութիւններու գործածութիւնը ո՞րքան ազդու կրնայ ըլլալ։

11 Շատ բան պարփակուած է բարի լուրի քարոզչութեան մէջ։ Այս գործին կարեւոր օժանդակութիւններէն մէկն է Եհովայի Վկաներուն կողմէ գործածուած սուրբ գրային հրատարակութիւնները։ Կարգ մը կերպերով, այս գրականութիւնները ամէն կողմ ցանուած սերմերու նման են։ Չենք գիտեր թէ անոնք ո՛ւր յաջողութիւն պիտի գտնեն։ Երբեմն գրականութիւն մը ձեռքէ ձեռք կ’անցնի, մինչեւ որ մէկը կարդայ զայն։ Կարգ մը պարագաներու Յիսուս եւ հրեշտակները կրնան նոյնիսկ դէպքերը այնպէս մը ուղղել որ ասիկա տեղի ունենայ ուղղամիտ անհատներու օգտին համար։ Կարգ մը փորձառութիւններ նկատի առնենք, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովա ի՛նչպէս մարդոց քով ձգուած գրականութիւնը գործածելով անսպասելի եւ հոյակապ արդիւնքներ կը պատճառէ։

Ճշմարիտ Աստուծոյ Գործը

12. Հին պարբերաթերթ մը ի՞նչպէս իբրեւ միջոց գործածուեցաւ որպէսզի ընտանիք մը Եհովան ճանչնայ։

12 1953–ին, Ռապըրթը, Լայլան եւ իրենց զաւակները մեծ քաղաքէ մը, Փէնսիլվանիոյ (Ա.Մ.Ն.) գիւղական շրջանի մը մէջ կիսաքանդ ագարակ մը փոխադրուեցան։ Փոխադրուելէն քիչ ետք, Ռապըրթը որոշեց սանդուխներու ներքեւ բաղնիք մը շինել։ Քանի մը տախտակներ հանելէ ետք, ան տեսաւ որ պատին ետեւ մուկերը պատռտած թուղթեր, ընկոյզի պարապ կեղեւներ եւ ուրիշ փշրանքներ մթերած էին։ Այդ բոլորին մէջ կար նաեւ Ոսկեդարը պարբերաթերթի օրինակ մը։ Ռապըրթ մասնաւորաբար հետաքրքրուեցաւ զաւակներ մեծցնելու մասին եղող յօդուածով։ Ան ա՛յնքան տպաւորուեցաւ անոր մէջ տրուած յստակ եւ սուրբ գրային ուղղութեամբ, որ Լայլային ըսաւ թէ «Ոսկեդար–ի կրօնքին» պիտի հետեւէին։ Քանի մը շաբաթ ետք, Եհովայի Վկաներ իրենց դուռը զարկին, բայց Ռապըրթ ըսաւ որ իրենց ընտանիքը հետաքրքրուած էր միայն «Ոսկեդար–ի կրօնք»ով։ Վկաները բացատրեցին որ Ոսկեդարը հիմա նոր խորագիր մը ունէր՝ Զարթի՛ր։ Ռապըրթ եւ Լայլա սկսան կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրել Վկաներուն հետ եւ վերջապէս մկրտուեցան։ Անոնք իրենց կարգին ճշմարտութեան սերմերը ցանեցին իրենց զաւակներուն մէջ եւ առատ բերք հնձեցին։ Ներկայիս, այս ընտանիքէն աւելի քան 20 հոգիներ՝ մէջը ըլլալով Ռապըրթի եւ Լայլայի եօթը զաւակները՝ Եհովա Աստուծոյ մկրտուած ծառաներն են։

