Յարութեան յոյսը վստա՛հ յոյս մըն է
Յարութեան յոյսը վստա՛հ յոյս մըն է
«Յոյս ունիմ առ Աստուած, . . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ»։—ԳՈՐԾՔ 24։15
1. Ինչո՞ւ կրնանք յարութեան հաւատալ։
ԵՀՈՎԱ յարութեան յոյսը ունենալու համար մեզի հիմնաւոր պատճառներ տուած է։ Ինք խոստացած է որ մեռելները պիտի յարուցանուին, պիտի վերականգնին։ Իսկ մահուան մէջ ննջողներուն նկատմամբ իր նպատակը ա՛նպայման պիտի կատարուի։ (Եսայեայ 55։11. Ղուկաս 18։27) Աստուած մեռելները յարուցանելու իր զօրութիւնը արդէն ցոյց տուած է։
2. Յարութեան յոյսը ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեզի։
2 Իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով մեռելները յարուցանելու Աստուծոյ կարգադրութեան հաւատք ընծայելը կրնայ մեզի ոյժ տալ նեղութեան ժամանակ։ Յարութեան յոյսին վստահելի ըլլալը կրնայ նաեւ օգնել որ մեր երկնաւոր Հօրը հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահենք մինչեւ մահ։ Շատ հաւանաբար, յարութեան վրայ մեր ունեցած յոյսը պիտի զօրանայ, երբ նկատի առնենք Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած յարութեան դրուագները։ Այս բոլոր հրաշքները իրագործուեցան Գերիշխան Տէր Եհովայէ եկած զօրութեամբ։
Անոնք Իրենց Մեռելները Ընդունեցին Յարութիւն Առած
3. Եղիա ի՞նչ ընելու զօրութիւն ստացաւ, երբ Սարեփթայի որբեւարի կնոջ տղան մահացաւ։
3 Եհովայի նախաքրիստոնէական շրջանի վկաներուն Եբրայեցիս 11։35. 12։1) Այդ կիներէն մէկն էր Փիւնիկէի Սարեփթա քաղաքէն աղքատ որբեւարի մը։ Քանի որ Աստուծոյ մարգարէին՝ Եղիայի հանդէպ հիւրասիրութիւն ցոյց տուաւ, հրաշքով իր ալիւրն ու իւղը հայթայթուեցան սովի մը տեւողութեան, որ իր եւ իր զաւկին կեանքին պիտի սպառնար։ Հետագային, երբ տղան մահացաւ, Եղիա զինք անկողնին մէջ պառկեցուց, աղօթեց եւ երեք անգամ տղուն վրայ երկնցաւ եւ աղաղակեց. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, կ’աղաչեմ այս տղուն հոգին իր մարմնին թող դառնայ»։ Աստուած պատճառ եղաւ որ տղուն հոգին, կամ կեանքը, իրեն վերադառնայ։ (Գ. Թագաւորաց 17։8-24) Երեւակայեցէ՛ք այդ կնոջ ուրախութիւնը, երբ իր հաւատքը վարձատրուեցաւ արձանագրուած առաջին յարութեամբ, իր իսկ սիրելի որդւոյն յարութեամբ։
ցուցաբերած հաւատքի ոգեշունչ վերաքննութեան մը մէջ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կիներ իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած»։ (4. Սունամա քաղաքին մէջ Եղիսէ ի՞նչ հրաշք կատարեց։
4 Ուրիշ կին մը, որ յարութեամբ իր մեռելը ընդունեց, Սունամա քաղաքին մէջ կ’ապրէր։ Ան տարեց մարդու մը կինն էր, որ Եղիսէ մարգարէին եւ անոր ծառային հանդէպ ազնիւ վերաբերմունք ցոյց տուաւ։ Ան որդիով մը պարգեւատրուեցաւ։ Սակայն, տարիներ ետք, ան մարգարէն կանչեց, որ գալով տղան տան մէջ մեռած գտաւ։ Եղիսէ աղօթելէ եւ կարգ մը բաներ ընելէ ետք, «տղուն մարմինը տաքցաւ»։ Ան «եօթը անգամ փռնգտաց ու աչքերը բացաւ»։ Այս յարութիւնը անկասկած մեծ ուրախութիւն պատճառեց թէ՛ մօրը եւ թէ տղուն։ (Դ. Թագաւորաց 4։8-37. 8։1-6) Բայց անոնք որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլան, երբ երկրի վրայ յարուցանուին «լաւագոյն յարութեան» մէջ. յարութիւն մը որ անգամ մը եւս չմեռնելո՛ւ կարելիութիւնը կու տայ իրենց։ Յարութեան սիրալիր Աստուծոյն՝ Եհովայի երախտագիտութիւն յայտնելու ի՜նչ պատճառ մը։—Եբրայեցիս 11։35
