Ո՛վ քրիստոնեայ հովիւներ՝ «լայն բացէք ձեր սրտերը»
Ո՛վ քրիստոնեայ հովիւներ՝ «լայն բացէք ձեր սրտերը»
«ԵՀՈՎԱ իմ Հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ»։ Այս խօսքերով, Դաւիթ Աստուծոյ հանդէպ իր կատարեալ վստահութիւնը ցոյց տուաւ։ Հոգեւոր առումով, Եհովա զինք «խոտաւէտ արօտներու» եւ «հանդարտ ջուրերու քով» առաջնորդեց՝ «արդարութեան ճամբաներու մէջ» ուղղելով։ Երբ հակառակորդներով շրջապատուած էր, Դաւիթ օգնութիւն եւ քաջալերութիւն ստացաւ, որ մղեց զինք Եհովայի ըսելու. «Չարէն պիտի չվախնամ, վասն զի դուն ինծի հետ ես»։ Այսպիսի Գերագոյն Հովիւ մը ունենալով, Դաւիթ վճռած էր «շատ օրեր Եհովայի տունը բնակիլ»։—Սաղմոս 23։1-6, ՆԱ
Աստուծոյ միածին Որդին ալ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը վայելեց, եւ այս հոգատարութիւնը կատարելապէս արտացոլացուց աշակերտներուն հետ իր գործառնութեանց մէջ, իր երկրային կեցութեան ընթացքին։ Հետեւաբար, Սուրբ Գրութիւնները իրեն կ’ակնարկեն որպէս «բարի հովիւ», «մեծ Հովիւ» եւ «Հովուապետ»։—Յովհաննու 10։11. Եբրայեցիս 13։20. Ա. Պետրոս 5։2-4
Եհովա եւ Յիսուս Քրիստոս կը շարունակեն զիրենք սիրողները հովուել։ Անոնց հովուութիւնը մասամբ կ’արտացոլացուի ժողովքին մէջի ենթահովիւներու սիրալիր կարգադրութեամբ։ Պօղոս այսպիսի ենթահովիւներու էր որ ուղղեց իր խօսքերը, երբ ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր արիւնովը ստացաւ»։—Գործք 20։28
Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի ձգած օրինակին համաձայն հօտը հովուելը դիւրին գործ մը չէ, սակայն անիկա որեւէ ժամանակէ աւելի կենսական է։ Խորհեցէք աւելի քան մէկ միլիոն Վկաներուն մասին, որոնք վերջին երեք տարիներու ընթացքին մկրտուած են։ Այսպիսի նորեկներ չունին այդ հոգեւոր ենթահողը, որ տարիներու գործունէութենէն յառաջ կու գայ։ Նաեւ խորհեցէք այն Վկաներուն մասին որոնք տակաւին երախայ կամ պատանի են։ Անոնք ոչ միայն իրենց ծնողքին ուշադրութեան կը կարօտին, այլ նաեւ՝ ժողովքի ենթահովիւներուն։
Արդարեւ, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ արտաքին ճնշումներու ենթակայ է, ի ներառեալ՝ շրջապատի ճնշումին։ Բոլորն ալ պէտք է պայքարին, ինքնագոհ ճամբու հետեւելու աշխարհի զօրաւոր հոսանքին դէմ դնելու համար։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, Թագաւորութեան հրատարակիչներ իրենց պատգամին ընդառաջում չտեսնելով՝ կրնան յուսահատիլ։ Շատ հրատարակիչներ առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունին։ Դրամական խնդիրները ուրիշներու արգելք կրնան ըլլալ որ առաջ Թագաւորութիւնը փնտռեն։ Իրականութեան մէջ, բոլորս ալ՝ մէջը ըլլալով երկար ատենէ ճշմարտութեան մէջ եղողներս՝ կարիքը ունինք եւ արժանի ենք սիրալիր հովիւներու օգնութեան։