13. Ի՞նչ բան մղեց որ Բորթօ Ռիքոյէն ամոլ մը Աստուածաշունչով հետաքրքրուի։

13 Շուրջ 40 տարիներ առաջ, Ուիլիըմը եւ Էյտան, Բորթօ Ռիքոյէն ամոլ մը, բնա՛ւ հետաքրքրուած չէին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ։ Ամէն անգամ որ Եհովայի Վկաները իրենց դուռը զարնէին, անոնք կը ձեւացնէին որ տունը չեն։ Օր մը Ուիլիըմ գործածուած իրեր ծախող տեղ մը գնաց տան նորոգութեան համար բան մը գնելու համար։ Երբ կը մեկնէր, աղբամանին մէջ դեղին–կանաչի զարնող գիրք մը տեսաւ։ Անիկա 1940–ին Եհովայի Վկաներու կողմէ հրատարակուած՝ կրօնք, խորագիրը կրող գիրքն էր։ Ուիլիըմ գիրքը տուն տարաւ եւ հաճոյքով կարդաց սուտ եւ ճշմարիտ կրօնքին միջեւ եղող տարբերութիւնը։ Եհովայի Վկաներու յաջորդ այցելութեան, Ուիլիըմը եւ Էյտան մտիկ ըրին անոնց պատգամին եւ սկսան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել իրենց հետ։ Քանի մը ամիս ետք, անոնք մկրտուեցան 1958–ի Աստուածային Կամք Միջազգային Համաժողովին։ Անկէ ի վեր, անոնք աւելի քան 50 անհատներու օգնած են որ մեր քրիստոնէական եղբայրակցութեան մաս կազմեն։

14. Ինչպէս ցոյց տրուած է փորձառութեան մէջ, մեր սուրբ գրային գրականութիւնները ի՞նչ հնարաւորութիւններ ունին։

14 Գարլ միայն 11 տարեկան էր եւ քիչ մը չարաճճի։ Իրեն այնպէս կը թուէր որ միշտ խնդիրներու մէջ էր։ Իր հայրը՝ Գերմանացի Մեթոտական քարոզիչ մը, իրեն սորվեցուցած էր որ չարերը մեռնելէ ետք դժոխքին մէջ կ’այրին։ Ուստի, Գարլ շատ կը վախնար դժոխքէն։ 1917–ին, օր մը Գարլ փողոցին մէջ տպագրուած թուղթի կտոր մը նշմարեց եւ զայն գետնէն վերցուց։ Մինչ կը կարդար, իր աչքերը շուտով՝ «Ի՞նչ է դժոխքը» հարցումին վրայ կեդրոնացան։ Թուղթը՝ դժոխքի մասին հանրային դասախօսութեան հրաւէր մըն էր, կազմակերպուած Աստուածաշունչի Աշակերտներուն կողմէ, որոնք ներկայիս կը կոչուին Եհովայի Վկաներ։ Շուրջ տարի մը ետք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան բազմաթիւ նիստերէ ետք, Գարլ մկրտուեցաւ եւ Աստուածաշունչի Աշակերտներէն մէկը եղաւ։ 1925–ին, Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնին մէջ աշխատելու հրաւէր ստացաւ, ուր մինչեւ օրս կը ծառայէ։ Աւելի քան ութ տասնամեակներ երկարող քրիստոնէական ասպարէզ մը սկսաւ՝ փողոցը գտնուած թուղթի կտորով մը։

15. Երբ յարմար տեսնէ, Եհովա ի՞նչ կրնայ ընել։

15 Ճիշդ է որ մարդկային կարողութենէն վեր է որոշել թէ հրեշտակները ո՛րքանով ուղղակիօրէն պարփակուած էին այս փորձառութիւններուն մէջ։ Այսուհանդերձ, բնաւ պէտք չէ կասկածինք որ Յիսուս եւ հրեշտակները գործօն բաժին կը բերեն քարոզչութեան մէջ, եւ թէ Եհովա կրնայ հարցերուն ուղղութիւն տալ, երբ յարմար տեսնէ։ Այս, եւ բազմաթիւ նման փորձառութիւններ ցոյց կու տան, թէ մեր գրականութիւնները տեղաւորուելէ ետք, հաւանականութիւնը կայ որ լաւ արդիւնք մը տան։

Մեզի Գանձ մը Վստահուած Է

16. Բ. Կորնթացիս 4։7–ի խօսքերէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