5. Եղիսէ իր մահուընէ ետք իսկ ի՞նչպէս հրաշքի մը հետ առնչութիւն ունեցաւ։
5 Եղիսէ մեռնելէ ու թաղուելէ ետք, Աստուած անոր ոսկորները զօրացուց սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Կը կարդանք. «Երբ [կարգ մը Իսրայելացիներ] մարդ մը կը թաղէին, ահա [Մովաբացիներու] գունդ մը տեսան։ Մարդը Եղիսէին գերեզմանը նետեցին։ Այն մարդը Եղիսէին ոսկորներուն դպածին պէս կենդանացաւ ու իր ոտքերուն վրայ կայնեցաւ»։ (Դ. Թագաւորաց 13։20, 21) Այդ մարդը որքա՜ն ուրախացած ու զարմացած ըլլալու էր։ Երեւակայեցէք այն ուրախութիւնը զոր պիտի վայելենք, երբ մեր սիրելիները ետ կեանքի գան, Եհովա Աստուծոյ անվրէպ նպատակին համաձայն։
Աստուծոյ Որդին Մեռելներ Յարուցանեց
6. Նային քաղաքին մօտերը Յիսուս ի՞նչ հրաշք կատարեց, եւ այս դէպքը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր վրայ։
6 Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, մեզի հիմնաւոր պատճառներ տուած է, յաւիտենական կեանքի հեռանկարով մեռելներու յարութեան հաւատալու համար։ Նային քաղաքին մօտերը տեղի ունեցած միջադէպ մը կրնայ մեզի օգնել գիտակցելու, թէ Աստուծոյ զօրութեան շնորհիւ այսպիսի հրաշք մը կարելի է։ Առիթով մը, Յիսուս հանդիպեցաւ յուղարկաւորներու, որոնք երիտասարդի մը մարմինը քաղաքէն դուրս կը տանէին թաղումի համար։ Ան այրի կնոջ մը միակ զաւակն էր։ Յիսուս կնոջ ըսաւ. «Մի՛ լար»։ Ապա ան դագաղին դպաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ պատանի, քեզի՛ կ’ըսեմ, Ելի՛ր»։ Իսկոյն մեռելը նստեցաւ ու խօսեցաւ։ (Ղուկաս 7։11-15) Այս հրաշքը անտարակոյս, յարութեան յոյսին վստահ ըլլալուն վրայ մեր համոզումը կը հաստատէ։
7. Յայրոսի աղջկան կապակցաբար ի՞նչ տեղի ունեցաւ։
7 Նկատի առէք նաեւ, Կափառնայումի ժողովրդապետին, Յայրոսի հետ առնչուած դէպքը։ Ան Յիսուսէն խնդրեց որ գայ ու իր 12 տարեկան մահամերձ սիրելի աղջկան օգնէ։ Քիչ ետք լուր եկաւ որ աղջիկը մահացած էր։ Վշտահար Յայրոսի յորդորելով որ հաւատայ, Յիսուս անոր հետ իր տունը գնաց, ուր մարդիկ հաւաքուած կու լային։ Անոնք խնդացին, երբ Յիսուս անոնց ըսաւ՝ «Մանուկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ Ան իրապէս մեռած էր, բայց Յիսուս անոնց ցոյց պիտի տար որ մարդիկ կրնան ճիշդ քունէ զարթնելու նման ետ կեանքի գալ։ Աղջկան ձեռքէն բռնելով, ըսաւ. «Աղջի՛կ, ելիր»։ Ան իսկոյն ոտքի ելաւ եւ «անոր ծնողքը ապշած մնացին»։ (Մարկոս 5։35-43. Ղուկաս 8։49-56) Անտարակոյս, ընտանիքի անդամներ ‘պիտի ապշին’, երբ իրենց սիրելիները Դրախտ երկրին վրայ ապրելու համար յարուցանուին։
8. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ Ղազարոսի գերեզմանին քով։
Յովհաննու 11։1-45) Այս պատմութիւնը ձեզ յոյսով չի՞ լեցներ թէ ձեր սիրելիները Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրելու համար պիտի յարուցանուին։
