Հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը ինչո՞ւ կը պակսի
Հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը ինչո՞ւ կը պակսի
«Կրօնական թէ աշխարհային, ընկերային թէ քաղաքական հաստատուած հեղինակութեան հանդէպ ընդդիմութիւնը, որպէս համաշխարհային երեւոյթ, կրնայ օր մը իրապէս համարուիլ վերջին տասնամեակին ուշագրաւ պատահարը»։
ՀԱԶԱՐ ինը հարիւր վաթսունական թուականներէն, պատմաբան եւ իմաստասէր Հաննա Արէնտթի ակնարկած տասնամեակէն, տարիներ անցած են։ Ներկայիս, հեղինակութեան հանդէպ յարգանքի պակասի հոսանքը որեւէ ժամանակէ աւելի կը սաստկանայ։
Զոր օրինակ, Լոնտոնի Տը Թայմզ–ին մէջ վերջերս լոյս տեսած տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ. «Կարգ մը ծնողներ կը մերժեն ընդունիլ իրենց զաւկին վրայ ուսուցիչին ունեցած հեղինակութիւնը եւ երբ իրենց զաւակը կրթելու փորձեր կատարուին, անոնք կը գանգատին»։ Դպրոցին մէջ երբ իրենց զաւակները պատժուին, յաճախ ծնողներ դպրոց կ’երթան ոչ միայն սպառնալու՝ այլ նաեւ ուսուցիչներուն վրայ յարձակելու համար։
Տեղեկագրուած է թէ Բրիտանիոյ մէջ, Ուսուցչապետներու Ազգային Ընկերակցութեան խօսնակ մը ըսած է. «Հանրութիւնը կ’ըսէ՝ ‘իրաւունքներ ունիմ’, փոխանակ ըսելու՝ ‘պատասխանատուութիւններ ունիմ’»։ Իրենց զաւակներուն մէջ հեղինակութեան հանդէպ առողջ յարգանք չկերտելէ զատ, կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակները չեն սրբագրեր եւ չեն ուզեր որ ուրիշներ ասիկա ընեն։ Իրենց «իրաւունքները» պահանջող զաւակներուն թոյլ կը տրուի որ ծնողներու եւ ուսուցիչներու հեղինակութիւնը անգոսնեն, իսկ հետեւանքը նախատեսելի է. «նոր սերունդ մը, որ հեղինակութեան հանդէպ յարգանք չունի, իսկ շիտակի եւ սխալի մասին շատ քիչ գաղափար ունի», կ’ըսէ թղթակից Մարկըրէթ Տրիսքոլ։
Թայմ պարբերաթերթը իր՝ «Կորսուած Սերունդ» խորագրով յօդուածին մէջ, բազմաթիւ Ռուս պատանիներու յուսախաբութեան մատնանշեց, մէջբերելով անուանի րէբ երգիչի մը խօսքերը, որ ըսած է. «Անհատ մը որ ծնած է այս աշխարհին մէջ, ուր ամէն բան ժամանակաւոր եւ անիրաւ է, ի՞նչպէս կրնայ հաւատք ունենալ մարդկային ընկերութեան վրայ»։ Ընկերաբան Միխայէլ Թոփալով այս գաղափարը հաստատեց. «Այս դեռատիները ապուշ չեն։ Անոնք տեսած են որ պետութիւնը իրենց ծնողքին սուտ խօսած է, տեսած են որ անոնք իրենց խնայողութիւնները եւ գործերը կորսնցուցած են։ Կրնա՞նք անոնցմէ ակնկալել որ հեղինակութեան հանդէպ յարգանք ունենան»։
Սակայն, սխալ պիտի ըլլար եզրակացնել թէ միայն նոր սերունդն է որ հեղինակութեան հանդէպ անվստահութեամբ յատկորոշուած է։ Ներկայիս, ամէն տարիքի անհատներ որեւէ տեսակի հեղինակութեան անվստահութեամբ կը նային եւ նոյնիսկ զայն կ’արհամարհեն։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ չենք կրնար որեւէ հեղինակութեան վստահիլ։ Հեղինակութիւնը սահմանուած է որպէս՝ «ուրիշներու արարքները ղեկավարելու, դատելու կամ արգիլելու զօրութիւնը կամ իրաւունքը», իսկ եթէ պատշաճ կերպով ի գործ դրուի, անիկա կրնայ բարիի նպաստող ոյժ մը ըլլալ։ Անիկա թէ՛ անհատներու եւ թէ ընկերութեան օգտակար կրնայ ըլլալ։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ թէ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է։