Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր կեանքը ի՛նչպէս աւելի մեծ իմաստ մը կրնայ ունենալ

Ձեր կեանքը ի՛նչպէս աւելի մեծ իմաստ մը կրնայ ունենալ

Ձեր կեանքը ի՛նչպէս աւելի մեծ իմաստ մը կրնայ ունենալ

ՀԻՆ առակ մը կ’ըսէ. «Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր, քու խորհուրդէդ ետ կեցի՛ր։ Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է. անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ ու արծիւի պէս օդը կը թռչի»։ (Առակաց 23։4, 5) Ուրիշ խօսքով, իմաստութիւն չէ հարստանալ ջանալով մենք մեզ մաշեցնել, քանի որ հարստութիւնը կրնայ թռչիլ՝ որպէս թէ արծիւի նման թեւեր առած։

Ինչպէս Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, նիւթական հարստութիւնը կրնայ շուտով անհետանալ։ Անիկա մէկ գիշերուան մէջ կրնայ ոչնչանալ բնական աղէտի, տնտեսական անկումի, կամ չնախատեսուած պատահարով մը։ Ասկէ զատ, նոյնիսկ նիւթական յաջողութիւն ձեռք ձգող անհատներ, յաճախ յուսախաբ կ’ըլլան։ Նկատի առէք Ճոնին պարագան, որու գործը քաղաքագէտներ, մարզական անձնաւորութիւններ եւ ազնուականներ զբօսցնել էր։

Ճոն կ’ըսէ. «Ի՛նչ որ ունէի՝ գործիս նուիրեցի։ Դրամական գետնի վրայ բարգաւաճեցայ, շքեղ պանդոկներ կ’իջեւանէի, եւ երբեմն, անձնական օդանաւով գործի կ’երթայի։ Սկիզբը, շատ հաճոյք կ’առնէի, սակայն երթալով սկսայ ձանձրանալ։ Այն մարդիկը զորս կը ջանայի հաճեցնել, մակերեսային կը թուէին։ Կեանքս իմաստ չունէր»։

Ինչպէս Ճոնը նկատեց, հոգեւոր արժէքներէ զուրկ կեանք մը, գոհունակութիւն չի տար։ Իր համբաւաւոր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս Քրիստոս ցոյց տուաւ մնայուն ուրախութիւն վայելելու կերպը։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն [«անոնց որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքերուն», ՆԱ], վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է»։ (Մատթէոս 5։3) Բացայայտօրէն ուրեմն, իմաստութիւն է հոգեւոր բաները կեանքի մէջ առաջին տեղը դնել։ Սակայն, ուրիշ բաներ ալ կեանքին աւելի մեծ իմաստ մը կրնան տալ։

Ձեր Ընտանիքը եւ Բարեկամները Իրապէս Կարեւոր Են

Կեանքը հաճելի պիտի ըլլա՞ր, եթէ ձեր ընտանիքին հետ կապ չպահէիք կամ սերտ բարեկամներ չունենայիք։ Վստահաբար ո՛չ։ Մեր Ստեղծիչը մեզ ստեղծած է սիրելու եւ սիրուելու կարիքով մը։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է թէ ինչո՛ւ Յիսուս շեշտեց ‘մեր ընկերը մեր անձին պէս սիրելու’ կարեւորութիւնը։ (Մատթէոս 22։39) Ընտանիքը աստուածային պարգեւ մըն է, որ անձնուրաց սէր ցոյց տալու համար իտէալ պայմաններ կը հայթայթէ։—Եփեսացիս 3։14, 15

Մեր ընտանիքը ի՞նչպէս կրնայ մեր կեանքին աւելի մեծ իմաստ մը տալ։ Միացած ընտանիք մը կրնայ նմանցուիլ գեղեցիկ պարտէզի մը, որ կեանքի առօրեայ ճնշումներէն թարմացուցիչ ապաստանարան մը կը հայթայթէ։ Նմանապէս, ընտանիքին մէջ կազդուրիչ ընկերակցութիւն եւ ջերմութիւն կրնանք գտնել, որ առանձնութեան զգացումները կը փարատէ։ Անշուշտ, ընտանիք մը ինքնաբերաբար այսպիսի ապաստանարան մը չի հայթայթեր։ Բայց երբ ընտանեկան կապերը զօրացնենք, իրարու աւելի կը մօտենանք եւ կեանքը աւելի ճոխ կը դառնայ։ Զոր օրինակ, մեր ամուսնական կողակիցին հանդէպ սէր ու յարգանք ցուցաբերելու համար մեր տրամադրած ժամանակը եւ ուշադրութիւնը, առօրեայ ներդրումներ են, որոնք ի վերջոյ ճոխ արդիւնքներ պիտի տան։—Եփեսացիս 5։33

