Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւակնոտութիւնը անարգութեան կ’առաջնորդէ

Յաւակնոտութիւնը անարգութեան կ’առաջնորդէ

Յաւակնոտութիւնը անարգութեան կ’առաջնորդէ

«Երբ հպարտութիւնը [«յաւակնոտութիւնը», ՆԱ] գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն [«համեստներուն», ՆԱ] հետ է»։—ԱՌԱԿԱՑ 11։2

1, 2. Յաւակնոտութիւնը ի՞նչ է եւ անիկա ի՛նչ կերպերով փորձանքի առաջնորդած է։

ՆԱԽԱՆՁ Ղեւտացի մը ըմբոստ ամբոխ մը Եհովայի նշանակած հեղինակութիւններու դէմ կը հանէ։ Ցանկասէր իշխան մը իր հօրը գահը յափշտակելու համար նենգամիտ ծրագիրներ կը դաւէ։ Անհամբեր թագաւոր մը Աստուծոյ մարգարէին բացայայտ հրահանգները կ’անտեսէ։ Այս երեք Իսրայելացիները հասարակաց նկարագրի գիծ մը ունին, որ է՝ յաւակնոտութիւնը։

2 Յաւակնոտութիւնը սրտի յատկութիւն մըն է որ բոլորիս ալ լրջօրէն կը սպառնայ։ (Սաղմոս 19։13) Յաւակնոտ անհատ մը խիզախօրէն իր սահմանները կ’անցնի, առանց այդպէս ընելու հեղինակութիւնը ունենալու։ Յաճախ ասիկա չարիքի կ’առաջնորդէ։ Արդարեւ, յաւակնոտութիւնը թագաւորներ կործանած եւ կայսրութիւններ տապալած է։ (Երեմեայ 50։29, 31, 32. Դանիէլ 5։20) Անիկա նոյնիսկ Եհովայի ծառաներէն ոմանք որոգայթի մէջ ձգած եւ զանոնք կործանումի առաջնորդած է։

3. Յաւակնոտութեան վտանգներուն մասին ի՞նչպէս կրնանք սորվիլ։

3 Աստուածաշունչը տեղին ըլլալով կ’ըսէ. «Երբ հպարտութիւնը [«յաւակնոտութիւնը», ՆԱ] գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն [«համեստներուն», ՆԱ] հետ է»։ (Առակաց 11։2) Աստուածաշունչը այս առակին ճշմարտութիւնը հաստատող օրինակներ կու տայ։ Անոնցմէ քանի մը հատը քննելը մեզի պիտի օգնէ որ տեսնենք մեր սահմաններէն անդին անցնելուն վտանգը։ Ուստի տեսնենք թէ ի՛նչպէս նախանձը, փառասիրութիւնը եւ անհամբերութիւնը պատճառ եղան որ բացման մէջ գործածուած երեք տղամարդիկը յաւակնոտութեամբ վարուին, իրենք զիրենք անարգելով։

Կորխ՝ Նախանձ Ըմբոստ մը

4. (ա) Ո՞վ էր Կորխ եւ պատմական ո՞ր դէպքերուն անկասկած մասնակից եղած էր։ (բ) Իր վերջին տարիներուն, Կորխ ի՞նչ վատահամբաւ արարք հրահրեց։

4 Կորխ՝ Կահաթացի Ղեւտացի մըն էր, Մովսէսի ու Ահարոնի զարմիկը։ Ըստ երեւոյթին, ան տասնեակ տարիներ հաւատարիմ էր Եհովայի։ Կորխ Կարմիր Ծովէն հրաշքով ազատուածներուն մէջ ըլլալու առանձնաշնորհումը ունեցած էր, եւ հաւանաբար մասնակցած էր Սինա Լերան մօտ հորթի–պաշտամունք մատուցանող Իսրայելացիներուն դէմ Եհովայի դատաստանի գործադրման։ (Ելից 32։26) Բայց վերջաւորութեան, Կորխ՝ Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ կատարուած ըմբոստութեան մը պարագլուխը եղաւ, որու միջամուխ եղան Դաթան, Աբիրոն եւ Օն եւ 250 գլխաւորներ։ * Անոնք Մովսէսի ու Ահարոնի ըսին. «Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ. վասն զի բոլոր ժողովուրդը ամէնքն ալ սուրբ են եւ Տէրը անոնց մէջ է եւ ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ դուք ձեզ կը բարձրացնէք»։—Թուոց 16։1-3

