Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ատելութիւնը արմատախիլ ընելու միակ կերպը

Ատելութիւնը արմատախիլ ընելու միակ կերպը

Ատելութիւնը արմատախիլ ընելու միակ կերպը

«Չկայ ատելութիւն մը՝ առանց վախի։ . . . Կ’ատենք այն բանը որմէ կը վախնանք, հետեւաբար ուր ատելութիւն կայ, հոն թաքցուած վախ կայ»։—ՍԸՐԼ ԳՈՆՈԼԼԻ, ԳՐԱԿԱՆ ՔՆՆԱԴԱՏ ԵՒ ԳՐԱԳԷՏ։

ԲԱԶՄԱԹԻՒ ընկերաբաններ կը հաւատան թէ ատելութիւնը մարդկային բնազդին մէջ խոր կերպով արմատացած է։ Քաղաքագէտ մը ըսաւ թէ՝ «անոր մեծ մասը կրնայ նոյնիսկ յայտագրուած ըլլալ» մարդկային բնոյթին մէջ։

Հասկնալի է որ մարդկային բնոյթը ուսումնասիրողներ այսպիսի եզրակացութիւններու յանգին։ Անոնց ուսումնասիրութեան միակ ենթականերն են տղամարդիկ ու կիներ, որոնք «անօրէնութիւնով» ու «մեղքով» ծնած են, ինչպէս կ’ըսէ Աստուածաշունչի ներշնչեալ արձանագրութիւնը։ (Սաղմոս 51։5) Նոյնիսկ Ստեղծիչը, հազարաւոր տարիներ առաջ անկատար մարդուն վիճակը կշռադատելով, «տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։—Ծննդոց 6։5

Կանխադատողութիւնը, խտրականութիւնը եւ անոնցմէ յառաջ եկած ատելութիւնը մարդուն ժառանգած անկատարութեան եւ անձնասիրութեան հետեւանքներն են։ (Բ. Օրինաց 32։5) Դժբախտաբար, մարդկային ոչ մէկ գործակալութիւն կամ կառավարութիւն՝ ի՛նչ որ ալ ըլլայ իր վարած քաղաքականութիւնը, կրցած է այս հարցերուն շուրջ մարդուն սիրտը փոփոխութեան ենթարկել։ Օտար թղթակից Ճոհաննա ՄքԿիրի նշեց. «Համերկրային ո՛չ մէկ ոստիկան, ո՛րքան ալ զօրաւոր ըլլայ, կրնայ միջամտել ու ջնջել այն ատելութիւնները որոնք պատճառ եղան Պոսնիոյ, Սոմալի, Լիպերիոյ, Քաշմիրի եւ Կովկասի արիւնահեղութիւններուն»։

Սակայն, լուծումներ փնտռելէ առաջ, պէտք է հիմնական հասկացողութիւն մը ունենանք, թէ ատելութեան յայտնաբերումներուն ետին ի՛նչ կայ։

Վախով Սնուցանուած Ատելութիւն

Ատելութիւնը բազմակողմանի երեսակներ ունի։ Հեղինակ Էնտրու Սըլիվըն հարցը գեղեցիկ կերպով ամփոփեց. «Ատելութիւն կայ որ կը վախնայ, եւ ատելութիւն՝ որ պարզապէս արհամարհանք կը զգայ. ատելութիւն կայ որ զօրութիւն կ’արտայայտէ, եւ ատելութիւն՝ որ անզօրութենէ յառաջ կու գայ. կայ վրէժխնդրութիւն եւ ատելութիւն որ նախանձէ կը բխի։ . . . Կայ հարստահարողին ատելութիւնը եւ անոր զոհ գացողին ատելութիւնը։ Ատելութիւն կայ որ կ’եռայ, եւ ատելութիւն՝ որ կը մարի։ Նաեւ կայ ատելութիւն որ կը պոռթկայ, եւ ատելութիւն՝ որ երբեք չի բռնկիր»։

Անկասկած, մեր ժամանակներուն ատելավառ բախումներ յառաջացնող գլխաւոր ազդակներէն ոմանք՝ ընկերային եւ տնտեսական են։ Զօրաւոր կանխադատողութիւններ եւ ատելութեան պոռթկումներ յաճախ տեղի կ’ունենան ա՛յն վայրերուն մէջ, ուր փոքրամասնութի՛ւնն է որ տնտեսական գետնի վրայ նպաստաւոր դիրք մը ունի։ Նաեւ, ատելութիւնը յաճախ առկայ է հո՛ն, ուր ընկերութեան մէկ հատուածին կենսամակարդակը վտանգուած է ներխուժող օտարներուն կողմէ։

