Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնա՛ք մաքուր մնալ անբարոյ աշխարհի մը մէջ

Կրնա՛ք մաքուր մնալ անբարոյ աշխարհի մը մէջ

Կրնա՛ք մաքուր մնալ անբարոյ աշխարհի մը մէջ

ՏՂԱՆ թուխ եւ վայելուչ էր։ Աղջիկը տաղանդաւոր եւ գեղեցիկ էր։ Անոնք նոյն ընկերութեան մէջ կ’աշխատէին։ Աղջիկը իր անձնական ուշադրութեան առարկան դարձուցած էր զայն, իսկ տղան՝ կը հիանար իր վրայ։ Անոնք իրարու նուէրներ կը փոխանակէին։ Շատ չանցած իրարու սիրահարեցան։ Տղան աղջկան համար իր կինը ձգեց։ Վերջաւորութեան, աղջիկը որոշեց իր ամուսնոյն հետ մնալ եւ այս յարաբերութեան վերջ դնել։ Տղան կէս սրտով փորձեց իր կնկան վերադառնալ։ Սակայն, իսկական զղջում չունենալով, չյաջողեցաւ իր ամուսնութիւնը վերականգնել։ Խնդրոյ առարկայ բոլոր անհատները իրենց կեանքը շարունակեցին, սակայն անոնք անվնաս դուրս չեկան այս փորձառութենէն։

Սեռային բարոյականութիւնը այլեւս առաքինութիւն մը չի նկատուիր այս աշխարհին մէջ։ Անսանձ հաճոյք եւ գոհունակութիւն հետապնդելը, սովորական բան մը դարձած է։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Կը թուի թէ շնութիւնը երկրածաւալ երեւոյթ մը, իսկ կարգ մը պարագաներու, ամուսնութեան նման սովորական բան մը դարձած է»։

Այսուհանդերձ, Եհովա Աստուած կը փափաքի որ ամուսնութիւնը «բոլորովին պատուական», եւ ամուսնութեան անկողինը «անարատ» ըլլայ։ (Եբրայեցիս 13։4) Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, . . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Հետեւաբար, աստուածային հաճութիւն վայելելու համար, այս անբարոյ աշխարհին մէջ բարոյական մաքրութիւն պահպանելու կարիքը ունինք։

Ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել, մեզ շրջապատող ապականիչ ազդեցութիւններէն։ Աստուածաշունչի Առակաց գրքին 5–րդ գլուխին մէջ, վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը պատասխաններ կը հայթայթէ։ Եկէ՛ք նկատի առնենք իր ըսածները։

Խոհեմութիւն՝ Ձեզ Պաշտպանելու Համար

Իսրայէլի թագաւորը կը սկսի. «Որդեա՛կ իմ, մտի՛կ ըրէ իմաստութեանս»։ Ան կ’աւելցնէ. «Քու ականջդ իմ հանճարիս տո՛ւր, որպէս զի խոհեմութեամբ վարուիս եւ շրթներդ ցուցնեն քու իմաստութիւնդ»։Առակաց 5։1, 2

Անբարոյութեան փորձութիւններուն դէմ դնելու համար, կարիքը ունինք իմաստութեան՝ սուրբ գրային գիտութիւնը ի գործ դնելու կարողութեան՝ եւ հանճարի, կամ՝ շիտակը սխալէն զանազանելու, ապա՝ շիտակ ընթացքը ընտրելու կարողութեան։ Մեզի յորդոր կը տրուի որ մեր խոհեմութիւնը պահպանելու համար, իմաստութեան եւ հանճարին ականջ տանք։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ուսումնասիրենք, նկատի պէտք է առնենք թէ Եհովա ի՛նչ կերպով կը գործէ, եւ իր կամքին եւ նպատակներուն ականջ տանք։ Ասիկա ընելով, մեր խորհուրդին շիտակ ուղղութիւն տուած կ’ըլլանք։ Այս կերպով ձեռք ձգուած խոհեմութիւնը, աստուածային իմաստութեան եւ գիտութեան հետ ներդաշնակ է։ Երբ պատշաճօրէն ի գործ դրուի, այս կարողութիւնը մեզ կը պաշտպանէ անբարոյ թակարդներու մէջ իյնալէ։

