Ինչո՞ւ տրամաբանական պէտք է ըլլանք մեր ակնկալութիւններուն մէջ
Ինչո՞ւ տրամաբանական պէտք է ըլլանք մեր ակնկալութիւններուն մէջ
ԻՐԱԿԱՆԱՑԱԾ յոյսերն ու մուրազները գոհունակութեան զգացում մը կու տան մեզի։ Սակայն պէտք է ընդունիլ որ մեր երազներէն ու ակնկալութիւններէն շատերը մեր ուզած կերպով չեն իրականանար։ Կեանքի մէջ կրկնուող յուսախաբութիւնները կրնան պատճառ ըլլալ որ մենք մեր անձէն, եւ նոյնիսկ՝ ուրիշներէն զայրանանք։ Իմաստուն մարդ մը տեղին ըլլալով դիտել տուաւ. «Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ»։—Առակաց 13։12
Յուսախաբութեան առաջնորդող կարգ մը ազդակները ի՞նչ են։ Ի՞նչպէս կրնանք մեր ակնկալութիւններուն մէջ տրամաբանական ըլլալ։ Ասկէ զատ, ասիկա ընելը ինչո՞ւ օգտակար է մեզի։
Ակնկալութիւններ եւ Յուսախաբութիւններ
Ներկայ հեւ ի հեւ կեանքին մէջ ո՛րքան փորձենք անոր հետ քայլ պահել ա՛յնքան աւելի ետ կը մնանք։ Թերեւս մեր ժամանակէն եւ կորովէն չափէ դուրս կը պահանջուի, եւ երբ մեր որոշած բաները կատարելու մէջ թերանանք, մենք մեզ այպանելու հակումը կ’ունենանք։ Նոյնիսկ կրնանք խորհիլ թէ ուրիշները յուսախաբ կ’ընենք։ Սինթիա, որ ծնողական ճնշումներու ծանօթ կին մը ու մայր մըն է, կ’ըսէ. «Զաւակներս սրբագրելու մէջ անհաստատ ըլլալս եւ պէտք եղած կերպով զանոնք չմարզելու զգացումը զիս կը զայրացնեն»։ Ստեֆանի անունով պատանուհի մը, իր ուսման նկատմամբ կ’ըսէ. «Իմ ուզած բոլոր բաներս ընելու ժամանակ չունիմ, եւ ասիկա իմ մէջս անհանդուրժողութեան զգացումներ կը յառաջացնէ»։
Անիրապաշտօրէն բարձր ակնկալութիւնները դիւրաւ կրնան կատարելապաշտութեան վերածուիլ, եւ ասիկա կրնայ շատ ընդվզեցուցիչ ըլլալ։ Պէն անունով ամուսնացած երիտասարդ մը կը խոստովանի. «Երբ արարքներս, մտածումներս կամ զգացումներս քննեմ, միշտ կ’անդրադառնամ որ անոնք կրնային աւելի լաւ ըլլալ։ Շարունակ կատարելութիւն կը փնտռեմ, եւ ասիկա ինծի անհանդուրժողութիւն, ընդվզում եւ յուսախաբութիւն կը պատճառէ»։ Կէյլ անունով Քրիստոնեայ կին մը կ’ըսէ. «Կատարելապաշտ մտածելակերպը ձախողութիւն չ’ընդունիր։ Կ’ուզենք գերազանց մայրեր ու գերազանց կիներ ըլլալ։ Ուրախ ըլլալու համար արդիւնաբեր պէտք է ըլլանք, հետեւաբար ի զուր վատնուած ջանքերը մեզ կը բարկացնեն»։
Սակայն, կայ ուրիշ ազդակ մը, որ կրնայ յուսախաբութեան առաջնորդել՝ քայքայուող առողջութիւնը ու ծերութիւնն է։ Դիւրաշարժութեան ու կորովի տկարացումը աւելի կը շեշտէ մեր սահմանափակումները եւ մեր ընդվզումը կ’աւելցնէ։ Էլիզապէթ կ’ընդունի. «Չէի կրնար հանդուրժել որ կարող չեմ իրագործել այն բաները, որոնք հիւանդանալէս առաջ որքա՜ն դիւրին եւ բնական էին»։
Վերոյիշեալը նմոյշ մըն է թէ ի՛նչ բան կրնայ յուսախաբութեան զգացումներ արթնցնել։ Եթէ այսպիսի զգացումներ հսկողութեան տակ չառնուին, նոյնիսկ կրնանք խորհիլ թէ ուրիշներու կողմէ գնահատուած չենք։ Հետեւաբար, դրական ի՞նչ քայլեր կրնանք առնել յուսախաբութիւններու հետ գլուխ ելլելու եւ տրամաբանական ակնկալութիւններ մշակելու համար։
Տրամաբանական Ակնկալութիւններ Մշակելու Կերպեր
Նախ՝ յիշեցէք թէ Եհովա բանաւոր եւ հասկացող է։ Սաղմոս 103։14–ը մեզի կը յիշեցնէ. «Ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ Մեր կարողութիւնները եւ սահմանափակումները գիտնալով, Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ միայն այն՝ ինչ որ կարող ենք տալ։ Իսկ մեզմէ խնդրած բաներէն մէկն է՝ ‘խոնարհութիւնով [«համեստութիւնով», ՆԱ] մեր Աստուծոյն հետ քալել’։—Միքիայ 6։8
Հռովմայեցիս 12։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17) Սակայն, ասիկա ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի։ Աղօթքը մեր մտածելակերպը կը հաստատէ եւ զայն կը հաւասարակշռէ։ Ջերմեռանդ աղօթքը գիտակցութիւն մըն է թէ մենք օգնութեան կարիքը ունինք. անիկա համեստութեան եւ խոնարհութեան նշան է։ Եհովա անձկագին կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն, իր սուրբ հոգին տալով մեզի, որու կարգ մը պտուղներն են՝ սէր, քաղցրութիւն, բարութիւն եւ ժուժկալութիւն։ (Ղուկաս 11։13. Գաղատացիս 5։22, 23) Աղօթքը մտատանջութիւնն ու ընդվզումն ալ կը թեթեւցնէ։ Էլիզապէթ կ’ըսէ, թէ աղօթքով «այնպիսի մխիթարութիւն կը ստանաք, զոր ուրիշ որեւէ աղբիւրէ կարելի չէ ձեռք ձգել»։ Քեւըն կը համաձայնի. «Հանդարտ սիրտ եւ պայծառամտութիւն կը խնդրեմ, որպէսզի խնդրի մը հետ կարենամ գլուխ ելլել։ Եհովա բնաւ զիս երեսէ չի ձգեր»։ Պօղոս առաքեալ գիտէր աղօթքին թանկագին արժէքը։ Այս պատճառով ալ ան յանձնարարեց. «Ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Այո, Եհովայի հետ հաղորդակցիլը իրապէս կ’օգնէ որ մեր անձին եւ ուրիշներուն հանդէպ տրամաբանական ակնկալութիւններ մշակենք։
Եհովա կը յորդորէ մեզ որ աղօթքով իրեն մօտենանք։ (Երբեմն, սակայն, հաւաստիացուցիչ անմիջական արտայայտութիւններու պէտք ունինք։ Շիտակ ատենին ըսուած խօսքը օգտակար է։ Վստահելի եւ հասուն բարեկամի մը հետ սերտ խօսակցութիւն մը, կրնայ օգնել որ յստակ տեսակէտ մը ունենանք, թէ ի՛նչ բան մեզի յուսախաբութիւն կամ մտահոգութիւն կը պատճառէ։ (Առակաց 15։23. 17։17. 27։9) Յուսախաբութեան հետ մարտնչող պատանիներ, կը սորվին թէ խրատի համար իրենց ծնողքին դիմելը կ’օգնէ որ իրենց հաւասարակշռութիւնը պահեն։ Քէնտի գնահատութեամբ կ’ընդունի. «Ծնողքիս տուած սիրալիր ուղղութիւնը, զիս աւելի տրամաբանական եւ հաւասարակշռուած՝ ինչպէս նաեւ շրջապատիս մէջ աւելի հաճելի, մէկը դարձուցած է»։ Այո, Առակաց 1։8, 9–ի վերյիշեցումը շատ ժամանակայարմար է. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր. քանզի անոնք քու գլխուդ՝ շնորհաց պսակ եւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլան»։
Կատարելապաշտ մտածելակերպի հետեւանքները լաւ կերպով ամփոփուած են հետեւեալ ասոյթին մէջ. «Կեանքը մեր ուզած պայմաններուն յարմարեցնելու ակնկալութիւնը՝ ներս կը հրաւիրէ յուսախաբութիւնը»։ Ասկէ խոյս տալու համար, կը պահանջուի որ մեր մտածելակերպը վերաճշդենք։ Խոնարհութիւնն ու համեստութիւնը՝ մեր սահմանափակումներուն հանդէպ իրապաշտ տեսակէտ մը ունենալը՝ անպայման մեր մէջ պիտի մշակեն հաւասարակշռուած եւ տրամաբանական ակնկալութիւններ։ Տեղին ըլլալով, Հռովմայեցիս 12։3–ը մեզ կը զգուշացնէ որ մեր անձին մասին ‘արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածենք’։ Ասկէ զատ, Փիլիպպեցիս 2։3–ը մեզ կը քաջալերէ որ մտքի խոնարհութիւն ունենանք եւ ուրիշները մեր անձէն լաւ սեպենք։
