Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լուսատու մը՝ բազմաթիւ ազգերու

Լուսատու մը՝ բազմաթիւ ազգերու

Կենսագրութիւն

Լուսատու մը՝ բազմաթիւ ազգերու

ՃՈՐՃ ԵԱՆԿԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ. ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՌՈՒԹ ԵԱՆԿ ՆԻՔԸԼՍԸՆԻ ԿՈՂՄԷ

«Ուրեմն ինչո՞ւ այս լռութիւնը մեր ամպիոններէն։ . . . Ի՞նչպիսի մարդիկ եղած կ’ըլլանք, եթէ այս իմ գրած բաներուս ճշմարիտ ըլլալը փաստելէ ետք լուռ կենանք։ Ժողովուրդը տգիտութեան մէջ չպահենք, այլ ճշմարտութիւնը ծանուցանենք առանց պատրուակներ գտնելու կամ զայն պահելու»։

ԱՅՍ խօսքերը, հօրս գրած 33 էջնոց նամակէն քաղուած են, որուն մէջ ան կը խնդրէ որ իր անունը վերցուի եկեղեցիին տոմարէն։ Ասիկա պատահեցաւ 1913–ին։ Այդ թուականէն սկսեալ, ան իրադարձութիւններով լեցուն կեանք մը վարեց, որ զինք առաջնորդեց շատ ազգերու որպէս լուսատու մը ծառայելու։ (Փիլիպպեցիս 2։15, Երուսաղէմ) Երբ տակաւին աղջնակ մըն էի, հօրս փորձառութիւններուն մասին պատմութիւններ կը հաւաքէի ազգականներէս եւ պատմական աղբիւրներէ, իսկ բարեկամներ օգնեցին ինծի որ իր կեանքի միջադէպերը համախմբեմ։ Շատ մը կերպերով, հօրս կեանքը ինծի կը յիշեցնէ Պօղոս առաքեալի կեանքը։ Այդ «հեթանոսներուն առաքեալ»ին նման, հայրս միշտ պատրաստ էր ճամբորդելու, Եհովայի պատգամը ամէն երկրի ու կղզիի մարդոց հաղորդելու համար։ (Հռովմայեցիս 11։13. Սաղմոս 107։1-3) Թոյլ տուէք որ ձեզի հօրս՝ Ճորճ Եանկի մասին պատմեմ։

Սկիզբի Տարիները

Հայրս՝ Ճոն եւ Մարկրէթ Եանկի, Սկովտիացի Երիցականներու կրտսեր որդին էր։ Ան ծնած էր 8 Սեպտեմբեր 1886–ին, մեր ընտանիքը Էտինպըրկէն (Սկովտիա), Բրիտանական Գոլոմպիա (արեւմտեան Գանատա) փոխադրուելէն քիչ ետք։ Իր երեք մեծ եղբայրները՝ Աղեքսանդր, Ճոն եւ Մալքոմ՝ Սկովտիա ծնած էին, քանի մը տարի առաջ։ Տղոց կրտսեր քոյրը՝ Մարիոնը, զոր խանդաղատանքով Նելլի կը կոչէին, հօրմէս երկու տարի պզտիկ էր։

Վիքթորիայէն (Բրիտանական Գոլոմպիա) ոչ շատ հեռու գտնուող Սանիքի մէջ, ագարակի մը մէջ մեծնալով, այս երախաները հաճելի ժամանակ անցուցին։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք սորվեցան պատասխանատուութիւն ստանձնել։ Ուստի, երբ իրենց ծնողները դէպի Վիքթորիա կատարած իրենց ուղեւորութենէն կը վերադառնային, արտաքին գործերը ամբողջացած կ’ըլլային, իսկ տունը կոկիկ վիճակի մէջ կը գտնէին։

Ժամանակի ընթացքին, հայրս ու իր եղբայրները հանքագործութեամբ, ինչպէս նաեւ ատաղձի առեւտուրով զբաղեցան։ Եանկ եղբայրքը լաւ համբաւ մը շահած էին որպէս ատաղձ փնտռողներ (մարդիկ որոնք երկիրը կը հետազօտէին, փայտերու հաւանական արտադրութիւն գտնելու համար), ինչպէս նաեւ որպէս ատաղձ գնողներ ու վաճառողներ։ Հայրս դրամական գործառնութիւններուն պատասխանատու էր։

