Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խանդավառութեամբ ծանուցանէ բարի լուրը

Խանդավառութեամբ ծանուցանէ բարի լուրը

Խանդավառութեամբ ծանուցանէ բարի լուրը

«Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։11

1, 2. Քրիստոնեաները ի՞նչ կեցուածք կը ջանան պահել, որպէս բարի լուրի քարոզիչներ։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ մը շատ ուրախ է իր նոր գործով։ Գործի առաջին օրը, ան անհամբերութեամբ կը սպասէ իր գործատիրոջ հրահանգներուն։ Իր առաջին պարտականութեան ակնկալութեամբ կը նայի եւ զայն շատ լուրջի կ’առնէ։ Ան իր լաւագոյնը ընելու տենչը ունի։

2 Նոյն կերպով, մենք որպէս Քրիստոնեաներ, կրնանք մենք մեզ նկատել որպէս նոր գործաւորներ։ Քանի որ կը յուսանք յաւիտեան ապրիլ, կրնայ ըսուիլ որ մենք տակաւին նոր սկսանք Եհովայի ծառայել։ Վստահաբար, մեր Ստեղծիչը բազմաթիւ պարտականութիւններ վերապահած է մեզի, որոնք մեզ զբաղած պիտի պահեն յաւիտենականութեան մէջ։ Բայց մեր ստացած առաջին պաշտօնը իր Թագաւորութեան բարի լուրի ծանուցումն էր։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։4) Աստուծոյ տուած այս նշանակումը ի՞նչպէս կը նկատենք։ Երիտասարդին նման, կ’ուզենք զայն լաւագոյնս կատարել, նախանձախնդրութեամբ եւ ուրախութեամբ, այո՝ խանդավառութեամբ։

3. Որպէս բարի լուրի քարոզիչ մը յաջողելու համար ի՞նչ կը պահանջուի։

3 Ճիշդ է որ այսպիսի դրական կեցուածք մը պահպանելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Մեր ծառայութենէն զատ, բազմաթիւ ուրիշ պատասխանատուութիւններ ունինք, եւ անոնցմէ ոմանք կրնան ֆիզիքական ու զգացական գետնի վրայ ծանր կշռել մեր վրայ։ Ընդհանուր առմամբ, մենք կը յաջողինք այս բաներուն հոգ տանիլ, միաժամանակ ծառայութեան բաւարար ուշադրութիւն ընծայելով։ Այսուհանդերձ, անիկա կրնայ յարատեւ պայքար մը ըլլալ։ (Մարկոս 8։34) Յիսուս շեշտեց թէ որպէս Քրիստոնեաներ մեր յաջողութիւնը՝ ճգնանք կը պահանջէր։—Ղուկաս 13։24

4. Առօրեայ հոգերը ի՞նչպէս կ’ազդեն մեր հոգեւոր տեսակէտին։

4 Այսքան շատ ընելիք ունենալով, կրնայ ըլլալ որ երբեմն խճողուած կամ ծանրաբեռնուած զգանք։ «Աշխարհիկ հոգեր»ը աստուածպետական գործունէութիւններու հանդէպ մեր եռանդն ու գնահատութիւնը կրնան խեղդել։ (Ղուկաս 21։34, 35, Անթիլիաս. Մարկոս 4։18, 19) Մեր մարդկային անկատար բնոյթին պատճառաւ, կրնանք ‘մեր առաջուան սէրը ձգել’։ (Յայտնութիւն 2։1-4) Եհովայի մատուցած մեր ծառայութեան կարգ մը մասերը կրնան պարզ վարժութիւն դառնալ։ Աստուածաշունչը ի՞նչպէս հարկ եղած քաջալերութիւնը կը հայթայթէ մեզի, որպէսզի ծառայութեան մէջ մեր եռանդը վառ պահենք։

Մեր Սրտին Մէջ՝ «Վառած Կրակի Պէս»