8 Ղազարոս չորս օրէ մեռած էր, երբ Յիսուս մօտեցաւ իր գերեզմանին եւ անոր առջեւի քարը վերցնել տուաւ։ Հանդիսականներուն ցոյց տալու համար թէ ինք Աստուծոյ տուած զօրութենէն կախեալ էր՝ Յիսուս հանրապէս աղօթելէ ետք մեծ ձայնով մը ըսաւ՝ «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր». իսկոյն ան դո՛ւրս եկաւ։ Անոր ձեռքերն ու ոտքերը տակաւին պատանքով կապուած էին, եւ երեսը վարշամակով պատուած։ «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ», ըսաւ Յիսուս։ Այս հրաշքը տեսնելով, Ղազարոսի քոյրերը՝ Մարիամն ու Մարթան մխիթարելու համար հոն եղողներէն շատեր Յիսուսի հաւատացին։ (9. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուս հիմա ալ կրնայ մեռելները յարուցանել։
9 Երբ Յովհաննէս Մկրտիչ բանտն էր, Յիսուս անոր այս սրտապնդիչ պատգամը ղրկեց. «Կոյրերը կը տեսնեն, . . . մեռելները յարութիւն կ’առնեն»։ (Մատթէոս 11։4-6) Քանի որ երկրի վրայ եղած ժամանակ Յիսուս մեռելներ յարուցանեց, ան վստահաբար ասիկա պիտի կարենայ ընել որպէս Աստուծմէ զօրութիւն առած հոգեղէն հզօր արարած մը։ Յիսուս «յարութիւնն ու կեանք»ն է, իսկ որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ մօտ ապագային «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։—Յովհաննու 5։28, 29. 11։25
Ուրիշ Յարութիւններ Մեր Յոյսը կը Զօրացնեն
10. Առաքեալի մը կողմէ կատարուած առաջին յարութիւնը ի՞նչպէս կը նկարագրէք։
10 Երբ Յիսուս իր առաքեալները ղրկեց որպէս Թագաւորութեան քարոզիչներ, ան ըսաւ. «Մեռելները յարուցանեցէք»։ (Մատթէոս 10։5-8, ստորանիշ) Անշուշտ, ասիկա ընելու համար, անոնք Աստուծոյ զօրութեան պէտք էր ապաւինէին։ Հ.Դ. 36–ին, Յոպպէի մէջ բարեպաշտ կին մը՝ Այծեմնիկ (Տաբիթա), մահացաւ։ Անոր բարերարութիւններուն մաս կը կազմէր հագուստներ կարելը կարօտեալ այրիներուն, որոնք շատ լացին անոր մահուան վրայ։ Աշակերտները անոր մարմինը թաղումի պատրաստեցին եւ Պետրոս առաքեալին լուր ղրկեցին որ գայ, թերեւս մխիթարութեան համար։ (Գործք 9։32-38) Ան վերնատունէն բոլորը դուրս հանեց, աղօթեց ու ըսաւ՝ «Տա՛բիթա, ելիր կայնէ»։ Ան իր աչքերը բացաւ, նստեցաւ, Պետրոսի ձեռքը բռնեց, որ զինք ոտքի հանեց։ Առաքեալի մը կողմէ կատարուած յարութեան այս տեղեկագրութիւնը պատճառ եղաւ որ շատեր հաւատացեալ ըլլան։ (Գործք 9։39-42) Անիկա մեզի ալ յարութեան յուսալու յաւելեալ պատճառ մը կու տայ։
11. Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած վերջին յարութիւնը ի՞նչ էր։
11 Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած վերջին յարութիւնը տեղի ունեցաւ Տրովադայի մէջ։ Երբ Պօղոս իր միսիոնարական երրորդ շրջապտոյտին հոն կեցաւ, ան մինչեւ ուշ գիշեր երկարեց իր բանախօսութիւնը։ Եւտիքոս անունով երիտասարդ մը յոգնութենէն, եւ թերեւս ճրագներու Գործք 20։7-12) Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաները մեծապէս կը մխիթարուին գիտնալով որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իրենց նախկին ընկերակիցները յարութեան յոյսին կատարումը պիտի վայելեն։
տաքութենէն եւ հաւաքուած վայրին խճողուած մթնոլորտէն, քունի անցաւ եւ երրորդ յարկի պատուհանէն վար ինկաւ։ Ան «մեռած վերցուցին», ո՛չ թէ պարզապէս գիտակցութիւնը կորսնցուցած։ Պօղոս՝ Եւտիքոսի վրայ ինկաւ ու գրկեց զինք, ապա դիտողներուն ըսաւ՝ «Մի՛ խռովիք, վասն զի ասոր հոգին իր մէջն է»։ Պօղոս ըսել ուզեց որ երիտասարդին կեանքը վերահաստատուած էր։ Ներկաները «մեծապէս մխիթարուեցան»։ (Յարութիւն՝ Հնամենի Յոյս մը
