«Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է»
«Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է»
«Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, . . . խոնարհութիւնով [«համեստութիւնով», ՆԱ] քու Աստուծոյդ հետ քալել»։—ՄԻՔԻԱՅ 6։8
1, 2. Համեստութիւնը ի՞նչ է, եւ անիկա ի՞նչպէս տարբեր է յաւակնոտութենէն։
ԿԱՐԿԱՌՈՒՆ առաքեալ մը չ’ուզեր իր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել։ Իսրայելացի քաջարի դատաւոր մը ինքզինք իր հօրը տան ամենէն պզտիկը կը կոչէ։ Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը կ’ընդունի որ ինք անսահման հեղինակութիւն չունի։ Այս մարդոցմէ ամէն մէկը համեստութիւն կը ցուցաբերէ։
2 Համեստութիւնը՝ յաւակնոտութեան ճիշդ հակառակն է։ Համեստ անհատ մը իր կարողութիւններուն եւ արժանիքին նկատմամբ չափաւոր գնահատանք մը ունի եւ մեծամիտ կամ սնափառ չէ։ Փոխանակ հպարտ, պարծենկոտ կամ փառատենչ ըլլալու, համեստ անհատ մը միշտ գիտակից է իր սահմանափակումներուն։ Ուստի, ան ուրիշներուն զգացումներուն եւ տեսակէտներուն հանդէպ յարգալից եւ նկատառու է։
3. Ի՞նչ կերպով իմաստութիւնը «համեստներուն հետ է»։
3 Աստուածաշունչը շատ տեղին ըլլալով կ’ըսէ. «Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է»։ (Առակաց 11։2, ՆԱ) Համեստ անհատ մը իմաստուն է, քանի որ ան կը հետեւի ընթացքի մը, որ Աստուծոյ հաճելի է եւ կը զգուշանայ հպարտ հոգիէ, որ անարգութեան կը տանի։ (Առակաց 8։13. Ա. Պետրոս 5։5) Համեստութեան իմաստութիւն ըլլալը հաստատուած է Աստուծոյ բազմաթիւ ծառաներուն կեանքի ընթացքով։ Բացման մէջ յիշուած երեք օրինակները նկատի առնենք։
Պօղոս՝ «Սպասաւոր» մը եւ «Տնտես» մը
4. Պօղոս ի՞նչ յատուկ առանձնաշնորհումներ կը վայելէր։
4 Պօղոս կարկառուն դէմք մըն էր նախկին Քրիստոնեաներուն մէջ եւ ասիկա հասկնալի է։ Իր ծառայութեան ընթացքին, ան հազարաւոր մղոններ ճամբորդեց ծովու ու ցամաքի վրայ եւ բազմաթիւ ժողովքներ հաստատեց։ Աւելին ըլլալով, Եհովա տեսիլքներ եւ օտար լեզուներ խօսելու պարգեւը շնորհեց անոր։ (Ա. Կորնթացիս 14։18. Բ. Կորնթացիս 12։1-5) Ան նաեւ ներշնչեց Պօղոսը որ 14 նամակներ գրէ, որոնք ներկայիս Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մաս կը կազմեն։ Իրապէս կարելի է ըսել, որ Պօղոսի աշխատանքը միւս բոլոր առաքեալներէն աւելի էր։—Ա. Կորնթացիս 15։10
5. Պօղոս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ ինքն իր մասին համեստ տեսակէտ մը ունէր։