Զգուշացէ՛ք Կակուղ Քիմքէն

Անմաքուր աշխարհի մը մէջ բարոյական մաքրութիւն պահպանելու համար խոհեմութեան կենսական ըլլալուն պատճառը այն է թէ անբարոյ անհատի մը ճամբաները հրապուրիչ են։ Սողոմոն կը զգուշացնէ. «Օտար կնոջ շրթունքներէն խորիսխի մեղր կը կաթի ու անոր քիմքը իւղէն կակուղ է. բայց անոր վախճանը՝ օշինդրի պէս դառն ու երկսայրի թուրի պէս հատու է»։Առակաց 5։3, 4

Այս առակին մէջ, խոտորած անհատը նկարագրուած է որպէս ‘օտար կին’ մը՝ պոռնիկ մը։ * Իր զոհը հրապուրելու համար անոր խօսած խօսքերը խորիսխի մեղրէն անոյշ եւ իւղէն կակուղ են։ Սեռային անբարոյ առաջարկներուն մեծամասնութիւնը այս կերպով չի՞ սկսիր։ Զոր օրինակ, նկատի առէք Էմի անունով 27 տարեկան գրաւիչ տեսք ունեցող քարտուղարուհիի մը փորձառութիւնը։ Ան կը պատմէ. «Աշխատավայրիս մէջ, մարդ մը զիս իր ուշադրութեան առարկան դարձուցած է եւ ամէն առիթով զիս կը գովաբանէ։ Ուրիշի մը կողմէ ուշադրութեան առարկայ դառնալը հաճելի զգացում մըն է։ Սակայն, մտքիս մէջ բացայայտ է որ ան միա՛յն սեռային գետնի վրայ ինծմով հետաքրքրուած է։ Իր մօտեցումները զիս պիտի չհրապուրեն»։ Այր կամ կին հրապուրողի մը փաղաքշական խօսքերը սովորաբար գրաւիչ են, եթէ անոնց իսկական բնոյթը չճանչնանք։ Այս պատճառաւ խոհեմութիւն գործածելու կարիք ունինք։

Անբարոյութեան հետեւանքները օշինդրի պէս դառն եւ երկսայրի թուրի պէս են. անոնք ցաւ եւ մահ կը պատճառեն։ Այսպիսի ընթացքի մը դառն հետեւանքներն են՝ տանջող խիղճ մը, անփափաքելի յղութիւն, կամ սեռայինօրէն փոխանցուած հիւանդութիւն։ Նաեւ խորհեցէք անհաւատարիմ անհատին կողակիցին կրած զգացական սոսկալի տառապանքին մասին։ Անհաւատարմութեան արարք մը կրնայ ա՛յնքան խոր վէրքեր պատճառել, որոնք կեանքի ամբողջ տեւողութեան կը մնան։ Այո, անբարոյութիւնը վիշտ կը պատճառէ։

Կամակոր կնոջ մը կենցաղին մասին խօսելով, իմաստուն թագաւորը կը շարունակէ. «Անոր ոտքերը մահուան կը տանին ու անոր քայլերը դժոխք կը հասնին։ Ան կեանքի ճամբէն ուղիղ չերթար, իր քայլերը փոփոխական են ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ»։ (Առակաց 5։5, 6) Անբարոյ կնկան ճամբաները զինք մահուան կ’առաջնորդեն, իսկ անոր քայլերը՝ Շէօլ, մարդկութեան հասարակաց գերեզմանը։ Այս խօսքերը որքա՜ն ճշմարիտ են սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններու՝ մանաւանդ ԷՅՏԾ–ին՝ համատարած ըլլալուն ի տես։ Այս կնկան վերջաւորութիւնը նման է իր խոտորած ճամբաներուն մէջ իրեն ընկերակցող անհատներու վերջաւորութեան։

Անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց տալով, թագաւորը կը յորդորէ. «Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիք։ Այս կնոջմէն ճամբադ հեռացուր ու անոր տանը դրանը մի՛ մօտենար»։Առակաց 5։7, 8