Պատշաճ Շարժառիթ
Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած էր. «Լայն բացէք ձեր սրտերը»։ (Բ. Կորնթացիս 6։11-13) Լաւ է որ Քրիստոնեայ երէցներ այս խրատին հետեւին իրենց հովուական պարտականութիւններուն մէջ։ Անոնք ասիկա ի՞նչպէս կրնան ընել։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել օգնական ծառաներուն մասին, որոնցմէ շատեր ապագացու հովիւներ են։
Քրիստոնեայ երէցներ հօտին օրհնութիւն մը ըլլալու համար, անոնք պարտականութեան զգացումէ տարբեր շարժառիթ մը պէտք է ունենան։ Անոնց խրատ կը տրուի. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ»։ (Ա. Պետրոս 5։2) Ուրեմն, ազդու կերպով հովուելը ուրիշներուն ծառայելու յօժարակամութիւն եւ փափաք կը պարփակէ։ (Յովհաննու 21։15-17) Անիկա կը նշանակէ ոչխարներուն կարիքները տեսնել եւ շուտով ընդառաջել։ Անիկա կը նշանակէ ուրիշներու հետ մեր վերաբերմունքին մէջ քրիստոնէական ընտիր յատկութիւններ ցուցաբերել, որոնք ծանօթ են որպէս Աստուծոյ հոգիին պտուղները։—Գաղատացիս 5։22, 23
* Սակայն, իրենց ‘սրտերը լայն բացող’ հովիւներ իրենց անձերը անխնայ կը տրամադրեն։ Այսինքն, անոնք պատահական հովուական այցելութիւններէն աւելին կ’ընեն։ Անոնք հօտին անդամները հովուելու համար ամէն պատեհութիւն կ’օգտագործեն։
Հովուելը երբեմն կը պարփակէ եղբայրներուն այցելել իրենց տան մէջ։Ուրիշները Մարզել որ Հովիւներ Ըլլան
Առանց տարիքը նկատի առնելու, ոեւէ եղբայր որ «եպիսկոպոսութեան [«վերատեսչութեան», Տրապիզոն] կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ»։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1) Օգնական ծառաներէն շատեր յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ստանձնելու պատրաստակամութիւնը ցոյց տուած են։ Հետեւաբար, երէցներ այս պատրաստակամ եղբայրներուն ուրախութեամբ կ’օգնեն որ այս կարեւոր քայլը առնեն, որ է՝ ‘վերատեսչութեան ցանկալ’։ Ասիկա կը նշանակէ անոնց մարզում տալ որ ազդու հովիւներ ըլլան։
Աստուծոյ բարձր չափանիշներուն սերտօրէն կառչած ըլլալով, Եհովայի Քրիստոնեայ ժողովքը չէ տկարացած սուտ հովիւներով, որոնց մասին նկարագրուած է Եզեկիէլ 34։2-6–ի մէջ։ Այս վերջինները Եհովայի աչքին իրաւացիօրէն արհամարհելի էին։ Փոխանակ հօտը կերակրելու, անոնք իրենք զիրենք կը կերակրէին։ Անոնք տկարը չէին զօրացներ, հիւանդը չէին բժշկեր, կոտրածը չէին փաթթեր, եւ մոլորածը կամ կորսուածը չէին դարձներ։ Անոնք հօտը հարստահարելով՝ աւելի գայլի պէս կը վարուէին, քան թէ՝ հովիւի պէս։ Անտեսուած ոչխարները ցիրուցան եղան, աննպատակ թափառելով, իրենց հոգ տանող չըլլալուն համար։—Երեմեայ 23։1, 2. Նաւումայ 3։18. Մատթէոս 9։36