5, 6. Պօղոս առաքեալ քարոզելու իր առանձնաշնորհումը ի՞նչպէս կը նկատէր։

5 Եհովայի մեզի վստահած ծառայութիւնը ա՛յնքան թանկարժէք է, որ չենք կրնար զայն սովորական բան մը նկատել։ Պօղոս առաքեալ բարի լուրի քարոզչութիւնը շատ մեծ առանձնաշնորհում համարեց եւ ինքզինք անոր անարժան նկատեց։ Ան ըսաւ. «Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն փոքրագոյնն եմ, այս շնորհքը տրուեցաւ, հեթանոսներուն մէջ Քրիստոսին անքննելի ճոխութիւնը քարոզելու եւ ամէնքը լուսաւորելու, որպէս զի գիտնան թէ ի՛նչ է այն խորհուրդին տնօրէնութիւնը՝ որ յաւիտեանս ծածկուած էր Աստուծոյ քով, որ ամէն բան ստեղծեց»։—Եփեսացիս 3։8, 9

6 Իր ծառայութեան նկատմամբ Պօղոսի դրական կեցուածքը սքանչելի օրինակ կը հանդիսանայ մեզի։ Հռովմէացիներուն գրած իր նամակին մէջ, ան նշեց. «Որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ ձեզի, . . . աւետարանը քարոզել»։ Ան բարի լուրը քարոզելը ամօթ չէր սեպեր։ (Հռովմայեցիս 1։15, 16) Ան շիտակ կեցուածք ունէր եւ իր ծառայութիւնը կատարելու փափաքով վառուած էր։

7. Հռովմէացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս ի՞նչ բանի դէմ զգուշացուց։

7 Պօղոս առաքեալ նախանձախնդիր տեսակէտ մը պահպանելու կարիքին գիտակցեցաւ, անոր համար Հռովմի Քրիստոնեաներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։11) «Թուլասիրտ» թարգմանուած Յունարէն բառը՝ «դանդաղաշարժ, անփոյթ» գաղափարը կը կրէ։ Թերեւս ներկայիս մեր ծառայութեան մէջ թուլասիրտ չենք, բայց բոլորս ալ արթուն պէտք է ըլլանք հոգեւոր դանդաղաշարժութեան առաջին ախտանշաններուն եւ անմիջապէս որ զանոնք նկատենք, հարկ եղած բարեճշդումները ընենք։—Առակաց 22։3

8. (ա) Ի՞նչ բան Երեմիայի սրտին մէջ «վառած կրակի պէս եղաւ», եւ ինչո՞ւ։ (բ) Երեմիայի փորձառութենէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

8 Երբ յուսալքուած ըլլանք, Աստուծոյ հոգին ալ կրնայ օգնել մեզի։ Երեմիա մարգարէն, զոր օրինակ, առիթով մը յուսալքուած զգաց եւ խորհեցաւ իր մարգարէական գործը կասեցնել։ Ան նոյնիսկ Եհովայի մասին ըսաւ. «Զինք պիտի չյիշեմ, կամ անգամ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ»։ Ասիկա կ’ապացուցանէ՞ր որ Երեմիա հոգեւորապէս տկարացած էր։ Ո՛չ. իրականութեան մէջ, Երեմիայի զօրաւոր հոգեւորականութիւնը, Եհովայի հանդէպ իր ունեցած սէրը եւ ճշմարտութեան հանդէպ իր նախանձախնդրութիւնը զինք զօրացուցին որ շարունակէ մարգարէանալ։ Ան կը բացատրէ. «[Եհովայի խօսքը] սրտիս մէջ վառած կրակի պէս եղաւ՝ ոսկորներուս մէջ գոցուած. եւ յոգնեցայ զանիկա կրելէն ու ալ չեմ կրնար»։ (Երեմեայ 20։9, Արեւմտահայերէն) Բնական է որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներ երբեմն յուսալքութեան մատնուին։ Բայց երբ Եհովայէ օգնութիւն խնդրեն, ան պիտի կարդայ անոնց սիրտը եւ անխնայ անոնց պիտի տայ իր հոգին, եթէ՝ Երեմիայի նման՝ իր խօսքը իրենց սրտին մէջ ունին։—Ղուկաս 11։9-13. Գործք 15։8

«Սուրբ Հոգին Մի՛ Մարէք»

9. Ի՞նչ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ մեզի ի նպաստ սուրբ հոգիին ներգործութեան։

