Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լաւ օրինակներէն կ’օգտուի՞ք

Լաւ օրինակներէն կ’օգտուի՞ք

Լաւ օրինակներէն կ’օգտուի՞ք

«ԴՈՒՔ օրինակ եղաք բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք Մակեդոնիայի ու Աքայիայի մէջ են»։ Պօղոս առաքեալ այս խօսքերը գրեց Թեսաղոնիկէի մէջ ապրող հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն։ Հաւատակիցներուն դիմաց անոնց ձգած օրինակը իրապէս գովասանքի արժանի էր։ Սակայն, Թեսաղոնիկեցիները պարզապէս Պօղոսի ու իր ընկերակիցներուն ձգած օրինակին կը հետեւէին։ Պօղոս ըսաւ. «Մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ, ինչպէս գիտէք ալ թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ ձեզի համար։ Դուք ալ՝ մեզի ու Տէրոջը նման[եցաք]»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։5-7

Այո, Պօղոս քարոզներ տալէն աւելին ըրաւ։ Իր ամբողջ կեանքը քարոզ մըն էր. հաւատքի, համբերութեան եւ անձնազոհութեան օրինակ մը։ Այս պատճառաւ, Պօղոս եւ իր ընկերակիցները Թեսաղոնիկեցիներու կեանքին վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն մը ունեցան, զանոնք մղելով որ ճշմարտութիւնը ընդունին «շատ նեղութեան մէջ»։ Սակայն, միայն Պօղոս ու իր գործակիցները չէին որ այդ հաւատացեալներուն վրայ դրական ազդեցութիւն մը ունեցան։ Նեղութիւններու տոկացող ուրիշներու օրինակն ալ քաջալերութիւն մըն էր։ Պօղոս Թեսաղոնիկեցիներուն գրեց. «Դուք, եղբա՛յրներ, նմանեցաք Աստուծոյ այն եկեղեցիներուն, որոնք Հրէաստանի մէջ են Քրիստոս Յիսուսով. վասն զի դուք ալ նոյն չարչարանքները կրեցիք ձեր համազգիներէն, ինչպէս անոնք ալ՝ Հրեաներէն»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։14

Յիսուս Քրիստոս՝ Մեծագոյն Տիպարը

Թէեւ Պօղոս ընդօրինակուելու արժանի օրինակ մը հանդիսացաւ, սակայն ան Յիսուս Քրիստոսի՛ մատնանշեց որպէս գլխաւոր տիպարը, որու Քրիստոնեաները պէտք է հետեւին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։6) Քրիստոս մեր առաջնակարգ Տիպարն էր եւ տակաւին է՛։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։—Ա. Պետրոս 2։21

Սակայն, Յիսուս իր մարդկային կեանքը աւարտեց գրեթէ 2,000 տարի առաջ։ Հիմա ան «անմերձենալի լոյսի մէջ բնակած» է, որպէս անմահ հոգեղէն արարած մը։ Այս հանգամանքով, «մարդոցմէ մէ՛կը չտեսաւ [զինք], ո՛չ ալ տեսնելու կարող է»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։16) Արդ, ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ Յիսուսի կեանքին մասին Աստուածաշունչի չորս արձանագրութիւնները ուսումնասիրել։ Աւետարանները՝ իր անձնաւորութեան, կեանքի ընթացքին եւ «մտավիճակին» մասին ներատեսութիւն կը հայթայթեն։ (Փիլիպպեցիս 2։5-8, ՆԱ) Յաւելեալ ներատեսութիւն կրնանք ձեռք ձգել՝ Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը գիրքը լրջօրէն ուսումնասիրելով, որ Յիսուսի կեանքէն դրուագներ նկատի կ’առնէ, շատ մանրամասնօրէն եւ ժամանակագրական շարքով։ *

Յիսուսի անձնուրաց օրինակը Պօղոս առաքեալի վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունեցաւ։ Ան Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ես յօժարակամութեամբ պիտի վատնեմ եւ պիտի վատնուիմ ձեզի համար»։ (Բ. Կորնթացիս 12։15, Երուսաղէմ) Ի՜նչ հոյակապ քրիստոսանման կեցուածք մը։ Մինչ Քրիստոսի կատարեալ օրինակին մասին կը խորհինք, մենք ալ պէտք է մղուինք մեր կեանքին մէջ զինք ընդօրինակել։