Այդ անհաւատարիմ հովիւներուն հակառակը, Քրիստոնեայ հովիւները Եհովայի օրինակին կը հետեւին։ Անոնք ոչխարները հոգեւոր «խոտաւէտ արօտներ» եւ «հանդարտ ջուրերու քով» կ’առաջնորդեն։ Անոնք կը ջանան զանոնք «արդարութեան ճամբաներու մէջ» ուղղել, անոնց օգնելով որ Եհովայի Խօսքը պատշաճօրէն հասկնան եւ զայն անհատապէս կիրարկեն։ Ասիկա ազդու կերպով կրնան ընել, քանի որ «ուսուցանելու ատակ» են։—Ա. Տիմոթէոս 3։2, Անթիլիաս
Երէցները ընդհանուր առմամբ բեմէն կը սորվեցնեն, ժողովքային հանդիպումներու ընթացքին։ Սակայն, անոնք անհատական գետնի վրայ ալ կը սորվեցնեն։ Անշուշտ, ոմանք անհատապէս աւելի լաւ կը սորվեցնեն, մինչ ուրիշներ՝ դասախօսութիւններ տալու պարգեւը ունին։ Սակայն, սորվեցնելու որոշ մարզի մը մէջ նուազ կարողութիւն ունենալը, անպայմանօրէն անհատը անորակելի չի դարձներ որպէս ուսուցիչ։ Երէցները ամէն կարելի միջոցներով՝ հովուութեան ընթացքին իսկ, կը սորվեցնեն։ Հովուութիւնը երբեմն կը կատարուի պաշտօնական կերպով, զոր օրինակ, կազմակերպուած այցելութիւններով։ Սակայն, լաւորակ հովուութիւն կրնայ կատարուիլ նաեւ աւելի անպաշտօն կերպով, որ դարձեալ մեծ օգտակարութիւն ունի։
Հովիւներ եւ Ուսուցիչներ՝ Ամէն Ժամանակ
Բժիշկ մը իր գործը կատարելու համար գիտութեան եւ փորձառութեան կարիքը ունի։ Սակայն, իր հիւանդները կը գնահատեն երբ ան ազնուութիւն, կարեկցութիւն, հոգատարութիւն եւ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ։ Այս յատկութիւնները իր անձնաւորութեան մէկ մասը պէտք է ըլլան։ Նմանապէս, այսպիսի յատկութիւններ լաւ ուսուցիչի եւ հովիւի մը անձնաւորութեան մէկ մասը, իր ամէնօրեայ վարմունքին անբաժան մէկ մասը, պէտք է ըլլան։ Իսկական ուսուցիչ մը, ի պահանջեալ հարկին, իր շուրջը գտնուողներուն սորվեցնելու պատրաստ պիտի ըլլայ։ «Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է», կ’ըսէ Առակաց 15։23–ը։ «Ճիշդ ժամ»ը կրնայ ըլլալ երբ ան բեմին վրայէն կը խօսի, տունէ տուն կը քարոզէ, Թագաւորութեան Սրահին մէջ կամ հեռաձայնով խօսակցութիւն մը կ’ունենայ։ Նմանապէս, լաւ հովիւ մը կը ջանայ ամէն ատեն ընտիր, հոգածու յատկութիւններ ցուցաբերել, ոչ միայն երբ հովուական այցելութիւններ կ’ընէ։ ‘Իր սիրտը լայն բացած’ ըլլալով, ան ոչխարները հովուելու ամէն պատեհութիւն կ’օգտագործէ, անոնց պէտք եղած հոգատարութիւնը ճիշդ ատենին տալով։ Ասիկա է որ զինք իր ոչխարներուն աչքին սիրելի կը դարձնէ։—Մարկոս 10։43
Ներկայիս երէց եղող Վոլֆկանկ, կը յիշէ իր ընտանիքին տրուած ընկերային այցելութիւն մը օգնական ծառայի մը ու անոր կնոջ կողմէ։ Ան կ’ըսէ. «Մեր զաւակները շատ հրճուեցան իրենց հանդէպ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան եւ մեր