Անբարոյ մարդոց բանեցուցած ազդեցութենէն կարելի եղածին չափ հեռու պէտք է կենանք։ Ինչո՞ւ անոնց ճամբաներուն ենթարկուինք՝ նուաստացուցիչ երաժշտութիւն մտիկ ընելով, ապականիչ զբօսանքներ դիտելով, կամ մենք մեզ պոռնկագրական նիւթերու ազդեցութեան ենթարկելով։ (Առակաց 6։27. Ա. Կորնթացիս 15։33. Եփեսացիս 5։3-5) Իսկ որքա՜ն յիմարութիւն է անոնց ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրել, փաղաքշական խօսքերով կամ անպատշաճ հագուելակերպով ու շպարումով։—Ա. Տիմոթէոս 4։8. Ա. Պետրոս 3։3, 4

Բարձր Գին մը Վճարել

Ուրիշ ի՞նչ պատճառով կամակոր անհատի մը ճամբաներէն հեռու պէտք է կենանք։ Սողոմոն կը պատասխանէ. «Չըլլայ որ քու փառքդ՝ ուրիշներու եւ տարիներդ անողորմ մարդու տաս։ Չըլլայ որ օտարները քու զօրութենէդ կշտանան ու քու վաստակդ օտարներուն տունը մտնէ եւ քու վերջին ատենդ հառաչես, երբ քու մարմինդ ու անդամներդ մաշին»։Առակաց 5։9-11

Այս կերպով, Սողոմոն կ’ընդգծէ անբարոյութեան անձնատուր ըլլալու բարձր գինը։ Շնութիւնը եւ արժանապատուութեան կամ ինքնայարգանքի կորուստը ձեռք ձեռքի կ’ընթանան։ Իրապէս նուաստացուցիչ չէ՞, մեր կամ ուրիշի մը անբարոյ կրքերը գոհացնելու որպէս միջոց ծառայել։ Մեր կողակիցը չեղող անհատի մը հետ սեռային մտերմութիւն մշակելը ինքնայարգանքի պակաս ցոյց չի՞ տար։

Իսկ ‘մեր տարիները, մեր զօրութիւնն ու վաստակը օտարներուն տալը’ ի՞նչ կը պարփակէ։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Այս համարներուն իմաստը յստակ է. Անհաւատարմութեան գինը կրնայ բարձր ըլլալ. դիրքի, հեղինակութեան, ու բարգաւաճութեան համար անհատի մը տարած ամբողջ աշխատանքը կրնայ կորսուիլ, կնոջ մը ագահ պահանջներուն կամ՝ ընկերութեան պահանջած հատուցումին միջոցաւ»։ Անբարոյ յարաբերութիւնները շատ սուղի կրնան նստիլ։

Իր արժանապատուութիւնը կորսնցուցած եւ ստացուածքը վատնած ըլլալով, անմիտ անհատ մը կրնայ հառաչել, ըսելով. «Ես ի՜նչպէս խրատը ատեցի ու իմ սիրտս յանդիմանութիւնը անարգեց եւ իմ ուսուցիչներուս խօսքին մտիկ չըրի ու իմ ականջս դաստիարակողներուն չտուի, ժողովրդային հաւաքոյթի մէջ ծայր աստիճան թշուառութեան հանդիպեցայ»։Առակաց 5։12-14

Ժամանակ մը ետք, մեղաւորը կ’արտայայտէ ինչ որ ուսումնական մը կը կոչէ «‘երանի’–ներու երկար շարք մը. երանի՜ թէ հօրս մտիկ ընէի. երանի՜ թէ ինքնագլուխ չըլլայի. երանի՜ թէ ուրիշներուն խրատը մտիկ ընէի»։ Սակայն, շատ ուշ կ’անդրադառնայ ասոր։ Այժմ, անմաքուր անհատին կեանքը արդէն քանդուած է, իսկ իր համբաւը՝ արատաւորուած։ Որքա՛ն կենսական է նկատի ունենալ անբարոյութիւն գործելուն բարձր գինը, անոր միջամուխ ըլլալէ առաջ։

«Դուն Քու Ջրամբարէդ Ջուր Խմէ»