Վերջապէս, հոգեւոր հարցերու շուրջ հօրս հակումը զինք առաջնորդեց որ որոշէ Երիցական քարոզիչ մը դառնալ։ Սակայն, գրեթէ այդ ժամանակ էր որ Սիօնի Դիտարանի ու Թերթիկի Ընկերութեան առաջին նախագահին՝ Չարլզ Թէյզ Ռասըլի կողմէ լրագիրներու մէջ հրատարակուած քարոզները խոր ազդեցութիւն ունեցան անոր կեանքին վրայ։ Հօրս սորվածները մղեցին զինք որ սկիզբը յիշուած իր հրաժարականը պատրաստէ ու ղրկէ։

Հայրս ազնուութեամբ, բայց յստակ կերպով Աստուածաշունչի համարներ գործածեց, մերժելու համար եկեղեցական ուսուցումները թէ մարդկային հոգին անմահ է, եւ թէ Աստուած մարդկային հոգին յաւիտեան պիտի չարչարէ կրակէ դժոխքին մէջ։ Ան նաեւ Երրորդութեան վարդապետութիւնը քօղազերծեց, ապացուցանելով թէ անիկա Քրիստոնէութենէն ծագում առած չէր, եւ թէ Աստուածաշունչը երբեք չէր պաշտպաներ զայն։ Այդ ժամանակէն սկսեալ, ան Յիսուս Քրիստոսի նման քրիստոնէական ծառայութեան հետամուտ եղաւ, իր բոլոր կարողութիւնները եւ զօրութիւնը խոնարհաբար գործածելով Եհովայի փառքին համար։

1917–ին, Դիտարանի Ընկերութեան ուղղութեան ներքեւ, հայրս սկսաւ ծառայել որպէս ուղեւոր՝ ինչպէս Եհովայի Վկաներու ճամբորդող ներկայացուցիչները կը կոչուէին այդ ժամանակ։ Գանատայի տարածքին գտնուող քաղաքներուն եւ գիւղաքաղաքներուն մէջ դասախօսութիւններ տուաւ եւ որպէս «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամ» ճանչցուած շարժապատկերի ու սահիկի յայտագիրը ներկայացուց։ Հօրս այցելութիւններուն պատճառաւ թատերասրահները բերնէ բերան լեցուն կ’ըլլային։ Որպէս ուղեւոր իր այցելութիւններուն յայտագիրը Դիտարան–ին մէջ կը հրատարակուէր, մինչեւ 1921։

Ուիննիփէկի լրագիրներէն մէկը տեղեկագրեց թէ 2,500 հոգիներ ունկնդրեցին Աւետարանիչ Եանկը, եւ թէ շատեր չկրցան սրահ մտնել, քանի որ տեղ չկար։ Օթաուայի մէջ, ան խօսեցաւ «Դէպի Դժոխք եւ Վերադարձ» նիւթին շուրջ։ Հոն գտնուող տարեց մարդ մը տեղեկագրեց. «Ճառախօսութեան աւարտին, Ճորճ Եանկ շարքի մը վրայ նստած կղերականներ բեմ հրաւիրեց, այս նիւթին շուրջ իրեն հետ զրուցելու համար, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը իր տեղէն շարժեցաւ։ Ա՛յն ժամանակ գիտցայ թէ ճշմարտութիւնը գտած եմ»։

Հայրս կը ջանար կարելի եղածին չափ շատ հոգեւոր գործունէութիւններ թխմել իր ուղեւորական այցելութիւններուն մէջ։ Անկէ ետք, հապճեպով շոգեկառքը կ’առնէր, յայտագրուած յաջորդ կայանը հասնելու համար։ Երբ ինքնաշարժով կը ճամբորդէր, յաճախ իր յաջորդ նշանակումին կ’ուղղուէր նախաճաշէն շատ առաջ։ Նախանձախնդիր ըլլալէն զատ, հայրս փափկանկատ ըլլալու համբաւը կը վայելէր եւ ճանչցուած էր իր քրիստոնէական գործերուն եւ առատաձեռնութեան համար։