12. Պօղոս ի՞նչ համոզում յայտնեց երբ Հռովմէացի Կառավարիչ Փելիքսի ներկայութեան կը գտնուէր։
12 Երբ Հռովմէացի Կառավարիչ Փելիքսի ներկայութեան կը գտնուէր, Պօղոս վկայեց. «[Կը] հաւատա[մ] այն ամէն բաներուն, որոնք օրէնքին եւ մարգարէներուն մէջ գրուած են։ Յոյս ունիմ առ Աստուած, . . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։14, 15) Աստուծոյ Խօսքին կարգ մը մասերը, ինչպէս՝ «Օրէնք»ը, ի՞նչպէս մեռելներու յարութեան կը մատնանշեն։
13. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Աստուած յարութեան ակնարկեց, երբ առաջին մարգարէութիւնը տուաւ։
13 Աստուած ի՛նք ալ յարութեան ակնարկում ըրաւ, երբ Եդեմի մէջ առաջին մարգարէութիւնը տուաւ։ Երբ «առաջուան օձը»՝ Բանսարկու Սատանան կը դատապարտէր, Աստուած ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Յայտնութիւն 12։9. Ծննդոց 3։14, 15) Կնոջ սերունդին գարշապարը խայթելը կը նշանակէր Յիսուս Քրիստոսի մահը։ Եթէ այդ Սերունդը անկէ ետք օձին գլուխը պիտի ջախջախէր, Քրիստոս պէտք էր մեռելներէն յարութիւն առնէր։
14. Ի՞նչ առումով Եհովա «մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն»։
14 Յիսուս ըսաւ. «Մեռելներուն յարութիւն առնելը Մովսէս ալ իմացուց մորենիին պատմութեանը մէջ, երբ կը կոչէ. ‘Տէրը՝ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը եւ Յակոբին Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են»։ (Ղուկաս 20։27, 37, 38. Ելից 3։6) Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ մեռած էին, բայց զանոնք յարուցանելու Աստուծոյ նպատակը ա՛յնքան վստահ էր, որ իրեն համար անոնք կարծես ողջ էին։
15. Աբրահամ ինչո՞ւ յարութեան հաւատալու պատճառ ունէր։
15 Աբրահամ յարութեան յոյսին հաւատալու պատճառ ունէր, քանի որ երբ ինք ու իր կինը՝ Սառա յառաջացած տարիքի մէջ էին եւ զաւակներ ունենալու կարողութեան կողմանէ մեռած էին, Աստուած հրաշքով անոնց վերարտադրական զօրութիւնը վերահաստատեց։ Ասիկա յարութեան նման էր։ (Ծննդոց 18։9-11. 21։1-3. Եբրայեցիս 11։11, 12) Երբ իրենց զաւակը՝ Իսահակ շուրջ 25 տարեկան էր, Աստուած Աբրահամի ըսաւ որ զայն զոհ մատուցանէր։ Սակայն, երբ Աբրահամ Իսահակը մեռցնելու վրայ էր, Եհովայի հրեշտակը բռնեց իր ձեռքը։ «Աբրահամ կը մտածէր թէ Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել, ուստի որպէս նախատիպար ընդունեց զանիկա»։—Եբրայեցիս 11։17-19. Ծննդոց 22։1-18
16. Աբրահամ, որ հիմա մահուան քունի մէջ է, ի՞նչ բանի կը սպասէ։
16 Աբրահամ կը յուսար Մեսիայի՝ խոստացեալ Սերունդին իշխանութեան ներքեւ ըլլալիք յարութեան։ Իր նախամարդկային նպաստաւոր դիրքէն, Աստուծոյ Որդին նշմարած էր Աբրահամի հաւատքը։ Ուստի, մարդ Յիսուս Քրիստոս Հրեաներուն ըսաւ. «Ձեր հայրը Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել»։ (Յովհաննու 8։56-58. Առակաց 8։30, 31) Աբրահամ հիմա մահուան քունի մէջ է եւ Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան ներքեւ երկրի վրայ յարուցանուելու կը սպասէ։—Եբրայեցիս 11։8-10, 13
