Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան սիրողները իր աչքին թանկագին են

Եհովան սիրողները իր աչքին թանկագին են

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Եհովան սիրողները իր աչքին թանկագին են

ԼԻԲԱՆԱՆ Աստուածաշունչի ժամանակներէն ի վեր համբաւաւոր է իր բնական աղբիւրներով։ (Սաղմոս 72։16. Եսայեայ 60։13) Յատկապէս գնահատուած էին իր վեհաշուք մայրիները, որոնց պահանջքը շատ էր շինարարութեան մէջ, իրենց գեղեցկութեան, բոյրին եւ տոկունութեան համար։ Առաջին դարուն, ա՛լ աւելի թանկարժէք բան մը դուրս եկաւ Լիբանանէն։ Մարկոսի Աւետարանը կը տեղեկագրէ թէ Լիբանանէն՝ Տիւրոսէն ու Սիդոնէն՝ ‘մեծ բազմութիւն մը Յիսուսի ետեւէն գնաց, երբ լսեց ինչ որ կ’ընէր’։—Մարկոս 3։7, 8

Նմանապէս այսօր, Լիբանան կը շարունակէ Եհովայի աչքին շատ թանկարժէք եղող պտուղ տալ։ Հետեւեալ փորձառութիւնները աչքառու կը դարձնեն ասիկա։

• Դպրոցին մէջ, Ուիսամ անունով երիտասարդ Վկայէ մը խնդրուեցաւ որ 30 վայրկեաննոց դասախօսութիւն մը ներկայացնէ իր դասարանին։ Ուիսամ խորհեցաւ թէ ասիկա վկայութիւն տալու լաւ պատեհութիւն մը կրնար ըլլալ։ Ուստի, Կեանքը Ի՞նչպէս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ գիրքը գործածեց եւ ստեղծագործութեան նիւթին շուրջ դասախօսութիւն մը պատրաստեց։ Սակայն, երբ Ուիսամի ուսուցիչը նիւթը տեսաւ, ըսաւ թէ անոր կարեւորութեան ի տես՝ Ուիսամ կրնար իր դասախօսութիւնը 45 վայրկեան ներկայացնել։

Երբ Ուիսամ իր դասախօսութիւնը սկսաւ, ուսուցիչը ընդմիջեց զինք եւ տնօրէնուհին կանչել տուաւ։ Շատ չանցած տնօրէնուհին հասաւ, եւ Ուիսամ իր դասախօսութիւնը վերսկսաւ։ Մինչ դասախօսութեան բացման մէջ Ուիսամի հարցուցած հարցումները մտիկ կ’ընէր, տնօրէնուհին ոգեւորուեցաւ եւ ըսաւ թէ բոլոր աշակերտներն ալ այս դասախօսութենէն պատճեն մը պէտք է ստանան։

Քիչ ետք, հոնկէ անցնող ուրիշ ուսուցիչ մը դասարանին մէջ տիրող ոգեւորութիւնը նկատելով հարցուց թէ ի՛նչ կ’անցնէր կը դառնար։ Երբ տեղեկացաւ, Ուիսամին հարցուց թէ ի՛նչ կը փորձէր ապացուցանել, ստեղծագործութի՞ւն թէ՝ բարեշրջութիւն։ Ան պատասխանեց. «Ստեղծագործութի՛ւն»։ Երբ ուսուցիչը գիտցաւ թէ Ուիսամ Եհովայի Վկայ մըն էր, իր խօսքը դասարանին ուղղելով ըսաւ. «Իր դասախօսութեան մէջ պիտի տեսնէք թէ գիտութիւնը ստեղծագործութեա՛ն թիկունք կը կանգնի, եւ ոչ թէ՝ բարեշրջութեան»։

Երեւան եկաւ որ այս ուսուցիչը Ստեղծագործութիւն գրքէն օրինակ մը ունէր եւ զայն կը գործածէր համալսարանին մէջ բանախօսութիւններ ներկայացնելու համար։ Մեկնելէն առաջ ան հարցուց թէ կրնա՞ր յաջորդ օրը իր աշակերտներուն հետ վերադառնալ, որպէսզի Ուիսամ կարենար իր դասարանին ալ խօսիլ։ Ասիկա Եհովայի մասին ուրիշ հոյակապ վկայութիւն մը եղաւ։

• Քսաներկու տարեկան Նինան ճշմարտութեան ջուրերուն ծարաւը ունէր։ Օր մը հօրաքրոջ տղան իրեն Աստուածաշունչ մը տուաւ եւ զինք Պէնտէկոստական Եկեղեցիին ծանօթացուց։ Նինան հաճոյքով կարդաց Աստուածաշունչը եւ իր կարդացածէն սորվեցաւ թէ Քրիստոնեաները պէտք է քարոզեն, ուստի սկսաւ իր ծանօթներուն խօսիլ։ Որու որ խօսէր իրեն կը հարցնէին. «Եհովայի Վկա՞յ ես»։ Ասիկա զինք շփոթեցուց։

Վեց տարի ետք, Եհովայի Վկաները Նինայի տունը այցելեցին եւ անոր Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսեցան։ Սկիզբը, ան փորձեց անոնց ուսուցումներուն մէջ սխալներ գտնել։ Սակայն, ան նկատեց թէ անոնց բոլոր պատասխանները տրամաբանական եւ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած էին։

Նինայի սորված բաները՝ Աստուծոյ Եհովա անունը, Թագաւորութեան օրհնութիւնները, եւայլն՝ զինք համոզեցին որ ճշմարտութիւնը գտած էր։ Ան իր կեանքը Աստուծոյ նուիրեց եւ մկրտուեցաւ։ Վերջին եօթը տարիներու ընթացքին, Նինա ծառայած է որպէս լիաժամ քարոզիչ մը։ Իրապէս, Եհովա կ’օրհնէ իրեն հանդէպ իսկական սէր ունեցող անհատները։—Ա. Կորնթացիս 2։9