Սկիզբը իր ներկայ եղած շատ մը համաժողովներէն, յատկապէս յիշատակելի էր Էտմոնթըն, Ալպէրթայի մէջ գումարուած համաժողովը, 1918–ին։ Ընտանեօք ներկայ էին Նելլիի մկրտութեան համար։ Ասիկա նաեւ վերջին անգամն էր որ տղաքը միասնաբար կ’ըլլային։ Երկու տարի ետք, Մալքոմ թոքատապէ մահացաւ։ Իր երեք եղբայրներուն եւ հօրը նման, Մալքոմ երկնային յոյսը ունէր, եւ բոլորն ալ մինչեւ իրենց մահը Աստուծոյ հաւատարիմ մնացին։—Փիլիպպեցիս 3։14

Դէպի Օտար Դաշտեր

1921–ի Սեպտեմբերին, Գանատայի մէջ իր քարոզչական շրջապտոյտը աւարտելէն ետք, հայրս, Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտէն՝ այն ատենուան Դիտարանի Ընկերութեան նախագահէն, յանձնարարութիւն ստացաւ որ Ղարիպեան կղզիներ ուղղուի։ Ամէնուրեք, հայրս «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամ»ը ներկայացուց, անիկա լաւ ընդունելութիւն գտաւ։ Թրինիտատէն ան գրեց. «Վայրը բերնէ բերան լեցուն է, եւ բազմաթիւ անհատներ չկրցան ներս մտնել։ Երկրորդ գիշերը, շէնքին մէջ խուռներամ բազմութիւն կար»։

Ապա, 1923–ին, հայրս Պրազիլիա երթալու նշանակում ստացաւ։ Հոն ան մեծ թիւով հանդիսականներու խօսեցաւ, երբեմն վարձուած թարգմանիչներ գործածելով։ Դիտարան 15 Դեկտեմբեր 1923–ի համարը տեղեկագրեց. «1 Յունիսէն մինչեւ 30 Սեպտեմբեր, Եղբայր Եանկ 21 հանրային ժողովներ գումարեց, որուն ներկայ գտնուեցան ընդամէնը 3,600 հոգիներ. նաեւ՝ 48 ժողովքային հանդիպումներ, 1,100 ներկաներով. Փորթուկալերէնով ձրի գրականութիւններ ցրուեց, 5,000 օրինակ»։ Շատեր հետաքրքրութեամբ ընդառաջեցին երբ հայրս ներկայացուց՝ «Հիմա Ապրող Միլիոնաւորներ Բնաւ Պիտի Չմեռնին» խորագրով դասախօսութիւնը։

Երբ 8 Մարտ 1997–ին Պրազիլիոյ մէջ նոր շէնքերուն բացումը եղաւ, բացման գրքոյկը տեղեկագրեց. «1923. Ճորճ Եանկ Պրազիլիա կը հասնի։ Ան Ռիօ տը Ժանէյրոյի կեդրոնը մասնաճիւղի գրասենեակ մը կը կազմակերպէ»։ Թէեւ Սպաներէնով սուրբ գրային գրականութիւններ մատչելի էին, սակայն կարիքը կար Պրազիլիոյ գլխաւոր լեզուով՝ Փորթուկալերէն գրականութիւններու։ Ուստի, 1 Հոկտեմբեր 1923–ին, Դիտարան–ը Փորթուկալերէնով սկսաւ հրատարակուիլ։

Հայրս, Պրազիլիոյ մէջ շատ մը յիշատակելի կապեր հաստատեց։ Անոնցմէ մէկն էր Փորթուկալցի հարուստ մարդ մը, որու անունն էր Ճասինթու Բիմենթել Քապրալ, որ իր տունը ժողովներու յատկացուց։ Ճասինթու շուտով ընդունեց Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը եւ հետագային մասնաճիւղի անձնակազմին մէկ անդամը եղաւ։ Ուրիշ բարեկամ մըն էր՝ Մանուէլ տա Սիլվա Ճորտաօ, Փորթուկալցի երիտասարդ պարտիզպան մը։ Ան հօրս կողմէ դասախօսութիւն մը լսեց, որ զինք մղեց Փորթուկալ վերադառնալու՝ ծառայելու համար որպէս շրջավաճառ, ինչպէս Եհովայի Վկաներու լիաժամ ծառաները կը կոչուէին այն ժամանակ։