5, 6. (ա) Կորխ ինչո՞ւ ըմբոստացաւ Մովսէսի եւ Ահարոնի դէմ։ (բ) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ Կորխ հաւանաբար կը թերագնահատէր Աստուծոյ կարգադրութեան մէջ իր ունեցած տեղը։

5 Տարիներու հաւատարմութենէն ետք, Կորխ ինչո՞ւ ըմբոստացաւ։ Վստահաբար, Մովսէս Իսրայէլը բռնութեամբ չէր առաջնորդեր, քանի որ «Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի»։ (Թուոց 12։3) Բայց այնպէս կ’երեւնայ թէ Կորխ նախանձեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի եւ անոնց աչքառու դիրքէն դժգոհեցաւ եւ մղուեցաւ ըսելու՝ անշուշտ սխալ կերպով՝ թէ անոնք ինքնագլուխ կերպով ու անձնասիրաբար իրենք զիրենք ժողովքին վրայ կը բարձրացնէին։—Սաղմոս 106։16

6 Շատ հաւանաբար Կորխի խնդիրը մասամբ այն ըլլալու էր որ ան Աստուծոյ կարգադրութեան մէջ իր ունեցած անձնական առանձնաշնորհումներուն հանդէպ գնահատութիւն չունէր։ Ճիշդ է որ Կահաթացի Ղեւտացիները քահանաներ չէին, սակայն Աստուծոյ Օրէնքին ուսուցիչներն էին։ Անոնք տաղաւարին կահկարասին եւ սպասներն ալ կը կրէին, երբ զանոնք փոխադրելու կարիքը տեսնուէր։ Ասիկա աննշան պարտականութիւն մը չէր, քանի որ միայն կրօնապէս եւ բարոյապէս մաքուր եղողները կրնային սրբազան սպասները վերցնել։ (Եսայեայ 52։11) Ուստի, երբ Մովսէս Կորխի դիմաց ելաւ, իրականութեան մէջ անոր կը հարցնէր. Քու նշանակումդ ա՛յնքան աննշա՞ն կը նկատես որ քահանայութիւնն ալ կը փնտռես։ (Թուոց 16։9, 10) Կորխ չգիտակցեցաւ որ մեծագոյն պատիւը հաւատարմաբար Եհովայի ծառայելն էր՝ իր կարգադրութեան համաձայն, եւ ո՛չ թէ որոշ մակարդակի մը կամ դիրքի մը հասնիլը։—Սաղմոս 84։10

7. (ա) Մովսէս ի՞նչպէս վարուեցաւ Կորխի եւ իր մարդոց հետ։ (բ) Կորխի ըմբոստութիւնը ի՞նչպէս աղիտալի կերպով վերջ գտաւ։

7 Մովսէս հրաւիրեց որ Կորխ եւ իր մարդիկը յաջորդ առաւօտ վկայութեան խորանին առջեւ հաւաքուէին, բուրվառներով եւ խունկով։ Կորխ եւ իր մարդիկը խունկ ծխելու հեղինակութիւն չունէին, քանի որ քահանայ չէին։ Եթէ անոնք բուրվառներով եւ խունկով գային, ասիկա յստակօրէն պիտի նշէր որ այս մարդիկը իրապէս կը խորհէին որ քահանաներու պէս վարուելու իրաւունքը ունէին, նոյնիսկ ամբողջ գիշերը այս հարցին մասին մտածելու ժամանակ ունենալէ ետք։ Յաջորդ առաւօտ երբ անոնք ներկայացան, Եհովա իրապէս իր բարկութիւնը յայտնեց։ Ռուբէնի որդիներուն պարագային՝ «երկիր իր բերանը բացաւ ու զանոնք ... կլլեց»։ Մնացեալը, մէջը ըլլալով Կորխը, Աստուծմէ եկած կրակով սպառեցան։ (Բ. Օրինաց 11։6. Թուոց 16։16-35. 26։10) Կորխի յաւակնոտութիւնը ամբողջական անարգանքի առաջնորդեց եւ զինք, Աստուծոյ տհաճութեան արժանացուց։

