Զէնք շինելու տեղ՝ կեանքեր փրկել
Կենսագրութիւն
Զէնք շինելու տեղ՝ կեանքեր փրկել
ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ԻՍԻՏՈՐՈՍ ԻՍՄԱՅԻԼԻՏԻՍ–Ի ԿՈՂՄԷ
Ծունկի եկած էի, մինչ արտասուքը այտերէս վար կը հոսէր։ Աղօթեցի ըսելով. «Ո՛վ Աստուած, խղճմտանքս ինծի կ’ըսէ թէ չեմ կրնար շարունակել զինագործութեամբ զբաղիլ։ Շատ ջանացի ուրիշ գործ մը գտնել, բայց չկարողացայ։ Վաղը, հրաժարականս պիտի ներկայացնեմ։ Հաճիս Եհովա, թոյլ մի՛ տար որ մեր չորս զաւակները հացի կարօտ ըլլան»։ Ի՞նչպէս այս վիճակին հասայ։
ԿԵԱՆՔԸ խաղաղ եւ պարզ էր, Տրամայի՝ հիւսիսային Յունաստանի մէջ, ուր ծնած էի 1932–ին։ Հայրս միշտ կ’ըսէր ինծի, թէ երբ մեծնամ ի՛նչ կ’ուզէր որ ընեմ։ Զիս քաջալերեց որ Միացեալ Նահանգներ երթամ, ուսում ստանալու համար։ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին Յունաստան կողոպուտի ենթարկուելէ ետք, Յոյներու մէջ խօսք մը տարածուեցաւ. «Կրնա՛ք մեր ստացուածքը կողոպտել, սակայն, երբեք չէք կրնար մեր մտքին մէջ եղածը կողոպտել»։ Վճռած էի բարձր ուսում ստանալ եւ ձեռք ձգել բան մը, որ ոեւէ անհատ պիտի չկարենար գողնալ։
Փոքր տարիքէս միացած էի պատանեկան զանազան խումբերու, որոնք Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիին կողմէ խնամակալուած էին։ Հոն, մեզի կ’ըսուէր որ վտանգաւոր աղանդներէ խուսափինք։ Յատկապէս կը յիշեմ խումբի մը՝ Եհովայի Վկաներուն՝ անունը, քանի որ կ’ենթադրուէր թէ անոնք հակաքրիստոսը կը ներկայացնէին։
1953–ին, Աթէնքի մէջ արուեստից վարժարանէ մը շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Գերմանիա ճամբորդեցի, փորձելով գործ մը գտնել եւ միեւնոյն ատեն դպրոց երթալ։ Բայց ասիկա չյաջողեցաւ, ուստի ուրիշ երկիրներ ճամբորդեցի։ Քանի մը շաբաթ ետք, կը գտնուէի Պելճիքայի մէկ նաւահանգիստը՝ դատարկ գրպանով։ Կը յիշեմ որ հոն եկեղեցի մը մտայ, նստայ եւ այնքան շատ լացի որ գետինը արցունքով ծածկուեցաւ։ Աղօթեցի որ
եթէ Աստուած ինծի օգնէր Միացեալ Նահանգներ հասնելու, հոն նիւթական բաներ պիտի չհետապնդէի, այլ՝ ուսումս պիտի շարունակէի եւ պիտի ջանայի օրինակելի Քրիստոնեայ եւ քաղաքացի մը ըլլալ։ Ի վերջոյ, 1957–ին, Միացեալ Նահանգներ հասայ։Նոր Կեանք մը Միացեալ Նահանգներու Մէջ
Լեզուն չգիտցող եւ դրամ չունեցող գաղթականի մը համար, Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքը դժուար էր։ Գիշերը երկու գործ կ’աշխատէի, իսկ ցերեկը կը ջանայի դպրոց յաճախել։ Քանի մը քոլէճներ յաճախեցի եւ համալսարանական վկայական մը ստացայ։ Ապա Լոս Անճէլոսի Գալիֆորնիոյ Համալսարանը յաճախեցի, եւ գործնական բնագիտութեան մէջ գիտական պսակաւորի վկայական ստացայ։ Ուսում ստանալու նկատմամբ հօրս խօսքերը ինծի օգնեցին, որ յարատեւեմ այս դժուարին տարիներուն։