անցուցած հաճելի ժամանակին համար։ Անոնք մինչեւ օրս տակաւին անոր մասին կը խօսին»։ Այս օգնական ծառան ցոյց տուաւ թէ հոգածու մէկն էր. ան ‘իր սիրտը լայն բացած էր’։Անհատ մը ‘իր սիրտը լայն բացած’ կ’ըլլայ ուրիշ կերպով մըն ալ. հիւանդներուն այցելելով, անոնց քաջալերական բացիկ մը ղրկելով, կամ հեռաձայնով անոնց հետ խօսելով. որե՛ւէ բան որ ցոյց կու տայ թէ իրենց մասին կը մտածէք։ Օգնութիւն առաջարկեցէք՝ երբ հարկ ըլլայ։ Եթէ խօսիլ ուզեն, ուշի ուշով անոնց մտիկ ըրէք։ Խօսեցէք ձեր ժողովքին մէջ կամ այլ տեղ կատարուող, աստուածպետական դրական եւ ուրախ գործունէութիւններու մասին։ Անոնց օգնեցէք որ Եհովան սիրողներու համար վերապահուած փառաւոր ապագային վրայ կեդրոնացնեն իրենց միտքը։—Բ. Կորնթացիս 4։16-18
Հովուական Այցելութիւններու Կողքին
Հովուելու նպատակը ի մտի ունենալով, բացայայտ է թէ իրենց տան մէջ պաշտօնական կերպով եղբայրներուն հովուական այցելութիւններ տալը թէեւ կարեւոր է, բայց անիկա միայն մէկ մասն է անոր։ Սիրալիր հովիւ մը ‘իր սիրտը լայն կը բանայ’, ամէն պարագաներու ներքեւ եւ ամէն ժամանակ դիւրամերձ ըլլալով։ Իր եղբայրներուն հետ մշակած ջերմ յարաբերութիւնը, անոնց կը հաւաստիացնէ թէ վտանգաւոր ժամանակներուն, չար բաներէ վախնալու պատճառ չունին, գիտնալով որ իրենց սիրելի եղբայրը՝ Քրիստոնեայ Սաղմոս 23։4
հովիւը՝ իրենցմով պիտի հետաքրքրուի։—Ո՛վ բոլոր Քրիստոնեայ հովիւներ, «Լայն բացէք ձեր սրտերը»։ Ձեր եղբայրներուն հանդէպ անկեղծ սէր ցուցաբերեցէք. զանոնք քաջալերեցէք, թարմացուցէք, կարելի եղած ամէն կերպով զանոնք հոգեւորապէս կերտեցէք։ Անոնց օգնեցէք որ հաւատքի մէջ հաստատ մնան։ (Կողոսացիս 1։23) ‘Իրենց սրտերը լայն բացող’ Քրիստոնեայ հովիւներով օրհնուած ըլլալով, ոչխարները բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենան։ Անոնք Դաւիթի նման պիտի վճռեն շատ օրեր Եհովայի տան մէջ բնակիլ։ (Սաղմոս 23։1, 6) Սիրալիր հովիւի մը ուզածը այս չէ՞։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 10 Հովուական այցելութիւններ ընելու մասին թելադրութիւններ կրնաք գտնել Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1993–ին մէջ, էջ 20-23 (Անգլերէն), եւ 15 Մարտ 1996–ին մէջ, էջ 24-27 (Անգլերէն)։
[Շրջանակ՝ էջ 30]
Քրիստոնեայ հովիւներ
• Անկեղծօրէն եւ յօժարակամօրէն կը ծառայեն
• Հօտը կը կերակրեն եւ անոր հոգ կը տանին
• Ուրիշներու կ’օգնեն որ հովիւներ ըլլալու ձգտին
• Հիւանդները կ’այցելեն եւ անոնց հոգ կը տանին
• Արթուն են իրենց եղբայրներուն օգնելու՝ ամէն ատեն
[Նկարներ՝ էջ 31]
Երէցները միշտ հովիւներ են՝ ըլլան դաշտի ծառայութեան, ժողովներու, կամ ընկերային հաւաքոյթներու մէջ