Նախանձի Հոգիին’ Ընդդիմանանք

8. Քրիստոնեաներուն մէջ ի՞նչպէս ‘նախանձի հոգի’ մը կրնայ յայտնաբերուիլ։

8 Կորխի պատմութիւնը ազդարարութիւն մըն է մեզի համար։ Քանի որ անկատար մարդոց մէջ ‘նախանձի հոգին’ առկայ է, անիկա կրնայ յայտնաբերուիլ նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ (Յակոբու 4։5) Օրինակ, թերեւս դիրքով հետաքրքրուած ենք։ Կորխի նման, կրնանք նախանձիլ անոնց, որոնք մեր փափաքած առանձնաշնորհումները ունին։ Կամ՝ կրնանք առաջին դարուն ապրած Քրիստոնեայ Դիոտրեփէսի նմանիլ։ Ան խստօրէն կը քննադատէր առաքելական հեղինակութիւնը, քանի որ ի՛նք կ’ուզէր այդ պաշտօնը ունենալ։ Արդարեւ, Յովհաննէս գրեց որ Դիոտրեփէս «առաջին ըլլալ կ’ուզէ»։—Գ. Յովհաննու 9

9. (ա) Ժողովքային պատասխանատուութիւններու հանդէպ ո՞ր կեցուածքէն պէտք է խուսափինք։ (բ) Աստուծոյ կարգադրութեան մէջ մեր տեղին նկատմամբ պատշաճ տեսակէտը ի՞նչ է։

9 Անշուշտ, սխալ չէ որ Քրիստոնեայ տղամարդ մը ժողովքային պատասխանատուութիւններու ցանկայ։ Պօղոս նոյնիսկ քաջալերեց այսպիսի ընթացք մը։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1) Սակայն, ծառայութեան առանձնաշնորհումները բարենիշի նման պէտք չէ նկատենք, որպէս թէ անոնց հասնելով՝ մէկ աստիճան բարձրացած կ’ըլլանք։ Մի՛ մոռնաք Յիսուսի ըսածը՝ «Ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ»։ (Մատթէոս 20։26, 27) Որոշ է ուրեմն, որ սխալ է նախանձիլ աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ ունեցողներուն, որպէս թէ Աստուծոյ քով մեր ունեցած արժէքը իր կազմակերպութեան մէջ մեր ունեցած «աստիճանէն» կախեալ ըլլար։ Յիսուս ըսաւ. «Դուք ամէնքդ եղբայր էք»։ (Մատթէոս 23։9) Այո, հրատարակիչ ըլլանք թէ ռահվիրայ, նոր մկրտուած՝ թէ երկար ժամանակէ ուղղամտութիւն պահող մը, բոլոր անոնք որ ամբողջ սրտով Եհովայի կը ծառայեն, իր կարգադրութեան մէջ արժէքաւոր տեղ մը ունին։ (Ղուկաս 10։27. 12։6, 7. Գաղատացիս 3։28. Եբրայեցիս 6։10) Իրապէս օրհնութիւն մըն է ուս ուսի ծառայել այն միլիոնաւոր անհատներուն հետ, որոնք կը ջանան կիրարկել Աստուածաշունչին խրատը. «Իրարու հանդէպ ամէնքդ խոնարհութիւն ունեցէք»։—Ա. Պետրոս 5։5, Երուսաղէմ

Աբիսողոմ՝ Փառատենչ Պատեհապաշտ մը

10. Ո՞վ էր Աբիսողոմ. ան դատաստանի համար թագաւորին քով եկողները ի՞նչպէս փորձեց սիրաշահիլ։