Գրեթէ այս ժամանակ, Էգաթերինա անունով սիրուն Յոյն աղջկայ մը ծանօթացայ, եւ 1964–ին ամուսնացանք։ Երեք տարի ետք մեր առաջին մանչը ծնաւ, իսկ յառաջիկայ չորս տարիներու ընթացքին, ունեցանք երկու ուրիշ մանչ զաւակներ եւ աղջիկ մը։ Իրապէս դժուար էր ընտանիք մը պահել եւ նոյն ատեն համալսարան յաճախել։
Մ.Ն. Օդուժին համար կ’աշխատէի, հրթիռներու եւ անջրպետի ընկերութեան մը մէջ, Սաննիվէյլի մէջ, Գալիֆորնիա։ Օդի եւ անջրպետի այլազան ծրագիրներու վրայ կ’աշխատէի, ի ներառեալ՝ Աճենա եւ Աբօլլօ յայտագիրները։ Նոյնիսկ շքանշաններ ստացայ Աբօլլօ 8–ի եւ Աբօլլօ 11–ի առաքելութիւններուն մէջ բերած մասնակցութեանս համար։ Անկէ ետք, ուսումս շարունակեցի եւ խոր կերպով մխրճուեցայ զինուորական անջրպետային զանազան ծրագիրներու մէջ։ Այդ օրերուն կը խորհէի թէ աշխարհը իմս էր՝ ունէի սիրուն կին մը, չորս հոյակապ զաւակներ, վարկ ունեցող գործ եւ գեղեցիկ տուն մը։
Յարատեւող Բարեկամ մը
1967–ի սկիզբները, գործիս մէջ ծանօթացայ Ճիմ անունով շատ խոնարհ եւ ազնիւ մարդու մը։ Ինծի կը թուէր թէ Ճիմի դէմքին վրայ միշտ ժպիտ մը կար, եւ ան հետս սուրճի դադար մը առնելու հրաւէրս երբեք չէր մերժեր։ Ան այս պատեհութիւնները կը գործածէր հետս Աստուածաշունչէն տեղեկութիւններ բաժնելու համար։ Ճիմ ինծի ըսաւ թէ ինք Եհովայի Վկաներուն հետ կ’ուսումնասիրէր։
Անակնկալի եկայ, երբ լսեցի որ Ճիմ կրօնական այս խումբին հետ կ’ընկերակցէր։ Ի՞նչպէս կարելի էր որ այսպիսի լաւ անհատ մը հակաքրիստոսի աղանդին զոհ երթար։ Սակայն, ինծի հանդէպ Ճիմի ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ ազնուութեան չկրցայ ընդդիմանալ։ Կարծես թէ ան ամէն օր ինծի համար կարդալիք տարբեր նիւթ մը ունէր։ Զոր օրինակ, օր մը ան գրասենեակս եկաւ ու ըսաւ. «Իսիտորոս, Դիտարան–ին այս յօդուածը կը խօսի ընտանեկան կեանքը զօրացնելու մասին։ Զայն հետդ տուն տար եւ կնոջդ հետ միասին կարդա՛»։ Իրեն ըսի որ պիտի կարդամ պարբերաթերթը, բայց վերջը, լուացարան գացի եւ պարբերաթերթը բզիկ–բզիկ ընելով աղբանոցին մէջ նետեցի։
Երեք տարուան ընթացքին, Ճիմ ինծի ի՛նչ գիրք ու պարբերաթերթ որ տուաւ փճացուցի։ Եհովայի Վկաներու մասին նախապաշարուած ըլլալով, միեւնոյն ատեն Ճիմի հետ բարեկամութիւնս պահել ջանալով, խորհեցայ թէ լաւագոյն բանը իր ըսածները մտիկ ընել եւ անկէ անմիջապէս ետք զանոնք մտքէս վանելն էր։
Ժողովողի 9։10. Եզեկիէլ 18։4. Յովհաննու 20։17) Հպարտ Յոյն Ուղղափառ մը ըլլալով, չուզեցի բացէ ի բաց ընդունիլ թէ Ճիմը շիտակ էր։ Բայց քանի որ ան միշտ Աստուածաշունչը կը գործածէր եւ երբեք իր անձնական կարծիքը չէր տար, ի վերջոյ ընդունեցի թէ այս մարդը ինծի համար Աստուածաշունչէն արժէքաւոր պատգամ մը ունէր։