Եթէ զաւակներ ունինք, զանոնք մեծցնելու համար պէտք է ջանանք պատշաճ միջավայր մը հայթայթել։ Անոնց հետ ժամանակ անցընելը, հաղորդակցութեան կապերը բաց պահելը, եւ զանոնք հոգեւորապէս դաստիարակելը շատ ժամանակի եւ ջանքի կը կարօտին։ Սակայն այս կերպով գործածուած ժամանակն ու ջանքերը կրնան մեզի շատ գոհունակութիւն տալ։ Յաջող ծնողներ զաւակները որպէս օրհնութիւն կը նկատեն, Աստուծմէ ժառանգութիւն մը, որու լաւ հոգ պէտք է տարուի։—Սաղմոս 127։3

Լաւ բարեկամներն ալ գոհացուցիչ եւ իմաստալից կեանք մը ունենալու կը նպաստեն։ (Առակաց 27։9) Կարեկից ըլլալով, կրնանք շատ բարեկամներ ունենալ։ (Ա. Պետրոս 3։8) Հարազատ բարեկամները մեզ կը վերցնեն՝ երբ իյնանք։ (Ժողովողի 4։9, 10) Իսկ «ճշմարիտ բարեկամը . . . նեղութեան ատենուան համար ծնած եղբայր մըն է»։—Առակաց 17։17ՆԱ

Ճշմարիտ բարեկամութիւնը որքա՜ն գոհացուցիչ կրնայ ըլլալ։ Արեւնամուտ մը աւելի տպաւորիչ է, ճաշ մը աւելի համեղ է, եւ երաժշտութիւն մը աւելի հաճելի է, երբ բարեկամի մը հետ բաժնենք։ Անշուշտ, սերտ ընտանիք մը եւ վստահելի բարեկամները իմաստալից կեանքի մը միայն երկու երեսակներն են։ Աստուած ուրիշ ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրած է, որոնք կրնան մեր կեանքին աւելի մեծ իմաստ մը տալ։

Մեր Հոգեւոր Կարիքները Գոհացնենք

Ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, Յիսուս Քրիստոս ուրախութիւնը առնչեց մեր հոգեւոր կարիքներուն գիտակցութեան հետ։ Մենք ստեղծուած ենք թէ՛ հոգեւոր եւ թէ բարոյական կարողութիւններով։ Ուստի, Աստուածաշունչը կ’ակնարկէ ‘հոգեւոր մարդուն’ եւ ‘սրտին ներքին մարդուն’։—Ա. Կորնթացիս 2։15, Երուսաղէմ. Ա. Պետրոս 3։3, 4, Երուսաղէմ

Ըստ Ու. Է. Վայնի Նոր Կտակարանի Բառերուն Բացատրական Բառարան մը, այլաբանական սիրտը կը ներկայացնէ «մարդուն մտային եւ բարոյական ամբողջ գործունէութիւնը, թէ՛ բանաւոր եւ թէ զգացական տարրերը»։ Բացատրելու նպատակաւ, Վայն կ’աւելցնէ. «Ուրիշ խօսքով, սիրտը այլաբանօրէն կը գործածուի ներքին անձին ծածուկ աղբիւրները նկարագրելու համար»։ Միեւնոյն բառարանը նաեւ կը յիշէ թէ «սիրտը, որ ներքնամասը կը գտնուի, ‘ծածուկ մարդը’, . . . իսկական մարդը կը պարունակէ»։

Ի՞նչպէս կրնանք ‘հոգեւոր մարդուն’, կամ ‘ծածուկ մարդուն’, այսինքն՝ ‘սրտին ներքին մարդուն’ կարիքները գոհացնել։ Ասիկա ընելու եւ մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնելու մէջ կարեւոր քայլ մը առած կ’ըլլանք, երբ ընդունինք ներշնչեալ սաղմոսերգուին արտայայտած միտքը, որ երգեց. «Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած. անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք. մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք»։ (Սաղմոս 100։3) Ասիկա ընդունիլը տրամաբանօրէն մեզ կ’առաջնորդէ եզրակացնելու, թէ մենք Աստուծոյ համարատու ենք։ Եթէ կ’ուզենք ‘անոր ժողովուրդին ու անոր արօտին ոչխարներուն’ մէջ պարփակուիլ, իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչի հետ ներդաշնակ պէտք է գործենք։