Նախապէս յիշուած Էլիզապէթը, հիւանդութեան պատճառաւ իր անձին հանդէպ հանդուրժողութիւն չունէր։ Ժամանակ պէտք էր, որ ինք հարցերու նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը հասկնար եւ մխիթարուէր, գիտնալով որ ան մեր ծառայութիւնը չի մոռնար։ Քոլինը իր շարժականութիւնը կորսնցուցած է տկարացնող հիւանդութեան մը պատճառաւ։ Սկիզբը, ան այնպիսի զգացում մը մշակեց թէ իր ծառայութիւնը գրեթէ անարժէք էր, բաղդատած առողջ եղած ատեն իր իրագործածին հետ։ Բ. Կորնթացիս 8։12–ի նման համարներու մասին խորհրդածելով, ան կրցաւ այս զգացումներէն ձերբազատուիլ։ Այս համարը կ’ըսէ. «Եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը»։ Քոլինը կ’ըսէ. «Թէեւ տուածս շատ աւելի քիչ է, սակայն, տակաւին կրնամ տալ եւ ասիկա Եհովայի աչքին ընդունելի է»։ Եբրայեցիս 6։10–ն մեզի կը յիշեցնէ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։
Հետեւաբար, ի՞նչպէս կրնանք որոշել թէ մեր ակնկալութիւնները տրամաբանակա՛ն են թէ ոչ։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ակնկալութիւններս Աստուծոյ ակնկալութիւններուն հետ համապատասխա՞ն են’։ Գաղատացիս 6։4–ը կ’ըսէ. «Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ»։ Յիշեցէք որ Յիսուս ըսաւ. «Իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ Այո, որպէս Քրիստոնեաներ կրելիք լուծ մը ունինք, բայց անիկա «քաղցր» եւ «թեթեւ» է, իսկ Յիսուս խոստացաւ թէ անիկա կրնայ մեզ թարմացնել, եթէ սորվինք զայն շիտակ կերպով շալկել։—Մատթէոս 11։28-30
Տրամաբանական Ակնկալութիւնները Վարձահատոյց Են
Անմիջական եւ մնայուն վարձատրութիւններ ձեռք կը ձգենք, երբ Աստուծոյ Խօսքին խրատը մտիկ ընենք եւ զայն գործադրենք, մինչ կը ջանանք տրամաբանական ակնկալութիւններ զարգացնել։ Մէկ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ, որ ասիկա մեր ֆիզիքականին վրայ օգտակար ազդեցութիւն ունի։ Ճենիֆըր անունով երիտասարդուհի մը, որ Եհովայի վերյիշեցումներէն օգտուած է, կ’ընդունի. «Ապրելու աւելի կորով եւ խանդավառութիւն ունիմ»։ Պատշաճօրէն, Առակաց 4։21, 22–ը կը յորդորէ մեզ, որ մեր աչքերով եւ սրտով Եհովայի ըսածներուն ուշադրութիւն ընծայենք, «վասն զի անոնք կեանք են զանոնք գտնողներուն եւ անոնց մարմնին՝ բժշկութիւն»։
Ուրիշ վարձատրութիւն մըն է՝ մտային եւ զգացական բարօրութիւնը։ Թէրէզան կ’ըսէ. «Երբ միտքս ու սիրտս Աստուծոյ Խօսքին տամ, կ’անդրադառնամ որ միշտ աւելի ուրախ մէկը կ’ըլլամ»։ Ճիշդ է որ տակաւին կեանքի մէջ յուսախաբութիւններ պիտի ունենանք։ Սակայն, պիտի կարենանք աւելի դիւրաւ տոկալ անոնց։ Յակոբու 4։8–ն կը յորդորէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ Եհովա նաեւ կը խոստանայ որ կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու համար մեզ պիտի զօրացնէ եւ խաղաղութիւն պիտի շնորհէ մեզի։—Սաղմոս 29։11
Տրամաբանական ակնկալութիւններ ունենալը մեզի կ’օգնէ որ հոգեւոր կայունութիւն պահենք։ Ասիկա ալ օրհնութիւն մըն է։ Կրնանք կեանքի աւելի կարեւոր բաներուն վրայ կեդրոնացնել մեր ուշադրութիւնը։ (Փիլիպպեցիս 1։10) Այն ատեն մեր նպատակակէտերը իրապաշտ եւ հասանելի պիտի ըլլան, ինչ որ աւելի մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կու տայ։ Աւելի յօժար պիտի ըլլանք մեր անձերը Եհովայի վստահելու, գիտնալով որ ան հարցերը պիտի ղեկավարէ մեր լաւագոյն շահերը ի մտի ունենալով։ Պետրոս կ’ըսէ. «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ»։ (Ա. Պետրոս 5։6) Եհովայի կողմէ բարձրացուելէն աւելի վարձահատոյց բան կրնա՞յ ըլլալ։
[Նկարներ՝ էջ 31]
Տրամաբանական ակնկալութիւններ մշակելը կրնայ մեզի օգնել որ ընդվզումներու եւ յուսախաբութիւններու հանդուրժենք