Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը ինչո՞ւ կենսական է

Հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը ինչո՞ւ կենսական է

Հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը ինչո՞ւ կենսական է

Ո՞Վ երախտապարտ չէ որ ոստիկանութիւնը հեղինակութիւն ունի մեր ստացուածքը կողոպտող եւ մեր ընտանիքներուն սպառնացող ոճրագործները ձերբակալելու։ Իսկ չե՞նք գնահատեր որ դատարանները հեղինակութիւն ունին ոճրագործները պատժելու, ընկերութիւնը պաշտպանելու համար։

Հաւանաբար մեր միտքը գան ուրիշ օգտակար հանրային ծառայութիւններ, ինչպէս՝ ճամբաներու հոգատարութիւնը, առողջապահական միջոցները եւ ուսումը, որոնք սովորաբար կը վճարուին կառավարական հեղինակութեան կողմէ գանձուած տուրքերէն։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները առաջիններէն են որ կ’ընդունին թէ նշանակուած հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը կենսական է։ Սակայն, այսպիսի յարգանք ո՞ր տարողութեամբ պէտք է ցուցաբերուի։ Իսկ կեանքի ո՞ր մարզերուն մէջ հեղինակութեան հանդէպ յարգանք կը պահանջուի։

Հեղինակութիւն Ընկերութեան Մէջ

Աստուածաշունչը բոլոր մարդոց՝ թէ՛ հաւատացեալներուն եւ թէ ոչ–հաւատացեալներուն՝ կը պատուիրէ, որ ընկերութեան բարիքին ծառայող կառավարական հեղինակութիւնը յարգեն։ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ Հռովմի մէջ գտնուող հաւատակիցներուն այս մասին գրեց, եւ օգտակար է իր ըսածը նկատի առնել, որ արձանագրուած է Հռովմայեցիս 13։1-7–ի մէջ։

Պօղոս հռովմէական քաղաքացիութիւն ունէր, իսկ Հռովմ այն ժամանակուան աշխարհակալ ոյժն էր։ Շուրջ Հ.Դ. 56–ին գրուած Պօղոսի նամակը, կը խրատէր Քրիստոնեաները որ օրինակելի քաղաքացիներ ըլլային։ Ան գրեց. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած [«վերին», ՆԱ] իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են»։

Հոս, Պօղոս կը բացատրէ թէ մարդկային հեղինակութիւն գոյութիւն պիտի չունենար, եթէ Աստուած զայն չթոյլատրէր։ Այս առումով, վերին իշխանութիւնները Աստուծոյ նպատակին մէջ յարաբերական դիրք մը ունին։ Ուստի կը հետեւցուի, թէ «ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ»։

Մինչ բարեգործ քաղաքացիներ կրնան վերին իշխանութիւններուն կողմէ գովասանք ստանալ, սակայն այս իշխանութիւնները յանցագործները պատժելու հեղինակութիւն ալ ունին։ Չարագործները՝ իշխանութիւններուն «վրէժխնդիր» ըլլալու իրաւունքէն վախնալու շատ պատճառ ունին, քանի որ կառավարութիւնները ասիկա կ’ընեն որպէս «Աստուծոյ սպասաւոր»ը։

Պօղոս կ’եզրափակէ իր պատճառաբանութիւնը ըսելով. «Ասոր համար պէտք է հնազանդ ըլլալ, ոչ միայն բարկութեանը համար, հապա խղճմտանքի համար ալ։ Այս պատճառաւ է որ տուրք ալ կու տաք. վասն զի Աստուծոյ սպասաւորներն են այն նոյն բանին հոգ տանելու»։

Տուրքերը դասաւորելը վերին իշխանութիւններուն պատասխանատուութիւնն է, եւ ոչ թէ՝ տուրք վճարողին։ Որպէս պարկեշտ քաղաքացի, Քրիստոնեան մաքուր խղճմտանք մը կը պահպանէ։ Ան գիտէ թէ վերին իշխանութիւններուն հնազանդելով եւ տուրքերը վճարելով, ո՛չ միայն իր ապրած ընկերութեան մակարդակը բարձր պահած կ’ըլլայ, այլեւ աստուածային պահանջներուն հետ համաձայն ապրած կ’ըլլայ։

Ընտանիքը եւ Հեղինակութիւնը

Ի՞նչ կրնանք ըսել ընտանիքին մէջ եղած հեղինակութեան մասին։ Երախայ մը իր կեանքին սկիզբի շրջանը, յաճախ ուշադրութիւն պիտի պահանջէ, լալով կամ նոյնիսկ՝ ճչալով։ Սակայն, իմաստուն ծնող մը պիտի հասկնայ երախային իսկական կարիքները եւ թոյլ պիտի չտայ որ անոր կողմէ պոռթկում մը իրեն պարտադրէ իր ընելիքը։ Կարգ մը երախաներ, մինչ կը մեծնան, անսանձ կը ձգուին եւ թոյլ կը տրուի որ անոնք իրենց չափանիշները դնեն։ Անփորձ ըլլալով, անոնք կրնան ոճիրի եւ ուրիշ յանցագործութիւններու միջամուխ ըլլալ, խանգարելով թէ՛ ընտանիքը եւ թէ ամբողջ ընկերութիւնը, բան մը, որու քաջածանօթ են տեղական իշխանութիւնները։