9 Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկեցիներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։19) Այո, աստուածային սկզբունքներուն հակառակ եղող արարքներ եւ կեցուածքներ կրնան մեզի ի նպաստ սուրբ հոգիին ներգործութեան արգելք հանդիսանալ։ (Եփեսացիս 4։30) Ներկայիս, Քրիստոնեաները բարի լուրը քարոզելու նշանակումը ունին։ Մենք խոր յարգանք ունինք այս առանձնաշնորհումին հանդէպ։ Մեզ չի զարմացներ որ Աստուած չճանչցող անհատներ մեր քարոզչութեան հանդէպ արհամարհական վերաբերմունք ունենան։ Բայց երբ Քրիստոնեայ մը գիտակցաբար անտեսէ իր ծառայութիւնը, որպէս հետեւանք, Աստուծոյ խրախուսիչ հոգիին կրակը կրնայ մարիլ։

10. (ա) Մեր ընկեր արարածին տեսակէտը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր վրայ։ (բ) Բ. Կորնթացիս 2։17–ի մէջ, մեր ծառայութեան մասին ի՞նչ վեհ տեսակէտ արտայայտուած է։

10 Քրիստոնէական ժողովքէն դուրս եղողներէն ոմանք կրնան խորհիլ որ մեր ծառայութիւնը պարզապէս գրականութիւն բաշխել է։ Ուրիշներ այն սխալ գաղափարը կազմած են թէ մենք տունէ տուն կ’երթանք նուիրատուութիւններ ստանալու համար։ Եթէ թոյլ տանք որ այսպիսի ժխտական տեսակէտներ ազդեն մեր կեցուածքին, կրնայ ըլլալ որ ծառայութեան մէջ նուազ ազդու ըլլանք։ Փոխանակ թոյլ տալու որ այսպիսի խորհուրդներ ազդեն մեզի, թող որ ի մտի ունենանք թէ Եհովա եւ Յիսուս ի՛նչպէս կը նկատեն մեր ծառայութիւնը։ Պօղոս առաքեալ այս վեհ տեսակէտը բառերով արտայայտեց, երբ ըսաւ. «Մենք շատերուն պէս չենք, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը խարդախեն, հապա կը խօսինք անկեղծութեամբ, որպէս թէ Աստուծմէ ղրկուած ենք եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք Քրիստոսով»։—Բ. Կորնթացիս 2։17

11. Ի՞նչ բան օգնեց որ նախկին Քրիստոնեաները եռանդուն մնան նոյնիսկ հալածանքի ներքեւ, իսկ անոնց օրինակը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։

11 Յիսուսի մահուընէ քիչ ետք, Երուսաղէմի մէջ իր աշակերտները հալածանքի շրջան մը դիմագրաւեցին։ Անոնց սպառնացին եւ պատուիրեցին որ քարոզելը դադրեցնեն։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ անոնք «Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին»։ (Գործք 4։17, 21, 31) Քանի մը տարի ետք Տիմոթէոսի գրած Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան այն դրական կեցուածքը զոր Քրիստոնեաները պէտք է պահպանեն։ Պօղոս ըսաւ. «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։ Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, ո՛չ ալ զիս ասոր համար կապուածս. հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն, Աստուծոյ զօրութեանը համեմատ»։—Բ. Տիմոթէոս 1։7, 8

Մեր Դրացիին Ի՞նչ կը Պարտինք

12. Գլխաւորաբար ի՞նչ պատճառով բարի լուրը կը քարոզենք։

12 Մեր ծառայութեան հանդէպ պատշաճ կեցուածք ունենալու համար, պէտք է շիտակ շարժառիթ ունենանք։ Ինչո՞ւ կը քարոզենք։ Ասոր բուն պատասխանը կը գտնենք սաղմոսերգուին խօսքերուն մէջ. «Քու սուրբերդ [«հաւատարիմներդ», ՆԱ] քեզ պիտի օրհնեն։ Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն. որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը մարդոց որդիներուն գիտցնեն»։ (Սաղմոս 145։10-12) Այո, մենք կը քարոզենք, որպէսզի հանրապէս Եհովան գովաբանենք եւ բոլոր մարդոց առջեւ իր անունը սրբացնենք։ Նոյնիսկ երբ քիչեր ականջ տան մեզի, փրկութեան պատգամը հաւատարմաբար ծանուցանելը Եհովայի փառք կը բերէ։

13. Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ որ ուրիշներուն խօսինք փրկութեան յոյսին մասին։