Հայրս գնացքով երկար ճամբորդութիւններ կատարեց Պրազիլիոյ մէջ, եւ կրցաւ հետաքրքրուած անհատներ գտնել։ Իր ճամբորդութիւններէն մէկուն ընթացքին, ան հանդիպեցաւ Պոնի եւ Քաթարինա Կրիններուն, եւ շուրջ երկու շաբաթ անոնց հետ մնաց, Սուրբ Գրութիւնները իրենց բացատրելով։ Այն ժամանակ, այդ ընտանիքէն առնուազն եօթը հոգի Եհովայի իրենց նուիրումը ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշեցին։

1923–ին, հայրս հանդիպեցաւ Սարա Պելլոնա Ֆէրկիւսընի։ 1867–ին, երբ տակաւին աղջնակ մըն էր, ան իր եղբօր՝ Երասմուս Ֆուլթըն Սմիթի եւ ընտանիքի մնացեալ անդամներուն հետ, Միացեալ Նահանգներէն Պրազիլիա փոխադրուած էր։ 1899–էն ի վեր, ան կանոնաւորաբար Դիտարան պարբերաթերթը կը ստանար, թղթատարական միջոցաւ։ Հօրս այցելութիւնը երկար ատենէ սպասուած պատեհութիւն մըն էր որ՝ մկրտուէին Սարան, իր չորս զաւակները եւ անհատ մը որ հայրս «Սէլի Մօրաքոյր» կը կոչէր։ Ասիկա 11 Մարտ 1924–ին էր։

Շատ չանցած, հայրս Հարաւային Ամերիկայի միւս երկիրներուն մէջ սկսաւ քարոզել։ 8 Նոյեմբեր 1924–ին, ան Բերուէն գրեց. «Տակաւին նոր լրացուցի 17,000 թերթիկներու բաշխումը, Լիմայի եւ Քալլաոյի մէջ»։ Անկէ ետք, ան Պոլիվիա ուղղուեցաւ, հոն ալ թերթիկներ ցրուելու համար։ Այս այցելութեան մասին, ան գրեց. «Մեր Հայրը այս ջանքերը կ’օրհնէ։ Հնդիկ մը ինծի օգնեց։ Անոր տունը Ամազոն գետին ակունքին մօտ է։ Ան իր հետ 1,000 թերթիկ եւ քանի մը գրքեր պիտի տանի»։

Հօրս ջանքերով, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան սերմեր ցանուեցան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի շատ մը երկիրներու մէջ։ Դիտարան–ի 1 Դեկտեմբեր 1924–ի համարը տեղեկագրեց. «Ճորճ Եանկ աւելի քան երկու տարիէ Հարաւային Ամերիկայի մէջ է։ . . . Այս սիրելի եղբօր առանձնաշնորհումը եղած է, ճշմարտութեան պատգամը տանիլ Փունթա Արէնա, Մակելլանի Նեղուցին մէջ»։ Հայրս նաեւ քարոզչութեան գործին սկիզբ տուաւ հետեւեալ երկիրներուն մէջ՝ Գոսթա Ռիքա, Բանամա, եւ Վենեզուէլլա։ Ան շարունակեց քարոզել, նոյնիսկ երբ մալարիայէ բռնուեցաւ եւ առողջութիւնը վնասուեցաւ։

Դէպի Եւրոպա

1925–ի Մարտին, հայրս նաւով Եւրոպա ուղղուեցաւ, ուր կը յուսար 300,000 թերթիկ ցրուել Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ, նաեւ կարգադրութիւններ ընել որ Եղբայր Ռատըրֆորտ հանրային դասախօսութիւններ ներկայացնէ։ Սակայն, Սպանիա հասնելէ ետք, հայրս տարակուսանք յայտնեց որ Եղբայր Ռատըրֆորտ այսպիսի ճառախօսութիւններ ներկայացնէր, ի տես կրօնական անհանդուրժելի մթնոլորտին։