«Ծնողներ իրենց զաւակները շատ ուշ կը կրթեն», կ’ըսէ Ռոզալին Մայլզ, Զաւակներ՝ Որոնց Արժանի Ենք խորագրով իր գրքին մէջ, «[կրթութիւնը] երախային ծնած վայրկեանէն պէտք է սկսի»։ Եթէ ծնողներ սկիզբէն քաղցրալեզու եւ հոգածու հեղինակութիւն բանեցնեն եւ իրենց քայլերուն մէջ հետեւողական ըլլան, զաւակները շուտով պիտի սորվին ընդունիլ այդ հեղինակութիւնը եւ անկէ առթած սիրալիր կրթութիւնը։

Աստուածաշունչը ընտանեկան հեղինակութեան շուրջ ճոխ տեղեկութիւն կը բովանդակէ։ Առակաց գրքին մէջ, իմաստուն մարդը՝ Սողոմոն, ուշադրութեան կը յանձնէ իրենց զաւակներուն առջեւ աստուածավախ ծնողքին ունեցած միակամութիւնը, ըսելով. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր»։ (Առակաց 1։8) Երբ ծնողներ իրենց զաւակներուն առջեւ այսպիսի տրամաբանական միակամ կեցուածք մը պահեն, զաւակները կը գիտնան թէ իրենցմէ ի՛նչ կը սպասուի։ Անոնք թերեւս փորձեն մէկ ծնողէն միւսին երթալ, ջանալով իրենց ուզածը ընել, սակայն ծնողքին միակամ հեղինակութիւնը զաւակներուն համար պաշտպանութիւն մըն է։

Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ ամուսինը ո՛չ միայն զաւակներուն, այլ իր կնոջ ալ հոգեւոր բարօրութեան հոգ տանելու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը ունի։ Ասիկա բնութագրուած է որպէս գլխաւորութիւն։ Այս գլխաւորութիւնը ի՞նչպէս ի գործ պէտք է դրուի։ Պօղոս ցոյց կու տայ թէ, ի՛նչպէս որ Քրիստոս ժողովքին Գլուխն է, նոյնպէս ալ մարդը կնոջ գլուխն է։ Ապա Պօղոս կ’աւելցնէ. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին [իր հոգեւոր հարսը] ու իր անձը մատնեց անոր համար»։ (Եփեսացիս 5։25) Երբ տղամարդ մը Յիսուսի օրինակին հետեւի եւ իր գլխաւորութիւնը սիրալիր կերպով գործադրէ, իր կնոջ ‘ակնածանքին’ պիտի արժանանայ։ (Եփեսացիս 5։33) Այսպիսի ընտանիքի մը զաւակները, պիտի տեսնեն նաեւ աստուածատուր հեղինակութեան արժէքը եւ պիտի քաջալերուին ընդունիլ զայն։—Եփեսացիս 6։1-3

Առանձին ծնողներ, ի ներառեալ այրիներ, ի՞նչպէս կրնան այս հարցին հետ գլուխ ելլել։ Հայրեր ըլլան կամ մայրեր, անոնք կրնան ուղղակի Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի հեղինակութեան կոչ ընել։ Յիսուս միշտ իր Հօրմէն եւ ներշնչուած Գրութիւններէն ստացած հեղինակութեամբ կը խօսէր։—Մատթէոս 4։1-10. 7։29. Յովհաննու 5։19, 30. 8։28

Աստուածաշունչը առատօրէն արժէքաւոր սկզբունքներ կը հայթայթէ, երախաներուն դիմակալած խնդիրներուն շուրջ։ Այս սկզբունքները բնորոշելով եւ անոնց հետեւելով, ծնող մը պիտի կարենայ սիրալիր եւ օգտակար խրատ հայթայթել իր զաւակներուն։ (Ծննդոց 6։22. Առակաց 13։20. Մատթէոս 6։33. Ա. Կորնթացիս 15։33. Փիլիպպեցիս 4։8, 9) Ծնողներ կրնան դիմել նաեւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած նիւթերուն, որոնք մասնայատուկ կերպով ծրագրուած են իրենց օգնելու որ մարզեն իրենց զաւակները, որպէսզի Աստուածաշունչի հեղինակութիւնը յարգելուն օգուտները գնահատեն։ *

Քրիստոնէական Ժողովքը եւ Հեղինակութիւնը

«Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ (Մատթէոս 17։5) Եհովա Աստուծոյ կողմէ ըսուած այս խօսքերը, Յիսուսը բնորոշեցին որպէս աստուածային հեղինակութեամբ խօսող անհատ մը։ Անոր ըսածները արձանագրուած են չորս Աւետարաններուն մէջ, որոնք մեզի մատչելի են։