13 Մարդոց հանդէպ սէրէ մղուած եւ արիւնապարտութենէ զերծ ըլլալու համար ալ կը քարոզենք։ (Եզեկիէլ 33։8. Մարկոս 6։34) Պօղոսի խօսքերը կը հաստատեն ասիկա, երբ կը խօսէր քրիստոնէական ժողովքէն դուրս եղողներուն մասին. «Յոյներուն ու բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ»։ (Հռովմայեցիս 1։14) Պօղոս այն զգացումը ունէր որ մարդոց բարի լուրը քարոզելու պարտական էր, քանի որ Աստուծոյ կամքն էր որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Ներկայիս մենք ալ նոյն սէրն ու պարտաւորութիւնը կը զգանք մեր դրացիին հանդէպ։ Մարդկութեան հանդէպ Եհովայի սէրը մղեց զինք որ իր Որդին երկիր ղրկէր, որպէսզի անոնց համար մեռնէր։ (Յովհաննու 3։16) Անիկա մեծ զոհողութիւն մըն էր։ Մենք ալ Եհովայի սէրը ընդօրինակած կ’ըլլանք, երբ ժամանակ ու ջանք չխնայենք Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ ձեռք ձգուած փրկութեան մասին ուրիշներուն խօսելու համար։

14. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը նկարագրէ քրիստոնէական ժողովքէն դուրս գտնուող աշխարհը։

14 Եհովայի Վկաները իրենց նմանները կը նկատեն որպէս քրիստոնէական եղբայրակցութեան հաւանական անդամներ։ Պէտք է համարձակօրէն քարոզենք, բայց առանց յարձակողական ըլլալու։ Իրականութիւն է որ Աստուածաշունչը զօրաւոր արտայայտութիւններ կը գործածէ, երբ ընդհանուր առումով աշխարհի մասին կը խօսի։ «Աշխարհ» բառը բացասական առումով գործածած է Պօղոս, երբ կը խօսի ‘այս աշխարհի իմաստութեան’ եւ «աշխարհային ցանկութիւններ»ու մասին։ (Ա. Կորնթացիս 3։19. Տիտոս 2։12) Պօղոս Եփեսացի Քրիստոնեաներուն ալ յիշեցուց որ երբ «այս աշխարհին բռնած ճամբովը» կը քալէին, հոգեւորապէս «մեռած» էին։ (Եփեսացիս 2։1-3) Այս եւ նման արտայայտութիւններ, համաձայն են Յովհաննէս առաքեալի խօսքերուն հետ, թէ՝ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։—Ա. Յովհաննու 5։19

15. Քրիստոնէական ժողովքէն դուրս գտնուողներուն նկատմամբ ի՞նչ չենք ըներ եւ ինչո՛ւ։

15 Սակայն մի՛ մոռնաք որ այսպիսի արտայայտութիւններ ընդհանրապէս Աստուծմէ օտարացած աշխարհին կ’ակնարկեն եւ ո՛չ թէ անհատներու։ Քրիստոնեաները չեն կանխորոշեր թէ ոեւէ անհատ ի՛նչպէս պիտի ընդառաջէ քարոզչութեան։ Անոնք ոեւէ անհատ այծ կոչելու հիմ մը չունին։ Մեզի չիյնար ըսել թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը, երբ Յիսուս գայ «ոչխարները այծերէն» զատելու համար։ (Մատթէոս 25։31-46) Յիսուս է նշանակուած Դատաւորը եւ ո՛չ թէ մենք։ Ասկէ զատ, փորձառութիւնները ցոյց տուած են որ շատ յոռի վարք ունեցողներէն ոմանք Աստուածաշունչի պատգամը ընդունած ու փոխուած, եւ մաքուր կեանք վարող Քրիստոնեաներ եղած են։ Հետեւաբար, թէեւ որոշ անհատներու հետ չենք ընկերակցիր, բայց երբ առիթը ներկայանայ, չենք վարանիր անոնց խօսելու Թագաւորութեան յոյսին մասին։ Սուրբ Գիրքը կը խօսի կարգ մը անհատներու մասին, որոնք տակաւին անհաւատ վիճակի մէջ, «յաւիտենական կեանքի համար լաւ տրամադրուած էին»։ Անոնք ի վերջոյ հաւատացեալներ եղան։ (Գործք 13։48, ՆԱ) Բնա՛ւ չենք կրնար գիտնալ թէ որոնք իրապէս լաւ տրամադրուած են, մինչեւ որ անոնց վկայութիւն չտանք, թերեւս կրկին անգամ։ Ասիկա ի մտի ունենալով, տակաւին փրկութեան պատգամը չընդունողներուն հետ «քաղցրութեամբ» եւ «երկիւղածութեամբ» կը վարուինք, յուսալով որ անոնցմէ ոմանք կրնան կեանքի պատգամին ընդառաջել։—Բ. Տիմոթէոս 2։25. Ա. Պետրոս 3։15