10 Դաւիթ Թագաւորի երրորդ որդւոյն՝ Աբիսողոմի ընթացքը, փառատենչութեան շուրջ ուսումնասիրութեան նիւթ կը հայթայթէ։ Այս դաւադիր պատեհապաշտը, ջանաց դատաստանի համար թագաւորին քով եկողները սիրաշահիլ։ Նախ այնպէս հասկցուց որ Դաւիթ անտարբեր էր իրենց կարիքներուն նկատմամբ։ Ապա խորամանկութիւնը մէկդի դնելով, ուղղակի նիւթին անցաւ։ Աբիսողոմ ձայնին եղանակ մը դնելով ըսաւ. «Երանի՜ թէ զիս այս երկրին վրայ դատաւոր դնէին ու ամէն վէճ կամ դատ ունեցող մարդ ինծի գար եւ անոր իրաւունք ընէի»։ Աբիսողոմի խորամանկ մեքենայութիւնը սահման չունէր։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Երբ մարդ մը մօտենար անոր խոնարհութիւն ընելու, անիկա ձեռքը կ’երկնցնէր, զանիկա կը բռնէր ու կը համբուրէր։ Աբիսողոմ դատաստանի համար թագաւորին եկող բոլոր Իսրայէլին այսպէս [կ’ընէր]»։ Ի՞նչ արդիւնքով։ Աբիսողոմ «Իսրայէլի մարդոց սիրտը իրեն դարձուց»։—Բ. Թագաւորաց 15։1-6

11. Աբիսողոմ ի՞նչպէս փորձեց Դաւիթի գահը յափշտակել։

11 Աբիսողոմ վճռած էր իր հօրը թագաւորութիւնը յափշտակել։ Հինգ տարի առաջ, ան Դաւիթի անդրանիկ որդին՝ Ամնոնը սպաննել տուած էր, Աբիսողոմի քրոջ՝ Թամարի բռնաբարումին համար վրէժ առնելու պատրուակով։ (Բ. Թագաւորաց 13։28, 29) Սակայն այն ատեն իսկ Աբիսողոմ գահին վրայ աչք ունենալու էր, Ամնոնի սպանութիւնը մրցակից մը մէջտեղէն վերցնելու համար յարմար առիթ մը նկատելով։ * Ամենայնդէպս, երբ յարմար առիթը գտաւ, Աբիսողոմ գործի լծուեցաւ։ Ամբողջ երկրին մէջ իր թագաւորութիւնը հռչակել տուաւ։—Բ. Թագաւորաց 15։10

12. Բացատրեցէք թէ Աբիսողոմի յաւակնոտութիւնը ի՛նչպէս անարգանքի առաջնորդեց։

12 Ժամանակ մը, Աբիսողոմ յաջողեցաւ, քանի որ «դաւաճանութիւնը զօրացաւ ու ժողովուրդը երթալով կը շատնար Աբիսողոմին քով»։ Ժամանակ մը եկաւ որ Դաւիթ Թագաւոր իր կեանքը փրկելու համար ստիպուեցաւ փախչիլ։ (Բ. Թագաւորաց 15։12-17) Սակայն շատ չանցած, Աբիսողոմի ասպարէզը վերջ գտաւ, երբ Յովաբի կողմէ սպաննուեցաւ եւ փոսի մը մէջ նետուեցաւ ու քարերով ծածկուեցաւ։ Երեւակայեցէ՛ք. թագաւոր ըլլալ տենչացող այս մարդը, իր մահուան ատեն պատշաճ թաղում մը անգամ չունեցաւ։ * Յաւակնոտութիւնը Աբիսողոմը իրապէ՛ս անարգանքի առաջնորդեց։—Բ. Թագաւորաց 18։9-17