Սակայն, այդ զրոյցներէն հասկցայ թէ իմ հաւատացած ու գործադրած բաներուս մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած չէր։ Անդրադարձայ որ Երրորդութեան, դժոխքի կրակին, եւ հոգիի անմահութեան ուսուցումները սուրբ գրային չէին։ (Կինս զգաց թէ բան մը կ’անցնէր կը դառնար, եւ հարցուց թէ Վկաներուն հետ ընկերակցող բարեկամիս հետ խօսա՞ծ էի թէ ոչ։ Երբ այո պատասխանեցի, ան ըսաւ. «Եկուր որեւէ եկեղեցի երթանք, բացի՝ Եհովայի Վկաներէն»։ Սակայն, շատ չանցած, ես ու կինս, մեր զաւակներուն հետ միասին, կանոնաւորաբար սկսանք Վկաներու ժողովներուն յաճախել։
Դժուար Որոշում մը
Մինչ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէի, հանդիպեցայ Եսայի մարգարէին խօսքերուն. «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։ (Եսայեայ 2։4) Ինքզինքիս հարց տուի, ‘Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ որ խաղաղասէր Աստուծոյ մը ծառան, կործանիչ զէնքեր ծրագրելու եւ արտադրելու պաշտօն մը վարէ’։ (Սաղմոս 46։9) Երկար ժամանակ չառաւ եզրակացնելու, թէ գործս պէտք էր փոխէի։
Հասկնալի էր որ ասիկա հսկայ մարտահրաւէր մըն էր։ Լաւ վարկ ունեցող գործ մը ունէի։ Այս դիրքին հասնելու համար, տարիներ ծանր աշխատած, ուսման հետեւած եւ զոհողութիւններ ըրած էի։ Ընկերութեան մէջ բարձր դիրքի մը հասած էի, եւ հիմա ասպարէզէս հրաժարելու որոշումին առջեւ կը գտնուէի։ Սակայն, Եհովայի հանդէպ խոր սէրս եւ իր կամքը ընելու անկեղծ փափաքս, ի վերջոյ տիրական դուրս եկան։—Մատթէոս 7։21
Որոշեցի Սիէթըլի մէջ (Ուաշինկթըն) գտնուող ընկերութեան մը հետ աշխատիլ։ Սակայն, շատ չանցած յուսախաբ եղայ գիտնալով որ ա՛լ աւելի միջամուխ եղած էի գործի մը, որ Եսայեայ 2։4–ի հետ ներդաշնակ չէր։ Ուրիշ ծրագիրներու վրայ աշխատելու ջանքերս ի դերեւ ելան, եւ դարձեալ խղճմտանքի խայթ ունեցայ։ Ինծի համար յստակ էր որ չէի կրնար գործս պահել եւ միեւնոյն ատեն մաքուր խղճմտանք մը ունենալ։—Ա. Պետրոս 3։21
Ինծի համար բացայայտ դարձաւ որ կարեւոր փոփոխութիւններ պէտք էր ընէինք։ Վեց ամիս չանցած, մեր ապրելակերպը փոխեցինք եւ ընտանեկան ծախսերը կէսի իջեցուցինք։ Ապա մեր շքեղ տունը ծախեցինք եւ պզտիկ տուն մը առինք Տենվըրի մէջ, Գոլորատօ։ Այժմ, պատրաստ էի վերջին քայլը առնելու՝ գործէս հրաժարիլ։ Հրաժարականս գրեցի, բացատրելով խղճամիտ կեցուածքս։ Այդ գիշեր, զաւակներս անկողին երթալէն ետք, կնոջս հետ ծունկի գալով Եհովայի աղօթեցինք, ինչպէս որ այս յօդուածին սկիզբը նկարագրեցի։
Ամիս մը չանցած, Տենվըր փոխադրուեցանք, իսկ երկու շաբաթ ետք, 1975–ի Յուլիսին, ես ու կինս մկրտուեցանք։ Վեց ամիս չկրցայ գործ մը ճարել, եւ կամաց–կամաց մեր խնայողութիւնները սպառեցինք։ Եօթներորդ ամսուն, մեր խնայած գումարը մեր տան մէկ ամսուան մուրհակէն նուազ էր։ Սկսայ փնտռել որեւէ գործ, բայց անկէ Մատթէոս 6։33