5 Քանի որ Պօղոս քրիստոնէական գործունէութեան Ա. Կորնթացիս 15։9) Որպէս Քրիստոնեաները նախկին հալածող մը, Պօղոս բնաւ չմոռցաւ որ միայն անարժան ողորմութեան շնորհիւ էր որ կրնար Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ գալ, եւ մանաւանդ վայելել ծառայութեան մասնաւոր առանձնաշնորհումներ։ (Յովհաննու 6։44. Եփեսացիս 2։8) Ուստի, Պօղոս չէր խորհեր որ ծառայութեան մէջ իր գտած արտակարգ յաջողութիւնը զինք ուրիշներէն գերադաս կը դարձնէր։—Ա. Կորնթացիս 9։16
մէջ առաջաւոր տեղ մը կը գրաւէր, ոմանք կրնան եզրակացնել որ ան շատ ուշադրութիւն գրաւած ըլլալու էր, նոյնիսկ ինքզինք տեսնելով իր ունեցած հեղինակութեան համար։ Բայց այդ չէր պարագան, քանի որ Պօղոս համեստ էր։ Ան ինքզինք կոչեց «առաքեալներուն ամենէն յետին»ը, աւելցնելով՝ «Արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի»։ (6. Պօղոս ի՞նչպէս համեստութիւն ցոյց տուաւ Կորնթացիներուն հետ իր վերաբերմունքին մէջ։
6 Պօղոսի համեստութիւնը մասնաւորաբար բացայայտ էր Կորնթացիներուն հետ իր վերաբերմունքին մէջ։ Այնպէս կ’երեւի թէ անոնցմէ ոմանք մեծապէս տպաւորուած էին իրենց աչքին կարկառուն եղող տեսուչներով, մէջը ըլլալով Ապօղոսը, Կեփասը եւ Պօղոսը։ (Ա. Կորնթացիս 1։11-15) Բայց Պօղոս ո՛չ Կորնթացիներուն գովաբանութիւնը փնտռեց, ո՛չ ալ իրեն հանդէպ անոնց ունեցած հիացմունքը շահագործեց։ Երբ անոնց կ’այցելէր, ան ինքզինք չներկայացուց «մարդկային իմաստութեան համոզիչ խօսքերով»։ Ընդհակառակը, Պօղոս ինքն իր եւ իր ընկերակիցներուն մասին ըսաւ. «Թող մարդիկ մեզ այնպէս սեպեն, որպէս թէ Քրիստոսին սպասաւորները ու Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները»։ *—Ա. Կորնթացիս 2։1-5. 4։1
7. Պօղոս խրատ տալու ժամանակ ի՞նչպէս համեստութիւն ցոյց տուաւ։
7 Պօղոս համեստութիւն ցոյց տուաւ նոյնիսկ երբ բացայայտ խրատ, կամ ուղղութիւն պիտի տար։ Ան իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն աղաչեց «Աստուծոյ ողորմութիւնովը» եւ «սիրով», ու ո՛չ թէ իր առաքելական հեղինակութեամբ։ (Հռովմայեցիս 12։1, 2. Փիլիմոն 8, 9) Պօղոս ինչո՞ւ ըրաւ ասիկա։ Քանի որ ան իրապէս ինքզինք կը նկատէր որպէս իր եղբայրներուն «գործակից»ը եւ ո՛չ թէ՝ ‘անոնց հաւատքին տիրապետող մը’։ (Բ. Կորնթացիս 1։23) Անկասկած, Պօղոսի համեստութիւնն էր որ ինքզինք շատ սիրելի դարձուց առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքներուն։—Գործք 20։36-38
Մեր Առանձնաշնորհումներուն Նկատմամբ Համեստ Տեսակէտ մը
8, 9. (ա) Ինչո՞ւ մենք մեր մասին համեստ տեսակէտ մը պէտք է ունենանք։ (բ) Որոշ պատասխանատուութիւն ունեցողները ի՞նչպէս կրնան համեստութիւն ցուցաբերել։