Օրէնքէն եւ Սաղմոսներէն Վկայութիւն
17. ‘Օրէնքին մէջ գրուածները’ ի՞նչպէս Յիսուս Քրիստոսի յարութեան կը մատնանշէին։
17 Պօղոսի ունեցած յարութեան յոյսը ‘Օրէնքին մէջ գրուածներուն’ հետ ներդաշնակ էր։ Աստուած Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Ձեր հունձքէն երախայրի որայ մը քահանային պէտք է բերէք. ան ալ Տէրոջը առջեւ երերցնելով պէտք է մատուցանէ որան, որպէս զի ձեզի համար ընդունելի ըլլայ»։ (Ղեւտացւոց 23։9-14) Թերեւս այս օրէնքը ի մտի ունենալով Պօղոս գրեց. «Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը»։ Որպէս «առաջին պտուղ» Յիսուս յարութիւն առաւ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 16–ին։ Հետագային, իր ներկայութեան ընթացքին, ‘երկրորդական պտուղներուն’՝ հոգիէն օծուած իր հետեւորդներուն յարութիւնը տեղի պիտի ունենար։—Ա. Կորնթացիս 15։20-23. Բ. Կորնթացիս 1։21. Ա. Յովհաննու 2։20, 27
18. Պետրոս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ Յիսուսի յարութիւնը նախագուշակուած էր Սաղմոսներուն մէջ։
18 Սաղմոսներն ալ յարութեան սատար կը կանգնին։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի օրը, Պետրոս առաքեալ Սաղմոս 16։8-11–ն մէջբերեց, ըսելով. «Դաւիթ [Քրիստոսի] համար կ’ըսէ. ‘Ամէն ատեն Տէրը կը տեսնեմ իմ առջեւս, քանզի իմ աջ կողմս է, որպէս զի չսասանիմ. անոր համար ուրախ եղաւ իմ սիրտս ու իմ լեզուս ցնծաց. նաեւ իմ մարմինս ալ յուսով պիտի հանգստանայ, վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու Սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս’»։ Պետրոս աւելցուց. «[Դաւիթ] կանխատեսութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսին յարութեանը համար եւ թէ անոր անձը գերեզմանը չթողուեցաւ եւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ։ Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց»։—Գործք 2։25-32
19, 20. Պետրոս ե՞րբ Սաղմոս 118։22–էն մէջբերում ըրաւ, եւ ասիկա ի՞նչ առնչութիւն ունէր Յիսուսի մահուան ու յարութեան հետ։
19 Քանի մը օր ետք, Պետրոս Սենետրիոնին դիմաց կայնեցաւ եւ դարձեալ Սաղմոսներէն մէջբերեց։ Երբ իրեն հարցուեցաւ որ կաղ մուրացկանը ի՛նչպէս բժշկեց, առաքեալը ըսաւ. «Յայտնի ըլլայ ձեզի ամենուդ ու բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին, որ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ դուք խաչեցիք եւ որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա անով ասիկա ձեր առջեւ բժշկուած կեցեր է։ Անիկա է այն քարը, որ ձեզմէ՝ շինողներէդ՝ անարգուած, անկիւնի գլուխ եղաւ։ Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։—Գործք 4։10-12
20 Պետրոս հոս Սաղմոս 118։22–էն մէջբերեց, կիրարկելով ինչ որ հոն ըսուած էր Յիսուսի մահուան ու յարութեան մասին։ Իրենց կրօնական առաջնորդներուն կողմէ խթանուած, Հրեաները մերժեցին Յիսուսը։ (Յովհաննու 19։14-18. Գործք 3։14, 15) ‘Շինողները քարը մերժելուն’ որպէս հետեւանք Քրիստոս մահացաւ, բայց ‘քարը անկիւնի գլուխ ըլլալը’ կը նշանակէր որ ան երկնքի մէջ հոգեւոր փառքի պիտի բարձրացուէր։ Ինչպէս սաղմոսերգուն նախագուշակեց՝ «Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ»։ (Սաղմոս 118։23) «Քարը» անկիւնին Գլուխը ընելը կը պարփակէր զինք բարձրացնել որպէս Նշանակուած Թագաւոր։—Եփեսացիս 1։19, 20