անմիջապէս ետք գործ մը գտայ որպէս ճարտարապետ։ Վճարումը իմ նախկին վարձատրութեանս գրեթէ կէսն էր. ասով հանդերձ, անիկա Եհովայէ խնդրածէս շատ աւելի էր։ Որքա՜ն ուրախ էի որ հոգեւոր շահերը առաջին տեղը դրած էի։—Մեր Զաւակները Եհովայի Սիրով Մեծցուցինք
Մինչ այդ, Էգաթերինան եւ ես զբաղած էինք մեր չորս զաւակները աստուածային չափանիշներու համաձայն մեծցնելու մարտահրաւէրով։ Եհովայի օգնութեան շնորհիւ, անոնք հասուն Քրիստոնեաներ դարձան, իրենց կեանքը լիովին Թագաւորութեան քարոզչութեան կարեւոր գործին նուիրելով։ Մեր երեք մանչերը՝ Խրիսթօս, Լաքիս, եւ Կրէկորի շրջանաւարտ եղան Ծառաներու Մարզումի Դպրոցէն, եւ այժմ կը ծառայեն զանազան նշանակումներու մէջ, ժողովքներ այցելելով եւ զօրացնելով։ Մեր աղջիկը՝ Թուլա, Եհովայի Վկաներու Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ որպէս կամաւոր կ’աշխատի։ Մեր սիրտը խորապէս ազդուեցաւ տեսնելով թէ բոլորն ալ խոստմնալից ասպարէզներ եւ սուղ–վճարուած պաշտօններ զոհեցին Եհովայի ծառայելու համար։
Շատեր հարց կու տային թէ յաջողութեամբ զաւակ մեծցնելու բանալին ի՞նչ է։ Անշուշտ, զաւակներ մեծցնելու համար հաստատ բանաձեւ մը չկայ, սակայն ժրաջանօրէն ջանացինք անոնց սրտին մէջ Եհովայի եւ դրացիի հանդէպ սէր քանդակել։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7. Մատթէոս 22։37-39) Մեր զաւակները սորվեցան թէ չենք կրնար Եհովայի ըսել թէ զինք կը սիրենք, եթէ մեր արարքները ասիկա ցոյց չտան։
Շաբաթը մէկ օր, սովորաբար Շաբաթ օրը, որպէս ընտանիք ծառայութեան կը մասնակցէինք։ Երկուշաբթի երեկոները ընթրիքէն ետք, կանոնաւորաբար ընտանեկան ուսումնասիրութիւն կ’ունենայինք, նաեւ իւրաքանչիւր երախայի հետ անհատաբար Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէինք։ Երբ զաւակները փոքր էին, իւրաքանչիւրին հետ շաբաթը քանի մը անգամ հակիրճօրէն կ’ուսումնասիրէինք, եւ մինչ մեծցան, շաբաթը անգամ մը երկար ուսումնասիրութիւն մը կ’ընէինք։ Այս ուսումնասիրութիւններու ընթացքին, մեր զաւակները իրենց սիրտը կը բանային եւ իրենց խնդիրներուն մասին մեր հետ կը խօսակցէին։
Որպէս ընտանիք նաեւ կերտիչ զբօսանքներ կը վայելէինք։ Կը սիրէինք միասնաբար երաժշտական գործիքներ նուագել, եւ իւրաքանչիւրը կը սիրէր իր նախասիրած երգերը նուագել։ Կարգ մը շաբաթավերջերու, կերտիչ ընկերակցութեան համար ուրիշ ընտանիքներ կը հրաւիրէինք։ Նաեւ արձակուրդներուն ընտանեօք կը ճամբորդէինք։ Այս ճամբորդութիւններէն մէկուն ընթացքին, երկու շաբաթ անցուցինք Գոլորատոյի լեռները հետազօտելով եւ տեղական ժողովքներուն հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցելով։ Մեր զաւակները տակաւին խանդաղատանքով կը յիշեն նահանգային համաժողովներուն զանազան բաժիններու օժանդակելը եւ զանազան վայրերու մէջ Թագաւորութեան Սրահի շինարարութեան մասնակցիլը։