8 Պօղոս ներկայ Քրիստոնեաներուն համար գեղեցիկ օրինակ մըն է։ Ի՛նչ պատասխանատուութիւններ ալ վստահուին մեզի, ոեւէ մէկս պէտք չէ խորհինք որ մենք ուրիշներէն գերադաս ենք։ «Եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ», գրեց Պօղոս։ (Գաղատացիս 6։3) Ինչո՞ւ. քանի որ «ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։ (Հռովմայեցիս 3։23. 5։12) Այո, բնա՛ւ պէտք չէ մոռնանք որ բոլորս ալ մեղք եւ մահ ժառանգած ենք Ադամէն։ Մասնաւոր առանձնաշնորհումներ մեզ մեր մեղաւոր ու ինկած վիճակէն չեն բարձրացներ։ (Ժողովողի 9։2) Ինչպէս Պօղոսի պարագային, միայն անարժան ողորմութեան շնորհիւ է որ մարդիկ կրնան Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ գալ, կամ ծառայութեան որոշ առանձնաշնորհում մը վայելել։—Հռովմայեցիս 3։12, 24
9 Ասոր գիտակցելով, համեստ անհատ մը ո՛չ յոխորտանքով կը նայի իր առանձնաշնորհումներուն, ո՛չ ալ կը պարծի իր իրագործումներով։ (Ա. Կորնթացիս 4։7) Երբ խրատ կամ ուղղութիւն կու տայ, ասիկա կ’ընէ որպէս գործակից, ո՛չ թէ որպէս տէր։ Վստահաբար, որոշ մարզի մէջ գերազանց եղող անհատի մը կողմէ սխալ պիտի ըլլար որ իր հաւատակիցներուն գովասանքը փնտռէր, կամ իրեն հանդէպ անոնց ունեցած խոր յարգանքը եւ սէրը շահագործէր։ (Առակաց 25։27. Մատթէոս 6։2-4) Երբ ուրիշներ կը գովեն մեզ՝ առանց մեր պահանջելուն՝ անիկա է որ արժէք կը ներկայացնէ։ Եթէ այսպիսի գովասանք ստանանք, անիկա պէտք չէ պատճառ ըլլայ որ մենք մեր մասին արժանի եղածէն աւելի մտածենք։—Առակաց 27։2. Հռովմայեցիս 12։3
10. Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս համեստ թուողներէն ոմանք կրնան իրապէս «հաւատքով հարուստ» ըլլալ։
10 Երբ մեզի որոշ պատասխանատուութիւն մը տրուի, համեստութիւնը պիտի օգնէ մեզի որ մենք մեզ չտեսնենք, այն տպաւորութիւնը տալով որ ժողովքը միմիայն մեր ջանքերով եւ կարողութիւններով կը բարգաւաճի։ Օրինակ, թերեւս սորվեցնելու մասնայատուկ շնորհք մը ունինք։ (Եփեսացիս 4։11, 12) Բայց ամենայն համեստութեամբ պէտք է ընդունինք որ ժողովքային հանդիպումներուն մեր սորված մեծագոյն դասերը բեմէն չեն որ կը տրուին։ Դուք չէ՞ք քաջալերուիր, երբ տեսնէք, զոր օրինակ, առանձին ծնող մը որ կանոնաւորաբար Թագաւորութեան Սրահ կու գայ, իր խնամքին կարօտ երախաներով։ Կամ՝ ընկճուած անհատ մը, որ հաւատարմաբար ժողովներու ներկայ կը գտնուի, հակառակ անարժէք ըլլալու յարատեւ զգացումին։ Կամ՝ տեսնելով երիտասարդ մը որ հոգեւորապէս կը յառաջդիմէ, հակառակ դպրոցին մէջ կամ այլուր իր դիմագրաւած վատառողջ ազդեցութեան։ (Սաղմոս 84։10) Թերեւս այս անհատները աչքի չեն զարներ։ Ուրիշներ շատ անգամ չեն նշմարեր անոնց դիմագրաւած ուղղամտութեան փորձերը։ Այսուհանդերձ, անոնք կրնան նո՛յնքան «հաւատքով հարուստ» ըլլալ, ո՛րքան աւելի կարկառուն անհատները։ (Յակոբու 2։5) Արդարեւ, վերջաւորութեան հաւատարմութիւնն է որ անհատը Եհովայի հաճութեան կ’արժանացնէ։—Մատթէոս 10։22. Ա. Կորնթացիս 4։2
Գեդէօն՝ Իր Հօրը Տան «Ամենէն Պզտիկ»ը
