Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներքին խաղաղութիւն կրնա՞ք գտնել

Ներքին խաղաղութիւն կրնա՞ք գտնել

Ներքին խաղաղութիւն կրնա՞ք գտնել

Ամերիկացի գրող Հէնրի Թըրօ 1854–ին գրեց. «Մարդոց զանգուածներ լռելեայն՝ յուսալքեալ կեանք մը կը վարեն»։

Բացայայտօրէն, իր օրերուն մարդոց մեծամասնութիւնը ներքին խաղաղութիւն չէր վայելեր։ Ասիկա սակայն գրեթէ 150 տարի առաջ էր։ Ներկայիս պարագաները տարբե՞ր են, թէ՝ Թըրոյի խօսքերը տակաւին կիրարկելի են։ Անհատապէս ձեր մասին ի՞նչ կարելի է ըսել. գո՞հ էք ու խաղաղութիւն կը վայելէ՞ք, թէ ոչ անապահով, ապագայի նկատմամբ անորոշ էք, Թըրոյի բառերով՝ ‘լռելեայն՝ յուսալքուած’ էք։

ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ, աշխարհի մէջ շատ բաներ մարդոց ներքին խաղաղութիւնը կը խլեն։ Անոնցմէ քանի մը հատը յիշենք։ Շատ մը երկիրներու մէջ անգործութիւնը եւ տկար եկամուտը աղքատութիւն եւ անոր հետ տնտեսական յուսալքութիւն կը բերէ։ Ուրիշ երկիրներու մէջ շատեր իրենց ուժին մեծ մասը կը վատնեն հարստութիւն եւ նիւթական ստացուածքներ հետապնդելու համար։ Սակայն յաճախ, անոր մէջ պարփակուած մրցակցական կենցաղը մտատանջութիւն կը բերէ ու ո՛չ թէ խաղաղութիւն։ Հիւանդութիւնը, պատերազմը, ոճիրը, անարդարութիւնը եւ հարստահարութիւնն ալ մարդոցմէ կը խլեն խաղաղութիւնը։

Անոնք Ներքին Խաղաղութիւն Փնտռեցին

Շատեր չեն կրնար աշխարհին հետ հաշտուիլ։ Անթոնիոն՝ Պրազիլիոյ Սան Փաւլոյի մէջ հսկայ գործարանի մը բանուորներու ղեկավար մըն էր։ * Ապրելու պայմանները բարեփոխելու յոյսով, ան բողոքներու եւ ցոյցերու մասնակցեցաւ, բայց ասիկա մտքի խաղաղութիւն չբերաւ իրեն։

Ոմանք կը խորհին որ ամուսնութիւնը որոշ չափով հանգստութիւն պիտի բերէ իրենց կեանքին, բայց կրնան յուսախաբ ըլլալ։ Մարկոս յաջող առեւտրական մըն էր։ Ան քաղաքականութեան միջամուխ եղաւ եւ առեւտրական քաղաքի մը քաղաքապետը եղաւ։ Բայց իր ընտանեկան կեանքը ջախջախիչ ձախողութիւն մըն էր։ Երբ իր զաւակները տունը ձգեցին, համաձայնութիւնը անկարելի ըլլալով ինքն ու կինը իրարմէ բաժնուեցան։

Պրազիլիոյ Սալվատորի մէջ, փողոցի երախայ մը՝ Կէրզըն, արկածախնդրութիւն փնտռեց։ Ան քաղաքէ քաղաք թափառեցաւ, բեռնակառքի վարորդներուն հետ ճամբորդելով։ Շատ չանցած ան թմրամոլ մը եղաւ, իր մոլութեան համար գողութիւն ընելով։ Շատ անգամ ոստիկանութեան կողմէ բռնուեցաւ։ Սակայն հակառակ իր յարձակողական ու վայրագ բնաւորութեան, Կէրզըն ներքին խաղաղութեան կը տենչար։ Արդեօք օր մը պիտի կարենա՞ր գտնել զայն։

Երբ Վանիա տակաւին դեռատի մըն էր՝ մայրը մեռաւ եւ ինք տան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց, մէջը ըլլալով՝ իր հիւանդ քրոջ։ Վանիա եկեղեցի կը յաճախէր, բայց Աստուծոյ կողմէ ինքզինք լքուած կը զգար։ Ան անշուշտ մտքի խաղաղութիւն չունէր։

Կար նաեւ Մարսէլոն։ Անոր միակ ուզածը զուարճանալ էր։ Ան ուրիշ երիտասարդներու հետ կը սիրէր հաւաքուիլ՝ պարել, խմել եւ թմրեցուցիչ գործածել։ Անգամ մը կռիւի բռնուեցաւ եւ ուրիշ երիտասարդ մը վիրաւորեց։ Յետոյ, խղճահարուեցաւ եւ սկսաւ Աստուծմէ օգնութիւն խնդրել։ Ա՛ն ալ մտքի խաղաղութիւն կը փնտռէր։

Այս օրինակները մտքի խաղաղութիւնը խլող կարգ մը պարագաներ կը ներկայացնեն։ Արդեօք կերպ մը կա՞ր որ բանուորներու ղեկավարը, քաղաքագէտը, փողոցի երախան, տքնաջան աշխատող աղջիկը եւ հաւաքոյթներու գացող երիտասարդը իրենց փնտռած խաղաղութիւնը գտնէին։ Անոնց պատահած բաներէն կրնա՞նք դաս մը առնել։ Երկու հարցումներուն պատասխանները այո՛ են, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածով։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

[Նկար՝ էջ 3]

Ներքին խաղաղութեան կը տենչա՞ք