16. «Սորվեցնելու արուեստ»ը զարգացնել փափաքելու պատճառներէն մէկը ի՞նչ է։

16 Որպէս ուսուցիչներ հմտութիւններ զարգացնելը, բարի լուրը ծանուցանելու մեր եռանդը պիտի աւելցնէ։ Օրինակ, ոգեւորիչ խաղ մը կամ մարմնամարզանք մը կրնայ անհետաքրքիր ըլլալ այն անհատին որ զայն խաղալ չի գիտեր։ Բայց զայն լաւ խաղցողին համար, անիկա հաճելի է։ Նմանապէս, այն Քրիստոնեաները, որոնք «սորվեցնելու արուեստ»ը կը զարգացնեն, ծառայութեան մէջ իրենց ուրախութիւնը կ’աւելցնեն։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2, ՆԱ. Տիտոս 1։9) Պօղոս խրատեց Տիմոթէոսը. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Սորվեցնելու հմտութիւնը ի՞նչպէս կրնանք զարգացնել։

17. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի գիտութեան համար ‘փափաք մշակել’, իսկ այս գիտութիւնը ի՞նչպէս մեզի օգտակար պիտի ըլլայ ծառայութեան մէջ։

17 Կերպերէն մէկն է յաւելեալ ճշգրիտ գիտութիւն ստանալ։ Պետրոս առաքեալ մեզ կը քաջալերէ. «Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք [«փափաք մշակեցէք», ՆԱ], որպէս զի անով մեծնաք մինչեւ փրկութիւն»։ (Ա. Պետրոս 2։2) Առողջ մանուկ մը ինքնաբերաբար կաթի կը տենչայ։ Բայց Քրիստոնեայ մը պէտք է Աստուածաշունչի գիտութեան համար ‘փափաք մշակէ’։ Ասիկա կարելի է ընել ուսումնասիրութեան եւ ընթերցանութեան լաւ վարժութիւն մը մշակելով։ (Առակաց 2։1-6) Եթէ կը փափաքինք Աստուծոյ Խօսքին հմուտ ուսուցիչներ ըլլալ, ջանքի ու ինքնակրթութեան պէտք ունինք, բայց այսպիսի ջանքեր վարձատրութիւններ կը բերեն։ Աստուծոյ Խօսքը քննելէն առթած հաճոյքը պատճառ պիտի ըլլայ որ հոգիով բորբոքինք, մեր սորված բաները ուրիշներու հետ բաժնելու մեծ փափաք ունենալով։

18. Քրիստոնէական ժողովները ի՞նչպէս կրնան մեզ զինել որ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ գործածենք։

18 Քրիստոնէական ժողովներն ալ Աստուծոյ Խօսքը հմտօրէն գործածելու մէջ կենսական դեր մը կը խաղան։ Երբ հանրային դասախօսութիւններու եւ սուրբ գրային ուրիշ զրոյցներու ընթացքին համարներ կարդացուին, լաւ է որ անոնց հետեւինք մեր Աստուածաշունչէն։ Խոհեմութիւն է ժողովի տարբեր մասերով՝ յատկապէս մեր քարոզչութեան հետ կապ ունեցող նիւթերով՝ մօտէն հետաքրքրուիլ։ Բնա՛ւ պէտք չէ թերագնահատենք ցուցադրութիւններուն արժէքը, թերեւս այդ պահուն մեր միտքը ցրուած ըլլալով։ Դարձեալ, ինքնակրթութեան եւ կեդրոնացման կարիքը կայ։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Քրիստոնէական ժողովները մեր հաւատքը կը կերտեն, մեզի կ’օգնեն որ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ փափաք մշակենք եւ մեզ կը մարզեն որ բարի լուրը եռանդուն կերպով ծանուցանողներ ըլլանք։

