Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր կեանքը կրնա՞յ աւելի մեծ իմաստ մը ունենալ

Ձեր կեանքը կրնա՞յ աւելի մեծ իմաստ մը ունենալ

Ձեր կեանքը կրնա՞յ աւելի մեծ իմաստ մը ունենալ

ԲԱՆԻ մը իսկական արժէքը միշտ իր երեւութական արժէքով չի չափուիր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած ամենէն մեծ թղթադրամին անուանական արժէքը 10,000 տոլար էր։ Սակայն, այն թուղթը որու վրայ անիկա տպուած է, միայն քանի մը սէնթ կ’արժէ։

Բնաւ ձեզի հարց եղա՞ծ է, թէ շատ քիչ իրական արժէք ունեցող թուղթի կտորներ ձեր կեանքին իսկական իմաստ մը կրնան տալ թէ ոչ։ Շատեր կը խորհին թէ կրնան տալ։ Միլիոնաւոր անհատներ գիշեր ցերեկ կ’աշխատին, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ դրամ շահին։ Դրամի ետեւէ ըլլալով, երբեմն ոմանք իրենց առողջութիւնը, բարեկամները եւ նոյնիսկ ընտանիքը կը զոհեն։ Ի՞նչ օգուտ ձեռք ձգելու համար։ Դրամը՝ կամ ինչ որ անով կը գնենք՝ կրնա՞յ իսկական եւ մնայուն գոհունակութիւն բերել։

Ըստ հետախոյզներու, ո՛րքան որ նիւթական ստացուածքներու վրայ հիմնուած գոհունակութիւն փնտռենք, ա՛յնքան քիչ հաւանականութիւն կ’ունենանք զայն գտնելու։ Թղթակից Ալֆի Քոն կ’եզրակացնէ թէ «գոհունակութիւնը պարզապէս ծախու առնուելիք բան մը չէ։ . . . Այն անհատները որոնց համար հարստութիւնը կեանքի մէջ առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ, սովորականէն աւելի կը տառապին մտատանջութենէ եւ յուսալքումէ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր առմամբ՝ աւելի վատ առողջութենէ»։—Ինթըրնէշընըլ Հէրըլտ Թրիպիուն

Թէեւ հետախոյզներ կրնան գիտակցիլ թէ իմաստալից կեանք մը ունենալը դրամէ տարբեր բան մը կը պահանջէ, բայց շատեր նոյնպէս չեն խորհիր։ Ասիկա շատ զարմանալի չէ, քանի որ Արեւմտեան երկիրներու մէջ ապրող անհատներ օրական աւելի քան 3,000 ծանուցումներու տեղատարափին կրնան ենթարկուիլ։ Անոնք ըլլան ինքնաշարժներու կամ շաքարեղէնի համար, այս ծանուցումներուն բացայայտ գաղափարն է՝ ‘Գնեցէ՛ք այս արտադրութիւնը՝ եւ աւելի երջանիկ պիտի ըլլաք’։

Նիւթական արժէքներու յարատեւաբար առաջ քշուելուն հետեւանքը ի՞նչ եղած է։ Հոգեւոր արժէքները յաճախ անտեսուած են։ Նիուզուիք պարբերաթերթի տեղեկագրութեան մը համաձայն, Գոլոնի (Գերմանիա) արքեպիսկոպոսը, վերջերս ըսաւ թէ «մեր ընկերութեան մէջ, այլեւս Աստուծոյ մասին նիւթ չըլլար»։

Կրնայ ըլլալ որ գրեթէ ձեր ամբողջ կորովը ապրուստ ճարելու նուիրած էք։ Թերեւս կը խորհիք որ ուրիշ բան ընելու ժամանակ չունիք։ Սակայն, երբեմն կրնաք զգալ թէ կեանքը աւելի իմաստալից պէտք է ըլլայ, քան նոյն ջաղացքը դարձնելը՝ մինչեւ որ ձեր առողջութիւնը կամ տարիքը պահանջէ որ անոր վերջ դնէք։

Հոգեւոր բաներու աւելի ուշադրութիւն ընծայելը կրնա՞յ աւելի գոհունակութիւն տալ։ Ի՞նչ բան կրնայ ձեր կեանքին աւելի մեծ իմաստ մը տալ։