Իր երկինք համբառնալէն ճիշդ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն տեղեկացուց. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ (Մատթէոս 28։18) Որպէս իր ժողովքին Գլուխը, Յիսուս երկրի վրայ իր օծեալ հետեւորդներուն վրայ ոչ միայն հսկած է, այլ նաեւ՝ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին սուրբ հոգիին թափուելէն ետք, զանոնք նաեւ գործածած է որպէս ճշմարտութեան խողովակ՝ որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը։ (Մատթէոս 24։45-47. Գործք 2։1-36) Այս բոլորը կատարելու համար ան ի՞նչ ըրած է քրիստոնէական ժողովքը զօրացնելու համար։ «Բարձրը ելաւ, . . . տղամարդիկ որպէս պարգեւներ տուաւ»։ (Եփեսացիս 4։8, ՆԱ) Այս ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’ Քրիստոնեայ երէցներն են, որոնք սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են, եւ անոնց տրուած է հաւատակիցներուն հոգեւոր շահերուն հոգ տանելու հեղինակութիւնը։—Գործք 20։28

Այս պատճառաւ, Պօղոս կը խրատէ. «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը ձեզի խօսեցան եւ անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք»։ Քանի որ այս հաւատարիմ մարդիկը Յիսուսի քայլերուն սերտօրէն կը հետեւին, իրապէս իմաստութիւն է անոնց հաւատքը ընդօրինակել։ Ապա Պօղոս կ’աւելցնէ. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք [«շարունակ ընդունեցէք անոնց ունեցած հեղինակութիւնը ձեր վրայ», Տը Էմբլիֆայտ Պայպըլ], վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ»։—Եբրայեցիս 13։7, 17

Ի՞նչ կը պատահի երբ այսպիսի ցուցմունք անտեսուի։ Նախկին քրիստոնէական ժողովքին կարգ մը անդամները ասիկա ըրին եւ հաւատուրացներ դարձան։ Հիմենոսն ու Փիղետոսը յիշուած են որպէս, ոմանց հաւատքը կործանող անհատներ, եւ որոնց փուճ խօսքերը «պիղծ» էին։ Անոնց դաւանած բաներէն մէկն էր, թէ յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած էր, հաւանաբար՝ հոգեւոր կամ այլաբանական յարութիւն մը, եւ հետեւաբար ապագային՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ յաւելեալ յարութիւն մը չկար։—Բ. Տիմոթէոս 2։16-18

Նշանակուած հեղինակութիւնը օգնութեան փութաց։ Քրիստոնեայ երէցներ կարող եղան հերքել այսպիսի առարկութիւններ, քանի որ որպէս Յիսուս Քրիստոսի ներկայացուցիչներ, անոնք Սուրբ Գրութիւններուն հեղինակութիւնը գործածեցին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Ներկայիս պարագան նոյնն է քրիստոնէական ժողովքին մէջ, որ նկարագրուած է որպէս «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը»։ (Ա. Տիմոթէոս 3։15) Երբեք թոյլ պիտի չտրուի որ սուտ ուսուցումներ խեղաթիւրեն «ողջամիտ խօսքերուն օրինակը», որ մեզի համար Աստուածաշունչի էջերուն մէջ պահպանուած է որպէս բարի աւանդ մը։—Բ. Տիմոթէոս 1։13, 14

Մինչ հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը արագօրէն կ’անհետանայ աշխարհի մէջ, որպէս Քրիստոնեաներ կ’ընդունինք թէ ընկերութեան, ընտանիքին եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ պատշաճ հեղինակութիւնները մեր օգտին համար հաստատուած են։ Հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը կենսական է մեր ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր բարօրութեան համար։ Այսպիսի աստուածատուր հեղինակութիւն ընդունելով եւ յարգելով, պիտի պահպանուինք մեծագոյն հեղինակութիւններուն՝ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, մեր յաւերժական բարօրութեան համար։—Սաղմոս 119։165. Եբրայեցիս 12։9

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Տես՝ Պատանիները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ եւ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը գրքերը, որոնք հրատարակուած են Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 5]

Աստուածաշունչը ընտանեկան հեղինակութեան շուրջ ճոխ տեղեկութիւն կը բովանդակէ

[Նկար՝ էջ 6]

Առանձին ծնողներ կրնան ուղղակի Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի հեղինակութեան դիմել

[Նկար՝ էջ 7]

Քրիստոնեաները կ’ընդունին թէ ընտանիքին, քրիստոնէական ժողովքին եւ ընկերութեան մէջ պատշաճ հեղինակութիւններ իրենց օգտին համար հաստատուած են

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 4]

Photo by Josh Mathes, Collection of the Supreme Court of the United States