Զոր օրինակ, Յիսուս մեզի սորվեցուց, որ մեր նիւթական պէտքերը հայթայթելու Աստուծոյ խոստումին պէ՛տք է վստահինք։ Սակայն ան ասկէ աւելին ըրաւ։ Ան իւրաքանչիւր օր Եհովայի վրայ այսպիսի հաւատք եւ վստահութիւն ցուցաբերեց։ Ան ըսաւ. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։ (Մատթէոս 6։25. 8։20) Նիւթական մտահոգութիւննե՞րը կը տիրեն ձեր մտածումներուն ու արարքներուն, թէ ոչ ձեր կեանքը ցոյց կու տայ թէ առա՛ջ Թագաւորութիւնը կը փնտռէք։ Իսկ Եհովայի ծառայութեան հանդէպ ձեր կեցուածքը ի՞նչ է։ Մեր Տիպարին՝ Յիսուսի կեցուածքին կը նմանի՞։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Յիսուս նախանձախնդրութեան մասին պարզապէս չքարոզեց, այլ՝ շատ մը առիթներով բուռն նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեց։ (Յովհաննու 2։14-17) Ասկէ զատ, Յիսուս սիրոյ առնչութեամբ ի՜նչ հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ։ Այո, ան իր կեանքը իր աշակերտներուն համար զոհեց։ (Յովհաննու 15։13) Յիսուսը կ’ընդօրինակէ՞ք, ձեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն հանդէպ սէր ցոյց տալով. թէ ոչ թոյլ կու տաք որ ոմանց անկատարութիւնները արգելք հանդիսանան իրենց հանդէպ սէր ցոյց տալու։

Քրիստոսի օրինակին հետեւելու մեր պայքարին մէջ, յաճախ տկար կողմեր պիտի ունենանք։ Սակայն, ‘Տէր Յիսուս Քրիստոսը մեր վրայ հագնելու’ համար մեր թափած ջանքերը վստահաբար հաճելի են Եհովայի։—Հռովմայեցիս 13։14

‘Հօտին Օրինակ Եղէք’

Ներկայիս, ժողովքին մէջ կա՞ն անհատներ որոնք մեզի համար որպէս օրինակ կրնան ծառայել։ Վստահաբար կա՛ն։ Մասնաւորաբար, պատասխանատու դիրքերու վրայ նշանակուած եղբայրներ օրինակ պէտք է հանդիսանան։ Պօղոս, Կրետէի ժողովքներուն ծառայած եւ տեսուչներ նշանակած Տիտոսի ըսաւ, թէ նշանակուած իւրաքանչիւր երէց պէտք է «անմեղադրելի» ըլլայ։ (Տիտոս 1։5, 6) Պետրոս առաքեալ նմանապէս խրատեց «երէցներ»ը որ ‘հօտին օրինակ ըլլան’։ (Ա. Պետրոս 5։1-3) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել օգնական ծառաներուն մասին։ Անոնք ալ պէտք է իրենց ‘պաշտօնը աղէկ կատարողներ’ ըլլան։—Ա. Տիմոթէոս 3։13

Անշուշտ, իրատեսութիւն չէ ակնկալել որ ամէն երէց կամ օգնական ծառայ, քրիստոնէական ծառայութեան ամէն երեսակներուն մէջ արտակարգօրէն հմուտ ըլլայ։ Պօղոս Հռովմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Մենք զանազան պարգեւներ ուն[ինք] այն շնորհքին համեմատ որ մեզի տրուած է»։ (Հռովմայեցիս 12։6) Տարբեր եղբայրներ՝ տարբեր մարզերու մէջ գերազանց կ’ըլլան։ Տրամաբանական չէ ակնկալել որ երէցները ամէ՛ն բան կատարեալ կերպով ընեն կամ ըսեն։ Աստուածաշունչը Յակոբու 3։2–ի մէջ կ’ըսէ. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել»։ Սակայն, հակառակ իրենց անկատարութիւններուն, երէցները Տիմոթէոսի նման կրնան «օրինակ [ըլլալ] հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքրութեամբ»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։12) Երբ երէցներ այսպէս ընեն, հօտին անդամները արագ պիտի ըլլան կիրարկելու Եբրայեցիս 13։7–ի յորդորը. «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, . . . եւ անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք»։