Անձնասէր Փառատենչութենէ Խուսափիլ

13. Քրիստոնեային սրտին մէջ ի՞նչպէս փառատենչ հոգի մը կրնայ արմատ կապել։

13 Աբիսողոմի բարձրացումէն ու անոր յաջորդող անկումէն դաս մը կրնանք սորվիլ։ Ներկայ դաժան աշխարհին մէջ, սովորական դարձած է որ մարդիկ իրենց վերակացուներուն դիմաց քծնին, փորձելով զանոնք սիրաշահիլ, պարզապէս որոշ տպաւորութիւն մը ձգելու, կամ որոշ առանձնաշնորհում՝ կամ աստիճանի բարձրացում, մը ստանալու համար։ Միեւնոյն ատեն, անոնք թերեւս իրենցմէ ստորադասներն ալ կը գովաբանեն, յուսալով անոնց հաճութիւնը եւ օգնութիւնը շահիլ։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, այսպիսի փառատենչ հոգի մը մեր սրտին մէջ ալ կրնայ արմատ կապել։ Ըստ երեւոյթին, առաջին դարուն ոմանց պատահեցաւ ասիկա, եւ առաքեալները այնպիսիները խստօրէն ազդարարելու հարկը տեսան։—Գաղատացիս 4։17. Գ. Յովհաննու 9, 10

14. Ինչո՞ւ ինքնաբարձրացումի փառատենչ հոգիէն պէտք է խուսափինք։

14 Եհովա իր կազմակերպութեան մէջ չընդունիր ‘իրենց փառքը փնտռելու’ համար իրենք զիրենք բարձրացնել ծրագրողները։ (Առակաց 25։27) Արդարեւ, Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները ու մեծախօս լեզուն»։ (Սաղմոս 12։3) Աբիսողոմ շողոքորթող լեզու մը ունէր։ Ան հեղինակութեան ընչաքաղց դիրք մը ձեռք ձգելու համար, խօսքերով կը փքեցնէր զանոնք, որոնց հաճութիւնը շահելու կարիքը ունէր։ Ասոր հակառակը, որքա՜ն երանելի ենք որ կը գտնուինք եղբայրակցութեան մը մէջ, որ Պօղոսի խրատին կը հետեւի. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք»։—Փիլիպպեցիս 2։3

Սաւուղ՝ Անհամբեր Թագաւոր մը

15. Սաւուղ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ ժամանակ մը համեստ էր։

15 Սաւուղ, որ հետագային Իսրայէլի թագաւորը եղաւ, ժամանակ մը համեստ մէկն էր։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, թէ ինչ պատահեցաւ իր աւելի մատղաշ տարիներուն։ Երբ Աստուծոյ մարգարէն՝ Սամուէլ հաճութիւն յայտնեց իր մասին, Սաւուղ հեզութեամբ պատասխանեց. «Ես Իսրայէլի ցեղերուն ամենէն պզտիկէն՝ Բենիամինեան չե՞մ ու իմ ազգատոհմս Բենիամինի ցեղին բոլոր ազգատոհմերուն պզտիկը չէ՞. ուստի ինչո՞ւ համար ինծի այդպիսի խօսք ըսիր»։—Ա. Թագաւորաց 9։21

16. Սաւուղ ի՞նչ կերպով անհամբերութիւն ցոյց տուաւ։

16 Բայց հետագային, Սաւուղ իր համեստութիւնը կորսնցուց։ Երբ Փղշտացիներուն հետ պատերազմի մէջ էր, ան Գաղգաղա իջաւ, ուր պէտք էր սպասէր մինչեւ որ Սամուէլը գար եւ զոհեր մատուցանելով Աստուծոյ ներկայացնէր իր խնդիրքը։ Երբ Սամուէլ որոշուած ժամանակին չեկաւ, Սաւուղ յաւակնոտաբար ի՛նք մատուցանեց ողջակէզը։ Հազիւ վերջացուցած էր՝ Սամուէլ հասաւ։ Սամուէլ հարցուց. «Ի՞նչ ըրիր»։ Սաւուղ պատասխանեց. «Տեսայ թէ ժողովուրդը իմ քովէս կը ցրուի ու դուն քու որոշած օրերուդ մէջ չեկար . . . ուստի համարձակելով ողջակէզը մատուցանեցի»։—Ա. Թագաւորաց 13։8-12

17. (ա) Առաջին ակնարկով, Սաւուղի ըրածը ինչո՞ւ արդարացի կրնայ թուիլ։ (բ) Եհովա ինչո՞ւ պախարակեց Սաւուղը իր անհամբերութեան համար։