Առ ի պատասխան, Եղբայր Ռատըրֆորտ Եսայեայ 51։16–ը մէջբերելով գրեց. «Իմ խօսքերս քու բերանդ դրի, քեզ ձեռքիս հովանիովը ծածկեցի, որպէս զի երկինքը հաստատեմ ու երկրին հիմերը դնեմ եւ Սիօնին ըսեմ՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’»։ Այս խօսքերը կարդալէ ետք հայրս եզրակացուց. «Վստահաբար Տիրոջ կամքն է որ ես իմ բաժինս ընեմ, իսկ արդիւնքը իրեն ձգեմ»։

10 Մայիս 1925–ին, Եղբայր Ռատըրֆորտ իր ճառախօսութիւնը ներկայացուց թարգմանիչի մը օգնութեամբ, Նովետատես Թատերասրահին մէջ, Պարսելոնա։ Ներկաներուն թիւը 2,000–էն աւելի էր, ի ներառեալ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը եւ բեմին վրայ կանգնած թիկնապահ մը։ Նոյն բանը ըրին Մատրիտի մէջ, ուր ներկաներուն թիւն էր՝ 1,200։ Այս դասախօսութիւններուն ստեղծած հետաքրքրութիւնը, պատճառ եղաւ որ Սպանիոյ մէջ մասնաճիւղի գրասենեակ մը հաստատուի, որ ըստ Եհովայի Վկաներու 1978–ի Տարեգիրք–ին, «Ճորճ Եանկի առաջնորդութեան յանձնուեցաւ»։

13 Մայիս 1925–ին, Եղբայր Ռատըրֆորտ խօսեցաւ Լիզպոնի մէջ, Փորթուկալ։ Այդ այցելութիւնն ալ մեծ յաջողութիւն մըն էր, հակառակ անոր որ կղերները փորձեցին ժողովը խանգարել՝ պոռալով եւ աթոռները կոտրտելով։ Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ ներկայացուցած Եղբայր Ռատըրֆորտի դասախօսութիւններէն ետք, հայրս շարունակեց «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամ»ը ներկայացնել, ան նաեւ կարգադրեց որ այդ վայրերուն մէջ սուրբ գրային գրականութիւններ տպուին եւ բաշխուին։ 1927–ին, ան տեղեկագրեց թէ բարի լուրը «հրապարակուած է Սպանիոյ բոլոր քաղաքներուն եւ գիւղաքաղաքներուն մէջ»։

Սովետական Միութեան Մէջ Քարոզել

Հօրս յաջորդ միսիոնարական նշանակումը Սովետական Միութիւնն էր, ուր հասաւ 28 Օգոստոս 1928–ին։ Իր գրած 10 Հոկտեմբեր 1928 թուակիր նամակը, մասամբ կ’ըսէր.

«Ռուսաստան գալէս ի վեր, իսկապէս կրնամ բոլոր սրտովս աղօթել՝ ‘Քու թագաւորութիւնդ գայ’։ Լեզուն կը սորվիմ, բայց դանդաղօրէն։ Թարգմանս շատ բացառիկ մարդ մըն է, Հրեայ մը, սակայն կը հաւատայ Քրիստոսի եւ Աստուածաշունչը կը սիրէ։ Կարգ մը հետաքրքրական փորձառութիւններ ունեցայ, բայց չեմ գիտեր թէ մինչեւ երբ ինծի պիտի արտօնուի հոս կենալ։ Անցեալ շաբաթ ինծի ըսուեցաւ որ 24 ժամէն երկիրը ձգեմ, բայց հարցը կարգադրեցի, ուստի կրնամ աւելի երկար մնալ»։

Ուգրանիոյ այժմու գլխաւոր քաղաքներէն մէկուն՝ Խարքովի՝ մէջ գտնուող կարգ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներու հետ տեսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ, եւ ասկէ առթած փոխադարձ ջերմութիւնը անոնց աչքերը ուրախութեան արցունքներով լեցուց։ Ամէն իրիկուն մինչեւ կէս գիշեր պզտիկ համաժողով մը կ’ունենային։ Եղբայրներուն հետ ունեցած այս ժողովին մասին հետագային խօսելով, հայրս նշեց. «Խե՜ղճ եղբայրներ. անոնց սակաւաթիւ գրքերը իրենցմէ առնուած են, իսկ իշխանութիւնները անոնց հետ թշնամական են, սակայն անոնք ուրախ են»։