Աստուածաշունչը սեռային յարաբերութիւններու մասին վերապա՞հ է։ Բնա՛ւ երբեք։ Այր մարդուն ու կնոջ վայելած վիպական սիրոյ եւ խոր ուրախութեան զգացումը Աստուծմէ պարգեւներ են։ Սակայն, այս մտերմութիւնը միա՛յն ամուսնացած կողակիցներ պէտք է վայելեն։ Ուստի, Սողոմոն ամուսնացած մարդուն այս յորդորը կու տայ. «Դուն քու ջրամբարէդ ջուր խմէ եւ քու ջրհորիդ մէջ վազող ջուրէն։ Քու աղբիւրներդ դուրսը թող տարածուին [«պէ՞տք է տարածուին», ՆԱ], ինչպէս ջուրերու վտակները՝ հրապարակներուն մէջ։ Անոնք միայն քուկդ թող ըլլան, ու ո՛չ թէ՝ քուկդ եւ օտարներուն»։Առակաց 5։15-17

‘Քու ջրամբարդ’ եւ ‘քու ջրհորդ’՝ սիրելի եղող կնոջ մը ակնարկող բանաստեղծական արտայայտութիւններ են։ Անոր հետ սեռային յարաբերութիւն վայելելը թարմացնող ջուր խմելու նմանցուած է։ Հանրային վայրերու մէջ գտնուող աղբիւրներուն հակառակը, ջրամբարը կամ ջրհորը անձնական ստացուածք կը նկատուի։ Իսկ այր մարդուն խրատ կը տրուի որ իր կնոջ հետ, ի՛ր տան մէջ զաւակներու հայր ըլլայ, քան թէ իր սերմը հանրային հրապարակներու մէջ ցրուէ, այսինքն՝ ուրիշ կիներու մէջ։ Բացայայտօրէն, այր մարդուն խրատ կը տրուի որ իր կնոջ հաւատարիմ ըլլայ։

Իմաստուն մարդը կը շարունակէ. «Քու աղբիւրդ օրհնեալ ըլլայ եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր։ Անիկա քեզի սիրելի եղնիկի պէս եւ շնորհալի այծեամի պէս թող ըլլայ։ Ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ թող կշտացնեն ու միշտ անոր սիրովը զմայլէ»։Առակաց 5։18, 19

«Աղբիւր»ը կ’ակնարկէ սեռային գոհունակութեան աղբիւրին։ Ամուսնական կողակիցին հետ սեռային յարաբերութիւնը «օրհնեալ», այսինքն՝ աստուածատուր է։ Հետեւաբար, այր մարդուն յորդոր կը տրուի որ իր երիտասարդութեանը կնոջը հետ ուրախանայ։ Ամուսնոյն համար, կինը՝ եղնիկի մը նման սիրելի ու գեղեցիկ, եւ այծեամի մը նման՝ շնորհալի ու հաճելի է։

Ապա Սողոմոն երկու հռետորական հարցումներ կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ, որդեա՛կ իմ, դուն օտար կնոջ մը սիրովը զմայլիս ու օտար կնոջ կուրծքը գրկես»։ (Առակաց 5։20) Իրապէս, ինչո՞ւ ամուսնացած անհատ մը, գործատեղիին, դպրոցին կամ այլ վայրի մը մէջ, ամուսնութենէն դուրս սեռային մտերմութեամբ հրապուրուի։

Պօղոս առաքեալ հետեւեալ խրատը կու տայ ամուսնացած Քրիստոնեաներուն. «Ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ որոշումի ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին»։ (Ա. Կորնթացիս 7։29) Ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները ‘առաջ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պէտք է խնդրեն’։ (Մատթէոս 6։33) Հետեւաբար, ամուսնացած զոյգեր պէտք չէ իրարմով չափազանց կլանուին, այն աստիճան, որ իրենց կեանքին մէջ Թագաւորութեան շահերուն երկրորդական տեղ մը տան։

Ժուժկալութեան Կարիքը

Սեռային ցանկութիւնները կրնան զսպուիլ։ Եհովայի հաճութիւնը փափաքող անհատներ զանոնք պէ՛տք է զսպեն։ Պօղոս առաքեալ խրատեց. «Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ. ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3, 4