Ոմանք կրնան խորհիլ թէ այս նոր եկողները պակաս թոշակով աշխատելով տեղացիին գործը իր ձեռքէն պիտի խլեն, կամ կալուածներու արժէքազրկումին պատճառ պիտի ըլլան։ Այս վախերուն արդարացի ըլլալը կամ չըլլալը տարբեր հարց է։ Տնտեսական կորուստի վախը, եւ համայնքին չափանիշներուն կամ ապրելակերպի վնասուելուն վախը, կանխադատողութիւն եւ ատելութիւն հրահրող զօրաւոր ազդակներ են։

Ատելութիւնը վերացնելու առաջին քայլը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ Կեցուածքի փոփոխութիւն։

Կեցուածքի Փոփոխութիւն

ՄքԿիրի դիտել տուաւ. «Իսկական փոփոխութիւնը կրնայ յառաջ գալ միայն երբ խնդրոյ առարկայ անհատներ կամեցողութիւն ունենան»։ Իսկ մարդոց կամեցողութիւնը ի՞նչպէս կարելի է փոխել։ Փորձառութիւնը ցոյց տուած է թէ ատելութեան զարգացման դէմ եղող ամենէն զօրաւոր, ամենէն խթանիչ եւ ամենէն մնայուն ազդեցութիւնը կու գայ Աստուծոյ Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն։ Քանի որ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։—Եբրայեցիս 4։12

Ճիշդ է որ կանխադատողութիւնը եւ ատելութիւնը ինքնաբերաբար արմատախիլ չեն ըլլար, ոչ ալ մէկ օրէն միւսը կ’ըլլան։ Սակայն, անիկա կարելի է։ Յիսուս Քրիստոս, մեծագոյն սրտեր խթանողը եւ խղճերը զգայուն դարձնողը, կրցաւ մարդիկը մղել որ փոփոխութիւններ ընեն։ Միլիոնաւոր անհատներ յաջողած են Յիսուս Քրիստոսի իմաստուն խրատին հետեւիլ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, . . . եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն»։—Մատթէոս 5։44

Իր ուսուցումներուն համաձայն գործելով, Յիսուս իր ամենէն վստահելի բարեկամներու խումբին մէջ պարփակեց Մատթէոսը, նախկին մաքսահաւաք մը, որ հրէական ընկերութեան մէջ ատուած ու մերժուած մէկն էր։ (Մատթէոս 9։9. 11։19) Ասկէ զատ, Յիսուս ճշմարիտ պաշտամունքի ձեւ մը հաստատեց, որ ի վերջոյ իր մէջ պիտի պարփակէր նախապէս անբաղձալի նկատուած ու ատուած հեթանոսներ։ (Գաղատացիս 3։28) Այն ատեն ճանչցուած աշխարհին չորս ծագերէն մարդիկ՝ Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները եղան։ (Գործք 10։34, 35) Այս անհատները իրենց գերազանց սիրոյն համար քաջածանօթ էին։ (Յովհաննու 13։35) Երբ ատելութեամբ լեցուն մարդիկ Յիսուսի աշակերտ Ստեփանոսը մինչեւ մահ քարկոծեցին, անոր վերջին խօսքերը եղան. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի սեպեր ատոնց»։ Ստեփանոս զինք ատողներուն բարօրութիւնը ուզեց։—Գործք 6։8-14. 7։54-59

Ներկայիս ալ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ո՛չ միայն իրենց Քրիստոնեայ եղբայրներուն, այլեւ՝ նոյնիսկ զիրենք ատողներուն բարիք ընելու Յիսուսի խրատին ընդառաջած են։ (Գաղատացիս 6։10) Անոնք ծանր կ’աշխատին որ իրենց կեանքէն ոխակալ ատելութիւնը վերցնեն։ Իրենց մէջ ատելութիւն հրահրելու կարողութիւն ունեցող զօրաւոր ուժերէն տեղեակ ըլլալով, անոնք դրական քայլ մը կ’առնեն ու ատելութիւնը կը փոխարինեն սիրով։ Այո, ինչպէս երբեմնի իմաստուն մարդ մը ըսաւ, «ատելութիւնը կռիւներ կը հանէ, բայց սէրը ամէն յանցանք կը ծածկէ»։—Առակաց 10։12

Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի»։ (Ա. Յովհաննու 3։15) Եհովայի Վկաները ասոր կը հաւատան։ Որպէս հետեւանք, անոնք այժմ ազգային, մշակութային, կրօնական, եւ քաղաքական ամէն ենթահողէ եկած ըլլալով, ատելութենէ զերծ մէ՛կ ընկերութիւն, երկրածաւալ հարազատ մէ՛կ եղբայրակցութիւն կազմած են։—Տես՝ ընկերակցող շրջագծերը։

Ատելութիւնը Արմատախի՛լ Պիտի Ըլլայ

Թերեւս ըսէք. ‘Ասիկա հոյակապ լուծում մըն է խնդրոյ առարկայ անհատներուն համար։ Սակայն, ասիկա երկրի վրայէն ատելութիւնը բոլորովին արմատախիլ պիտի չընէ’։ Ճիշդ է որ, եթէ նոյնիսկ ձեր սրտին մէջ ատելութիւն չունիք, տակաւին կրնաք անոր զոհը դառնալ։ Հետեւաբար, այս երկրածաւալ խնդրին իսկական լուծումին համար Աստուծոյ պէտք է նայինք։

Աստուած նպատակադրած է երկրի վրայէն ատելութեան բոլոր հետքերը վերացնել։ Ասիկա տեղի պիտի ունենայ երկնային կառավարութեան իշխանութեան ներքեւ, որու մասին Յիսուս սորվեցուց աղօթել. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։9, 10

Երբ այդ աղօթքը լիովին պատասխանուի, ատելութիւն սնուցանող վիճակները այլեւս գոյութիւն պիտի չունենան։ Զայն շահագործող կացութիւնները վերցուած պիտի ըլլան։ Պրոպականդը, տգիտութիւնը եւ կանխադատողութիւնը փոխարինուած պիտի ըլլան լուսամտութեամբ, ճշմարտութեամբ եւ արդարութեամբ։ Ապա, Աստուած արդարեւ ‘անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները սրբած պիտի ըլլայ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ’։—Յայտնութիւն 21։1-4

Ահաւասիկ աւելի լաւ լուր մը։ Անհերքելի ապացոյցներ կան թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ Հետեւաբար, կրնանք վստահ ըլլալ թէ շատ շուտով անբարեպաշտ ատելութեան երկրի վրայէն անհետանալը պիտի տեսնենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Մատթէոս 24։3-14) Աստուծոյ խոստացեալ աշխարհին մէջ, հարազատ եղբայրակցութեան հոգի մը պիտի տիրէ, քանի որ մարդկութիւնը կատարելութեան պիտի վերադառնայ։—Ղուկաս 23։43. Բ. Պետրոս 3։13

Սակայն, պէտք չունինք մինչեւ այն ժամանակը սպասելու հարազատ եղբայրակցութիւն մը վայելելու համար։ Իրականութեան մէջ, ինչպէս որ ընկերակցող տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան, քրիստոնէական սէրը արդէն իսկ տեղ գրաւած է միլիոնաւոր սրտերու մէջ, որոնք այլապէս՝ կրնային ատելութեամբ լեցուած ըլլալ։ Դուք ալ հրաւիրուած էք որ այս սիրալիր եղբայրակցութեան մաս կազմէք։

[Շրջանակ՝ էջ 5]

«Եթէ Յիսուս ըլլար՝ ի՞նչ պիտի ընէր»

Յունիս 1998–ին, Միացեալ Նահանգներու Թէքսասի գիւղական շրջանին մէջ, երեք ճերմակամորթ տղամարդիկ յարձակեցան Ճէյմս Պիրտ Կրտսեր անունով սեւամորթ մարդու մը վրայ։ Զայն հեռու, ամայի տեղ մը տարին, ծեծեցին եւ ոտքերը շղթայեցին։ Ապա զայն բիգաբ–ի մը ետեւը կապելով՝ հինգ քիլոմեթր ճամբայ քաշքշեցին, մինչեւ որ մարմինը սիմէնթէ կոյուղիի մը զառնուեցաւ։ Ասիկա այդ (1990–ական) տասնամեակի ամենէն ահռելի ատելավառ ոճիրը կոչուեցաւ։

Ճէյմս Պիրտի երեք քոյրերը Եհովայի Վկաներ են։ Անոնք այս ահռելի ոճիրը գործողներուն հանդէպ ի՞նչ կը զգան։ Անոնք միաբերան ըսին. «Սիրելիի մը չարչարանքն ու սպանութիւնը, կորուստի եւ վշտի աներեւակայելի զգացում մը պատճառեց։ Անհատ մը ի՞նչպէս կը հակազդէ այսպիսի անգութ արարքի մը։ Երբեք մեր մտքէն չանցաւ վրէժ լուծել, ատելի խօսքեր ըսել, կամ ատելավառ պրոպականդ մը յառաջ քշել։ Խորհեցանք. ‘Եթէ Յիսուս ըլլար՝ ի՞նչ պիտի ընէր։ Ան ի՞նչպէս պիտի ընդառաջէր’։ Պատասխանը շատ յստակ էր։ Ան խաղաղութիւն եւ յոյս պիտի յանձնարարէր»։

Իրենց սրտին մէջ ատելութիւն զարգանալու առիթ չտալու նպաստող սուրբ գրային համարներէն մէկն էր Հռովմայեցիս 12։17-19–ը։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. . . . որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։

Անոնք շարունակեցին. «Կը մտաբերենք մեր գրականութիւններուն մէջ յիշուած իրապաշտ խօսքերը, թէ կարգ մը անիրաւութիւններ ու ոճիրներ ա՛յնքան սոսկալի են, որ դժուար պիտի ըլլար ըսել՝ ‘Կը ներեմ քեզի’, ու անցնիլ երթալ։ Այսպիսի պարագաներու ներելը կրնայ նշանակել պարզապէս ոխակալ չըլլալ, որպէսզի անհատ մը կարենայ իր կեանքը շարունակել, եւ ոխ սնուցանելով ֆիզիքական կամ մտային գետնի վրայ չհիւանդանայ»։ Ասիկա ի՜նչ պերճախօս վկայութիւն մըն է Աստուածաշունչի զօրութեան, որ խոր ատելութեան արմատ կապելուն արգելք կրնայ հանդիսանալ։

[Շրջանակ՝ էջ 6]

Թշնամութիւնը բարեկամութեան փոխուեցաւ

Վերջին տարիներուն, հազարաւոր գաղթականներ գործ փնտռելու նպատակաւ Յունաստան խուժած են։ Սակայն, տնտեսական վատթարացող պայմանները, աշխատանք գտնելու պատեհութիւնները նուազեցուցած են, եւ ասիկա աշխատանք ձեռք ձգելու պայքարը սաստկացուցած է։ Որպէս հետեւանք, ազգային խմբակներուն միջեւ մեծ թշնամութիւն մը կայ։ Ասոր մէկ օրինակն է, Ալպանացի եւ Պուլկարացի գաղթականներուն միջեւ եղած մրցակցութիւնը։ Յունաստանի շատ մը շրջաններուն մէջ, այս երկու խումբերուն պատկանող անհատներու միջեւ բուռն մրցակցութիւն մը կայ։

Քիաթօ գիւղաքաղաքին մէջ, հիւսիս–արեւելեան Փելոփոնիսոսի մէջ, Պուլկարացի ընտանիք մը եւ Ալպանացի մարդ մը Եհովայի Վկաներուն հետ սկսան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, եւ իրարու ծանօթացան։ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն կիրարկումը անոնց մէջ հալեցուց այս երկու ազգատոհմերուն պատկանող շատ անհատներու միջեւ գոյութիւն ունեցող թշնամութիւնը։ Անիկա նաեւ նպաստեց որ այս անհատներուն միջեւ հարազատ եղբայրական բարեկամութիւն մը հաստատուի։ Պուլկարացի Իւանը, Ալպանացի Լուլիսին նոյնիսկ օգնեց որ իր տան մօտ տուն մը գտնէ։ Այս երկու ընտանիքները յաճախ կը բաժնեկցին իրենց ուտելիքը եւ իրենց ունեցած քանի մը նիւթական բաները։ Այս երկու տղամարդիկը այժմ մկրտուած Եհովայի Վկաներ են եւ բարի լուրի քարոզչութեան մէջ սերտօրէն կը համագործակցին։ Աւելորդ պիտի ըլլար ըսել, որ այս քրիստոնէական բարեկամութիւնը դրացիներուն կողմէ աննկատ չմնաց։

[Նկար՝ էջ 7]

Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, ատելութեան բոլոր հետքերը երկրէն վերացած պիտի ըլլան