16 Պօղոս առաքեալ ‘հողէ ամաններու մէջ եղող գանձի’ մը մասին խօսեցաւ։ Այդ գանձը քարոզելու աստուածատուր յանձնարարութիւնն է, իսկ հողէ ամանները մարդիկ են, որոնց Եհովա վստահած է այս գանձը։ Քանի որ այս մարդիկը անկատար եւ սահմանափակ են, Պօղոս կը շարունակէ ըսել որ իրենց տրուած այս յանձնարարութեան որպէս հետեւանք, «զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն [կ’]ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ»։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Այո, կրնանք Եհովայի ապաւինիլ, որ մեզի հարկ եղած զօրութիւնը տայ, որպէսզի մեր ձեռքը եղող գործը կարենանք գլուխ հանել։

17. Երբ Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմեր կը ցանենք, ի՞նչ բանի կրնանք հանդիպիլ, այսուհանդերձ, ինչո՞ւ դրական կեցուածք մը պէտք է պահենք։

17 Յաճախ զոհողութիւններ ընելու հարկը կը զգանք։ Թերեւս կարգ մը թաղամասերու մէջ աշխատիլը հանգստաւէտ կամ յարմար չըլլայ։ Շրջաններ կան, ուր շատեր չափազանց անտարբեր՝ նոյնիսկ հակառակ են։ Այդպիսի վայրերու մէջ թերեւս շատ ջանք թափուի առանց երեւութական յաջողութեան։ Երբ ա՛յնքան բան խնդրոյ առարկայ է, այդ պարագային որեւէ ջանք շա՛տ մեծ չէ։ Մի՛ մոռնաք որ ձեր ցանած սերմերը մարդոց կրնան հիմա ուրախութիւն տալ, ինչպէս նաեւ յաւիտենական կեանք՝ ապագային։ Սաղմոս 126։6–ի խօսքերը բազմիցս ճշմարիտ ելած են. «Ան որ լալով կ’երթայ, ցանելու սերմը տանելով, անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ, իր ցորենի խուրձերը բերելով»։

18. Ի՞նչպէս կրնանք յարատեւաբար ուշադիր ըլլալ մեր ծառայութեան, եւ ինչո՞ւ այդպէս պէ՛տք է ընենք։

18 Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմերը առատօրէն ցանելու ամէն պատեհութենէ օգտուինք։ Բայց բնա՛ւ չմոռնանք, որ թէեւ մենք ենք որ սերմերը կը ցանենք ու կը ջրենք, Եհովա՛ն է որ զանոնք կ’աճեցնէ։ (Ա. Կորնթացիս 3։6, 7) Սակայն, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս եւ հրեշտակները իրենց ինկած բաժինը կ’ընեն, Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ մենք ալ մեր ծառայութիւնը լման կերպով կատարենք։ (Բ. Տիմոթէոս 4։5) Թող որ յարատեւաբար ուշադիր ըլլանք մեր ուսուցումին, մեր կեցուածքին եւ ծառայութեան մէջ մեր եռանդին։ Ինչո՞ւ։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն»։—Ա. Տիմոթէոս 4։16

Ի՞նչ սորվեցանք

• Մեր ցանելու գործը ի՞նչ կերպերով լաւ արդիւնքներ կու տայ։

• Յիսուս Քրիստոս եւ հրեշտակները ի՞նչպէս պարփակուած են մեր աւետարանչական գործին մէջ։

• Որպէս Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը ցանողներ, ինչո՞ւ պէտք է առատաձեռն ըլլանք։

• Երբ մեր ծառայութեան մէջ անտարբերութեան կամ հակառակութեան հանդիպինք, ի՞նչ բան պիտի մղէ մեզ որ յարատեւենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Վաղեմի Իսրայէլի երկրագործներուն նման, Քրիստոնեաներ ներկայիս առատօրէն կը տարածեն Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմերը

[Նկար՝ էջ 16, 17]

Եհովայի Վկաները 340 լեզուներով սուրբ գրային այլազան գրականութիւններ կ’արտադրեն ու կը ցրուեն