Երբ երախաները Յունաստան տարինք իրենց ազգականները տեսնելու, անոնք նաեւ կրցան ծանօթանալ իրենց հաւատքին համար բանտարկուած բազմաթիւ հաւատարիմ Վկաներու։ Ասիկա անոնց վրայ խոր տպաւորութիւն ձգեց, անոնց օգնելով որ վճռեն ճշմարտութեան համար հաստատ եւ խիզախ ըլլալ։Անշուշտ, ատեններ մեր զաւակներէն ոմանք շիտակ չվարուեցան եւ ընկերակցութիւններու առնչութեամբ սխալ ընտրութիւններ ըրին։ Ուրիշ անգամներ, մենք անոնց խնդիրներ յարուցանեցինք, կարգ մը մարզերու մէջ թերեւս չափազանց խիստ ըլլալով։ Սակայն Աստուածաշունչին մէջ գտնուած ‘Տէրոջը վարժութեան ու խրատին’ դիմելը, օգնեց որ բոլորս ալ պէտք եղած սրբագրութիւնները ընենք։—Եփեսացիս 6։4. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
Կեանքիս Ամենէն Ուրախ Ժամանակը
Մեր զաւակները լիաժամ ծառայութիւնը որդեգրելէն ետք, Էգաթերինան եւ ես լրջօրէն սկսանք մտածել թէ ի՛նչ պէտք է ընենք այս կեանք փրկող գործին մէջ մեր մասնակցութիւնը աւելցնելու համար։ Ուստի, 1994–ին, կանուխէն հանգստեան կոչուելէ ետք, երկուքս ալ սկսանք որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայել։ Մեր ծառայութիւնը կը պարփակէ տեղական քոլէճներ եւ համալսարաններ այցելել, ուր աշակերտներու կը վկայենք եւ անոնցմէ քանի մը հատին հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք։ Քանի որ անոնց դժուարութիւններուն կարեկից կ’ըլլամ, տակաւին քանի մը տարի առաջ նոյն պարագային մէջ ըլլալուս համար, բաւական յաջողութիւն ունեցած եմ անոնց օգնելու որ Եհովայի մասին սորվին։ Ի՜նչ ուրախութիւն է ուսումնասիրել աշակերտներու հետ որոնք եկած են Եգիպտոսէն, Եթովպիայէն, Թայլանտէն, Թուրքիայէն, Մեքսիկայէն, Չիլիէն, Չինաստանէն, Պոլիվիայէն, եւ Պրազիլիայէն։ Նաեւ հաճոյք կ’առնեմ հեռաձայնով վկայելէ, մանաւանդ անոնց՝ որոնք մայրենի լեզուս կը խօսին։
Թէեւ զօրաւոր յունական առոգանութեանս եւ յառաջացած տարիքիս պատճառաւ բազմաթիւ սահմանափակումներ ունիմ, սակայն միշտ փորձած եմ մատչելի ըլլալ եւ Եսայիի հոգին ունենալ, որ յայտարարեց. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ (Եսայեայ 6։8) Ուրախութիւնը ունեցած ենք վեցէն աւելի անհատներու օգնելու որ իրենց կեանքը Եհովայի նուիրեն։ Ասիկա իրապէս մեզի համար ամենէն ուրախ ժամանակը եղած է։