11. Գեդէօն ի՞նչ կերպով համեստութիւն ցոյց տուաւ Աստուծոյ հրեշտակին հետ խօսելու ատեն։
11 Գեդէօն՝ Մանասէի ցեղէն քաջարի երիտասարդ մըն էր, որ Իսրայէլի պատմութեան խռովալից մէկ ժամանակին մէջ կ’ապրէր։ Եօթը տարիէ ի վեր, Աստուծոյ ժողովուրդը Մադիանի կողմէ հարստահարուած էր։ Բայց ժամանակը եկած էր որ Եհովա ազատագրէր իր ժողովուրդը։ Ուստի, հրեշտակ մը երեւցաւ Գեդէօնի եւ ըսաւ. «Ո՛վ զօրաւոր կտրիճ, Տէրը քեզի հետ է»։ Գեդէօն համեստ անհատ Դատաւորաց 6։11-15
մըն էր, ուստի այս անակնկալ գովասանքին փառքով չգինովցաւ։ Ընդհակառակը, ան յարգալից կերպով հրեշտակին ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, եթէ Տէրը մեզի հետ է, ինչո՞ւ համար այս բոլոր բաները մեր գլխուն եկան»։ Հրեշտակը հարցերը պարզեց եւ Գեդէօնի ըսաւ. «Իսրայէլը Մադիանացիներուն ձեռքէն [անշուշտ դուն պիտի] ազատես»։ Գեդէօն ի՞նչպէս ընդառաջեց։ Փոխանակ այս նշանակումը յափշտակելու՝ որպէս ազգային հերոս ըլլալու պատեհութիւն մը, Գեդէօն պատասխանեց. «Ո՜հ, Տէր իմ, Իսրայէլը ինչո՞վ ազատեմ. ահա իմ ազգատոհմս Մանասէին ցեղին ամենէն աղքատն է ու ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ»։ Ի՜նչ համեստութիւն։—12. Գեդէօն իր նշանակումը կատարելու մէջ ի՞նչպէս խոհեմութիւն ցոյց տուաւ։
12 Գեդէօնը պատերազմի ղրկելէ առաջ, Եհովա փորձի ենթարկեց զինք։ Ի՞նչպէս։ Գեդէօնի ըսուեցաւ որ իր հօրը ունեցած Բահաղի սեղանը փլցնէ եւ անոր կողքին կանգնող սրբազան կոթողը կոտրէ։ Այս նշանակումը քաջութիւն կը պահանջէր. բայց ասիկա կատարելու իր կերպով, Գեդէօն համեստութիւն եւ խոհեմութիւն ալ ցոյց տուաւ։ Փոխանակ հանրապէս ընելու ասիկա, Գեդէօն գիշերուան խաւարը օգտագործեց, որպէսզի շատ նշմարելի չըլլայ։ Ասկէ զատ, ան իր նշանակումին շատ զգուշութեամբ մօտեցաւ։ Իր հետ տասը ծառաներ առաւ, թերեւս որպէսզի ոմանք հսկէին, մինչ միւսները կարենային իրեն օգնել սեղանը եւ սրբազան կոթողը կործանելու։ * Ամենայնդէպս, Եհովայի օրհնութեամբ, Գեդէօն իր նշանակումը կատարեց, եւ երբ ժամանակը հասաւ, Աստուած զինք գործածեց Իսրայէլը Մադիանացիներու ձեռքէն ազատելու համար։—Դատաւորաց 6։25-27
Համեստութիւն եւ Խոհեմութիւն Ցուցաբերել
13, 14. (ա) Երբ ծառայութեան առանձնաշնորհում մը տրուի մեզի, ի՞նչպէս կրնանք համեստութիւն ցոյց տալ։ (բ) Համեստութիւն ցուցաբերելու մէջ Եղբայր Մէգմիլըն ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացաւ։
13 Գեդէօնի համեստութենէն շատ բան կրնանք