Հետեւաբար, հազիւ թէ երիտասարդներու մէջ սեռային խթանումներ սկսին արթննալ, անոնք շուտով պէտք չէ ամուսնութեան գիրքը նետուին։ Ամուսնութիւնը յանձնառութիւն կը պահանջէ, եւ այսպիսի պատասխանատուութեան մը հետ գլուխ ելլելը հասունութիւն կը պահանջէ։ (Ծննդոց 2։24) Նախընտրելի է որ անհատ մը սպասէ, մինչեւ որ ‘մատղաշ տարիքը անցընէ’, այն ժամանակաշրջանը երբ սեռային զգացումները զօրաւոր կ’ըլլան եւ կրնան անհատին դատողութիւնը խեղաթիւրել։ (Ա. Կորնթացիս 7։36, ՆԱ) Իսկ որքա՛ն անմտութիւն եւ մեղք է, որ ամուսնանալ փափաքող չափահաս մը անբարոյ յարաբերութիւններու միջամուխ ըլլայ, պարզապէս քանի որ հաւանական կողակից մը չկայ։

«Չարագործը Իր Անօրէնութիւններովը Պիտի Բռնուի»

Սեռային անբարոյութեան սխալ ըլլալուն հիմնական պատճառը այն է որ Եհովա՝ Կենսատուն եւ մարդոց սեռային կարողութիւն Պարգեւողը՝ զայն կ’արգիլէ։ Ուստի բարոյական մաքրութեան ամենէն զօրաւոր դրդապատճառը տալով, Սողոմոն Թագաւոր կ’ըսէ. «Մարդուն ճամբաները Տէրոջը աչքերուն առջեւն են ու անոր բոլոր քայլերուն ինք կը հսկէ»։ (Առակաց 5։21) Այո, Աստուծոյ աչքէն բան մը չի վրիպիր, «որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը»։ (Եբրայեցիս 4։13) Սեռային անմաքրութեան որեւէ արարք, ո՛րքան ալ գաղտնի ըլլայ եւ անոր ֆիզիքական ու ընկերային հետեւանքները ի՛նչ որ ալ ըլլան, Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան վնաս կրնայ հասցնել։ Ի՜նչ անմտութիւն է Աստուծոյ հետ մեր խաղաղութիւնը կորսնցնել, քանի մը վայրկեան ապօրինի հաճոյքի համար։

Անբարոյ ճամբաներու մէջ անամօթաբար միջամուխ եղողներէն ոմանք թերեւս անպատիժ մնան, սակայն ասիկա կարճատեւ է։ Սողոմոն կը յայտարարէ. «Չարագործը իր անօրէնութիւններովը պիտի բռնուի ու անիկա իր մեղքին չուաններովը պիտի կապուի։ Անիկա խրատի պակասէն կը մեռնի ու իր մեծ յիմարութիւնովը կը կորսուի»։Առակաց 5։22, 23

Ինչո՞ւ մոլորինք։ Ի վերջոյ, Առակաց գիրքը մեզ կը կանխազգուշացնէ աշխարհի հրապուրիչ ճամբաներուն դէմ։ Նաեւ մեր առջեւ կը դնէ սեռային անբարոյութեան սովորաբար պահանջած գինը՝ մեր առողջութիւնը, նիւթական ստացուածքը, կորովը, եւ արժանապատուութիւնը։ Այսպիսի յստակ նախատեսութիւն ունենալով, բնաւ կարիքը պիտի չունենանք «երանի»–ներու երկար շարքի մը։ Այո՛, իր ներշնչուած Խօսքին մէջ Եհովայի խրատը կիրարկելով, կրնա՛նք բարոյապէս մաքուր մնալ այս անբարոյ աշխարհին մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 «Օտար» բառը կը կիրարկուէր՝ Օրէնքին հետ ներդաշնակ եղող բաներէն շեղած եւ այսպիսով իրենք զիրենք Եհովայէ օտարացուցած անհատներուն։ Ուստի, պոռնիկի մը կ’ակնարկուի որպէս ‘օտար կին’։

[Նկարներ՝ էջ 30]

Անբարոյութեան հետեւանքները օշինդրի պէս դառն են

[Նկարներ՝ էջ 31]

«Քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր»