Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնք ինչո՞ւ զաւակ չունին

Անոնք ինչո՞ւ զաւակ չունին

Անոնք ինչո՞ւ զաւակ չունին

ՏԷԼԷ եւ Ֆոլա, * ամուսնացած զոյգ մը, Դիտարանի Ընկերութեան Նիկերիոյ մասնաճիւղին գրասենեակը կ’աշխատէին ու հոն կ’ապրէին։ Հոն ծառայելու սկսելէ կարճ ժամանակ մը ետք, Ֆոլայի մայրը այցելութեան եկաւ։ Ան երկար ճամբորդութիւն մը ըրած էր զինք շատ մտահոգող հարցի մը մասին խօսելու համար, հարց մը որ իր քունը կը փախցնէր։

Ան ըսաւ անոնց. «Դուք ինծի համար շատ բարիք կ’ընէք։ Նուէրներ կը ղրկէք, եւ ինծի կ’այցելէք։ Սիրոյ այս արտայայտութիւնները ինծի համար թանկարժէք են։ Բայց ասոնք զիս կը մտահոգեն ալ, քանի որ միշտ հարց կու տամ թէ ո՞վ ձեզի այսպիսի բաներ պիտի ընէ, երբ դուք իմ տարիքս հասնիք։ Արդէն երկու տարիէ ամուսնացած էք եւ տակաւին զաւակ չունիք։ Չէ՞ք խորհիր թէ ժամանակն է որ Պէթէլը ձգէք եւ ընտանիք մը կազմէք»։

Մայրը հետեւեալ կերպով կը տրամաբանէր. Տէլէ եւ Ֆոլա Պէթէլի մէջ բաւարար ժամանակ անցուցին։ Հիմա, ժամանակն է որ իրենց ապագային մասին մտածեն։ Վստահաբար ուրիշներ կրնան անոնց գործը շարունակել։ Տէլէ եւ Ֆոլա պէտք չունին լիաժամ ծառայութիւնը դադրեցնելու, անոնք կրնան ծառայութեան ուրիշ մարզի մը ձեռնարկել, որ անոնց զաւակներ ունենալու եւ ծնող մը ըլլալու ուրախութիւններ տայ։

Մօրը Մտահոգութիւնը

Մօրը մտահոգութիւնը հասկնալի էր։ Զաւակներ ծնանելու փափաքը ամէն մշակոյթի եւ ժամանակի համար հիմնական եւ հասարակաց բան մըն է։ Զաւակներ ծնանիլը ուրախութեան եւ յոյսի խոր զգացումներ կ’արթնցնէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Որովայնի պտուղը անոր վարձքն է»։ Այո, զաւակներ բերելու կարողութիւնը, մեր սիրալիր Ստեղծիչին կողմէ թանկագին պարգեւ մըն է։—Սաղմոս 127։3, ստորանիշ

Շատ մը ընկերութիւններու մէջ, ամոլներ զաւակ բերելու ընկերային հսկայ ճնշում կը դիմագրաւեն։ Օրինակի համար, Նիկերիոյ մէջ, ուր կին մը միջին հաշուով վեց զաւկի ծնունդ կու տայ, սովորական է լսել հարսանիքներու ընթացքին նոր ամուսնացած զոյգին ուղղուած հետեւեալ մաղթանքը. «Ինը ամիս ետք, կ’ակնկալենք ձեր տան մէջ լացող երախայի մը ձայնը լսել»։ Որպէս հարսանեկան նուէր, հարսն ու փեսան կրնան մանկական մահճակալ մը ստանալ։ Զոքանչներն ու կեսուրները ուշի ուշով օրացոյցին կը հետեւին։ Եթէ հարսը շուրջ տարիէ մը չյղանայ, անոնք կը սկսին հետաքրքրուիլ, տեսնելու համար թէ արդեօք խնդիր մը կա՞յ որ կրնան լուծել։

Շատ մը մայրերու համար, զոյգ մը կ’ամուսնանայ, որպէսզի զաւակներ բերէ եւ ընտանեկան շառաւիղը շարունակէ։ Ֆոլայի մայրը իրեն ըսաւ. «Ինչո՞ւ ամուսնացար եթէ զաւակներ պիտի չբերէիր։ Մէկը քեզի ծնունդ տուաւ. դուն ալ քու կարգիդ քո՛ւ զաւակներուդ ծնունդ պէտք է տաս»։

Ասկէ զատ, նկատի առնուելիք գործնական պատճառներ կան։ Ափրիկեան շատ մը երկիրներու մէջ, տարեցներուն հոգ տանելու համար կառավարական կարգադրութիւնները քիչ են։ Սովորաբար, զաւակները հոգ կը տանին իրենց տարեց ծնողներուն, ճիշդ ինչպէս որ ծնողները անոնց հոգ տարին երբ դեռ անոնք փոքր էին։ Ուստի Ֆոլայի մայրը կը պատճառաբանէր. եթէ իր զաւակները իրենց կարգին զաւակ չբերեն, վտանգ կայ որ հետագայ տարիներուն անոնք առանձին մնան, անփափաքելի դառնան, աղքատ ըլլան եւ մահուան ատեն թաղող մը չունենան։

Ափրիկէի մեծ մասին մէջ, զաւակներ չունենալը անէծք մը կը նկատուի։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, կիներէն կ’ակնկալուի որ զաւակ բերելու իրենց կարողութիւնը ապացուցանեն նոյնիսկ ամուսնանալէ առաջ։ Զաւակ ունենալու անկարող կիներէն շատեր, խելակորոյս կերպով դեղեր ու բուժումներ կը փնտռեն, ջանալով իրենց ամլութեան ճար մը գտնել։

Այս տեսակէտներուն ի տես, երբ ամուսնացած զոյգեր մտադրաբար զաւակ չեն բերեր, ուրիշներ կը խորհին թէ անոնք իրենք զիրենք առաւելութենէ մը կը զրկեն։ Յաճախ անոնք տարօրինակ, կարճատես եւ խղճալի կը նկատուին։

Ուրախութիւն եւ Պատասխանատուութիւն

Եհովայի ժողովուրդը կ’ընդունի թէ մինչ զաւակներ մեծցնելու մէջ ուրախութիւն կայ, բայց անոր հետ պատասխանատուութի՛ւն ալ կայ։ Աստուածաշունչը Ա. Տիմոթէոս 5։8–ի մէջ, կ’ըսէ. «Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։

Ծնողներ իրենց ընտանիքներուն հոգ պէտք է տանին, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ հոգեւորապէս, եւ ասիկա բաւական ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ։ Անոնք այն տեսակէտը չունին թէ, որովհետեւ Աստուած է զաւակներ պարգեւողը, Ի՛նք անոնց հոգ պիտի տանի։ Անոնք կ’ընդունին թէ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն զաւակներ մեծցնելը, Աստուծոյ կողմէ ծնողներուն նշանակուած լիաժամ պատասխանատուութիւն մըն է. անիկա ուրիշներուն յանձնուելիք բան մը չէ։—Բ. Օրինաց 6։6, 7

Զաւակներ մեծցնելու յանձնարարութիւնը մանաւանդ դժուար է այս «վերջին օրերուն դժուար ժամանակներ»ուն մէջ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, Անթիլիաս) Տնտեսական վատթարացող վիճակներէն զատ, կայ նաեւ ընկերութեան հետզհետէ անբարեպաշտ դառնալը, որ զաւակներ մեծցնելու մարտահրաւէրը կը բարդացնէ։ Ասով հանդերձ, համայն աշխարհի մէջ, անհամար Քրիստոնեայ զոյգեր ընդունած են այս մարտահրաւէրը եւ յաջողութեամբ բարեպաշտ զաւակներ կը մեծցնեն՝ «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) Եհովա այս ծնողները կը սիրէ եւ զանոնք կ’օրհնէ, իրենց ծանր աշխատանքին համար։

Ոմանք Ինչո՛ւ Անզաւակ կը Մնան

Միւս կողմէ, բազմաթիւ Քրիստոնեայ զոյգեր, զաւակ չունին։ Ոմանք ամուլ են, սակայն զաւակ չեն որդեգրեր։ Ուրիշներ, որոնք զաւակ բերելու կարողութիւն ունին, կ’որոշեն չբերել։ Այսպիսի զոյգեր պատասխանատուութենէ խուսափելու կամ ծնողական դժուարութիւնները դիմակալելու վախ ունենալուն համար չէ որ զաւակ չեն բերեր։ Հապա, վճռած են իրենց լման ուշադրութիւնը կեդրոնացնել լիաժամ ծառայութեան զանազան երեսակներուն վրայ, որ կարելիութիւնը պիտի չունենային ընելու՝ եթէ զաւակներ մեծցնէին։ Ոմանք կը ծառայեն որպէս միսիոնարներ։ Ուրիշներ Եհովայի կը ծառայեն ուղեւորութեան գործին կամ Պէթէլի մէջ։

Բոլոր Քրիստոնեաներուն նման, անոնք կը գիտակցին թէ ստիպողական գործ մը կայ ընելիք։ Յիսուս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ Այս գործը ներկայիս կը կատարուի։ Անիկա կենսական գործ մըն է, քանի որ «վերջը»՝ բարի լուրին հնազանդ չեղողներուն կործանումը պիտի նշանակէ։—Մատթէոս 24։14. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8

Մեր ժամանակը կը նմանի այն ժամանակին, երբ Նոյ եւ իր ընտանիքը այն հսկայ տապանը շինեցին, որ զիրենք մեծ Ջրհեղեղէն պահպանեց։ (Ծննդոց 6։13-16. Մատթէոս 24։37) Թէեւ Նոյի երեք զաւակներն ալ ամուսնացած էին, սակայն անոնք միայն Ջրհեղեղէն ետք զաւակ բերին։ Պատճառներէն մէկը այն ըլլալու էր, որ այս ամոլները փափաքեցան իրենց լման ուշադրութիւնն ու կորովը նուիրել այն ատեն կատարուելիք գործին։ Իսկ ուրիշ պատճառ մը, հաւանաբար անոնք չուզեցին նուաստացած եւ վայրագ աշխարհին մէջ զաւակներ բերել, ուր ‘մարդոց չարութիւնը կը շատնար եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր’։—Ծննդոց 6։5

Թէեւ ասիկա չի նշանակեր թէ ներկայիս զաւակներ բերելը սխալ է, բայց Քրիստոնեայ ամոլներէն շատեր զաւակ չեն բերեր, որպէսզի աւելի լման կերպով միջամուխ ըլլան այն ստիպողական գործին, զոր Եհովա յանձնարարած է իր ժողովուրդին։ Կարգ մը ամոլներ ժամանակ մը զաւակ չեն բերած. ուրիշներ որոշած են անզաւակ մնալ, եւ զաւակներ մեծցնելու հաւանականութեան մասին խորհիլ Եհովայի արդար նոր աշխարհին մէջ։ Ասիկա կարճատեսութիւն չէ՞։ Անոնք կեանքէն բան մը չե՞ն կորսնցներ։ Անոնք խղճալի չե՞ն։

Ապահով եւ Ուրախ Կեանք

Նախապէս յիշուած Տէլէն եւ Ֆոլան, աւելի քան տասը տարիէ ի վեր ամուսնացած են, եւ վճռած են անզաւակ մնալ։ Տէլէն կ’ըսէ. «Մեր ազգականները մինչեւ հիմա մեր վրայ ճնշում կը բանեցնեն որ զաւակներ բերենք։ Անոնց գլխաւոր մտահոգութիւնը մեր ապագայ ապահովութիւնն է։ Միշտ մեր գնահատութիւնը կը յայտնենք իրենց նկատառութեան համար, սակայն փափկանկատօրէն կը բացատրենք թէ շատ ուրախ ենք մեր ըրածով։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ապահովութեան, իրենց ուշադրութեան կը յանձնենք թէ մեր վստահութիւնը Եհովայի վրայ դրած ենք, որ բոլոր իրեն հաւատարիմ մնացողներուն բարօրութեամբ հետաքրքրուած է։ Նաեւ կը բացատրենք թէ, զաւակներ ունենալը երաշխիք մը չէ որ երբ ծերանան, իրենց զաւակները իրենց հոգ պիտի տանին։ Ոմանք իրենց ծնողներուն մասին չեն մտածեր իսկ, ուրիշներ օգնելու կարողութիւն չունին, իսկ ոմանք իրենց ծնողներէն առաջ կը մահանան։ Միւս կողմէ, Եհովայի քով մեր ապագան ապահովուած է»։

Տէլէ եւ իրեն նման ուրիշներ, սրտանց կը վստահին իր հաւատարիմ ծառաներուն տուած Եհովայի խոստումին. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ (Եբրայեցիս 13։5) Անոնք նաեւ կը հաւատան թէ «Տիրոջ ձեռքը չէ կարճացել փրկելուց, եւ նորա ականջը չէ ծանրացել լսելուց»։—Եսայեայ 59։1, Արարատ

Վստահութեան ուրիշ պատճառ մը կ’ունենանք, երբ տեսնենք թէ Եհովա ի՛նչպէս թիկունք կը կանգնի իր հաւատարիմ ծառաներուն։ Դաւիթ Թագաւոր գրեց. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ»։ Պահ մը խորհեցէք այս մասին։ Կը ճանչնա՞ք Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մը, որ ‘անտես եղած է’։—Սաղմոս 37։25

Անոնք որոնք իրենց կեանքը Եհովայի եւ իրենց Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն ծառայելով անցուցած են, փոխանակ ցաւով ետ նայելու, գոհունակութեամբ կ’անդրադառնան անոր։ Եղբայր Իրօ Ումա 45 տարի լիաժամ ծառայութեան մէջ եղած է, իսկ ներկայիս Նիկերիոյ մէջ որպէս ճամբորդող տեսուչ կը ծառայէ։ Ան կ’ըսէ. «Թէեւ ես ու կինս զաւակ չունինք, սակայն չենք մոռնար որ Եհովա մեզի մի՛շտ հոգ տարած է, թէ՛ հոգեւորապէս եւ թէ ֆիզիքապէս։ Երբե՛ք բանի մը կարիքը չենք ունեցած։ Ան մեզ պիտի չլքէ երբ ծերանանք։ Լիաժամ ծառայութեան մէջ անցուցած մեր այս տարիները, մեր կեանքին ամենէն ուրախ ժամանակը եղած են։ Երախտապարտ ենք որ կարող ենք մեր եղբայրներուն ծառայել, իսկ մեր եղբայրները կը գնահատեն մեր ծառայութիւնը եւ մեզի կ’օգնեն»։

Թէեւ բազմաթիւ զոյգեր ֆիզիքական զաւակներ չեն ունեցած, սակայն անոնք տարբեր տեսակի զաւակներ ունեցած են՝ Եհովան պաշտող Քրիստոնեայ աշակերտներ։ Յովհաննէս առաքեալ շուրջ 100 տարեկան էր, երբ գրեց. «Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն»։ (Գ. Յովհաննու 4) Յովհաննէսի մեծապէս ուրախացուցած էր իր «որդիներ»ուն՝ իր պատճառաւ «ճշմարտութեան» ծանօթացած անհատներուն, հաւատարմութիւնը։

Նոյն ուրախութիւնը ներկայիս ալ առկայ է։ Նիկերիացի Պէրնիսը, 19 տարիէ ամուսնացած է, եւ ընտրած է անզաւակ մնալ։ Վերջին 14 տարիներու ընթացքին, ան ծառայած է որպէս ռահվիրայ։ Մինչ ան կը մօտենայ տարիքի մը, երբ այլեւս կարելի պիտի չըլլայ որ զաւակներ ծնանի, ան չի զղջար որ իր կեանքը աշակերտելու գործին նուիրած է։ Ան կ’ըսէ. «Կ’ուրախանամ տեսնելով հոգեւոր զաւակներուս մեծնալը։ Նոյնիսկ եթէ բառացի զաւակներ ունենայի, չեմ կարծեր որ անոնք ինծի աւելի մօտիկ պիտի ըլլային, քան անոնք՝ որոնց օգնեցի որ ճշմարտութիւնը ճանչնան։ Անոնք հետս կը վարուին որպէս թէ անոնց հարազատ մայրը ըլլայի. հետս կը խօսին իրենց ուրախութիւններուն եւ խնդիրներուն մասին, եւ ինծմէ խրատ կը հայցեն։ Ինծի նամակներ կը գրեն եւ իրարու այցելութիւններ կու տանք։

«Ոմանք մարմնաւոր զաւակներ չունենալը անէծք մը կը նկատեն։ Կ’ըսեն թէ երբ ծերանաս պիտի տառապիս։ Սակայն ես հարցը այդ կերպով չեմ դիտեր։ Գիտեմ թէ ա՛յնքան ատեն որ բոլորանուէր կերպով Եհովայի կը ծառայեմ, ան զիս պիտի վարձատրէ եւ ինծի հոգ պիտի տանի։ Ան զիս երեսէ պիտի չձգէ երբ ծերանամ»։

Աստուծմէ Սիրուած եւ Գնահատուած

Անոնք որոնք ‘ճշմարտութեան մէջ քալող’ զաւակներ ծնած եւ մեծցուցած են, մեծապէս երախտապարտ ըլլալու պատճառ ունին։ Զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր համար պիտի ուրախանայ։ Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ»։—Առակաց 23։24, 25

Այն Քրիստոնեաները որոնք զաւակներ աշխարհ բերելու եւ զանոնք մեծցնելու ուրախութիւնը չեն վայելած, ուրիշ կերպերով օրհնուած են։ Այս ամոլներէն շատեր Թագաւորութեան շահերը աչքառու կերպով յառաջ տանելու մէջ կենսական դեր մը խաղցած են։ Տարիներու ընթացքին, անոնք փորձառութիւն, իմաստութիւն, եւ հմտութիւններ ձեռք ձգած են, որոնք զիրենք կարող դարձուցած են Թագաւորութեան գործին մեծապէս նպաստելու։ Անոնցմէ շատեր գործին առաջաւոր գծին վրայ կը գտնուին։

Թէեւ անոնք Թագաւորութեան շահերուն սիրոյն անզաւակ մնացած են, սակայն Եհովա զանոնք օրհնած է սիրալիր հոգեւոր ընտանիքով մը, որ խորապէս կը գնահատէ անոնց ըրած զոհողութիւնները։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ՝ «Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, . . . կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր . . . եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը»։—Մարկոս 10։29, 30

Եհովայի աչքին որքա՜ն թանկագին են այս բոլոր հաւատարիմ անհատները։ Պօղոս առաքեալ այս բոլոր հաւատարիմներուն, թէ՝ զաւակ ունեցողներուն եւ թէ չունեցողներուն, երաշխիք կու տայ ըսելով. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք»։—Եբրայեցիս 6։10

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Անունները փոխուած են։

[Նկարներ՝ էջ 23]

Անզաւակ ամոլներ օրհնուած են սիրալիր հոգեւոր ընտանիքով մը