Ասիկա անպատեհութի՞ւն մըն է։ Ո՛չ։ Երբ գիտակցինք որ մեր վարմունքը Աստուծոյ աչքին կարեւոր է, ասիկա մեր կեանքը աւելի իմաստալից կը դարձնէ։ Անիկա կը քաջալերէ մեզ որ աւելի լաւ անհատներ ըլլանք. ասիկա արժէքաւոր նպատակակէտ մըն է։ Սաղմոս 112։1–ը կ’ըսէ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի»։ Աստուծոյ հանդէպ յարգալից երկիւղը եւ իր պատուիրաններուն հանդէպ սրտանց հնազանդութիւնը, կրնան մեր կեանքին աւելի մեծ իմաստ մը տալ։

Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութիւնը ինչո՞ւ գոհացում կու տայ մեզի։ Քանի որ ունինք խիղճ մը, պարգեւ մը, որ Աստուած ամբողջ մարդկութեան շնորհած է։ Խիղճը բարոյական քննիչ մըն է, որ մեր ըրած բաներուն կամ ընելիք բաներուն համար հաւանութիւն կու տայ կամ ոչ։ Բոլորս ալ տառապող խղճմտանքի մը խայթին փորձառութիւնը ունեցած ենք։ (Հռովմայեցիս 2։15) Սակայն, մեր խիղճը նաեւ կրնայ մեզ վարձատրել։ Երբ Աստուծոյ եւ ընկեր արարածներու հանդէպ անձնուրացօրէն վարուինք, գոհունակութիւն կը զգանք։ Կը գիտակցինք թէ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Ասոր ետին կարեւոր պատճառ մը կայ։

Մեր Ստեղծիչը մեզ այնպիսի կերպով մը ստեղծած է, որ մեր ընկեր արարածներուն փափաքներն ու կարիքները կ’ազդեն մեր վրայ։ Ուրիշներուն օգնելը մեր սրտին հաճոյք կը պատճառէ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը հաւաստիացնէ մեզ, թէ երբ կարօտեալի մը օգնենք, Աստուած ասիկա իրեն հանդէպ բարեհաճութիւն կը նկատէ։—Առակաց 19։17

Ներքին գոհունակութիւն տալէ զատ, մեր հոգեւոր կարիքներուն ուշադրութիւն ընծայելը, կրնա՞յ մեզի գործնական կերպով օգնել։ Միջին Արեւելքէն Րէմոն անունով առեւտրական մը կը հաւատայ թէ կրնա՛յ։ Ան կ’ըսէ. «Իմ միա՛կ նպատակս դրամ շահիլ էր։ Սակայն, այն վայրկեանէն որ սրտիս մէջ ընդունեցի թէ Աստուած մը գոյութիւն ունի եւ թէ Աստուածաշունչը իր փափաքները կը յայտնէ, տարբեր մարդ մը դարձայ։ Այժմ ապրուստ ճարելը, կեանքիս մէջ երկրորդական տեղը կը գրաւէ։ Ջանալով Աստուած հաճեցնել, խնայուած եմ ատելութեան քանդիչ զգացումէն։ Թէեւ հայրս մահացաւ կռիւի մը ընթացքին, սակայն չեմ ցանկար անոր մահուան պատասխանատու եղողներէն վրէժ առնել»։

Ինչպէս Րէմոն գիտակցեցաւ, ‘հոգեւոր մարդուն’ կարիքներուն հոգ տանիլը կրնայ զգացական խոր վէրքեր բուժել։ Սակայն, կեանքը ամբողջովին գոհացուցիչ պիտի չըլլայ, մինչեւ որ իւրաքանչիւր օրուան խնդիրներուն հետ գլուխ չելլենք։

Կրնանք «Աստուծոյ Խաղաղութիւնը» Ունենալ

Այս լարուած աշխարհին մէջ, շատ քիչ օրեր դիւրասահ կ’ընթանան։ Արկածներ կը պատահին, ծրագիրներ կը ձախողին եւ մարդիկ մեզ յուսախաբ կ’ընեն։ Այս ձախողութիւնները կը խլեն մեր ուրախութիւնը։ Սակայն, Եհովա Աստուծոյ ծառայողներուն համար, Աստուածաշունչը ներքին գոհունակութիւն կը խոստանայ՝ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը»։ Այս խաղաղութիւնը ի՞նչպէս ձեռք կը ձգենք։

Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Փոխանակ մեր խնդիրները առանձին շալկելու, պէտք է ջերմեռանդօրէն աղօթենք, մեր ամէն օրուան բեռները Աստուծոյ վրայ ձգելով։ (Սաղմոս 55։22) Երբ հոգեւորապէս աճինք եւ ըմբռնենք թէ Աստուած ի՛նչպէս կ’օգնէ մեզի, այն ատեն, իր Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ այսպիսի աղաչանքներու պատասխանելու Աստուծոյ վրայ մեր ունեցած վստահութիւնը պիտի աւելնայ։—Յովհաննու 14։6, 14. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։3

Եհովա Աստուծոյ՝ «աղօթքի լսող»ին՝ հանդէպ վստահութիւն կերտելէ ետք, աւելի կարող կ’ըլլանք տոկալ երկարատեւ հիւանդութեան, ծերութեան կամ մահուան նման փորձութիւններու։ (Սաղմոս 65։2) Սակայն, իրապէս իմաստալից կեանքի մը համար, ապագան ալ հաշուի պէտք է առնենք։

Մեր Դիմաց Եղող Յոյսով Ուրախանանք

Աստուածաշունչը կը խոստանայ ‘նոր երկինք ու նոր երկիր մը’՝ արդար, հոգածու երկնային կառավարութիւն մը, որ հնազանդ մարդկային ընտանիքի մը վրայ պիտի իշխէ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Աստուծոյ կողմէ խոստացուած այդ նոր աշխարհին մէջ, պատերազմը եւ անարդարութիւնը պիտի փոխարինուին խաղաղութեամբ եւ արդարութեամբ։ Ասիկա վաղանցուկ փափաք մը չէ, այլ՝ համոզում մը, որ կրնայ օրըստօրէ աճիլ։ Անիկա ի՛րապէս բարի լուր՝ եւ վստահաբար, ուրախութեան պատճառ մըն է։—Հռովմայեցիս 12։12. Տիտոս 1։2

Սկիզբը յիշուած Ճոնը, այժմ կը խորհի թէ իր կեանքը աւելի մեծ իմաստ մը ստացած է։ Ան կ’ըսէ. «Թէեւ շատ կրօնասէր մէկը չէի, բայց միշտ Աստուծոյ գոյութեան կը հաւատայի։ Սակայն, այս հաւատքը օգուտ մը չունէր, մինչեւ որ երկու Եհովայի Վկաներ ինծի այցելեցին։ Անոնց վրայ հարցումներու տարափ մը տեղացուցի, ինչպէս՝ ‘Ինչո՞ւ երկրի վրայ ենք։ Ո՞ւր կ’երթանք’։ Անոնց տուած սուրբ գրային գոհացուցիչ պատասխանները, առաջին անգամ ըլլալով, նպատակի զգացում մը արթնցուցին կեանքիս մէջ։ Ասիկա միայն սկիզբն էր։ Ճշմարտութեան հանդէպ ծարաւ մը մշակեցի, որ զիս առաջնորդեց արժանիքներու հանդէպ իմ ամբողջ տեսակէտս փոխելու։ Թէեւ այլեւս նիւթական գետնի վրայ հարուստ չեմ, սակայն հոգեւոր գետնի վրայ ինքզինքս միլիոնատէր կը զգամ»։

Ճոնի նման, թերեւս դուք ալ թոյլ տուած էք որ ձեր հոգեւորականութիւնը տարիներ նիրհէ։ Սակայն, «սրտի իմաստութիւն» զարգացնելով, կրնաք զայն վերարծարծել։ (Սաղմոս 90։12) Վճռակամութեամբ եւ ջանքերով, իսկական ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ յոյս կրնաք ունենալ։ (Հռովմայեցիս 15։13) Այսպիսով, ձեր կեանքն ալ կրնայ աւելի մեծ իմաստ մը ստանալ։

[Նկար՝ էջ 6]

Աղօթքը կրնայ մեզի տալ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը»

[Նկարներ՝ էջ 7]

Գիտէ՞ք թէ ի՛նչ բան ընտանեկան կեանքը աւելի գոհացուցիչ կը դարձնէ