սորվիլ։ Օրինակ, երբ մեզի ծառայութեան առանձնաշնորհում մը տրուի, ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք։ Արդեօք առաջին հերթին անոր ուշագրաւութեան ու վարկի՞ն կ’երթայ մեր միտքը։ Թէ ոչ համեստութեամբ եւ աղօթքով նկատի կ’առնենք թէ արդեօք այդ նշանակումը կատարելու կարողութիւն ունի՞նք։ Եղբայր Ա. Հ. Մէգմիլըն, որ իր երկրային ընթացքը աւարտեց 1966–ին, այս ուղղութեամբ լաւ օրինակ հանդիսացաւ։ Չ. Թ. Ռասըլ, Դիտարանի Ընկերութեան առաջին նախագահը, առիթով մը Եղբայր Մէգմիլընի հարցուց թէ ըստ իրեն, իր բացակայութեան ո՛վ կրնար գործը ստանձնել։ Ասիկա զրոյցի մը դուռ բացաւ, որու ընթացքին Եղբայր Մէգմիլըն ինքզինք չյանձնարարեց, հակառակ անոր որ իրեն համար շատ յարմար էր ասիկա ընել։ Վերջաւորութեան, Եղբայր Ռասըլ առաջարկեց Եղբայր Մէգմիլընի որ այս նշանակումը ընդունի։ Եղբայր Մէգմիլըն տարիներ ետք գրեց. «Շուարած մնացի։ Այդ մասին կրկին մտածեցի՝ շատ լրջօրէն, եւ որոշ ատեն այս մասին աղօթեցի, ու վերջապէս իրեն ըսի որ ուրախութեամբ ձեռքէս եկածը կ’ուզեմ ընել իրեն աջակցելու համար»։14 Շատ չանցած, Եղբայր Ռասըլ մահացաւ, Դիտարանի Ընկերութեան նախագահութեան պաշտօնը թափուր ձգելով։ Քանի որ Եղբայր Մէգմիլըն ինք պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Եղբայր Ռասըլին քարոզչական վերջին շրջապտոյտի ընթացքին, եղբայր մը հետեւեալ դիտողութիւնը ըրաւ իրեն. «Մէգ, շատ մեծ հաւանականութիւն կայ որ այդ պաշտօնը դուն ստանձնես։ Երբ Եղբայր Ռասըլ գացած էր, դո՛ւն էիր իր մասնաւոր ներկայացուցիչը, եւ ան բոլորիս ըսաւ որ ի՛նչ որ ըսես՝ կատարենք։ Լա՛ւ, ան գնաց ու չվերադարձաւ։ Այնպէս կ’երեւի թէ դո՛ւն պէտք է շարունակես»։ Եղբայր Մէգմիլըն պատասխանեց. «Ե՛ղբայր, այս հարցը պէտք չէ այսպէս դիտել։ Ասիկա Տիրոջ գործն է եւ Տիրոջ կազմակերպութեան մէջ միայն Տէրն է որ կ’որոշէ թէ ինչ դիրք յարմար է քեզի. իսկ ես վստահ եմ որ այս գործին մարդը չեմ»։ Ապա, Եղբայր Մէգմիլըն այս պաշտօնին համար ուրիշ մէկը յանձնարարեց։ Գեդէօնի նման, ան համեստ աչքով կը դիտէր ինքզինք. տեսակէտ մը, որ լաւ է որդեգրել։
15. Երբ ուրիշներու կը քարոզենք, ի՞նչ կարգ մը կերպերով ներատեսութիւն կրնանք ցոյց տալ։
15 Մենք ալ համեստութեամբ պէտք է կատարենք մեր նշանակումները։ Գեդէօն խոհեմ էր եւ ջանաց անտեղիօրէն իր հակառակորդները չգրգռել։ Նոյն կերպով, մենք ալ մեր քարոզչութեան մէջ ուրիշներու հետ համեստութեամբ ու խոհեմութեամբ պէտք է խօսինք։ Ճիշդ է որ մենք հոգեւոր պատերազմի մը ձեռնարկած ենք, որպէսզի «ամրոցներ» եւ «մտքեր» քակենք։ (Բ. Կորնթացիս 10։4, 5) Բայց երբ ուրիշներու կը խօսինք, պէտք չէ զանոնք վարկաբեկենք, կամ վաւերական որեւէ պատճառ տանք որ մեր պատգամէն վիրաւորուին։ Ընդհակառակը, անոնց տեսակէտները պէտք է յարգենք, հասարակաց կարծիքներու վրայ շեշտ դնենք, ապա մեր պատգամին դրական երեսակներուն վրայ կեդրոնանանք։—Գործք 22։1-3. Ա. Կորնթացիս 9։22. Յայտնութիւն 21։4
Յիսուս՝ Համեստութեան Մեծագոյն Օրինակը
16. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ համեստ տեսակէտ մը ունէր իր անձին հանդէպ։
16 Համեստութեան ամենէն գեղեցիկ օրինակն է Յիսուս Քրիստոս։ * Հակառակ Հօրը հետ իր ունեցած մտերիմ յարաբերութեան, Յիսուս չվարանեցաւ ընդունելու որ կարգ մը հարցեր իր հեղինակութեան ծիրէն դուրս էին։ (Յովհաննու 1։14) Օրինակ, երբ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի մայրը խնդրեց որ իր երկու որդիները Թագաւորութեան մէջ Յիսուսի երկու կողմը նստին, Յիսուս ըսաւ. «Իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել»։ (Մատթէոս 20։20-23) Ուրիշ առիթով, Յիսուս բացէ ի բաց ընդունեց. «Ես ինքնիրմէս բան մը չեմ կրնար ընել. . . . ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց»։—Յովհաննու 5։30. 14։28. Փիլիպպեցիս 2։5, 6
17. Յիսուս ուրիշներու հետ իր վերաբերմունքին մէջ ի՞նչպէս համեստութիւն ցոյց տուաւ։
17 Յիսուս ամէ՛ն կերպով անկատար մարդոցմէ գերադաս էր, եւ իր Հօրմէն՝ Եհովայէ, անբաղդատելի հեղինակութիւն ստացած էր։ Այսուհանդերձ, Յիսուս իր հետեւորդներուն հետ իր ունեցած վերաբերմունքին մէջ համեստ էր։ Ան չափազանց տպաւորիչ գիտութեամբ չողողեց զանոնք։ Նրբազգացութիւն եւ կարեկցութիւն ցոյց տուաւ եւ անոնց մարդկային կարիքները գորովալից կերպով նկատի առաւ։ (Մատթէոս 15։32. 26։40, 41. Մարկոս 6։31) Ուստի, Յիսուս կատարեալ ըլլալով, կատարելապաշտ մը չէր։ Ան իր աշակերտներէն բնաւ չպահանջեց որ իրենց կարողութենէն աւելին տային, ո՛չ ալ անոնց վրայ այնչափ բեռ դրաւ որ չկարենային շալկել։ (Յովհաննու 16։12) Զարմանալի չէ որ շատեր հանգստութիւն կը գտնէին իր քով։—Մատթէոս 11։29
Յիսուսի Համեստութիւնը Ընդօրինակենք
18, 19. Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի համեստութիւնը ընդօրինակել՝ (ա) ուրիշներու հանդէպ մեր ունեցած տեսակէտին մէջ, եւ (բ) ուրիշներուն հետ մեր վարուած կերպին մէջ։
18 Եթէ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը համեստութիւն ցոյց տուաւ, ո՛րքան աւելի մենք ասիկա պէտք է ընենք։ Անկատար անհատներ յաճախ կը դժկամին ընդունելու որ բացարձակ հեղինակութիւն չունին։ Բայց Յիսուսը ընդօրինակելով, Քրիստոնեաները կը ջանան համեստ ըլլալ։ Անոնք այնքան հպարտ չեն որ որակելի անհատներու պատասխանատուութիւն չտան. ոչ ալ այնքան հպարտ եւ անյօժար են ուղղութիւն ընդունելու անոնցմէ՝ որ զայն տալու հեղինակութիւնը ունին։ Համագործակցող հոգի մը ցուցաբերելով, անոնք թոյլ կու տան որ ժողովքին մէջ ամէն բան «վայելչութեամբ եւ կարգաւ . . . ըլլայ»։—Ա. Կորնթացիս 14։40