17 Առաջին ակնարկով, Սաւուղի արարքը կրնայ արդարացի թուիլ։ Վերջապէս, Աստուծոյ ժողովուրդը «նեղութեան մէջ», «տագնապած» էր եւ իրենց յուսահատ վիճակին ի տես կը դողար։ (Ա. Թագաւորաց 13։6, 7) Վստահաբար, սխալ չէ նախաքայլ առնել, երբ պարագաները կը պահանջեն ասիկա։ * Բայց յիշեցէք որ Եհովա կրնայ սրտերը կարդալ եւ մեր ներքնագոյն մղումները տեսնել։ (Ա. Թագաւորաց 16։7) Հետեւաբար, ինք Սաւուղի վրայ կարգ մը ազդակներ տեսած ըլլալու էր, որոնք ուղղակիօրէն նշուած չեն Սուրբ Գրքին մէջ։ Օրինակ, թերեւս Եհովա տեսաւ որ Սաւուղի անհամբերութեան մէջ յաւակնոտութիւն կար։ Կրնայ ըլլալ որ Սաւուղ շատ բարկացած էր որ ինք՝ Իսրայէլի թագաւորը, ստիպուած էր սպասել մէկո՛ւ մը որ իր աչքին ծեր, ձգձգող մարգարէ մըն էր։ Ամէն պարագայի, Սաւուղ խորհեցաւ որ Սամուէլի դանդաղութիւնը իրեն իրաւունք կու տար ինքնագլուխ գործելու եւ անտեսելու իրեն տրուած բացայայտ հրահանգները։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Սամուէլ չգովեց զինք իր առած քայլին համար։ Ընդհակառակը, ան յանդիմանեց զինք, ըսելով. «Քու թագաւորութիւնդ հաստատ պիտի չըլլայ։ . . . Քանզի դուն Տէրոջը քեզի պատուիրած հրամանը չպահեցիր»։ (Ա. Թագաւորաց 13։13, 14) Անգամ մը եւս յաւակնոտութիւնը անարգութեան առաջնորդեց։

Անհամբերութենէ Զգուշացէ՛ք

18, 19. (ա) Բացատրեցէք թէ անհամբերութիւնը ի՞նչպէս կրնայ պատճառ ըլլալ որ ներկայիս ալ Աստուծոյ ծառայ մը յաւակնոտաբար վարուի։ (բ) Քրիստոնէական ժողովքի գործընթացին մէջ ի՞նչ պէտք է յիշենք։

18 Սաւուղի յաւակնոտ արարքին դրուագը արձանագրուած է Աստուծոյ Խօսքին մէջ, որպէսզի անկէ օգուտ քաղենք։ (Ա. Կորնթացիս 10։11) Որքա՜ն հեշտ է մեր եղբայրներուն անկատարութիւններուն համար նեղուիլ։ Սաւուղի նման, կրնանք անհամբեր ըլլալ, խորհելով որ եթէ հարցերուն պէտք եղած կերպով չնայուի, մե՛նք քայլ մը պէտք է առնենք։ Ենթադրենք, օրինակի համար, թէ եղբայր մը կազմակերպչական հմտութեան մէջ գերազանց է։ Ան ճշդապահ է եւ ժողովքային գործերը միշտ ժամանակին կ’ընէ եւ խօսելու ու սորվեցնելու պարգեւը ունի։ Միեւնոյն ատեն, ան կը զգայ որ ուրիշներ իր բծախնդրութիւնը չունին եւ թէ ա՛յնքան ատակ չեն, ո՛րքան ինք կ’ուզէ։ Ասիկա իրեն իրաւասութիւն կու տա՞յ որ անհամբերութիւն յայտնէ։ Ան պէ՞տք է քննադատէ իր եղբայրները, թերեւս հասկցնելով որ առանց իր ջանքերուն ո՛չ մէկ բան պիտի կատարուի, եւ թէ ժողովքը պիտի կաղայ։ Ասիկա յաւակնոտութի՛ւն պիտի ըլլար։