Կրնանք Եհովայի Աջակցութեան Վստահիլ

19. Քարոզչութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլը ինչո՞ւ կենսական է։

19 Այն Քրիստոնեաները որոնք ‘հոգիով կը բորբոքին’ եւ բարի լուրը ծանուցանելու մեծ փափաք ունին, կը ջանան կանոնաւորաբար մասնակցիլ ծառայութեան։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Ճիշդ է որ պարագաները կրնան իրարմէ տարբերիլ եւ բոլորը նոյնքան ժամանակ չեն կրնար տրամադրել այս փրկարար գործին։ (Գաղատացիս 6։4, 5) Սակայն, քարոզչութեան մեր տրամադրած ընդհանուր ժամերէն աւելի կարեւոր է թերեւս, թէ որքան յաճախ ուրիշներուն կը խօսինք մեր յոյսին մասին։ (Բ. Տիմոթէոս 4։1, 2) Ո՛րքան շատ քարոզենք, ա՛յնքան աւելի պիտի գնահատենք այս գործին կարեւորութիւնը։ (Հռովմայեցիս 10։14, 15) Երբ կանոնաւորաբար շփման մէջ գանք անկեղծ անհատներու հետ, որոնք կը հառաչեն ու կ’ողբան եւ որոնք յոյս չունին, աւելի գութ ու կարեկցութիւն պիտի զարգացնենք։—Եզեկիէլ 9։4. Հռովմայեցիս 8։22

20, 21. (ա) Մեր դիմաց տակաւին ի՞նչ գործ կայ։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս նեցուկ կը կանգնի մեր ջանքերուն։

20 Եհովա մեզի վստահած է բարի լուրը։ Ասիկա առաջին յանձնարարութիւնն է որ կը ստանանք իրմէ որպէս իր «գործակից»ները։ (Ա. Կորնթացիս 3։6-9) Մենք իրապէս կը փափաքինք այս աստուածատուր պատասխանատուութիւնը ամբողջ սրտով կատարել, մեր լաւագոյնը ընելով։ (Մարկոս 12։30. Հռովմայեցիս 12։1) Աշխարհի մէջ տակաւին շատ ուղղամիտ անհատներ կան, որոնք ճշմարտութեան ծարաւի են։ Ընելիք շա՛տ գործ կայ, բայց մենք Եհովայի աջակցութեան կ’ապաւինինք, մինչ լման կերպով կը կատարենք մեր ծառայութիւնը։—Բ. Տիմոթէոս 4։5

21 Եհովա մեզի կը շնորհէ իր հոգին եւ մեզ կը զինէ «Հոգիին սուր»ով՝ Աստուծոյ Խօսքով։ Իր օգնութեամբ, կրնանք մեր բերանը բանալ «համարձակութեամբ աւետարանին խորհուրդը յայտնելու»։ (Եփեսացիս 6։17-20) Թող որ մեզի համար ալ ըսուի այն ինչ որ Պօղոս առաքեալ գրեց Թեսաղոնիկէի Քրիստոնեաներուն. «Մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։5) Այո, թո՛ղ որ բարի լուրը խանդավառութեամբ քարոզենք։

Հակիրճ վերաքաղ մը

• Կեանքի հոգերուն պատճառաւ, ծառայութեան մէջ մեր խանդավառութեան ի՞նչ կրնայ պատահիլ։

• Բարի լուրը ծանուցանելու մեր փափաքը ի՞նչ կերպով մեր սրտին մէջ «վառած կրակի պէս» պէտք է ըլլայ։

• Ծառայութեան նկատմամբ ո՞ր ժխտական կեցուածքներէն պէտք է զգուշանանք։

• Ընդհանուր առմամբ, մեր հաւատալիքները չբաժնողները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

• Եհովա ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ քարոզչութեան մէջ մեր նախանձախնդրութիւնը պահպանենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 9]

Քրիստոնեաները Պօղոսի եւ Երեմիայի նախանձախնդրութիւնը կ’ընդօրինակեն

[Նկարներ՝ էջ 10]

Ծառայութեան մէջ մեր խանդավառութիւնը Աստուծոյ ու դրացիի հանդէպ սէրէ մղուած է