Արդի Ուրիշ Օրինակներ

Վերջին քանի մը տասնամեակներուն, բազմաթիւ ուրիշներ ցոյց տուած են թէ լաւ օրինակներ են։ Ի՞նչ կրնանք ըսել այն հազարաւոր անձնուրաց միսիոնարներուն մասին, որոնք ձգած են «տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր . . . կամ որդիներ կամ արտեր» օտար դաշտերու մէջ քրիստոնէական յանձնարարութիւնը կատարելու համար։ (Մատթէոս 19։29) Նաեւ նկատի առէք, ճամբորդող տեսուչներն ու անոնց կիները, Դիտարանի Ընկերութեան գրասենեակներուն մէջ յօժարակամօրէն ծառայող այրերն ու կիները, նաեւ ժողովքներուն մէջ ծառայող ռահվիրաները։ Այսպիսի օրինակներ կրնա՞ն ուրիշները խթանել։ Ասիոյ մէջ Քրիստոնեայ աւետարանիչ մը, Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցի ութերորդ դասարանէն միսիոնար մը կը յիշէ։ Ան ըսաւ որ այս հաւատարիմ եղբայրը «յօժար էր դիմակալելու մժեղներու յարձակումը եւ ճնշիչ խոնաւութիւնը։ . . . Դեռ աւելի տպաւորիչը այն էր, որ ինք Անգլիայէն ըլլալով հանդերձ, կրնար Չինարէնով եւ Մալայերէնով ներկայացումներ ընել»։ Իր հոյակապ օրինակը ի՞նչ ազդեցութիւն ձգեց։ Եղբայրը կ’ըսէ. «Իր հանդարտութենէն եւ վստահութենէն ազդուած՝ փափաքեցայ մեծնալէս ետք միսիոնար մը ըլլալ»։ Զարմանալի չէ որ այս եղբայրը իրապէ՛ս միսիոնար մը եղաւ։

Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ը կը բովանդակէ բազմաթիւ կենսագրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ։ Այս կենսագրութիւնները կը խօսին անհատներու մասին, որոնք աշխարհային ասպարէզներ ու նպատակակէտեր թողած, տկարութիւններ յաղթահարած, անձնաւորութեան շշմեցուցիչ փոփոխութիւններ կատարած, հակառակութեան դիմաց դրական կեցուածք պահպանած եւ արդիւնաբերութիւն, համբերութիւն, հաւատարմութիւն, խոնարհութիւն, եւ անձնազոհ հոգի ցուցաբերած են։ Այս պատմութիւններուն առնչութեամբ ընթերցող մը գրեց. «Մինչ կը կարդամ ուրիշներու գլուխէն անցած բաները, անոնք զիս աւելի խոնարհ եւ երախտապարտ Քրիստոնեայ մը կը դարձնեն, եւ կ’օգնեն որ իմ անձիս մասին պէտք եղածէն աւելին չխորհիմ եւ անձնասէր չըլլամ»։

Ասկէ զատ, մի՛ մոռնաք ձեր ժողովքին մէջ գտնուող ընտիր օրինակները. ընտանիքի գլուխներ, որոնք հաւատարմօրէն հոգ կը տանին իրենց ընտանիքի նիւթական եւ հոգեւոր կարիքներուն. քոյրեր՝ ի ներառեալ առանձին մայրեր՝ որոնք զաւակ մեծցնելու ճնշումները կը դիմագրաւեն, մինչ ծառայութեան մէջ գործօն բաժին մը կը բերեն. տարեց եւ անկարող անհատներ որոնք կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ, հակառակ աւելցող տկարութեան եւ վատառողջութեան։ Այսպիսի օրինակներ ձեզ չե՞ն խթաներ։

Կասկած չկայ որ, այս աշխարհը վատ օրինակներով լեցուն է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։13) Բայց եւ այնպէս, նկատի առէք Հրէաստանի մէջ ապրող Քրիստոնեաներուն ուղղած Պօղոսի յորդորը։ Վաղեմի հաւատքի տէր բազմաթիւ տղամարդոց ու կիներու օրինակելի վարմունքը վերաքաղ ընելէ ետք, Պօղոս առաքեալ զանոնք յորդորեց. «Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, . . . համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին»։ (Եբրայեցիս 12։1, 2) Ներկայիս, Քրիստոնեաներն ալ շրջապատուած են վաղեմի եւ արդի լաւ օրինակներու «բազմութեամբ»։ Անոնցմէ իրապէս կ’օգտուի՞ք։ Կրնա՛ք՝ եթէ վճռած էք ‘չարին նմանող չըլլալ, հապա՝ բարիին’։—Գ. Յովհաննու 11

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 20]

Իրատեսութիւն չէ ակնկալել որ ամէն երէց կամ օգնական ծառայ, քրիստոնէական ծառայութեան ամէն երեսակներուն մէջ արտակարգօրէն հմուտ ըլլայ

[Նկարներ՝ էջ 21]

Երէցները ‘հօտին օրինակ պէտք է ըլլան’