Յարութեան Յոյսով Կազդուրուած
21, 22. Յոբ ի՞նչ յոյս յայտնեց, ինչպէս արձանագրուած է Յոբայ 14։13-15–ի մէջ, եւ ասիկա ներկայիս ի՞նչպէս կրնայ մխիթարել սգաւորները։
21 Թէեւ անձամբ բնաւ չենք տեսած մեռելներէն յարութիւն առած մէկը, բայց սուրբ գրային կարգ մը դրուագներ տեսանք, որոնք յարութիւնը կ’երաշխաւորեն։ Ուստի, արդար մարդուն՝ Յոբի արտայայտած յոյսը կրնանք սնուցանել։ Երբ կը տառապէր, ան պաղատեցաւ. «Երանի՜ թէ [Եհովա]. . . գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։ Ինծի ժամանակ մը որոշէիր ու ետքը զիս միտքդ բերէիր։ Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։ . . . Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս [«կարօտնաս», ՆԱ]»։ (Յոբայ 14։13-15) Աստուած ‘իր ձեռքերուն գործը պիտի կարօտնայ’, տենչալով յարուցանել Յոբը։ Ասիկա ի՜նչ զօրաւոր յոյս մը կու տայ մեզի։
Յովհաննու 11։35) Բայց որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ Աստուած պիտի կանչէ եւ իր յիշողութեան մէջ եղողները պատասխան պիտի տան։ Անոնք ճամբորդութենէ վերադարձողներու նման պիտի ըլլան՝ ո՛չ հիւանդ, ո՛չ վնասուած, հապա բոլորովին առողջ։
22 Աստուածապաշտ ընտանիքի անդամ մը կրնայ լրջօրէն հիւանդանալ՝ Յոբի նման՝ եւ նոյնիսկ թշնամի մահուան անձնատուր ըլլալ։ Սգաւոր հարազատները կրնան վշտի արցունքներ թափել, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս լացաւ Ղազարոսին մահուան վրայ։ (23. Ոմանք յարութեան յոյսին նկատմամբ իրենց վստահութիւնը ի՞նչպէս արտայայտած են։
23 Հաւատարիմ տարեց Քրիստոնեայի մը մահը մղեց որ հաւատակիցներ գրեն. «Բարեհաճեցէք ընդունիլ մեր խոր ցաւակցութիւնները ձեր մօր կորուստին առթիւ։ Շատ կարճ ժամանակ ետք իրեն բարի գալուստ պիտի մաղթե՛նք՝ գեղեցիկ եւ առողջ վիճակի մէջ»։ Իրենց զաւակը կորսնցուցած ծնողներ ըսին. «Ի՜նչ մեծ ակնկալութեամբ կը սպասենք այն օրը, երբ Ճէյսընը պիտի արթննայ։ Ան իր շուրջը պիտի դիտէ եւ տեսնէ այն Դրախտը որու ա՛յնքան կը տենչար։ . . . Ասիկա ի՜նչ դրդապատճառ մըն է որ մենք ալ՝ զինք սիրողներս՝ հոն ըլլանք»։ Այո, եւ որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ յարութեան յոյսը վստա՛հ յոյս մըն է։
Ի՞նչ է ձեր պատասխանը
• Մեռելներ յարուցանելու Աստուծոյ կարգադրութեան հաւատալը ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ մեզի։
• Սուրբ Գրքին մէջ արձանագրուած ի՞նչ դրուագներ մեզի պատճառ կու տան որ յարութեան յոյսին հաւատանք։
• Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ յարութեան յոյսը հնամենի յոյս մըն է։
• Ննջեցեալներու նկատմամբ մեզ կազդուրող ի՞նչ յոյս կրնանք սնուցանել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 10]
Եհովայէ եկած զօրութեամբ, Եղիա որբեւարիի մը տղան յարուցանեց
[Նկար՝ էջ 12]
Երբ Յիսուս Յայրոսի աղջիկը յարուցանեց, անոր ծնողքը ապշած մնացին
[Նկար՝ էջ 15]
Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի օրը, Պետրոս առաքեալ խիզախօրէն վկայեց որ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առած էր