Ատեն մը, մարդ արարածներ սպաննելու համար ճիւաղային զէնքեր շինելը, ամբողջ կեանքիս կորիզը կը կազմէր։ Սակայն, Եհովա իր անարժան ողորմութեամբ, ինծի եւ ընտանիքիս պատեհութիւնը տուաւ որ իրեն նուիրուած ծառաներ ըլլանք եւ մեր կեանքը տրամադրենք երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտենական կեանքի մասին բարի լուրը մարդոց տալու համար։ Երբ խորհիմ այն տուած դժուար որոշումներուս մասին, Մաղաքեայ 3։10–ի խօսքերը միտքս կու գան. «Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ»։ Արդարեւ ան ասիկա ըրած է, մեզ գոհացնելու աստիճան։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 27]
Լաքիս. Հայրս կեղծաւորութիւնը կ’ատէր։ Ան շատ ջանք թափեց որ կեղծաւոր չըլլայ, եւ մանաւանդ իր ընտանիքին համար շիտակ օրինակ մը հանդիսանայ։ Ան յաճախ մեզի կ’ըսէր. «Եթէ ձեր կեանքը Եհովայի նուիրէք, անիկա բան մը կը նշանակէ։ Եհովայի սիրոյն զոհողութիւններ ընելու պատրա՛ստ պէտք է ըլլանք։ Քրիստոնեայ ըլլալը ա՛յս կը նշանակէ»։ Այս խօսքերը մտքիս մէջ դրոշմուեցան եւ օգնեցին որ Եհովայի համար զոհողութիւններ ընելու նկատմամբ իր օրինակին հետեւիմ։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 27]
Խրիսթօս. Մեծապէս կը գնահատեմ Եհովայի հանդէպ ծնողքիս բոլորանուէր հաւատարմութիւնը եւ որպէս ծնողք իրենց պատասխանատուութեան հանդէպ իրենց զօրաւոր յանձնառութիւնը։ Որպէս ընտանիք, ամէն բան միասին կ’ընէինք, մեր ծառայութենէն մինչեւ արձակուրդները։ Թէեւ անոնք կրնային ուրիշ շատ բաներ ընել, սակայն ծնողքս շարունակեցին իրենց կեանքը պարզ եւ՝ ծառայութեան վրայ կեդրոնացած պահել։ Ներկայիս, գիտեմ որ իրապէ՛ս ուրախ կը զգամ երբ լիովին մասնակցութիւն կը բերեմ Եհովայի ծառայութեան մէջ։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 28]
Կրէկորի. Իմ ծառայութիւնս ընդլայնելու համար ծնողքիս բերանացի քաջալերութենէն աւելի, անոնց օրինակն ու Եհովայի ծառայութեան մէջ անոնց ունեցած ուրախութիւնը մղեցին զիս, որ պարագաներս վերարժեւորեմ, լիաժամ ծառայութիւն սկսելու նկատմամբ մտազբաղումներս ու մտահոգութիւններս մէկդի դնեմ, եւ իմ անձս ա՛լ աւելի միջամուխ ընեմ Եհովայի գործին։ Երախտապարտ եմ ծնողքիս, որ ինծի օգնեցին իմ անձս տրամադրելէն յառաջ եկած ուրախութիւնը գտնելու։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 28]
Թուլա. Ծնողքս միշտ կը շեշտէր թէ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը մեր ունեցած ամենէն թանկագին բանն է եւ թէ ուրախ ըլլալու միակ կերպն է՝ Եհովայի մեր լաւագոյնը տալ։ Անոնք Եհովան մեզի համար շատ իրակա՛ն դարձուցին։ Յաճախ հայրս մեզի կ’ըսէր թէ աննկարագրելի զգացում մը կ’ունենաս երբ գիշերը անկողին մտնես մաքուր խղճմտանքով մը, գիտնալով որ լաւագոյնդ ըրած ես Եհովան ուրախացնելու համար։
[Նկար՝ էջ 25]
1951–ին, երբ Յունաստանի մէջ զինուոր էի
[Նկար՝ էջ 25]
Էգաթերինայի հետ 1966–ին
[Նկար՝ էջ 26]
Ընտանիքս 1996–ին՝ (ձախէն աջ, ետեւի շարքը) Կրէկորին, Խրիսթօսը, Թուլան. (առջեւի շարքը) Լաքիսը, Էգաթերինան եւ ես