19 Համեստութիւնը նաեւ պիտի մղէ մեզ որ ուրիշներէն տրամաբանական չափով ակնկալենք եւ իրենց կարիքներուն հանդէպ՝ փափկանկատ ըլլանք։ (Փիլիպպեցիս 4։5) Կրնայ ըլլալ որ մենք կարգ մը կարողութիւններ կամ կամքի ոյժ ունինք, որ ուրիշները թերեւս չունին։ Բայց եթէ համեստ ենք, պիտի չակնկալենք որ ուրիշներ միշտ մեր ուզած տարողութեամբ գործեն։ Գիտնալով որ ամէն մէկ անհատ իր սահմանափակումները ունի, մենք ամենայն համեստութեամբ ուրիշներու թերութիւններուն վրայէն պիտի անցնինք։ Պետրոս գրեց. «Ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ»։—Ա. Պետրոս 4։8
20. Անհամեստ ըլլալու որեւէ հակում նուաճելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։
20 Ինչպէս սորվեցանք, իմաստութիւնը իրապէս համեստներուն հետ է։ Սակայն երբ զգաք որ անհամեստութեան կամ յաւակնոտութեան հակումներ ունիք, ի՞նչ կրնաք ընել։ Մի՛ յուսահատիք։ Հապա՝ Դաւիթի օրինակին հետեւեցէք, որ աղօթեց. «Ամբարտաւան մեղքերէն ալ պահէ քու ծառադ, թող անոնք ինծի չտիրեն»։ (Սաղմոս 19։13) Պօղոսի, Գեդէօնի եւ մանաւանդ՝ Յիսուս Քրիստոսի նման մարդոց հաւատքը ընդօրինակելով, անձնապէս հետեւեալ խօսքին ճշմարտութիւնը պիտի ճաշակենք. «Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է»։—Առակաց 11։2
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 6 «Սպասաւորներ» թարգմանուած Յունարէն բառը կրնայ ակնարկել ծառայի մը, որ մեծ նաւու մը ներքեւի թիերը կը քաշէր։ Ասոր հակառակը, «տնտեսներ»ուն աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ կը վստահուէին, թերեւս՝ կալուածի մը հոգ տանիլ։ Այսուհանդերձ, շատ մը տէրերու աչքին, տնտեսը մակոյկի մը վրայ ծառայող ստրուկէ մը աւելին չէր։
^ պարբ. 12 Գեդէօնի խոհեմ ու շրջահայեաց վերաբերմունքը պէտք չէ մեկնել որպէս վախկոտութիւն։ Ընդհակառակը, Եբրայեցիս 11։32-38–ն կը հաստատէ իր քաջութիւնը, ուր Գեդէօնը կը յիշէ անոնց մէջ որոնք «ուժովցան» եւ «պատերազմի մէջ զօրաւոր եղան»։
^ պարբ. 16 Քանի որ համեստութիւնը իր մէջ կը պարփակէ իր սահմանափակումներուն գիտակից ըլլալ, չենք կրնար ըսել որ Եհովա համեստ է։ Բայց ան խոնարհ է։—Սաղմոս 18։35, ՆԱ
Կը վերյիշէ՞ք
• Ի՞նչ է համեստութիւնը։
• Ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել Պօղոսի համեստութիւնը։
• Գեդէօնի օրինակէն համեստութեան մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
• Յիսուս ի՞նչպէս համեստութեան գերագոյն օրինակը հանդիսացաւ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Պօղոսի համեստութիւնը զինք շատ սիրելի դարձուց իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն
[Նկար՝ էջ 17]
Գեդէօն Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ խոհեմութիւն գործածեց
[Նկար՝ էջ 18]
Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին, իր ըրած բոլոր բաներուն մէջ համեստութիւն ցոյց կու տայ