19 Իրապէս, ի՞նչ բանն է որ քրիստոնէական ժողովքը միացած կը պահէ։ Տնօրինութեան հմտութի՞ւնը, ատակ ըլլա՞լը, գիտութեան խորութի՞ւնը։ Ճիշդ է որ այս բաները կը նպաստեն որ ժողովքը դիւրասահ ընթանայ։ (Ա. Կորնթացիս 14։40. Փիլիպպեցիս 3։16. Բ. Պետրոս 3։18) Սակայն, Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները յատկապէս պիտի ճանչցուէին իրենց ունեցած սիրով։ (Յովհաննու 13։35) Անոր համար հոգածու երէցներ՝ կարգապահ ըլլալով հանդերձ, կը գիտակցին որ ժողովքը խիստ տնօրինութեան կարիքը ունեցող առեւտուր մը չէ. այլ, խանդաղատալից հոգածութեան կարիքը ունեցող հօտ մըն է։ (Եսայեայ 32։1, 2. 40։11) Այսպիսի սկզբունքներ յաւակնոտաբար անտեսելը յաճախ վէճերու դուռ կը բանայ։ Ասոր հակառակը, աստուածային կարգապահութիւնը խաղաղութիւն կը բերէ։—Ա. Կորնթացիս 14։33. Գաղատացիս 6։16

20. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնուին։

20 Կորխի, Աբիսողոմի ու Սաւուղի մասին Աստուածաշունչի պատմութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան որ յաւակնոտութիւնը անարգանքի կ’առաջնորդէ, ինչպէս նշուած է Առակաց 11։2–ին մէջ։ Սակայն նոյն համարը կ’աւելցնէ. «Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է»։ Ի՞նչ է համեստութիւնը։ Աստուածաշունչէն ի՞նչ օրինակներ լոյս կը սփռեն այս յատկութեան վրայ, եւ ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք համեստութիւն ցոյց տալ։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Քանի որ Ռուբէն էր Յակոբի անդրանիկը, իր սերունդէն անոնք որոնք Կորխի կողմէ ըմբոստութեան մղուեցան, հաւանաբար դժգոհ էին որ Ղեւիի որդիներէն մէկը՝ Մովսէս՝ իրենց վրայ հեղինակութիւն կը բանեցնէր։

^ պարբ. 11 Քիլաբ՝ Դաւիթի երկրորդ որդին, ծնունդէն ետք չի յիշուիր։ Հաւանաբար Աբիսողոմի ապստամբութենէն առաջ մեռաւ։

^ պարբ. 12 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, մահացեալի մը մարմնին թաղումը շատ մեծ կարեւորութիւն ունէր։ Ուստի, թաղում չունենալը դժբախտութիւն կը համարուէր եւ յաճախ Աստուծոյ տհաճութեան մէկ արտայայտութիւնը կը նկատուէր։—Երեմեայ 25։32, 33

^ պարբ. 17 Օրինակ. Փենեհէս արագօրէն քայլ առաւ դադրեցնելու համար տասնեակ հազարաւոր Իսրայելացիներու մահուան պատճառ եղող պատուհասը. իսկ Դաւիթ իր սովամահ մարդիկը քաջալերեց որ իրեն հետ «Աստուծոյ տուն»ին մէջ առաջաւորութեան հացէն ուտեն։ Աստուած այս երկու ընթացքներէն ո՛չ մէկը դատապարտեց որպէս յաւակնոտ արարք։—Մատթէոս 12։2-4. Թուոց 25։7-9. Ա. Թագաւորաց 21։1-6

Կը յիշէ՞ք

• Յաւակնոտութիւնը ի՞նչ է։

• Նախանձը ի՞նչպէս պատճառ եղաւ որ Կորխ յաւակնոտաբար վարուի։

• Ի՞նչ կը սորվինք փառատենչ Աբիսողոմի պատմութենէն։

• Սաւուղի ցուցաբերած անհամբեր հոգիէն ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 10]

Սաւուղ անհամբեր եղաւ եւ յաւակնոտաբար վարուեցաւ