Սովետական Միութեան մէջ կատարած հօրս ծառայութիւնը ուշադրութեան արժանացաւ մասնայատուկ գրքոյկի մը մէջ, որ 21 Յունիս 1997–ին, Սէնթ Փէթէրզպուրկի մէջ (Ռուսաստան), մասնաճիւղի նոր շէնքերուն բացման ներկայ գտնուողներուն բաշխուեցաւ։ Գրքոյկը կ’ըսէ թէ հայրս Մոսկուա ղրկուեցաւ, եւ կը տեղեկագրէ թէ ան արտօնութիւն ստացաւ «Ժողովուրդներուն Ազատագրութիւն եւ՝ Ո՞ւր Են Մեռելները գրքոյկներէն 15,000 օրինակ հրատարակելու, Ռուսաստանի մէջ բաշխուելու համար»։

Ռուսաստանէն վերադառնալէ ետք, հայրս նշանակում ստացաւ որպէս ուղեւոր ծառայելու Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հարաւային Տաքոթայի մէջ, ան Նելէնա եւ Վերտա Փուլ՝ մարմնաւոր քոյրերու՝ տունը այցելեց, որոնք տարիներ ետք Բերուի մէջ միսիոնարներ եղան։ Անոնք հօրս անխոնջ ծառայութեան հանդէպ սիրալիր գնահատութիւն արտայայտեցին եւ դիտել տուին. «Այդ օրերուն եղբայրները բացայայտօրէն ռահվիրայական հոգին ունէին մինչ օտար երկիրներ կը ճամբորդէին, անոնք այս աշխարհի բարիքներէն շատ բան չունէին, սակայն ունէին Եհովայի հանդէպ սիրով լեցուն սիրտ մը։ Այս էր որ զիրենք մղեց իրագործելու այն ինչ որ իրագործեցին»։

Ամուսնութիւն եւ Երկրորդ Շրջապտոյտ

Տարիներէ ի վեր հայրս կը նամակցէր Քլարա Հիւպըրթի հետ, Մանիթուլին Կղզիէն, Օնթարիօ։ Երկուքն ալ ներկայ գտնուած էին 26 Յուլիս 1931–ին Գոլըմպըս, Օհայոյի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին, ուր Աստուածաշունչի Աշակերտները Եհովայի Վկաներ անունը որդեգրեցին։ (Եսայեայ 43։10-12) Շաբաթ մը ետք անոնք ամուսնացան։ Շատ չանցած, հայրս դարձեալ ճամբայ ինկաւ, միսիոնարական երկրորդ շրջապտոյտ մը ընելու Ղարիպեան կղզիները։ Հոն, ան ժողովներ կազմակերպելու եւ ուրիշները տունէ տուն ծառայութեան մէջ մարզելու օգնեց։

Մայրս լուսանկարներ, բացիկներ եւ նամակներ ստացաւ Սիւրինամէն, Սէն Գիթցէն եւ բազմաթիւ ուրիշ վայրերէ։ Նամակները կը տեղեկագրէին քարոզչութեան գործին յառաջդիմութեան մասին եւ երբեմն ալ կարգ մը իրողութիւններ՝ իր գտնուած երկրին թռչուններուն, անասուններուն եւ բոյսերուն մասին։ 1932–ի Յունիսին, հայրս Ղարիպեանի մէջ իր նշանակումը ամբողջացուց եւ սովորականին պէս, նաւուն վրայ 3–րդ կարգի ճամբորդներու յատուկ բաժնին մէջ գիշերելով, վերադարձաւ Գանատա։ Անկէ ետք, մայրս եւ ինք միասնաբար լիաժամ քարոզչութեան մասնակցեցան, 1932-1933–ի ձմեռը Օթաուայի շրջանին մէջ անցընելով, ուրիշ լիաժամ ծառաներու մեծ խումբի մը հետ։

Ընտանեկան Կարճ Կեանք մը

1934–ին, եղբայրս՝ Տէյվիտը ծնաւ։ Երբ տակաւին երախայ էր, մօրս գլխարկի տուփին վրայ կայնելով՝ իր «դասախօսութիւններ»ուն փորձը կ’ընէր։ Իր հօր նման, ան ալ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին Եհովայի հանդէպ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերած է։ Երեքը միասնաբար կը ճամբորդէին ինքնաշարժով՝ որու տանիքին վրայ բարձրախօսներ ամրացուած էին՝ մինչ ժողովքներ կ’այցելէին Գանատայի արեւելեան ափէն մինչեւ արեւմտեան ափը։ 1938–ին, ես ծնայ մինչ հայրս կը ծառայէր Բրիտանական Գոլոմպիայի մէջ։ Տէյվիտ կը յիշէ, որ հայրս զիս անկողինին վրայ դրաւ եւ ինք, մայրս ու Տէյվիտը անոր շուրջ ծունկի եկան, մինչ հայրս ինծի համար շնորհակալութեան աղօթք մը մատուցանեց։

1939–ի ձմրան, Վանքուվըր բնակեցանք, մինչ հայրս այդ շրջանի ժողովքները կ’այցելէր։ Տարիներու ընթացքին մեր հաւաքած բազմաթիւ նամակներուն մէջ կար 14 Յունուար 1939 թուակիր նամակ մը, գրուած՝ երբ ան Վերնոնի մէջ էր, Բրիտանական Գոլոմպիա։ Հայրս զայն Քլարայի, Տէյվիտի եւ Ռութի ուղղած էր, ըսելով. «Միայն պզտիկ համբոյր մը եւ ողջագուրում»։ Անոր մէջ իւրաքանչիւրիս համար պատգամ մը կար։ Ան կը խօսէր հունձքը շատ բայց մշակները քիչ ըլլալուն մասին։—Մատթէոս 9։37, 38

Իր նշանակումէն Վանքուվըր վերադառնալէն շաբաթ մը ետք, ժողովի մը ընթացքին հայրս ուժասպառ գետին ինկաւ։ Հետագային կատարուած ախտաճանաչում մը պարզեց որ ան ուղեղին վրայ խլիրդային ուռ մը ունէր։ 1 Մայիս 1939–ին, ան իր երկրային ընթացքը աւարտեց։ Ես ինը ամսուան էի, իսկ Տէյվիտ հազիւ հինգ տարեկան էր։ Մեր սիրելի մայրը, որ նմանապէս երկնային յոյս ունէր, մինչեւ իր մահը՝ 19 Յունիս 1963–ին՝ Աստուծոյ հաւատարիմ մնաց։

Բարի լուրը բազմաթիւ երկիրներ տանելու իր առանձնաշնորհումին նկատմամբ հօրս զգացումները գեղեցիկ կերպով նկարագրուած էին մօրս ուղղած իր նամակներէն մէկուն մէջ։ Անոր մէջ մասամբ կ’ըսէ. «Եհովա ողորմածօրէն թոյլ տուաւ ինծի որ այս երկիրները երթամ, որպէս լուսատու, Թագաւորութեան պատգամը տանելու համար։ Անոր անունը օրհնեալ ըլլայ։ Տկարութեան եւ անատակութեան ընդմէջէն իր փառքը կը փայլի»։

Ներկայիս, Ճորճ եւ Քլարա Եանկի զաւակները, թոռները եւ թոռնորդիներն ալ մեր սիրալիր Աստուծոյ՝ Եհովայի կը ծառայեն։ Ինծի ըսուեցաւ որ հայրս յաճախ կը մէջբերէր Եբրայեցիս 6։10–ն, որ կ’ըսէ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։ Մենք ալ չենք մոռցած մեր հօրը գործը։

[Նկար՝ էջ 23]

Հայրս, աջին, իր երեք եղբայրներուն հետ

[Նկարներ՝ էջ 25]

Հայրս (կայնած) Եղբայր Վուտվըրդին, Ռատըրֆորտին եւ Մէգմիլընին հետ

Վարը՝ Հայրս (հեռաւոր ձախին) խումբով Եղբայր Ռասըլին հետ

[Նկարներ՝ էջ 26]

Հայրս ու մայրս

Վարը՝ իրենց հարսանեկան օրը

[Նկար՝ էջ 27]

Տէյվիտին ու մօրս հետ, հօրս մահէն քանի մը տարի ետք